Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊԱՍԵՐՈՒՄԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑԱՒ

ԱՌԱՋԻՆ ՅՕԴՈՒԱԾ

Եւրոպայի համար ամէնէն աւելի խնդիրներէն մին արեւմտեան ցեղերու ապասերումն է։ Արդարեւ ջղային դրութեան խանգարումներէ տառապողներու թիւը տասնապատկուած է մանաւանդ մեծ քաղաքներու մէջ ուր կեանքի պայմանները մասնաւորապէս իրենց բնակիչները կʼենթարկեն մտաւոր եւ ֆիզիքական յոգնութեան. գիտենք որ ջլանկարութիւնը (neurasthenie) եւ hysterieն որ երկու գլխաւոր երեւոյթներն են ապասերող ցեղի մը, իրենց կարգին արդիւնք են մարդուս կենսական ներոյժութեան ապարդիւն շռայլուելուն մէկ խօսքով յոգնութեան։

Ֆէրէ՝ Բարիզի կենսաբանական ընկերութեան մէջ բազմաթիւ ապացոյցներով հաստատած է թէ hysterieն յոգնութեան հետեւանք է. «Դիտեցի որ, կʼըսէ նշանաւոր գիտունը, շատ մը եղելութիւններ կʼապացուցանեն թէ յոգնութեան եւ hysteriqueներու շարունակական վիճակներուն մէջ մեծ նմանութիւն, նոյնութիւն կայ»։ Միւս կողմէ առողջ մարդուն համար իսկ ժամանակաւոր յոգնած վիճակը իր մէջ առաջ կը բերէ շատ մը երեւոյթներ որ hysteriqueներուն միայն յատուկ են. այսինքն դիւրազգացութիւն, դիւրագրգռութիւն, զարմանալի պատրաստակամութիւն մը յուզուելու, լալու եւ խնդալու տագնապներ առանց պատճառի, եւլն։

Հիմակ պիտի տեսնենք որ արեւմտեան մեծ քաղաքներու մէջ մասնաւորաբան մտաւոր յոգնութիւն պատճառող պարագաները ճիշդ այն բաներն են որ ամէնէն աւելի մեզի կը հետաքրքրեն. անիկա գեղարուեստական եւ գրական արտադրութեանց չափազանց առատ ըլլալն է. պատահական ընդհանուր յուզում պատճառող եղելութիւններէն զատ. (արկած, ոճիրներ, այլ եւ այլ յուզումնառիթ պատահարներ) ուղղակի ժողովրդի մը մտքին յոգնութիւն պատճառող բանը որ միեւնոյն ատեն մշտնջենական է, իր գրական եւ գեղարուեստական արտադրութիւններն են։ Մաքս Նօրտաու Բարիզցիներու հիմակուան ապասերած վիճակը, ջլագարներու շատանալը, ջլանկարութեան ընդհանրացումը կը վերագրէ բոլորովին, անցնող դարու վերջին ի յայտ եկող շուարացուցիչ արագութեամբ գրական եւ գեղարուեստական ճիւղերու մէջ անհամար դպրոց ներու շատութեանը որոնց իւրաքանչիւրը՝ առանձինն՝ նախորդներուն ժխտումն է եւ բնականաբար ընթերցողը կամ իրենցմով շահագրգռուողները  կը մղեն շարունակական խորհրդածութիւններու, դատելու, կարծիքներ կազմելու, նախասիրութիւններ ուենալու եւլն։ Եւ նոյն իսկ, միւս կողմանէ վերոյիշեալ դպրոցներուն պետերը իրենք իսկ ապասերուած կը նկատուին նոյն հեղինակէն. բնական եւ անխուսափելի հետեւանքը իրենց միջավայրին, հիւանդ միտքերով եւ վատառողջ ախորժակներով տանջուած անհատներ որոնք իրենց գործին արտայայտութեանը մէջ իսկ ցոյց կուտան արդէն դասաւորուած ջղային դրութեան խանգարումներու ախտանիշները։

Ընդունելով հանդերձ այս պարագաներուն ճշդութիւնը, արդէն տարբեր կերպով չենք կրնար ընել, այնքա՛ն անոնք հիմնուած են գիտական եւ բժշկական ճշմարտութիւններու վրայ դիտել կուտանք սակայն թէ տեսակէտ մը կայ որ պէտք չէ մոռնալ եւ զոր պարտական ենք ի նկատի առնել երբ ամբողջ սերունդի մը գրական եւ գեղարուեստական ջանքերու վրայ է խօսքերնիս։

Երբ գրականութիւն մը կʼարտայայտուի այնպիսի տիպարներով, այնպիսի տենջանքներով եւ ձգտումներով որ առհասարակ առողջ մարդերու կողմէ հիւանդագին կը նկատուի, երկու մասերու կը բաժնուի արդէն։

1. - Այն հեղինակները որ իրենք իսկ հիւանդագին եւ ջլախտաւոր հոգի մը ունենալով բացարձակ անկեղծութեամբ կʼարտայայտեն ինքզինքնին եւ ատով իսկ իրենց գործը ջղագրգիռ եւ չափազանց նրբին հանգամանքներով կը ներկայանայ՝ ինչ որ անմիջական ազդեցութիւն կը ներգործէ նոյն հոգեկան վիճակը ունեցող ընթերցողներուն վրայ։

2. - Այն հեղինակները որ բոլորովին առողջ եւ հաւասարակշիռ մտքով՝ դիտելով իրենց ժամանակին ամէնէն ցայտուն տիպարը զայն կʼուսումնասիրեն եւ զայն կը ներկայացնեն իրենց գործերուն մէջ, այդ տիպարին յատուկ բոլոր տկարութիւններով, անօրինակ ըղձանքներով ու այդ կարգի հիւանդագին տիպարներու մասնաւոր եղող պարագաներով։

Այս վերջի դասաւորումին պատկանող հեղինակներուն նոյն իսկ չէ կարելի վերագրել նախասիրութիւն մը այդ կարգի նիւթերու եւ տիպարներու ինչ որ արդէն հեղինակին համար հիւանդութեան հակում մը պիտի ըլլար այլ պարզապէս անհրաժեշտութիւն մը որ զիրենք կը մղէ այդ տիպարներուն, ժամանակին եւ միջավայրին անհրաժեշտութիւնը։

Ընդհանրապէս սակայն այս երկու դասակարգերը իրարու հետ շփոթուած են անոր համար թերեւս որ արդիւնքը մէկ կʼըլլայ. որովհետեւ ըլլա՛յ այդ անձնական զգացումներու անկեղծ նկարագրութիւնը, ըլլա՛յ դիտուած տիպարի մը նկարագրութիւնը՝ նոյն կերպով կʼազդէ ընթերցողին վրայ. ու յայտնուած վատառողջ տենջանքները ու դիտուած ջլանկարի մը ապրելու եղանակը հաւասարապէս կʼազդէ ընթերցողին վրայ։ Հոս հեղինակի պարտականութիւն մը կայ, ծանր եւ մտածել տուող պատասխանատուութիւն մը, բայց ատիկա առանձին յօդուածի նիւթ է եւ զայն յիշատակելէ ետքը կʼանցնինք մեր նիւթին։ Չմոռանանք ըսել նաեւ թէ գործի մը բուն իսկ առանձին գեղեցկագիտական արժէքը ի նկատի առնելով չէ որ պիտի խօսինք, որովհետեւ գիտենք որ ապասերուած անուան ներքեւ դատապարտուողներէն շատերը իրենց ցաւատանջ եւ մշտնջենապէս բաբախուն հոգիին խորէն անանկ աղաղակներ գտած են, այնպիսի ձայներ բարձրացած են իրենցմէ որ, այս դարուն ամէնէն գեղեցիկները պիտի մնան Արուեստին առջեւ. ու իրենց ինքնուրոյն տանջանքները, իրենց անկարելի բաղձանքները արտայայտող տաղերը, դեռ երկայն ատեն սիրելի եւ ոսկեղէն վանկերը պիտի մնան նորահաս սերունդներուն համար։

Ո՞վ գիտէ նոյն իսկ եթէ անոնք երկարատեւ ու յոգնած քաղաքակրթութեան մը վերջին եւ գեղեցիկ ջանքը չպիտի մնան մարդկութեան համար, գերագոյն ծաղիկը որուն ծաղկումին համար դարաւոր հիւթեր եւ սերմեր աշխատակցեցան իրենց յամր ուռճացումին մէջէն որպէս զի երանգներուն գեղեցկագոյնը, եւ բուրմունքներուն ամէնէն զգլխիչը վերապահեն անոր։

Արդարեւ երբէք ոչ մէկ ժամանակամիջոցի մէջ եւ ոչ մէկ երկրի մէջ գոյութիւն չէ ունեցած այն միահամուռ եւ գլխի պտոյտ պատճառող աճապարանքը աւելի գեղեցիկը, աւելի նորը արտադրելու յարատեւ բաղձանքին, որ կը յատկանշէ վերջին դարուն Ֆրանսիայի գրական եւ գեղարուեստական շարժումները։ Բնականաբար սակայն այդ աշխատութեան եւ յոգնութիւններու յանկարծական բազմապատկութիւնն է որ իր կարգին յառաջ բերած է ժամանակակից ապասերումը, ցեղային տկարացումը որուն գրեթէ անդարմանելի յառաջացումին առջեւ կը սարսափին նոյն իսկ իրենք եւ զիրենք սիրող ցեղերը։

Այդ ապասէրումը մեծ մասամբ վերագրելով հանդերձ գրական եւ գեղարուեստական արտադրութիւններու, հոս մասնաւորելով մեր խոսքը գրականութեան համար կը պնդենք թէ անհրաժեշտ է զանոնք դասաւորել։ Օրինակի համար՝ Պօտըլէռ, ինքն իսկ հիւանդագին հոգի մըն է արդէն. ասիկա կը նախազգացուի իր բոլոր ոտանաւորներուն մէջ որոնք անհաւասարելի գեղեցկութիւն մը ունին սակայն. իր Fleurs du malը (ոտանաւորներու հաւաքածուն) փոխն ի փոխ ներքին անկայուն տառապանքի մը արտայայտութիւնն է ինչպէս ապշեցուցիչ եւ սարսռացնող երեւոյթներու նկարագրութիւնը, մահաբոյր, մղձաւանջային երեւոյթներու որոնք իրեն համար մասնաւոր եւ անգութ գեղեցկութիւն մը ունին, անօրինակ յուզումներ պատճառող եւ շատ աւելի նրբին, իր թանկագին զգայնութիւններուն եւ հիւանդագին հոգիի մը բոլոր կարելի հազուագիւտ ըղձանքներուն հաւաքածոն է իր գիրքը. իր կենսագրութիւնը եւ վերջէն մէջտեղ ելած կենսագրական ծանօթութիւններ կը հաստատեն իր ջլախտաւոր վիճակը. երիտասարդ մեռած է արդէն, կարծես աւելի շատ զգալու, աւելի ուժով զգալու տանջանքին մէջ սպառած մէկն է. ինքը ուղղակի աշակերտն է արդէն Էտկար Բօ ի այն մղձաւանջային եւ ուրուականներով լեցուն պատմութիւններու Ամերիկացի հեղինակին, որ իր կարգին ապասերած մը եղած է արդէն։

Հոս քանի որ առիթը ներկայացաւ, ըսենք թէ ապասերման պատճառ եւ ապասերման հետեւանք գրականութիւնը մի միայն Ֆրանսիայի մէջ չէ որ գոյութիւն ունեցած է. անիկա ընդհանուր շարժում մը եղած է արդէն եւ օտար հեղինակներ մեծապէս նպաստած են ատոր։ Ռուս հեղինակներու գործերու թարգմանութիւնը կʼըսէր Տէշանէլ, իր Սորպոնի դասախօսութեան մէջ, առաջին նշանը եղած է գրական յեղաշրջման. նախ բնապաշտները մեծապէս ազդուած են անկէ. Զօլա կը խոստովանի թէ շատ բան կը պարտի Սլաւ գրականութեան. մասնաւորապէս Տասթայէվսքի ուժգին ազդեցութիւն ունեցած է նոր ծրագրուող դպրոցի մը առաջին քայլերուն վրա։ Տասթայէվսքի իր նախասիրած հիւանդ տիպարներով, որոնք մեծ մասամբ ջղային խանգարումներու ենթակայ են արդէն, հակում ցոյց կուտայ ջղագրգիռ վիճակի մը. եւ եթէ զինքը բոլորովին չդասենք հիւանդ հեղինակներու մէջ, իր նախասիրութիւնը արդէն մեծապէս կʼերեւայ իր գործին մէջ։

Օտար հեղինակներու մէջ Իպսէն ամենէն շատ նիւթ առած է ապասերման մէջ գտնուող անձերէն. իր գլխաւոր տիպարները ջլախտաւորներ են. ապասերման եւ ջլանկարութեան վրայ գրուած ընդարձակ հատորներէ աւելի իր Ուրուականներ ու մէջ Օսվալտի տիպարը եւ Հէտտա Կապլեր ը առանձին, արդէն ամբողջական ցուցադրութիւններ են հիւանդագին հոգիներու, որոնք ճակատագրական անյեղլիութեամբ մը աստիճանաբար անկման կը դիմեն։ Այլ սակայն դիտելու եւ համադրելու այդ բացարձակ կատարելութիւնը արդէն իսկ կʼապացուցանէ հեղինակին առողջութիւնը, եւ յանցանքը իրը չէ վերջապէս երբ իր անմոռանալի թատերգութիւնները ներկայացնելով ունկնդիրներու բազմութիւն մը կʼունենայ, որոնք անդրադառնալով իրենց իսկ մէջը ապասերման եւ ջլախտի ներքին ախտանիշներու, կը կարծեն թէ արժանի են ցուցադրուելու, ուրիշներուն ուշադրութիւնը իրենց վրայ դարձնելու։ Բնականաբար վերոյիշեալ հեղինակները իրենց համայնական նկարագրովը ամեն ցեղերու վրայ իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են, մասնաւորելով խօսքերնիս Ֆրանսիայի համար, ինչպէս ըսինք, պատճառ մը չենք գտներ չեղելու այդ երկու դասաւորումէն։ Օքթավ Միոպօ, Ֆրանսիայի ամենէն սիրելի հեղինակներէն մին, իր գրեթէ բոլոր գիրքերուն մէջ տիպարները ընտրած է ջլախտաւորներէն, hysteriqueներէն. եւ ալ աւելի, ոչ միայն իր տիպարները հիւանդ են, այլ բոլոր այն ընկերութիւնը որուն մէջ կʼապրին իր տիպարները, բոլոր զանոնք շրջապատող պայմանները։

Պայմանագրական շատ մը սովորութիւններ ոչ նուազ կը նպաստեն ցեղերու ապասերման եւ ասոր համար է թերեւս որ բոլոր անկապաշտ հեղինակները մարդկայնական լայն շունջ մը ունին, ծարաւը լաւագոյն բարքերու, լաւագոյն ընկերական սովորոյթներու։ Մեծ քաղաքներէ դուրս ջլախտը արդէն գոյութիւն ունի քիչ թէ շատ ամէն տեղեր, նոյն իսկ գիւղերու մէջ։ Ապասերման պատճառները հոն տարբեր են. բայց արդիւնքը գրեթէ նոյնն է. միայն ըսենք թէ գեղջուկներու համար ջլախտի մղող գլխաւոր պարագան ֆիզիքական չարաչար յոգնութենէ զատ իրենց նախնական կեանքէն ամէնէն ծայրայեղօրէն քաղաքակրթեալ կեդրոններու մէջ մտնելու առիթը ունենալու դիւրութիւն է. արդէն մեծ քաղաքի մը մէջ ամէնէն շուտ փճացողները գեղջուկներն են որ իրենց մշակելիք հողը լքած անյագ հետաքրքրութեամբ մը կը վայելեն քաղաքին կեանքը։ Նոյն բանը կը պատահի նաեւ այն ցեղերուն համար որ երկայն ատեն հանգչելու երեւոյթը ունենալով, մէկէն աչքերնին կը բանան քաղաքակրթութեան։

Ամէն պարագայի, գրականութիւնը հոգ ընելու երեւոյթը չունի իր ետեւ ձգած ջլախտի սերմերուն համար, հետզհետէ ալ աւելի հիւանդագին եւ անորակելի հոգեկան վիճակներն են որ յափրացած ընթերցողներուն ախորժակը կը գրգռեն։ Մոլութիւններու ապականարար նկարագրութիւններ, զգայնութիւններու հակաբնական նրբութիւններ. անակընկալը, անկարելին, հրէշութիւնը… ահաւասիկ ընդհանուր առմամբ ընթերցողին ուզածը։ Հեղինակները պիտի ուզե՞ն այդ գրեթէ մոլեգին եւ յիմարական տենջանքները գոհացնել, հաւանական է, որովհետեւ եթէ ընթերցողը հեղինակներէն կʼառաջնորդուի միւս կողմէ հեղինակներն ալ զիրենք կʼառաջնորդեն հոն ուր կʼզգան թէ պիտի երթային առանձին։

Մեր համայնքին համար անպատեհութիւնը մասամբ հեռաւոր է եւ ոչ անմիջական. ապահովաբար մտքի տկարութիւն ունեցողները մեր մէջ, գրական շատ յորդ եւ դժուարամարս արտադրութիւններու հետեւանքով չէ որ կը տառապին։

Այլ սակայն կրնան քիչ մը մտածել սա պարագային վրայ թէ. ամէն անոնք որ առանց նախապատրաստական զարգացումի մը քաղաքակրթուելու հարկին մէջ կը գտնուին. անխուսափելիօրէն կʼապասերին։