«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԴՈՒԶԱՐԴԸ ԵՒ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆԸ

Ընկերական այլ եւ այլ երեւոյթներուն մէջ անուրանալի է թէ կնոջ արդուզարդը իր գլխաւոր կարեւորութիւնը ունի. յարափոփոխ եւ նորանոր գեղեցկութիւնն է անիկա որ ամէն խաւերուն մէջ, ամենէն խոնարհ կնոջ սրտին մէջ իսկ կը դնէ գեղեցկագոյնին տենջանքը. քաղաքակրթեալ կեդրոններու մէջ ուր բազմապահանջ գրական կեանքը հետզհետէ կը ջնջէ պերճանքը, կինը սակայն կը յամառի իր արդուզարդով եւ իր անձին շնորհներով գեղեցկութեան առօրեայ սատարողը մնալ։ Մեզի համար քիչ կարեւորութիւն ունին հագուստի այս կամ այն մանրամասն ձեւերը, նորաձեւութեան վերջին ստեղծումները. անոնք այնպիսի արագութեամբ մը կը փոփխուին նորանոր ձեւերու տեղի տալով եւ այնպիսի որոշ եւ սահմանափակ միջավայրի մը մէջ կարելի կ’ըլլայ անոնց հետեւիլ որ, անկարելի է մեզի համար անոնց վրայ հիմնել գեղեցկագիտական տեսութիւն մը։

Ինչպէս ամէն բանի՝ արդուզարդի համար ալ կրնանք ըսել թէ իր գլխաւոր յատկութիւնն է յարմարիլը զայն կրող անձին, անոր վիճակին, եղանակին, զինքը պարուրող, իր կեանքին մաս կազմող պարագաներուն։

Ինքնին ոչ մէկ բան գեղեցիկ է. գեղեցկութիւնը իր յարաբերական հանգամանքովը առանձին չի ներկայանար, ի տես բանի մը զոր կը հաւնինք, (ինչ որ ըսել է թէ մեր մտքին մէջ կարթնցնէ հանգստութեան, հաճոյքի եւ տենջանքի գաղափարը) եթէ վերլուծենք այդ զգացումը պիտի տեսնենք թէ մեր մտքին մէջ թէեւ արագ բայց շատ որոշ բազմաթիւ խորհրդածութիւններ կը կատարուին եւ անոնց հաւասարակշռութիւնը միայն մեզի կու տայ այն հաճելի զգայնութիւնը զոր կ’անուանենք հաւնիլ եւ որուն առարկան կը կոչենք գեղեցիկ. ճիշդ նոյն հաւասարակշռութիւնն է որ իր բացարձակ կատարելութեան մէջ կը գերագրգռէ մեր զգայնութիւնը եւ կը հասնինք զմայլանքի, սքանչացման։

Այսպէս, անհեթեթ բան մըն է ամառը մուշտակ կրել. ատիկա տգեղ է եւ ծիծաղելի, որովհետեւ մեզի մտածել կուտայ նախ թէ ամառուան մէջ ո եւ է օգտակարութիւն՝ հետեւաբար գոյութեան իրաւունք չունի. յետոյ նեղութիւն կը պատճառէ զայն կրողին եւ, par suggestion տեսնողին. չի յարմարիր եղանակին եւ զինքը շրջապատող գեղեցկութեանց ներդաշնակութիւնը կը խանգարէ. զայն տգեղ կը գտնենք ամառը, մինչ աննշմարելի անցնէր եւ թերեւս գեղեցիկ երեւար ցուրտ եղանակին մէջ։

Նաեւ քաղաքացի կնոջ մը արդուզարդը որ շատ պատշաճ վայելչութիւն մը կրնար ունենալ քաղաքի կեանքին, եւ քաղաքացիի սովորութիւններով ապրող կնոջ մը համար, նոյն արդուզարդը եթէ տեսնէինք գիւղացի աղջկան մը վրայ անիկա մեզի տգեղ պիտի թուէր. գիւղացին պիտի չունենար շարժումներու եւ նիստ ու կացի այն դիւրին եւ բնական շնորհալիութիւնը որ կը յատկանշեն քաղաքացի տիկին մը եւ իր արդուզարդը պիտի ճնշէր, պիտի նեղէր, իրեն տալով ձախաւեր երեւոյթ մը եւ մինչեւ իսկ իր գիւղացիի գեղեցկութիւնը պիտի նսեմանար բոլորովին, մինչ նոյն աղջիկը իր հագուստներուն մէջ գեղեցիկ էր։

Այս բանը կը դիտենք ոչ միայն արդուզարդի համար այլ նաեւ կահաւորումի եւ նոյն իսկ ճարտարապետութեան մէջ. պէտք չէ որ մենք յարմարինք հագուստին, կարասիներուն, տունին, այլ ընդհակառակը անոնք պէտք է որ մեր պահանջներուն ծառայեն։ Ապա թէ ոչ բնականութիւնը կը կորսուի, շարժումները բռնի եւ դժուար կ’ըլլան։ Հագուստ մը որ չի յարմարիր զայն կրողին, կը շփօթեցնէ, անվայելուչ կը դառնայ, եւ տեղի կուտայ անշնորհ շարժուձեւերու շնորհալիութիւնը ուրիշ բան չէ բայց եթէ դիւրին ճկունութիւն մը որ տեսնողին չթելադրէ մեծ ճիգով ձեռք բերուած շարժում մը, յոգնութիւն մը։

«Գործողութիւն մը այնքան աւելի շնորհալի է որ կը կատարուի ամենադոյզն ուժի վատնումով, գոնէ շնորհը շարժումին մէջ, շարժու մըն է այնպիսի ձեւով մը կատարուած որ ամենէն աւելի կը խնայէ մկանունքը։

Ոչ ոք շնորհալի կը նկատէ անկանոն եւ օրօրուն քալուածք մը որ անօգուտ նեղութեան տեղի կուտայ…։ Այն քալուածքը որուն կը հաւնինք չափաւոր արագութիւն մը ունի, կատարեալ rythme մը... ։ Անիկա աշխատութիւն մը, գիտակից ջանք մը չի թուիր եւ սակայն կզգանք որ վատնուած ուժ չկայ։

Շնորհին անհրաժեշտ տարրը, շարունակելի հոսուն հանգամանքն է, կար գիծով շարժումը, խնայողական շարժում մըն է» (Spencer La Gráce)։

Միւս կողմէ երբ գեղեցկութիւնը կը ներկայացնենք ամենաբնական եւ դիւրին բան մը՝ պարզապէս պահանջի մը գոհացումկ, terre à terre օգտակարութիւնը չենք հասկնար. առօրեայ գրական պէտքերը չեն որ իրենց ամբողջական կատարման մէջ գեղեցկութիւնը կը ծնին. այժմէութիւնը շատ անգամ տգեղ իրականութիւնն է. ինչպէս Էմբրսըն նոյնպէս Սբէնսր (ľUtile et le Beau) դիտել կուտայ թէ մանաւանդ ճարտարապետական գեղեցկութեանց համար այն բաները որ կը դադրին անմիջական պէտք մը ըլլալէ կ’անցնին գեղեցիկի շրջանին մէջ. ինչպէս հին փողոցները, աւերակները, աշտարակներ ու բեկորներ, հին հագուստներ եւն., անտարակոյս նկարագեղ է միջնադարեան հին փողոց մը, հակած տանիքներով եւ փլփլած պատերով զորս բնութիւնը յամրաբար պճնած է քմայքոտ բւոսականութեամբ մը բայց նոյն իսկ ատիկա գեղեցիկ է անցեալ պէտքերը յիշեցնելով մեզի. հին աւերակի մը մէկ լուսամուտը, ջնջին ճեղքուած մը, մեր մտքին մէջ կ’արթնցնեն անցեալ ընկերական վիճակ մը, հին մարդկութիւն մը որ ծնած, տառապած եւ մեռած է այդ շէնքերուն մէջ. անոնց ամէն մէկ մասնիկը փոշիներուն մէջէն մեզի կը յիշեցնէ կամ կը տեղեկացնէ մասնաւոր ապրելու եղանակի մը, պէտքի մը գաղափարը. եւ այդպէս՝ գեղեցիկ կը գտնենք զայն։

Գեղեցկութիւնը զատելու մեր վերոյիշեալ անհատական միջոցը պատճառ կ’ըլլայ յառաջ բերելու հաճեքտ զանազանութիւնը մը, որովհետեւ որչափ որ իւրաքանչիւր անհատ իր ուրոյն ճաշակին եւ խառնուածքին համեմատ մտածելու եղանակ մը ունի ուրկէ զանազանութիւնը միւս կողմէ ազդեցութեան տակն իր ապրած միջավայրին եւ ասով կը միանայ ամբողջութեան հպման կէտ մը կը դառնայ ասիկա որով բազմ թիւ զանազանութիւններ ներդաշնակ ամբողջ մը կը շինեն, բայց դժբաղդաբար մարդիկ շատ անգամ մտածելու անհատական իրաւունքը կորսնցուցած են աւելի դիւրին գտնելով ուրիշի մը խորհրդածութեանց հետեւիլ։

Ամբոխին մեծամասնութիւնը նոյն իսկ ուրիշի մը տեսութիւններուն մէջ մտնելու նեղութիւնը ինքզինքին չի տար ճիշդ մաքնիսական քունի մէջ գտնուող անձերու նման ամբոխը կը կրկնէ ինչ որ իրեն կը հրամայուի կրկնել. ինչպէս մաքնիսացնողը քարի կտոր մը ներկայացնելով մաքնիսացեալին երբ կ’ըսէ թէ հաց է՝ մաքնիսացեալկ կը հաւանի անոր հաց ըլլալուն, այնպէս ալ ամբոխին կը ներկայացուի ձեւ մը, իր մը, նոյն իսկ յաճախ տգեղ՝ կը բաւէ որ ըսուի թէ անիկա գեղեցիկ է որպէս զի ամբոխն ալ կրկնէ թէ գեղեցիկ է։

Նորաձեւութիւնը արդէն կը պահանջէ բացարձակ նմանութիւն այն բանին որ կը ներկայացուի իբրեւ լաւագոյնը, ճաշակաւորը, ինչ որ կը հագնին ամենէն հարուստները եւ կարողները, տակաւ առ տակաւ կը սպրդի ստորին խաւերուն մէջ։ Արդէն նախնական մարդկութեան մէջ ալ նոյն բանը կը տեսնենք. «Քարաիպ մայր մը որ տղուն գլուխը կը սեղմէ ցեղապետին գլխուն նմանցնելու համար կամ երիտասարդ վայրենին որ կտրածներ կ’ընէ մարմնոյն վրայ, իր ցեղին պատերազմիկներուն ունեցած ապիներուն նմանցնելու համար» նոյն զգացումէն թելադրուած են։ Ինչ որ ալ ըլլայ, բարձրագոյն օրինակի մը հետեւիլը բարերար կրնար ըլլար, բայց յաճախ կը տեսնենք թէ նորաձեւութիւն մը հրապարակ կ’ելլէ շահադէտ անձերու կողմէ որոնց համար անշուշտ ճաշակը, վայելչութիւնը իրենց հոգերուն նուազագոյնն է. հարիւրաւոր այլանդակութիւններ ասոր օրինակ են. քիթի օղակները եւ օղերը, բոժոժաւոր գօտիներ, մալաքօֆ ը եւն։

«Շատ հեռու ենք շարունակական յառաջդիմութեամբ մը մօտիկնալու ներդաշնակութեան եւ վայելչութեան իտէալի մը. ինչպէս պիտի ըլլար անշուշտ եթէ ամէն մարդ հետեւէր ճշմարտապէս գերազանց անձերու, կը տեսնենք թէ բացարձակ անխորհուրդ քմայքն է որ կը տիրապետէ նորաձեւութեան մէջ. փոխելու փափաքը փոխելու համար ինչ որ պատճառ կ’ըլլայ ծայրայեղութենէ մը ուրիշ ծայրայեղութեան դիմելու, ընդհանրապէս ամէն կողմ կը տիրեն սովորութիւններ որ իմաստ չունին, անճաշակ հագուստներ, եւն. այնպէս որ à la mode կեանքը փոխանակ ըլլալու ամենէն լուսաւորեալ, ողջախոհ ու կանոնաւորուած կենաք մը, ընդհակառակը կը վարուի մսխողներէ, անգործներէ, մօտիսթներէ եւ դերձակներէ» (Spencer, Les Manières et Modes)։

Եթէ նորաձեւութեանց կէտ առ կէտ հետեւելու բաղձանքը յառաջ բերէր միմիայն աններդաշնակ տգեղութիւն մը ատիկա անախորժ եւ ծիծաղելի բան մը կ’ըլլար միայն, բայց կը տեսնենք թէ իր կարգին պատճառ կ’ըլլայ նաեւ տնտեսական խանգարումներու, համեստ ընտանիքներ որ դրացի հարուստ ընտանիքի մը արդուզարդը ունենալու տենջանքով կը սնանկանան, շատ անգամ ինքզինքնուն պարտք կը դնեն անհրաժեշտ պէտքերու զրկումներ, դժբաղդ կ’կըլլան դրացիին հագուստին արժէքով հագուստ մը չունենալնուն։ Տանտիկին մը պէտք է քաջութիւնն ունենայ իր կացութեան դիմագրաւելու, որքան ալ խոնարհ ըլլայ տան մը դիրքը եթէ հոն տեսնուին մաքրութիւն, խնամք, գեղեցկութեան ձգտում եւ ճաշակ, առանց կարմրելու կարելի է զայն ներկայացնել ամենէն ճոխ կեանքի վարժուող անձի մը. սուղ կարասիները, սող արդուզարդերը չեն որ ամենէն աղուորներն են. պզտիկ ոչինչ մը, ջնջին touche մը շրջազգեստի մը վրայ կրնայ կերպարանափոխել զայն։ Բարիզցի գործաւորուհին որքան ալ աղքատ ըլլայ գիտէ իր արդուզարդին շնորհալի դարձուածք մը տալ, յաճախ պարզ սեւ շրջազգեստ մը՝ որ չեմ գիտեր ի՛նչ թեթեւ ժպտուն հանգամանք մը ունի, շատ յարմար՝ բարիզուհւոյն ոստոստուն եւ արագ շարժումին՝ գրեթէ զայն կ’ամբողջացնէ եւ եթէ մօտէն դիտենք կը տեսնենք որ անիկա նոյն իսկ նորաձեւութեան վերջին բառը չէ. շատ անգամ գործաւորուհին ատեն ալ չունի նայելու թէ պերճանքի մէջ յափրացող միտքերը ի՛նչ նոր հնարք ստեղծած են. անոր շրջազգեստը շատ անգամ չէ լմնցած, իր վերջնական ձեւին մէջ չէ մտած. գնդասեղներ կոճակի պաշտօնը կը կատարեն եւ այսպէսով յարափոփոխ եւ իրեն համար միշտ նոր մէկ շրջազգեստը տասնեակ մը հագուստներու պէտքը կը լրացնէ։ Ընդհակառակը մեր մէջ նոյն տնտեսական վիճակը ունեցող կին մը ի՞նչ կ’ընէ. յառնէ նորաձեւութեան թերթ մը որ նախ իրեն կը հասնի հեռաւոր միջավայիէ մը. Բարիզ, Պերլին, Լոնտոն. անոր մէջ կ’ընտրէ ձեւ մը որ պիտի պատշաճէր, օրինակի համար, գարնան եղանակին՝ կէս օրէ ետքի այցելութեանց ճիշդ նմանը կը ճգնի շինելու եւ անիկա կը հագնի անխնայ, առաւօտուն, կէս օրէ ետքը, գիշերը եւն. մինչեւ որ հիննայ. այն ատեն միայն օձիքը կը ձգէ եւ կը վերսկսի նոյն ձեւով ուրիշ մը ընտրելու։ Պիտի առարկուի անշուշտ թէ ամէն ընտանիք, մանաւանդ երբ բազմաթիւ անդամներէ բաղկ ցած է, չկրնար հեւ ի հեւ հետեւիլ ամէն ժամերու առանձին արդուզարդին, թէ մանաւանդ միջավայրն ալ յաճախ կը պակսի այդ արդուզարդներու գործածութեանց. ճիշդ ասոր համար կ’ըսէի թէ անհունապէս ծիծաղելի է կուրօրէն հետեւելով բանի մը որ մեզի ոչ մէկ ձեւով չէր կրնար յարմարիլ. պէտք է քաջութեամբ մէկ կողմ դնել պայմանադրական սովորութիւնները եւ իւրաքանչիւր տանտիկին պարտականութիւն զգայ մտածելու թէ իր տնտեսական վիճակը, իր յաճախած ընկերութիւնները, իր երկիրը ի նկատի առնելով ի՛նչ կրնայ ընել ընտանիքին բոլոր անդամներուն հաստատուն, հաճելի եւ դիւրակեցիկ բարօրութիւն մը ապահովելու համար։ Չկայ վիճակ մը որուն մէջ յարաբերական հանգստութիւն մը չապահովէ տանտիկինը ինքզինքնին եւ իրեններուն, եթէ խելացի կերպով վարուի անկախ ամէն նախապաշարումէ. որովհետեւ արդուզարդի այս կամ այն ձեւին անհրաժեշտօրէն հետեւիլը տեսակ մը նախապաշարում՝ է յառաջ եկած տգիտութենէ։ Քանի՜ ընտանիքներ իրենց բերնին հացը կտրած են կարենալ հետեւելու համար խօլական եւ անհեթեթ նորաձեւութեան մը. կարենալ գեղեցկութիւնը ձեռք բերել, առանց անպատճառ ստիպուած ըլլալու սնանկացնող նորութեանց հետեւիլ՝ մխիթարութիւնը եւ երջանկութիւնը պիտի ըլլար մեծ թուով համեստ ընտանիքներու։ Երիտասարդ աղջիկներ գիտեմ որ շարունակական անձկութեան մը մէջ կ’ապրին իրենց մրցակից օրիորդներուն հասնելու համար. լաւ շարժում մը բաւական է. այն ատեն մայրերը իրենց տունին երջանկութիւնը պիտի ապահովեն ընտանիքին հօրը խնայելով շատ մը անտեղի ծախքեր, հանդարտութեան մէջ պահելով տունին երիտասարդները, որոնք փոխանակ ունայնութիւններով զբաղելու աւելի խելացի կերպով պիտի տրամադրէին իրենց ժամերը եւ պիտի տեսնէին թէ գեղացկութիւնը, շնորհը, վայելչութիւնը՝ պատճառ՝ իրաւացի յարատեւ բաղձանքներու, կարելի է իրագործել նոյն իսկ ամենէն համեստ պայմաններուն մէջ, ճիշդ անոր համար որ բռնազբօսիկ չպիտի ըլլար անիկա։