Երկու տէրով ծառայ մը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՄԻԿ եւ ՆՈՅՆ

ԿՈՄԻԿ, վազելով

Տէ՛ր, կրակ չկրցի գտնել. տան մէջ ծակ ծուկ չձգեցի, ամէն տեղ նայեցի, չկայ. եթէ ուզէք երթամ կրակի տեղ պաղ ջուր բերեմ. առողջարար է:

ԱՆՏՈՆ

Դու երթալով ապուշ կը լինիս, տեսած ունի՞ս, որ ջրով սիկառայ վառեն:

ԿՈՄԻԿ

Ջրով սիկառ մարելնին շատ անգամներ տեսեր եմ, բայց վառածնին դժբախտաբար ո՛չ. աղէկ միտքս կը գայ, ձեր կո­ղակիցը հոգին աւանդած գիշերը, Աստուած ողորմի հոգւոյն, տուփ մը լուցկի առեր էի իր կանթեղը վառելու համար. գործս լմնցնելէն յետոյ զանոնք սա գրպանիս մէջը դրի. կար­ծեմ թէ հոս են. ( Կը փնտռէ ) վասնզի ես բնաւ բան մը կորու­սած չունիմ, եթէ ուզէք վառեմ, ահա գտայ:

ԱՆՏՈՆ

Թող կենայ, Կոմիկ. ( Լալով ) այս լուցկիները սրտիս մէջ նոր վէրքեր կը բանան. ( Լռութիւն ) երջանիկ էի ես կողակցիս հետ. իսկ երբ զինքը կորուսի, երջանկութիւնս ալ մէկտեղ կորսուեցաւ, եւ հիմա այսպէս թշուառ… եւ…

ԿՈՄԻԿ

Մի՛ լար, տէր, պարապ տեղ մի՛ թափէք ձեր արցունք­ները. հիմա աւելի երջանիկ էք, ինչու որ բոլոր օր կ՚ուտէք, կ՚ըմպէք, կը քնանաք, ասկեց անդին ի՞նչ երջանկութիւն կ՚ուզէք ունենալ. անփոյթ եղէ՛ք, անփոյթ. անցեալը մտքեր­նիդ բերելով ապառնիդ մի թշուառացնէք իզուր. անհոգ եղիր, տէր. ես ամէն բան կարգի կը դնեմ. թէ որ երթաք քիչ մը քնանաք, աղէկ կ՚ընէք:

ԱՆՏՈՆ

Լաւ ըսիր, երթամ քիչ մը քնանամ, որպէսզի տխուր յիշատակները մտքէս ելլեն. ժամէ մը կը գամ, հոս գտնալու եմ զքեզ:

ԿՈՄԻԿ

Միշտ հոս պիտի ըլլամ:

ԱՆՏՈՆ, կ՚երթայ

ԿՈՄԻԿ, անոր ետեւէն կ՚երթայ մինչեւ սենեկին դուռը