Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Արագընթաց յաջորդութիւն մը քաղաքական դէպքերու՝ նոր կացութեան մը մէջ կը դնէ մեզ։ Սահմանադրական րէժիմին հաստատման առաջին օրերու աղմկալի, սնամէջ եւ Կ. Պօլսոյ ամենազգի մտաւորականութեան յատուկ ուռուցիկ խանդավառութիւնները միանգամ ընդ միշտ մարած են այլ եւս, ո՛չ ճառախօսութիւն, ո՛չ ծափեր, ո՛չ հանդէսներ... Արիւնը հոսեցաւ ու նոր Թուրքիոյ յաղթանակը մթագնած է սուգով։

Վերջին տագնապալի օրերու ընթացքին ամենս ալ անդրադարձանք կացութեան լրջութեանը վրայ։

Գործուած սխալները իրենց դառն պտուղները տուին եւ աններելի անհոգութիւնները իրենց ահեղ հետեւանքները ունեցան, դիւրին յաղթութիւններու մէջ կռացած անձնաւորութիւններ իրենց ոտքերուն առջեւ բացուած վիհը տեսան ու սարսափը, ահաւոր սարսափը մղձաւանջի մը պէս սաւառնեցաւ ամէնուն վրայ...

Այլեւս թերութիւն, պոռոտախօսութիւն, կեղծիք, սուտ խոստումներ անկարելի կը դառնան, անգիտակցութիւնը՝ անհիմ ուրախութիւններու, վստահութիւնը՝ վերջնական յաղթանակին կը ցնդին մեզի յայտնուած վտանգին յիշատակովը, ու նոր կացութիւնը անհրաժեշտօրէն նոր հոգեկան վիճակ մը յառաջ կը բերէ մեր մէջ։

Հայրենիքը վտանգի մէջ էր. ու հարկ եղաւ մոռնալ բոլոր քեները, մոռնալ արժանապատութեան վիրաւորանքները, ոմանց ապերախտութիւնը ու ինքնավստահութիւնը, ուրիշներուն ամբարտաւանութիւնը, ու միացած կուրծ տալ թշնամիին ու պայքարիլ ամէն միջոցներով. վերջնակա՞ն է յաղթանակը. անկարելի է որոշել, քաղաքական հորիզոնը մութ է սեւ ամպերով. ու ամէն ժամանակէ աւելի լրջութիւն, հանդարտութիւնը ու քաջութիւն անհրաժեշտ են ամէնուն գործունէութեան մէջ։

Արիւնը հոսեցաւ. ու ասիկա սարսափելի դաս մըն է. պէտք է խորհիլ որ ամէն արտասանուած խօսք յանձնառութիւն մըն է, ամէն խոստում պատասխանատուութեան տակ կը ձգէ, Թուրքիա մահու եւ կենաց ճգնաժամի մը մէջ է. Օսմանցիներու ամէնէն խոնարհներն ալ դեր մը ունին կատարելիք. ամէնէն սովորական շարժուձեւերն ալ մեծ համեմատութիւններ կը ստանան. իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է երկրին դժբախտութեան ինչպէս մասնակից է անոր փրկութեան գործին։

Զգուշութիւն ու չափաւորութիւն մեր ուրախութիւններուն ու մեր ատելութիւններուն մէջ, որովհետեւ միտքերու եւ հոգիներու այս գերագրգռուած վիճակին մէջ, բոլոր հրատարակուած տողերը ու բոլոր արտասանուած բառերը շարժումներու կը փոխուին ու ամէն շարժումի տակ արիւն կայ։