Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ

Ա.

Որոշ ժամանակէ ի վեր արտասահմանեան Հայ մամուլը եւ գլխաւորաբար Եգիպտոսի «Նոր Շարժումը» կ՚զբաղի մասնաւոր հացով մը. այն է թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր գրական ոնր սերունդին ուղեգիծւ։ Այդ հարցին վրայ գրող հրապարակագիրները համաձայն են թէ գրական նոր սերունդը բաւական կեանք եւ աւիւն չունի եւ թէ անիկա կենդանացնելու եւ օգտակար ու ներգործող ազդակ մը դարձնելու համար բաւական է փնտռել եւ գտնել այն ճանբան որուն վրայ պէտք է յեղաշրջուի նոր սերունդին գրական գործունէութիւնը։

Այս խնդիրն վրայ գրողներ զանազան կարծիքներ յայտնեցին եւ նոր լուծման միջոցներ առաջարկեցին։ Տիրող կարծիքը այն է որ արեւմտահայ գրականութիւնը անկման մէջ է որովհետև իր ներշնչած աղբիւրները օտար են. կարծիք կայ որ եթէ գրողներդ իրենց նիւթերը վերցնեն իրենց բնիկ երկիրը տպաւորութիւններէն, վերյիշումներէն, եթէ նաեւ յաջողին վերադառնալ անցեալ եւ այլեւս կորսուած կեանքի մը պատկերներուն, պիտի յաջողին կենդանի եւ գեեցիկ գրական գործեր արտադրելու։

Այս հարցը որ «Նոր Շարժում» մէջտեղ բերաւ Օրուան Հոգեր տիտղոսին ներքեւ վերադարձ մըն է հին գրական վէճի մը, որ մեր կեանքին մէկ ամուլ   շրջանին, Համիտեան րէժիմի օրերուն, յառաջ բերած է բուռն բանավէճեր, գաւառակա՞ն թէ պօլսական գրականութիւն, հարցին շուրջը։

Այս կարգի հոգեր պարբերաբար կը յայտնուին մեր մամուլին մէջ, զանազան անուններու տակ. անոնք միշտ երեւցած են տկարութեան շրջաններու։ Վերականգնելու ոեւէ յոյս չի ներշնչող անկումի օրերուն, կարծած ենք փնտռել այն անսխալական բալասանը որ նոր երիտասարդութիւն եւ ուժ պիտի տար դառամած մարմինին։

Դժբաղդաբար, ըստ ինքեան, ոեւէ միջոց փնտռելը, որպէսզի շրջանի մը գրականութիւնը ուժ եւ կենդանութիւն ստանայ, կ՚ենթադրէ որ անոր ինքնաբուխ բոլոր ուժերը չքացած են, ինչպէս նաեւ ոեւէ ուղեգիծ փնտռելու անհրաժեշտութիւնը կ՚ապացուցանէ որ գրական նոր սերունդը ուղեկորոյս եւ շուարուն վիճակի մէջ է։ Անհատները եւ հաւաքականութիւնները այն ճամբան կ՚ընտրեն ուր կը տանի անսայթաք իրենց ներքին մղումը, եւ այն ոգեւորութեամբ կը քալեն իրենց ազատօրէն ընտրած ճամբէն ինչքան որ իրենց մեկման րոպէին թագուն եւ կենդանի զօրութիւններ թելադրած են իրենց։ Ո՞ւ ճշմարիտ գրագէտը ուշադրութիւն կը դարձնէ գծուած ուղիներու եւ կանխորոշուած յայտագիրի մը, եթէ իր մէջ կ՚զգայ իրապէս այն անկաշկանդելի ուժը որ իր արտայայտութեան ճանբան կը տգնէ ինքնիրեն, ուշ թէ կանուխ. այսպէս թէ այնպէս։

Թէ՛ հաւաքականութիւնները գրական շրջանի մը արշալոյսին եւ թէ՛ անհատները իրենց գրական գործունէութեան սկիզբին կ՚ունենան երբեմն, տատանումներ, վարանումներ. կրնայ պատահիլ որ նոյն իսկ մոլորին։ Բայց այդ որոնումի շրջանը երբէք թուլութիւն չի նշանակեր եւ այդ շրջանին առաւել եւս անօգուտ են դուրսէն եկած թելադրութիւնները։ Անոնք միայն անկման շրջաններուն դեռ ժամանակ մը նեցուկ կ՚ըլլան վատուժ գրողներու։

Բայց ի՞նչքան ձեռնտու է երկարաձգել անկման շրջան մը եւ զանազան միջոցներով յաւերժացնել անոր տեւականութիւնը։ Ոեւէ ասպարէզի աւելի գրականութեան եւ գեղարուեստի մէջ ողորմածութիւնը անտեղի է։ Անիկա երկարաձգելով անկման շրջան մը կը յապաղեցնէ նոր ուժերով եւ նոր զէնքերով հանդէս գալիք սերունդի մը յայտնութիւնը։

Ուրեմն ճամբայ մը փնտռել եւ առաջուց վիճիլ թէ ի՞նչ բնագաւառի մէջ արեւմտանայ նոր գրականութիւնը պէտք է զարգանայ, իրական արդիւնքի տեսակէտով բոլորովին ամուլ աշխատութիւն է։ Իրական հոգ ներշնչող երեւոյթը այն չէ որ մեր գրական նոր սերունդը չի գիտեր թէ ի՜նչ ճամբայ բռնէ, այլ այն տկարութիւնը եւ անարիւնութիւնը որ կը ցուցադրեն արեւմտահայ գրողներ, շատ քիչ բացառութեամբ։

Բուն նիւթին մէջ մտնալէ առաջ աւելորդ չէ թերեւս դէմ առ դէմ գալ մտածումի հոսանքի մը որուն համեմատ արտասահմանեան հայ գրականութիւնը եւ անոր վիճակը. լաւ թէ վատ ոեւ է ուշադրութեան արժանի չէ, թէ անիկա դեր չի կրնար կատարել եւ տեղ չունի հայկական ընդհանուր գրականութեան մէջ քանի որ արմատախիլ, անհարազատ եւ արուեստական, , դատապարտուած է կորսուելու իր իսկ ստեղծած միգամածին եւ բառակոյտներուն ունայն աղմուկին մէջ։ Այս տեսակ վճռական եւ ջախջախիչ դատաստան մը— որ  լաւ ըմբռնելու համար պէտք չէ անջատել զայն գաղափարներու ամբողջութեան մը շարայարութենէն— կրնար յառաջ բերել հաստատուած եւ նուիրագործուած գրական սերունդի մը ընդդիմութիւնը։ Բայց արեւմտահայ գրական սերունդը այնքան հիւծուած է որ նոյն իսկ անկարող է իր ստացած արուեստի գիտութեան վրայ հաստատուելով դիրք բռնելու։ Այս դատաստանին առաջ ոմանք զինաթափ կ՚զգան ինքզինքնին եւ ոմանք կը ճգնին ճար մը ընել եւ ոեւէ փտած թելով կապուիլ այն դրականութեան հետ որով երիտասարդ եւ առնական գրական սերունդ մը, հայրենի երկրին մէջ, նոր դարագլուխ մը կը բանայ։

Այսպիսի ժամանակներու մէջ երբ երկու ժամանակաշրջաններու (անցնող եւ նոր սկսող) իրարմէ բաժնող սահմանին վրայ կը գտնուինք, ամենէն արժանաւոր դիրքը կրնանք պահել այն միակ պայմանով որ մեր պաղարիւնը չի կորսնցնենք։ Սերունդ մը, ամբողջ աշխարհ մը բոլոր-ժողովուրդներուն համար կորսուելու վրայ է եւ նոր սերունդ մը, նոր աշխարհ մը կը յայտնուի փոխարինելու համար հինը։ Բայց ոչ մէկ տեղ եւ ոչ մէկ ժողովուրդի համար անկարելի է որոշել այն ճակատագրական ժամը որ յստակ եւ կտրուկ կերպով պիտի բաժնէր մէկ ժամանակաշրջանը միւսէն։ Ինչքան ալ ուզենք եւ փափաքինք անկարող ենք սահմանաքրեր դնել մեր մտածողութեան դաշտերուն մէջ եւ ըստ այնմ առաջնորդել մեր քայլերը։

Կարճ թէ երկար, պիտի ըլլայ ուրեմն փոխանցման շրջան մը. տխուր եւ ապերախտ շրջան, որուն միջոցին իրենց դիրքերը չի լքողները հաւասարապէս պիտի անտեսուին երկու ծայր կողմերու հաւատաւորներէն։ Բայց կուգայ ժամանակ երբ նոր սերունդները իրենց սթափած աչքերով կը գտնեն այն  անհամար եւ անտեսանելի թելերը որոնցմով ներկայ վաղանցուկ ժամը կը կապուի հաւաքականութեան մը դարաւոր կեանքին հետ եւիր հանգիստ տեղը կը գրաւէ անոր բնականոն զարգացման մէջ։

- - - - - - -

Մերժելով ընդունիլ արեւմտահայ գրականութեան անկարողութեան ճակատագրականութիւնը, ընդունած կ՚ըլլանք որ անիկա կրնար զարգանալ աւելի առողջ կերպով եւ հետեւաբար իր գոնէ լրացուցիչ դերը կատարել։ Երբ ժողովուրդ մը իր աշխարհագրական դիրքին, իր քաղաքական կացութեան եւ այլ արտաքին պատճառներով վասնայատուկ վիճակի մը մէջ կը գտնուի, իր մտաւորական կեանքը չի յեղաշրջուիր անշուշտ այնպէս ինչպէս բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդի մը զարգացումը։ Բայց ժողովուրդ մը մի՛շտ կը գտնայ կարելիութիւն արտաքին նոյն իսկ աննպաստ պայմաններէն օգուտ քաղել եւ զօրանալ եթէ իր ներքին եւ թագուն ուժերը կարող են չարիքը բարիքի վերածելու։

Առարկայական ճշմարտութիւն մըն է որ հայ ժողովուրդը բաժնուած է երկու գլխաւոր հատուածներու։ Փաստօրէն Հայ ժողովուրդի մէկ ստուար զանգուածը կը գտնուի եւ դարերէ ի վեր գտնուած է այն սահմաններէն դուրս որ այսօրուան Հայաստանը կը պարփակեն։ Այդ արտաերկրային զանգուածը ունեցած է իր մշակութային ներուժ կեանքը, իրականցուցած   է արդիւնքներ, զարգացումի ենթարկած է իր հոգեբանութիւնը եւ հասած է քաղաքակրթական որոշ աստիճանի։ Իր ցրուած եւ տարածուն վիճակն իսկ պատճառ եղած է որ իր անյագ հետաքրքրութեան շօշափուկները երկարէ հին եւ նոր բազմատեսակ քաղաքակրթութեանց մէջ եւ իւրացնէ ինչ որ այդ օտար միջավայրերուն մէջ կը գտնէր յարմար իր հաւաքական ոգիին եւ իր զանազան ընդունակութիւններուն։ Այդ յամրօրէն եւ յարատեւ կերպով ամբարուած բարոյական հարստութիւնը չէ կարելի անտեսել ու ըսել որ անիկա համարեա թէ չի կահ քանի որ անկարող ենք գործածել զայն։

Գրականութիւնը ամենէն յարմար գետինը պիտի ըլլար ուր այսպիսի վճռական ժամու մը ի յայտ պիտի գային մայր երկրէն դուրս ապրող Հայ ժողովուրդին բարոյական զտուած ուժերը, ուր պիտի կրնային իրար դիմաւորել եւ իրարու միանալ երկու անջատուած մասերը որոնք բաժնուած են պատմական դէպքերու եւ քաղաքական մասնաւոր պայմաններու հետեւանքով։

Բայց յարմար ժամուն, արեւմտահայ գրական սերունդը իր վրայ ինկած դերը չի կատարեց. անիկա ոչ միայն զուգընթաց շարժումով մեր ժողովուրդի վերազարթնումը չը դիմաւորեց այլ եւ օտար մնաց անոր խորքերուն մ էջ յուզուող կենսականութեան, չի գիտցաւ ու չի հասկցաւ նոյն իսկ թէ ինչ կը կատարուէր եւ թէ ի՞նչ ճամբաներով եւ ի՞նչ ջանքերով անիկա կ՚ապահովէր իր ապագան։։ Եւ եթէ չի գիտցան, ու չի հասկցաւ որովհետեւ ուժ չունէր գիտնալու եւ հասկնալու, ուրեմն ինչ որ արեւմտահայ գրականութիւնը կը դարձնէ խորթ եւ օտար, առաւելապէս իր ախտաւոր տկարութիւնն է, իր կանխահաս ծերութիւնը։

Այս ակնյայտնի տկարութեան պատճառները քննելով թերեւս աւելի շուտ կը մօտենանք մեր նպատակին քան թէ փնտռելով գրական ուղեգիծ մը որուն վրայ յուսայինք թէ այսքան անդարմանելի դարձած անկում մը կանգ պիտի առնէր։

- - - - - - -

Արտասահմանեան գրական նոր սերունդը արժանի եւ ուղղակի ժառանգորդն է պօլսական դպրոցին։ արդարեւ այն ջլատիչ գրական դաստիարակութիւնը որուն հարուածները կրած են յաջորդական սերունդներ, անվրէպ պիտի առաջնորդէր դէպ ի հիւծում։ 15-20 տարի է ի վեր անխոնջ կերպով ջանք թափուած է մեր մատղաշ սերունդներուն իքնատիպութիւնը եւ ինքնաբուխ ձգտումները հարթել եւ ամէն ինչ բերել որոշ մակարդակի։ Առ հասարակ արեւմտահայերս շատ կը պածենանք մեր ստացած գեղարուեստական եւ գրական դաստիարակութիւնով. այն բնագաւառին մէջ մեր ունեցած առաւելութիւնը անվիճելի կը համարենք արեւելահայ հատուածին վրայ. բայց ոչ մէկ ատեն ուշադրութեամբ անդարդարձած ենք որ ի՞նչ եղած է հիմքը եւ սկիզբը այդ դաստիարակութեան։

Դպրոցական տարիներու եւ նոյն իսկ նախակրթարաններու մէջ աշակերտը վարակուած է այն գրական գրգռութենէն որ իր ուսուցիչները ունեցած են։ Այդ էականապէս մտային գրգռութիւնը պահպանուած է իր մէջ իբրեւ առանձին եւ անջատ մարզանք որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի իրական կեանքի հետ, ինչպէս նաեւ կապ չունի անհատական եւ հաւաքական հոգեբանութեան հետ։

Արդիւնքը այն եղած է որ երկու սեռէ գրողներու թիւը բազմապատկուած է։ Հազուագիւտ դարձած են այն դպրոցականները որ գրելու ընդունակութիւն չի կարծեն գտնալ իրենց մէջ։ Վերջին ժամանակները այդ թիւը սպառնական համեմատութիւններու հասած էր։ Եթէ տասը, տանհինգ տարիէ ի վեր երեւցող սկսնակները հաշուենք, անհաւատալի թիւի մը առաջ կը գտնուինք։ Ճիշդ է որ անոնք հազիւ կ՚երեւան, կը մարի եւ մեծամասնութեան գրական գործունէութիւնը չի տեւեր երկու երեք տարիէն աւելի։ Այս առատ հունձքին մէջ յատկանշական է որ արձակագիրները շատ քիչ են եթէ չի հաշուենք արձակ բանաստեղծութիւն անուան տակ երեւցող շնչատ հատուածները։ Բայց բանաստեղծական այս անզօր թափին անսպառ յաջորդականութիւնը կը լեցնէ մեր բոլոր գրական հանդէսները եւ օրագիրներու գրական բաժինը։ ամէն պարագային կը յաջողի մշուշային եւ անկայուն մթնոլորտի մը մէջ խեղդելու այն իրական տաղանդները որ կրնային երեւան գալ։

Այս ունայն շատաբանութիւնը նոր չէ եւ ոչ ոքի ուշադրութենէն վրիպած է։ Հոգածու եւ բարեխիղճ գրողներ, նախապատերազմեան շրջանին մխիթարուելու եղանակ մը գտած են յայտարարելով որ արեւմտահայ գրականութիւնը կը բաժնուի երկու մասերու։ Գաւառական եւ պօլսական գրականութիւն։ Ըստ ինքեան այդ բաժանումը գոյութիւն չէ ունեցած։ Ունեցած ենք գաւառացի գրագէտներ որոնք ողջմտութիւնը ունեցած են երբեմն իրենց նիւթերը վերցընելու գաւառի ապրուած կեանքէն։ Եղած են նոյն իսկ որ գրած են գարառարբառով , բայց ամէնքն ալ գրեթէ առանց բացառութեան պօլսեցի գրագէտներու հետ նոյն սեղանին սեղանակից եղած են։

Արեւմտահայ գրականութիւնը անվիճելի կերպով իրեն կեդրոն ունեցած է Կ. Պօլիսը եւ մինչեւ վերջին ժամանակները Կ. Պօլսի առաջնորդողի հեղինակաւոր դերը կատարած է Թրքահայաստանի եւ գաղութներու դպրոցներուն, մամուլին եւ գրականութեան մէջ։ Անկէ է որ բղխած են ընդհանուրին եղող յատկութիւնները եւ թերութիւնները։ Եթէ եղած են անհատ գրագէտներ որոնք նուազագոյն չափով մը վարակուած են յատկանշական թերութիւններթէ ատիկա կը պարտին իրենց գրական մասանւոր բառնուածքին եւ այն բացառիկ դիմադրութեան որ մատղաշ տարինքերէն ցոյց տուած են այդ գրական դաստիարակութեան։

Ի՞նչ եղած է այդ դաստիարակութեան հիմնական սկզբունքը։ Ձեւի կատարելութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել ձեւի բարդութիւնը։ Շնորհիւ հայերէն լեզուին ճկունութեան ձեւի այդ մտահոգութիւնը արագ կերպով առաջնորդախ է դէպ ի բառախաղի սահմանները մտնող աճապարութիւններ, հազուադէպ բառը գործածելու մտահոգթիւն, ըսելու մասնաւոր եղանակ մը գտնելու հպարտութիւն  եւ հետեւաբար մտածումի աղքատութիւն, հոգեկան վիճակի բացակայութիւն, հարազատ եւ ուղղակի տպաւորութեանց անընդունակութիւն։

Նրբութենէ նրբութիւն այս մրցումին մէջ անկարելի է որ գրականութիւնը իր առնականութիւնը պահպանէր, տիրապետէր կեանքին եւ բաւականին աւիւն հայթայթէր նոր սերունդներուն։լ

Անիկա ընդհակառակը անմիջապէս զինաթափ եղաւ, քաշուեցաւ բոլոր այն բաց հրապարակներէն ուր կրնար յարաճուն ուժ քաղել, դարձաւ սալօնի զբօսանք, պչրանք մը, երգող մրմունջ մը շրթներու վրայ, սրախօսութիւն եւ խաղ, առ առաւելն ասեղնագործութիւն՝ անգործ ժամերուն ձանձրոյթը օրերելու համար։

Ամէն պարագային արեւմտահայ գրականութիւնը վաղուց դուրս եկած էր կեանքի ոլորտէն եւ այլեւս անընդունակ դարձած էր ոեւէ դեր կատարելու կեանքի մէջ։