Սպասման սրահին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Քանի մը օրէ ի վեր միօրինակ եւ ցուրտ անձրեւ մը կ’իջնէր քաղաքին վրայ. ամպամած երկինքը փոթորիկներով լեցուն՝ կը ցածնար կարծես, մինչեւ ճնշելով տանիքները որոնց վրայէն ծխնելոյզները ա՛լ աւելի սեւ՝ կը մխրճուէին մշուշին մէջ։ Պուլվարին վրայ ծառերը արդէն տերեւազուրկ՝ անորոշ գիծեր կ’ուրուագծէին եւ հեռաւորութիւններու մէջ իրենց ձեւերը բոլորովին կ’աւրուէին գորշ եւ խիտ մառախուղին մէջ։

Մաթէրնիթէ հիւանդանոցին մուտքին մէջ պատսպարուած՝ երկու կիներ իրենց մանկիկները թեւերնուն վրայ՝ կը խօսակցէին.

Ի՞նչ ունիս Տիկին Էվա, կը հարցնէր նիհար եւ բարձրահասակ կին մը՝ վաղահաս ձմեռին դէմ անպատսպար, ակռաները սեղմելով։

Տիկին Էվա իբրեւ պատասխան գլուխը շարժեց տխրութեամբ. բաւական վայելուչ սեւ շրջազգեստ մը հագած էր անիկա եւ մազերը խնամքով յարդարուած էին. աւելի երիտասարդ եւ աւելի թարմ քան իր խօսակիցը եւ հակառակ ընկճուած երեւոյթին չես գիտեր ինչ մը ունէր հրապուրիչ եւ նոյն իսկ խրոխտ. իր թեւերուն վրայ պզտիկ աղջիկը կը քնանար եւ մէկ բազուկէն կախուած էր պարապ ֆիլէն։ Էվա այնքան անսահման դառնութեամբ մը լեցուած էր որ չկրցաւ խոսիլ մէկէն եւ տարտամ բառեր միայն արտասանեց.

Ա՜խ Տիկին Լըռու, Տիկին Լըռու…

Ստորին խաւերու յատուկ՝ դիւրին փղձկումով Տիկին Լըռւկ գոչեց մէկէն.

Հէ՛. ըսի նայիմ, աղջիկդ հիւա՞նդ է. բայց մանկիկը, մաքուր գոյներով աղեկ մը հանդարտ կը քնանար միշտ։

Էվա դիմացը պիշ կը նայէր, իր արցունքով լեցուն սեւ բիբերուն մէջ այնքան անձկութիւն կար որ կարծես իրենց շրջանակէն պիտի յորդէին. շրթունքը տժգոյն, խօսելու անկարող կը դողդղային. հազիւ թէ թոթովեց։

Կաթէն զրկեցին մանկիկս…։

Ա՜հ, անսիրտները, մրմնջեց Տիկին Լըռու, եւ կարծես իր տղան պահպանելու համար ակներեւ վտանգէ մը, զայն կուրծքին վրայ սեղմեց ու մազերը համբուրեց մեղմիւ, յետոյ շտապելով դէպ ի ներս անգամ մըն ալ նայեցաւ դժբաղդ մօրը.

Ցտեսութիւն Տիկին Էվա, մի՛ յուսահատիր։

Ցտեսութիւն Տիկին Լըռու։

Ինչպէս ուրիշ կարգ մը հիւանդանոցներու մէջ՝ Մաթէրնիթէի մէջ ալ դիեցնելու անկարող մայրերու կաթ կը բաշխէին տղաքներու խիստ շատ մահուան առաջքը առնելու համար, բարեգործական ընկերութիւններ եւ երբեմն առանձին անհատներ գումարներ յատկացուցած են այս կարեւոր պահանջը լրացնելու համար, ամէն առաւօտ մայրեր կուգային հոնկէ ստանալու շիշերու մէջ մասնաւոր կերպով պատրաստուած կաթը եւ շաբաթը մէկ անգամ այդ կաթով սնած տղաքը կը բերուէին հիւանդանոց՝ որպէս զի կշռուին եւ բժշկական քննութենէ մը անցնին։

Տիկին Լըռու սանդուղներէն վեր կ’ելնէր մռլտալով.

Ի՞նչ կ’ուզեն ըսեն, երբ մարդը խեղճ է աւելի աղէկ է որ մեռնի իր աղքատ սենեակին մէջ… սիրտը ճզմուեցաւ սա խեղճ կնիկը տեսնելով աս ցուրտին առանց կաթի, անօթի տղան թեւերուն վրայ…

Եւ շաղակրատելու պէտքէն մղուած դեռ սանդուղներուն վրայ՝ հանդիպածին պատմեց եղածը.

Գիտէ՞ք, սա Տիկին Էվան, կարծեմ օտար մը, որ այնքա՛ն կը սիրէ իր զաւակը, կաթէն զրկեր են։

Բայց ո՞վ արդեօք պատճառ եղաւ։

Երրորդ մը մէջ մտաւ.

Կարծեմ թէ խնդիր ունեցան օրիորդ Լէօնդինին հետ։

Ա՛հ ջլդիկը… չուզեր յիշեր թէ ուրկէ եկած է եւ ասանկ բաներ կ’ընէ խեղճ կիներուն…

Բայց ի՞նչ ընես. միշտ այսպէս է. ամենէն դժբաղդները աղքատներն են որ յետոյ ամենէն կարծրասիրտները կ’ըլլան խեղճերուն…

Մէկէն խարազանուած իրենց զսպուած բողոքներուն մէջ հոն հաւաքուած կիները յօշոտեցին օրիորդ Լէօնդինի կեանքը։ Անտարակոյս կը ճանչնային այդ փողոցի աղջիկը. առտու մը ողորմելի եւ յղութենէն պայթելով չես գիտեր ուրկէ վաստկուած այդ տղան ալ հիւանդանոց հասեր էր. հոն զինքը քաշքշեր էին ամէն կողմ, ստիպուեր էր ոտքի վրայ մնալ գրասենեակներու մէջ ճիշդ ուրիշի մը նման. սպասած էր նստարաններուն վրայ առանց բերանը բան մը դրած ըլլալու ու ճակատած էր բոլոր ցաւերուն եւ ամօթին՝ ապօրինի մայրութեան մը. կը հասկնա՞ք. իր տղուն համար որուն հօրը անունը վստահօրէն չէր գիտեր, անորոշ եւ դողդոջուն ապագային համար եւ ահաւասիկ բաղդը ունեցած էր մեռած հրէշ մը աշխարհ բերելու. անկէց ի վեր Մաթէրնիթէի մէջ մնացած էր իբրեւ հիւանդապահ. հիմա կաթ առնելու եկող կիները ծառայելու պաշտօնը ունէր. ու այնքա՜ն չար էր իրենց կաթէն զրկուած խեղճ մայրերուն համար։

Երբ Տիկին Լըռու սպասման սրահը եկաւ՝ 20է աւելի կիներ հասած էին արդէն, անձրեւին պատճառաւ պատուհանները գոց էին եւ սեղմուած ու ապականուած մթնոլորտին մէջ պզտիկները կը ճղային, կը գոչէին կուլային, դայեակ մը կշիռին քով կեցած տղայ մը կշռէր որ առանց դադրելու սարսափի աղաղակներ կ’արձակէր, աչքերը լեցուն, ամբողջ մարմնովը դողդղալով։ Անդին ուրիշ մը կապուտ հազէ բռնուած կը խղդուէր տագնապի մը մէջ. կիներէն ոմանք բողոքեցին…

Ի՛նչ ապուշ բան է մեզի հոս բանտարկել մեր տղոց հետ, ինչպէս անասունները ախոռի մը մէջ։

Ու այդ տղան որ կը հազայ, ա՛խ…

Վերջապէս եթէ քիչ մը միջոց ունենայի ես չպիտի գայի տանջուիլ այս դժոխքին մէջ…

Հակառակ զով օդին այնպիսի խեղդող տաքութիւն մը կար սրահին մէջ որ ապակիները շոգիէն ճերմկած էին… Քանի մը տղաք արդէն մերկ՝ կը ճուային, սպասելով դայեակին որ պահ մը ներս գացած էր. անդիէն մուտքի դուռը մէկէն բացուեցաւ եւ փողոցի մառախլապատ ցուրտ օդը խուժեց տաք սրահին մէջ։

Տղաքնիդ ցացկեցէք պօռացին ոմանք։

Տղաքը կրնան շատ աղէկ թոքատապէ բռնուիլ, գոչեց շիկահեր եւ նիհար դէմքով կին մը։

Ու անկարող բողոքներ, հեծեծանքներ ամէն կողմէ լսելի եղան։

Լռեցէք, տիկիններ, գոչեց դայեակը ներս մտնալով եւ մէկէն լուռ միջոցին մէջ թիւ մը պօռաց… 4860 կրամ։

Ա՛հ, խեղճ պզտիկս, լսելի եղաւ ձայն մը. յետոյ հեծկլտանքներ։

Նստարանին վրայ մայր մը դողդղացող մատներով կը հագուեցնէր տղան. անոր վտիտ անդամները այնքան տժգոյն էին որ կարծես կը ցոլացնէին ոսկորերուն դեղնութիւնը. ծունկին վրայէն խոշոր գլուխը միայն վար էր կախուեր եւ կը տատանէր մօրը ըրած ամէն մէկ շարժումին հետ. գրեթէ պառաւի մը դիմագծութիւնը ունէր արդէն, այնքա՛ն խորշոմներ կային իր խոռոչացած այտերուն եւ տափակ քունքերուն վրայ. միայն աչքերը տարապայման եւ անգիտակից ցաւով մը լեցուն ամբողջ վատթարացած սերունդի մը ախտաւոր անձկութիւն կը կրէին իրենց մէջ…

Չպիտի ապրի, չպիտի ապրի կը կրկնէր մայրը. ասիկա հինգերորդն է արդէն. ամենքն ալ այսպէս կորսնցուցած եմ… երկու երեք ամիս աղէկ կ’երթան յետոյ մէկէն ցաւը կը գրաւէ զիրենք։

Քանի մը մայրեր շուրջը հաւաքուած զինքը կը ջանային մխիթարել…

Քաջութիւնդ մի՛ կորսնցներ Տիկին Լուիզ. մեծ բան մը չունի աս տղեկը, պիտի տեսնես որ ինքզինքը պիտի գտնայ։

Բայց ան մտիկ չընելով անօգուտ մխիթարութիւնները գլուխը կը շարժէր յամառութեամբ եւ տգէտ կնոջ խորհրդաւորութեամբ կը կրկնէր.

Ամէն բան ըրի այս վերջինը գոնէ պահեքու համար. բայց չպիտի ապրի, չպիտի ապրի. անծանօթ ցաւ մըն է ասիկա, կը տեսնէ՞ք. ամէնքն ալ այս ձեւով մեռած են. առանց որոշ հիւանդութեան օր օրի կը սկսին մաշիլ, հատնիլ մինչեւ որ կմախք մը մնայ եւ այն ատեն աչքերնին կը գոցեն լռիկ… դեռ այսօր 200 կրամ կորսնցուցեր է։

Եւ մէկէն իր վշտահար մայրութեան յուսահատութութենէն բռնուած մոլեգնաբար սկսաւ լալ. բռունցքը ցուցնելով երկնքին եւ երբեմն խենդի պէս համբուրելով հիւանդ մանկիկը.

Ալ վերջինը պիտի ըլլայ ասիկա. հինգ գերեզման պիտի ունենամ սրտիս մէջ… ա՜խ խեղճ պզտիկ աղջիկս։

Մազերուն մէջ ճերմակներ կային արդէն եւ իր մատղաշ զաւակներուն պարբերական կորուստները դէմքը ծերացուցեր էին բոլորովին. մինակ աչերուն մէջ անմարելի հրայրք մը կար, անզսպելի բողոք մը ապարդիւն երկունքներուն համար իր անկարող մայրութեան. խեղճ կինը բռունցքը կողերուն կը զարնէր ցնորական յուսահատութեան մը մէջ.

Մեռնելէ ուրիշ բան չմնար ընելիք երբ մարդ չկրնար առողջ տղայ մը ծնիլ, ապրելու կարոէ։

Հիւանդ տղան գլուխը միշտ կը տատանէր ծունկին վրայ մօրը ըրած շարժումներէն եւ երբեմն աչքերը կը բանար, իր ցաւագին եւ խորունկ աչքերը ու պահ մը նայելէ ետքը մօրը արցունքներուն կարծես հասկնալով անոնց անամոքելի դառնութիւնը՝ կը փակէր նորէն դանդաղօրէն։

Սրահին մէջ ամենքը լուռ մտիկ կ’ընէին երբ ետեւի կողմէն դուռը բացուեցաւ եւ Լէօնդին երեւցաւ բեռնաւորուած՝ կաթով լեցուն շիշերով.

Շուտ, տիկիններ, աճապարեցէք պարապ շիշերը տուէք։

Մէկիկ մէկիկ ներկաներուն անունները կուտար, անհամբերութենէն ձեռքը սեղանին կը զարնէր եւ ի հարկին չէր խնայեր ամենէն վիրաւորիչ խօսքերը։

Բարակ շրթունքներով եւ կարծր նայուածքով աղջիկ մըն էր ասիկա. սեւ մազերը կ’աւելցնէին դէմքին խստութիւնը ու անողոք արհամարհոտ բան մը ունէր իր խօսքերուն եւ շարժումներուն մէջ.

Չաճապարե՞ս Տիկին Լալօք, չը լմնցա՞ւ շատախօսութիւնդ. շո՛ւտ... պարապ շիշերը։

Գիրուկ կին մը յառաջացաւ եւ անխօսուկ շարեց շիշերը. Լէօնդին կարեւոր բան մը ընելու ծիծաղելի լրջութեամբ համրեց զանոնք եւ մէկէն պօռաց ձեռքը սեղանին զարնելով.

–Ինձի նայէ՛, կնիկ, շիշ մը պակաս է.

Իմ անունս կնիկ չէ...

Իմ հոգս չէ, ինչպէս կ’ուզես այնպէս կոչուէ՛, բայց պակսած շիշը ետ դարձուր։

Չունիմ, կոտրեցաւ։

Ա՜հ, ինծի այսպէ՞սկը պատասխանես լի՛րբ, դուն հիմա կը տեսնաս։

Լիրբը դուն ես։

Կզակնին իրարու ցցած իրարու արասին կը պօռային. եւ բառերը հետզհետէ աւելի խածնող աւելի վիրաւորիչ կը դառնային։

Լէօնդին եզրակացուց.

Ամենքա ալ ասանկ են աս կնիկները.

Աս կնիկները՛...

Եւ որովհետեւ ամենքը մէկ կատաղօրէն սկսան բողոքել՝ վիրաւորուած իրենց աղքատ մայրութեան մէջ եւ անկարող իրենց զաւակը սնուցանելու, դայեակը միջամտեց։

Լռեցէք տիկիններ, ամօթ է այսպէս կռուիլը։

Խուլօրէն կիները իրերու մէջ փսփսացին.

Իրա՛ւ ալ քաշուելիք բան չէր. քանի մը պզտիկ շիշ կաթ տալու համար իրենց տղոց, ի՛նչ արհամարհանքներու տոկալու էր, թուքին մուրին գլուխ ծռելու էր։

Լէօնդին միշտ սրտմտած կը կրկնէր.

Կը տեսնէ՛ք, տեսուչին սենեակը պիտի երթամ ձեզի համար բողոքելու.

Գնա՛ ուրիշ բան ընել տեսուչին սենեակը. քեզի համար աւելի աղէկ կ’ըլլայ որ քիչ մը կը հանդարտիս։

Աղտոտ խօսքեր ցեխի կայլակներու պէս օդին մէջէն անցան եւ լպիրշ ընդհանուր խնդուք մը խեղդեց ձայները. Լէօնդին եւ Տիկին Լալոք ալ աւելի կատղած իրարու կը պատասխանէին. թէեւ երկայն սեղան մը զիրար կը բաժնէր բայց իրարու վրայ խոյանալու ձգտումով գլուխնին մօտիկցուցած էին ու բերան բերնի կը պօռային, իրարու երես գրեթէ թքնելով։

Քնացած պզտիկները արթնցան սուր ճիչեր արձակելով. կապուտ հազէ բռնուած տղեկը մոլեգնաբար կը հազար ամբողջ մարմնովը ցնցուելով տագնապալի գալարումներու մէջ մինչ թանձր լորցունքը կը վազէր մօրը կուրծքէն մինչեւ գետինը. բայց ամենքը մէկէն անանկ մը գրգռուած էին իրենց ուղղուած անիրաւ հայհոյութիւններէն որ՝ բարկութենէ սերսռուն՝ փոյթ չէին ըներ իրենց մանկիկներով զբաղիլ եւ վզերնին կ’երկնցնէին ջղաձգօրէն ամէնքը պօռալու եւ զիրար զբկտելու պատրաստ։

Յանկարծ Լէօնդին աներեւութացաւ։

Սրահին մէջ պահ մը շուարած լռութիւն մը տիրեց. մայրեր շտապով կ’օրօրէին իրենց տղաքը ծունկերնուն վրայ եւ ընդհանուր տագնապը կ’երեւէր միայն դեռ ասդին անդին դողդղացող շրթունքներէն, բարկութենէ կարմրած ճակատներէն ու ձգտուած երակներէն։

Անհանգստութեան ու վախի մթնոլորտ մը կար հիմա, ամենքն ալ զգացին թէ պէտք եղածէն աւելին ըսած էին եւ իւրաքանչիւրը կը թուէր կշռել իր խօսքերուն պատասխանատուութիւնը որ կրնար իր զաւակը զրկել կաթէն։

Անդին տղան յամառութեամբ կը հազար եւ մայրը ամէն ջանք ընելով զայն ամոքելու սրտնեղ եւ յուսահատ կը կրկնէր մեղմ ձայնով մը որ հեծեծանքի, գրեթէ լացի մը երկնցող եւ հատկլտող շեշտը ունէր հետզհետէ.

Հանդարտէ սիրելիս, հանդարտէ՛։

Հազիւ թէ հինգ վայրկեան անցեր էր երբ Լէօնդին սպասման սրահը մտաւ դռնապանին հետ. անիկա գոհ եւ հանդարտ երեւոյթ մը ունէր. մատովը ցուցուց Տիկին Լալօքը եւ դռնապանին ըսաւ.

Ահաւասիկ սա կինն է։

ԱՄենքը ապշած կը նայէին։

Դռնապանը խոշոր brute մըն էր, երկայն պեխարով. եզի հանդարտ քայլերով յառաջանալով կիներուն մէջէն եկաւ Լալօքի քով եւ ուսէն բռնելով ոտքի վրայ հանեց.

Տեսուչը ինծի հրամայեց քեզ վռնտել։

Այդ միջոցին սրահը լուռ էր բոլորովին. տղաքը պօռալէն յոգնած առաստաղին կը սեւեռէին իրենց նայուածքը եւ դռնապանին այս խօսքերը կապարի ծանրութեամբ ինկան միջոցին մէջ, ոչ ոք քաջութիւնը ունեցաւ բողոքելու. միշտ ընկճուած եւ զրկուած մարդերու յատուկ վատութեամբ շրթունքները փակ մնացին, մինակ Տիկին Լալօք շուարումէն կարմրած կը թոթովէր.

Բայց ինծի հրելու պէտք չկայ, ձգեցէք ինծի... ես կ’ելլամ։

Դռնապանը մտիկ չէր ըներ եւ միշտ կոպտութեամբ կը հրէր կինը խճողուած սրահին մէջէն. Տիկին Լալօք իր կիսամերկ աղջնակը մէջքէն բռնած էր մէկ թեւով եւ կը վարանէր դուռը բանալու. դուրսը ա՛յնքան ցուրտ ու մառախլապատ էր ու տղան գրեթէ մերկ. բայց դռնապանը դուռը բացաւ եւ այնպիսի ուժգնութեամբ մը դուրս հրեց խեղճ կինը որ գնաց քովնտի պատին զարնուեցաւ անիկա. տղան ցաւագին ճիչ մը արձակեց.

Ա՜հ, աղջիկս, աղջիկս...

Ձայնը մարեց սանդուղքներուն վրայ ու պահ մը ետքը դրանը ետեւէն մինակ մառախուղը կ’երեւէր թանձր եւ գորշագոյն...

Կիներէն ոմանք հառաչեցին։

Լէօնդին անայլայլ կեցած էր հոն եւ քթին տակէն կը ժպտէր. մէկէն չոր եւ անողոք ձայնը բարձրացաւ։

Շո՛ւտ տիկիններ, աճապարեցէ՛ք...

Պարտէզին մէջ գայլախազները կճոտացին եւ Լէօնդին ետին դարձաւ ընդհատուած. կիսաբաց դռնէն կը տեսնուէր բարձրահասակ եւ խրոխտ երեւոյթով անձի մը կնոջ մը հետ անցնիլը. քանի մը դայեակներ, օգնական բժիշկներ կ’ընկերանային անոնց։

Ամենքը կարծես ամոքուած սրտագին ըսին.

Բժշկապետն է... ա՜հ, բժշկապետն է։