Կսմիթներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՍՄԻԹՆԵՐ

Ոսկին ըսես նէ` հետը խօսք չըլլար. գլուխը առեր կ՚երթայ:

Այսօր հարիւր ութսուն, վաղը երկու հարիւր, հետեւեալ օրը երեք հար­իւր, օր մ՚ալ եթէ իւր կամքին թողուի, մինչեւ հինգ հարիւր պիտի երթայ բա­րեխնամ կառավարութեան կամացը հակառակ:

Տեսա՞ք ժողվելու եւ պահելու բանը, ոսկի պահելու է եղեր. բայց ո՞վ գիտէր, թէ այսչափ պիտի բարձրանար: Մենք ալ շատ անխոհեմութիւն ըրինք. ոսկի պահելու տեղ հին Թատրոնները ժողվեցինք պահեցինք: Ապո՛ւշ, ըսէր մէկը, սա Թատրոնները ոսկի չընե՞ս, ինչո՞ւ պահեր ես:

Ըսող չեղաւ ալ չէ, բայց մենք չհամոզուեցանք. մեր յամառութեան պա­տիժը քաշենք հիմա, որ սորվինք:

***

Դեսպանաժողովին վերջին նիստին վրայօք Եւրոպայէն դեռ լուր մը չա­ռինք, որ հոն տեղի ունեցած բանակցութիւններն իմանայինք ու մեր ընթեր­ցողաց հաղորդէինք, բայց կրնանք այժմէն վստահ ըլլալ, որ խաղաղութիւնը չպիտի խանգարի, ինչպէս որ մեր ազնուականաց կամաւոր գրուիլը ըսածնուս մէկ անժխտելի ապացոյցն է:

Ասկից զատ Իկնաթիեֆի սնտուկներուն խելօք նստիլն ալ կը հաստատէ, որ խաղաղութիւնը չպիտի վրդովի. եթէ պատերազմի ամենափոքր նշան մը երեւնար` սնտուկները իսկոյն դէպի Վոսփոր պտտելու կ՚երթային:

Ռուսիան մեծ զոհողութիւններ ըրած է եւ կ՚ընէ եղեր (եթէ հարկը պա­հանջէ) խաղաղութեան պահպանուելուն համար: Անգղիոյ թագուհւոյն սպառ­նալիքներն ալ կը յիշեցնեն մեզ այն առակը, ուր մայր մը իւր տղուն կ՚ըսէր. «Եթէ այսպէս շարունակ լաս` արջուն կու տամ զքեզ, խելքդ գլուխդ ժողվէ՛»:

Արջը կը լսէ այս խօսքը եւ մինչեւ իրիկուն դռան առջեւ անօթի կը սպասէ, որ տղան լայ ու մայրը զայն իւր առջեւ նետէ:

Տղան կու լայ, արջը կ՚ուրախանայ, բայց վերջապէս իր խաբուած ըլլալը իմանալով, ձայնը կը քաշէ եւ մեծ տրտմութեամբ ետ կը քաշուի:

Չգիտենք վաղը ի՛նչ պիտի ծնի, հիմակուան ծնածը պզտիկ մուկ մ՚է:

***

Ստոյգ աղբիւրները ցամքած են…

Ո՜վ սախաներ, ստոյգ աղբիւր մը ցոյց տուէք ինձ, որ դեսպանաժողովոյ հինգշաբթի աւուր նիստին վրայօք քանի մը կաթիլ լուր առնեմ ու ընթերցո­ղացս ծարաւն անցունեմ:

Հետաքրքրութիւնը որկրամոլութիւն է, ըսաւ գրիչ մը, տեսնելը կամ իմա­նալը կշտանալ է:

Մենք քանի մը ատենէ ի վեր որկրամոլութեան վերջին ծայրը հասած ենք:

Դեսպանաժողովոյ անդամները խոստովանահայր ըլլալու մարդիկ են. քա­նի մը շաբաթէ ի վեր Ռուսիան ու Թուրքիան խոստովանանք կ՚ընեն, անոնց մեղքերը կ՚իմանան, բայց գաղտնիքը դուրս չեն հաներ: Այս մարդիկ աւելի գաղտնապահ ըլլալու յարմարութիւն ունին՝ քան թէ հաշտարար:

Պտտող զրոյցներուն նայելով` մեր կառավարութիւնը մերժեր է իրեն եղած առաջարկութիւնը, բայց իր մերժման մերժումով պատասխանուեր է: Նստող զրոյցներուն նայելով` մեր կառավարութիւնն ալ զոհողութիւն ընե­լով` պատերազմի երկիւղները պիտի փարատէ եղեր: Պտտողներո՞ւն հաւա­տանք թէ նստողներուն:

Ցատկող լուրերուն նայելով` դեսպանաժողովը Վիեննա պիտի մեկնի եւ հոն պիտի ընէ եղեր իւր նիստերը… մինչեւ հիմա եղած նիստերը ասկից վերջը ուր նստելիքնին որոշելու համար էին: Դեսպանաժողովին տեղը փոխելու տեղ աւելի լաւ չէ՞ր ըլլար` եթէ անոր անդամները փոխէին:

Պառկող լուրերուն նայելով` ուլթիմաթումը Վիեննայէն պիտի ղրկեն եղեր… Վիեննայի մէջէն աղէկ ուլթիմաթում ալ կ՚ելլէ եղեր, մենք գիտէինք, որ միայն գարեջուրն աղէկ է: Եթէ ուլթիմաթումնին ալ իրենց գարեջուրին պէս է՝ ուշադրութեամբ խմելու է, որովհետեւ մէջը ափիոն կը գտնուի եւ կրնայ մեզի չափէն աւելի քնացունել:

***

Մեր թշնամին իր խելքովն այնպէս համոզուած է, որ իրաց այս վիճակը որչափ աւելի երկարի՝ այնչափ աւելի կը վնասէ մեզի: Այս համոզմամբ է, որ գործերը մինչեւ այսօր երկնցուց եւ ասկից ետքն ալ պիտի երկնցնէ:

Ա՛լ ասկից ետքը ուզածին չափ թող երկնցնէ, իրաց այս վիճակը որչափ երկարի՝ մենք ալ այնչափ թղթադրամ պիտի կոխենք ու դրամական տագնա­պին մէջ չպիտի իյնանք:

Ասոր ալ բան մը չկրնար ըսել ա՛, թուղթերը քրիստոնեայ չեն, նամանա­ւանդ սլաւ չեն, որ անոնց ալ ճնշուիլը տեսնելով` վիճակնիս բարւոքել ուզէ:

Իրաց այս վիճակը որչափ ուզէ` թող երկնցնէ, մեզի բան մ՚ալ չկրնար ընել, միայն թղթադրամ կոխել կու տայ:

***

Դեսպանաժողովն ա՛լ համը փախցունել սկսաւ:

Մինչեւ հիմա վեց նիստ ըրաւ:

Ահա բոլոր ըրածը:

Ամէն մարդ հետաքրքրութենէ ճաթելու վիճակին հասաւ. դեսպանաժողո­վին հոգն անգամ չէ. գործելու մասին իրեն օրինակ բռնած է կրիան:

Մէկ նիստին մէջ առաջարկութիւն մը կ՚ըլլայ:

Երկրորդին մէջ այդ առաջարկութիւնը կը մերժուի:

Երրորդին մէջ այդ մերժումը կը մերժուի:

Չորրորդին մէջ ինչո՛ւ համար մերժուելուն պատճառները կը բացատրուին: Հինգերորդին մէջ այդ բացատրութիւններուն մութ կէտերը կը լուսա­ւորուին:

Վեցերորդին մէջ լուսաւորեալ կէտերը կը մթննան:

Ահա քեզի վեց նիստ, որ մէկ նիստ չարժեր:

Մենք ալ կը սպասենք, որ քիչ օրէն ամէն բան լմննայ, որպէսզի առեւտուրը կանոնաւորուի եւ ամէն մարդ ինչ ընելիքը գիտնայ:

Ես ալ շատ սակարկութիւն ըրած եմ, բայց այսչափ չեմ երկնցուցած:

Պատուաւոր մարդ մը կ՚ըսէ.

—Այսչափ կրնա՞ս տալ:

—Չեմ կրնար տալ:

Խաթերդ համար մէկ երկու բարայ ալ կը ձգեմ:

—Գործիս չգար:

—Բարի եկար, հազար բարի:

Լմնցաւ, գնաց:

Եկուր հիմա ասոնց ըրածին.

—Ինչո՞ւ չես կրնար տալ:

—Տալու ըլլաս նէ` գէշ չըլլար:

—Չտաս նէ` վախճանդ գէշ կ՚ըլլայ:

—Մենք կը փափաքինք, որ տաս:

Թո՛ղ ներեն մեզի վեց տէրութեանց ներկայացուցիչները, իրենց ըրածը ասկից առաջ շուկայի թեզկեահտարները կ՚ընէին. անցնողներուն փեշէն կը քաշէին, խանութնուն մէջը կը նստեցնէին ու համոզելով ստակնին կ՚առնէին:

Թո՛ղ դարձեալ ներեն մեզի այդ այլեւայլ պատուանուններով ներկայացու­ցիչները, անընդունելի առաջարկութիւններ կ՚ընեն ու կ՚ըսեն թէ՝ մեր աղէկու­թեանը համար կ՚աշխատին կոր:

Մէկը իւր ստացուածքէն կապտել եւ վերջը ըսել, թէ քու աղէկութեանդ համար անանկ ըրի, կարծեմ քիչ մը տրամաբանական չէ. դուն ի՞նչ կ՚ըսես, Օգսէն էֆենտի:

Տեսէք ուզածնին ալ ինչ է:

Ա. Գարատաղին քիչ մը տեղ տալ:

Բ. Սերուիոյ սահմանը ընդարձակել (քիչ մը տեղ ալ Սերուիոյ տալ, ըսէ լմնցուր, ճարտասանութիւնը չվիրաւորուիր):

Գ. Պուլղարիոյ մէջ երկու առանձնաշնորհեալ գաւառ կազմել (ինքնօրի­նութիւն ըսէ, մի՛ վախենար):

Դ. Ամէն նահանգի ժողովրդեան մեծագոյն մասին լեզուն գործածել իբրեւ պաշտօնական լեզու (տաճկերէն լեզուն վերցնել):

Ե. Յիշեալ գաւառաց տուրքերը քիչցնել (հապա լրագրաց փո՞ւլը… հա, իրաւ, լրագիրները գաւառ չեն):

Զ. Քաղաքական ոստիկանութիւն կազմել (յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն):

Եթէ ասոնք տալու ըլլանք` մեզի համար ասկից աղէկ բան չկրնար ըլլալ եղեր. սըւոնք տալու մէջ ի՛նչ աղէկութիւն կայ մեզի համար, չկրցի հասկնալ: Ի՛նչ բարերար մարդոց ձեռքը ինկանք: Աստուած իմ, եթէ Աստուած չընէ, վաղը ելնենք իրենց ըսենք, թէ մեզի քիչ մը բարութիւն ըրէք` Պոլիսը տուէք, պիտի ըսեն:

Ասոնց խօսքին նայելով` մեզի համար աղէկութիւնը ունեցածնիս չունե­ցածնիս ասոնց յանձնել է:

Կան ըսելիքներ, բայց չեն ըսուիր:

***

Կարծեմ ամէնքդ ալ գիտէք, որ դեսպանաժողովին առաջարկութիւնները մերժեցինք. մերժեցինք կ՚ըսեմ նէ` ես չմերժեցի, այսինքն մերժեցին եթէ մէջերնիդ չգիտցող կայ` թող գիտնայ, որ դեսպանաժողովին առաջարկութիւն­ները մերժեցին(ք):

Եւ արդարեւ ընդունուելու բաներ ալ չէին:

Մեծ ժողովին մէջ երբ կարգը եկեր է մեր փոխանորդին կարծիքն առնելու՝ փոխանորդ հայրը` որ նոյն միջոցին խորին մտածմանց մէջ ընկղմած է եղեր, ոտքի վրայ ելեր սապէս պատասխաներ է.

—Էֆենտիմ, այս մարդը չենք կրնար կնիկէն բաժնել, իրարու հետ միշտ
կապուած պիտի մնան:

—Ի՞նչ կ՚ընէք կոր, կ՚ըսէ` մշտելով իրեն քով նստող մին, դատաստանական խորհրդոյ մէջ չենք:

—Այո՛, էֆենտիմ, մենք ձեզի հետ միշտ կապուած պիտի մնանք, պա­տասխաներ է սթափելով:

Կա՞յ մարդ մը, որ նախ իր շահը չխորհի:

Էնֆիեճեան հայրն ալ իրեն եղած հարցման պատասխանելու տեղ չեր­քեզներու Ասիա փոխադրուելուն դէմ բողոքեր է. ի՞նչպէս եղեր է, որ Հասունի դէմ չէ բողոքեր…

(Սա չերքեզներուն ալ տեղ մը չգտնուեցաւ, որ այս հոգէն խալսէինք. եթէ ինձ հարցուի, կ՚առաջարկեմ, որ Սալիսպրիի տունը փոխադրուին չերքեզները: )

Շատ հաւանական է, որ այս երկու փոխանորդներն, ի վարձատրութիւն իրենց ցոյց տուած պերճախօսութեան, ծերակոյտի անդամ ընտրուին:

***

Խօսքը ձերն է, Մասիս:

«Կ՚ըսուի թէ Գարատաղի ժողովրդեան մէջ աւանդութիւն կայ, թէ Աստուած աշխարհս ստեղծած ժամանակ` լեռները պարկի մը մէջ լեցուցած` աշխարհի ամէն կողմը կը ցանէ եղեր, յանկարծ պարկին յատակը պատռելով՝ մէջը մնացած լեռներուն ամէնն ալ Գարատաղի երկրին վրայ թափեր են: Մենք ալ կ՚ըսենք թէ` արդեօ՞ք նախախնամութիւնն Ադամ նախահօր մեղացն ի պա­տիժ աշխարհի վրայ ցաւերն ու վիշտերը ցանած ժամանակ պարկին յատակը պատռելով` մեծ մասն Հայաստանի վրայ թափեր է»:

Շատ իրաւունք ունի Մասիս այսպէս խօսելու, եթէ նախախնամութիւնը իր կարել տուած պարկին խումաշին քիչ մը ուշադրութիւն ընէր` ո՛չ պարկը կը պատռէր, ո՛չ ալ այսչափ դժբախտութիւն կը թափէր Հայաստանի վրայ:

Նախախնամութիւնը հրէաներէն ծախու առած ըլլալու է ամերիքանը, որովհետեւ ասոնք մինչեւ այսօր աղէկ ապրանք ծախելու սովորութիւնը չունին:

Նախախնամութիւնը պարկին պատռիլը տեսնելով՝ կ՚երեւի որ զայն նորէն կարել տուեր ու թափածները ժողվելու համար Հայաստան իջեր է, բայց թա­փած դժբախտութիւնները ժողվելու տեղ` սխալմամբ խաղաղութիւն, երջան­կութիւն, պատիւ եւ կեանք ժողվեր, պարկին մէջ լեցուցեր, առեր քալեր է:

Չմեղադրենք նախախնամութիւնը, որովհետեւ այն ատենները Սահման­ադրութիւն չկար եւ խումաշներու կարեւորութիւն չէր տրուեր. ինքզինքնիս մեղադրենք, որ Սահմանադրութիւն ունինք եւ դարձեալ չկրցինք քիւրտերու բար­բարոսութենէն խալսիլ:

Թող քիւրտերը շարունակեն իրենց աւարառութիւններն ու սպաննու­թիւնները մինչեւ մարտ մէկ. անկէ ետքը կը տեսնուինք հետերնին:

***

Կ՚ըսուի թէ Սալիսպրին կամ ըստ Լեւընթի սալթպորուն մայրաքաղաքէս մեկնած ատենը Բ. Դռան մասնաւորապէս յանձնարարեր է յոյն ժողովուրդը:

Հիմա շատերը կը հարցունեն, թէ արդեօք ի՞նչ ըսաւ յունաց համար:

Եթէ մեր լսածը ստոյգ է` Սալիսպրին արտաքին գործոց պաշտօնէին զրուցեր է, որ Յունաստանէն պիտի անցնիմ, վրաս ալ քիչ մը ստակ կայ, կը խնդրեմ, որ ինձի քանի մը մարդ տաս, որ հետս գան:

Կ՚ըսուի թէ արտաքին գործոց պաշտօնեան սիրով ընդուներ է Սալիսպրիի այս առաջարկութիւնը:

Ա՜հ, արդար առաջարկութիւնները ե՞րբ մերժած է Բ. Դուռը:

***

Միլան իշխանին հաշտութիւն կնքել ուզելը կարդացած ատենս, ժամա­նակաւ դպրոցին մէջ ֆալախան ուտելս, կամ ս. պատրիարքին ականջէս քա­շելը միտքս կու գայ կոր:

—Մեղայ, մեղայ:

—Ինչո՞ւ ըրիր, Միլանիկ, ես չըսի՞ քեզի, որ խելօք նստիս:

—Մէյ մ՚ալ չեմ ըներ, մեղայ:

—Ինչո՞ւ ըրիր:

—Ես չըրի, Կորչաքոֆը ըրաւ:

—Ինչո՞ւ անոր խօսքերուն ականջ կախեցիր:

—Քեզի թագաւոր պիտի ընեմ, ըսաւ:

—Ասկից վերջը խելօք պիտի նստի՞ս:

—Այո՛:

—Վարժապետիդ դէմ չպիտի խօսիս ա՛:

—Բնաւ:

—Մինչեւ անգամ քեզի անօթի ալ պահէ նէ` բերանդ չպիտի բանաս ա՛:

—Չէ:

—Ապրիս, տղաս, տեսա՞ր հաւատարիմ աշակերտը, ես ալ ասանկ աշակերտը կը սիրեմ ահա. ելի՛ր տեղդ գնա ու գործդ նայէ:

—Այսչափ ծեծի փոխարէն նուէր մը չպիտի՞ տաք ինձի:

—Ի՞նչ նուէր:

—Զուորնի՞կ է, ի՞նչ է, բան մը կ՚ըսեն կոր:

—Տե՛ղդ գնա, քեզի Զուորնիկ մը կու տամ որ…

—Բայց տալու ըլլաս նէ` գիտցիր որ շատ ձեւաւոր պիտի ըլլայ տունս:

—Չըլլա՛ր, հիմա քեզի՛ տամ նէ` Նիքոլան ալ կ՚ուզէ:

—Ի՞նչ կ՚ըլլայ, անոր ալ տուր, ան ալ օտարական մէկը չէ՜ եա:

—Դուն անոր գործին մի՛ խառնուիր:

Խե՜ղճ Միլան… սլաւութիւնը իւր ածելին քու մօրուքիդ վրայ փորձեց:

***

Բարլամենթոն քանի մը օրէն պիտի բացուի:

Հիմակւընէ ամէն մարդ հետաքրքրութեամբ կը սպասէ իմանալ, թէ ինչ պիտի խօսի արդեօք օրը հազար ոսկի եկամուտ ունեցող Մարքի տը Սալիս­պրին արեւելեան խնդրոյն վրայ:

Միայն ես հետաքրքիր չեմ, որովհետեւ գիտեմ ի՛նչ ըսելիքը Լրագիր գու­շակած էր, ինձի ալ ըսաւ:

Եթէ ժամանակ ունիք մտիկ ընելու` ձեզի ալ կ՚ըսեմ:

Մարքի տը Սալիսպրին բեմը պիտի ելնէ ու քիթը բերանը սրբելէն ետքը՝ սապէս պիտի խօսի.

Տեարք եւ տիկնայք.

Ձեր հրամանացը համեմատ Պոլիս գացի: Տեսայ հոն կղզի մը, որ իւր դրից տեսարանի, օդի եւ գեղեցկութեան, վերջապէս ամէն կողմէ մեր լորտ եղբայրներուն ուշադրութեանը արժանի է:

Տեարք իմ, այն կղզիին մէջ կերանք մենք ստրիտեաներ, որք շատ համով
են, եւ մանաւանդ Պորտոյի գինիով շատ աղէկ կ՚ուտուին կոր: Եթէ ժողովդ կ՚ը­
բարեհաճի, քուէի դնէ, օր մը որոշէ մէկտեղ ուտենք այդ ստրիտեաներէն:
Ձայն մը. Ժողովս վստահութիւն ունի ձեր վրայ:

Կ՚աղաչեմ բարլամենթոյին նախագահը, որ բարեհաճի այդ ստրիտեաները թագուհւոյն յանձնարարել: Իրաց այս վիճակին մէջ Պոլսոյ փողոցներն ալ կը պտտէինք, ժողովուրդը առջի բերան շատ սիրով ընդունեց զիս, բայց վերջէն սալաշպուր, սալաթ պորու դրաւ իմ անունս:

Այն տեղի ժողովուրդը գլուխը կարմիր բան մը կը դնէ կոր, վրայէն ալ սեւ դերձաններ կը կախէ կոր, օղին ալ շատկեկ կը խմեն կոր:

Խօսքս եզրակացնելով կ՚ըսեմ թէ` ըստ ձեր հրամանաց քոնֆերանսը ըրինք, եւ ըստ ձեր հրամանաց քոնֆերանսին մէջ բան մը չըրինք:

Ծափահարութիւնք:

Օրը հազար ոսկի եկամուտ ունեցող Մարքի տը Սալիսպրին ատենաբանութիւնը լմնցնելուն պէս երթայ իւր աթոռը պիտի նստի եւ ժողովը միաձայն հաւանութեամբ շնորհակալութեան քուէ պիտի տայ Սալիսպրիին:

Եւ իրօք, Սալիսպրին` եթէ ճշմարտախօս մարդ է` ուրիշ կերպ չպիտի կրնայ խօսիլ:

Սպասենք ու տեսնենք:

***

Սա Կորչաքոֆը ուրիշներուն գործին մէջ մտնելը շատ կը սիրէ կոր, մեր Քրիստոստուր էֆենտիին պէս, որ ազգին ծառայութիւն պիտի ընեմ ըսելով` ամէն պաշտօններու մէջ կը մտնէ:

Կորչաքոֆը հիմա սկս ե ր է միւս տէրութեանց հարցունել, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի բռնեն:

Իրեն ի՞նչ պէտք է ուրիշներուն բռնելիք ընթացքը. ինքը թո՛ղ ուզած ըն­թացքը բռնէ. ուրիշներու գործին ինչո՞ւ կը խառնուի:

Եթէ ես ըլլայի միւս տէրութեանց տեղը` բռնելիք ընթացքս կը պահէի եւ չբռնելիք ընթացքս կը յայտնէի սա ծերունիին, որ հացին օխան երեք ու կէսի սկսաւ մեզի կերցունել, որ երբ ստակ չգտնանք հաց առնելու եւ անօթութե­նէ մեռնինք՝ ուրախութեամբ պիտի պոռայ.

—Ահա հիմա բարւոքեցաւ քրիստոնէից վիճակը:

Աս ի՛նչ ձախող բարերարի հանդիպեցանք, Աստուած իմ:

***

Բարեկենդանի մէջ ենք…

Իմաստութեան դուրսն ենք…

Նախնիքներէ մնացած սովորութիւն մ՚է, որ մարդիկ տարին անգամ մը կը խենթենան, տարին անգամ մը խելքերնին կիրակի կը բռնէ ու խենթու­թիւննին կ՚աշխատի:

Արդ, տարին անգամ մը ամէն մարդ, այր ու կին, ծեր եւ տղայ, հարուստ եւ աղքատ, երեսին դիմակ մը կ՚անցունէ, փողոցներուն մէջ, տուներուն մէջ կը պարէ ու կը ցատկէ:

Այսօր Եզոբոսն ալ չկրնար բարկանալ, ինչու որ ամառը երգեցինք, ձմեռը կը պարենք կոր:

Միայն մենք չենք, աշխարհիս սանձերը բռնող քաղաքագէտներն ալ երեսնուն դիմակ կ՚անցունեն (ամէն օր): Բայց անոնք մեզմէ որոշուելու համար մարդու պատկեր չեն դներ, այլ կենդանիի պատկեր կը դնեն երեսնուն վրայ. օրինակի համար մին` արջու պատկեր, ուրիշ մը` աղուէսի պատկեր, ուրիշ մը` գայլի պատկեր եւ այլն, եւ այս պատկերներով իրարու ներկայանալով` քատ­րիլ կը խաղան ու մեր բախտը կ՚որոշեն…

Այս տարուան քատրիլին մէջ հաւանական է, որ Ռուսիան Անգղիոյ հետ վիզավի ըլլայ: Իսկ ժողովուրդը ամէնուն հետ կ՚ուզէ վիզավի ըլլալ, միայն մէկ քանիներու հետ չուզեր:

—Որո՞նց հետ:

—Որո՞նց հետ:

Իր պարտատէրերուն հետ:

***

Խաւարը դեռ չբարեհաճեցաւ իւր թեւերը վերցնել արեւելեան խնդրոյն վրայէն, հետեւապէս արեւելեան խնդրոյն ապագան իմ ապագայիս պէս մութ է:

Սըր Սթաֆորթ Նորթքըթ, Մարքի տը Հարթինկթըն, Մըսթըր Տիզրայելի, Գոնթ Տերպի, Մարքի տը Սալիսպրի, Աստուծոյ համար խօսելով, բաւական կը խօսին կոր մեր խնդրոյն համար առանց լոյս մը տալու… ի՛նչ օգուտ, որ մեր խնդիրն խօսքէն աւելի գործքի պէտք ունի: Եթէ խօսքով կարգադրուէին մեր գործերը, մինչեւ հիմա ինչո՞ւ կարգի դրուած պիտի չըլլային:

Ինչեւէ, որովհետեւ իշխանութիւն չունինք ուրիշին խօսելու ազատութիւ­նը բռնաբարելու, թողունք իրենց խօսիլ եւ մեր խնդիրներովը զբօսնուլ այո՛, զբօսնուլ, որովհետեւ չգիտեմ թէ բարլամենթոյին մէջ ի՛նչ պիտի խօսէին մեր անգղիացի եղբայրները` եթէ արեւելեան խնդիրը չըլլար:

Իսկ մենք քսան օր ալ սպասենք, որպէսզի խաւարը իւր թեւերը վեր առնէ ու մեր խնդիրը իւր ապագայովը մէկտեղ ինքզինքը ցցունէ:

Սպասելէն ուրիշ ճար չունինք:

***

Լա Վերիթէ ( ճշմարտութիւն ) անուն լրագիր մը կը հրատարակուի կոր, կարդացած ունի՞ք այդ լրագիրը:

Առջի օրը իմ ձեռքս անցաւ հատ մը այդ ճշմարտութիւն անուն լրագի­րէն եւ քիչ մը խնդացի, որովհետեւ իրեն լրագրին նիւթ ընելիք բանը իր լրա­գրին անուն դրեր է, եւ եթէ երբեք իր տողերուն մէջ ճշմարտութիւն չգտնանք, պատճառն այն է, որ փնտռածնիս իր լրագրին ճակատը փախեր ապաստաներ է:

Յիշեալ թերթին մէջ մեր գտած ճշմարտութիւնն այս է ահա:

***

Ականջնուդ օղ ըլլայ, որ չմոռնաք, եւ ձեր զաւակները տեսանելի եւ անտե­սանելի փորձանքներէն զգուշացնելու ատեննիդ իրենց ըսէք.

—Զաւա՛կս, երբ մեծնաս եւ ստիպուիս գաւառները երթալ, եւ երբ լսես, օր մը, որ նոր կուսակալ մը գալու վրայ է այն քաղաքին, որու մէջ կը գտնուիս` չըլլայ որ տղայութիւն ընես եւ կուսակալը դիմաւորելու երթաս, որովհետեւ կուսակալ մը դիմաւորելը մեծ յանցանք է, եւ այս յանցանքիդ համար հրա­ցան կը պարպեն վրադ:

Թերեւս ձեր զաւակները առջի բերան չհաւատան ձեր քարոզին եւ ձեր վրայ խնդան, զանոնք հաւատացնելու եւ ձեր վրայ չխնդացնելու համար առջի օրուան Մասիսն առէք ու կարդացէ՛ք:

«Վանէն Տէր Երեմիա եպիսկոպոս լուր կու տայ հեռագրով ի պատրիարքա­րան` թէ նորընտիր կուսակալն ազգին կողմէն դիմաւորելու ղրկուած Թերզի­պաշեան Յարութիւնի վրայ հրացան պարպեր է Տերվիշ անուն քիւրտ մը եւ վիրաւորեր է: Ոճրագործը բռնուեր է»:

Եթէ ձեր զաւակները հարցունեն թէ` ոճրագործին ի՞նչ պատիժ տնօրիներ են, պատասխանեցէ՛ք իրենց թէ` հայ մը սպաննող քիւրտերը ձերբակալու­թեան կը դատապարտուին եւ ս. պատրիարքն ալ մէկ շաբաթէն մինչեւ վեց ամիս թաքրիր գրելու կը դատապարտուի:

Թերեւս ձեր զաւակները թերահաւատ գտնուին եւ չհաւատան. թերահա­ւատութեան մի՛ վարժեցունէք զիրենք, տարուան մը մէջ տեղի ունեցած սպան­նութեանց հեղինակները քովէ քով շարեցէ՛ք, եւ անոնց անպատիժ մնալը ցցուցէ՛ք իրենց. սակայն այդ սպան ութեանց ատենները սահմանադրութեան հրատարակուած չըլլալն ու իտարեյի քեյֆիյէի տակ գտնուած ըլլալնիս ալ իմացուցէք իրենց…

Ականջնուդ օղ ըլլայ… քիթերնուդ ակնոց ըլլայ… գլուխնուդ շինէոն ըլլայ ի՛նչ ըսեմ որ չմոռնաք եւ այս ըսածներս ձեր զաւակներուն, թոռներուն, թոռներու թոռներուն եւ անոնց ալ թոռներուն ականջը հասցնէք, որպէսզի դա­րուց ի դարս մեր ականջներն ի վար հնչուի այն խօսքը թէ՝ կուսակալ մը դի­մաւորելը յանցանք է:

***

—Վարպե՛տ, Կիրակո՛ս, Մարգա՛ր… ջուր բերէ՛ք, ջուր…

—Ի՞նչ կայ, կրա՞կ կայ:

—Չէ՛, չէ՛, հանըմը մարեցաւ, շուտ ըրէ՛ք, վարպետ, դուն ջուրը բեր, Կիրակո՛ս, դուն բժիշկին վազէ, Մարգա՛ր, դուն ալ դեղագործին գնա… գետ­նին տակը անցնի սա Նիկոմիդիայի աղքատներուն վիճակը…

—Ա՜հ, ո՜հ, ո՜ւհ…

—Արթնցա՞ր, անուշիկս… ես կատակ ըսի, խե՞նթ եմ, որ շրջազգեստիդ ստակը Նիկոմիդիայի աղքատներուն տամ…

—Չիյտես որչափ գէշ եղայ, երբ ըսիր թէ շրջազգեստ չպիտի շինեմ եւ անոր ստակը Նիկոմիդիայի աղքատներուն պիտի ղրկեմ, կարծես թէ գլուխս ի վար պաղ ջուր լեցուցին. նիկոմիդիացիները, ըսի մտքէս, ինձմէ աւելի կը սիրէ կոր, ահ, օֆ… անօթութենէ կը մեռնին կոր տեյի այս տարուան պալոներուն անցեալ տարուայ շրջազգեստո՞վ երթամ ես:

—Չէ՛, չէ՛, հանըմ, սիրտդ մի՛ հատցուներ, այս տարուան տեքոլթէդ ալ կը շինուի:

Դուք ալ, նիկոմիդիացի եղբարք, քիչ մը ակռանիդ սեղմեցէք, որ Պոլսոյ հանըմները ձեր պատճառով չմարին:

***

Ինքզինքնին ազգասէր ծախելով ազգային պաշտօններէ ստակ վաստկողներուն անունները թերթերնուս մէջ անկողմնակալութեամբ հրատարակել որոշած ըլլալով՝ կը խնդրենք այդ ազգասէրներէն, որ հաճին անուննին իմա­ցունել մեզ, որպէսզի սխալմունք մը ընելով ճշմարտութիւնը չվիրաւորենք:

***

Անգղիոյ ժողովներուն մէջ զրուցուած խօսքերէն եթէ բան մը հասկցաք` կ՚աղաչեմ, ընթերցողք, ինձի ալ հասկցուցէ՛ք, որ ես ալ ընթերցողացս հա­ղորդեմ:

Թուրքիոյ համար չպիտի պատերազմին եղեր:

Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պիտի պահեն եղեր:

Թուրքիան եւ Ռուսիան դէմ առ դէմ պիտի ձգեն եղեր:

Ազնիւ լորտեր, մարքիներ, ըսել կ՚ուզէք, որ Գարատաղին բան մը չտանք, եւ եթէ տալու ըլլանք, Թուրքիոյ ամբողջութիւնը պահելու համար մեր տուածը Գարատաղէն ետ պիտի առնէք:

Ողջ ըլլաք, մեր ալ ուզածն այս է. մենք տանք, դուք առնէք:

Կարծեմ ձեր ուզածն ալ այս է:

***

Կ՚ուզէ՞ք մէկու մը բարի կամ չար ըլլալը հասկնալ, ձեռւընիդ անոր գր­պանը խոթեցէք եւ եթէ որ բան մը չգտնաք հոն, մի՛ վախնաք այն մարդէն, որովհետեւ աշխարհիս ամէնէն բարի մարդն է այն. իսկ երբ տեսնէք, որ մարդ մը առանց գրպանի բանթալոն մ՚է հագեր, մօտեցէ՛ք, եւ երկրպագութիւն ըրէք իրեն, որովհետեւ անիկա սուրբ մ՚է. եւ անանկ սուրբ մը հիմա սրբոց մէջ ալ հազուագիւտ է: Ընդհակառակն, երբ տեսնէք մարդ մը, որուն գրպաններուն մէջ ստակ կը գտնուի, հեռացէ՛ք իրմէ, փախէ՛ք իրմէ, որովհետեւ այդ մարդը բարի չէ՛, եւ կրնայ ձեզի վնաս հասցնել:

Ինչպէս որ բժիշկները մէկու մը հիւանդ կամ առողջ ըլլալը հասկնալու համար անոր լեզուն կամ բազկերակները կը քննեն՝ ես ալ մէկու մը բարի կամ չար ըլլալը իմանալու համար` անոր քսակը կը քննեմ, եւ չեմ սխալիր:

Ինչ որ ուզեն, թո՛ղ ըսեն, ես կ՚ըսեմ, որ բարի մարդը ստակ չկրնար վաս­տըկիլ, եւ պէտք չէ որ վաստկի: Ստակ վաստկելու համար ստախօսու­թիւն պէտք է, սուտ երդում պէտք է, երբեմն ուրիշին կոկորդէն բռնել, սղմել պէտք է, ով որ այս ըսածներուս չհաւտար, կ՚աղաչեմ, կը խնդրեմ, շնորհ ընէ, թո՛ղ ցցունէ մէկը ինձի, որ Աւետարանի հետեւելով սպասաւորներու, կառքերու, վարժապետներու, ձիերու եւ աղուոր պեսլեմեներու տէր եղած ըլլայ: Բայց, չկայ մէկը, որ այս մասին վիճաբանութեան մտնայ հետս, հարուստներն իսկ կ՚ընդունին այս քարոզս, ճշմարտութիւններս, բայց ինքզինքնին ար­դարացնելու համար կ՚ըսեն թէ` առեւտուրի մէջ սուտ խօսիլը, մարդ խաբելը բնաւ չարութիւն չնշանակեր, եւ որպէսզի ընդհանրացնեն այս սուտ ճշմար­տութիւնը կամ այս ճշմարիտ ստութիւնը, մէջերնին առած մ՚ալ հնարեր են ու կ՚ըսեն, տոսթլուք քանթարլան, ալըշվերիշ մըսքալլան: Այս առածը կրկնե­լէն ետքը աչքդ անգամ կը գողնան եթէ յաջողին:

Բայց ինչո՞ւ տարակուսինք այս ճշմարտութեան վրայ, միթէ այսօր չե՞նք տեսնար կոր մարդիկ, որ իմ շահս այսպէս կը պահանջէ ըսելով ուրիշներու դժբախտութեանը պատճառ կ՚ըլլան կոր եւ առանց ամչնալու կ՚արդարանան կոր:

Հարուստ մարդու մը ձին ինձի կից մը կու տայ եւ մարմինս ջարդ ու բուրդ ընելով` գետինը կը պառկեցնէ կոր զիս. ներկայ եղողներէն մէկը չհամար­ձակիր կոր քովս մօտենալու, թեւէս բռնելու եւ զիս վերցնելու, որպէսզի ձիուն արժանապատւութիւնը չվիրաւորուի, որպէսզի ձիուն տէրը չելնէ վաղը իրեն ըսէ թէ` իմ ձիուս հարուածած անձին դուք պաշտպանութիւն ըրած էք եղեր, եւ ասիկա իմ ձիուս անպատւութիւն կը բերէ:

Մարդկութեան համար քրտինք թափող չմնաց աշխարհիս վրայ. առաքի­նութիւնն իր նշանակութիւնը կորուս. անբարոյականութիւնը բարոյականու­թեան դիմակով արձակ համարձակ կը պտտի կոր եւ Թատրոնը կարող չըլլար կոր այս զեղծումները բառնալու. ոչ միայն կարող չըլլար կոր, այլ զանոնք բառնալ աշխատելուն համար ծաղու նշաւակ կ՚ըլլայ կոր… Մէկէն իբրեւ ճգնաւոր կը բամբասուի կոր, ուրիշէն իբրեւ կրօնաւոր կը զրպարտուի կոր, մէկալէն իբրեւ անզգայ կը հարուածուի կոր, ուրիշէն իբրեւ թշնամի յառաջա­դիմութեան կը նախատուի կոր, ապտալ կ՚ըսեն կոր, խըմպըլ կ՚ըսեն կոր: Հարուստ մը իրեն դիմողին բարութիւն չըրած ատեն՝ քթին տա­կէն Թատրոնին քեֆը փախաւ ըսելով կը ծաղրէ կոր զիս, քաւալիէ մը իր տամային մէջքը սխմած ատեն` Թատրոնը չկրցաւ սա մարդկութիւնը օրինաւորութեան մէջ դնել ըսելով իր տամային հետ խնդալէն կը մարի կոր անառակը: Աւելին կայ. երեկոյթներու, պարահանդէսներու երթալու կը քաշ­ուիմ կոր, որովհետեւ երթալուս պէս` մանչ, աղջիկ, այր եւ կին, հոն գտնուող­ները շուրջս կը պատեն կոր եւ կը սկսին կոր զիս քաշել:

—Էֆենտի՛, սա ընտանեկան զեղծումները չկրցիք տակաւին շտկել:

—Շիտակը, էֆենտիին ձեռնարկութիւնը դժուար է, օրուան մը մէջ չկր­նար գլուխ հանել:

—Բայց մի՛ վհատիք. էֆենտի, ապագան ձեզի պիտի օրհնէ:

—Էֆենտի, ուրիշ միջոց մը գտա՞ք սա մարդիկը ճամբայ բերելու, սա պարը վերցնելու է… պարը շատ անբարոյական բան է, ինչ ըսէք նէ` իրաւունք ունիք, էֆենտի, չըլլայ որ դուք խաղաք:

Իմ ալ համբերութիւնս կը հատնի կոր, լապտերը վառելուս պէս ինքզինքս պատուհանէն վար կը նետեմ կոր. տուն երթալուս պէս սենեակիս վարագոյր­ները կը ձգեմ կոր, անկողինս կը մտնամ եւ գլուխս վերմակիս մէջ կը քաշեմ կոր, որպէսզի չտեսնամ իրենց երեսը, որոնք ամենայն համարձակութեամբ զարմանալով թէ՝ Թատրոնին պէս մէկը կրնայ եղեր տակաւին գտնուիլ այս դարուս մէջ, ապուշ մը գտեր ենք, թո՛ղ խօսի, մենք ալ հետը էյլենմիշ ըլլանք, կ՚ըսեն կոր: Թո՛ղ որ անդին հազարաւոր պարկեշտ երիտասարդներ կան, որ զիս կը յարգեն կոր. ինչպէս որ միլիոնաւոր աղջիկներ կան, որ ինձի համար հոգի կու տան կոր. բայց ի՛նչ օգուտ, որ ասոնք բացառութիւններ են, եւ բա­ցառութիւն մը որչափ ալ ստուար ըլլայ, չկրնար ընդհանուր կանոն ըլլալ:

(Բնաբանէ շեղած չըլլալս իմացնելու համար պէտք է հոս յիշել, որ այս բացառիկ երիտասարդներն, աղջիկները գրպանը ծակ եղող կուսակցութեան կը վերաբերին):

Եւ ես ի՞նչ կ՚ընեմ կոր ինձի եղած նախատանաց եւ անարգանաց դէմ, կը համբերեմ կոր, գիտնալով` որ իմ խօսքերուս արժէքը ասկից հարիւր տարի ետքը պիտի ճանաչուի, իմ խօսքերուս արդիւնքը իմ թոռներս (Աստուած պահէ զիրենք արեւելեան խնդիրէն) պիտի վայլեն: Միթէ Սոկրատ ալ չհալածուեցա՞ւ, ես ալ Սոկրատէն պզտի՞կ մարդ եմ… Տեմիրճիպաշեան, Կիւրճեան, չօգնէ՞ք քիչ մը ինձի, եղբայրնե՛ր… ինչո՞ւ կայներ երեսս կը նայիք կոր…

Կարծեմ, ընթերցող, այսօր քիչ մ՚աւելի շատախօսութիւն կ՚ընեմ կոր, բայց ի՞նչ ընեմ, կարծիքներ կան, որոնք լակոնականով անհասկանալի կը մնան: Օ՛ն, խնդրոյն դառնանք, բայց դարձած ատեննիս չմոռնանք ըսելու, որ դուռը տունէն մեծ եղաւ, եթէ ուզէք` տունը դռան տեղ գործածեցէ՛ք… Հրէից կիները արդէն դուռը կը նստին:

Ըսի թէ` գրպանը ծակ եղողները բարի կ՚ըլլան. տեսէ՛ք հիմա, թէ ինչո՞ւ ըսի:

Յայտնի է ձեզ, որ Գարատաղի հետ ալ պիտի հաշտուինք այս օրերս:

Անգղիոյ կառավարութիւնը հարիւր հազար ոսկի տալ խոստացեր է Գարատաղին` եթէ ասիկա ետ կենայ Թուրքիայէն հող ուզել:

Անգղիա ի՞նչ բարիք տեսաւ Գարատաղէն, որ անոր այսչափ ոսկի կու տայ կոր, Թուրքիա ի՞նչ բարեկամութիւն տեսաւ Գարատաղէն, որ անոր եր­կիր տայ:

Անգղիա այդ գումարը գարատաղցոց տալու տեղ հայերուն տալու ըլլայ նէ` աւելի քրիստոնէավայել եւ մարդասիրական գործ մը տեսած չըլլա՞ր, այդ գումարը գարատաղցոց տալով, զիրենք չը՞քաջալերեր. եւ ի՞նչ հարկ կայ տեղեր­նին հանգիստ չնստող մարդիկը վարձատրելու:

Աստուած իմ, մինչեւ ե՞րբ ասանկ մարդիկ պիտի փառաւորուին:

—Սը՜սսթ… իրաւունք հզօրագունին…

Ինչո՞ւ սը՜սսթ, ինչո՞ւ զօրութիւնը իրաւագունին պիտի չըլլայ եղեր:

—Մէյ մ՚ալ ատանկ խօսք մի՛ ըներ. կը խնդան վրադ:

Ինչո՞ւ պիտի չընեմ եղեր: Դիցուք թէ Բ. Դուռը անառակ որդւոյ մը հետ վարուելու պէս վարուի եւ քիչ մը բան զոհելով իր գարատաղցիին, մեզի ըսէ. «որդի իմ կորուսեալ էր եւ գտաւ», բայց Անգղիա ինչո՞ւ խնդրոյն մէջ կը մտնայ կոր եւ հարիւր հազար ոսկի կու տայ կոր անոնց, մինչդեռ ասդին հայերը գաւառաց մէջ անօթութենէ կը մեռնին կոր…

Կ՚աղաչեմ, կը խնդրեմ, չերկնցնենք այս խօսքը եւ բարիներուն համար չէ այս աշխարհը ըսելով` գոցենք այս խօսքը, որովհետեւ զայրոյթ կը զգամ կոր: Քիչ մ՚ալ ուրիշ բանի վրայօք խօսինք:

***

Քանի մը ժամանակէ ի վեր, շաբաթ մը չանցնիր, ուր Թուրքիա նոր դա­րագլուխ մը չունենայ:

Օրինակի համար, երբ ըսուեցաւ, թէ սահմանադրութիւն պիտի հրատա­րակուի` բոլոր թերթերը միաբերան ըսին.

—Թուրքիան նոր դարագլո՛ւխ մը ունեցաւ:

Երբ սահմանադրութիւնը հրատարակուեցաւ` ամէնքը պոռացին.

—Թուրքիան այսօր նոր դարագլուխ մը ունեցաւ:

Երբ քուէարկութիւնը կատարուիլ սկսաւ, նորէն աղաղակեցին.

—Նոր դարագլուխ մ՚ալ այսօր ունեցանք:

Երբ երեսփոխանական ժողովը բացուեցաւ` դարձեալ գոչեցին.

Պերեքեաթ վերսին, նոր դարագլուխ մ՚ալ այսօր ունեցանք:

Թողունք այն անթիւ դարագլուխները, զորս ունեցանք դեսպանաժողովին առաջարկութիւնները մերժած օրերնիս, եւ ուրիշ այլեւայլ պարագանե­րու մէջ:

Լրագիրները ամէն օր նոր դարագլուխ բերելու տեղ աւելի աղէկ կ՚ընեն՝ եթէ երկրիս մէջ գործուած զեղծումներուն բարձման համար ամէն օր կառա­վարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեն:

Օրինակի համար. անցեալ կիրակի, խանի մը մէջ պառկող բեռնակիր մը եկեղեցի երթալու համար` խանէն դուրս ելնելուն պէս` անկարիայի կը բռնուի եւ նոյն օրը մինչեւ իրիկուն անօթի փորով գարի կը կրէ:

Խեղճ բեռնակիրը ի՞նչ հասկնայ հիմա այն նոր դարագլուխէն, եւ ասկից վերջ ո՞ր բեռնակիրն է, որ յանդգնի կիրակի առտու մը եկեղեցի երթալ:

***

Խայալ անուն զաւեշտական թերթին խմբագիրը երեք տարի բանտարկու­թեան դատապարտուեցաւ ծաղրանկար մը հրատարակած ըլլալուն համար:

Այս լուրը կարծեմ հաճոյ չթուեցաւ մեր գրիչին, որովհետեւ, կը տեսնեմ, որ սովորականէն աւելի անհամ գրել սկսաւ:

Երեք տարի բանտարկութիւն…

Եւ ես տեղ մը կէս ժամէն աւելի նստիմ նէ` կը ճաթիմ:

Աղէկ որ ես ծաղրանկարը վերցուցեր եմ եղեր…

—Յօդուածներուդ մէջ բան մը չե՞ն կրնար գտնալ:

—Յօդուածներն ալ կը վերցունեմ, այնպէս կը հրատարակեմ. ի՞նչ ընեմ, երեք տարի ո՞վ պիտի երթայ հոն նստի:

***

Գաղղիացի տիկնոջ ըրած կտակին ի՞նչ կ՚ըսէք:

85000 (ութսունեւհինգ հազար) ֆրանք թողուցեր է, որ անկար եւ խեղճ շուներուն համար հիւանդանոց մը շինուի:

Երանի այն կենդանեաց, որ Գաղղիոյ հպատակ են…

Անշուշտ այս հիւանդանոցը պիտի ունենայ իւր անկողինները, կերա­կուրը, բժիշկները, դեղերը եւն. հարկաւ հիւանդութենէ ելնող շուներուն օդա­փոխութեան համար գեղ մ՚ալ պիտի յատկացուի:

Բժիշկներուն աչքը լոյս… ճիւղ մ՚ալ աւելցաւ իրենց… ո՛վ գիտէ, ինչ փափաքով պիտի երթան իրենց հիւանդ շուներուն քով. անոնց բազկերակ­ները պիտի քննեն, կուրծքերնուն, կռնակնուն մատով զարնելէն վերջը` ականջ­նին պիտի դնեն. «այս ջուրէն դգալ մը առտու, դգալ մը կէս օրին, դգալ մ՚ալ իրիկունը պիտի խմէք, ծանր բաներ մի՛ ուտէք, քանի մը օր բրինձի ապուրով անցուցէ՛ք: Նայեցէ՛ք, որ չմսիք եւն. պիտի ըսեն»:

Շուներն ալ պոչերնին խաղցունելով պիտի հարցունեն.

—Մէյ մ՚ալ ե՞րբ պիտի գաք զիս տեսնելու:

—Վաղը:

—Վաղը դուրս ելնել կ՚ուզէի:

—Քանի մը օր մի՛ ելնէք:

—Գործեր ունիմ, չեմ կրնար տունը նստիլ:

Թող տեսնեն մեր հոստեղի աներես շուները, որ փողոցը մէկու մը ձեռքը հաց, պանիր եւ կամ ձուկ, միս տեսնելնուն պէս` վրան կը ցատկեն եւ կը յափշտակեն. մսավաճառներու խանութէն չեն զատուիր. թող տեսնեն եւ սոր­վին` թէ պարկեշտ շուները ինչպէս կը հոգացուին:

Ո՛րչափ երախտապարտ կ՚ընէր զմեզ յիշեալ տիկինը, եթէ շինելիք հիւան­դանոցին քով բանտ մ՚ալ շինել տար մեր շուներուն համար, որոնց ձեռքէն խալսելու համար տուներնիս միս տանելու, փողոցը հաց ուտելու մեծ դժուա­րութիւններ կը քաշենք:

***

—Խիկա՛ր, ինչո՞ւ վերցուցիր կսմիթներն:

—Անոր համար, որ չէզոքութիւն պահել ստիպուեցայ:

—Ինչո՞ւ չէզոքութիւն պիտի պահես:

—Որովհետեւ շահերս այդպէս կը պահանջեն: Բայց երբ տեսնեմ, որ չէզոքութիւնն շահերուս դպչիլ կը սկսի, այն ատեն չէզոքութիւնս պիտի կորսնցնեմ:

—Փառք Աստուծոյ, գրելու բա՞ն կը պակսի. դիւանագէտներու վրայօք գրելու տեղ` աղջիկներու վրայ կը գրեմ, բրոթոքոլներու, մանիֆեսթներու վրա­յօք խօսելու տեղ` մոտաներու վրայ կը գրեմ, դիւանագէտները կսմթելու տեղ՝ աղջիկները կը կսմթեմ:

—Թող կու տա՞ն:

—Ինչո՞ւ թող չպիտի տան, աս ալ քաղաքականութեան վերաբերեալ բան մը չէ ա՛, աս խնդրոյն վրայ մի՛ գրեր, ան խնդրոյն վրայ զգուշութեամբ գրէ՛, միւս խնդրոյն հետ զգուշութեամբ վարուէ՛, ասոր վե՞րջը:

—Եթէ կ՚ուզես` խոհեմութեամբ մի՛ վարուիր, Տպագրական տեսչութեան նոր ազդարարութիւնը կարդացիր ա՛: Օր մը կը նայիս, որ առտուանց գրասենեակդ երթալուդ պէս` գրասեղանիդ վրայ թուղթ մը կը գտնես. կ՚առնես եւ կը կարդաս.

«Նկատելով, որ Թատրոնը այսինչ թուոյն մէջ այսինչ յօդուածը հրատա­րակած է, թուականէս մինչեւ երեք ամիս դադարեալ պիտի մնայ»:

Այս թուղթին վրայ կը սկսիս երեք ամիս պտտիլ Պոլսոյ փողոցները:

—Գոնէ փողոցները մաքուր եւ կանոնաւոր ըլլային… մարդս այնչափ յոգնութիւն չէր կրեր: Բայց ինչո՞ւ պտտիմ. երեք ամսուան համար գործ մը կը գտնամ:

—Ի՞նչ գործ:

—Նիկողոս մարգարէին պէս գուշակութիւններ կ՚ընեմ. պատերազմի դաշտէն լուր կը գուշակեմ, Պասիրեթի կը տանիմ կը ծախեմ:

—Ստակ կու տա՞յ մի:

—Ինչո՞ւ չպիտի տայ… շատ նեղը մնամ նէ` Բոթի կ՚երթամ թորբիլ կը հանեմ, հատը մէկ ոսկիի կը ծախեմ:

—Հանողը հանեց զանոնք, ալ չմնաց, որ հանես:

—Եղբայր, դուն ալ բոլոր դռները կը գոցես կոր. քու հաշուովդ մարդս անօթութենէ մեռնելո՞ւ է:

—Ի՞նչ կարծեցիր հապա, աս ժամանակի մէջ գործ գտնելը դիւրի՞ն բան է:

—Վիպասանութիւն մը կը գրեմ ու կը հրատարակեմ:

—Անօթի մնալու համար աղէկ գործ է:

—Վաճառականի մը քով գանձապետ կ՚ըլլամ, օրին մէկն ալ սնտուկը կ՚առնեմ, կը փախչիմ:

—Ձեռքէդ չգար:

—Ասոր վե՞րջը:

—Ասոր վերջը խելքդ ժողվելով անանկ յօդուածներ կը գրես, որ մէկուն չեն դպչիր:

—Կ՚աղաչեմ, խնդրոյ մը վրայ երգիծական յօդուած մը գրած ունի՞ս, որ մէկու մը չդպչի, գրած ունիս եթէ անանկ բան մը` ցցուր ինձի, որ իբրեւ օրի­նակ առջեւս դնեմ ու անոր հետեւիմ:

—Գրած չունիմ, դուն գրել աշխատելու ես, որ չգոցուիս:

—Օրինակի համար, մի՛ ըսեր, թէ օրիորդ Մարգարիտը ամէն օր առ­տւընէ մինչեւ իրիկուն կը պտտի եւ տունը չնստիր բնաւ, այլ ըսէ` թէ շատ պտտիլ պատիւ չբերեր աղջիկներուն, մի՛ ըսեր` թէ Պասիրեթը, Լեւընթը, Վաքըթը, Լա Թիւրքին, Լրագիրը սուտ լուրեր կու տան կոր, այլ ըսէ` թէ լրագիրներուն չվայլեր սուտ լուրեր տալը. մի՛ ըսեր` թէ այսինչ էֆենտին քա­նի մը տարիէ ի վեր ազգային գործերու շնորհիւ կ՚ապրի. այլ ըսէ` թէ ով որ իր խանութը, գործը կը ձգէ եւ ազգային գործերէն դուրս չելներ, չի կրնար պատիւ եւ համարում գտնել. այսպէս ըսելով մարդ վիրաւորած չես ըլլար:

—Շատ աղէկ, այնպէս կ՚ընեմ…

—Սկսէ՛, նայիմ:

—Լաւ. պաշտօնի գլուխ գտնուողներուն չվայլեր օրը երկու անգամ հրաժարական տալ:

—Տեսա՞ր, մէկու մը չդպաւ:

—Պօղոս առաքեալը ասկից տասնեւինը դար առաջ Տիմոթէոսին եւ հռովմէացւոց շրջաբերական մը գրեց եւ այս շրջաբերականը պատրիարք մը ստորագրեց:

—Տեսա՞ր, ինչ անուշիկ կ՚ըլլայ կոր:

—Քաղաքական ժողովի անդամ ըլլալով` դատ վարող մէկու մը պոնո ղրկելը աղէկ բան չէ:

—Աս ալ աղէկ:

—Պարապ բան է մէկուն ըսելը` թէ ես քուկին ստակիդ պէտք չունիմ, քանի որ անիկա քեզի ստակ տալու խօսք մը ըրած չէ եւ մանաւանդ թէ անուղ­ղակի կերպով քեզի ստակ չտալիքն ալ յայտներ է:

—Տեսա՞ր, այս եղանակով ոչ ոք կը վիրաւորուի:

—Լուր մը չեղած ատենը յաւելուած հանելը պարզապէս աւազակու­թիւն ընել ըսել է:

—Այո՛, այնպէս է:

—Միշտ երկու կողմը կոտրտուելով քալող եւ ինքզինքը թուալեթի տուող կրօնաւորներէն զգուշանալու է:

—Ճիշտ է:

—Ըսել է, որ այս եղանակով հարիւր տարի ալ գրելու ըլլամ` բնաւ չեմ գոցուիր:

—Այո՛:

—Տեսնենք:

—Տեսնելու հարկ չկայ, աշխատէ՛, որ այս ընթացքէն չշեղիս:

—Բայց թէ որ այս ընթացքին մէջ խղդուելու ըլլամ` այն ատեն ի՞նչ պիտի ըսես:

—Այն ատեն պիտի ըսեմ, թէ ով որ լրագրին չգոցուելուն կը փափաքի, պէտք է որ իր ձեռքովը դադրեցունէ զայն: Մնաք բարով:

—Երթաք բարով:

***

28 յունուար 1878

Ժամանակաւ իմաստասէրին մէկը ըսած է. «Քի՛չ խօսէ ու շա՛տ մտիկ ըրէ»:

Թէպէտ եւ որոշ չգիտցուիր, թէ իմաստասէրն ո՛ր պարագայի մէջ ըսած է այդ խօսքը, բայց կը կարծուի, թէ տասը կանգուն երկայնութեամբ յօդուած­ներ գրող խմբագիրներէն մէկուն ըսած ըլլայ. հաւանական է նաեւ, որ պար­տատէրն իրմէ ստակ ուզելու գացած ըլլայ եւ անոր ըսած ըլլայ. կրնայ ըլլալ, որ… բայց ի՞նչ փոյթ մեզ, որու ուզէ, թող անոր ըսած ըլլայ, բաւական է, որ այդ խօսքը շատ իրաւացի խօսք մըն է, որովհետեւ շատ խօսողները բան մ՚ալ չեն խօսիր, ամէնէն շատ խօսողներն ամէնէն քիչ խօսողներն են, ասիկա այնչափ յայտնի ճշմարտութիւն մ՚է, որ դեսպան մ՚անգամ չկրնար ուրանալ:

Ուրիշ իմաստասէր մը մեր իմաստասէրին այս խօսքին շատ հաւնելով` քայլ մ՚ալ ինք առաւ եւ ըսաւ.

«Բնաւ մի՛ խօսիր ու շարունակ մտիկ ըրէ»:

Եւ թատրոնին վարագոյրը գոցուեցաւ:

Վեցամսեայ լռութեամբ ազգին եւ կառավարութեան մեծ ծառայութիւններ մատուցանելէ ետեւ` եթէ այսօր ընթերցողացս կը ներկայանամ` չկարծուի թէ խնդալու դիտաւորութեամբ է, որովհետեւ խնդալն արգիլուած է` իբրեւ վնասա­կար հասարակաց բարոյականութեան. այլ կսմթելու ու միմիայն տեսածներս պատմելու նպատակաւ Մասիսի ստորոտը կ՚իջնամ այսօր, աղաչելով մեր ընթերցողները, որ խնդալէ զգուշանան եւ զաւեշտ բառը բնաւ չարտա­սանեն:

Այս յայտարարութիւնն ընելէ ետեւ պզտիկ դէպք մը պատմելով կը կնքենք մեր յառաջաբանն, որ կնքուած զինադադարին պէս անհասկնալի բան մ՚եղաւ:

Երկու բարեկամ ճաշարանի մը մէջ կը ճաշէին անցեալ շաբթու:

—Մանչուկ, հոշապ մը բեր, ըսաւ մին:

—Հոշապը հայերէն չունի՞, հարցուց միւսը:

—Զաւեշտաջուր, պատասխանեց ընկերը:

—Անանկ է նէ` մի՛ խմեր, հասարակաց բարոյականութեան վնասակար է եղեր, ըսաւ բարեկամը:

Ահա այսպէս վնասակար ճանչցուած են այն ամէն բաները, որ քիչ մը զաւեշտով խառնուած են:

***

Ընթերցող, դիպուածը անանկ բերաւ, որ ես ալ, շատ մը վառվռուն հայ երիտասարդաց պէս, քրիստոնեաներէն զինուոր առնուելու խօսքին վրայ հիւանդանամ եւ երկու ամիսի չափ տունէս դուրս չելլամ. բայց երբ անցեալ շաբթու իմացայ, որ Բ. Դռնէն պատրիարքարան գրուեր է այդ զինուորագրու­թեան առայժմ ետ մնացած ըլլալը, դիպուածը անանկ բերաւ, որ վրաս քա­ջութիւն մը գայ եւ քիչ մը դուրս ելլեմ:

Աստուա՛ծ իմ, մայրաքաղաքս որչափ փոփոխութիւն կրած է:

Ոչ թէ բան մը ծախելու, այլ բարեկամներէս մին տեսնելու համար, առջի օր ոսկերիչներուն շուկայէն անցնիլ հարկ եղաւ:

Բարեկամս փնտռելու միջոցին` երկայնահասակ մարդուն մէկը երկայնա­հասակ խաչ մ՚ի ձեռին առջեւս ելաւ. իսկոյն գլուխս բացի եւ ինչպէս որ օրէն է, երեսս խաչակնքեցի: Հազիւ թէ երկու քայլ առի, երկու կարճահասակ մարդ ձեռւընին մէյ մէկ բուրվառ բռնած դիմաւորեցին զիս. խաչ մ՚ալ հանելով եր­կրպագութիւն ըրի եւ ճամբաս շարունակելու չմնաց, քշոցներով երկու երեք հոգի դէմս ելան: Մէկ կողմ քաշուելով Հայր մեր մը կարդացի, վրան ալ աղուոր մը «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս» մը աւելցուցի եւ սկսայ ինքնիրմէս մտա­ծել, թէ ոսկերչաց շուկային մէջ ե՛րբ եւ որո՛ւ արդեամբ շինուեր են շարժական մատուռները: Ժամ մը ետքը հարցունելով տեղեկացայ, որ այս մատուռները սլաւութեան հակառակ ըլլալով թշնամւոյն մօտենալը տեսնելնուն պէս` Պոլիս գաղթեր են:

Ճամբաս շարունակեցի դէպի Սիրքեճի: Աստուա՜ծ իմ, այս որչա՜փ աւա­նակ, որչա՜փ կով, որչա՜փ ձի… մարդս ինքզինքն ախոռի մէջ կը կարծէ… գաղթականէն աւելի անասուն… եւ որչա՜փ աժան… քսաննոց թուղթի պզտիկ էշ մը, մինչդեռ ֆինո մը կամ Վանայ կատու մը գնել ուզես` վեց հարիւրնոց թուղթէն պակաս չես կրնար առնել:

Շիտակը խօսելով, աժանութեանը չկրցի դիմանալ, կատուի տեղ պզտիկ էշ մը առի եւ տուն տանելով, սենեակս դրի: Հետեւեալ օրը մեծ զարմանօք տե­սայ, որ մուկ մը եւ կատու մը բռներ է. ուստի եւ տուներու մէջ պահուելու ար­ժանի խոնարհ անասուն մ՚է: Միայն մէկ յանցանք մ՚ունի, բազմոցներու եւ բարձերու մէջ խոտ չձգեր, կ՚ուտէ կոր… այնչափ անօթի է խեղճը: Իր ընթաց­քէն չկրցի գուշակել, թէ` սլաւութեան հակառա՛կ է, թէ՛ համամիտ: Ուստի որոշեցի որ Նիկողոս մարգարէին դիմեմ օր մը եւ սանկ պզտիկ գուշակու­թիւն մ՚ընել տամ:

Ընթե՛րցող, առիթէն օգուտ քաղէ. ասանկ աժանութիւն քսան տարին անգամ մը կը պատահի: Ես օգուտ քաղեցի եւ պարծանօք կրնամ ըսել, թէ Արեւելեան խնդիրէն ուրիշները ինքնօրինութիւն, անկախութիւն եւ… թիւն վերջաւորութեամբ ուրիշ բաներ վաստկեցան, ես ալ գոնէ իշու մը տէր եղայ, եւ կարծեմ թէ պատմութիւնն ալ քիչ մը կարեւորութիւն կու տայ այս բանին:

Խաղաղութեան հրեշտակը վերջապէս եկաւ Չորլուէն… շոգեկառքով:

Ամէն մարդ կ՚ուրախանայ, բայց ես չեմ ուրախանար, որովհետեւ հրեշտակ­ներու վրայ համակրութիւն չունիմ. որովհետեւ անոնք անոր ասոր հոգին առ­նելու համար կու գան, կ՚երթան:

—Այս անգամուան հրեշտակը հոգի չպիտի առնէ, դրամ պիտի առնէ եղեր:

—Գոնէ սա հրեշտակը համոզէինք ու թղթադրամ քշէինք:

***

Թայմզ կ՚ըսէ.

«Ռուսիա իր յապաղումներովը մեծ սխալ կը գործէ»:

Ես կ՚ըսեմ.

«Անգղիոյ` յապաղմամբ գործած սխալին հետ մրցելու համար է»:

Թագուհին սռնակապի պատուանշանը տալ ուզեր է Լորտ Պիքոնսֆիլտի, բայց նա չէ ընդուներ:

Եթէ ես ըլլայի Լորտ Պիքոնսֆիլտի տեղ` կ՚առնէի սռնակապն ու բաչաներս կը կապէի:

***

Ձեզի բան մը ըսե՞մ. հրապարակի վրայ պիլեթներէն աւելի սուտ կը պտտի կոր, բայց բարեբախտաբար այս սուտերէն մէկ քանին Թերսհանէի պիլեթներուն պէս մարդ չընդունիր կոր:

Կը յիշէ՞ք, անցեալները երկերկու քսաննոց թուղթ տուինք Չէքմեճէի մօտե­րը շինուած ամրութեանց համար. արդ, հիմա կ՚ըսեն թէ` Ռուսիա առաջարկած է եղեր, որ այդ ամրութիւնները աւրուին, եւ մենք ալ նորէն երկերկու քսան­նոց թուղթ պիտի տանք եղեր անոնց աւրուելու ծախուցը համար:

Ես այս զրոյցին չհաւատացի, մանաւանդ անոր համար չհաւատացի, որ Ռուսիա այս առաջարկութիւնը չըրած` անձրեւները զանոնք աւրեցին:

Ըսելիքս սա է, որ ամէն խօսքի հաւատք ընծայելու չէ:

 

31 յունուար 1878

Աչւընիս լո՜յս… ինչպէս որ սովորութիւն եղած է, կռուին հաշտու­թիւն պիտի յաջորդէ, ինչպէս որ հաշտութեան ալ նորէն կռիւ պիտի յաջորդէ:

Երկու հոգի մեր կողմէն, երկու հոգի ալ մեր բարեկամ Ռուսիոյ կողմէն քիչ օրէն Ադրիանուպոլսոյ մէջ հաշտութեան նախնական սկզբունքը պիտի պատ­րաստեն եղեր:

Նախնական սկզբո՜ւնք… դեռ ինչե՜ր պիտի լսենք, Աստուա՜ծ իմ… բնագիտութեան, քիմիաբանութեան նախնական սկզբունքը լսած էինք, բայց հաշ­տութիւնը լսած չէինք:

Դասագի՞րք պիտի շինեն այս մարդիկը, ի՞նչ պիտի ընեն. արդեօք գեր. Խորէն եպիսկոպոսի հրատարակած քրիստոնէականներուն պէս նախ Նախ­նական հաշտութիւն ու վերջն ալ Կրթական հաշտութի՞ւն մը պիտի հրատա­րակեն:

Իմ խելքս չհասնիր, միայն սա կը տեսնամ, թէ համառօտ հաշտութիւն մը պիտի հրատարակենք առայժմ, եւ եթէ ժողովրդեան կողմէն լաւ ընդունե­լութիւն գտնէ, այն ատեն ընդարձակ հաշտութիւն մը պիտի հրատարակուի:

Սպասենք:

***

Վայրկեանէ վայրկեան հիւրերու կը սպասենք, թէ՛ ցամաքէն ու թէ՛ ծո­վէն… պալոնով գալիք հիւր չունինք:

Մէկ երկու օրէ ի վեր զրոյց կը պտտի, թէ` Անգղիոյ նաւատորմիղը նե­ղուցէն մտեր է, թէ նորէն ելեր է, թէ ետքը դարձեալ մտեր է, թէ վերջը նորէն ելեր է: Եթէ այս զրոյցներուն ամէնն ալ իրաւ են, ըսել կ՚ըլլայ, թէ Անգղիոյ նաւատորմիղին հրամանատարը հրահանգ ընդունած է իր կառավարութենէն, որ պարապ չնստի ու նեղուցէն մէյ մը մտնէ, մէյ մը ելնէ:

Տար Աստուած, որ սա նաւատորմիղին սպասելու տեղ մը որոշուէր ու մենք ալ գլխու ցաւէն խալսէինք:

Ընթե՛րցող, տարիէ մը ի վեր է այս նաւատորմիղին խնդիրը գլուխնիս ուռեցուց:

Նաւատորմիղը նախ եւ առաջ Պեշիքա եկաւ: Իր գալուն հետեւեալ օրը խորհրդարանին մէջ հարցում մ՚եղաւ. նաւատորմիղը ինչո՞ւ Պեշիքա գնաց:

Լորտ Տերպի կարծելով, թէ նաւատորմիղին Պեշիքա սպասելը աղէկ տպաւորութիւն չըրաւ ժողովրդեան, հրաման ըրաւ, որ Մալթա երթայ, եւ գնաց:

Հետեւեալ օրը ա՛ռ քեզի հարցապնդում մ՚ալ.

—Նաւատորմիղը ինչո՞ւ Մալթա գնաց:

Լորտ Տերպին այս հարցապնդումին վրայ նորէն Պեշիքա ղրկել տուաւ նաւատորմիղը:

Նորէն հարցում մը.

—Ինչո՞ւ նաւատորմիղը Պեշիքա գնաց:

Ա՛լ մարդուս համբերութիւնը կը հատնի, մարդի՛կ, ըսես իրենց, սա նա­ւատորմիղը ձերն է, նաւատորմիղ ըսածդ ալ մարգագետնի մէջ չպահուիր, այլ ծովու վրայ. տեղ մը որոշեցէք ու հոն մնայ: Այս չըրին, այլ միայն հարցա­պնդումով մարդը շուարեցուցին մինչեւ հիմա:

Շատ հաւանական է, որ այս անգամ ալ հարցապնդումներ եղած ըլլան, թէ ինչո՛ւ նեղուցէն մտեր է, թէ ինչո՛ւ նեղուցէն ելեր է. Լորտ Տերպիի ալ ճարը հատնելով, իրեն ուղղուած հարցապնդումին համեմատ՝ նաւատորմիղին մէյ մը նեղուցէն ելնելու, մէյ մը մտնելու հրաման ղրկած ըլլայ, եւ այս է պատճառը, որ նաւատորմիղը մէյ մը ներս կը մտնէ, մէյ մը դուրս կ՚ելնէ կոր:

Տեսնենք, սա կատակերգութեան վերջը ո՛ւր պիտի երթայ:

***

Չմոռնանք ըսելու, որ Անգղիոյ նաւատորմիղին պէս մենք ալ չերքեզ­ներն ունինք, որոնց համար չենք կրնար կոր բնակելու տեղ մը գտնել:

Եւրոպայի կողմէն դուրս ելնեն անոնք, կ՚ըսեն: Կառավարութիւնը Եւրո­պայի կողմէն բերել կու տայ եւ Ասիոյ կողմը կը ղրկէ:

Ասիոյ կողմն ալ չենք ուզեր, կ՚ըսեն:

Ո՞ւր ղրկենք:

—Եւրոպայի եւ Ասիայի կողմերը մի՛ ղրկէք տէ, ուրիշ ո՛ր կողմ կ՚ուզէք նէ` ղրկեցէք: Փառք Աստուծոյ, տեղ չկայ չէ՛ եա:

Զարմանալին հոն է, որ օսմ. երեսփոխանական ժողովն ալ չկրցաւ իւր վերջին նիստերէն մէկուն մէջ որոշում մը տալ այս մասին:

Լսածնուս նայելով` մեր ազգէն ալ քանի մը կրօնաւոր ամեն. ս. պատ­րիարքին երթալով, աղաչեր են աղաչել Բ. Դուռը, որ հայաբնակ գիւղերն ալ չղրկուին:

Ըստ մեզ` այս առաջարկութիւնը պարապ բան է:

Կառավարութիւնն իսկ եթէ ղրկել ուզէ` չերքեզները չեն երթար, ինչու որ հայաբնակ գիւղերուն մէջ գողնալու բան չմնաց: Իսկ եթէ կայ` այն ատեն ալ քիւրտերը չեն թողուր, որ չերքեզները մօտենան, որովհետեւ իրենց շահուն կը դպչի…

***

Դիւանագէտներ, թագաւորներ, կայսրեր, ամէնքը միաբերան «Քրիստո­նէից վիճակին բարւոքում» կ՚ըսեն, ի վերայ այսր ամենայնի ես իմ վիճակիս մէջ բարւոքում մը չեմ կրնար կոր տեսնել։ Արդեօք ինձի՞ այնպէս կու գայ կոր, որովհետեւ կ՚ըսեն` թէ մարդս որչափ ալ երջանիկ ըլլայ, դարձեալ իր վիճակէն դժգոհ կ՚ըլլայ. արդեօք նախանձելի վիճա՞կ մ՚ունիմ, կ՚ըսեմ կոր երբեմն ինք­նիրմէս, սա մտածութեամբ` թէ դիւանագէտները իմաստուն մարդիկ են, եւ հարկաւ, իմ վիճակս ինձմէ աղէկ գիտեն:

Բայց ոչ, սկեպտիկութիւնը մէկդի, իմ վիճակս պուլղարի մը վիճակէն աղէկ չէ:

—Եթէ այդպէս է, քրիստոնեայ չես: Քանի որ քրիստոնէից վիճակի բար­ւոքում կ՚ըսեն եւ քու վիճակդ չեն բարւոքեր, ըսել կ՚ըլլայ թէ` կա՛մ վիճակդ բարւոքելու պէտք չունի, կա՛մ քրիստոնեայ չես:

Իմ վախս ալ ան է. վիճակիս բարւոքումը իրենց ըլլայ, քրիստոնէութիւն մը ունէի` գոնէ ան մէջ չխաղայ. թերեւս ապագային պէտք կ՚ըլլայ… Ռուսիոյ:

***

—Տոքթոր Ա…ը կը տեսնէ՞ք կոր:

—Բնաւ տեսած չունիմ, կ՚երեւայ որ պահւըտած է:

—Ինչո՞ւ:

—Վախէն:

—Չերքե՞զ է, որ վախէն պահւըտի:

—Չերքեզ չէ, բայց չերքեզներէն աւելի մարդ մեռուց այս ձմեռ:

 

Մեծ. Համբարձում էֆ. Ալաճաճեան.

Տիրասէր բառը, որ հայոց համար յաճախ կը գործածես, սահմանադրու­թեան եւ ազատութեան դարուս մէջ խիստ անախորժ կը հնչէ կոր ականջիս, որովհետեւ գերիներու, ստրուկներու եւ շուներու համար կը գործածուի ընդհան­րապէս այդ քու սիրած բառդ:

Ներեցէք համարձակութեանս, բայց կը խնդրեմ, որ եթէ կարելի է, պզտիկ զոհողութիւն մը ընելով` այդ բառը չգործածէք այսուհետեւ հայոց ազգին հա­մար:

Որով մնամ առաջուան պէս

Յ. Յ. Պարոնեան

***

—Ւ՞նչ է, ի՞նչ կայ, ի՞նչ կ՚ըլլանք կոր, ի՞նչ է եղեր:

—Բան մը չէ, պուլղար աղջիկ մը:

—Ո՞ւսկից առիք:

—Աճի Չեշմէի մահալլեպիճիին խանութէն:

—Մահալլեպիճին աղջի՞կ ալ կը ծախէ կոր:

—Ոչ, չերքեզ մը յափշտակեր է եղեր ու…

—Անկարելի է:

—Տանիմ ըսելնի…

—Սուտ է:

—Ըսելնիքէն քա…

—Սխալ է:

—Քանի մը պուլղարներ տես…

—Զրպարտութիւն է:

—Տեսեր ու առեր են:

—Չեմ հաւտար:

—Ինչո՞ւ:

—Մեղայ ըսէ, իսլամ մը անանկ բան կ՚ընէ՞, տղա՞յ ես:

—Ինչո՞ւ:

—Քասթանպոլուի երեսփոխան Մուսթաֆա էֆենտին անցեալ նիստին մէջ ըսեր է, թէ չերքեզները իսլամ ըլլալով, ոճրագործութիւններ չեն կրնար ըրած ըլլալ, հետեւաբար իրենց վրայօք պտտած զրոյցները զրպարտութիւն են:

—Եթէ այդպէս է, չեմ պնդեր, թերեւս աղջիկը գողցած է զչերքեզն:

***

Միտքս բան մը կայ, չմոռցած հարցունեմ:

—Ո՜վ դուք, որ դրամանիշ կ՚առնէք, վերջը ի՞նչ կ՚ընէք այդ դրամանիշ­ները. ես առածներս կը պահեմ կոր, որովհետեւ մարդ չառներ կոր:

Երէկ Թերսհանէի դրամանիշը չէր անցներ. Ինչո՞ւ. Որովհետեւ կեղծն է հրատարակուեր եղեր: Այսօր ալ Թաթաւլայինը չեն ընդուներ. Պատ­ճա՞ռ. Որովհետեւ կեղծն է տպուեր: Վաղն ալ Շիրքեթի եւ կամ ուրիշ տեղի մը դրամանիշը չպիտի քալէ. Ինչո՞ւ. Որովհետեւ կեղծը պիտի ելնէ:

Ճաթելու կէտը այն է, որ կեղծը ելած ըլլալուն համար իսկն ալ չեն ըն­դունիր, չընդունելէն զատ կեղծն իսկէն կամ իսկը կեղծէն զանազանելու հա­մար դիւրութիւն մ՚ալ չեն ցցուներ, որ ես ալ քովս գտնուածներուն կեղծ ըլլա­լը կամ չըլլալը հասկնամ: Սատանան առնէ մեղքերնին, բայց ինձ այնպէս կը թուի, թէ` դիտմամբ չեն ցցուներ կեղծին ու իսկին մէջի տարբերութիւնը, որ իրենց հանածներն ալ չընդունին:

Եթէ այս ընթացքը յաջողի, վաղը ես ալ յանուն Մասիսի տպարանի 50. 000 ղուրուշի դրամանիշ պիտի հանեմ շրջաբերութեան. եւ ամէնքը քշելէն ետքը` «էֆենտիմ, ատոնց կեղծն են շիներ» ըսելով, մէկն ալ չպիտի ընդունիմ:

Եւ մինչեւ հիմա չընելս կարծեմ քիչ մը անխոհեմութիւն է:

***

Հիմա հարցուր ինձի թէ` մինչեւ հիմա ի՛նչ ըրեր եւ ի՛նչ կ՚ընես:

Առաքեալին ըսածը կ՚ընեմ կոր. «Լալ ընդ լացողս, խնդալ ընդ խնդացողս»:

Ըսենք թէ` Մուստաֆա էֆենտին կը տեսնեմ, որ տխուր նստեր ու կը մտմտայ, ես ալ դիմացը կը նստիմ տրտում տխուր ու կը սկսիմ մտմտալ: Ան­դին կ՚երթամ, կը տեսնեմ, որ Եանչո աղան Բեթքոյին հետ ձեռք ձեռքի տուած կը պարեն կամացուկ մը Բեթքոյին քովը կ՚երթամ ու «ձեռքդ ինձի տուր» կ՚ըսեմ, ձեռքէն կը բռնեմ ու կը սկսեմ պարել:

Իսկ եթէ մէկը տեսնէ զիս` եւ հարցունէ, թէ ինչո՞ւ կ՚ուրախանաս, կը պատասխանեմ. ուրախանալու բան մը չունիմ, խնդացողներու հետ խն­դացած ըլլալու համար է, որ կ՚ուրախանամ:

Տեսնե՛նք, առաքեալը ի՛նչ վարձատրութիւն պիտի ընէ ինձ` իւր խօսքը կէտ առ կէտ գործադրած ըլլալուս համար:

***

Լրագրաց մէջ նաւատորմիղի վերաբերեալ ծանուցում մը կարդացի՞ր, ընթերցող. Պեշիքայի ու Կ. Պոլսոյ մէջտեղ նաւատորմիղ մը կորսուած է, գտնողին մեծ պարգեւ պիտի տան եղեր:

Մինչեւ այսօր այդ նաւատորմիղին ո՛ւր ըլլալը չգիտնալնուն վրայ կը զար­մանամ կոր. ես ծանուցումը կարդալուս պէս ո՛ւր ըլլալը իսկոյն գտայ:

Ըսե՞մ ձեզի, թէ ո՛ւր է այդ կորսուած նաւատորմիղը, պարգեւը առնել կու տա՞ք ինձի:

—Այո՛, ըսէ՛, եւ շո՛ւտ ըսէ:

—Չերքեզներուն քովն է:

 

5 Փետրուար 1878

Անգղիական նաւատորմիղը վերջապէս գտնուեցաւ:

Կղզիներուն առջեւը եկեր նստեր է… առաջ գալու կ՚ամչնայ կոր:

Ինչո՞ւ եկաւ այս նաւատորմիղը:

Հանգիստ եղիք, չարութիւն ընելու համար եկած չէ, բարութիւն ընելու համար ալ եկած չէ, միմիայն Արեւելքի մէջ իւր պատիւը կոտրել չտալու հա­մար եկած է եղեր:

Անգղիոյ կառավարութեան ըսեր են եղեր թէ` եթէ քու նաւատորմիղդ Պո­լիս չկարենաս մտցնել, մեծ պզտիկութիւն կը հրաւիրես վրադ:

Է՜հ, ընթերցո՛ղ, մէկը քեզի ասանկ խօսք մը ըսէր նէ` հարկաւ դուն ալ պզտիկ մնալ չէիր ուզեր ա՛:

Կ՚ըսուի թէ Գաղղիոյ եւ Իտալիոյ կառավարութեանց ալ նաւատորմիղները քիչ օրէն պիտի գան, որպէսզի անոնք ալ պզտիկ չմնան…

Ի՞նչ հարկ կայ աս ու ան պզտիկ ձգելու… թոյլ տալու է որ մեծնան:

Գոնէ Ռումանիան, Սերվիան ու Սեւ Լեռն ալ` պզտիկ չմնալու համար` նաւատորմիղի տեղ տասնական կտոր կառք ղրկեն:

Ռուսիան ալ ըսած է եղեր, թէ` ի՛նչ նպատակով որ Անգղիոյ նաւատոր­միղը ներս մտաւ, նոյն նպատակով ես ալ պիտի մտնամ:

Դո՛ւն ալ հրամմէ:

Ով դուք, որ ուրիշի քով երբեմն պզտիկ մնացած էք, եւ որ կեանքերնուդ մէջ բնաւ մէկու մը քով պզտիկ իյնալ չէք ուզեր, ելէ՛ք ամէնքնիդ ալ հոս եկէք:

Ըսելիք մնա՞ց:

***

Օսմ. երեսփոխանական ժողովոյ առժամանակեայ կերպով դադրելուն վրայ ի՞նչ կարծիք ունիք:

Ես շատոնց ի վեր, ատոր բացուած օրէն ի վեր, կը գուշակէի, որ այս ժողովն օր մը կա՛մ երեք ամսուան համար պիտի գոցուի եւ կա՛մ բոլորովին պիտի խափանի:

Հարցուր հիմա ինձի թէ` ի՞նչպէս կը գուշակէիր:

—Ի՞նչպէս կը գուշակէիր:

—Որովհետեւ, կ՚ըսէի ինքնիրմէս, Թատրոնիս մէջ ոչ թէ նախարարի մը` այլ օտաճիի մը դէմ եթէ երկու խօսք ընէի` իսկոյն ամիս մը կը դադրեցնէին Թատրոնը. իսկ եթէ քիչ մը ծանր կոխէի` կը խափանէին զայն: Ասոնք ինք­նիրենս ըսելէս ետքը սա եզրակացութիւնը կը հանէի, թէ՝ քանի որ այս երեսփոխաններէն ոմանք չերքեզներուն դէմ, նախարարներուն դէմ ծանր ու երկար ճառեր կը խօսին, անպատճառ լրագիրնին պիտի գոցուի օր մը: Մինչեւ անգամ կ՚ըսէի մտօքս, թէ ասոնց տարեկան երկու հարիւր թուղթ ալ տրուելու չէ, որպէսզի յաջորդ երեսփոխաններն ազատախօսութեան եռանդնին քիչ մը չափաւորեն` մեզնէ օրինակ առնելով:

***

Մինչդեռ կառավարութիւնք զօրք, նաւատորմիղ եւ այլն կը ղրկեն հոս իրենց շահն ու պատիւը պաշտպանելու համար, Չամուրճեան մեծիմաստ պատուելին ալ բառատորմիղ մը կը ղրկէ Փունջին գեր. Նար֊Պեյի Նախնական եւ Կրթական Քրիստոնէականները որպէս թէ պաշտպանելու համար:

Չամուրճեան պատուելին ո՛րչափ ալ կեղծէ թէ՝ գեր. Նար֊Պեյի Քրիստո­նէականներուն պաշտպան հանդիսացած է, զինք ճանչցողները չեն խաբուիր. եւ գիտեն թէ` այդ Քրիստոնէականներուն վնասելու նպատակով է, որ մեծիմաստ Պատուելին զանոնք կը պաշտպանէ ըստ առածին թէ` Պատուելիէն պաշտպանուած գրքերը դպրոցներէն կը մերժուին:

Կ՚ըսեն թէ` Պատուելին շատոնց ի վեր առիթի կը սպասէ եղեր գեր. Նար֊Պեյին չարիք հասցնելու համար. սատանան ներկայացուց առիթը, Պատուելին ալ չփախցուց զայն:

Կ՚ըսուի նաեւ թէ գեր. Նար֊Պեյ միտք ունի դատ բանալ եւ իր Քրիստոնէա­կաններուն տպագրութեան ծախքը Պատուելիէն պահանջել:

***

Երկու տող ալ բժշկական:

Աւետիս անոնց, որոնց որովայնը խիստ պինդ ըլլալով, զօրաւոր լուծո­ղական դեղերու կարօտութիւն ունին:

Այս օրերս անանկ զօրաւոր լուծողական դեղ մը գտնուեր է, որ ծայրա­յեղ որովայնապինդ մարդոց անգամ ազդեցութիւն կ՚ընէ կոր: Այս դեղը հա­կառակ իր զօրութեան, շատ ալ աժան է, այնքան աժան, որ պէտք չունեցողն ալ կրնայ առնել:

Արդ, այս դեղը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ կովու միս, որ այս օրերս օխան ի գին 100 փարայի կը ծախուի գրավաճառներու քով… մսավաճառներու քով պիտի ըսէի:

100 փարայ տալով, մարդ կրնայ տասը քսան հոգիի լուծում տալ, մինչդեռ եթէ դեղագործի երթաս՝ 8֊10 ղրուշ պիտի տաս մէկ հոգւոյ համար, եւ այն դեղն ալ շատ անգամ օգուտ չըներ: Իմ ըսած դեղս անանկ երկու երեք ան­գամ լուծում տուողներէն չէ, այլ շաբաթներով, ամիսներով եւ եթէ առաջքը չառնես՝ տարիներով կը քշէ…

Աղքատաց համար աղուոր առիթ… ձեռքէ փախցունելու չգար:

***

Տեսարանն է Էմին֊Էոնիւ:

Յոյնին մէկը բազմութեան մէջ իւր ձեռքը սխալմամբ քովինին բաճկո­նին գրպանը տանելով` ժամացոյց մը առնելու միջոցին կը բռնուի:

Իսկոյն ոստիկան մը կը հասնի:

—Ինչո՞ւ կը բռնէք կոր, ի՞նչ ըրի ես, կը պոռայ յոյնը:

—Առանց ամչնալու կը պոռա՞ս կոր ա՜լ:

—Ինչո՞ւ չպիտի պոռամ, թող տուէք օձիքս, ի՞նչ ըրի ես…

—Ի՞նչ պիտի ընես, սա մարդուն ժամացոյցը կը գողնայիր կոր, անոր համար բռնեցինք:

—Անանկ է նէ` ասոնք ինչո՞ւ չէք բռներ կոր, ըսաւ գողը, շուրջը գտնուած չերքեզներն ու պաշըպոզուքները ցուցընելով:

—Լռէ՛:

—Թո՛ղ տուէք օձիքս, ճանը՛մ, ես ալ կամաւոր եմ:

—Քալէ՛:

—Աս ի՞նչ անիրաւութիւն է… հաւասարութիւն կ՚ըսեն եւ խտրութիւնը չեն վերցըներ:

***

Ոչ ոք կարէ երկուց տերանց ծառայել:

Մենք շատ ժիր մարդիկ ըլլալու ենք, որ այսօրուան օրս երկու տէրերու կը ծառայենք, եւ անանկ տէրերու, որոնց բնաւորութիւնն իրարու ա՛յնքան ներ­հակ են, որքան որ ջուրը կրակին կամ որքան որ Արեւելեան Մամուլը Չա­մուրճեան պատուելիին: Օրինակի համար, եթէ մին հոս եկուր ըսէ` միւսը` անդին գնա կ՚ըսէ, եթէ անդիինը ել ըսէ, ասդիինը նստէ կ՚ըսէ: Ասոնց որի՛ն հրամանը կատարել, որի՛նը չկատարել, ո՛րն ընդունիլ, ո՛րը մերժել…

Ծառայել֊ կ՚ըսեմ նէ` անոնց սպասաւորութիւն կ՚ընենք ըսել չեմ ուզեր, սխալ չհասկցուի. ըսել կ՚ուզեմ թէ` եւ ոչ մէկուն սիրտը կոտրելու համար՝ հետերնին անուշութեամբ կը վարուինք, ինչպէս որ քաղաքավարութիւնն ալ այսպէս կը պահանջէ:

Մին ինձի կ՚ըսէ.

—Գնա սա մարդուն ըսէ, որ հոս գայ:

Հազիւ թէ կ՚երթամ ըսելու` միւսը ետեւէս կը կանչէ ու կը հրամայէ.

—Գնա՛, ըսէ սա մարդուն, որ հոս չգայ:

Հիմա դուն իմ տեղս եղիր ու գործ տես նայիմ:

Ի՞նչ ընեմ, ես ալ երկուքին ալ խօսքը հաւատարմութեամբ տեղը տանելու համար կ՚երթամ այդ մարդուն կ՚ըսեմ.

—էֆենտիմ, նախ եկուր, յետոյ մի՛ գար, ու նոր հրահանգի սպասէ:

—Ես ալ քու տեղը ըլլամ նէ` ո՛րը քեզի աւելի շահաւոր է` ան կ՚ընդունիմ, միւսը կը մերժեմ:

—Ահա դժուարութիւնն ալ հոտ է: Եթէ երկուքէն որին աւելի շահաւոր ըլլալը գիտնայի, ըսածդ մինչեւ հիմա կ՚ընէի. առայժմ երկուքէն ալ վնասէ ուրիշ բան մը տեսած չունինք:

Ի վերայ այսր ամենայնի, ինձի այնպէս կը թուի, թէ քանի մը տէր ալ աւելի ըլլայ նէ` պիտի կարենամ ծառայել:

Ձեզի ի՞նչպէս կը թուի:

***

Պարոն Կլատսթընին պէս ես ալ ամէն օր մէյ մէկ հարցում պիտի ընեմ:

Պատասխան տուէք…

Մայրաքաղաքիս բոլոր կառավարները ազգային քաղաքապահ զինուո՞ր գրուած են, թէ քաղաքապահ զինուորները կառավար եղած են:

Քանի մը օր առաջ յիսունի չափ կառք տեսայ իրարու ետեւէ, որոնց վա­րիչներն էին քաղաքապահ զինուորները:

Մէկէն ի մէկ ապշեցայ մնացի, քանզի, թէպէտ եւ ձիաւոր զօրք տեսած էի, բայց կառավար զօրք տեսած չունէի: Թերեւս, կ՚ըսէի ինքնիրենս, այս խումբերը նոր կազմուած ըլլան:

Ի՞նչ ընելու համար:

Պատերազմական հմտութիւն չունենալովս հանդերձ՝ վերջապէս որոշում տուի, թէ կառքով պատերազմի չերթցուիր, անպատճառ ուրիշ բան մը ըլլալու է, եւ կառքին ետեւէն գացող մէկու մը հարցուցի.

—Ո՞ւր կ՚երթան այս կառքերը:

—Չգիտեմ:

—Ինչո՞ւ չգիտես:

—Անդին գնա, պէ մա՛րդ:

—Ինչո՞ւ անդին երթամ:

—Ես ցաւ չունիմ տէ, երկու սահաթ կայնիմ քեզի խօ՞սք հասկցնեմ:

—Ինչո՞ւ ցաւ ունիս:

—Երկար ըրիր:

—Ինչո՞ւ երկար ըրի… ըսէք կ՚աղաչեմ, այս կառքերը ո՞ւր կ՚երթան կոր:

—Էֆենտիմ, մուհաճիր կը կրեն կոր:

Մուհաճիր կու գայ, մեր կառքերը կ՚առնեն, մուհաճիր կ՚երթայ, մեր կառքերը կը գործածուին, վիրաւոր կու գայ, մեր կառքերը կ՚ուզեն, վիրաւոր կ՚երթայ, մեր կառքերը կը տանին. հաց կու գայ, մեր կառքերը կու գան կ՚առնեն, հաց կ՚երթայ դարձեալ մենք կը տանինք. հասկցա՞ր հիմա:

—Հասկցայ, շնորհակալ եմ. աղէկ ա՛, առուտուր բացուած է ձեզի… ձրի չէք աշխատիր կոր ա՛… ձրի ալ ըլլայ նէ` ի՞նչ վնաս ունի եղեր… նեղ օրերու մէջ ամէնքնիս ալ հայրենեաց օգնելու ենք:

—Անանկ է եա՛…

—Դուն ո՞ւր կը նստիս կոր. կառքը ո՞ւր պիտի տանիս վերջը:

—Պեյօղլու:

—Կառքը անանկ ալ պարապ պիտի երթայ անանկ ալ, ես ալ նստիմ մէջը ու Բերա ելլամ նէ` վնաս մը ունի՞ քեզի:

—Աս ո՞րչափ եաղլը միւշտերիներու հանդիպեցանք այսօր:

—Հայրենեաց օգնելու է, տղա՛ս:

Ըսելու չմնաց, մարդը ծուռ ծուռ երեսս նայելով գնաց:

Վերջապէս անձնուիրութիւն ու զոհողութիւն չկայ սա արապաճիներուն քով:

***

13 Փետրուար 1878

Բարեւ:

—Բարի եկար, պարոն Խիկար, այսօր գործի չգացի՞ր:

—Չգացի, երթալիք ալ չունիմ:

—Ինչո՞ւ:

—Գործ չմնաց որ երթամ, վարպետս ճամբայ տուաւ:

—Ի՞նչ պատճառի համար:

—Աղէկ ծառայած ըլլալուս համար, ինչու որ ճամբայ տուած օրն ըսաւ, թէ քու մատուցած ծառայութիւններէդ մեծապէս շնորհակալ եմ: Ուստի փա­փաքելով, որ քեզի մեծ վարձատրութիւն մը ընեմ, որոշեցի որ քովէս հեռա­նաս եւ աչքս չտեսնայ քեզի:

—Հիմա ինչո՞վ կը զբաղիս:

—Օրուան խնդիրներով:

—Խօսէ՛:

—Եթէ քիչ մը համարձակ խօսելու ըլլամ՝ չես վռնտեր ա՛:

—Մի՛ վախնար:

—Ըստ իմ խոնարհ կարծեաց` օրուան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն ալ աս է, թէ քանի որ առանց պարտքեր դիզելու ապրիլը անկարելի է մեզ, գոնէ իմաստութեամբ վարուելով պարտք չի վճարելու գիտութիւնը սորվեց­նենք մեր զաւակաց:

—Ատ ալ գիտութի՞ւն է, պարտքդ չես տար, կը լմնայ կ՚երթայ:

—Այնպէ՛ս չէ, վարժարանի հոգաբարձութիւններն ալ ձեզի պէս կարեւո­րութիւն չեն տուած այս գիտութեան եւ շատ սխալած են:

—Ինչո՞ւ:

—Անոր համար որ, եթէ ֆրանսերէնի կամ անգղիերէնի տեղ այս գիտու­թիւնը սորվէին մեր երիտասարդները` իրենց պարտատէրերը տեսնալնուն պէս չէին շուարեր մնար, չէին սկսեր թոթովել, այլ համոզիչ խօսքերով գոհ կ՚ընէին իրենց պարտատէրերը:

—Բայց պարտք չվճարելու գիտութիւնը սորվեցնելու տեղ, եթէ պարտք չդիզելու արհեստը սորվեցնենք` աւելի աղէկ ըրած չե՞նք ըլլար:

—Ոչ, պարտք չվճարելը աւելի շահաւոր է… այս պարտք չվճարելը նոր բան մը չէ, Քրիստոսէ իբր չորս հարիւր տարի առաջ է. քրիստոնէութենէ շատ հին է… բայց ինչ օգուտ, որ քրիստոնէութիւնն այսօր կը պաշտպանուի եւ պարտքերնին չվճարողները երեսի վրայ կը ձգուին… Ով որ ամպերուն վրայէն անցած է, տեսած է հարկաւ Սթրեբսիատը, որ կ՚աղաչէ Սոկրատայ, որ պարտքը չհատուցանելու արհեստը իրեն ուսուցանէ:

—Թող այդ Սթրեբսիատը աքսիոն հանէր:

—Ըսել է թէ` շատ հին ատեններու մէջ ալ պարտք չվճարել կայ եղեր, մինչդեռ մեր խմբագիրներէն ոմանք կը պնդեն, թէ իրենց միջոցաւը տարած­ուեցաւ այդ գիտութիւնը:

—Ասանկ ալ գիտութիւն լսած չունէի:

—Սոկրատի պէս մարդու մը դիմելով` անկէ խորհուրդ հարցունելը կը հաստատէ, թէ այդ գիտութիւնը կարծուածին չափ դիւրին բան մը չէ:

—Իմ խելքս չի հասնիր դրամական գործերու, Մալիյէն գնա՛, անկեց կատարեալ տեղեկութիւն կ՚առնես:

—Ուրիշ ի՞նչ ունիս:

—Սա ցաւալի լուրն ունիմ, որ Էրզրումի մէջ քանի մ՚ամիսէն մարդ չպիտի մնայ:

—Ո՞ւր կ՚երթան կոր:

—Լեւենթի թղթակցին նայելու որ ըլլաս, ամիսը բնակիչներէն տասը հազար հոգի թիֆոյէն կը մեռնին եղեր: Քաղքին մէջ ութսուն հազար հաշ­ուելով, ըսել կ՚ըլլայ թէ` ութ ամսուան մէջ Կարինը բոլորովին պիտի պարպուի:

—Լեւենթի գրածին մէջ սուտ չկա՞յ:

—Կարելի՞ է որ չըլլայ, բայց ո՞րչափ կայ, խնդիրը հոն է:

—Երկու զերոյ զեղչենք:

—Գէշ չըլլար, որովհետեւ Լեւենթին ըրածը քիչ մը անգթութիւն է կար­ծեմ. գրիչը ձեռքը առնել եւ ամիսը տասը հազար հոգի ջարդել:

—Մեզի վերաբերեալ ի՞նչ լուր ունիս:

—Ձեզի վերաբերեա՞լ մի… գարիին գինը բարձրանալու վրայ է:

—Գարին ի՞նչ վերաբերութիւն ունի մեզի, թո՛ղ աւստրիացիները մտմտան, որ գարեջուր կը խմեն. թո՛ղ ձիերը մտմտան…

—Մենք ալ մտմտանք, որովհետեւ խահուէի տեղ գարի կը գործածէինք, հիմա ի՞նչ պիտի ընենք:

—Աստուած ողորմած է:

—Ուրիշ ի՞նչ ունիս:

—Քսակ մը լեցուն Թերսխանէի կեղծ պիլեթ ունիմ:

—Քաղաքական…

—Քաղաքակա՞ն… քաղաքական սա ունիմ, որ սա կռիւը լմննալէն վերջը դիւանագէտներուն իւրաքանչիւրին մէյ մէկ մեհեան պիտի կառուցանեմ ամէնուն արձաններն այդ մեհեաններուն մէջ պիտի կանգնեմ, եւ գլուխս բա­ցած, անոնց երկրպագութիւն պիտի ընեմ: Ասոնք մեր գիտցած ու ճանչցած չաստուածներէն շատ վեր են: Աստուածներուն կենդանիներ կը զոհէին. ասոնց մարդ կը զոհենք ու հարիւր հազարներով կը զոհենք: ԵսĠասոնցմէ վախցայ: Մնաք բարով:

—Ի տեսութիւն:

***

15 Փետրուար 1878

Դեսպանախորհուրդն ո՞ւր պիտի գումարի:

Լորտերու ժողովին մէջ Լորտ Տերպի ըսեր է, թէ այս խնդիրը քայլ մ՚առաջ գնացած չէ:

—Թուրքիոյ պէս, կ՚ըսեն հիմա մեր թշնամիները:

Բայց ինչո՞ւ այս խնդիրը քայլ մ՚առաջ գնացած չէ մինչեւ այսօր, կամ եթէ գնացած չէ, գոնէ քայլ մը ետ ալ գնացած չէ. ուր որ էր` հոն կեցած է, խնդիրը ի՛նչ յանցանք ունի. անդամալուծեցին խեղճը. ի՞նչպէս կրնայ շարժիլ:

Ըստ մեզ` խնդիրը ուր որ է, դեսպանախորհուրդը հոն գումարելու է:

—Ո՛չ, Ռուսիան կ՚առաջարկէ եղեր գումարել այնպիսի երկրի մը մէջ, որ Արեւելեան խնդիրէն բնաւ շահ չունենայ:

—Եւ չե՞ն կրցած մինչեւ հիմա անանկ երկիր մը գտնել:

—Ո՛չ:

—Հայաստանի մէջ գումարեն թող, որ առայժմ բնաւ շահ մը չունենալէն զատ բաւական վնաս ալ տեսաւ:

***

Շաբաթս աքսորանաց շաբաթ է:

Արտահանայ հրամանատար Հիւսէին Սապրի փաշան մշտնջենաւոր բեր­դարգելութեան դատապարտուեր է:

Որչափ աղէկ կ՚ըլլար եթէ սա մարդը Արտահանայ հրամանատար չըրած բերդարգելութեան ղրկուէր… իր երեսէն այսչափ վնաս չէինք տեսներ:

Անգամ մը խաբուեցանք, եւ վնասուեցանք, երկրորդ անգամ չվնասուելու համար հիմակւընէ խոհեմութիւն ձեռք առնելով, ապսպրելու ենք բանտա­պահներուն, որ աղէկ հսկողութիւն ընեն վրան, որպէսզի միգուցէ Արտա­հանայ պէս այս բերդն ալ պարպելով մեկնի…

Բերդերու մէջ պահուելու որչափ մարդիկ բերդեր պաշտպանելու ղրկեցինք…

***

Անգղիական նաւատորմիղին Կղզիներուն առջեւէն ելնելուն ու Իզմիտի ծովածոցը երթալուն պատճառը իմացա՞ք:

—Անցեալ օր գրած էինք ա՛, Ռուսիոյ բանակը քիչ մը ետ քաշել տալու համար չհեռացա՞ւ:

—Առջի օրը անանկ էր, բայց այսօր անանկ չէ: Իզմիտի ծովածոցը Կղզիներէն աւելի յարմարութիւն ունի եղեր նաւատորմիղը պահելու…

Ով Անգղիա, հպատակներդ պաշտպանելո՞ւ համար ճամբայ հանեցիր նաւատորմիղդ, թէ նաւատորմիղիդ յարմար տեղ մը փնտռելու համար:

Եթէ այս վերջինին համար է, Անգղիոյ հպատակներն այսօրւընէ Իզմիտ երթալու են, որովհետեւ հոն աւելի յարմարութիւն ունին պաշտպանուելու: Ա՛լ նաւատորմիղն իրենց ետեւէն չպիտի գայ, այլ իրենք նաւատորմիղին ետեւէն պիտի երթան:

***

«Նախ եւ առաջ պէտք է գիտնալ, թէ Դարդանելն որո՛ւ ձեռք պիտի մնայ»:

Այսպէս կը խօսի Պիսմարք իշխանը. այսինքն որո՞ւ ձեռքը Դարդանելի վրայ պիտի մնայ:

Այս խնդիրն ալ նոր երեւան ելաւ:

Մենք` ներկայ պատերազմը քրիստոնէից վիճակին բարելաւութեանը հա­մար կարծելով, ինչպէս որ դարձեալ այնպէս կը կարծենք, եւ Դարդանելին ալ քրիստոնեայ ըլլալը մեր մտքէն անցած չըլլալով, ասանկ հարցումի մը բնաւ չէինք սպասեր, եւ այնպէս համոզուած էինք, թէ անո՛ր ձեռքը պիտի մնայ` որու ձեռք որ մնացած էր մինչեւ այսօր:

Մեր կարծիքը ծուռ, մեր համոզումը սխալ է եղեր: Պիսմարք իշխանին խօսքէն աս կը հասկցուի, որ Դարդանելն ալ այս օրերս կնքուեր ու քրիստոնեայ է եղեր…

Զրոյց կը պտտի, թէ մեր նաւատորմիղն ալ կը համոզեն եղեր, որ քրիս­տոնեայ ըլլայ:

Թէպէտեւ այս զրոյցն անհաւատալի է, բայց այնպիսի դարու մը մէջ, ուր ամէն մարդ կրօնի ազատութիւն կը վայելէ, անյուսալի բան մ՚ալ չէ:

***

—Մարդ Աստուծոյ, բերանդ բաց ու երկու խօսք ալ ինձի հետ ըրէ:

—Քեզի հետ ի՞նչ խօսիմ, կնի՛կ:

—Ի՞նչ պիտի խօսիս. Թագուկ տուտուին էրիկը ամէն օր իր կնկանը նոր լուրեր կը բերէ, կը նստի հետը կը խօսի բոլիթիքայի վրայ, դուն բան մը չես ըսեր, հազար ու մէկ խօսքեր կը պտտին կոր… Մոսկոֆը եկեր է եղեր, նորէն գացեր է եղեր, ինկիլիզին տօնանման ատաներուն առջին է եղեր…

—Էքմեքճին այսօր ալ հաց չբերաւ:

—Վերջէն Իզմիտ գացեր է եղեր…

—Էքմեքճի՞ն…

—Չէ, ճանըմ, տօնանման, հիմա ալ Պուրսայի ջուրերը պիտի երթայ եղեր:

—Միսն ալ քսաներկուքի ելեր է…

—Մոսկոֆն ալ նորէն պիտի մտնայ եղեր…

—Ինչո՞ւդ պէտք քուկին, կնի՛կ, դուն տանդ գործերը նայէ:

—Ինչո՜ւ չպիտի խառնուիմ եղեր… Ինկիլիզը մեզի խաբեր է եղեր… կ՚ըսէք թէ` կնիկները խաբող կ՚ըլլան. տե՛ս…

—Դարձեալ անանկ է եա…

—Ճանըմ, ի՞նչ կ՚ուզեն կոր ասոնք:

—Ճանըմ, սեպէ քի տուներնիս միսաֆիր մը եկաւ տէ, խահուէ մը հրամ­ցուցինք, խահուէն խմելէն ետքը` գինի ալ բերէք կ՚ըսէ: Գինին կու տանք, խնձոր ալ բերէք կ՚ըսէ: Խնձոր կու տանք, կերակուր հանեցէք կ՚ըսէ: Կերա­կուր կը հանենք, կը նստի կ՚ուտէ, ատկէ վերջը` սոֆրային թախըմը ինձի տուէք կ՚ըսէ:

—Քա Տէր ողորմեա, աս ի՞նչ տեսակ միսաֆիր է. ես ըլլամ նէ` չեմ տար, թող ելնէ երթայ:

—Ո՛չ կ՚ելնէ, ո՛չ ալ կ՚երթայ, քիչ մը ատեն ձեր տանը մէջ պիտի մնամ կ՚ըսէ:

—Չեմ ընդունիր, մէյ մ՚ալ տունս մի՛ գար կ՚ըսեմ ու հետը չեմ տեսնուիր: Աս ի՞նչ է, ամէն մարդ միսաֆիրութեան կ՚երթայ:

—Ամէն միսաֆիր մէկ չըլլար ա:

—Հիմա աս մոսկոֆը սոֆրայի թախըմ չունի՞ եղեր:

—Ունի ամա, կ՚ուզէ կոր. ես մինչեւ որ ձեր տունը միսաֆիրութեան եկայ նէ` շատ ծախս ըրի կ՚ըսէ կոր:

—Թող չի գար, մե՞նք տաւեթ ըրինք:

—Կնիկ, խելքդ չհասնիր ըսի եա՛, կարճ կը կապեն:

—Սա ֆիստանցուս վաղը չմոռնաս, նայէ՛ որ խումաշը աղէկ ըլլայ:

—Միւս ֆիստանդ ի՞նչ եղաւ:

—Միւս ֆիստանս պատառ պատառ եղած է, բռնուելու տեղ չունի, շատ գէշ վիճակի մէջ է… ֆիստանիս վիճակը քիչ մը բարւոքելու է որ…

—Պարապ տեղը ծախս մի՛ ըներ հիմա, անոր ալ վիճակը կը բարւոքի… գումարուելիք քոնկրէին մէջ:

Սրամիտ տղայք միշտ կը սիրուին:

Հայր մը առջի գիշեր իր վեց տարու տղան դէմն առնելով, Քրիստոնէա­կանէ մը սկսաւ հարցումներ ընել անոր:

Շատ մը բաներ հարցնելն ու պատասխաններն առնելէ ետքը` հայրը հարցուց.

—Ըսէ նայիմ, տղաս, Քրիստոսը սպաննողները որո՞նք էին:

—Քրիստոսը սպաննողնե՞րը մի:

—Այո՛:

—Քրիստոնէականիս մէջ անանկ բան չկայ, հայրիկ:

—Թող չըլլայ, քրիստոնեայ մը այսչափ բանը չգիտնայ` կ՚ըլլա՞յ մի:

—Քիւրդերն սպաննած ըլլալու են, հայրիկ, չերքեզներն ալ անոր հա­գուստները կողոպտած ըլլալու են:

—Ապրիս, տղաս, սըկէ օղի մը բե՛ր, ըսաւ հայրը, եւ Քրիստոնէականը գոցեց:

***

17 Փետրուար 1878

Ի՞նչ մեղքս պահեմ, ես այս հաշտութեան պայմաններէն ալ բան մը չեմ հասկնար կոր:

Հաշտութեան պայմանները` որք նախ Քըզանլըք պիտի որոշուէին, քիչ մը ետքը Ադրիանուպոլիս պիտի ստորագրուէին, քիչ մ՚ալ ետքը Այ֊Ստեֆանո պիտի կնքուէին, մինչեւ այսօր ո՛չ կնքուած են, ո՛չ ալ մկրտուած:

Արդեօք Քըզանլըքի, Ադրիանուպոլսոյ ու Այ֊Ստեֆանոյի օդը կ՚աւրէ՞ կոր հաշտութեան պայմանները, արդեօք հիմա քաղաք մ՚ալ հաշտութեան պայման­ներուն համա՞ր փնտռելու պիտի ստիպուինք:

Ի՞նչ դժուար սակարկութիւն է այս, Աստուած իմ: Իմ գիտցածս ու տե­սածս՝ սակարկութիւն մը երկու խօսքով լմննալու է:

Օրինակի համար.

Տուր ձեռքդ ինձի:

—Առ:

—Գարատաղի անկախութիւն:

—Շատ աղէկ:

—Սերվիոյ ալ անկախութիւն:

—Ատոր ալ բան մը չեմ ըսեր:

—Ռումանիոյ ալ անկախութիւն:

—Ձեր ըսածը ըլլայ:

—Պուլղարներու ինքնօրինութիւն:

—Դէմ կեցած ունի՞նք:

—Չերքեզներու եւ քիւրդերու ալ հայութիւն:

—Ատոր ալ բան չենք ըսեր:

—Մնաք բարով:

—Երթաք բարով:

Լմնցաւ, գնաց:

Քըզանլըքէն մինչեւ Այ֊Ստեֆանո հաշտութեան պայմաններ…

Իմ կարծեօքս, հաշտութեան պայմաններուն վրայ հաշտութենէն ետքը պի­տի բանակցին, եւ այս բանակցութիւնը մեր կարծածէն աւելի երկար պիտի տեւէ, եւ այն ատեն միայն պիտի վերջանայ՝ երբ մէկ հացը հարիւրնոց թուղ­թի մը առնուլ սկսինք:

***

Քանի մ՚օրէ ի վեր պտտած զրոյցները:

—Կնիկ, ստրազթոյթէ:

—Ի՞նչ ըսիր:

—Ստրազթոյթէ, ստրազթոյթէ:

—Ատ ի՞նչ է, ատ ալ նո՞ր հանեցիր:

—Բարի եկար ըսել է… քաք բաժիւայեթի… քաք բաժիւայեթի…

—Ա՞ս ինչ ըսել է…

—Քեյֆդ աղէ՞կ է. քաք բաժիւայեթի, քեյֆդ աղէ՞կ է, քաք բաժի­ւայեթի…

—Բաչա պիտի առնէիր երէկ:

—Տենկի եեսթի, տենկի եեսթի, տենկի եեսթի…

—Ինչո՞ւ չառիր բաչան:

—Քագտա բահոթ, քագտա բահոթ…

—Ճանըմ խենթեցա՞ր, ի՞նչ եղար:

—Ստրազթոյթէ, ստրազթոյթէ:

—Այս գիշեր ուտելիք չունինք:

—Թող չունենանք, բաւական է որ… տենկի եեսթի, քագտա բահոթ… ստրազթոյթէ:

—Տա տենկի եեսթին ձգէ՛ ու գնա՛ բան մը առ ուտենք:

—Կնի՛կ, կեցի սըւոնք սորվիմ, որ վաղը միւս օր բարեկամները հոս գալու ըլլան նէ` քանի մը փարայ վաստկինք: Քաք բաժիւայեթի, բարի եկաք, քաք բաժիւայեթի, բարի եկաք:

—Մինչեւ հիմա խելքդ ո՞ւր էր…

—Աճելէի եկաւ, կնի՛կ, այսչափ շուտ գալիքը մտքէս չէր անցներ:

—Ասկից վերջը սորվիս ու ստակ պիտի վաստկիս հէէ՜… վայ գլխուդ…

—Մի՛ վախնար դուն, անոնք շուտ չեն երթար:

***

Պիսմարք բարեկամնիս կը պնդէ, որ Դարդանելի խնդիրը խիստ մեծ ու ծանրակշիռ է…

Գերմանիոյ գործին չգար եղեր, որ Դարդանելի բանալին Ռուսիոյ ձեռքը անցնի եւ ուզածին պէս բանայ ու գոցէ անոր դռները:

Աղէկ ա՛, ասոր դիւրին ճամբան կայ, բանալին թող դարձեալ մեր ձեռքը մնայ, եւ առաջուան պէս, ձեր ուզածին պէս բանանք գոցենք, կամ ո՛չ բանանք, ո՛չ ալ գոցենք:

***

Ամուսնութեանց թիւն օր քան զօր նուազելու վրայ ըլլալով, քարթալցի­ներն ասոր առաջքն առնելու համար դիւրին ճամբայ մը գտեր են. երիտա­սարդները ծեծելով կ՚ամուսնացնեն կոր:

Երիտասարդին մէկը Քարթալ տան մը մէջ սենեակ մը վարձեր կը բնակի եղեր: Այս տանը տիրուհին կ՚ուզէ եղեր աղջիկը այս երիտասարդին տալ: Եր­կու շաբաթ առաջ կիրակի գիշեր մը յիշեալ տունը հիւրերով կը լեցուի:

—Ճանըմ, թագաւոր աղան ո՞ւր է, ինչո՞ւ չի գար, փեսայ ըլլալիք մարդը այսչափ ուշ մնալո՞ւ է մի:

—Ուր է նէ` հարկաւ հիմա կու գայ:

Ժամը երկու կ՚ըլլայ, երիտասարդը տուն կու գայ պառկելու:

—Օ՜օ՜, հրամմեցէք, թագաւոր աղայ, սանկ նստեցէ՛ք, ո՞ւր մնացիք, եղբայր:

—Քիչ մը գործ ունէի այսօր, ներեցէ՛ք. հիմա ալ սենեակս պիտի քաշ­ուիմ, որովհետեւ մինչեւ ժամը եօթը գիր ունիմ:

—Ի՞նչ կ՚ըսէք, թագաւոր աղա՛յ, մեզի կը ծաղրէ՞ք կոր:

—Ծաղրելու ի՞նչ կայ:

—Բազմութենէ չես ախորժիր նէ` մենք կ՚երթանք:

—Բազմութիւնը ի՞նչ վնաս ունի իմ գիր գրելուս:

—Քահանան հիմա պիտի գայ:

—Քահանան ի՞նչ գործ ունի…

—Տէր ողորմեա՛, պսակը ո՞վ պիտի ընէ:

—Ի՞նչպէս պսակ… հարսնի՞ք ունիք:

—Ճանըմ, ինչո՞ւ ասանկ կը խօսիք, դուք չէ՞ք կարգուիր կոր:

—Ե՞ս մի… խապար չունիմ:

—Խապար չունի՞ս մի:

—Ամենեւին:

Չաթ… բաթ…

—Խապար չունի՞ս մի…

—Ինչո՞ւ կը զարնէք կոր…

Չաթ… բաթ…

—Այ, այ, այ…

—Խապար չունի՞ս հէ…

—Ծօ՛ Կարապետ, ինչո՞ւ կեցեր ես, դուն ալ չզարնե՞ս… Մարկոս, Թորոս, զարկէ՛ք…

—Այ, այ, այ, այ… թող տուէք, պիտի մեռցնէ՞ք զիս… խապար ունիմ, ունիմ, փեսայ պիտի ըլլամ, մոռցեր էի…

—Հարսին ձեռքէն բռնէ՛ նայիմ:

—Բռնեցի:

—Սանկ եկուր նայիմ:

—Եկայ:

—Առջեւդ նայէ:

—Նայեցայ… օֆ… օֆ… ոսկորներս ջարդուեցան…

—Մինչեւ ցմահ տէ՞ր ես, կը հարցնէ քահանան:

—Չեմ, չեմ, կը պոռայ փեսան:

—Չե՞ս մի…

Բաթ… քիւթ… բաթ…

—Խաման կը տեսնա՞ս կոր…

—Տէր եմ, տէր եմ, մինչեւ ցմահ տէր եմ… մահւընէս ետքն ալ տէր եմ, դեռ ըսելիք ունի՞ք:

—Ապրիս, տղաս… ճանըմ, փեսանիս հում տղայ չէ ամա, զինքը գլխէ հանողներ կան:

Պսակի արարողութիւնը կամ լաւ եւս ծեծի արարողութիւնը կը լմննայ: Սքանարել ա՛լ կայնելու կարողութիւն չունենալով, բազմոցի մը վրայ կ՚իյնայ, կը պառկի: Հետեւեալ օրը կանուխ կ՚ելնէ բողոք մը կը գրէ ու կրօն. ժողովոյ կը ներկայացունէ խնդրելով, որ սա ծեծի պսակը լուծեն:

Քարթալի քահանան պատուաւոր կրօնական մ՚է, եւ մինչեւ հիմա ալ ապօ­րինաւոր գործի մը մէջ գտնուած չըլլալով, կը յուսացուի, որ այս պսակի պա­տասխանատւութիւնը ուրիշի մը վրայ ծանրանայ:

Տեսնենք, կրօն. ժողովնիս քանի տարի պիտի զբաղուի այս խնդրով:

***

18 Փետրուար 1878

Արեւելեան խնդիրը կարծես իւր քաղաքական կերպարանքը մերկացաւ ու ճաշակի վերաբերեալ խնդիր մը դարձաւ. իւրաքանչիւր կառավարութիւն իւր ճաշակին համեմատ կ՚ուզէ ձեւել, կտրել զայն. միայն մեր ճաշակը ձայն չունի…

Առակով խօսինք:

Ինչպէս որ ես իմ բալթոս լայն կ՚ուզեմ, դուն քուկինդ նեղ կ՚ուզես, ուրիշ մը երկար կ՚ուզէ, ուրիշ մը կարճ, այնպէս ալ կառավարութիւնք կ՚ուզեն, որ այս Արեւելեան բալթոն լայն, նեղ, կարճ եւ միանգամայն երկար ըլլայ:

Որո՞ւ ճաշակը պիտի գոհացնենք:

Ամէնուն ալ:

Եւ գիտէ՞ք հազար հոգիի ճաշակը կրող բալթոյ մը ձեւելը որչա՛փ դժուար է…

Գիտեմ որ գիտէք, հաշտութեան պայմանները կնքելու չափ դժուար է:

Եւ դարձեալ գիտէ՞ք, հազար հոգիի ճաշակով ձեւուած բալթոյ մը ի՜նչ այ­լանդակ եւ խելքէ մտքէ չանցած հագուստ մը կ՚ըլլայ:

Մենք հոս հաշտութեան պայմանները կնքելու զբաղած ատեննիս, մեր պաշտպան Անգղիան ալ քար մը կը գլտորէ:

Կը փափաքի՞ք, կ՚ըսէ, որ սա Արեւելեան խնդիրը միանգամ ընդմիշտ լուծուի:

Այո, կը փափաքինք:

Եթէ կը փափաքիք` Կիրիտն ու Միտիլլին ինձի տուէք. Մակեդոնիան, Թե­սաղիան ու Եպիրոսն ալ Յունաստանի տուէք. Եգիպտոսն ու Թունուզը անկախ հրատարակեցէք, լմննայ երթայ:

Ահա Անգղիոյ ճաշակը:

Միւս կառավարութեանց ճաշակներուն վրայ երկար բարակ խօսելու հարկ չկայ:

Վերջապէս, ընթերցո՛ղ, սեպէ թէ աս Արեւելեան խնդիրն այաք բաչասի է: Հիմա աս բաչան անանկ վարպետութեամբ եփելու է, որ, թերպիէով սիրողն ալ ուտէ, թերպիեսիզ սիրողն ալ ուտէ, քացախով սխտորով ուզողն ալ ուտէ, քա­ցախով սխտորով չուզողն ալ ուտէ, լիմոնով սիրողն ալ ուտէ, լիմոնով չսի­րողն ալ ուտէ:

Ատ ըլլալո՞ւ բան է:

Եթէ այսպէս է, հաշտութեան պայմաններն ալ կնքուելու բան չէ, ա՛յլ է թէ մէկ մարդու քմացը համեմատ եփուի բաչան:

***

Իրաւ է, որ խղճմտանքը վերցած է աշխարհէս…

Սա Սերվիոյ ու Գարատաղին ելնել` պատերազմական ծախք ուզելնուն ի՞նչ կ՚ըսէք:

Շիտակը խօսելով, եթէ ես ըլլայի` երեսս չէր բռներ:

Սիրվիան ու Գարատաղը գրեթէ մեր կառավարութեան զաւակներն էին. մենք իրենց հետ այնպէս վարուեցանք` ինչպէս որ կը վարուի հայր մը իր զաւակաց հետ: Մեզի դէմ ոտք ելնելնին ու ձեռք վերցնելնին հերիք չէր, հիմա ալ ելեր ստակ կ՚ուզեն, մտքերնէն ըսելով.

—Հայր, մենք քու խօսքդ մտիկ չըրինք, քեզի դէմ ապստամբեցանք, սուտ ըսինք, խօսքերնիս չբռնեցինք, ծեծեցինք, ծեծուեցանք, վերջապէս քու կոկորդդ սխմեցինք, ուստի քու պարտքդ է հիմա մեզի ստակ տալ:

Ասոնք պարզապէս ստակ վաստկելու ելեր են, եղբայր:

Իսկ մենք չենք կարծեր, որ կառավարութիւնն ստակ տայ ասոնց. որով­հետեւ եթէ ունենար, աւելի իր հնազանդ հպատակացը կու տար, քան թէ անհնազանդ զաւակացը:

Մենք հոս անօթութենէ մեռնինք, անդին Սերվիան ու Գարատաղն ոսկի­ներով խաղան:

***

Պարտ անձին կը համարիմ ընթերցողացս ծանուցանել, որ հանգիստ ըլլան, եւ մտքերնէն բան մը չանցունեն Ռուսիոյ բանակին ու Անգղիոյ տորմի­ղին Պոլսոյ առջեւ գտնուելուն վրայ. ատոնք բարեկամաբար եկած են:

Կրնամ ըսել, որ մեր մտքէն չարութիւն կ՚անցնի, անոնց մտքէն չանցնիր:

Այս տողերը գրելու հարկ ալ չկայ, որովհետեւ եթէ Դարդանելի նեղուցը վեց անգղիական զրահաւոր չկլնէր, Ռուսիա մայրաքաղաքիս այսչափ չէր մօտենար, ինչպէս որ Անգղիան ալ իր վեց զրահաւորները Դարդանելէն չէր անցուներ` եթէ Ռուսիան մեզի այսչափ չմօտենար: Եւ որովհետեւ մին բարե­կամութեամբ մօտեցաւ մեզի, միւսը չէր կրնար իր բարեկամութիւնը չյայտ­նել ու մեզմէ հեռու մնալ: Ի՞նչ կ՚ուզէք, այսօրուան օրս բարեկամներու մէջ մնացինք:

Աստուած զմեզ իրարմէ չբաժնէ, բարեկամութիւննիս հաստատ եւ ան­սասան պահէ, մեր բարեկամաց երկար օրեր պարգեւէ, անոնց մէկ օրը հա­զար ընէ. մէկտեղ աղէկ օրեր անցունենք… Աստուած Աւստրիայի ալ ասանկ բարեկամներ շնորհէ…

***

Աղեքսանդրիայէն կը գրեն թէ` եգիպտական արժէթուղթ ունեցողները ժո­ղով մ՚ընելով, պատուիրակներ ընտրեցին, որպէսզի Եգիպտոսի ելմտական վի­ճակը դեսպանախորհրդին ներկայեն:

Նախ եւ առաջ` Եգիպտոսի ելմտական վիճակը դեսպանական խորհրդին ներկայանալու բան չէ… որովհետեւ Եգիպտոսի ելմտական վիճակը քրիս­տոնեայ չէ, որ բարւոքմանը աշխատուի:

Երկրորդ` դեսպանախորհուրդը գլխաւորաբար Փարիզի դաշնադրութեան վերաբերեալ խնդրոց զբաղելու պաշտօն ունենալով` եւ Եգիպտոսի ելմտական վիճակը Փարիզի դաշնադրութեան մէջ նշանակուած չըլլալով, Եգիպտոսի ելմտական վիճակը դեսպանախորհրդին ներկայանալու իրաւունք չունի:

Երրորդ` Եգիպտոսի ելմտական վիճակը եթէ աղէկ չէ, իբրեւ հազուագիւտ մէկ վիճակ մը` աւելի Փարիզի արուեստահանդէսին ներկայանալու է, քան թէ Պատէնի դեսպանախորհրդին:

Չորրորդ` եթէ օր մը դեսպանախորհրդոյ մ՚առջեւ ելմտական վիճակ մը ներկայանալ հարկ ըլլայ, Եգիպտոսի ելմտական վիճակը թո՛ղ տեղը հան­գիստ նստի. մեր ելմտական վիճակը նախ եւ առաջ պիտի ներկայանայ հոն` իբրեւ մեծ եղբայր Եգիպտոսի ելմտական վիճակին…

***

Աղէկ միտքս ինկաւ:

Վարդովեան էֆենտիի եւ Օրթագիւղի Թատրոնի խմբին ելմտական վի­ճակները չեմ կարծեր, որ Եգիպտոսի ելմտական վիճակէն աղէկ ըլլան:

Պատիւ ունեցայ գիշեր մը Օրթագիւղի Թատրոնը երթալու:

Ներկայացումը Քաթերին Հովարտ էր: Դերասանաց թիւը հանդիսա­կանաց թիւէն աւելի էր. հետեւաբար դերասանները կը քաջալերէին զհանդի­սականս, մինչդեռ ասոնց պարտքն էր զանոնք քաջալերել:

Դերասանաց ընթացքէն կռահեցի, որ դժգոհ էին, եւ սակայն հաստատամտութեամբ կը շարունակեն իրենց ներկայացումներն ու վնասները:

Կ՚երեւայ, որ ներկայացուած խաղերը գիւղացւոց ճաշակին չեն համապատասխաներ. եթէ վիսթի կամ բրեֆայի վերաբերեալ ներկայացումներ տրուին, թէ՛ դերասանները կը վաստկին, թէ՛ հանդիսականները եւ թէ՛ դպրոցը:

Վերջէն իմացանք, որ Օրթագիւղի Թաղ. Խորհուրդն առաջարկեր է թուղթ խաղացողներուն, որ գոնէ շաբաթը անգամ մ՚ալ ի նպաստ գիւղի վարժարա­նին վիսթ խաղան:

Եթէ այս առաջարկութիւնն ընդունուի, Թատրոնին դռները կը գոցուին եւ գեղացիք ալ յակամայս թատրոն երթալէ կը խալսին:

***