«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌՈՒՍ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒՀԻՆ ԲԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Երբեմն, երբ թէյին ջուրը կը խժայ եւ դասերէ վերադարձին ուսանողներ եւ ուսանողուհիներ կը բոլորուին սեղանին շուրջը՝ խօսակցելով իրենց ետին թողած ծննդավայրին, ընտանիքին վրայ, տխուր եւ յամրընթաց երգ մը կը սլանայ վեցերորդ յարկի պատուհաններէն, ժողովրդական պարզ երգ մը, սրտառուչ եւ միամիտ, որ կարօտալից կուրծքերէ կը պոռթկայ, անցորդները պահ մը դանդաղեցնելով փողոցին մէջ։ Այդ երգը շատ անգամ լսած եմ ես ալ, յաճախ առիթը ունենալով ռուս ուսանողուհիներու դրացնութեան մէջ ապրիլ եւ մտքիս մէջ հիմա այդ անուշ եւ տրտմագին երգին յիշատակը կը նոյնանայ այն հեռաւոր տիպարներուն, անուշ եւ առեղծուածային միանգամայն՝ կապոյտ աչքերնուն խորը ունենալով վրդովուն ցոլք մը եւ շրթունքնուն քովը դժուարաւ ապրողներու կորովի արտայայտութիւնը։

Անոնք որ յաճախ են Պուլըվառ, Բօռ-Ռուայալ կամ Պէրթօլէ փողոցը դիւրաւ պիտի յիշեն այդ աղջիկները՝ բեռնաւորուած լեցուն գրքապանակով մը. անոնք իրենց մասնաւոր արդուզարդը ունին, մազերնին յաճախ կտրուած, պարզ՝ գրեթէ առնական հագուստներով և արագ քայլուածքով։

Ընդհանրապէս նիւթական համեստ վիճակ մը ունին բայց համերաշխութեան ոգին իրենց մէջ կ’ամոքէ շատ մը զրկումներ. ունենալով դիւրամատչելի եւ մաքուր ճաշարաններ, յաճախ իրարու հետ բնակելով. շատ սիրալիր իրենց մէջ, կարծես մէկ ընտանիքի կը վերաբերին. ուրիշ ցեղի ուսանողուհիներուն հետ ալ դիւրահաղորդ միշտ կը փափաքին միացեալ կեանք մը ունենալ. այս մասին դժուարութեանց կը հանդիպին. Բարիզի մէջ քիչերը քաջութիւն կ’ունենան իրենց պայմաններուն մէջ ապրիլ։

Ռուս ուսանողուհիները ընդհանրապէս բժշկութեան կը հետեւին կամ ընկերային գիտութանց. աւելի բարեկեցիկները կը յաճախեն Սօրպօն, ասկէց զատ իրենց ներկայացուցիչները ունին գրեթէ ամէն տեղ, մինչեւ Անասնաբուժական Վարժարանը։

Առաջին հանդիպումով ցուրտ ազդեցութիւն մը կը թողուն. Ֆրանսացի կնոջ պարուրող քնքշութիւնը չունին թէեւ՝ բայց իրենց հետ քիչ մը ապրելէ ետքը կը տեսնէք թէ այդ առերեւոյթ ցրտութեան ներքեւ ի՛նչ պահուած գանձեր ունին անձնուիրութեան, զոհողութեան, բարութեան, զորս կը գործադրեն շատ բնական ձեւով մը առանց աղմուկի. տեսած եմ աղջիկներ որ գիշերները հսկած են հսկած են քրոջ մը պէս իրենց հիւանդ բարեկամուհիին քով. եթէ առիթը ներկայանայ չեն վարանիր նոյն անձնուրացութեամբ վարուիլ ուսանողի մը համար. իրենց յարաբերութեանց մէջ կը պահեն խիստ ուղղամտութիւն, անկեղծութիւն, ինչ որ մտերմական երեւոյթ մը կուտայ իրենց հաւաքումներուն։

Շատ ընկերասէր՝ ռուս ուսանողուհին մինակը չի կրնար ապրիլ. նիւթական դժուարութեանց հետ ասիկա ալ պատճառ մըն է թերեւս քանի մը հոգիներ մէկտեղ բնակելնուն. եւ զարմանալի է տեսնել թէ յաճախ իրարմէ հեռու քաղաքներէ եւ տարբեր միջավայրներէ եկած աղջիկներ ի՞նչ սերտ կապով մը կապուած կ’ապրին զիրար խրախուսելով դժուար օրերուն, փոխադարձ օգնութեամբ՝ բարոյապէս եւ նիւթապէս։

Շատերը վաղուց իրենց ծնողքը թողած՝ քաղաքէ քաղաք թափառելով ժամանակէն առաջ կը ծերանան. յաճախ անդարմանելի կորուստներուն պատճառած համակերպող տխրութիւն մը կ’արտայայտէ իրենց դէմքը. հերոսական պայքարներ՝ կարենալ ապրելու եւ սորվելու կը նկարագրեն իրենց կեանքը. երբեմն հակառակ իրենց ճերմկած մազերնուն կը յամառին ձգտիլ իրենց իտէալին. յոգնած մտքով եւ անոյժ մարմնով զմայլելի տիպարներ են գաղափարական զոհողութիւններու. շրթունքնին մունջ սրտներնուն խորը կը պահեն իրենց ի զուր կորուսած երիտասարդութեան ցաւը։

Այդ տարագիր քոյրերը եւ աղջիկները որոնք երբեմն բնաւ չեն դառնար իրենց ընտանիքին քով. բնական էր որ ձեւով մը յագեցնէին գորովի եւ սիրոյ կնոջական պէտքը իրարու համար ունենալով այն քաղցր վերաբերումը որ երկու անծանօթ ուսանողուհիներ իրարու կը կապէ անվերապահ զգացումի մէջ անմիջապէս միացած եւ կ’ամոքէ մասամբ իրենց տխրագին եւ ցուրտ կեանքը, Բարիզի աղքատ ուսանողուհիին։

Քաղաքին պերճութիւնը եւ զեղուն հարստութիւնը անտարբեր կը թողու զիրենք. ասոր համար է որ փորձութիւնը չի թունաւորեր իրենց բարքերուն մաքրութիւնը։ Ամէն ռուս աղջիկ իր անձնական զարգացումէն եւ շահէն դուրս ծայրայեղօրէն ունի հասարակաց օգտին ծառայելու զգացումը եւ միշտ այդ գաղափարը իր գլխաւոր կռուանը կը մնայ եւ ասով է որ շատ մը տարբեր նկարագրով եւ խառնուածքով անձեր բացարձակ ներդաշնակութեամբ կը միանան այս նուիրական գաղափարին առջեւ։

Շատերուն ծանօթ է ռուս աղջկան ջլախտաւոր եւ առեղծուածային հոգին։ «Անիկա միսդիք հոգի մը ունի, եւ գործունեայ միտք... Բազմադիմի հոգի մը, հանդարտ եւ գործող միտք մը միացած խանդագին նկարագրին կը դարձնեն ռուս կինը այն անբացատրելի էակը որ կը հրապուրէ արուեստագէտները եւ բանաստեղծները»։ (Զէնաիտ Վուէնկէրով)

Իրենց նշանաւոր հեղինակներուն իսկ մանաւանդ Տասթայէվսքիի բեղմնաւոր նիւթ հայթայթած է այդ տիպարը. ասիկա կը գտնենք ամենէն հանդարտ եւ հաւասարակշիռ բնաւորութիւններու մէջ իսկ. ասոր սատարած է նաեւ սա պարագան թէ ընդհանրապէս գիւղը ծնած՝ կեանքի պայքարը եւ սորվելու ծարաւը զիրենք կը մղէ քաղաքակրթութեան կեդրոններու եւ իրենց ջիղերը շատ պրկուած այս յանկարծական տարբերութենէն դիւրաւ կը ստանան ապասերման եւ ջլախտի յատկանշող վատթարացումը։ Suggestionն ալ իր կարգին մեծապէս կ’օգնէ ասոր. այսպէս, հազւոադէպ չէ տեսնել աղջիկ մը որ զարմանալի պաղարիւնութեամբ մը կը թուէ մի առ մի այն ժառանգական եւ ներկայ պատճառները որոնց հետեւանքով անխուսափելիօրէն ինքը ապասերուած մըն է։

Ռուս ուսանողուհին կարելի է գրեթէ նոյնացնել féministe կնոջ տիպարին հետ, ա՛յնքան անոր առաւելութիւնները եւ թերութիւնները ունի խորապէս. «Այն խառնուրդը մտքի անկախութեան, հոգւոյ մաքրութեան եւ միսդիքական ձգտումներու կը գտնանք ռուս կնոջ մէջ հին ատեններէ ի վեր։ Նոր Կին ը որ ժամանակակից արտադրութիւն մըն է ուրիշ ամէն երկիրներու մէջ արդէն կը յատկանշուի հին Ռուսիոյ տիրող իշխանուհիներուն եւ աբբամայրերուն, ազնուական կիներուն եւ նոյն իսկ ժողովրդի կնոջ մէջ. այս վերջինները մանաւանդ պահած են մինչեւ մեր օրերը իրենց նկարագրին անկախութիւնը»։

Ոմանք féministe ռուս ուսանողուհին արտաքին ձեւերէն դատելով խստութեամբ քննադատած են զայն, կարծելով անսիրտ եւ անզգայ, ամուլ մտաւորապէս եւ ֆիզիքապէս։ Ես չեմ ըսէր թէ այդ տիպարը գոյութիւն չունի, բայց բացառիկներու քով պէտք է յիշել Կոմսուհի Ռոսթօքշին, Ժիւլի Ժատովսքի րոմանթիկ բանաստեղծուհիները եւ իրապաշտ Մարի Քվօզէնսքի զոր կոչած են ռուս Ժօրժ Սանը. եւ մանաւանդ Մարի Պաշքիրչէֆ որուն հոգին կը գտնանք առաւել կամ կամ նուազ ամէն ռուս ուսանողուհիի մէջ։ Պաշքիրչէֆ միջակ նկարչուհի մը եղած է բայց անմահացած է իր ուժով նկարագրով որ ա՛յնքան ճշդօրէն կը պատկերացնէ մեզի իր Օրագրին մէջ, ինչ որ ինքը իր բնազդին հպատակելով արտայայտած է այդ ինքնատիպ էջերուն մէջ աւելի ուշ պիտի կազմէր décardent դպրոցին հիմունքը որ այնքան ազդած է ժամանակակից գրականութեան վրայ։ «Անիկա առանց գիտնալու առաջին décardentը եղաւ. առաջինը՝ ես ի պաշտումին մէջ. Սլաւ աղջիկը զարգացած Ֆրանսայի հողին վրայ իր նոր հայրենիքին տուաւ ռուսական գիւղատեսարաններու մելամաղձոտութիւնը, միստիքական ծարաւ մը անկարելիին, կնոջական յամառութիւն մը եւ կորովը աշխատութեան մէջ եւ իր կամքը ուրիշ արգելք չը ճանչցաւ այլ միայն մահը»։