Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԻՒՀԵՆՏԻՍԵԱՆ

Յովհաննէս Միւհենտիսեան, ձուլիչ, փորագրիչ, ոսկերիչ, թղթադրամնե­րու արարիչ, տպարանապետ, երեսփոխան, Սամաթիա ծնած է 1810 փետրուար 21֊ին. այսինքն այն ամսուն` որու մէջ, կ՚ըսէ չգիտեմ ո՛վ, կիները քիչ կը խօսին:

Հազիւ չորս տարեկան կար, երբ իմացուց ծնողաց, որ ինք այն մարդերէն է, զորս նախախնամութիւնը ստեղծած ժամանակը ստեղծող ոգիով մը կ՚օժտէ եւ վերջը թող կու տայ, որ ուրիշներէն միշտ խաբուին: Այդ տարիքին մէջ էր Միւհենտիսեան, եւ օր մը մեղրամոմէ կանթեղ մը շինեց, եւ տեսաւ Միւհենտիսեան, որ բարի է: Իւր յաջողակութենէն քաջալերուած` կանթեղն աւրեց եւ անոր տեղ պզտիկ կատու մը շինեց: Օր մը ետքը կատուէն ընկուզենի մը շինեց, եւ հետեւեալ օրն ալ ընկուզենին դդումի այլափոխեց: Այս ամէնուն մէջ կատարելապէս յաջողելէն ետքն` ըսաւ. մարդ մ՚ալ շինենք մեղրամոմէ եւ դդումն առնելուն պէս՝ մարդու բարեփոխեց զայն, եւ իւր արարչագործութիւնն կատարեալ եղաւ:

Հայրը տեսնելով, որ իւր տղուն ձեռները հանճար ունին, միշտ կը քաջալերէր զինքն, երբեմն նուէր տալով եւ միշտ խրատ:

Եօթներորդ տարուան մտնելուն պէս թաղային վարժարանը ղրկուեցաւ, որ նախնական ուսումներն առնէ: Արդէն այդ թուականին վարժարանները հիմակուաններուն պէս նախնականէն ուրիշ բան չունէին տալու. երբեմն նախ­նականն իսկ կը պակսէր: Միւհենտիսեան շարունակ աշխատելով կատարե­լապէս սորվեցաւ Սաղմոսը, Կտակարանը եւ Նարեկը, որոնք ընթերցանութեան երրորդութիւն մը կը կազմէին այն ատենները:

Երեկոները տուն դառնալուն պէս ծունկ կը չոքէր հօրը առջեւ, որ իբրեւ զբօսանք բաներ կը սորվեցունէր իրեն. զոր օրինակ` գաւաթ մը չափել եւ որչափ ջուր առնելը գտնել, օքթան ըսուած գործիքով իրթիֆայ առնել, ժամը քա­նի՛ ըլլալն գիտնալ եւ արեւուն ծագումը գտնել: Օքթանը այսօր բնաւ չգործած­ուիր, վասն զի ամէն մարդ իւր փորէն կարող է գուշակել ժամը քանի ըլլալը:

Երեկոյեան աշխատութենէ աւելցած ժամերն ալ պարապ չէր անցուներ, ձայնագրութեան դաս կ՚առնէր նոթաճի պապա Համբարձումէն, որուն կենացը վրայօք ոչինչ գիտենք այսօր: Այնքան կը սիրէր տիւմթեք ով խաղ կանչելն, որ ամէն մէկ երգին բանթալոն մը կը պատռէր, այնքան ուժով կը զարնէր ծունկերուն. եթէ ամբողջ ֆապ մը տիւմթեք ով կարդալու ըլլար` տասներկու հատ բանթալոն պէտք կ՚ըլլար: Հայերէն ձայնագրութեան մէջ հսկայաքայլ յառաջ երթալէն ետքը` եւրոպականն ալ սորվեցաւ, ուսկից փափաք եկաւ վրան դաշնակ զարնելու: Եթէ չենք սխալիր, ինք առաջինն եղաւ ազգին մէջ դաշնակ զարնող: Այն ատենները դաշնակն շատերու անծանօթ նուագարան մը ըլլալով` անոր ձայնն առնողները փողոցին մէջ կը շարուէին եւ մտիկ կ՚ը­նէին: Դաշնակ զարնելը բան մը չէ, աղէկ զարնելը բան մ՚է, եւ Միւհենտիսեանի մատներն այնքան վարժ էին, որ դաշնակին դպչելուն պէս՝ անոր ձայ­նէն կը զմայլէին եւ թռչտելով կու գային տանիքներու վրայ կ՚իջնային ագռաւ­ներն, վասն զի այն ատեններն սոխակ չկար. միայն սոխակ մը կար դրաց­ւոյն տունը, որ իւր գեղգեղանքներովն կը պատասխանէր. բայց ափսոս, որ այն սոխակն ալ մեր բախտէն Արքատիի էր: Այնուամենայնիւ Արքատիի սո­խակն էր, որ Միւհենտիսեանի փառքը կ՚աւելցունէր, ոչ թէ անոր համար, որ աւանակին ձայնին քով դաշնակինը բարձր տեղ մը կը բռնէր, այլ անոր հա­մար, որ դաշնակով աւելի դժուար է իշու զգացումները արթնցնելը՝ քան թէ սոխակի մը: Միթէ պերճախօսութեան արհեստին մէջ ալ այսպէս չէ՞… Զգա­յուն սիրտ մը յուզելու համար Տեմոսթենէս շատ է, իսկ անզգաները յուզելու համար` Կիկերոններ քիչ են: Կրակն միեւնոյն կերպով չներգործեր բամբակի եւ ապառաժի վրայ: Սովեալներու համար հրատարակուած սրտաճմլիկ եւ աղե­խարշ նամակներն այնչափ կ՚ազդեն անզգայ հարուստներու վրայ, որչափ փոք­րիկ կայծ մը` ապառաժի մը վրայ: Ա՛լ դիւրին է գուշակել, կարծենք, որ Միւ­հենտիսեան քաջ դաշնակահար մ՚էր:

Երաժշտական ճիւղին մէջ դաշնակահարութեամբ չշատացաւ. եւրոպա­կան ձայնագրութենէ լուսաւորուելով` հայկականին մէջ եղած թերութիւններն ուղղեց. ձայնագրութեան կանոնները պարունակող տետրակ մը շինեց եւ յե­տոյ, երբ տպարանապետ եղաւ, նոյն նոթա ներուն հայր եւ մայր գիրերը պատրաստեց, բայց պարագաները թող չտուին, որ այդ հայր եւ մայր գիրերն իրենց զաւակներն ի լոյս ընծայէին: Ասոնցմէ զատ ունի նաեւ շինած պզտիկ երգեհոն մը, որ էվիճը կը պարունակէր իւր բեշրեֆ ովն, պեսթէ ովն, շարքի ներովն եւ սեմայի ովը:

Եւ որովհետեւ երգեհոնով էվիճի ֆասլը եղանակելն հաց չտար մարդուս, Միւհենտիսեան ոսկերչի մը քովը մտաւ: Իւր բնատուր ձիրքովն քիչ ժամա­նակի մէջ յառաջ գնաց սատեք ե արութեան մէջ: Ինչ որ մեղրամոմէ կը շինէր պզտիկութեան մէջ` արծաթէ եւ ոսկիէ շինել սկսաւ: Ազգային բոլոր նշանաւորներուն գործերն կը շինէր, եւ ամէնուն սէրն ու համակրութիւնը գրա­ւած էր:

Ադամին գործած յանցանքը նկատողութեան առնելով՝ կ՚ըսեմ, թէ արժանի էր, որ իւր ճակատին քրտինքովն ապրելու դատապարտուէր եւ ոչ թէ շատ մը պէյ երու կամ էֆենտի ներու պէս մեր ճակատին քրտինքովն ապրելով` Վոսփորի ծովափունքին վրայ պալատի պէս տուներու մէջ Եւան քովն առնէր եւ փափուկ բազմոցներու վրայ նստէր: Նոյնպէս օձին ալ խորամանկութիւնը տեսնելով, կ՚ընդունիմ` թէ գետնի վրայ սողալով քալելու պատժոյն ենթարկուելու էր, եւ ոչ թէ մեզի պէս կանգնելով քալելու էր, ինչպէս կը քալէր անշուշտ առաջ. բայց երբ Միւհենտիսեանի բարի վարքը կը դիտեմ, հետաքրքիր կ՚ըլլամ հաս­կնալու, թէ ի՞նչ մեղք գործած է արդեօք, որ տպարանապետ ըլլալու ծանր պատիժը կրելու դատապարտուած է: Գիտէք հարկաւ, որ մեր ազգին մէջ տպարանապետ ըլլալն անանկ ծանր պատիժ մ՚է, որ ոչ սողալով քալելու կը նմանի, ոչ ալ ճակատի քրտինքով ապրելու պատժոյն, որուն այսօր ամէնքս ալ կը փափաքինք եւ չենք կարող արժանի ըլլալ…— ինչ որ պատիժ էր Ադա­մայ օրով` վարձատրութիւն կը համարուի այսօր Պոլսոյ մէջ: Ադամ արգիլեալ ծառէն կերաւ, ետեւը բացուեցաւ եւ վերջէն թզենիով գոցուեցաւ. պատասխան տուէք ինձ, ո՛վ պատմագէտներ, այս տպարանապետներն այդ արգիլեալ ծառն ամբո՞ղջ կլլեցին, որ իրենց ետեւը միշտ բաց է եւ բնաւ չգոցուիր… հապա դա­սատուները, որ բան մը կերած չունին խեղճերը… հապա խմբագիրներն, որ միսի վրայ գաղափար չունին, ինչպէս կոյրերը գոյնին վրայ: Պատասխան չէք տար. ես ալ չեմ ուզեր, թող աս ալ Լոյսի բաժանորդագիններուն քովն եր­թայ, երբ որ Լոյսի շրջանն լրանայ` այն ատեն կու տաք: Մենք Միւհենտիսեանի դառնանք:

1839֊ին ազգը Արապեան տպարան մ՚ունէր միայն, եւ Մանուէլեան կը փա­փաքէր տպարան մը հաստատել Ճեմարանի մէջ, որ նոր բացուած էր: Ման­ուէլեան իւր այս փափաքը կը հաղորդէ Թադեւոս Տիւիթճեանի, որ Բերա ելնե­լով հրէայ փորագրիչ մը կը գտնէ եւ հայերէն հայր գիրեր շինել կու տայ անոր: Տիւիթճեան կը տեսնէ, որ այդ հրէին շինած գիրերը հայերէն չէին, այլ տար­բեր ձեւով ու ճաշակով խել մը նշաններ, որոնք անոնց գործին միայն կու գայ, որ կը փափաքին նոր լեզու մը ստեղծել: Տիւիթճեան կը ստիպուի հրաժարիլ այս ձեռնարկութիւնէն եւ Միւհենտիսեան Խաչատուր Միսաքեանի թելադրութեամբ եւ ընկերակցութեամբ ծախու կ՚առնէ Տիւիթճեանի գիրերն, որոնք հրէին շինած հայրերուն եւ Տիւիթճեանի պատրաստած մայրերուն ծնունդն էին: Միւհենտիսեան այդ հայրերը եւ մայրերը կը կոկէ եւ այնպիսի ձեւ մը կու տայ անոնց, որ ճաշակը կը հաւնի: Այս արհեստին մէջ մտնելուն պէս հոգւով եւ մարմնով աշ­խատեցաւ, որ տեսակ տեսակ գիրեր պատրաստէ: Մէկ երկու տարիէն զգա­լով, որ մինակ աչաց տեսութեամբ շինելն շատ դժուար բան էր, գործիք մը հնարեց, որուն մէջ փորագրուելիք պողպատն անցընելով կրնար նոյն պող­պատին ծայրը բարակ եւ սրածայր պողպատով մը աղիւսակներ գծել գիրե­րուն, սիւներուն եւ միջոցներուն հաստութեանը, ծռութեանը եւ բարձրութեանը չափով, եւ այն գիծերուն համեմատ կը փորագրէր, որով եթէ այբ մը շինել ուզէր` այբ ին երեք սիւնը հաւասար հաստութեամբ, հաւասար ծռութեամբ եւ հաւասար երկայնութեամբ կ՚ըլլար: Ինչպէս կը տեսնուի, այբ ին ամէն կողմը հաւասարութիւն կար, մինչդեռ Թուրքիոյ եւ ո՛չ մէկ կողմը կայ այս հաւասա­րութիւնը: Այս գործիքը շինելէն ետքը` ուրիշ գործիք մ՚ալ հնարեց, որով հայր գիրը պղինձին վրայ մամուլի ճնշմամբ կը զարնէր եւ ոչ թէ կռանի հարուածով, ինչպէս կ՚ընէին ուրիշները:

1840֊ին Միւհենտիսեանի շնորհիւ Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ մաքուր Օրացոյց տպուեցաւ ի Ճեմ. սրբոյ Երուս. մինչեւ այն թուականը Վենետիկէն կու գային Օրացոյց ները… եւ շատ անգամ Օրացոյց ներուն գալն ուշանալով՝ պատրիարքարանն օրերը կը շփոթէր եւ Վենետիկ հարցնելու կը ստիպուէր` թէ վաղը շաբա՞թ է: Արդեօք քանի քանի անգամներ Ծնունդի օրը խաչելութեան աւետարաններ կարդացուած են. ով գիտէ ի՛նչ քաշած է Որդի Մարդոյ մեր ազ­գին ձեռքէն… Միւհենտիսեան կը փափաքէր տպարան մը բանալ եւ թողուլ Ճեմարանն, որ գոցուելու վրայ էր, բայց ուրիշ տպարանապետ մը արգելք կ՚ըլ­լար եւ Ասատուր պատրիարքին միջնորդութեամբ թող չէր տար, որ տպարան բանար, ուստի Օրացոյց էն զատ բան չէր կրնար տպել Ճեմարանի մէջ: Չու­քուր Չեշմէ խանը կը փոխադրէ իւր գիրերն ու մամուլն: Ասատուր պատրիարք իմանալուն պէս թաքրիր մը կը գրէ Բ. Դուռը եւ կը պահանջէ, որ գոցուի այդ տպարանն իրմէ հրաման առած չըլլալուն համար: Աղերսագիր կը մատուցա­նէ Բ. Դուռն, որ պատրիարքարան կը ղրկէ զինք, ըսելով, թէ գնա՛, պատրիար­քէն հրաման ա՛ռ: Պատրիարքարան կ՚երթայ, եւ պատրիարքէն կը մերժուի: Ամի­րաները, որոնք կը ճանաչէին եւ կը սիրէին Միւհենտիսեանը, գիշեր մը կը գտնուին տուն մը, ուր ներկայ էր նաեւ պատրիարքը: Խօսք կը բանան եւ կ՚աղա­չեն նորին սրբազնութեան, որ հաճի տպարանի արտօնութիւն շնորհել Միւ­հենտիսեանի. պատրիարքը կը սրդողի եւ կը սպառնայ: 1843֊ին Բարիզէն Կրճիկեան Յակոբ էֆենտին կ՚իմանայ եւ իւր թուրք ծանօթներուն կը գրէ հոս, որ աշ­խատին Միւհենտիսեան տպարանի բացուելուն: Ասոր վրայ Բ. Դռնէն թաքրիր կը գրուի պատրիարքին, որ հրաման տայ: Պատրիարքը մէկդի կը նետէ Բ. Դռան թաքրիրն, ինչպէս որ Բ. Դուռը կ՚ընէ հիմա պատրիարքարանի թաքրիր­ ներուն: Այսչափ աշխատութեան ապարդիւն մնալուն վրայ՝ բարեկամները կ՚ը­սեն Միւհենտիսեանի.

—Մինչեւ որ այս մարդը չմեռնի կամ չհրաժարի` դուն տպարան բանա­լիք չունիս:

—Եթէ այս մարդը չմեռնի, ես անօթի՞ պիտի մնամ, կը պատասխանէ Միւհենտիսեան:

1844֊ին կը հրաժարի Ասատուր պատրիարք, որուն կը յաջորդէ Մատ­թէոս պատրիարք, որ վերջէն կաթողիկոս եղաւ: Ասոր օրովը բացուեցաւ Միւ­հենտիսեան տպարանն, որ մեծ անուն վաստկեցաւ իւր տպած Օրացոյց նե­րով, Սաղմոս ներով, Նարեկ ներով, եւ այլեւայլ գիրքերով, Մեղու ով, Ժամանա­կ ով, Մեճմուայը հաւատիս ով եւ այլն: Գրաշարները պոչը կտրած զ, լ, ղ, շ, չ, ջ, վ, տառերը փնտռելու դժուարութենէն ազատելու համար ծոցագիրները շինեց:

Որչափ մեր ազգին` նոյնչափ եւ թերեւս աւելի ծառայութիւն մատուցած է թուրք ազգին: Թաալիք գիրը յօրինեց, որով տպուեցաւ տաճկերէն առաջին անգամ րիսալիէ իթիքատիյէ անուն տետրակը: 1867֊ին շինեց նեսիհ գիրն, որուն օրինակը տարաւ մեծ եպարքոս Ալի փաշային, որ շնորհակալութեամբ ընդունելով այդ գիրերն, յայտնեց` թէ ազգին երախտագիտութեանը արժանի է: Այս գիրով տպուած է հիլյեէի հաքանի անուն տետրակը: Միւհենտիսեան այս գիրերուն համար նուէր առաւ կառավարութենէ, ինչպէս նաեւ ցմահ առնե­լու պայմանաւ երկու հարիւր դահեկան ամսական կապուեցաւ իրեն, բայց չմեռած կտրուեցաւ այս թոշակն, որ չորս հինգ ամիս միայն տրուեցաւ:

Գիր շինելէն, գիրք տպելէն աւելի թղթադրամի կաղապար շինած է, եւ թղթադրամ տպած է, եւ այս մասին ալ բնաւ զոհողութիւն չէ խնայած հայ­րենեաց փառացը համար: Առաջին անգամ թղթադրամը ձեռագիր էր, եւ ուրիշ կառավարութիւններու թղթադրամներուն քով շատ յարգ չունէր: Միւհեն­տիսեան ուզեց, որ մեր կառավարութիւնն ալ ունենայ գեղեցիկ եւ ձեւաւոր թղթադրամ, ուստի 1843֊ին կաղապար մը շինեց եւ կառավարութեան ներկա­յացուց: Կառավարութիւնն առաւ զայն, քննեց եւ հաւանեցաւ եւ հրաման տուաւ, որ տպուի: Թղթադրամները տպուիլ սկսան: Քիչ մը ժամանակ անցնե­լէն ետքը հրաման տրուեցաւ, որ նորէն տպուի. նորէն տպուեցաւ: Երրորդ ան­գամ տպուի: Ինչո՞ւ չէ, տպուի: Միւհենտիսեան քաջալերուելով իրեն տրուած խրախոյսէն` ուզեց որ աւելի փառաւոր թղթադրամ մը շինէ: Շաբաթ մը աշ­խատելէն ետքը, ուրիշ ձեւով թղթադրամ մը շինեց եւ կառավարութեան ներկա­յացուց:

—Օ՜օօ… ասոր խօսք չկայ:

—Աս առաջինէն աղէկ է:

—Աս սքանչելի բան է, էֆենտի:

—Ի՞նչ կ՚ըսէք, պէյ, սըկէ քիչ մը բան տպել տա՞նք:

—Հարցունելդ աւելորդ է, տպուի, էֆենտիմ, տպուի:

Նորէն կը տպուի եւ քանի մը ամիսէն Միւհենտիսեան կը կանչուի:

—Սա ուրիշ աւելի աղուոր բան մը կրնա՞ս շինել:

—Վաղը կը բերեմ, էֆենտի:

Հետեւեալ օրն ուրիշ կաղապար մը կը տանի:

—Տեսա՞ր, իմ ուզածս ասանկ էր. սըկէ տպեցէք եւ անունը ֆայըզլը դրէք:

Արագատիպը կը սկսի բանիլ, ամէն դառնալուն քաղաքը միլիոններու մէջ կը խղդէ:

Տարի մը ետքը.

—Սա Միւհենտիսեանը չկանչէ՞ք:

—Հոս եմ, էֆենտի, հոս եմ:

—Ծոյլ մէկն ես դուն, ո՞ւր էր, մեզի նոր կաղապարներ պիտի բերէիր:

—Քովս ունիմ հատ մը… հրամմեցէ՛ք, տեսէ՛ք:

—Մինչեւ հիմա շինածներուդ ամէնէն աղէկն աս է. տպեցէք ասկէ եւ անունը ֆայըզսըզ դրէք:

—Շատ լաւ:

Ֆայիզսըզ ները կը տպագրուին ու քանի մը շաբաթէն ետքը, շրջաբերու­թեան կը հանուին:

Այս թուղթերէն զատ տպագրած է էսհամը ումումիէն, թահուիլաթը միւմ­թեազէն եւ ուրիշ շատ մը թղթադրամներ եւ արժէթուղթեր, որոնք հասարակու­թենէ այն աստիճան սիրալիր ընդունելութիւն գտան, որ անոնցմէ ոմանք տասներորդ եւ ոմանք քսաներորդ տպագրութեան արժանացան: Եթէ ասոնք գիրք ըլլային եւ օտար լեզուներու թարգմանուէին` մեծ վաստակ կը ձգէին: Ձեր մտքէն ելած չէ, որ 1860֊ին իյանէի ումումիէ ըսելով կառավարութիւնն ուզեց թղթադրամը վերցունել: Օրին մէկը յայտարարութիւն մը հանելէն վեր­ջը, թէ կառավարութիւնն ա՛լ թղթադրամ չպիտի ընդունի` 1861֊ին նոր եւ գե­ղատեսիլ թղթադրամներ հանեց: Այս թղթադրամներն ալ Միւհենտիսեանի գրչին արդիւնքն են: Համրելով անհնար է լմնցունել այս անձին թղթեայ եր­կասիրութիւններն, որոնք այնչափ հարստացուցին եւ այնչափ աղքատացուցին երկիրը: Ինքն ալ ոչ նուազ վնասուեցաւ վաթսուն եօթանասուն գործաւորի ամ­սական տալու համար, սեղանաւորներէն տոկոսով դրամ վերցունելով: Այս վնասու հետեւանքն է տպարանին նախ երեսի վրայ թողուիլն եւ ապա բոլորո­վին գոցուիլը. թէպէտեւ յիշեալ տպարանը, ինչպէս բոլոր հայ տպարանները, չէր կարող իւր ծախքը գոցել հայերէն հրատարակութիւններ ի լոյս ածե­լով… կեցցե՜ն ազգային գրականութիւն եւ անօթութիւն:

1874 ապրիլ 25֊ին Ղալաթիոյ մաքսատունը Վերագայի սահիհէ ին տպա­րանը մտաւ փորագրութեան պաշտօնով, զոր մինչեւ այսօր կը շարունակէ.

Ունի ուրիշ այլեւայլ փորագրութիւններ, որոնց ամբողջութիւնն ամեն. Ա. Ներսէս պատրիարքն իրմէ ուզած եւ առած է պատրիարքարանի մէջ կախե­լու համար:

Երեսփոխան ընտրուած ըլլալով` քանի մը տարիներ Ազգային ժողովներուն ներկայ գտնուեցաւ: Ամէն անգամ, որ պատրիարքարանի սնտուկին վրայ իրեն կարծիքը կը հարցուէր` կը պատասխանէր, թէ թղթադրամ հանելէն ուրիշ հնարք չկայ:

Այս անձը եօթանասուն տարու է այսօր, եւ եթէ իւր արհեստը կատարե­լագործելու համար ունեցած փափաքին նայինք` դեռ եօթանասուն տարի ապ­րելու միտք ունի: Տարիները երբեք չեն նուազեցուցած իւր ճարտարութիւնը, այսօր երէկէ աղէկ կը փորէ, վաղը այսօրէ աղէկ պիտի գծէ:

Անգործ մնալէ ուրիշ բանէ մը չվախնար. միշտ կ՚աշխատի եւ կը փափա­քի, որ քանի մը աւուր մէջ Ղալաթիոյ բոլոր տուները եւ խանութները գնէ:

Զինքը խաբելու համար, ոչ օձի կերպարանք մտնել հարկ է, ոչ ալ աղաւ­նիի, յանուն մարդկութեան կարող ես երկու տարի աշխատցունել զինքը եւ չվճարել, պատրուակելով` թէ առնելիքներ ունիմ եւ չեմ կարող առնել: Այդ խօս­քիդ ոչ թէ միայն կը հաւատայ, այլ կը խղճայ վրադ: Չափազանց առատաձեռն ըլլալու թերութիւնն ունի, եւ այս իսկ էր իւր նաւուն ղեկը վարողը:

Եթէ կ՚ուզէ ոք ճանաչել այս մարդը փողոցի մէջ` թող աչացն առջեւ բերէ այն մարդուն քալելն, որ տասնըհինգ տարիէ ի վեր բացակայ գտնուող եղբօ­րը գալը կ՚իմանայ յանկարծ եւ զայն տեսնելու համար տանը ճամբան կը բռնէ: Այսչափը հերիք չէ, պիտի ըսես, պէտք է որ դէմքին վրայ տեղեկութիւն ունե­նամ: Շատ լաւ: Պզտիկութեան ժամանակ հիւրի մը խահուէ տուած ատենդ չէ՞ հանդիպած երբեք, որ խահուէին գաւաթը դիպուածով իյնայ եւ խահուէն ալ հիւ­րին վրայ թափուի: Քանի մը անգամ հանդիպած է: Այն ժամուն հայրդ բարկութեամբ ծուռ ծուռ երեսդ չէ՞ նայած: Նայած է: Ահա այն ժամուն ի՞նչ դէմք ունեցար դուն` նոյնն ունի այսօր Յովհաննէս էֆենտի Միւհեն­տիսեան: