«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՀԱՆՋԿՈՏՈՒԹԻՒՆ

ԾԱՂԻԿի նախորդ թուով հրատարակուած յօդուածի մը մէջ Ամերիկացի կնոջ վրայ՝ կէտ մը անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց եւ մտածել տուաւ ինծի. այն էր թէ Ամերիկացի կիները պահանջկոտ են, այսինքն կը պահանջեն որ իրենց ամուսինը իրենց հայթայթէ ինչ որ իր գերագոյն ճիգերով կրնայ արտադրել, կ’ուզեն որ անիկա իրենց հանգիստ եւ նիւթական կարելի եղածին չափ պերճ կեանք մը տայ, կ’ուզեն որ անիկա չտկարանայ իր ջանքերուն մէջ եւ չթերանայ բնաւ իր պարտականութեանց մէջ։ Ամերիկացի կին մը երբ իր ձեռքը կուտայ երիտասարդի մը բոլոր այս բաները մէկանց կը պահանջէ. եւ կ’ենթադրեմ որ ասոր փոխարէն ամուսինն ալ իր կնոջմէն կը պահանջէ ինչ որ իրեն բաժին կ’իյնայ տալ ընտանիքին, այսինքն շնորհ, փափկութիւն, գեղեցկութիւն, խնամք, առողջ տղաքներ, զարգացած եւ հաւասարակշիռ միտք մը, վերջապէս բոլոր լաւ բաները, որով կին մը կրնայ երջանիկ դարձնել իր կազմած ընտանիքը։

Բնականաբար եր, կը խորհինք այս ձեւով կազմուած ընտանիքներու վրայ որոնց հիմը փոխադարձ պահանջկոտութիւն է ամէն իրաւունք ունինք ենթադրելու գումարը շատ աւելի մեծ է քան թէ մեր մէջ։

Կրնայ ըլլալ որ մէջ բերած գաղափարս շատ նոր եւ գայթակղեցուցիչ համարուի մեր համայնքին համար որուն այս տեսակ խնդիրներու մէջ իր իտէալը համակերպութիւնն է։

Կին մը որքան համակերպող ըլլայ մեր մէջ այնքան առաքինի կը նկատուի անիկա. պատճառը շատ պարզ է, որովհետեւ մինչեւ հիմա կինը մեր մէջ քիչ բացառութեամբ կրաւորական դեր մը ունի, անիկա դատապարտուած է տեղի տալ իր ամուսնոյն իրեն հարկադրած ամէն պայմաններուն. դեռ դեռատի աղջիկ կը տեսնէ իր մօրը անշշուկ եւ երկրորդական դերը ընտանիքին մէջ. անիկա գրեթէ հեղինակութիւն չունի բոլոր այն գործերուն մէջ որ իր ընտանիքինն են սակայն եւ որոնցմով պիտի կազմուի իր աշխարհ բերած զաւակներուն ապագան, երբեմն անիկա նախզգալով շատ մը ձախորդ պարագաներ տառապանքով կ’ապրի, գիտէ որ իր տղաքը դժբաղդ պիտի ըլլան, կը խարհի թէ ամուսնոյն այս ինչ ձեռնարկը կրնայ զիրենք սնանկացնել, իր տղոց վաղուան հացը վտանգի դնել, այս բաներուն վրայ կուլայ բայց չկրնար հակազդող դեր մը ունենալ ընտանիքին մէջ, չկրնար նոյն իսկ բարերար խորհուրդ մը տալ ընտանիքին հօրը որուն հետ սակայն համաձայնած են օրէնքի առաջ՝ երջանիկ ընտանիք մը կազմեզ. երիտասարդ աղջիկը կը անդրադառնայ ասոնց եւ գիտէ որ աւելի ուշ՝ կեանքի մէջ իրեն ինկած բաժինն ալ այդ պիտի ըլլայ, արդէն ամուսնութեան կնքուած պահուն իսկ առաջին խորհուրդը, ինչ կ’ըսեմ, առաջին հրամանն այդ է. համակերպիլ. առանց այդ հրամանը գործադրելու խոստումին, ամուսնութիւնը ինքնին անկարելի է։

Երբ ինքնին առնենք համակերպելու գործողութիւնը առաջին անգամէն կը տեսնենք որ անիկա տեղի տալ է այսինքն ընդունիլ վիճակի մը մէջ գտնուելու որուն լաւագոյնին արժանի էիք, եւ այդ լաւագոյնը ձեր իրաւունքն էր. զառիվարի մը վրայ առաջին քայլկ առնելու կը նմանի ալ պատճառ մը չկայ ինքզինքը զառիվարին ստորոտը չգտնելու. ուրեմն ով որ չուզեր ինքզինքը հոն գտնել, առաջին քայլը թող չառնէ. չէ՛, ատիկա քաջութեան և ինքնավստահութեան գործ մըն է որ առանց վախնալու կարելի է խորհուրդ տալ աւանդական համակերութեան զգացումներով տոգորուած մեր կիներուն։

«Ուզեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի». Ամէն բանի մէջ կարելի է գործադրել այս խօսքը քիչ ուզողը քիչ պիտի ստանայ, շատ ուզողը շատ, ջանալու է շատ ուզողներու կարգին մէջ գտնուիլ։

Պահանջկոտութիւնը այն ատեն անիրաւ է երբ պահանջողը կը կարծէ թէ ամէն իրաւունք ունի ստանալու եւ կրնայ փոխարէն բան մը չտալ. մենք այդ պահանջկոտութեան վրայ չէ որ կը խօսինք. գիտենք նաեւ որ անտրտունջ համակերպողներու քով այս ձեւով անպատկառ պահանջողներ ունինք մեր կիներուն մէջ։ Մեր տեսակէտը այդ չէ բնաւ. այլ ցուցնել թէ փոխանակ երկուստեք համաձայնութեամբ, կնքուած ամուսնութիւններու մէջ մէկը տալու եւ մէկը առնելու իրաւունքը ունենալ կարծելու. երկու անդամներն ալ գիտնան, ընդունին միանգամ ընդ միշտ թէ փոխադարձաբար իրենց էութեան իրենց կարողութիւններուն լաւագոյնը, գերագոյնը տալու պարտական են. եւ ով որ առաջին անգամ թերանայ իր պարտքին մէջ միւս անդամը իրաւունք ունենայ պահանջելու, իրաւունք ունենայ ըսելու թէ այդ պայմաններով չէր կնքուած իրենց ամուսնութիւնը։

Եթէ մասնաւորաբար կիներուն ուղղուելով կ’ըսենք թէ պահանջկոտ ըլլան, անոր համար է որ մինչեւ հիմա այդ դերը չէ որ կատարած են իրենք. ընդհակառակը. միւս կողմէ ասիկա չնշանակեր թէ իրենք պարտքեր չունին. ապա թէ ոչ դերերը միայն փոխուած պիտի ըլլային եւ ընտանիքներու մէջ դժբաղդութեան կամ երջանկութեան գումարը նոյնը պիտի մնար։ Պիտի ուզէինք որ ինչպէս ուրիշ քաղաքակրթեալ երկիրներու մէջ՝ կինթ իր ամուսնոյն վրայ փնտռէր կորովի, արիութեան, խելքի, գործունէութեան եւ ուրիշ շատ մը ճշմարիտ այր մարժը յատկանշող յատկութիւնները որպէս զի ամուսինն ալ իրաւունք ունենար ըսելու.

«Ես կ’ուզեմ որ կինս գեղեցիկ ըլլայ, ժրաջան, մտացի եւ լաւ մայր իմ զաւակներուս»։

Բոլոր համակերպող կիները որ այնքան դժբաղդ եղած են, իրաւունք պիտի տային ինծի։ Եւ արդէն ինչ է մեր ուզածն ազ ինչ որ ամէն մարդ կ’ուզէ. այսինքն թէ ընտանիքին մէջ ամենքն ալ երջանիկ ըլլան որքան կարելի է։