Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քիւրդերու հարսանիք մը. Առժամեայ օրէնք աքսորեալ հայերու սեփականութեանց մասին. Պէրէճիքի հայերը կիսլամանան եւ սակայն տեղահան կըլլան. Մարաշի թիւրք զինուորի մը խօսքերը.

Պէրէճիքի եւ շրջակայքի բնակչութեան հոծ մեծամասնութիւնը կազմուած է քիւրդերէ կամ քրդական ու արաբական [1] ծագում ունեցող թիւրքերէ։ Այս իսլամներու մէջ շէյխերը եռանդուն բրոբականտ կընէին, որ ամուսնանան հայ աղջիկներու հետ եւ առնեն հայ մանուկներ, ըսելով որ թէ կրօնական տեսակէտով սէպապ է (աստուածահաճոյ) եւ թէ թիւրք սերունդի ազնուացման կը ծառայէ։ Այս բրոբականտը շատ տարածուած էր, այնպէս որ ամեն կողմերէ յանձնարարութիւններով, նամակներով հայ աղջիկներ կուզէին, եւ շատերը անձամբ կուգային տանելու զանոնք։

Հեռաւոր վայրեր գտնուող թիւրք կամ քիւրդ գործաւորներ, պաշտօնեաներ, զինուորներ ու զինուորականներ, որ չէին կարող իրենց տեղերէն հեռանալ, կը խոստանային ամեն անոնց, որ աղջիկ մը, մանուկ մը կամ կին մը բերեն, վճարել 8–10 քէսէ (իւրաքանչիւր քէսէն 500 ղրուշ է), կով մը 10 ոչխար եւ այլն, իրենց կարողութեան համաձայն։ Հայ աղջիկներու նկատմամբ տիրող այս ոգեւորութեան պատճառաւ գրեթէ աղջիկ չէր մնացած, նոյն իսկ տգեղները տարուած էին։ Շատ տեղեր հայ աղջիկ մը ձեռք ձգելը քաջութիւն մը, պարծանք մըն էր։

Հարուստ քիւրդ մը յաջողած էր իր տղուն համար գեղեցիկ հայ աղջիկ մը գտնել եւ իր այս յաղթանակին համար հրաւիրած էր շրջակայ բոլոր գիւղացիները, կազմած էր ձիաւոր մեծ թափօր մը, նստեցուցած էր հայ կոյսը ձիուն վրայ եւ ձին ու աղջիկը զարդարած էր թանկագին կերպասներով, էլմասներով, զարդերով։ Աղջիկան առաջքէն խմբուած կը պարէին ու կերգէին գոյնզգոյն հագուստներ հագած քիւրդ կիներ, փեսին մայրը եւ մօտ ազգականուհիները, իսկ տղան հագած էր ճոխ լաթեր ու ձի հեծած՝ սուր խաղացող երիտասարդներու հետ ձիարշաւ կընէր։ Տաւուլ զուռնայի առաջնորդութեամբ հրաւիրեալներու այս թափօրը գիւղերը պտտելով, կը պարծենար իր գտած հայ աղջիկան արժանիքներուն վրայ. երեք օր, երեք գիշեր տեւեց այս հարսանիքին կերուխումը եւ զուարճութիւնները։

- - - -

Այդ միջոցին թիւրք թերթերը հրատարակեցին առժամեայ օրէնք մը, զոր արտատպած էր նաեւ «Բիւզանդիոն» օրաթերթը։

Օրէնը բաղկացած էր երեք յօդուածներէ, որուն գործադրութեանը համար Թալէաթ պէյի հրամանաւ կազմուած էր թիւրք յանձնախումբ մը։

Այդ օրէնքը կը վերաբերէր տեղահան եղած հայերու անշարժ եւ շարժուն կայքերու գրաւման։ Յանձնախումբը լիազօր էր հայերու կայքերը ծախել եւ պարտատէրներու դրամները վճարել. մնացեալը պիտի յանձնուէր տիրոջը, եթէ ներկայ էր, հակառակ պարագային պիտի մնար յանձնախումբին քով։

Այս օրէնքի հիման վրայ սկսած էին արդէն գործի։ Հապճեպով կը ծախէին հայերու տուները, պարտէզները, արտերը եւ այլն. իսկ պարտապահանջ հայերը ոչինչ չէին կարող գանձել։

- - - -

Պէրէճիքի հայերը տագնապալի դրութեան մէջ էին. ոչ միայն կը տեսնէին ու կիմանային զանազան վայրերէ տեղահան եղած հայերու վիճակը, սոսկալի հետեւանքները, այլ եւ կը նեղուէին տեղացի թիւրքերէն, որոնք չափազանց մոլեռանդ էին եւ ամեն առիթով կը սպառնային տեղացի հայերուն։ Կոպիտ բրովոքասիոններ տեղի կունենային գրեթէ ամեն օր։ Օրինակ՝ թիւրք մը ծրար մը կը տանի, հայու խանութ մը կը ձգէ, ըսելով՝ թէ՝ կէս ժամէն կուգամ տանելու, եւ կերթայ ուղղակի կառավարութեան իմացնելու, թէ աս ինչ խանութը զէնք եւ փամփուշտ կայ, անմիջապէս ոստիկանները կու գան, կը խուզարկեն, կը գտնեն այն ծրարը, որ հարեւան թիւրքը ձգած էր, եւ գտնելով զէնք ու փամփուշտ, կը ձերբակալեն խանութպանը. երդում, աղերսանք անօգուտ էին։

Այս կարգի դէպքերը, շարունակական սպառնալիքները յուսահատական դրութեան մատնած էին Պէրէճիքի հայերը, որոնք կերպով մը իրենց գլուխը փրկելու համար որոշեցին կրօնակից ըլլալ թիւրքերուն։  100 ընտանիք, ինչ որ Պէրէճիքի հայերուն ամբողջութիւնը կը կազմէ, ընդունեցին մահմեդականութիւնը եւ ամեն արտաքին ձեւակերպութիւնները կատարեցին։ Նոյն իսկ քանդած էին հայոց եկեղեցիին զանգակատունը եւ յուղարկաւորութիւնը հայ կնոջ մը, որ մեռաւ այդ միջոցին, իսլամական կրօնին համեմատ կատարեցին եւ թաղեցին թիւրքաց գերեզմանատան մէջ։ Միայն ծերուկ քահանան չէր ուրացեր իր հաւատքը եւ եկեղեցիին մէջ փակուած կը մնար՝ անդադար աղօթելով։

Թիւրք ժոողովուրդը եւ նոյն իսկ կառավարութիւնը մեծ յարգով ընդունեցին այս կրօնափոխութիւնը եւ դիմեցին Կ. Պոլսոյ Շէյխ իւլ Իսլամին, որպէսզի իր հրովարտակով վաւերացնէ նորափոխներուն իսլամութիւնը, ինչ որ կատարուեցաւ, եւ կառավարութիւնը սկսաւ բաժնել նոր ինքնութեան թղթեր մահմեդականացած հայերու։ Յարաբերութիւնները լաւացան եւ թիւրքերը սկսան իբր բարեկամ նկատել իսլամացած հայերը, երբ ահա հայոց թաղի բարձր դիրքը, Եդեսիոյ ապստամբութիւնը կասկածներ յառաջ բերին կառավարական շրջանակներու եւ մասնաւորապէս Ֆախրի փաշայի մտքին մէջ։

Նոյեմբերի 12–ին հակառակ թիւրք ժողովուրդին եւ շէյխերու դիմումներուն, տեղահան ըրին Պէրէճիքի ամբողջ հայերը եւ ղրկեցին դէպի Միջագետք։

- - - -

Մարաշի գիւղերէն թիւրք զինուոր մը, իր գիւղացի հայերուն տեղահանութիւնը լսելով, կառավարութեան դէմ կը գանգատէր եւ կըսէր.

«Մենք եղբօր պէս կապրէինք մեր հայ դրացիներուն հետ եւ անոնք մեր ամեն պիտոյքներուն գոհացում կու տային առանց գանգատելու։ Երբ ես կը ստիպուէի քաղաք երթալ գործով, առանց մերժելու կու տային իրենց ձին կամ էշը, որ օրերով երբեմն քովս կը մնար։ Երբ գնումներ կընէի իրենց խանութներէն, դրամը անմիջապէս չէին առներ, ըսելով թէ՝ թող մնայ, մի նեղուիր, եւ 5–6 ամիս ետքը կը վճարէի։ Իմ զաւակներս անոնց տղոցը հետ կերթային խաղալու եւ կը սորվէին հեքիաթներ, երգեր։ Մեր մանուկները այնքան կը սիրէին հայերը, որ անոնց տուներէն չէին բաժնուեր մինչեւ երեկոյ։ Երբ ես զինուորութեան գացի, իմ տան ամբողջ ծախքը դրացիներս հոգացին։ Երբ իմ ազգական Ալին եկաւ, պատմեց, թէ մեր տունը ոեւէ բանէ չէր զրկուած շնորհիւ հայ դրացիներու հոգածութեան, այնպէս որ սիրտս շատ հանդարտ էր այդ մասին. բայց հիմա, երբ կը լսեմ մեր այդ բարի դրացիներուն տեղահանութիւնը, խելքս կը կորսնցնեմ եւ չեմ հասկնար, թէ այդպիսի լաւ մարդիկներու ինչո՞ւ այդպիսի չարիք կընեն։ Հապա իմ մեծ ցա՜ւս… իմ տանս վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։



[1]            Այն քիւրդ եւ արաբ վրանաբնակները, որ կը հաստատուին քաղաքներու կամ գիւղերու մէջ, թիւրք կը դառնան կամ այդ անունով կը ճանչցուին այլեւս։