Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ԶՈՀԸ

Ազատութի՛ւն, ի՞նչ ոճիրներ կը գործուին քու անունովդ...

ՏԻԿԻՆ ՌՕԼԱՆ

Ազատ մտածումի եւ ազատ խօսքի դէմ կատարուած ոճիրով մը ամբողջ հանրային կարծիքը դղրդուեցաւ առանց ազգի եւ կրօնի խտրութեան եւ հանրային զգացումը վիրաւորուեցաւ իր սրբազան իրաւունքներուն մէջ... ինչքան ալ «Սէրպէսթի»ի խմբագրապետին ուղղուած գնտակները մեկնած ըլլան կոյր ու մոլեռանդ ու անպատասխանատու ձեռքէ մը, ո՛վ ալ ըլլայ եւ ի՛նչ ալ ըլլայ զան դրդող պատճառը, այդ ոճիրը իր ահաւոր եւ մեծ նշանակութիւնը ունի, անիկա ընկերական ախտանիշ մըն է. այդ ոճիրը առանձին չպիտի մնայ ու բացուած արիւնոտ շաւիղը չենք գիտեր թէ որոնք պիտի փակեն... թերեւս մարդասպանները։

Պատմութիւնը մեզի պարզած ճշմարտութիւններու մէջ անողոք է. նոյն պատճառները նոյն պայմաններու մէջ նոյն արդիւնքները ունեցած են մօտաւորապէս։ Ամէն երկրի ու ամէն ազգի մէջ՝ ազատականները, պայքարի առաջին գծին վրայ գտնուողները, անձնուրացները, իրենց կուրծքերը բաց սպասած են դարանակալ ու վատ ոճիրին. այս կամ այն կերպով Մահը սրբագործում մըն է իրենց նուիրուած կեանքին, անիկա միակ ճակատագրական ու միակ պատուաւոր վերջաւորութիւնն է։ Սուրբերը մարտիրոսութեան կ’ըղձային ու զինուորին փառասիրութիւնը պատերազմի դաշտին վրայ մեռնիլն է. մեր օրերու սուրբերը մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման համար զինուորեալներ են։ Մահը կրկնապէս նուիրական կը դարձնէ, մահը կրկնապէս կը սրբազնացնէ գաղափարի մարդը, ու մարդասպանները անկարող եղած են միշտ ըմբռնելու այս տարրական ճշմարտութիւնը։

Դարաւոր սխալն է ասիկա ամէն կարգի բռնաւորներու. սարսափը գերազանցապէս անբաւական միջոց մըն է, ընդհակառակը, սուրբերու եւ հերոսներու արիւը բեղմնաւոր կ’ըլլայ։

Այս է պատճառը որ բոլոր դեդեւուն գաղափարները նորագոյն երիտասարդ եւ առողջ սերունդին մէջ ամրացած են Հասան Ֆէհմի պէյի եղերական մահովը. այսօր ամէնէն թանձր հոգիներուն մէջ ալ խլտում մը յառաջ եկած է, որովհետեւ թէրօրի ենթարկուած զոհին մշտնջենապէս լռած շրթունքը անմաքառելի ճարտասանութեամբ մը պիտի շարունակեն խօսիլ մեր երկրին, մեր դժբաղդ երկրին դառնացած երիտասարդութեանը։ Անոնք պիտի թելադրեն բոլոր այն ճշմարտութիւնները, շատ աւելի մեծազօր միջոցաւ մը, որոնց հրատարակութիւնը կարգ մը մարդիկներու հանգիստը խռովելու հանգամանքը ունէր, որոնք իրենց տժգոյն համրութեամբը իբրեւ անժխտելի փաստեր պիտի ներկայանան երեւան բերուած վրդովեցուցիչ ճշմարտութիւններու եւ անոնք մշտնջենական ամբաստանութիւնը պիտի ըսեն իրենց ձայնը լռեցնողներուն։

Հասան Ֆէհմի պէյ, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, պայքարի եւ ըմբոստութեան կարճատեւ բայց հերոսական ասպարէզ մը ունենալէ ետքը կ’անցնի պատմութեան մէջ։ Իր տեղը բաց չպիտի մնայ, ազատականներու շարքերը պիտի սեղմուին. իր յիշատակին եւ իր ընկերներուն ու գաղափարակիցներուն ուղղութեան ներքեւ Երիտասարդ Թուրքիան պիտի մտնէ ճշմարիտ եւ միակ փրկութեան ու վերածնութեան ճամբունմէջ. իրմէ ետքը ուրիշ զոհեր ալ իյնան թերեւս. բայց իրենց գաղափարները ու ձգտումները պիտի սաւառնին մութին մէջ գործող յետամնաց, բռնակալ եւ տարտամ ուժերու վերեւ, վերածնած երկրին կենսունակութիւնը պիտի կառչի այդ ձգտումներուն, պիտի որդագրէ իրենց մտածումները ու իրենք պիտի ապրին ապագա Թուրքիայի, մեծ եւ վերանորոգուած Թուրքիայի բարօրութեան մէջ... ։

Այսպէս եղած է յեղափոխուած ուրիշ երկիրներու մէջ. այսպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեր երկրին համար. ճնշումի օրէն, սանձարձակ բռնապետութիւններէն, կոտորածներէն ետքը ահաւասիկ կը տեսնենք ծագիլը սարսափի արենագոյն արշալոյսին. այս անխուսափելի տագնապը սխալ էր որ անցուցած էինք «Թուրք քօմիդէներու հիանալի պաղարիւնութեան եւ խոհեմութեան հետեւանքով», ինչպէս ուզեց բացատրել Եւրոպական մամուլը, ի տես մեր աննախընթաց յեղափոխական թոյլ ընթացքին։

Սարսափը փոխանակ մէկ անգամէն իր կարմիր դրօշակը պարզելու, կը սողոսկէր, գաղտագողի կը սպրդէր անձնական շահախնդրութիւններու ուղիներուն մէջ. անիկա դիւրութեամբ կը վրդովէր պզտիկ հերոսներու դիւրին քաջութիւնները, անիկա կը լռեցնէր թոթովող շրթունքները, վարանող կարծիքները, իրենց ուղղութիւնը չգտած ու մոլորած հոգները... ։ Առաջին անգամ անիկա հանդիպեցաւ դիմադրող կուրծքերու, առաջին անգամ արհամարհանքը ու ճշմարիտ քաջութիւնը դէմ առ դէմ եկան իրեն հետ ու Հասան Ֆէհմի պէյ ինկաւ պատնէշին վրայ... Իր օրինակը մեծ պիտի ըլլայ։

«Սէրպէսթի»ի խմբագրապետին պարագան իր կեանքը ու մահը երեւան կը բերէ նոր եւ յուսալիր երեւոյթ մը։ Թուրք յեղափոխականները աքսորի ու բանտի մէջ կը մեռնէին միայն, եղբայրակից ազգերու բաց օդին եղած ըմբոստութեան եւ բողոքի ցոյցերը նախկաին րէժիմի դէմ առանձին ու մասնակի կը մնային. Հասան Ֆէհմի պէյի մը, Ալի Քէմալ պէյի մը ու դեռ այնքան ուրիշներու հերոսական դիմադրութիւնը նոր ուրուագծուած բռնապետութեան մը դէմ, հակառակ սպառնալիքներու, հակառակ յայտնի վտանգներու, մեզ կը յայտնէ գերազանցապէս որ թուրք յեղափոխականներն առ մեռնիլ գիտեն. իրենց բարոյական ազդեցութիւնը անհաշուելի պիտի ըլլայ թուրք զանգուածին վրայ. անիկա պիտի սնուցանէ վերծանութեան ձգտող երիտասարդութեան կորովը, անիկա է որ պիտի ճշտէ հայրենիքին վերջնական բաղդը։

Անոր համար է որ մարդասպանին ձերբակալումը ու պատժուիլը որ եւ է կարեւորութիւն չունի եւ չկրնար խաղաղեցնել հասարակաց զգացումը որ պէտք չէ արդէն գոհանայ գռէհիկ վրիժառութեամբ մը, Զոհին հոգին ոչ այդ կարգի վրէժի կարօտ է, ոչ ողբի. անիկա իր յաւիտենական քունին մէջ, նոճիներու շուքին տակ պիտի սպասէ իր սկսած պայքարին յաղթանակին. ի՞նչ փոյթ մեզի տխուր ու անգիտակից մարդը, ի՞նչ նոր բան կրնայ երեւան բերել իր ձերբակալումը, ի՞նչու ինք ըլլայ պատժուողը եւ ոչ բուն պատասխանողը։

Պատիժը այս ոճիրին նոյն իսկ այն սարսափի րէժիմին մէջ է որ ստեղծած են իր թշնամիները. որոնք ալ որ ըլլան այդ մթամած հոգիները, ի՛նչ դասակարգի եւ կուսակցութեան ալ որ պատկանին, անվրէպ ճակատագրականութեամբ մը իրենց դատապարտութիւնը պատրաստած են, այս այսպէս է ամեն ազգի պատմութիւններու մէջ... Մեր տժգոյն Մարատները ու մեր երկչոտ Րոպէսպիէրները այլ եւս պատմութեան արիւնոտ էջ մը ունին իրենց աչքին առաջ։

Սարսափի րէժիմը սկսած է։