Ատամնաբոյժն արեւելեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Գ.

ՆՈՅՆՔ, ԼԵՒՈՆ


ԼԵՒՈՆ
, վազելով

Ինչ կը տեսնեմ. ա՜յ ուխտադրուժ աղջիկ… ինձի այն­քան գգուանք եւ հիմա ծառային հետ. ապերախտ ծառայ… ( Նիկոն կը հրէ ) ըրածդ ի՞նչ է:

ՆԻԿՈ

Ըրածս… ըրածս… ես ի՞նչ գիտնամ, բան մ՚է կ՚ընեմ… ես ծառայ մ՚եմ, ինչ որ հրամայէ օրիորդը, զայն կատարելու պարտաւոր եմ… ինձի կ՚ըսէ, որ դուն Լեւոնն ես… ես Լեւոն չեմ, կ՚ըսեմ. անիկա կը պնդէ, թէ ես Լեւոնն եմ. էհ, ըսի, հար­կաւ ինքը իզմէ աղէկ գիտէ ով ըլլալս, ինչ ըսեմ, մինչուկ հիմա ինքզինքս Նիկո գիտէի, սխալած եմ, Լեւոն եմ եղեր… ո՞վ գիտէ, ինչ շուն շան որդի սրիկային մէկն է աս Լեւոնը. դուք կը ճանչնաք զինքը թերեւս. համբուրէ զիս ըսաւ. ես, որ մինչեւ հիմա աս բառը շատ քիչ անգամ լսած եմ, գործողու­թիւնն ալ տեսայ. եւ դուն կը հարցնես, թէ ինչ է ըրածս. աղ­ուոր հարցմունք:

ԵՐԱՆԵԱԿ, սթափելով

Ո՞ւր եմ ես… ( Լեւոնը տեսնելով ) ահ, Լեւոն դուն… դուն…

ԼԵՒՈՆ

Ես… ես… կարծեմ անյարմար ժամանակին եկայ… ճիշտ այն կէտին, որ Նիկոն համբոյր կը թափէր այտերուդ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Նիկոն… Նիկոն… ահ, քնացած ժամանակս… թերեւս…

ԼԵՒՈՆ

Ա՛հ, թշուառական… ( Կը զարնէ Նիկոյին, որ կը փախչի ):

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ի՞նչ է Նիկոյի յանցանքը:

ԼԵՒՈՆ

Դեռ կը համարձակի՞ս հարցնելու, դռնէն ներս մտած ատենս քեզ կը համբուրէր, եւ դուն անխօս…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Միթէ դուն չէի՞ր, որ կու գայիր:

ԼԵՒՈՆ

Ի՞նչ կ՚ըսէք, ես հիմա եկայ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Պատուհանէն տեսայ, որ կու գայիր… չգիտեմ վրաս թմ­րութիւն մը եկաւ, աթոռի վրայ ինկայ… եւ…

ԼԵՒՈՆ

Նիկոն իզմէ առաջ մտած ըլլալուն պահուեցայ, որ ելնէ վերջը մտնեմ. երբ տեսայ, որ ելնելիք չունի, դուռն ալ բաց էր, մտայ, եւ տեսայ որ…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ներէ, ցնորեալ սիրուհւոյդ… ուրեմն Նիկոն սխալմամբ… ( Լալով ) թշուառ եմ ես…

ԼԵՒՈՆ

Սրբէ՛ արցունքդ, կը ներեմ քեզի…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Բոլոր գիշերը չքնացայ… մէկը չկրցի գտնել, որ ղրկէի քեզի իմաց տալու թէ գայիր. միս մինակ էի… եւ հիմա որ առտու եղաւ…

ԼԵՒՈՆ

Նամակդ առնելուս պէս շուտով տնէն ելայ պարահան­դէս գացի, հոն ալ քիչ մը նստայ, տուն դարձայ, որ պառկիմ քնանամ… չկրցի քնանալ որ…

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ի՞նչ նամակ… ես չգրեցի:

ԼԵՒՈՆ

Դեռ ցնորա՞ծ ես. գրածդ չե՞ս յիշեր. մանաւանդ իմա­ցուցած էիր, թէ այս առտու կանուխ գամ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Կը սխալիս, Լեւոն…

ԼԵՒՈՆ

Ի՞նչպէս կը սխալիմ, իմ նամակս ալ ընդունած ըլլալդ գրած էիր:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ես նամակ չառի քեզմէ… ո՞րու հետ ղրկեցիր:

ԼԵՒՈՆ

Մեր ծերուկ Անթառամին հետ. եւ ինչպէս որ ապսպրած էիր, պատուիրեցի, որ խոհանոցին պատուհանէն վար նետէ: Բայց… նստելու աթոռ չունի՞ք հոս:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Զարմանալի բան… սա խուցին մէջ աթոռ կայ, երթամ բերեմ: ( Երթալու վրայ ):

ԼԵՒՈՆ

Թո՛ղ ինձի ես բերեմ:

ԵՐԱՆԵԱԿ

Ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ, որ ինձի նամակ գրէ եւ ես ալ պա­տասխանը ղրկեմ… բոլորովին անծանօթ են ինձի այս նա­մակագրութիւնները… խոհանոցին մէջ փնտռեմ նայիմ իր նամակը: ( Կ՚երթայ ):