«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Անցեալները Studioներու (գեղարուեստական հանդէս) հաւաքածոյ մը թղտատած ատենս ուշադրութիւնս գրաւեց ընդարձակ յօդուած մը՝ Բարիզի մէջ նկարչութեան եւ զանազան գեղարուեստներու հետեւող ուսանողուհիներու վրայ։

Արդարեւ երբ ի նկատի առնենք մեր աղջիկներուն կեանքի պայմանները, այդ Եւրոպացի օրիորդներու ապրելու եղանակին վրայ արուած ճշգրիտ տեղեկութիւնները մեզի շատ մը խորհրդածութիւններու կը մղեն։

Ընդհանրապէս դժգոհութիւններ կը լսուին ամէն կողմէ, ըլլա՛յ լրագրութեան միջոցաւ, ըլլայ կարծիքներու փոխանակութեան առիթով, թէ մեր աղջիկները չեն ներկայացներ դաստիարակութեան, մտաւոր զարգացումի. վեհանձնութեան, ազնուականութեան զգացումներու եւ մանաւանդ ինքնագիտակցութեան գումարը որոնց մանաւանդ օտար երկիրներ ապրող անձերու համար հանդիպիլ շատ հազուագիւտ չէ օտարազգի օրիորդներու մէջ։ Ասոր համար անպատճառ «կապոյտ-գուլպայ» ըլլալու պէտք չկայ անտարակոյս եւ ոչ ալ մասնագիտական ծանօթութիւններով ծանրաբեռնուելու է, այլ ունենալ այն չեմ գիտեր ինչը, այն ոչինչը, որ չի սահմանուիր, որ ինքնին հաստատ հիմեր չունի եւ որ սակայն իր ամբողջութեանը մէջ խոստում մըն է. խոստում մը մանաւանդ այդ կարգի օրիորդներու հետ ամուսնանալ ուզող երիտասարդներու համար՝ հանդարտ եւ հաճելի կեանքի մը շնորհով եւ գեղեցկութեան տարրերով լեցուն։

Անտարակոյս վայրկեան մը իսկ մտքէս չանցնիր թէ այդ կեանքի գիտակցութեամբը ուժով եւ իրենց կատարելիք դերին համար պատրաստուած աղջիկներու պակասը պէտք է վերագրել մեր աղջիկներուն անընդունակութեան, գիտենք որ անոնք երբ առիթը կը ներայանայ, երբ կեանքի պայմանները կը նպաստաւորեն իրենց բնածին յատկութիւնները, շատ լուրջ արժէքով կը ներկայանան մեզի այնքան իբր աշխարհիկ կին, որքան յարմար՝ զանազան ասպարէզներու, իրենց մտային ինքնուրոյն ընդունակութիւններովը։

Ընդհանրապէս մեր մէջ պուրժուական ամէնէն անձուկ զգացումներով կը դաստիարակուին աղջիկները. եւ ամէնէն առաջ ջանք կ’ըլլայ անոնց մէջէն սպաննել ինքնապաշտպանութեան, ձեռնահասութեան եւ գիտակցութեան ոգին։

Երբ որ եւ է արարած մը պարուրուած է չափազանց անօգուտ տեսակ մը խնամքներով, այդ արարածը թուլամորթ եւ անկարող կը դառնայ կեանքի մէջ. պարագան ճիշտ նոյնն է մեր աղջիկներուն համար։ Երբ անդին Անգիլացի, Ամերիկացի, Գերմանացի եւն. ամէնէն պատուաւոր ընտանիքները իրենց աղջիկները մինակ կը ղրկեն Բարիզ, որպէս զի հոն այլ ուսանողուհիներու հետ քով քովի գեղարուեստի աշխատին, երբ կը հանդուրժեն որ մէկ նստարանի վրայ ուրիշ երկիրներէ եկող եւ իրենց բոլորովին անծանօթ արուեստակիցներու հետ ջանան շիտակ գիծը գտնել իրենց դէմ՝ պատուանդանին վրայ՝ կեցող մերկ մօտէլին, շատ աւելի կ’ապահովցնեն անոնց բարոյականը, զանոնք ձեւով մը մարզանքի ենթարկելով եւ ատով իսկ յանոնք ուժովցնելով փորձութիւններու դէմ, քան այն ծնողքը որ իր աղջիկը կարծեցեալ խստութեամբ մը կը պահէ եւ անոր կեանքը կը սահմանափակէ սնոտի եւ անիմաստ զբաղումներու մէջ։

Մեր կիները այս վերջին կեանքով միայն ապրած ըլլալնուն համար չէ՞ որ յուսախաբութիւններուն ամենէն անակնկալը կը պատճառեն։ Ամէնքս ալ մեր կարգին գինովցած հրապուրուած փայփայուած ենք հայ կնոջ առասպելական պարկեշտութեան գաղափարովը. անիկա տոհմային նախապաշարումը եղած է որ դպրոցէն սկսեալ ներարկուած է ամենուն մէջ, յետոյ կեանքի մէջ առաջին քայլերէն ուրիշ շատ մը նախապաշարումներու հետ ինկած է անիկա։ Այսօր այլեւս եթէ անկեղծ ըլլալ պէտք է, գիտենք թէ ի՛նչ արժէք ունի անիկա, եւ թէ հազուագիւտ է գտնել տուն մը որ առաւել եկամ նուազ ծածուկ վիճակի մէջ, իր երդիքին տակ չպարտկէ ինչ որ պարկեշտ մարդերը անբարոյականութիւն կը կոչեն։ Եւ ատիկա տարբեր կերպով չէր կրնար ըլլալ. մեր կեանքի պայմանները մեր ապրելու եղանակը բնականօրէն պիտի մղէին մեր ընտանիքները իրերու այդ վիճակին։ Եւ ճիշդ ուրիշ երկիրներու մէջ նոյն պայմաններով ապրող ընտանիքներէն են որ կ’ելլեն ամէնէն տկար եւ ճղճիմ հոգիները, վատառողջ փափաքները, ապօրինի տենջանքները։ Աղքատ ծնողքներէ սերած պչրուհիներն են որ ամենէն անխնայ մսխողները կ’ըլլան եւ սրտերնին փակ կը մնայ ամբողջ սերունդի մը սնանկութեան. անոնց կարծես իրենց զրկուած եւ կէս անօթի ապրած հայրերուն անկշտանալի ցանկութիւնը ունին իրենց երակներուն մէջ։

Այսպէս՝ ապրելու, վայելելու իրաւունքը որքան ալ խեղդուած ըլլայ, անիկա գոյութիւն ունի եւ ամէնէն ցուցտ եւ լճացեալ հոգիներու մէջ կարող է փոթորկիլ առաջին անգամ որ առիթը ներկայանայ. ինքնին ամէնէն սրբազան իրաւունքը բոլոր ապրող էակներուն համար՝ պէտք է զայն նպաստաւորել որպէս զի ուղիղ եւ առողջ ուռճանայ անիկա, փոխանակ ձգտելու որ իր վրայ գալարուած եւ սեղմումներէ, արգելքներէ խեղաթիւրուած վտանգաւոր ձեւով մը ինքզինքը յայտնէ։

Անոր համար որ ապրելու իրաւունքը իր բոլոր լայն ըմբռնումովը՝ կը վայելեն օտարազգի ուսանողուհիները, ամէնէն պարկեշտները կ’ըլլան նոյն իսկ ամէնէն ապականուած միջավայրներու մէջ, եւ հոս Studioի յօդուածին մանրամասնութիւններուն դիմելու պէտք չկայ ապացուցանելու համար որ ի՛նչպէս օրիորդ մը Բարիզի մէջ ապրելով՝ ամէն հսկողութիւնէ ազատ՝ բոլորովին կրաող է ինքզինքը պաշտպանել։ Անիկա ինքզինքը կը պաշտպանէ, որովհետեւ արդէն ատիկա առաջին պէտքն է մարդ էակին եւ ատոր համար պէտք չունի շատ մը իբր թէ պահպանող պայմաններէ շրջապատուած ըլլալու, քանի որ պէտքը կայ ինքը ընդունակ է միջոցները հայթայթելու. միայն այն ատեն անիկա անընդունակ կը դառնայ երս այդ միջոցները ուրիշներու կողմէ կը հայթայթուին եւ ատով իսկ իր բնածին ձիրքերը, իր հոգեկան կորովը կը խեղաթիւրուին կը տկարանան մինչեւ որ ջնջուին։ Մեծ քաղաքի մը մէջ մինակ ապրող աղջիկը գիտէ որ թէ՛ կարենայ աշխատելու համար եւ թէ ժամանակը հաճելի կերպով անցընելու համար պէտք է ընկերակիցներու հետ տեսնուի իր հանգիստի ժամերուն գլխաւոր հաճոյքն է կա՛մ իր մօտ ընդունիլ բարեկամները, կամ այցելութեան երթալու, այդ միջոցին արդէն ինքը տակաւ առ տակաւ կը վարժուի որոշել իւրաքանչիւրին բարոյական եւ մտաւոր արժէքը, գիտէ որ իր մօտը եկող ամէն բարեկամ միեւնոյն ատեն իրեն մօտեցող վտանգ ըմն օ որ վաղը կրնայ իր հանգիստը վրդովել եւ ինքը ըստ այնմ զինուած է բոլոր այդ անպատեհութիւններուն դէմ։ Մէկ խօսքով իր կեանքի պայմաններն են որ իր մէջ ուժովցնելով կենսական եւ առողջ յատկութիւնները, զինքը կարող կը դարձնեն հաճելիօրէն եւ օգտակար ձեւով մը ապրելու, մինչ միւս կողմէ մեր կեանքի պայմաններն են որ կը շինեն այն սնոտի, ճղճիմ եւ ամէն յանդուգն եւ ազնիւ ձգտումի ապիկար հոգիները, դիւրաբեկ բարոյականով եւ տգեղ մտածումներով տոգորուած, բոլորովին անկարող՝ երջնաիկ ապրելու եւ երջանկութիւն հայթայթելու ուրիշին։