Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԵՐՄԱԿ ՎԱՐԴԵՐԸ

ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

…Մեռելաթաղերն իսկ չեն թողուր որ այդ բոլոր սքանչելի ծաղկեփունջերը անօգուտ կերպով թառամին. լռելեայն փնջովին կը վերցնեն զանոնք. երկու երեք հոգիներ այդ թանկագին բեռը կը փոխադրեն բարեկամ ծաղկավաճառուհիներու քով որ շնորհիւ իրենց հուրիի մատներուն զանոնք կ՚այլափոխեն հազար ձեւերու, կուրծքի վրայ դրուելիք փնջիկներու եւ նոյն իսկ այդ մելամաղձոտ կողոպուտներէն զատ զատ վարդեր կը բաժնեն…

Քօնտ Տը Վիլիէ Տը Լ՚իլ-Ատամ

 

Տժգոյն եւ յոգնած Ժիւսթին կը կրթնէր իր ընկերոջը բազուկին եւ իրաւամբ բոլորովին դեռ թրթռուն Թանհոյզերի ներկայացումէն բառ չէին գտներ իրարու ըսելիք. այլ սակայն նուագին մէջ իրենց թողած խառն արձագանքներէն անջատ նոյն ձայնը որոշ եւ մեկին կ՚երգէր իրենց հոգւոյն խորէն։ Օբէրայի առաջք, սալահատակին եզերքը կեցած, թողուցին որ փարթամ կառքեր եւ ժանեկազարդ ու թաւշապատ տիկինները անցնին երթան ո՞վ գիտէ ո՞ր՝ իրենց համար անծանօթ վայելքները ու թողուցին որ նաեւ մարդերու հոսանքը դադրի որպէս զի արագօրէն իջնան ծառուղիէն, փակ ցուցափեղկերուն առաջքէն կ՚անցնէին հիմա գլուխնին ճրմկած ելեկտրական լոյսերուն տժգոյն եւ միապաղաղ ցոլքին մէջ եւ դեռ օրօրուն քալուածքով մը իբր թէ համաչափուած դեռ իրենց մէջ երգող նուագովը.

Սուրբ Էլիզաբէթ աղօթէ՛ ինծի համար…

Ժիւսթին կը տեսնար ճերմակ քօղարկեալ քոյրերու մէջէն երկայն դագաղը ճերմակ վարդերովը եւ շուշաններով ծածկուած որ բեմին վրայէն կը յառաջանար հազիւ ծանրաբեռնուած ազնուական Էլիզապէթի վտիտ մարմինով…

Ու մինչեւ Լուվրը իրարու հետ չի խօսեցան։

Գարնան գեղեցիկ գիշեր մըն էր եւ հեռուէն կուգար գետափ ին վրայ տարածուած վաճառելի զանազան ծաղիկներուն բուրմունքը, գորշորակ երկինքին վրայ լուսինը կը ճերմկնար հետզհետէ ու հազիւ թէ շղարշի պէս նուրբ ամպեր երբեմն կը քողարկէին անոր արծաթեալ փայլը ու կանցնէին կ՚երթային դէպ ի հեռուները. քաղաքը լուսնի լուսով ողողուած կապտորակ եւ աննիւթական ամբողջութեան մը զգայնութիւնը կուտար որ կարծես առաջին փոթորկալից հովէն վանուելով պիտի մղուէր դէպ ի հեռուները՝ անդին երկնքին վրայէն անցնող առանձին ամպերուն պէս. մինակ տանիքները սատափի ցոլքեր ունէին եւ լուսեղէն քառանկիւններ կը շինէին միջոցին մէջ։ Երբ Ռիվոլի փողոցը մտան, այն ատեն տեսան որ բոլոր այս անկայուն, շողշողացող ստուերներու եւ ճերմակ լոյսերու մէջ տատանող գիծերէն Լա Շաբէլ ի նրբին, ժանեկային սիլուէթը կը բարձրանար լոյսի զարմանալի խաղով մը բոլորովին սեւ ճերմկօրակ երկնքին վրայ, ցից եւ խոյացող հակառակ իրեն դիւրաբեկ եւ մանրակերտ գիծերուն, որ ամբողջութիւնը կը կազմէին։ Ժիւսթին հետզհետէ յոգնած կը կախուէր ընկերոջը թեոէն, ինքն էր որ ուզած էր ոտքով վերադառնալ բնազդային զգուշաւորութեամբ մը գրեթէ վախնալով կառքի մը մտերմական մթնոլորտէն, որովհետեւ ամբողջ ներկայացման պահուն զգացած էր որ Անոր շրթները խօսելու ծարաւը ունէին, ինքզինքը յայտնելու անխուսափելի հարկը, անոր ջղուտ ու ճերմակ ձեռքին վրայ տեսած էր արդէն գրաւելու, առնելու կամքը. գիտէր որ եթէ նոյն իսկ անիկա ուզէր՝ չպիտի կրնար հակառակը ընել եւ Ժիւսթին գիտէր որ ինքը չէ պիտի չըսեր. անոր համար անխուսափելիէն զգուշանալու յետին ճիգով մը Ժիւթին ուզած էր քալելով վերադառնալ տուն, վստահ ըլլալով որ Անիկա լաւ ընկեր, լուրջ եւ ուղիղ զինքը պիտի ձգէր իր դրանը առաջք առանց անհանգսող խօսքի մը. բայց հիմա իեսնելով իր բարեկամին տխրութիւնը եւ երազկոտ լռութիւնը տեսակ մը զղջում կը զգար ալ աւելի գրգռուած հետաքրքրութեան թեթեւ զգացումով մը եւ երբ իր քովէն կառքերը կը սուրային, առանց ցաւի չէր որ խորհեցաւ իր իսկ ձեռքով հեռացուցած հաւանական վերջնական րոպէին։ Այլ սակայն որքան որ անբացատրելի երկյոտութիւնով մը հեռացուցած էր այդ րոպէն, անիկա կրնար հասնիլ մէկ վայրկեանէն միւսը, ու թերեւս անակընկալ կերպով մը։ Չէ մի որ երկայն ատենէ ի վեր, տարիներէ ի վեր իրարու խոստացուած էին, չէ մի որ ամէնքը գիտէին իրարու նշանուած ըլլալնին եւ իրենց ամուսնութիւնը անակընկալ մը չպիտի ըլլար. նոյն իսկ քիչ մը ուշ մնացած չէի՞ն արդէն, եւ ո՞վ պիտի հաւատար, աստուածս, ո՞վ պիտի հաւատար երբէք թէ հակառակ իրենց երկուքին որոշ եւ անլեղլի կամքին երկուքն ալ դեռ բան մը չէին ըսած իրարու եւ իրենց փոխադարձ կացութիւնը, փոխադարձ պարտականութիւնները ձեւով մը լռելեայն կնքուած դաշինք էր որով կապուած կը զգային երկուքն ալ այնքան աւելի սերտ կապով որ սնոտի եւ ունայն խօսքեր չէին տկարացուցած բնաւ անոր ուժգնութիւնը։

Սուրբ Էլիզաբէթ աղօթէ՛ ինծի համար…

Ու նորէն Թանհոյզերին վերջին արարուածը Ժիւսթինին աչքին առաջքէն անցաւ տողանցումը ձգելով մտքին մէջ ճերմակ եւ կարծր կերպասեայ ծալքերու որոնք հետզհետէ որոշուած՝ կմախներու փաթտուած պատանքներու գաղափարը տուին իրեն։

Նոյն միջոցին իսկ ամբողջովին բուրումնաւէտուած զգած. պզտիկ աղջիկ մը կողով մը ծաղիկ կը ներկայացնէր իրենց։

Գնեցէք պարոն, ձեր գեղեցիկ տիկնոջ համար, գնեցէք կ՚աղաչեմ։

Ժիւսթին տեսաւ որ իր բարեկամը ճերմակ վարդերու փունջ մը կ՚ընտրէր. լապտերի մը ներքեւ էին եւ Ժիւսթին ժամանակը ունեցաւ անդրադառնալու որ անոր ձեռքերը կը դողդղային եւ ալ բոլորովին կորսնցուցած էին գրաւելու, առնելու տենչանքը։ Եւ ճտշդ այդ րոպէին չափազանց տժգոյն՝ այդ ձեռքերէն ընկճուելու փափաքը ունեցաւ։

Երբ Քարթիէ հասան երկուքն ալ պէտք զգացին հանգչելու եւ զովացուցիչ ըմպելիք մը առնելու. սրճարանին աղմկալից մթնոլորտին մէջ քիչ մը մոռցան իրենց անյաջող երեկոյթին տխրութիւնը եւ խօսեցան. ճերմակ վարդերը ձիւնեղէն մաքրութեամբ մը հետզհետէ կը բացուէին տաք մթնոլորտին մէջ։

Զարմանալի է որ, ըսաւ Ժիւսթին, փողոցի մէջ հասարակ ծաղիկ ծախող աղջիկ մը այսքան թանկագին վարդեր ունենայ ծախելիք։

Վարդերը հետզհետէ աւելի ճերմակ, գրեթէ կը նոյնանային սեղանին մարմարիոնին հետ. եւալի ուշադրութեամբ դիտեցին զայն ու կ՚երեւայ նոյն մտածումը ունեցան. իրարու նայեցան երկայն եւ անորոշ նայուածքով մը. Ժիւսթին քաջութիւնը ունեցաւ ըսելու.

Չես կարծեր որ, բարեկամ, այս ճերմակ վարդերը որոնց վրայ ոչ մէկ բիծ չկայ, որոնց թերթիկներուն նեարդներէն մինչեւ կեդրոնին հունտերը անսովոր, ձիւնեղն սպիտակութիւն մը ունին, չե՞ս կարծեր որ անսովոր տեղէ մը եկած ըլլալու են։

Անիկա աւելի ուշադրութեամբ նյայեցաւ Ժիւսթինին։

Ես կը կարծեմ թէ գերեզմաններէն եկած են, ըսաւ մէկէն։

Ահ  իրա՜ւ, լսած եմ որ մեռելաթաղերը կը ծախեն գերեզմաններու վրայ դրուած ծաղիկները եւ անտարակոյս ասիկա անոնցմէ մէկն է, ո՞վ գիտէ այդ ձիւնաթոր թերթիկներուն մէջ, որոնք իրենց կարգին գերեզմանային համրութիւն մը ունին, եւ որոնք այնքան բացարձակ են իրենց անբծութեամբը, ո՞վ գիտէ այդ ձիւնաթոյր թերթիկներուն մէջ ինչ արցունքներ կան պահուած։ Եւ արդէն տե՛ս, մարմարիոնին վրայ գերեզմանաքարի մը տպաւորութիւնը ընող ամբողջութիւն մը չե՞ն կազմեր, ըսէ՛։

Դուռը բացուելով հովի հոսանքին մէջ ճերմակ վարդերու փունջին թերթիկները սարսռացին ու այդ սարսուռը րենց ալ անցաւ։

Ցուրտ է, ըսաւ Ժիւսթին, մեկնինք։

Եւ մինչ կը զգուշանարը վարդերու փունջը վերցնել սեղանին վրայէն, անիկա ականջն ի վար խօսեցաւ, ակռաները սեղմած զայրոյրթի եւ յուսահատութեան բուռն զգացումով մը։

Ժիւսթիւ մի՛ վախնար այդ փնջիկը առնելու, անիկա այնքան քու մարմարեայ եւ ցուրտ կուրծքիդ կը վայլէ որքան անդին պիտի վայլէր գերեզմանաքարին վրայ, որովհետեւ գիտցի՛ր, Ժիւսթին, որ քու գեղեցիկ մարմնոյդ մէջ, մեռելային ցրտութեամբ հոգի մը ունիս որ համար կը մնայ եւ որ համրութեան կը դատապարտէ։

Ժիւսթին ժամանակ չունեցաւ հասկնալու բայց զգաց որ ամէն բան վերջացած էր. ու անբարբառ, յամրօրէն ճերմակ վարդերը դրաւ կուրծքին վրայ։