Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՐՈՒԱՆԿԱՐՆԵՐ

ՆԵՐԴԱՇՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ճերմակ եւ գորշ ամպերուն յմընթաց եւ գրեթէ հանդիսաւոր գնացքին ներքեւ ընդարձակ մարգագետինը կը տարածուի. անհամար ծաղիկներու թափառական եւ բուրումնաւէտ դեղին փոշիները որ թարթափելով կ՚երթան բեղմնաւորել ո՜վ գիտէ ո՞ր հորիզոններու վրայ բարձրացած ծաղիկներու բաժակները, մթնոլորտը կը վրդովեն հեշտագին անցքով՝ սիրային անիրականալի տենջանքներու տենդը փոխանցելով անոր, մինչ հեռաւոր լեռներու մանիշակագոյն եւ անշարժ շրջագիծերը տողանցուելով կոհակաձեւ, իրենց գագաթներուն վերեւ սաւառնող ամպերուն նման ամբողջ դաշտանկարին կուտան խաղաղութեան եւ հանդարտութեան զգայնութիւնը յաւիտենական եւ անյեղլի գիծերուն։ Քաղաքը հեռու է եւ ձայն չի կայ. ծառերը կը տատանին համաչափ օրօրումով մը իրենց թարմ կանանչներուն ամենանուրբ երանգները տալով մթնոլորտին, որոնց զանազան թրթռացումները ձայնի ելեւէջներու պէս անօրինակ սէնֆօնի մը կը կազմեն, անասանելի ներդաշնակութիւն մը որ ծառերուն համաչափ օրօրումներէն կը հոսի մինչեւ մարգագետիններուն վրայ, երբեմն կապոյտ պզտիկ ծաղիկներուն վէտվէտումներէն սլացած երբեմն մարելով մանիշակագոյն ծաղիկներու թեթեւ տխրութեանը մէջ, մինչեւ որ կարմիր հարսնուկները արիւնելով, իրենց շուտ անցնող կեանքին ցաւը աղաղակեն եւ դեղին ծաղիկները, խոշոր բացուած սուլեն՝ իրենց ճչող երանգը խառնելով ընդհանուր ներդաշնակ կանանչութեան մէջ։

ԱՆՑՈՐԴԸ

Նեղ եւ թաւուտ արահետին մէջէն՝ ձիուն վրայ հեծած՝ կ՚անցնի տափակ քունքերով եւ ցցուած այտերով սիրահար անցորդը. դեռ իր երեսին վրայ է քիչ մը առաջուան գեղջկուհիներուն հետ փոխանցուած համբոյրներուն խոնաւութիւնը եւ իր շրթունքները ծալքը կը կրեն արտասանուած կցկտուր բառերուն, ինծի համար բոլորովին անծանօթ եւ հնչուն բառերուն, որոնց տարաշխարհիկ շեշտը դեռ կը լսեմ միջոցին մէջէն։ Անդիէն ճամփորդները կը հեռանան ձեռքերնին ծալլած փորերնուն վրայ, խաղաղութեամբ յառաջանալով լռակեաց ժողովուրդներու յատուկ ջերմեռանդ տխրութիւնով՝ բարձր պատին քվէն որ բեռնաւորուած՝ մագլցող եւ գունագեղ բոյսերով, խոշոր կապերտի մը պէս կը տարածուէր դաշտանկարին վրայ. մինչ ձիաւորը իր վտիտ ծոծրակը դարձուցած անոնց կը յառաջանար ու քանի կը մօտիկնայ աւելի որոշ կը տեսնեմ իր խորշոմները որ այտերը ակօսելով կ՚իջնան մինչեւ թուշը եւ որոնց խորունկ գիծին կը հետեւին նաեւ սեւ պեխերուն ծայրերը. ու կը տեսնեմ մանաւանդ իր աչքերը իր սեւ եւ տխրութիւնով զեղուն աչքերը՝ յառած երկնքին լուսայեռ կապոյտին՝ իրենց տարապայման բացուած բիբերուն խորէն ցոլացնելով կարօտակէզ հոգւոյն տենդը։

Ու իր սիրոյ ցաւը երկայն ատեն կ՚արձագանգուի հոգւոյս մէջ իր նայուածքին սեւ տխրութիւնը երգելով իմ մէջս երբ անիկա արդէն շատոնց անհետացած է հորիզոնին վրայէն նոր արահետներու նոր դաշտերու մէջ պտտցնելով իր ցաւագին այրիութիւնը երբ իր ձիուն սմբակներուն ներքեւ բեղմնաւորուած հողը կը դղրդի երկունքի ջանքերով իր լայն եւ արգասաւոր արգանդին յանձնուած սերմերուն յամր եւ տաժանագին ուռճացումին համար։