Ժողովուրդի մը հոգեվարքը (Աքսորեալ հայերը Միջագետքի մէջ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Պաղտատ. 49 հայեր կաքսորուին. Կախաղան մը. հայերու դրութիւնը . Գերմանական հիւպատոսին արգելքը. Խալիլ փաշային խօսքերը.

Պաղտատի մէջ քանի մը օր մնացինք։ Այնտեղ լսեցի, որ 49  հոգի, տեղացի եւ դրսեցի երեւելի հայեր, աքսորուած են դէպի Մուսուլ։ Հանգիստ հասեր էին տեղ եւ նոր հեռագրեր ու իմացուցեր էին, որ կը մեկնին դէպի Տէյր–Իւլ–Զօր։ Դեկտեմբեր 2–ին կախաղան հաներ էին սեբաստացի Թագաւորեան մականունով երիտասարդ մը, որ իբր թէ բռնուած էր արաբներու մէջ ի նպաստ անգլիացիներու պրոպագանտ ընելու յանցանքով։ Պաղտատի մէջ բանտարկուած կը մնային մէկ քանի հայեր։

Մնացեալ հայերը, որ 200 տուն կը կազմեն, հանգիստ են առայժմ։

Հանդիպեցայ խարբերդցի երիտասարդի մը, որ լսելով թէ ես անցած եմ Միջագետքի աքսորավայրերէն, տեղեկութիւն կուզէր իր մօրը մասին, ուրկէ կառապանի մը միջոցաւ ստացած էր հետեւեալ նամակը։

«Սիրելի որդիս, հայրդ Խարբերդի մէջ իմ աչքիս առջեւը մորթեցին, երկու եղբայրներուդ եւ քրոջդ հետ հոս ղրկեցին մեզ, արաբներու մէջ. հիմակ որ այս նամակը կը գրեմ, եղբօրդ մէկը մեռաւ, իսկ ես եւ միւսները անօթի կը մեռնինք։ Եթէ մեզի օգնութիւն չի ղրկես շուտով, երկար չենք ապրիր»։

Տղան շուարած էր եւ չափազանց յուզուած, ինչպէս առիւծ մը վանդակի մէջ, անկարողութենէն խելակորոյս էր. որովհետեւ չէր գիտեր, ինչպէս օգնութիւն հասցնէր իր հարազատներուն։

Ամեն օր զանազան հայեր, այս ինչ կամ ինչ գաւառացի կուգային ինձմէ տեղեկութիւն խնդրելու իրենց գաւառի, ազգականներու եւ առհասարակ հայերու մասին։ Մինչեւ այդ օրը ոչ ոք տեղեկութիւն ունեցած էր անցուդարձերու մասին։

Երբ կը պատմէի իմ տեսածներս, սարսափելով ու զարհուրանքով կը պաշարուէին եւ իրենցմէ մէկուն ուղղուելով կըսէին։

  Յակոբ, դուն մարգարէ՞ էիր։

Յակոբ շարունակ կըսէ եղեր.

Տիգրիսի ջուրին համը փոխուած է, կարծես թէ արեան համ կուգայ։

Գերմանացի սպայիս հետ գացինք գերմանական հիւպատոսին այցելութեան, որը երբ զիս տեսաւ, հարցուց պ. Օթօ Էօլմանին։

Թարգմանդ հա՞յ է. եթէ հայ է, խստիւ կարգելեմ քեզ հետդ տանիլ. ես ուրիշ թարգման կուտամ քեզի։

Հակառակ որ ես պարսկերէն չէի գիտեր, սպաս համարձակեցաւ հիւպատոսին ըսել.

Այս պարոնը լիբանանցի կաթոլիկ արաբ է, շատ լաւ պարսկերէն գիտէ, իրենց վարժուած եմ եւ իր հաւատարմութիւնը  փորձուած է. կը խնդրեմ որ պաշտօնապէս ընդունիք զինքը եւ իրեն անցագիր տաք Պարսկաստան անցնելու։

Հիւպատոսը, որ կասկածով կը նայէր ինձ, մերժեց սպայիս խնդիրքը։

երբ մեր սենեակը վերադարձանք, պ. Օթօ Էօլմանը ցաւ յայտեց ինձ իր անյաջողութեանը համար։

Ես քեզ կը տանիմ, ըսաւ, մինչեւ սահմանագլուխ, եւ ամեն միջոցաւ կաշխատեմ քեզ օգտակար ըլլալու, բայց հակառակ պարագային պատասխանատու չեմ, զիս մի մեղադրեր։ Ես կը վստահիմ քեզ եւ գիտեմ, որ ինչ ալ պատահի, դուն ինձ չես վնասեր։

Ընդունեցի իր առաջարկը;

Զիս տար, ըսի, մինչեւ սահմանագլուխ, ես կանցնեմ կերպով մը։

Զիս խրախուսեց եւ յոյս յայտնեց, որ կը յաջողենք, իմ նկատմամբ սպաս եղած էր միշտ վեհանձն, առատաձեռն եւ ազնիւ։

Պաղտատի մէջ արժանահաւատ անձէ մը լսեցի, որ Խալիլ փաշան խօսեր էր իթտիհատի քլիւպին մէջ եւ ըսեր էր.

«Հայաստանի սիրտը  խլեցի հանեցի, կարգը եկաւ արաբներուն։ Ով որ օսմանեան մահիկին տակ գլուխ չի ծռեր, Հայաստանի վիճակին կենթարկուի»։

Լսեցի նաեւ։

Թիւրքերը անգլիացիներէն գրաւած էին երկու աէրոպլաններ վնասուած վիճակի մէջ, ուզեր էին նորոգել, բայց թիւրք չէին գտեր եւ ստիպուեր էին դիմել հայերու, հայհոյելով իրենց մարդոց անճարութեան դէմ։ Այդ աէրոպլաններոը գործածութեան մէջ էին։