Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՆՉՈՒՀԻՆ
Արեւելեան երգեր

«Ինծի ըսին թէ անբուժելի ցաւէ մը բռնուած երկար ատեն տառապեցար, թէ արցունքները երեսիդ վրայ երկայն խորշոմներ փորած էին եւ ձայնդ մարած էր ողբալէն։

Քու սեւ աչերդ, որ գիշերին երազուն անուշութիւնը ունէին, արդէն շատոնց գողցուած են հիմա։

Ինծի ըսին թէ բոլոր դալիսանները անօգուտ եղած էին եւ ամենէն ճարտար վհուկները գլուխնին շարժած էին յուսահատութեամբ. - «այդ ցաւը չի բուժուիր»։

Ի զուր. երեք անգամ երբ լուսինը իր գգուանքին ներքեւ կը սարսռացնէ ծովը, եւ ծառերը անոր շողերէն արբեցած կը տատանին, երբ կատուները կուլան իրենց հրայրքը եւ շուները՝ ո՞վ գիտէ ինչ զգայնութենէ մը մտրակուած կ՚ոռնան, ի զուր այդ հմայուած գիշերներուն մէջ՝ երեք անգամ գացած էին ծովեզերքը, ժժմակները ժողվելու որպէս զի անոնք, խե՛ղճ երիտասարդ, քու վտիտ կուրծքիդ վրայ, ոճրագործ աղջկան հրապոյրը չեզոքացնեն։

Օրէ օր աւելի տժգոյն, ինծի ըսին թէ դուն՝ գարնան առաւօտ մը երբ ծաղիկները կը բողբոջէին եւ երկիրը երկունքի մէջ իր ծոցէն կը ժայթքէր նոր բուսականութիւնը՝ դուն գացիր հանգչելու, մութ նոճիներուն տակ, անոնց սգաւոր ներդաշնակութեամբը օրօրուն։

Թո՛ղ հողը թեթեւ գայ կուրծքիդ։

* * *

Ոսկեքաղաքը՝ վերջալոյսէն հրդեհուած դեռ կը շողշողէր, հեռաւոր լեռներէն ու հորիզոններէն անդին գիշերը կը յառաջանար իր ստուերին մէջ մարելով հետզհետէ բեկբեկ ճառագայթները որ կը դանդաղէին տանիքներուն վրայ. թռչունները կտուցը կուրծքին թառած էին ու գերեզմաննոցին նոճիները կը հակէին կարծես հետզհետէ բեռնաւորուած իրիկուան խոնաւութեամբ։

Ա՛խ, ինչպէ՛ս պիտի ուզէի, երբ գիշերը իր թանձր սեւութիւնով կը կուրցնէ մեզի, երբ սեւ ամպերը հեռուները կը փոթորկեն, երբ փայլածուները վերջապէս յոգնած կը դադրին իրենց լուսաւոր թափառումէն, եւ մինակ անուրջները կ՚ակոսեն սեւ մթնոլորտը, ինչպէ՛ս պիտի ուզէին, մինակս, խռովիչ մղձավանջի մը պէս երթալ անոր եւ մատներովս կուրցնել անոր այրող աչքերը։

Բայց կը վախնամ, ա՜խ, կը վախնամ մօտիկնալ անոր, որուն հասակը, ինծի ըսին թէ վարդի թուփի մը կը նմանի. սէրը այնքան մօտ է ատելութեան. կը վախնամ նաեւ որ քու քունդ կը խռովի հոն՝ եւ հողը անոր արիւնով բեռնաւորուած ծանր կուգայ ոսկորներուդ։

* * *

Դեռ հազիւ ճերմակ լուսեղէն գօտի մը կը շամփրէր մթին ամպերը եւ լեռներուն գագաթները կը վարդագունէին արշալոյսին մէջ. դեռ հազիւ մէկ քանի տուներուն ծխանները կը մխային եւ պարտէզներու մէջ աքլորներու թրթռուն ձայնը առկախ ջինջ մթնոլորտին մէջ կը խառնուէր նոր բացուող մանուշակներու բուրմունքին, եւ դեղձենիներուն վարդագոյն ծաղիկները սարսռալով իրենց թերթիկները կը թօթուէին։

Գնչուներու թաղը արդէն զարթած էր եւ փողոցին երկայնքին երկու կողմէն աղջիկներու եւ տղաքներու խումբեր կը շտապէին, կը խնդային, կ՚երգէին։ Անդին տնակի մը առաջը, Գնչուհին դեղին էնթարի ին ծալքերը մէկ ձեռքով մէջքին վրայ ամփոփած եւ գլուխը ծածկած ճերմակ քողին տակ՝ կը պարէր. անոր պզտիկ մերկ ոտքերը չէին երեւար հապճեպ քայլերուն տակ եւ ինքը կը դառնար թեթեւ՝ փետուրի մը պէս որ հովը դարձնէր. գրեթէ մանկական հասակը ճկուն՝ կը ծռէր, կը գալարուէր, կը բարձրանար երբեմն եւ ամենքը շուրջը կը խնդային հրճուանքէ։ Անոր մութ աչքերը խոնաւ էին, սիրով երազուն, եւ շրթունքը հասած պտուղի մը պէս հիւթեղ. ուշացող համբոյրին տենջանքէն կարկիր՝ կարծես առաջին հպումին պիտի արիւնէին։ Անոր կողերը լայնցեր էին եւ հասակը կը բարձրանար սլացիկ խոյանքով մը։

Անիկա կը պարէր հիմա խոլական եւ քողը կ՚իյնար իր ըմբոստ մազերէն դէպի ուսը, առագաստի պէս բացուելով առաւօտեան սիւքէն եւ իր դեղին էնթարին արագ շարժուածքներուն մէջ, արեւով ոսկեզօծուած կը փայլփլէր դիւթական վերարկուի մը պէս։

* * *

Անբացատրելի այրուցք մը հոգիս կը տանջէ եւ ինծի ա՛լ կը թուի թէ ամբողջ էութիւնս անով բռնկած մոխիր պիտի դառնայ։

Ինչո՞ւ, երբ քու մահուանդ յիշատակը սիրտս կը սեղմէր, ինչպէս եթէ երկաթէ ձեռք մը ըլլար անիկա, ա՛խ, ինչո՞ւ երբ ցաւէս կը տժգունէի տեսնելով անոր վէրքի պէս կարմիր բերանը որուն ծարաւէն մեռար դուն, երբ անիկա կը պարէր արեւին տակ, ինչո՞ւ քու հոգիդ եկաւ իմ քովս եւ ականջէս անոր մեռցնող հրապոյրները երգեց։

Հիմակ ես ալ քեզի պէս սիրոյ ցաւէն բռնուած մենաւորիկ իմ այրիութիւնս կուլամ։

Գիտեմ որ բոլոր դալիսմանները չպիտի բուժեն ինծի. գիտեմ որ այս ցաւը չի դարմանուիր… իմ թունաւորուած արիւնս երբ խելայեղ տենդերու մէջ կը քանդէ զիս, ինծի կը թուի որ հողը կը դղրդի ոտքերուս տակ եւ ամէն մէկ քայլիս քու սրտիդ վրայ կը կոխեմ։

Որովհետեւ, շատ աղէկ կը զգամ որ դուն կը ստուերես աչքերս, որպէս զի զայն չտեսնեմ եւ երբեմն այնչափ ծանր կը զգամ ինքզինքս որ տաժանքով կը քալեմ իբր թէ քու դիակդ կառչած ըլլար իմ հոգւոյս։

* * *

Հովը կը գոռար դիմացի լեռներուն բարձունքէն եւ գերեզմաննոցին սեւ նոճիները գետնէն դուրս խոյացած օձերու պէս կը գալարուէին դէպի երկինք։ Անանուխի բարկ հոտ մը կը ծանրացնէր օդը եւ տապանաքարերը շեղակի ցցուած, ուժգին ստուերներուն տակ կարծես կը խախտէին։ Անիկա՝ երեսը հողին՝ կը հեծկլտար. -

Ա՜խ իմ սիրական եղբայրս, թո՛ղ զիս, թող որ ես ալ զինքը սիրեմ ու մեռնիմ քեզի պէս, երբ հարսնուկները իրենց թերթիկները ձգեն մէկիկ մէկիկ խոշոր արիւնի կաթիլներու նման, երբ թռչունները դառնան մեր երկիրներէն, քու քովդ տեղ պատրաստէ ինծի համար։

Թող որ սակայն օր մը, րոպէ մը մինակս, որպէսզի անխառն հաճոյքով արբենամ իր տեսքէն եւ ոսկի նայուածքը պահեմ կուրծքիս մէջ. թո՛ղ որ անոր հրապոյրովը արբշիռ աչքերս գոցեմ։

Ու երբ նոճիներուն տակ, անոնց ներդաշնակութեամբը օրօրուն մեր ոսկորները իրար խառնուին, յաւիտենական գիշերին մէջ միակ երազ մը ունենանք։ Ան ատեն հողը թեթեւ պիտի գայ երկուքնուս»։