Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱԼԶԱՔԻ ՎԷՊԵՐԸ ԵՒ ԻՐ ԿՆՈՋ ՏԻՊԱՐՆԵՐԸ

Մարդկային Կատակերգութեան (La Comédie Humaine) ստուար էջերուն մէջ, ուր հեգնութիւնը ցաւի կը փոխուի ու այդ ոսկիէ տողերուն մէջ վերջապէս, կը յայտնուի իրապաշտութիւնը՝ րոմանթիք ազդեցութեան տակ դեռ երազող միտքերուն՝ Պալզաք առաջիններէն մէկը եղած է իրականութիւնը իր ցաւերով եւ նեխութիւններով առանց շպարումի դիմագրաւելու։ Վիժածներու, անկարողներու եւ չարերու ապականուած հոգին ներկայացնելէ ետք՝ իր վիրաբոյժի անողոք եւ բարերար կորովով, որուն կատարելութիւնը իր ընթերցողները կը ճանչնան, կարծես մասնաւոր հաճոյքով մը կը դառնայ իր կանացի զմայլելի տիպարներուն։ Անոնք մեզի կը ներկայանան, հակառակ իրենց հոյակապ անմատչելիութեանը, գերազանցապէս իրական եւ կեանքով բաբախուն։ Պալզաք իր խորունկ իմաստասիրութեամբը եւ մտքի լայն հասկցողութեամբը սպրդած է անոնց էութեան ամէնէն թաքուն խաւերուն մէջ, նայուածքէ մը՝ ժպիտէ մը յաճախ քաղելով բոլոր այն տարրերը որոնցմով կրցած է համադրել իր կնոջային տիպարնեը. կինը՝ իր տկարութիւներով եւ վսեմ անձնուիրութեամբ պաշտելի, զգայնութեանց եւ զգացումներու անմատչելի նրբութեամբը հզօր, որ իր սրտին մէջ կը գտնէ անսպառելի գանձերը գորովանքի, սիրոյ եւ զոհողութեանց, Իր վէպերուն մէջ ընդհանրապէս գլխաւոր տիպարը կին մըն է, երբեմն տիրական, հրապուրող, սիրազեղ, երբեմն ալ զոհ՝ ընկերական կամ անհատական կիրքերու։

Պալզաքի գործին մէջ մարդկային ընկերութեան յատուկ ծիծաղելի մոլութիւններուն, հոգեկան ախտերուն, անիրաւ մրցումներուն մէջ կնոջ տիպարթ զովացնող ովասիսն է, միտքի եւ սրտի հանգիստը՝ ուր հեղինակը գերագոյն բարձրութիւններուն կը հասնի, բանաստեղծական աւիւնով մը ստեղծելու կինը իր ժպիտին եւ նայուածքին առեղծուածային կախարդանքովը եւ հոգեկան անսահման շնորհքովը։

Ինչ դասակարգի ալ պատկանին, Պալզաքի կին տիպարները կը կրեն այն ազնուական եւ տոհմիկ բարքերու կնիքը՝ որոնցմով մասնաւորապէս կը յատկանշուին. իրենց կեցուածքը, ձեւերը, խօսքերը հանդիսաւոր ծանրութիւն մը ունին եւ իրենց կատարած գործերուն մէջ վեհանձն խրոխտութիւն մը կայ, ինչպէս Աստուածաշունչի տիպարները՝ ամենէն անբաղդները եւ աղքատներն ալ՝ antique վեհութիւն մը ունին որ զիրենք միանգամ ընդ միշտ կ’ազատէ ռամկութենէ։ Պալզաքի նախընտրած միջավայրը սակայն ազնուական դասակարն է Ֆոպուռ Սէն-Ժէռմէնը. Անոր շքեղ սալոններուն մէջ է որ կը հանդպինք Տիկին տը Պոսէանի, (Père Goriot) այն զմայլելի գերկոմսուհւոյն, որ իր անսանձ սիրոյն մէջ չարաչար խաբուած՝ իր ցաւը եւ յուսահատութիւնը կը խեղդէ հոգւոյն մէջ եւ ամբողջ երեկոյթի մը կ’ընդունի հրաւիրեալները, միշտ գեղեցիկ եւ իրական, ջինջ եւ անամպ աչքերով յուսախաբ ընելով հիւրերը, որոնք գիտնալով Տիկին տը Պօսէանի դժբաղդութիւնը կ’սպասէին զայն տեսնել ընկճուած եւ արցունքներուն մէջ թաթխուած, ճաշակել անոր յուսահատութիւնը։

Իշխանուհի տը Գատինեան անգութ պչրող մըն է. իր անձին անդիմադրելի հրապոյրներովը ուժովցած, ամէն քային գրեթէ սիրտ մը կը ճզմէ ոտքերուն տակ։ Իր ապարանքը գրեթէ տաճար մըն է, ուր ժամանակակից ազնուական երիտասարդութիւնը անիրականանալի յոյսերով ցնորուած կը շտապէ պաշտելու իշխանուհւոյն գեղեցկութիւնը։ Տը Գատինեան սերունդներ կը սնանկացնէ բարոյապէս եւ նիւթապէս, մինչեւ որ ինքն ալ սնանկացած՝ կը ստիպուի վիլլա մը քաշուիլ եւ իր ազնուական նկարագրին արժանի հպարտութեամբ առանց ծաւի կ’ընդունի իր նոր համեստ վիճակը։ Հո՛ն է որ կ’անդրադառնայ թէ իր փոթորկալից կեանքին մէջ ճշմարտապէս եւ խորունկ սիրով մը սիրելու առիթը եւ ժամանակը չէ ունեցած եւ թէ իր գեղեցկութեան վերջալոյսը կ’ուզէ անցընել այնքան շողշողուն սիրով մը, որ ամէն բան մոռացնել կուտայ կնոջ, գերագոյն ցնորքի մը մէջ արհամարհել տալով բոլոր չափաւոր ու գաղջ զգացումներէ թելադրուած ընկերային օրէնքները։ (Les Secrets de la Princesse de Cadignan).

Այդ հազուագիւտ պերճանքներու մթնոլորին՝ Ֆոպուռ Սէն Ժէռմէն ի մէջ է որ կը ներկայանայ մեզի դարձեալ Տիկին Ֆիրմիանի, անթերի պարկեշտութեան տիպար մը որ իր նշանածը՝ Տը Քան կ’ստիպէ ետ դարձնել այն հարստութիւնը զոր Տը Քանի ծնողքը խարդախութեամբ իւրացուցած են չքաւորութեան մէջ ձգելով ընտանիքի մը։ Եւ միայն երբ Տը քան կամովին աղքատացած կը ներկայանա Տիկին Ֆիրմիանիի զայն կ’ընդունի սիրով եւ կ’ամուսնանայ հետը։

Պալզաք կարողացած է ներկայացնել կնոջ հոգւոյն ամենէն բարդ եւ անբացատրելի էջերը իր Etude de Femmeին մէջ, ուր վերջին ծայր ճշդիւ եւ նրբութեամբ ուսումնասիրուած է կնոջ հոգին։ Տիկին տ’Էսբար միշտ զինքը դարպասողներէ շրջապատուած, վստահ իր գեղեցութեանը հմայքին, սիրուած, շփացած, կը տեսնենք թէ անխոհեմութեամբ կարդալով նամակ մը արդէն հասցէի սխալմամբ իրեն եկած ի՞նչ յանկարծակի հրայրքէ մը կը բռնուի, ինքն որ միշտ անվրդով եւ անտարբեր լսած էր ամենէն տաք խօսքերը եւ շշուկները, որ առանց կարդալու կը պատռէր կասկածելի նամակները իր սիրտը կամովին պահպանելով ո եւ է ներողամիտ գորովանքէ. բայց սակայն ճիշդ է այն դառն յուսախաբութիւնը՝ որուն կը մատնուի նոյն իսկ երբ կը խորհէր խստութեամբ վարուիլ այդ նամակին հեղինակին հետ երբ կ’իմանայ թէ իր հոգին դրդող այդ նամակը սխալմամբ հասած է իրեն. Պալզաքի հետ կիներ միայն կրնան հասկնալ ասիկա։

Իրաւ է թէ Ֆոպուռ Սէն-Ժէռմէնի ազնուական կիները կը շարժին միջավայրին ազդեցութեան ներքեւ եւ այդ ճոխ վայելչութեան եւ պերճանքի կեանքին մէջ իրենց գեղեցկութեան եւ սիրոյ սատարողի դերը անհրաժեշտ կը դառնայ գրեթէ։

Պալզաքի կիները այդ թաղէն դուրս չեն կորսնցներ իրենց հոգիի գեղեցկութենէն. ընդհակառակը, Balthazar Claës կամ La Recherche de ĽAbsolute հոյակապ հատորին մէջ, որ իրաւամբ իր գլուխ գործոցը կը համարուի, կը գտնենք այն քաղցր եւ սքանչելի տիպարներէն մէկը՝ որ կարծես ամբողջ տիեզերքի մը գորովանքին եւ անձնուէր սիրոյն գումարը կը կրեն իրենց հոգւոյն մէջ։ Պատմութիւնը պարզ է անձկալի, Պայթազար գիտունը հսկայ գաղափարէմը տանջուած՝ գիշեր ցորեկ անխոնջ կը տքնի իր աշխատանոցին մէջ. անիկա բացարձակ ը կը փնտռէ. Տիկին Քլաէս, որ կը պաշտէ իր ամուսինը, չկրնալով հասնիլ անոր մտաւոր թռիչքներու՝ կը տառապի մութին մէջ. որոշ չի գիտեր նոյն իսկ թէ ի՛նչ բանի կը ձգտի իր ամուսինը. անիկա թաղուած իր խորունկ զբաղումներուն մէջ, կը մոռնայ ընտանքը եւ զաւակները ու օրեր կ’անցնէ առանց բառ մը իսկ փոխանակելու իր կնոջ հետ. միւս կողմէ իրենց հարստութիւնն ալ հետզհետէ կը հալի աշխատանոցի մէջ եւ ծխանին մուխը չարագուշակ միշտ կը սաւառնի տունին վրայ։ Պալթազար միշտ խորասուզուած գիտական հոգերու մէջ, չի տեսներ կնոջը վիշտը. Տիկին Քլաէս երկար ատեն մաքառելէ ետքը չկրնար տոկալ Պալթազարին անտարբերութեան եւ անշուք կը մեռնի սիրտը խոցոտուած իր զաւակներուն ապագայի խախուտ վիճակէն, զոր կը գուշակէ, բայց մանաւանդ վիրաւոր ամուսնոյն անտարբերութենէն՝ որուն անունը շրթունքին վրայ կը մնայ սակայն մինչեւ վերջին րոպէն։ Պալթազար քիչ մը ատեն կը ցնցուի ի կնոջը մահուամբ եւ պահ մը ինքզինքը կը դատապարտէ. բայց գիտութեան հմայքը նորէն կը կաշկանդէ հոգին եկ ա՛լակելի մոլեգին կը փարի իր փորձի մեքենաներուն, իր տղոց սնունդին վերջին պատառն ալ նետելով վառարանին մէջ. վերջապէս ամենէն արհամարհուած եւ չհասկցուած՝ փողոցը տղաքներէն իսկ ծաղրուելով կաթուածահար կը մեռնի գտայ ին մխիթարող մտածումին մէջ։ Այդ սքանչելի գիրքը կարդալու է թափանցելու համար կնոջ հոգւոյն անսահման եւ սքօղուած ուժերուն, որով տկար եւ տառապող կին մը քաջութիւնը կ’ունենայ իր ամուսնոյն մակարդակին հասնելու եւ անոր ընկերութենէն չմերժուելու համար հասկնալ ջանալով քիմիաբանական ցամաք կանոններ եւ գիտական ամենախրթին տեսութիւնները։ Նոյն կինն է սակայն որ, երբ կը տեսնէ թէ ամէն ջանք անօգուտ է, իր սիրած ամուսնոյն գուրգուրանքը վաստակելու համար, փափուկ ու դիւրազգած՝ արեւէ զրկուած ծաղիկի մը նման գլուխը կը ծռէ։

Նոյն անուշ եւ արի տիպարն է Էօժէնի կրանտէ. այս անգամ գաւառի մը մէջ է որ կ’անցնի կատակերգական բայց միանգամայն տխուր պատմութիւնը դժբաղդ աղջկան մը՝ որ օրօրոցէն սեղմուած եւ ճնշուած է ագահ հօր մը փցուն եւ ծիծաղելի հաշիւներէն։ Պարոն Կրանտէ՝ նախկին տակառագործ մը կամաց կամաց կը հարստանայ եւ յետոյ կ’ամուսնանայ հարուստ կնոջ մը հետ։

Իրենց այդ ամուսնութենէն կը ծնի Էօժէնի. դիպուածը կամ Կրանտէի չափազանց ագահութիւնը կը նպաստեն նախկին տակառագործին որ մինչեւ 18 միլիոնի տէր ըլլայ։ Կինը կրաւորական տիպար մը, զոհի պէս գլուխը կը ծռէ ամուսնոյն անտանելի վարմունքին. զայն ընդունելով իբր իր տէրը եւ պաշտելով իր աղջիկը, որ ի դժբաղդ եւ ցուրտ կեանքին միակ մխիթարութիւնն է։ Էօժէնի Կրանտէ գեղեցիկ է, բայց այնքան պարզ որ, ատոր գիտակցութիւնը իսկ չունի, իրենց խարխլած տանը ստուերներու մէջ միշտ թարմ, մաքուր, երջանկութեան իսկ անգիտակ կ’ապրի իբր թէ կեանքը այդ ըլլար, այդ դժոխային տունը, ուր հացը, շաքարին կտորները, կաթն իսկ չափուած, կշռուած են, եւ ուր սովորականէ դուրս ամենադոյզն սպառում մը կատաղութիւն կը պատճառէ ագահին. խեղճ աղջիկը իր պարտականութեանց եւ հօրը շուքին մէջ սեղմուած կ’ապրի, ինչպէս կ’ապրին մանաւորիկ բոյսերը, մինչեւ այն օրը որ կը տեսնէ հօրեղբօր տղան, սնանկացած եւ դժբաղդ որ Բարիզէն կուգար, առանց դեռ գիտնալու իրեն սպառնացող աղէտները։

Էօժէնի նախ կը սիրէ այդ Բարիզէն հասնող նրբահասակ եւ վայելուչ երիտասարդը անմատչելի էակի մը պէս, բայց երբ կը տեղեկանայ անոր բուն վիճակին, այն ատեն գործով ալ կ’արտայայտէ իր սէրը։ Գերազանց փափկութեամբ մը գրուած են այն էջերը, որոնց մէջ Պալզաք Էօժէնիի մխիթարող անձնուիրութիւնները կը պատմէ, այդ մեծ սիրտը որ մէկէն կ’արիանայ սիրելին ամոքելու համար մինչեւ անոր տալով իր ոսկիները, զորս հայրը նուիրած էր իրեն եւ որ յաճախ ագահութեան տագնապէն բռնուած՝ կ’ուզէր տեսնել, մատներուն մէջ բռնել։ Եւ ալ չպիտի խօսիմ այն հերոսային կորովի վրայ՝ սէրէն ուժովցած՝ երբ հայրիկը կը պահանջէ իր աղջիկէն ոսկիները։ Ու մութին մէջ լացերը եւ տառապանքը մօրն ու աղջկան Կրանտէի մոլեգին բարկութեան ենթակայ, անոր բռունցքին տակ ճզմուելու պատրաստ, բայց հաստատապէս որոշած՝ իրենց սիրելի երիտասարդին անունը չտալու երբ ագահը կը պահանջէր զայն գիտնալ։

Այսպէս, Պալզաքի կանացի տիպարները իր գողտր եւ արի հոգիէն ցոլացած կը ներկայանան մեզի, ինչ միջավայրէ ալ ըլլան՝ ամէնէն խոնարհներէն մինչեւ իշխանուհիները, երբեմն զգայնիկ եւ դիւրաբեկ առաջին ցնցող զգացումէն, ինչպէս տժգոյն ծաղիկները անարեւ երկիրներուն, երբեմն ուժով իրենց հրապոյրներուն գիտակցութեամբը հազիւ երանգուած գեղեցիկ կիներու յատուկ անտարբեր չարութեամբ, բայց միշտ նո՛յնը սիրոյ տիրական զգացումին մէջ, տրոփուն եւ կորովի, ամենէն անկարելի զոհողութիւններուն պատրաստ, ըլլայ այն տոհմիկ ու անմատչելի կին մը կամ փողոցի պչրուհի մը։