Քաղաքավարութեան վնասները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Շաբաթ օր է, պիտի ածիլուի Գասպար աղան։

Սափրիչի մը խանութը կ'երթայ։

—Սանկ շուտ մը կ'ածիլե՞ս ինձի եւ մազերս ալ կը կտրե՞ս։

—Ինչո՞ւ չէ։

Գասպար աղան կը նստի աթոռին վրայ։

Սափրիչն ատենական գործողութիւնները կատարելէն ետքը կը սապոնէ իւր նոր յաճախորդն եւ կը դիմէ իւր զէնքերուն։

—Քեզի սա կ'աղաչեմ, որ ածելիդ սուր ըլլայ, որովհետեւ իմ մօրուքս քիչ մը սերթ է, վերջը դուն ալ կը չարչարուիս, ես ալ։

—Հանգիստ եղէք, կը պատասխանէ սափրիչն` սուր ածելի մը ընտրելու երեւոյթն ունենալով։

—Գիտնալու էք, որ բերտահ ալ չեմ ուզեր. սանկ վրայէն թեթեւ կերպով անցնելու, ձգելու է։

—Ճանըմ, հոգ մ՚ընէ՛ք, սափրիչ կայ, սափրիչ ալ կայ, կ՚ըսէ սափրիչն եւ ածելիով սպառազինեալ կը մօտենայ Գասպար աղային։

—Շատ աղէկ։

—Գլուխդ սանկ դիր, նայիմ։

—Դրինք։

Գործողութիւնը կը սկսի, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ արիւնհեղութիւնը։

—Կտրեցիր, եղբայրս, կամաց ըրէ քիչ մը։

—Պզտիկ չիպան մը կար հոն, ան արիւնեցաւ. չօլբայ պերպերին թրաշ եղեր ես։

—Ասդին ալ կտրուեցաւ։

—Հոն ալ մազը ծուռ բուսեր էր. անանկ պերպեր մ՚ունիս եղեր որ…

—Ծնօտիս վրա՞ն հապա…

—Ծնօտդ կերկի բռնեցիր տէ, անկից եղաւ։ Մի՛ վախնար դուն, ես զանոնք հիմա քիչ մը բամբակով կը թխմեմ։

—Վազ անցայ, պապա՛մ, հոգիս ցաւեցաւ, երեսս կրակի պէս կ'էրի կոր։

—Սանկ թեթեւ բերտահ մ՚ընեմ ու երեսդ անուշահոտ քացախով լուամ նէ, կ'անցնի, բան չմնար։

—Չեմ ուզեր բերտահ, չեմ ուզեր, լմնցո՛ւր։

—Առանց բերտահի չըլլար։

—Ճանըմ, գլուխն իմս չէ՞ մի։

—Գլուխդ քուկդ է, բայց ամէն խանութ պատիւ մ՚ունի, ածիլուելու մազեր կան տակաւին երեսիդ վրայ ասդին անդին։ Ասանկ ձգելն մեզի անպատւութիւն է։ Դուն սանկ դիր գլուխդ եւ հանգիստ եղիր։

—Պէ ճանըմ, զօռ ով զիս տանջե՞լ կ'ուզես, ի՞նչ ըսել է աս, ես քու խաղալի՞քդ եմ, պատիւդ պաշտպանելու համար իմ երե՞սս ընտրեցիր ասպարէզ. դահիճի պէս գլուխս տնկուեր, կեցեր ես։

—Բարկացած կ'երեւաք կոր, անոր համար չեմ ուզեր պատասխանել. միայն կ'աղաչեմ, որ քիչ մը համբերէք, ու լմնցնենք սա գործը։

Սափրիչը կը յաջողի նստեցնել Գասպար աղան, որ գլուխն սափրիչին տրամադրութեան տակ դրած` անոր ածելիին քերթուածներուն վանկերը կը համրէ ակռաները սխմելով։ Բայց վերջապէս համբերութիւնը կը հատնի եւ յանկարծ աթոռէն կը ցատկէ`

—Հերիք պէ, մա՛րդ, հերիք, արեան մէջ ձգեցիր երեսս` ըսելով։

—Լմնցաւ, լմնցաւ, կը պատասխանէ սափրիչն եւ պարզ ջուրով կը լուայ Գասպար աղային երեսը։

—Էո՜ֆ, էո՜ֆ…

—Տես, դադրեցաւ արիւնը, չորս տեղէն միայն կը բխի կոր, ան ալ քիչ մը բուտրայով կ՚անցունենք հիմա։

—Ըրէ՜, եղբայր, ինչ որ պիտի ընես, լմնցուր. պիթտիմ պէ ատա՛մ, պիթտիմ։

—Չեմ ուրանայ, թէ մօրուքդ քիչ մը սերթ է։

—Առաջուց ըսինք ձեզի, էֆենտիմ։

Սափրիչն իւր բոլոր ուժն կը սպառէ բրնձի փոշիով դադրեցնել արիւնահեղութիւնը եւ չյաջողիր։

—Հարիւր տրամի մօտ արիւնս հանեցիր, պէ ատա՛մ։

—Ծօ՛, սա շիշէն տուր։

Աշակերտը սրուակ մը կը բերէ. պարունակութիւնն դժոխային քարէ պատրաստուած բաղադրութիւն մ՚ըլլալու էր, որովհետեւ ամէն անգամ, որ փետուրի մը ծայրով կը քսէր այն ջուրէն Գասպար աղային երեսը, Գասպար աղան դժոխային ցաւեր կը զգար եւ վեր֊վեր կը ցատկէր։

—Ահա լմնցաւ, սիրտդ հանգիստ ըլլայ, ըսաւ սափրիչը Գասպար աղային` սրուակն աշակերտին դարձնելով։

—Շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ, պատասխանեց Գասպար աղան։

—Հիմա մազերդ։

—Չէ, չէ, չեմ ուզեր, մազերս թող մնան` ըսելն, հինգնոց մը նետելն ու դուրս ելնելն մէկ ըրաւ Գասպար աղան։

—Այս չափ ալ աքսի մարդ բնաւ տեսած չունիմ, մրմռաց ինքն իրեն սափրիչը։

Իսկ Գասպար աղան ինքզինքն փողոցի մէջ գտնելուն պէս հառաչեց ու ողբաց սապէս.

—Աս ի՜նչ թոհաֆ աշխարհ է, գլուխնուս պիլէ տէր չենք կրնար կոր ըլլալ…