Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Publicism  

ԿՆՈՋ ՏԻՊԱՐ ՄԸ

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ երբ առաւօտուն արթնցայ, իր անունը շրթներուս վրայ էր. ուրկէ՞ ուր առանց գաղափարներու որոշ յարակցութեան մը իր անունը, իր սիրելի եւ կորսուած անունը կը գտնէի գրեթէ գամուած ուղեղիս մէջ։ Գարնանային դիւրաբեկ եւ դեռ տժգոյն ճառագայթ մը բեկբեկուելով կը մտնէր պատուհանէս ներս ու մտածումս այնքան գրաւուած էր իրմով որ վայրկեան մը պատրանքը ունեցայ հանդիպելու իր տաք եւ գորովագին նայուածքին, որ հանդարտ շողիւնի մը մէջ հատնելու երեւոյթը ունէր ամէն անգամ որ անիկա հանդիպէր սիրելի դէմքի մը։

Ազնուական եւ պառաւ օրիորդ մըն էր անիկա. հակառակ իր տոհմիկ եւ նրբին գեղեցկութեանը որուն հետքերը մնացած էին իր թեթեւ մը խորշոմած դէմքին վրայ, անիկա մերժած էր սկիզբէն ո եւ է ամուսնութեան առաջարկ. զինքը իր առաջին երիտասրդութենէն ճանչցողները կը հաստատէին թէ այդ առաջարկները յաճախ շատ փայլուն եղած էին եւ կրնային ամենէն հպարտներու եւ դժուարահաճներուն նախանձը գրգռգլ, բայց Օրիորդ Եւգինէ այսպէս կը կոչէին զինքը ամենքը մերժած էր առանց վարանելու, առանց վայրեան մը հրապուրուելու. ի՞նչ անդարմանելի ցաւ մը բոյն դրած էր գորովագին եւ սիրազեղ սրտին մէջ. ի՞նչ վէրք մը կար հոն որ կ’արիւնէր միշտ անշուշտ, քանի որ զինքը տեսնողը անմիջապէս զգայնութիւնը կ’ունենար անամոքելի եւ ճակատագրական վշտի մը առջեւը գտնուելու։

Պատկանելով այն վաղանցուկ բայց գերազանցապէս փարթամ ընտանիքներէն մէկուն, իր ծնունդէն գրեթէ տեսած էր իր ընտանիքին արագօրէն բարձրանալը եւ առանց դադարի նոյնքան արագօրէն անկումը. իր մօտաւոր ազգականներուն մէջ՝ որոնք նոյն գլխի պտոյտ պատճառող բաղդի փոփոխութիւններուն ենթարկուած էին, կային որ բացարձակապէս ռամիկ մնացած էին, որովհետեւ իրենց ճոխութիւնը բաւական ատեն չէր տեւած որպէս զի բարերար ազդեցութիւնովը կազմաւորէր զիրենք։ Օրիորդ Եւգինէ ազնուական ծնած էր սակայն, ամէն բան իր վրայ կը հաստատէր այս բանը. իր արիւնին տկարութիւնը, մարմնոյն ձեւը, յօդուածներուն նրբութիւնը, երկայն եւ անձուկ ձեռքերը որոնք հանդարտ եւ անգործ սերունդի մը թափանցկութիւնը եւ փափկութիւնը ունէին, իր բարձր եւ խոհուն ճակատը, քունքերուն թեթեւ մը տափակութիւնը ու յօնքերուն անթերը գիծը որ ամբողջ դիմագիծերուն վրայ կը դնէր մաքրութեան եւ կանոնաւորութեան կնիքը. երկայն եւ թեթեկ մը արծուային ռնգունքը կիսադէմքին կուտար այն տեսակ մը խրոխտ ինքնավստահութիւնը որ բարձր նկարագիրներու միայն յատուկ է. մէկ անգամէն զինքը տեսնողը աւելի տպաւորութիւնը պիտի կրէր չյուզուող եւ նոյն իսկ անզգայ մէկու մը դէմ գտնուելու, այնքան կը զգայիր որ ինքը տէրն էր իր մկանունքներուն եւ ո եւ է արտայայտութիւն մը հոն չպիտի երեւէր. իր քիչ մը երկայն ձուաձեւ դէմքին վրայ այտերուն գիծերը որ խորշոմներու պէս թեթեւ մը կ’ակօմուէին վերէն վար ու շրթունքներուն անկիւնները ինչպէս աչքերուն ծայրերը յղկուն եւ անխորշոմ մնացած էին, գրեթէ մանկական. յայտնի էր որ նաիկա ոչ չափազանց լացած էր եւ ոչ ալ խնդացած, ու այս տպաւորութիւնը խորապէս կ’ազդէր տեսնողին վրայ, ոչ-մարդկային ցրտութիւն մը տալով իրեն եւ զոր ռամիկները եւ սովորական մարդիկ գոռոզութիւն կը կարծէին։

Այլ սակայն պէտք էր զինքը մէտէն ճանչնալ իր ընտանիքին մէջ, հասկընալու համար թէ այդ առերեւոյթ ցրտութիւնը ի՛նչ գորովանքի թանկագին գանձ մը կը պարունակէր. պէտք էր նայիլ անոր աչքերուն խորը զգալու համար այն խանդաղատանքը եւ անսահման գորովը որ իր անցնելու վրայ եղող շագանակագոյն աչքերէն կը հոսէր եւ գաղջ ու հեշտագին լոգանքի մը պէմ կը պարարէր հոգիդ, կը գրաւէր ամբողջ էութիւնդ գրեթէ ուրիշ բանի տեղ չձգելով հոն։ Ու իր յոգնած ու դալկացած շրթունքները որոնց առանց սիրազեղ համբոյրի մը թառամած էին, ի՛նչ անձկագին ցաւ մը կը պատմէին իրենց հանդարտ եւ անքակտելի լռութեամբը։ Օրիորդ Եւգինէի ծնողքը շատոնց մեռած էին եւ ինք միակ զակաը ըլլալով անոնց, առանձին մնացած պիտի ըլլար եթէ չ’ապաստանէր մերձաւոր ազգականներէ անոնց քով որոնք տղաքներ ունէին մեծցնելիք. ասիկա իր միակ հրայրքը մնացած էր եւ չափազանց եռանդով յանձն կ’առնօր պզտիկ տղոց դաստիարակութիւնը։ Թերեւս իր կեանքը ըմբռնելու բացարձակ եւ խիստ ձեւը, շատ ալ յարմար չըլլար իրմէ տարբեր նկարագիրներով խճողուած ընկերութեան մը մէջ ապրելու սահմանուած տղոց համար, թերեւս իր խրոխտ եւ ազնուական զգացումները, արժանապատուութեան եւ ինքնգիտակցութեան համա ունեցած շատ խիսը սկզբունքներովը որոնցմով կը ջանար կազմել իր ձեռքին տակ եղած տղոց խառնուածքները, մասամբ վնասակար արդիւնք ունենային այնպիսի սերունդի մը համար որ անհրաժեշտութեան մէջ է ճկուն, քիչ մը շատ ճկուն ըլլալու, գլուխ ծռելու ընկալեալ անհարազատ սովորութիւններու, ապրելու՝ աններելի բարքերով տոգորուած ընկերութեան մը մէջ. բայց այդ տղոց ծնողքը մտածելու ձեւ չունէին այս բաները եւ կուրօրէն վստահ էին Օրիորդ Եւգինէին վրայ։ Երբ զինքը ճանչցայ, արդէն մազերը մոխրագոյն էին եւ ալ բան չէր մնացած իր համբաւեալ գեղեցկութենէն, այլ սակայն անմիջապէս հրապուրուեցայ իր փայփայող աչքերէն, իր խորունկ եւ գորովագին նայուածքէն որ կարծես կը մխրճուէր էութեանդ մէջ, ճառագայթի մը պէս, եւ կը լուսաւորէր բոլոր մթին կողմերը քու խառնուածքիդ. անիկա ձեւով մը նչդրակը ու սպեղանին էր միանգամայն, իր քովը, իր պայծառ նայուածքին կախարդութեան ներքեւ է որ յամրօրէն զգացի կազմուիլը իմ մէջս տարբեր եւ դեռ ինծի անծանօթ զգացումներու ամբողջութեան մը որ միշտ պիտի մնար իմ հոգւոյս խորը եւ որ մասամբ իմ խառնուածքիս մաս պիտի կազմէր. իմ մանկական եւ քաոսային հոգւոյս մէջ իր հոգիէն բան մը անցած էր եւ պիտի մնար մինչեւ ետքը, ինչպէս իր սիրելի եւ ազնուական դէմքը պիտի մնար երեւակայութեանս մէջ իբր գերագոյն մտատիպարը դժբաղդ բայց հպարտ կնոջ։ Աւելի ուշ երբ կրնայի խորհրդածել։ կը մտածէի թէ ինչո՞ւ ինքն որմայրութեան անյագ մնացած տենջանքը կը ջանար գոհացնել ուրիշներու տղաքը սիրելով, ինչո՞ւ ինքը մերժած էր մայր ըլլալ. օր մը իրիկնամուտի ատեն իր սենեակը մտայ. կէս շուքին մէջ իր սեւ շրջազգեստը բոլորովին կը կորսուէր, դէմքը դարձուծաց էր դէպ ի պարտէզ եւ շահագրգռուած կը հետեւէր տղոց խաղերուն։ Դուրսի համեմատաբար լոյս մթնոլորտէն մէկէն մտնելով կէս մը մութ սենեակին մէջ միայն իր երկու ձեռքերը տեսայ. տժգոյն եւ երկայն ձեռքերը որ թուլօրէն կը հանգչէին սեւ շրջազգեստին վրայ. ճիշդ կը խորհէի. ինչո՞ւ ինքը մերժած օ մայր ըլլալ, եւ ի՞նչ մայր մը կրնար ըլլալ եթէ ուզէր, եթէ ուզէր այո՛, ասկէ քանի մը տարի առաջ. ու իր ակամայ ամլութեան սուգը չէ՞ որ կը կրէ իր ամբողջ կեանքին մէջ, ի՞նչ ցաւ, ի՞նչ կարօտ, ի՞նչ անդարմանելի վիշտ մը զինքը արգիլած է իր բնական կոչումին հետեւելու. ու կը դիտէի իր ձեռքերը, սեւեռած նայուածքով մը. թերեւս կը խորհէի վերջապէս՝ իր սպառած եւ տկար արիւնը ի նկատի առնելով չէր ուզած զաւակ ունենալ, իրմէ եկած սերունդը ո՞վ գիտէ ինչ ճակատագրական անկման մէջ պիտի ըլլար ու թերեւս ալ իր փայփայուած, շփացած երիտասարդութեան մէջ, որոշակի գիտակցութիւնը ունեցած է թէ զինքը շրջապատողներէն ոչ ոք պիտի կրնար փափաքուած այն կատարեալ միութիւնը կազմել որուն կը տենջար անկարակոյս իր բացարձակին ծարաւի հոգին։

Երբ ասդին դարձաւ իր դէմքն ալ ձեռքերուն պէս տժգոյն էր, հիւանդագին տժգունութիւնով մը. լոյս ուզեց. երբ վերադարձայ, մտածկոտ եւ ինքն իր մէջ ամփոփուած մեքենաբար կը խաղար ոսկի շղթայի մը հետ որ վիզէն վար կախուած էր եւ որ կը կրէր ոսկեայ թրէֆլը մը. կ’ըսեն թէ թրէֆլը բաղդ կը բերէ. ա՜հ իրաւամբ դեռ ի՞նչ բաղդի կըսպասէր ինքը, սպառուած ու տկար, տաժանելիօրէն անցնելէ ետքը իր միաւորիկ եւ տխուր կեանքի մէջէն. ո՞վ գիտէ. ամենէն յուսահատները յոյսի նշոյլեր ունին ու ոսկիին ցոլքերը սակայն յոյսերու պէս կը թռչկոտէին կուրծքին վրայ։

Տարիներ անցած էին անկէց ի վեր. իր դաստիարակած տղաքներէն ոմանք կանուխէն գացած են արդէն հանգչելու հին գերեզմաննոցին մէջ, ուրիշները կը հետեւէին իրենց ճակատագրային բաղդին, անոնցմէ ոմանց համար կ’ըսեն թէ երջանիկ ինչպէս ուրիշներուն համար՝ թէ դժբաղդութիւններ ունեցած են, որո՞նք աւելի երջանիկ եղած են, անո՞նք որ իրենց հոգւոյն խորը պահեցին իր ազնուական սկզբունքներուն դրոշմը, անոնք որ մտադրեցին սրտով բեւ հոգւով արի ըլլալ, տեղի չտալ ստորութիւններու, գձձութիւններու։ Ես կը տարակուսիմ։

Ու անկից ի վեր ի՞նչ եղաւ ինքն ալ որ տարած էր իր տոհմիկ եւ տարաբաղդ օրիորդի ամուլ կեանքը. իր ձեռքին տակ ի՞նչ նոր մատղաշ գլուխներ ունի. եւ թէ դեռ կը շարունակէ՞ իր նուիրական դերը անգիտակից մարդերու մէջ որոնք երբեք չպիտի հասկնան զինքը եւ թերեւս դեռ մինչեւ այսօր կը շարունակեն գոռոզ եւ անմատչելի կարծել զինքը։

Բոլոր այս հարցումները որ միտքս կը խուժեն միեւնոյն ատեն տխրութիւնով կը լեցնեն զիս. եթէ ուզեմ անմիջապէս կրնամ տեղեկանալ, բայց նախազգացում մը զիս կ’արգիլէ ստուգելու իմ տարակոյսներս ու կը նախընտրեմ մնալ անորոշին, տարտամին մէջ, ներքնապէս պահելու համար զինքը նորէն անգամ մըն ալ կարենալ տեսնելու տաք յոյսը։