«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՆՈՋ ՀԱՐՑԸ

Աշխարհի ամէն կողմը, այսօր մեծ եռանդեամբ կը զբաղին կնոջ ազատագրութեան խնդրով. Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա կիները լսելի կ’ընեն ինքզինքնին շատոնց ի վեր, իրենց բազմակողմանի զարգացման տէրը դառնալու համար. այս համաշխարհային ձգտումը գոյութիւն ունի ամէն քաղաքակիրթ եւրոպական եւ ամերիկեան երկրի մէջ, կնոջ բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելու նպատակով։

Մեր նպատակն է առ այժմ կարելի եղածին չափ փնտռել թէ ի՛նչ եղած են նախնական պատճառները կնոջ ստորադասման, թէ ո՛րքան իրաւացի նկատուած են որոնք եւ թէ ո՛րչափ կիները արժանի եղած են իրաց այդ վիճակին։

Յայտնի է թէ ամէն դարու եւ ամէն երկրի մէջ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ընկերական վիճակը եւ միջավայրը, կին մը՝ երբ արտասովոր մտաւորական ոյժ մը ունի, առիթը կը գտնէ ինքզինքը արտայայտելու եւ իր կարողութիւնը յարգել տալու Féminisme ամէն ցեղի մէջ միջակ կարողութեանց համար նշանակութիւն ունի. անիկա ընդհանուր մակարդակը կը բարձրացնէ, բայց մոռնալու չէ թէ անիկա կ’արտադրէ նաեւ երբեմն միջակ եւ թեթեւակի կրթութիւն մը, որ շատ անգամ կը պատճառէ ծիծաղելի ծայրայեղութիւններ։ Մոլիէռի Բրեսիէօզ ները եւ հիմակուան bas bleuները այս դասակարգը կը կազմեն, եթէ ընտանիքի մը համար աղէտալի անդամ մըն է տգէտ կին մը, հաւասարապէս ողբալի երեւոյթ մըն է իմաստակ կինը։

Սակայն ամէն փոխանցման շրջանի մէջ տգեղ տիպարներ մէջտեղ կ’ելնեն. անոնք կարծես կը կորսնցնեն իրենց նախկին առաւելութիւնները, առանց դեռ կարենալ հասնելու իրենց իրենց ձգտած կատարելութեան. ասիկա պէտք չէ մեզ յուսահատեցնէ. բայց նոյնպէս աններելի տգիտութեան մը արդիւնքն է այդ վիժածներուն վրայ հիմնել բարքերու փոփոխութիւնը։ Ատոր ապացոյցը կուտան մեծաւ մասամբ ռուս ուսանողուհիները եւ կը դիտեմ որ դժբաղդաբար մեր բարքերուն մէջ ալ իր վնասակար ազդեցութիւնը ունեցած է ատիկա. մարդկային ընկերութեան մէջ, կիներու սխալ հասկցուած դաստիարակութիւնը ապահով մէկ միջոցն է ցաղի մը ապասերման։

Ընկերական պատմութեան մէջ կը տեսնենք որ կինը քիչ բացառութեամբ նպատակը եղած է էրիկ մարժուն։ Յոյները՝ որոնք քաղաղակրթութեան այնքան բարձր աստիճանի մը հասած էին, կինը այրէն շատ վար կը դասէին. ասոր ապացոյցը կը տեսնենք Պղատոնի մէջ, որ կիներու համար ընդարձակ իրաւունքներ կը պահանջէ։ Հռոմի մէջ քրմուհիներէն զատ՝ կիները նոյն ընկերական դիրքը ունէին։ Քրիստոնէութիւնը շատ չբարւոքեց կնոջ վիճակը, եթէ Միջին Դարու մէջ ասպետական ծայրայեղ պաշտամունք մը եղած է կնոջ՝ միւս կողմանէ պէտք չէ մոռնալ թէ ընդհանրապէս կինը համարուած է մարդկութեան գլխուն պատահած չարիքներուն աղբիւրը։ Ուրիշ շատ ցեղերու մէջ ալ, մինչեւ Ճաբոնցիները եւ Չիները, Պուտտայի կրօնքին մէջ իսկ, առաւել կամ նուազ կինը այրէն նուազ իրաւունքներու տէր էր։

Ասոր փոխարէն նախկին Ժէրմէնները շատ յարգանքով կը վարուէին իրենց կնոջ հետ. երբ այրերը մինակ որսորդութեամբ եւ պատերազմով կը զբաղէին, կիներն էին որ կը կարգադրէին տանը եւ դաշտի գործերը (Tacite. Germania)։ նոյն բանը կը գտնենք նաեւ Կայլիացիներուն մէջ. բայց ասոնք բոլորովին բացառութիւններ են եւ ցոյց կու տան նոյն ցեղերու մէջ բարոյական տեսակ մը հաւասարակշռութիւն, եւ արդէն կը տեսնենք որ մօր ընկերութեան մէջ իսկ, երբ հետզհետէ կ’իջնենք ստորին դասակարգները, աստիճանաբար կը պակսի կնոջ համար յարգանքը. այսպէս կարելի է դատել ժամանակամիջոցի մը, ժողովուրդի մը, դասակարգի մը եւ նոյն իսկ անձի մը կրթութեան աստիճանը՝ կնոջ հետ վարուելու եղանակէն (L. Büchner. «A Ľ Aurore du Siècle»)։

Էրիկ մարդոց ամէնէն կարեւոր զէնքը կնոջ դէմ՝ անոր ֆիզիքական տկարութիւնը եղած է, որ է՝ նաեւ, իբրեւ բնական արդիւնք, ուղեղին ստորնութիւնը. բնական է թէ բազմաթիւ դարերու ընթացքին մէջ, կինը անգործութեան դատապարտուած, իր բոյնին կապուած, բնախօսական պայմաններով չէր կրնար հետզհետէ չը կորսնցնել իր ֆիզիքական ուժը, եթէ նոյն իսկ ենթադրենք թէ հաւասար ըլլար այդ պարագային մէջ էրիկ մարդուն, պէտք է ըսել թէ կինը վիժած այր մըն է (Aristote), ինչ որ նոր իմաստասէրներէն ոմանք կ’ուզէն հաստատել, պատճառ մը չկայ այսպէս հաւատալու. ընդհակառակը, կը տեսնենք որ կենդանական ուրիշ ցեղերու մէջ իսկ, շատ անգամ էգը աւելի ուժով է արուէն, նոյն իսկ, երբեմն ոչ միայն արուն աւելի պզտիկ եւ աւելի տկար է, բայց նաեւ նուազ խելացի. թաղանթաթեւներու (hyménoptère) տեսակի մէջ (մեղու, մրջիւն, պիծակ եւն. ) արուին դերը բոլորովին երկրորդական է այսպէս ուրիշ շատ մը կենդանիներու մէջ ալ. (L. Büchner, La vie psychique des Bétes)։

Նոյն բանը կը տեսնենք կարգ մը վայրենի ցեղերու մէջ, ուր բնութիւնը դեռ չէ խաթարուած։ Տահոմեցիք, Հիւրօնները կիներէ բաղկացած գունդեր ունէին, որոնք նշանաւոր էին իրենց ուժով եւ քաջութեամբ։ Ամազոններու առասպելական պատմութիւնն ալ կը հաստատէ ասիկա, եւ արդէն բոլոր այն ասպարէզներուն մէջ, ուր կինը շատ ուժ կը վատնէ հետզհետէ կը կորսնցնէ իր նկարագիրը եւ կ’առնէ էրիկ մարդու կազմուածքը եւ երեւոյթը։

Ինչ որ ալ ըլլան կնոջ նախնական յատկութիւնները, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է թէ այսօր ժառանգական պատճառներով՝ կինը տկար սեռը կը կազմէ մարդկութեան մէջ, եւ ասիկա այնչափ ընդհանուր է որ խիստ ուժով կին մը բացառութիւն, գրեթէ անբնական պիտի համարէինք, եւ հետեւաբար տգեղ։ Ասկէց յառաջ կուգայ նաեւ մտաւոր կարողութեանց տկարութիւնը. մարդը կը գերազանցէ կինը իր ամէն ձեռնարկութեանց մէջ։ Տարվին (La descendence de ľhomme et la sélection naturelle) կ’ըսէ. «Եթէ ցուցակ մը ունենայինք բանաստեղծութեան, նկարչութեան երաժշտութեան եւ գիտութեան մէջ նշանաւոր եղած մարդերու, եւ նոյն նիւթերու մէջ հռչակաւոր կիներու, պիտի տեսնէինք թէ առջինները նոյն իսկ բաղդատել չէ կարելի երկրորդներուն հետ»։

Տարբեր կերպով ալ չէր կրնար ըլլալ։ Էրիկ մարդը միշտ միջոցը ունեցած է դաստիարակուելու եւ իր միտքը կրթելու, անիկա ունի իր տրամադրութեան տակ ինչ որ մարդկային հանճարը կրցած է արտադրել ւե կրնայ անոնցմէ օգտուիլ ի՛չ չափով որ ուզէ, մինչդեռ կնոջ դէմ միշտ պատուար մը քաշուած է. սորվելու, գիտնալու բնական տենդը արդեօք չէ՞ տանջած կինը, ու չե՞ն գտնուած նաեւ անանկներ որ անիրաւաբար իրենց առաջքը ցցուող արգելքներուն դէմ խիզախած են. բայց վերջապէս սովորութիւնը երկրորդ բնութիւն կը դառնայ եւ կը բաւէ դար մը, շատ անգամ՝ աւելի պակաս, քաղաքակրթութեան գագաթնակէտին վրայ եղողներուն բարոյական ու մտաւորական անկումին համար։ Ինչո՞ւ զարմանալ երբ կինը բազմաթիւ դարերու մէջ իր բարոյական եւ ֆիզիգական ուժը կորսնցուցած է։

Նոյնպէս, կարեւոր տարբերութիւն մը չկայ կնոջ և էրիկ մարդուն ուղեղին միջև. գիտութիւնը դեռ բաւական յառաջացած չէ մեզի ներելու համար հիմնական տարբերութիւններ գտնել երկու սեռերու ջղային բջիջներու կազմուածքին մէջ (L. Büchner. «A Ľ Aurore du Siècle»)։

Կը տեսնենք թէ ինքնին կնոջ դաստիարակութեան դէմ եղած արգելքները շատ հիմ չունին եւ ատոնք աւելի մղուած են էրիկ մարդու տեսակ մը եսասէր զգացումէն եւ նաեւ վախէն իր կեանքի ընկերին մէջ մրցակից մը գտնելու։ Բայց ասոնցմէ զատ մեծամասնութիւն մը կայ որ կը խրտչի, ինչպէս արդէն ըսինք, այդ փոխանցմնա շրջանի մէջ գտնուող անանուն տիպարներէն, երբ կինը կարծելով իր անհատականութեան տէր դառնալ, ընտանիքը կը լքէ, կը մերժէ ամուսին եւ մայր ըլլալ, եւ եթէ արդէն մայր է, չուզեր իր տղան .... եցնել՝ կարծելով թէ ատիկա ժամանակի կորուստ մըն է իրեն համար, այդպիսիները անշուշտ շատ տարափոխիկ պատուհաս մըն են ընկերութեան մէջ եւ ատոնց դէմ մարտնչիլ ոչ միայն էրիկ մարդոց գործն է այլ նաեւ մանաւանդ կիներուն։

Կնոջ բնական եւ տրամաբանական դերը՝ իր ընտանիքին մէջ եւ զաւակներուն դաստիարակութեանը նուիրուած՝ արդէն կարծուածէն շատ աւելի դժուարին դեր մըն է. եւ ատիկա իր կատարելութեան մէջ կիրարկելու համար է նաեւ որ՝ պէտք է կինը անկաշկանդ իր մտաւորական կարողութիւնները զարգացնէ։

Ատեն մը երբ օտար ուսանողուհիներ կը տեսնէի, մազերնին կտրած եւ ակնոց մը աչքերնին, կոկորդնին սեղմուած կեղծ օձիքի մը մէջ, առնական եւ գրեթէ կոպիտ շարժուածքներով, ինքզինքս չէի կրնար արգիլել, արգահատանքով խորհելու թէ ի՛նչ սարսափելի, գրեթէ ոճրագործ պայքար մը մղած ըլլալու են այդ օրիորդները իրենց կանացի հոգւոյն բոլոր արդարացի ըմբոստացումներուն դէմ, յառաջ բերելու համար այդ այլանդակ էակները որոնք ոչ կին են եւ ոյ ալ այր կրնեն ըսուիլ։

Ֆրանսացի կինը, միշտ գերազանցապէս կին, իր հաւասարկշռութիւնը չի կորսնցներ եթէ մանաւանդ նիւթական կացութիւնը թոյլ տայ, անիկա՝ շատ pratique ամէն բանի մէջ, կը զարգանայ, իր բնածին շնորհներուն նոր, եւ պիտի ըսեմ անհրաժեշտ հրապոյր մը աւելցնելու համար։ Ֆրանսայի մէջ գործաւոր դասակարգն է որ կը տուժէ. ամէն օր միլիոնաւոր կիներ իրենց կեանքը կը մաշեցնեն անիւներու շուրջը, մեքենաներու ժխորին տակ, բարոյապէս եւ նիւթապէս ապականուած մթնոլորտի մը մէջ, ուրկէ դուրս կ’ելնեն հիւանդանոցի մը անկիւնը մեռնելու եւ կամ եթէ երիտասարդ են, փողոցը քաշքշելու խորտակուած եւ արկածալից կեանք մը։

Միշլէ՝ կիներու սքանչելի պաշտպանը, իրաւամբ ըսած է թէ կին գործաւարը հրէշութիւն մըն է։

Ֆրանսայէ դուրս, եւրոպական ուրիշ երկիրներու մէջ ալ կիները իրենց հացը կը ճարեն երբեմն տաժանելի աշխատութեամբ. ասիկա ըլլա՛յ ստիպմամբ, ըլլայ կամաւոր, առաջին եւ գլխաւոր քայն է. տնտեսական անկախութիւնը դուռ կը բանայ նաեւ մտաւոր եւ բարոյական զարգացման։

Գործաւորուհիներէն զատ, որոնց վիճակին բարւոքման համար կ’աշխատին հեղինակաւոր եւ տաղանդի տէր կիներ, սովորական բան մը սկսած է դառնալ կին բժիշկը, կին փաստաբանը, կնն գիտունը, մէկ խօսքով՝ բոլոր ասպարէզները որոնց մէջ կը պահանջուի խնամք, ճաշակ եւ համբերութիւն, ինչպէս տղոց դաստիարակութիւնը, հիւանդներու խնամքը եւ այլն. ։

[Այս հարցերը ինքնին կարող են առատ նիւթ հայթայթել ուրիշյոդուածներու, բայց այժմ՝ համառօտ կ’անցնիմ ընդհանուր գաղափար մը միայն տալու համար]։

Բայց մանաւանդ կինը, շատ ջղային եւ դիւրազգաց, յարմար՝ հասկնալու, նախազգալու եւ թափանցելու ամէնէն նրբին զգայնութիւններու, գերազանցապէս զգայնոտ՝ ինքն ալ, պիտի ըսեմ թէ էրիկ մարդէն աւելի կարող է գեղարուեստական եւ գրական զբաղմանց։

Ասիկա շատ աղէկ հասկցած են մանաւանդ Արեւելքի ցեղերը, որոնք իրենց հնաւանդ եւ ժառանգական իմաստութեամբ, շատ աւելի խելացի կերպով կը վարուին կնոջ դաստիարակութեան մէջ. արեւելքցի աղջիկը նախ կը սորվի երգել, պարել, նուագ ածել եւ հէքեաթներ պատմել (Nax Nordau. «Paradoxes Sociologiques»)։ Ասիկա կը կազմէ իրենց հիմնական եւ առաջին դաստիարակութիւնը. եւ պատճառ կ’ըլլայ որ անոնց մէջ ամէնէն աւելի գեղարուեստի տաղանդ ունեցողները կարենան իրենց բնական կարողութիւնը մշակել։ Ասկէ՝ այն շատ մը բանաստեղծուհիները, երգչուհիները եւ պարուհիները եւ մանաւանդ այն ընդհանուր երազոտ նկարագիրը Արեւելքցի կնոջ որ իրեն արհամարհել կուտայ նիւթական տեսակ մը խնդիրները, որոնք իր աչքերը կը ստուերեն, կ’անուշցնեն եւ իրեն քալուածքին եւ շարժումներուն կուտան այն հանդարտ եւ ազնուական երեւոյթը որ ի զուր պիտի փնտռէք նոյն դասակարգին պատկանող Եւրոպացի դիւրագրգիռ եւ հապճեպող աղջկան քով։ Բազմաթիւ օրինակներու մէջէն յիշենք այն այրեւելքցի պարմանուհիները, որոնք բանաստեղծական կտորներ կ’արտասանէին հանդիսական առիթներու մէջ, եւ իրենց գլուխնուն վրայ կը կրէին ապառօշներ, որոնց վրայ գրած կ’ըլլային բանաստեղծական հատուածներ։

Մեղք որ սակայն բոլորովին մոռնալով այս աւանդական գեղեցիկ բարքերը, Արեւելքի մանաւանդ քրիստոնեայ ցեղերը կը ձգտին անիմաստ եւրոպականացման, անոնք հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց ամէնէն բնորոշ եւ գեղեցիկ յատկութիւնները, անոնց փոխարէն ստանալու համար Արեւմուտքի ամէնէմն ապականուած, ամէնէն տգեղ սովորութիւնները, որոնք նոյն իսկ խստութեամբ քննարկուած են այդ քաղաքակրթեալ ազգերուն հռչակաւոր իմաստասէրներէն։ Այսպէս է որ féminisme սխալ կերպով ըմբռնուած, կը սպառնայ աւելի վնաս հասցնել մեզի։ Մեր մեծ մայրերուն բարութիւնը, մայրական ուժգին զգացումը եւ ընտանեկան բարքերու մաքրութիւնը պէտք չկայ կորսնցնել, ձեռք ձգելու համար ամուլ կիներու անշնորհ տիպարներ, կուրծքերնին չորցած եւ ըմբոստացող՝ ընկերական ամէնէն նուիրական պարտականութեանց դէմ, իմաստակ, յաւակնոտ, եւբնականաբար տգեղ, անհունապէս տգեղ։

Ատիկա զարգացած կնոջ տիպարը չէ՛ բնաւ, եւ ատիկա չարաչար արհամարհուած է Եւրոպայի մէջ, իբրեւ ամէնէն ծիծաղելի եւ հրէշային արտադրութիւնը մեր ժամանակամիջոցին։

Մեր ցեղին համար որ երկար դարերէ ի վեր ընկերական բարքերու որոշ կազմածք մը ունի, ծայրայեղ զգուշաւորութիւն մը անհրաժեշտ է դուրսէն եկած ամէն ազդեցութեանց համար, մանաւանդ եթէ անոնք կու գան մեզի բոլորովին ներհակ միջավայրէ մը։

Ես դիտած եմ որ, շատերու քով, մեր ունեցած առաւելութիւններու գիտակցութիւնըիսկ կը պակսի եւ տխրութեամբ կը խորհիմ բոլոր անխուսափելի սխալներուն, որոնց մէջ բնականաբար կ’իյնան այդ անհաւասարակշիռ միտքարը։ Բայց խնդիրը շատ կենսական եւ անմիջական է»։ Առ այժմ ցանկալի էր որ երկու սեռերը առանց փոխադարձ հակառակութեան եւ իրարու մէջ թշնամիներ տեսնելու, անմիջապէս սանկաշկանդ եւ կորովոտ, զարգացնէին իրենց ուրոյն նկարագրին եւ խառնուածքին համեմատ իրենց բնածին յատկութիւնները եւ երկուքն ալ կարող՝ իրենց դերին մէջ, իրարու ձեռք տային կարելի եղածին չափ երջանիկ անցնելու համար կեանքի ուղիէն։