Մանր երկեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԵՒ ԳԴԱԿԸ

Ամէն առաւօտ, լոյսը ծագելէն պահ մը ետքը, Մովսէս աղա իր դրանը սեմին վրայ կ’երեւար. տարեց՝ բայց դեռ իր կորովը պահած մարդ էր եւ պատկառելի երեւոյթ ունէր իր երկայն եւ ճերմակ մօրուքով, որ այտերուն վրայ թաւ, իր բոլոր հանդիսաւորութեամբ կը փռուէր կուրծքին լայնքին՝ ծածկելով հասարակ եւ գծաւոր կանեփէ շապիկին համեստութիւնը։

Արծաթ թելերով ականջներուն կրթնած ակնոցներուն ներքեւէն իր կարճատեսի բիբերը երազուն բան մը ունէին, մինչ լայն եւ թեթեւ մը կնճռոտած ճակատին վրայ աղեբեկ մազերու ցանցառ թելեր կը ցրուէին քմայքով։

Անիկա հագած էր ընդհանրապէս քանիցս լուացուած եւ անկատար արդուկուած կրկնոց մը որուն գիծերը շատոնց ի վեր կորսնցուցած էին իրենց յստակութիւնը. իսկ տափատին քմահաճ ծալքերը իր սրունքները կթոտ եւ անհաստատ ցոյց կուտային։ Ամառ թէ ձմեռ՝ հովանոցը մէկ թեւին տակ առած, միւս ձեռքով պինդ բռնած պարապ եւ ծալլուած պայուսակը պահ մը կը նայէր իր շուրջը, լայն շունչ մը կ’առնէր զմայլած ակնարկ մը նետելով դիմացի հեռապատկերին, որը ճշմարիտ զմայլումի արդիւնքը ըլլալէ աւելի հին սովորութեան մը հետեւանքն էր, ետեւ կը դառնար կնոջը վերջին պահուն միտքը ինկած յանձնարարութիւններուն հաւանութիւն կամ մերժում յայտնելու համար, անգամ մը կը հազար, կը սեւեռէր փողոցը աչքերը թեթեւ մը կծկելով, կարծես իր կտրելիք ճամբան չափելու համար եւ կը նետուէր օրական պայքարին մէջ արիութեամբ եւ ներքին անսասան խաղաղութեամբ։

Մովսէս աղա արագ, արագ կ’անցնէր փողոցներէն, գլուխը կախ եւ թեթեւ մը թեքուած դէպ ի ձախ ուսին, հապճեպ բարեւ մը թռցնելով այդ պահուն դեռ ցանցառ ծանօթներուն, մինչեւ որ հասնէր մեծ ճամբան. այն ատեն հովանոցը կը տեղաւորցնէր անութին ներքեւ, պայուսակին ծալքերը ալ աւելի կը սեղմէր եւ մէկ շունչով կը հասնէր շուկայ, իր կրպակը։

Վիճակով կօշկակար՝ այժմ հնակարկատ էր։ Անիկա դժբաղդութիւններ ունեցեր էր կեանքին մէջ եւ տեսակ մը փառքով կը յիշեր իր բարեկեցիկ խանութպանի անցեալը։ Երբ ժլատ եւ փոքրոգի յաճախորդներ քանի մը փարա կտրելու համար սակարկուած գինէն անարդար դիտողութիւններ կ’ընէին իր կարկտած կօշիկներուն վրայ, Մովսէս աղա խորին հառաչանք մը արձակելով կ’ըսէր իր մտքէն։

Երեք բանուոր աշխատցուցած մարդ եմ ես, այսօրուան վիճակիս չնայի՜ն...

Այլապէս ներքին եւ հանդարտ արհամարհանք մը ունէր իր յաճախորդներուն նկատմամբ, բարեացակութեամբ կը դատէր զանոնք, բայց իր մէջ գերազանց մարդու հեգնութիւն եւ ներողամտութիւն կար. իր անցեալ յիշատակները իբր նեցուկ բարձր կը բռնէին իր հոգեկան տրամադրութիւնները եւ զինքը կ’անջատէին այժմու թշուառութեան եւ գռեհկութեան մթնոլորտի ազդեցութենէն։

Պարզամիտ մարդ էր ու խելքը չէր հասներ. զինքը մանկութեանը դպրոց դրեր էին բայց անիկա պարզ գրել կարդալէ զատ շահեր էր միայն կարճատեսութիւն. հակառակ ասոր ամէն օր իր լրագիրը կը կարդար ինչ որ իրեն բանիմաց մարդու դիրք մը կուտար իր բոլորովին տգէտ դրացիներուն մէջ. երբ կօշիկ մը կարկտած ատեն յաճախորդի մը հետաքրքրութեան գոհացում տալու համար հերիւնը մէկ կողմ դնէր եւ դէմքը վեր բռնած ակնոցներուն տակէն նայելով ըսէր հանդարտ, հանդարտ.

Էֆէնտի՜մ... վերինին դրդումներն են, աս բոլորը՜, հասկցա՞ք, վերինին գործն է... ։ Մովսէս աղա հեղինակաւոր մարդու հովեր կ’առնէր։

Երբեմն ալ երկու գործի մէջտեղ դրացի դարբինը կուգար, ձեռքի լրագիրը պարզած դրօշի մը պէս եւ կէս հեգնական, կէս յանդիմանական շաշտով կը փսփսար մեծ պետութիւններէն մէկին կամ միւսին ակնարկելով.

Աս քուկինդ ի՞նչ ապուրներ կ’ուտէ կոր։

Պահ մը կը վիճաբանէին բայց ահա մէկէն համաձայն կը գտնուէին թէ ժամանակները գէշ են եւ թէ խորհրդաւոր չարիքներ կան ապագային մէջ։

Մովսէս աղա իր տան մէջ ալ կը վայելէր անդորր եւ անմրցելի համարում մը. կինը՝ կոկիկ եւ մաքուր տանտիկին, իր անդուլ ջանքերով կը ջանար իրենց պզտիկ պիւտճէին ծակերը գոցել, իր եւ ամուսնոյն հագուստները անհաւատալի ժամանակներ կը տեւէին. միշտ քիթ քիթի, բերան բերնի, ամէն բանի մէջ համաձայն իրարու. եթէ մեծ ուրախութիւններ եւ յուզումներ չէին ունեցած, զերծ եղած էին նաեւ մեծ վիշտերէ եւ հոգերէ։ Երբ Մովսէս աղա անբարեխիղճ գործի ընկերոջ մը ճարպիկութիւններուն զոհ երթալով կորսնցուցեր էր իր կօշկակարի դրամագլուխը, այդ փորձութեան դիմացեր էին երկուքն ալ առաքինի մարդիկներուն յատուկ լայնախոհութեամբ։ Է՜հ կրնայի՞նք չմտաբերել այն ատենուան իրենց հանգստութիւնը, այն ատենուան բարօրութիւնը... ։ Մովսէս աղա միշտ մաքուր հագուած, կինը պատշաճ արդուզարդի մը տէր եւ ձեռքը բաց՝ երբ եկեղեցի կ’երթար տօնական օրերուն... ։ Ժամկոչը ետեւէն բազմոցը կը հասցնէր, ծանօթ կիներ տեղ կը բանային իրեն, իսկ հիմա՞յ... բայց հոգ չէր. երբոր առաջին ցնցումը անցեր էր, ամփոփուեր էին, ճար մտածեր ու գտեր էին. վերջապէս երկու հոգի էին. ո՞վ անօթի մեռեր էր որ իրենք ալ անօթի մնային։

Հոգդ մի՛ ընէր Մովսէս աղա, ըսեր էր կինը փղձկումի մը րոպէին, վերմակներնուս չափովը ոտքերնիս կ’երկնցնենք։

Մովսէս աղա, նախ մասնաւոր յաճախորդներու ապսպրանքով կօշիկներ կը շինէր բայց հետզհետէ մաշած կօշիկներ ալ կը բերէին կարկտելու համար։ Կամաց, կամաց մեծ շուկային մէջ նորէն խանութ բանալու երազը ցնդեցաւ, ու երբ ծայրը ծայրին բերելով իր բնակած արուարձանին շուկային մէջ կրպակ մը բռնեց, միայն հին կօշիկներ բերին իրեն կարկտելու։

Տարի մը անցեր էր երբ արտասահմանէն վերադարձաւ իր կաթուածահար եղած եղբայրը որ սարսափի օրերուն գաղթած էր. այլ ու կին համաձայն գտնուեցան իրենց պարտականութեանց մասին։

Մեր բերնէն կը կտրենք անոր կուտանք, թող անկիւննիս նստի, իրեն շուքը մեր վրայ՝ մեզի պատիւ է, Աստուած պակասութիւնը չի տայ։

Աղբարիկ, այսպէս կը կոչէր Մովսէս աղա իր մեծ եղբորը թէեւ ծերունի բայց դեռ եռանդուն հոգի մը ունէր. հիմակ իրիկունները կը խօսէին ցած ձայնով շա՜տ, շա՜տ բաներու վրայ. նորատեսակ ցաւեր, նորատեսակ յոյսեր թունդ կը հանէին Մովսէս աղային հոգին որ մինչեւ այն ատեն լճացած եւ կայուն մնացած էր. երբեմն, երբեմն, ինքն ալ չէր գիտեր ինչո՞ւ, կարծես մէկը իր սիրտը կը յուզէր, գինովի պէս արբեցութիւն մը կ’զգար, աչքերը տարտամ նայուածք մը կը ստանային ու հոգին կը վերանար անպատմելի եւ մոլեռանդ խռովքով մը։ Ամէն անգամ որ Աղբարիկ իր գաղթականի կեանքէն դրուագ մը պատմէր, տեսած թշուառութիւններէն, լսած հերոսութիւններէն բեկոր մը, երբ մանաւանդ ներկայացնէր թէ իր զաւակները ազատ կեանքի եւ ազատ պայմաններու մէջ ի՞նչ եղած էին, Մովսէս աղա հիացիկ ապշութեան մը մէջ կ’իյնար։

Մենք ալ մարդ ե՞նք, մենք ալիբր մա՞րդ ապրեցանք, կ’ըսէր ափսոսալով։

Պզտիկուց ի վեր ունէր հիացումի այդ ընդունակութիւնը, բայց բան մնացե՞ր էր իր շուրջը հաւնելու. իր հոգին դիւրահաղորդ էր յուզումի բայց զայրոյթէ եւ դառնութենէ զատ ի՞նչ յուզում ներշնչած էր իր միջավայրը։ Ամէն անգամ որ ազնիւ կամ վեհ արարքի մը պատմութիւնը կարդացած էր, ամէն անգամ որ անձնազոհողութեան մը մասին լսած էր, իր հոգիին խորը համաձայնութիւն մը գտած էր եւ սիրտը թունդ ելած էր ինչպէս հիմակ երբ Աղբարիկին պատմածները կը լսէր եւ կարծես առիթը կը փնտռէր ո եւ է կերպով իր կարգին ցոյց տալու թէ ինքն ալ արժանի էր մարդ կոչուելու։

Իրիկուն մը կրպակէն վերադարձին մինչ պայուսակին լի եւ ուռած ծալքերը իր կողը կը ծեծէին Մովսէս աղա տեղատարափի մը բռնուեցաւ. կեցաւ կէս ճամբան, թեւին տակէն հովանոցը բացաւ եւ շարունակեց ճամբան. բայց կարծես աշխարհիս չորս կողմերէն փչող հովեր կը բզկտէին զայն, ի զուր վահանի պէս զայն իր դէմքը կը բռնէր հովին դիմադրելու համար. քանի մը վայրկեանի մէջ հովանոցը բզիկ բզիկ եղած էր եւ Մովսէս աղա ոտքէն մինչեւ գլուխը թրջած հասաւ տուն։ Կինը փութաց անմիջապէս հագուստները չորցնելու, արդուկելու եւ հետեւեալ օրուան համար պատրաստ բռնելու. բայց ի՞նչ կրնային ընել ֆէսը. անիկա կծիկ մը դարձեր էր։

Աղբարիկիդ գդակը դի՛ր, այսօր, ի՞նչ կ’ըլլայ ըսաւ կինը։

Մովսէս աղա նախ դժկամակեցաւ, յետոյ խնդացին ու վերջ ի վերջոյ եղբօրը սեւ մուշտակէ գդակը դրաւ գլուխը։

Ան ի՜նչ աղւոր վայլե՜ց... Տէ՜ր Աստուած. բռնի զինքը հայելիին առաջք կը մղէին. իրաւ ալ իր պատկառելի եւ ալեւոր դէմքին նոր, արտակարգ, գրեթէ կրօնական շուք մը կուտար այդ սեւ գդակը.

Քեզի՛ ըլլայ, Մովսէ՛ս, պօռաց եղբայրը քեֆ էն...

Ինծի մի՛ ըլլայ. ես ի՞նչ կրնամ ընել.

Ի՞նչ ըսել է, ի՞նչ կրնաս ընել. կը գործածես.

Մովսէս աղա շուարած եւ տհաճ երեւոյթ մը առաւ.

Չըլլար, ըսաւ կը կասկածին.

Ինչէ՞ն պիտի կասկածին, դուն անհատական ազատութիւն չունի՞ս կարմիր գդակին տեղ սեւը գործածելու։

Աղբարիկին թթուած դէմքին վրայ կ’երեւար տեսակ մը արհամարհանք. մինչ կը շարունակէր զարմացած նայիլ իր եղբօրը. Մովսէս իր կարգին կը սեւեռէր մեծ եղբայրը երբ յանկարծ սիրտը թունդ ելաւ, նայուածքը տարտամ դարձաւ, տեսակ մը յուզում վերացուց զինքը։

Հարկաւ թէ ազատ եմ կարմիր կամ սեւ գդակ դնելու, ըսաւ խռովուած ձայնով մը, ու այն օրը առանց իր ամենօրեայ սովորութիւններուն հետեւելու նետուեցաւ փողոցին մէջ։

Ազատ ե՜մ, ազատ ե՜մ... կը կրկնէր ինքնիրեն ու կարծես ամէն մէկ քայլին աղմուկը չափ կու տար այս ներքին աղաղակին. անիկա չէր տեսնար թէ ի՞նչ խոր զարմացում կը պատճառէր ամենուն իր սեւ գդակը. մօտ թէ հեռու, ծանօթ թէ անծանօթ մարդիկ կը հետաքրքրուէին. ոմանք կը հեգնէին զինքը, ոմանք արդէն կը սոսկային այդ բանին հետեւանքներուն վրայ մտածելով եւ երբ Մովսէս աղա իր կրպակը հասաւ իր դրացիներէն ոմանք մէյ մէկ բան պատճառ բռնելով եկան դիտեցին զինքը։

Անիկա իր աթոռակին վրայ բազմած կաշեայ գոգնոցը առաջը դրած մէկ ձեռքով հերիւնը եւ միւսով ասեղը բռնած, արագ եւ տենդագին կ’աշխատէր. կը հասկնար թէ ինչու ամէնքը իրեն կը նայէին զանազան տրամադրութիւններով, կը հասկնար թէ բան մը ըսել կ’ուզէին բայց չէին համարձակեր ըսելու եւ իբր պատասխան ամենուն ներքնապէս, յամառօրէն կը կրկնէր.

Ազատ եմ, ազատ եմ...

Քանի մը օր տեւեց այսպէս բայց առաւօտ մը իրմէ առաջ գոց կրպակին առաջ լրտես մը գտաւ.

Ինծի հետ եկո՛ւ, ըսաւ հրամայական շեշտով մը։

Մովսէս աղա գիշերաշրջիկի անգիտակցութեամբ հետեւեցաւ անոր. անօրինակ ներքին բզզիւն մը զինքը կը շփոթեցնէր. կարծես կը խափանէր իր մտածումները եւ ողջամտութիւնը, միանգամայն ինքզինքը խզուած կը զգար երկրէն, կարծես աննշմարելի թեւեր զինքը պիտի բարձրացնէին... ։

Երբ ոստիկանատուն հասան, առանց այլ եւ այլի քունէն նոր ելած խոժոռ բօլիս մը դէպ իրեն խոյացաւ եւ ձեռքի գաւազանին ծայրով սեւ գդակը գետին նետելէ ետքը պոռաց.

Ի՞նչ է սա, ի՞նչ կը նշանակէ...

Մովսէս աղա առանց պատասխանելու գլտորած գդակին ետեւէն գնաց, գետինէն վերցուց զայն, դաստակովը փոշին հանեց եւ հանդարտութեամբ գլուխը դրաւ... ։

Ոռնոցի նման հայհոյութիւններ լսուեցան ամէն կողմէ եւ հարուածներ լրբենի խօսքերու հետ տեղացին ծերունիին գլխուն։ Գդակը կրկին գլտորեցաւ, ակնոցին ապակիները կոտրեցան. այտին վրայ եղած սկրտուքէ մը արիւնի կաթիլ մը գնաց կորսուիլ ճերմակ մօրուքին մէջ. բայց Մովսէս աղա գլուխը շիտակ բռնած, իր կարճատեսի երազուն ու գրեթէ ժպտուն բիբերը յառած զայրոյթի եւ անձնազոհութեան տագնապի մը մէջ իր թշնամիներուն կը կրկնէր տենդագին ու բեկբեկ ձայնով մը.

Էֆէնտիմ, ազատ չեմ, ես ազատ չե՞մ... ճշմարիտը ըսէ՛ք ինծի.... ։