Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ներկայ դարուս մէջ զիրար խաչաձեւող շատ մը իմաստասիրական վարդապետութիւններէն, ամէնէն որոշ եւ ամէնէն ցայտուն կերպով մէջտեղ կուգայ միակ եզրակացութիւն մը որ ձեւով մը ժամանակակից յարատեւ զարգացման ոգիին յատկանշականն է. այն է անհատականութիւնը. այդ անհատական ուժին իմաստասիրութեան վրայ հիմնուած է Իպսէնի հոյակապ շարքը թատրոններուն, Մէթէրլինկի Խոնարհներու Գանձը սքանչելի գործին ոգին ինչպէս Նիչէի բոլոր փիլիսոփայութիւնը։ Արուեստներէն, գրականութենէն եւ իմաստասիրութենէն զատ, քաղաքակիրթ աշխարհի ներկայ ձգտումը դէպ ի բացարձակ անհատականութիւնն է եւ արդէն անով կը վերանորոգուին բարքերը եւ ընկերական շատ մը սովորութիւնները։

Բոլոր այս բաներուն մղուեցայ խորհելու (n’en deplaise à certaines personnes) կարդալով վերջին շաբաթներէն մէկուն «Ծաղիկ»ի մէջ հրատարակուած խմբագրականը (Քաղաքին մէջ. Մ. Շամտանճեան) որ մասնաւոր շահեկանութիւն մը ունի մեզի՝ Կ. Պոլսոյ մէջ բնակողներուս համար, մանաւանդ անհատականութեան տեսակէտներով։ Մասնաւոր թաղերու մէջ խճողուելու ձգտումը յաճախ առանց օրինաւոր պատճառի իրարու հետեւելու եւ անհատականութեան բացարձակ բացակայութեան նշան մըն է որուն երեւոյթներուն եւ հետեւանքներուն վրայ ծանրացած էր միայն Շամտանճեան էֆէնտի։ Այլ սակայն ըստ իս արդէն գոյութիւն ունեցող ներկայ պայմաններուն հետեւանքները մասնաւոր կարեւորութիւն մը ունին միայն եւ արդէն բազմամարդ տեղեր դիմելու դիտաւորութեան մէջ իսկ իր ցեղի մը վատթարացման առաջին նշանը նոյն իսկ եթէ դիտաւորութիւնը չգործադրուի նիւթական անկարողութեամբ։

Այսօր շատ քիչ բացառութեամբ՝ Կ. Պօլսոյ սքանչելի շրջակայ թաղերու բնակիչներէն Հայերը մասնաւորաբար աչք չունին իրենց համեմատաբար ընդարձակ տուներնուն, իրենց բնակարանին կից պարտէզներուն, գեղեցիկ տեսարաններուն եւլն. ասոնց ամէնուն ընծայած կենսական առաւելութիւններէն մէկը ի նկատի չպիտի առնէին եթէ ընտրութիւն մը ընելու վիճակի մէջ ըլլային. անտարակոյս առանց վայրկեան մը վարանելու պիտի նախընտրէին բազմամարդ կեդրոն մը փոխադրուիլ եւ հոն համեմատաբար իրնենց գիւղի հանգստաւէտ կեանքին՝ չարաչար նեղուիլ օդի պակասէ եւ վատառողջ պայմաններէ (որոնք յատուկ են ամէն խճողուած միջավայրներու) վնասուիլ։

Եթէ իրերու այս վիճակին բուն իսկ գլխաւոր շարժառիթը փնտռենք, առանց շատ վարանելու պիտի տեսնենք թէ անհատական ուժի պակաս է գլխաւորաբար մեր համայնքին մէջ. առանձին մնալէ վախնալ, շատ մը մարդերու (նոյն իսկ անծանօթ) շրջանակի մը մէջ ըլլալ, աղմկալից զուարճութիւններու դրացի, առանց յաճախ կարողանալու այդ զուարճութեանց մասնակից ըլլալու, ինչ փոյթ. օր մը ծանօթներէս, մէկը այս առթիւ կ’ըսէր. Ի՞նչ կ’ըլլայ, նոյնիսկ եթէ մէկը չճաչնամ. գոնէ Բերայի մէջ շատ մը մարդիկ կը տեսնեմ որ կ’երթան, կուգան, կը զուարճանան, մինչդեռ հոս (իր բնակած արուարձանին ակնարկեալ կ’ուզէր) ձանձրոյթէ մարդ մը մեռնի։

Այս ձեւ խորհրդածութիւնը շատ յատկանշական է որովհետեւ յատուկ է արուարձաններէն հեռացող շատ մը ընտանիքներու մտածելու կերպին։

Արդարեւ եթէ կեդրոն թաղ մը մնալը, գործերու դիւրութեան համար ըլլար եւ կամ եթէ բազամաթիւ յարաբերութիւններու հետեւանքով՝ որով հաղորդակցութիւններու արագութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ, եթէ մէկ խօսքով կեդրոն տեղ մը բնակիլը ընկերական կեանք մը ունենալու շարժառիթով որոշուած ըլլար, տեսակետով մը արդարացի կ’ըլլար անշուշտ. բայց բանն այն է որ միջակ կարողութիւն ունեցող եւ երբեմն նոյն իսկ նիւթական անձկութեանց մէջ չարչարուող մարդիկ ալ կեդրոն տեղեր երթալ կ’ուզեն եւ այս իրենց եւ ընտանիքին հանգիստին եւ առողջութեան գնովը պարզապէս բերանաբաց ուրիշներուն զուարճանալը դիտելու համար։

Այլ սակայն նիւթականապէս անկախ եղող դասակարգին համար ալ, նոյն իսկ ի նկատի առնելով ընկերական կեանք մը վարելու օրինաւոր փափաքը, արուարձաններէն հեռանալը անհատական ուժի պակաս կը նշանակէ հաւասարապէս։

Բազմամարդ քաղաքներու մէջ յարատեւ բնակողները, բարձրագոյն դասակարգերը (մտաւորական եւլն. տեսակէտով) չեն. անոնք ընդհանրապէս կը քաշուին շրջակայ արուարձանները, առանձին բնակարաններու մէջ եւ կամ քաղաքին մէջ կ’ընտրեն ամենէն լռին եւ ոչ բազմամարդ թաղերը։

Շատ հեռուները չերթալու համար կը բաւէ յիշել Պոլիս եկող եւրոպացիներուն մէջ Անգղիացիները որ հոս գտնուող օտարազգիներուն մէջ ամէնէն աւելի պահած են իրենց ցեղային յատկութիւնները եւ հետեւաբար ամենէն աւելի անհատական ուժ ունին. այդ նոյն Անգղիացիները մեծ մամասբ կը հաստատուին հեռաւոր արուարձաններու մէջ, բարձրադիր եւ գեղեցիկ տեղեր, ինչպէս Հիսար, Գանտիլլի, Սկիւտար եւն։ Ապահով, կեդրոնէն հեռու բնակելով մինակ մնալու չեն վախնար, որովհետեւ առանձնութենէ սարսափիլը ամենէն գլխաւոր նշանն է տկարացման. ուժով եւ կենսական յատկութիւններով օժտուած անհատները ինքզինքնուն կը բաւեն, ուրիշներու ներկայութեան գաղափարը մանաւանդ իրենց համար օտարներէ կազմուող բազմութեան մը ներկայութիւնը, բնաւ բարոյական օժանդակութիւն մըչէ քանի որ անոր պէտք չունին։

Զարմանալի եւ տարօրինակ բան է արդէն երբ մարդ բնակութեան տեղ մը ընտրելու պահուն շատ մը լաւ ապրելու յարակից եղող պայմանները մտքէն չանցնէ, միայն խորհելու համար թէ իր բնակած տեղը ուրիշները դիւրաւ պիտի կրնա՞ն գալ, թէ իր թաղին հրապոյրը բաւական ուժով պիտի ըլլա՞յ որպէս զի շատեր փափաքը ունենան գալ զինքը տեսնելու։

Ասիկա նկարագրի տկարութիւն կը նշանակէ եւ անվստահութիւն ինքզինքին վրայ, անհատական ուժ ունեցող մէկը բնաւ պիտի չխորհէր թէ ուրիշներուն ո՛րքան դիւրին է իրեն յաճախելը, այլ պիտի մտածէր միայն իր անհատին եւ իր ընտանիքին ապրելու պայմանները դիւրացնող եւ կեանքը հաճելի եւ գեղեցիկ ընծայող տեղ մը ընտրել բնակութեան եւ այս պայմանները կարծես թէ կեդրոն թաղերը դիմելով չէ որ պիտի ձեռք անցնէր։