Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա
ՊՃՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Առ տիկին Ք……

Անցեալ գիշեր կանանց պճնասիրութեան մասին իմ ըրած ինչ֊ինչ անմեղ եւ անկեղծ դիտողութեանց ձեր կողմէն, մանաւանդ իմ մեկնելէս յետոյ, չար դիտում վերագրուիլն չափազանց վշտացուց զիս, տիկին։ Բնաւ չէի յուսար, տիկին, ձեր անձին վրայ գտնել թարգման մ՚որ այնքան սխալ մեկնէ սրտիս զգացումները։ Սովորութեանս համաձայն թէեւ պարտաւոր էի անպատասխանի թողուլ ձեր խօսքերն, որ կարեվէր խոցեցին սիրտս, բայց որովհետեւ խնդիրն լոկ անձնական չէ, պատշաճ դատեցի երկու տող պատասխան մը գրել ձեզ, վստահ լինելով, թէ բոլորովին ապարդիւն չմնար այն եւ թէ կրնաք դուք եւ ուրիշ կիներ եւ աղջիկներ օգտուիլ անկէ։

Տիկին, ըստ ձեզ, ես պարզամոլ եմ եղեր, գեղեցկին վրայ բնաւ գաղափար չունիմ եղեր, կը փափաքիմ եղեր, որ կանայք Նոյ նահապետին ժամանակին զգեստներն հագնին. կանանց անհաշտ թշնամին եմ եղեր եւ չեմ ուզեր եղեր, որ անոնք գեղեցկութեամբ էրիկ մարդոց ուշադրութիւնն գրաւեն, չեմ սիրեր եղեր կիներն. կիներն ալ զիս չեն սիրեր եղեր. այն գիշեր կիներէն եւ աղջիկներէն եւ ոչ մին իմ քովս չնստելուն պատճառաւ է եղեր, որ կանանց հագուստներն խածներ եմ եղեր, բարձր ընկերութեանց մէջ մտնելու արժանի չեմ եղեր, գիւղ մը քաշուելու եւ գեղջկական կեանք վարելու համար ծնած եմ եղեր, կանանց հետ վարուելու օրինաց դէմ ըմբոստ եմ եղեր, կ'ուզեմ եղեր, որ բոլոր կանայք իրենց գլուխն ի վայր ալիւրի պարկ մ՚անցուցնեն իբրեւ շրջազգեստ, երբեմն երբեմն կիներն խածնելէ հաճոյք կը զգամ եղեր, յանուն բարոյախօսութեան կանանց դէմ անիրաւ յարձակումներ կ'ընեմ եղեր, բարոյախօս լինելէ շատ հեռու եմ եղեր, կիներուն գործոց խառնուելու իրաւունք չունիմ եղեր… ո՞ր մէկն յիշեմ… կիներէն երես չգտնելուս համար անոնց ետեւէն ընկեր եմ եղեր եւ այլն եւ այլն եւ այլն, եւ այս բոլոր անվայել խօսքերն արտասանած էք ի ներկայութեան երեսուն կանանց եւ ի բացակայութեան այս նամակն գրողին։

Կիները չե՜մ սիրե՜ր եղե՜ր… այսպիսի անլուր հայհոյութիւն մ՚առաջին անգամ է, որ կը լսեմ աշխարհիս վրայ։ Եթէ ներողամիտ չլինէի, տիկին, դատ կը բանայի ձեզի դէմ եւ անհերքելի եւ հզօր փաստերով ապացուցանելէն յետոյ, թէ կը սիրեմ կիները, քանի մ՚ոսկւոյ տուգանաց դատապարտել կու տայի զձեզ։ Բայց առանց կրօնաւոր լինելու, ներողամիտ գոլով կը հրաժարիմ այդպիսի խեղճ միջոցներու դիմելէ, մանաւանդ ի վնաս կնոջ մ՚որ քիչ մը խենթ է եւ բարկութեան միջոցին հաճեր է նախատել զիս։ Աղօթք ըրէք դարձեալ, տիկին, որ աշխարհականի մը հետ է ձեր գործն, եթէ իմ տեղս կուսակրօն մը լինէր, ձուն կը բերէր ձեր գլխուն այդ մէկ զրպարտութեանդ համար։

Բայց ինչո՞ւ չսիրեմ կիներն, ինչո՞ւ կիներն չսիրեն զիս, միթէ անոնց աղէկութեանը համար չէ՞, որ սիրտ, միտք եւ հոգի կը մաշեցնեմ այսքան տարիներէ ի վեր, միթէ անոնց բռնած ընթացքին վրայ խորհելուս համար չէ՞, որ շատ գիշերներ կը տքնիմ։ Աւա՜ղ, այսքան աշխատութեանցս եւ խնամոցս ի վարձատրութիւն թշնամանք պիտի ընդունիմ եղեր…

Տիկին, ներեցէք ինձ ըսել, թէ դուք իմ միտքս չէք հասկցեր, ուստի թոյլ տուէք, որ հասկցնեմ։

Շինծու գեղեցկութենէ զզուիլն գեղեցիկն սիրել ու պաշտել է։ Ես մահու չափ թշնամի եմ կեղծ գեղեցկութեան, որով փայլիլ կ'ուզէ ձեր Ազնւութիւնը։ Անշուշտ տարբեր եղանակաւ պիտի վարուէիք հետս, եթէ նոյն գիշեր ձեր քովն նստէի եւ պաշտէի զձեզ ըսելով. «Ո՞րքան գեղեցիկ էք, տիկին… ի՜նչ սեւ մազեր, մարգրիտի պէս ակռաներ եւ վարդագեղ դէմք ունիք»։ Կ՚ընդունիմ, թէ այս խօսքերն չըսի ձեզ, բայց դուք ալ ընդունեցէք, թէ ներկուած են ձեր մազերը, շինծու են ձեր ակռաներն, եւ որդան ծիրանիով ծեփուած է ձեր դէմքը։ Դուք, տիկին պարտաւոր էք, ձեր ճերմակ մազերով, թափուած ակռաներով եւ թոռմած երեսներով ներկայանալ ընկերութեանց, եթէ կ'ուզէք կոկիկ, գեղեցիկ եւ սիրուն երեւալ։ Բնական տգեղութիւնն արուեստակեալ գեղեցկութիւնէ աւելի, շատ աւելի գեղեցիկ է։ Տգեղութիւն մը ծածկուելով չանհետիր, ընդհակառակն` անոր, որ ներկերու ներքեւ ծածկել կը ջանայ իւր դէմքին ինչ ինչ թերութիւններն, տգեղութիւնն աւելի զգալի կերպով դուրս կու տայ։ Մոռցայ ըսելու, թէ նոյն գիշերը ձեռներուդ տգեղութիւնն ծածկելու համար բնաւ չհանեցիր ձեռնոցներդ, եւ կարծեցիր թերեւս, թէ ոչ ոք նշմարեց այդ կարծեցեալ ճարպկութիւնդ։ Ամէնքն խնդացին քու վրայ, ես միայն ցաւեցայ տեսնելով, թէ ծաղու նշաւակ կ'ըլլայ վաթսուն տարեկան կին մ՚որ պատկառանք ազդելու դիւրութիւններ ունի։ Այս տողերն կարդացած ատենդ պիտի սրդողիս, գիտեմ, եւ պիտի ըսէ. «Ինչո՞ւ վրաս պիտի խնդան, ի՞նչ ունէի ծիծաղ շարժելու, միթէ քիչ մը աւելի գեղեցիկ ըլլալու փափաքն յանցա՞նք է կնոջ մը»։ Գեղեցիկ ըլլալու ջանքով տգեղնալն յանցանք է, տիկին, եւ դուք տգեղցեր էիք նոյն գիշերն։ Ծեր կամ տգեղ կնոջ մը չափազանց զարդն, կ՚ըսէ օրիորդ տը Սոմերի, կ՚իմացնէ, թէ այդ կինն թէ տգեղութեան զրկանաց եւ թէ ծերութեան աւերանաց վերայ կը բարդէ նաեւ խենթութեան այլանդակութիւններն։ Օր. տը Սոմերին եւ դուք էք խենթ, պիտի պոռաս, սակայն, եթէ պաղ արեամբ խորհիս, պիտի տեսնես, որ խենթը դուն ես։— Ինչո՞ւ չպիտի զարդարուիմ եղեր, միթէ երեսուն եւ ինն տարեկան ըլլալով աշխարհիս զուարճութիւններէն եւ վայելքներէն ձե՞ռք քաշելու պարտաւոր եմ. ինչո՞ւ ինձի յարմար ամուսին մը գտնելու չաշխատիմ, երեսունն անցած կիներուն ոտքը քար մը կապելով ծո՞վ նետելու է զանոնք։ Ներէ, որ խնդամ այս հարցումներուդ վրայ, տիկին։ Են կիներ, կ՚ըսէ Րոշպրիւն, որոց անհրաժեշտ է զարդն. անոնք այն միսերու պէս են, որ շատկեկ համեմուելու կարօտ են ախորժակ բանալու համար։ Սակայն դուք ախորժակ գոցելու չափ համեմուած էիք։— Լռէ՛, անպիտան, պապանձէ՛, անառակ, կը վայլէ՞ բարոյախօսի մը կնկան մը հետ այսպէս վարուիլ… ախորժակ կը գոցեմ եղեր… կնկան մը ըսուելու խօ՞սք է ասիկա։— Մի՛ սրդողիր, կ'աղաչեմ, խնդիրն անձնականի տեսութեամբ մի՛ դիտեր, ազգային տեսակէտով քննէ՛, եւ պիտի համոզուիս, թէ որքան իրաւունք ունիմ այսպէս խօսելու։ Դուն, տիկին, այդ անվայել վարմունքովդ չար օրինակ կու տաս նորատի աղջկանց եւ կանանց, դու եւ քեզի նման տիկիններն են, որ պիտի առաջնորդեն նոր սերունդին պարզասիրութեան մէջ, եւ եթէ դուն եւ քեզի նման տիկիններն այսպէս խենթութեամբ վարուին, նորատիներն շղթայով կապել հարկ կ'ըլլայ։ Ա՛հ, տիկին, եթէ պճնասիրութեան վնասներն միմիայն այլոց ծիծաղն շարժելու մէջ կայանային, ձանձրութիւն չէի առնէ այս նամակն քեզի գրելու, բայց պճնասիրութեան գործած վնասներն, նախճիրներն այնքան դժնդակ եւ այնքան շատ են, որ ինձի պէս մարդ մը կամ ուրիշներու պէս մարդ մը չկրնար զանոնք ի լուր աշխարհի չհրատարակել եւ անոնց դարմանն չխորհիլ։

Դուն ես միայն այս վնասներն ու նախճիրներն տեսնող, քեզմէ ուրիշ մարդ չտեսներ զանոնք. եւ ի՞նչ վնասներ կրնայ պատճառել պճնասիրութիւնն, որ բոլոր քաղաքակիրթ ազգերէ ընդունուած է։— Ի՞նչ ըրած ունի պճնասիրութիւնն, առաջնո՞րդ փոխած է, Կեդրոնական վարժարանի բացման դէմ արգելքնե՞ր յարուցած է, կրօնաւորի մօրուքէ՞ն քաշեր է, յանուն անձնանուիրութեան աղքատին ստակն կոկո՞րդն անցուցած է… Մի՛ յուզուիր, տիկին, համառօտիւ պիտի պատմեմ քեզ այս ախտին վնասներն եւ դուն ալ պիտի համոզուիս ինձ, եւ իմ վրայ ունեցած սխալ կարծիքդ պիտի ուղղես։

Ամէնէն սիրելի բարեկամներէս մին, որոյ հետ երկու տարին հազիւ մի անգամ կը տեսնուիմ որովհետեւ կը վախնամ, որ յաճախ տեսակցութիւնն մեր սէրն կը պաղեցնէ օր մը տունը հրաւիրեց թանգարանն ցոյց տալու համար։ Ընդունեցի հրաւէրն եւ գնացի զինքն տեսնելու, որ սենեակի մը մէջ առանձնացած Սողոմոն իմաստունը կը կարդար։ Զիս տեսնելուն պէս ոտք ելաւ եւ բազմոցին անկիւնն հրամցուց զիս։ Շնորհակալութեամբ նստեցայ ինձ ցոյց տրուած տեղն։ Բարեկամս Սողոմոն իմաստունին կենաց վրայ քանի մը վայրկեան խօսելէն ետքը ըսաւ. «Խահուէդ խմէ, եւ յետոյ երթանք գրատունս տեսնելու»։ Շատ աղէկ, պատասխանեցի։ Փլորա՛, Փլորա՛, կանչեց։— Ի՞նչ կ'ուզես հայր, հարցուց աղջիկն վերէն։— Խահուէ մը բեր։— Սպասէ՛ քիչ մը, հագուիմ կոր։ Բարեկամիս երեսին գոյնը շրջեցաւ, բայց համբերող մարդ լինելով ծածկել ուզեց իւր այլայլութիւնն եւ «աղջիկս դեռ չէ հագուեր» ըսելով` սկսաւ կինը կանչել. Ռոզա՛, Ռոզա՛։— Ինչո՞ւ կը պոռաս, մարդ, թող չես տար, որ շապիկ մը փոխեմ, պատասխանեց Ռոզան, որ աղջկան պէս չէր գիտեր, թէ հիւր մը կը գտնուէր վարը։ Բարեկամս այս երկրորդ պատասխանին վրայ քիչ մ՚աւելի կարմրեցաւ։ Իւր կարմրութիւնն բարեխառնելու համար փութացի յայտնել, թէ յանցանքն իմս էր, թէ շատ կանուխ եկած էի (կէս օրէն մէկ ժամ ետքը)։ Բարեկամս դուրս ելնել ուզեց, կամ իւր կնոջն ու աղջկանն իմացնելու համար, թէ վարը հիւր կար, եւ կամ խահուէին առաքումը փութացնելու համար։ Խելացի ըլլալով` անմիջապէս կռահեցի զայս եւ թոյլ չտուի, որ դուրս ելնէ. Խահուէի սիրահարներէն չեմ, ըսի, կ'աղաչեմ, որ աշխատութիւն չառնէք դուրս ելնելու։ Նստեցաւ։ Քանի մը վայրկենէն ետք նորէն պոռաց. Փլորա՛, տակաւին չհագուեցա՞ր։— Մազերս կը սանտրեմ կոր։— Ռոզա, չպատրաստուեցա՛ր դեռ։— Խօսք մը փախցնել պիտի տայիր բերնէս, որ… Տէր ողորմեա. աս ի՛նչ տեսակ մարդ է, թող չտար, որ հագուիմ։— Տիկիններն եւ օրիորդներն քիչ մը ծանր կը զգեստաւորուին, կը խնդրեմ, որ չնեղանաք, ես օտար չեմ գրեթէ ես ալ ձեր եղբայրն եմ, ըսի։— Շնորհակալ եմ, պատասխանեց բարեկամս։ Այլ եւ այլ նիւթերու վրայ խօսք եղաւ, կէս ժամ անցաւ եւ բարեկամս սկսաւ դարձեալ կանչել (Ռոզան եւ Փլորան։— Ռոզա, խահուէն ո՞ւր է։— Գուլպաներս կը հագնիմ կոր, հիմա կու գամ։— Փլորա, ո՞ւր ես։— Ֆորքեդաներս կը դնեմ կոր։— Կանանց վրայ խօսք բացուեց եւ մէկ ժամ տեւեց։ Բարեկամս, որ սոյն խօսակցութեան միջոցին քանի մ՚անգամներ նորէն պոռացած էր, որ խահուէ բերեն, աւելի բարձր ձայնով աղաղակեց. Փլորա, ինչո՞ւ չես բերեր խահուէն։— Լաւանտա կը քսուիմ կոր։— Վրայէն մէկուկէս ժամ ալ անցաւ եւ այս միջոցին առնուած պատասխաններն հետեւեալներն էին. Մազերս կը ժողվեմ կոր, հիմա կու գամ, կօշիկներս կը հագնիմ կոր, լմնցաւ, քորսէս կը սեղմեմ կոր, օղերս կը դնեմ կոր, պիտի գամ, շրջազգեստս կը շտկեմ կոր եւ ասոնց նման հազարաւոր պատասխաններ։ Վերջապէս երեք ժամէն յետոյ բարեհաճեցան վար իջնալ, եւ օրիորդն ներումն խնդրելէն ետքը, թէ քանի մը վայրկեան ուշացուցեր են խահուէս բերելու, դուրս ելաւ ինձ խահուէ եփելու համար։ Տիկինն վեր ելաւ նորէն, կարծեմ շտկելու համար ճակտին վրայ ցցուած քանի մը թել մազերն, ուր կը տանէր միշտ իւր ձեռքը մեր քովը գտնուած միջոցին։ Օրիորդն, որ խահուէն պատրաստելու խոստմամբ ելած էր սենեակէն, դարձեալ իւր հայելւոյն առջին է, որովհետեւ երբ բարեկամս կանչեց զինքն, պատասխան տուաւ, թէ քորսէին կապը բրդած է եւ զայն վերակարելու զբաղուած է։ Հուսկ ուրեմն, եւ հակառակ թախանձանացս, բարեկամս գնաց խահուէ եփելու։ Սենեակէն դուրս ելաւ եւ քանի մը վայրկենէ մտնելով` ակամայ ծիծաղով մը ըսաւ. Ոչ խահուէ ունինք եւ ոչ շաքար, մոռցած են ինձ ըսել, որ գնէի։— Արդէն սովորութիւն չունիմ, ըսի, խահուէ խմելու, հանգիստ եղէք. երթանք գրադարանն աչքէ անցունելու։

Մեր գտնուած սենեակէն մեկնեցանք դէպի գրադարանն, որ հինգերորդ դստիկոնին վրայ մեծ սենեակի մը մէջ կը գտնուէր։ Որքան նոր բաներ տեսայ այս ճամբորդութեան մէջ… ասդին կը տեսնես գուլպայ մը ձգուած, անդին երկու շապիկ, քիչ մ՚անդին վարտիքներ, քանի մը քայլ ասդին կաթսայ մը դրուած լուացուելու համար, հոս գլխարկ մը, հոն կօշիկներ, ասդին հովանոց մը, անդին լաւանտայի պարապ շիշեր, քիչ մը հեռու հացի փշրանքներ, սանդուխին աստիճաններուն վրայ հում ոսկորներ, որոնց միսն կատուներն կերած են, ասդին մուկ մը սատկած, անոր քով բուտրայի տուփ մը ձգուած։ Եւ ահա այս բաները տեսնելով հասանք գրատունն, ուր մէկ ժամու չափ մնալէն ետքը ինքզինքս դուրս նետեցի այս տունէն, ուր մազ մնաց պիտի ճաթէի։

Դուն, տիկին, պիտի ըսես հիմա, թէ կը չափազանցեմ իրերն, բայց սպասէ վախճանին, որ համոզուիս։

Այս ճամբորդութենէ գրեթէ երկու շաբաթ վերջն այս աղջիկն նշանուեցաւ եւ երկու ամսէն ետքը կարգուեցաւ։ Կար եւ կարողութիւն մաղթեցի այս կնոջ առն եւ մտադիր եղայ իրաց, տեսնելու համար, թէ խեղճ էրիկն ինչպէս պիտի տանի այս բեռն։ Հարսնիքէն երեք շաբաթ յետոյ լսեցի, թէ այրն ճամբեր է կնիկն, որ իւր մօրը քով կը գտնուի այժմ։ Հայրն կու լայ, կ'ողբայ, կը կոծի եւ ամօթէն չկրնար տունէն դուրս ելնել։ Իւր աղջիկն ամէնուն բերանն է, կանայք` որոնց օրակարգն է այս խնդիրն, իրենց ուզածին պէս կը մեկնեն այս բաժանումն. ինչպէս կ'ըսեն, մէկը վար կը քաշէ, միւսը վեր, մէկն ասդին, միւսն անդին։ Մայրն հայելիէն աւելցած ժամերն կը զոհէ թաղը պտտելու եւ թաղեցիներն համոզելու, թէ փեսան դրամօժիտ ուզեր է եւ չտրուելուն համար վռնտեր է կինն, թէ փեսան գէշ մարդ է եղեր, կոպիտ է եղեր, աւանակ է եղեր, անանկ թերութիւններ ունի եղեր, որք չեն զրուցուիր եղեր եւ այլն եւ այլն։ Իսկ աղջիկն այժմ ոչ թէ միայն չզարդարուիր, այլ հազիւ թէ կը հագուի. գիշերազգեստովն կը նստի մինչեւ իրիկուն, սենեակի մը մէջ առանձնացած, չկրնար աչքերն վեր վերցնել, ամօթէն չուզեր եւ ոչ մէկուն երեսը նայիլ, ականջներն կը խփէ, զի մի իւր վրայօք խօսք մը լսէ։ Կը հասկնայ, աւաղ, դառն փորձէ մը յետոյ, թէ ինքզինքն գեղեցկացնելու համար միայն ժրաջան աղջիկներն ամէնէն աւելի ծոյլերն են. կը զգայ, թէ այրերն իրենց կնիկէն միայն զարդարանք եւ գեղեցկութիւն չեն պահանջեր, կը համոզուի վերջապէս, թէ արուեստակեալ գեղեցկութիւնը որքան զզուելի կ՚ընէ կինն։

Պատասխան տուր ինձ այժմ, տիկին, ինչ բանի ծառայեց այս աղջկան այսքան զարդարանքն, եթէ ոչ իւր դժբախտութեան` որ պիտի շարունակուի իւր կենաց մինչեւ վերջին օրերը, դառն ցաւ պատճառելով նաեւ իր հօրն, որ դեռ երէկ մեծ յոյսեր ունէր իւր դստեր վրայ։ Քու պատասխանդ գիտեմ, տիկին, աղախինիդ պիտի հրամայես, որ այս նամակն պատռէ, նետէ, ու հայելիդ ու լաւանտադ բերէ քեզի։ Բայց մի՛ աճապարեր, խօսքս չլմնցուցի տակաւին։ Եթէ ասոնք միայն ըլլային պճնասիրութեան վնասներն` բերանս անգամ չէի բանար, ուրիշ հարուածներ ալ ունի ան, եւ անոնց վրայ ալ պիտի խօսիմ։

Լալու տրամադրութիւն չունենալով հանդերձ, չեմ կրնար արտասուքս զսպել այն ողբալի տեսարանին առջեւ, ուր պճնասիրութեան զոհուեցան ընտանեաց հայր մը, զոր ի մօտոյ ճանչնալու պատիւն ունիմ, եւ մայր մ՚որուն անունն միայն լսած եմ։ Այս մարդը բարի էր չեմ կարծեր, որ բարի ըլլայ այսօր, ըստ որում կորուսած է իւր բոլոր ինչքն, որ մեծ բան մը չէր եւ կը ջանար գոհացնել իւր կնոջ, զոր չափազանց կը սիրէր, ամէն պահանջումներն, որքան ալ անհեթեթ եւ այլանդակ ըլլային անոնք։

Այս կինն շատ կը սիրէր եւ կը սիրէ դեռ զարդարանց մէջ լողալ։ Նորաձեւութեան լրագիր մը Լոնդրայէն կ'ընդունէր, երկու հատ Բարիզէն բերել կու տար, հատ մ՚Իտալիայէն, օրինակ մը Գերմանիայէն, երկու թերթ Աւստրիայէն։ Ամէն շաբաթ թարգմանել կու տար այս պատկերազարդ թերթերն եւ անոնց մէջ տեսնուած նոր ձեւերու համեմատ հագուստ շինել կու տար։ Իւր բոլոր ժամերն կը վատնէր անձին չափն տալու դերձակուհեաց. իւր բոլոր խօսակցութիւնն լաթային էր, հագուստներու մէջ սահմանափակուած էր։

Երբ եկեղեցի երթար` Աստուծոյ արքայութիւնն չէր խնդրեր, այլ նորաձեւ շրջազգեստ կը խնդրէր. հագուստի համար մոմ կը վառէր, աղօթագրքին մէջ ալ հագուստի համար աղօթք մ՚աւելցուցած էր գրաբար լեզուով եւ միշտ զայն կը կրկնէր։ Իւր տանն դռներն կը բացուէին եւ կը գոցուէին միայն դերձակուհեաց համար, որք օրը հազար անգամ կու գային չափ եւ փորձ առնելու։ Ամէնէն հարուստ դրամատէրներու եւ վաճառականներու տիկիններուն հետ կը մրցէր, անոնց հետ համազարդ ըլլալ կ'ուզէր։ Խեղճ էրիկն ամէն շաբաթ ոսկիներ կը համրէր դերձակներուն։ Եթէ երբեմն պզտիկ դիտողութիւն մ՚ընէր` կինն կը սկսէր լալ եւ կը ստիպէր էրիկն` ետ առնել իւր դիտողութիւնն։ Եթէ արցունքն չբաւէր` կինն պարզապէս կը խոստովանէր, թէ հին լաթերով պտտելու վարժուած չէր եւ թէ անկարելի էր հագնիլ երկու օրուան հինցած լաթեր. նորաձեւութեան սիրահարներու համար ամէնէն հաստ կտաւով եւ խնամով կարուած հագուստ մ՚օր մը միայն կը դիմանայ, հետեւեալ օրն կը հիննայ, կը պատռի, այնպէս որ այդ հագուստով անհնար է ընկերութեան մէջ մտնել առանց պատշաճից օրինաց դէմ մեղանչելու։ Էրիկն, կամ տան պատիւն պահպանելու նպատակաւ, կամ իւր անճարակութեան պատճառաւ` կնկան հետ համաձայնելու միջոցներ կ'որոնէր եւ գտնելու կը ստիպուէր։ Հասաւ վե՛րջապէս ժամն ուր միջոցներն սպառեցան։ Ընտանեկան գժտութիւնն անոնց դուռն զարկաւ, կամ դուռն բանալու է, կամ այս վնասակար հիւրն վռնտելու է, որովհետեւ դրան առջեւ սպասել տալն շատ վտանգաւոր է։ Խեղճ էրիկն արիւն քրտինք կը թափէ համոզելու համար կինն, թէ լաթերով կործանած է զինքն եւ թէ ժամանակ չունի այլեւս դիմագրաւել լաթերուն… Քանի՜ ահարկու եւ սարսափելի է կանանց լաթեղէն ճակատամարտն… Կինն կը սաստէ էրկանն, ըսելով, թէ կարգուելու չէր, եթէ կարողութիւն չունէր կնկան շրջազգեստ մը շինելու. կ'աղաչեմ, ուշադրութիւն ըրէք այս մը ին, տեսած ունի՞ք ձեր կեանքին մէջ ասանկ մը մը, տարօրինակ չէ՞ քիչ մը, կնկան մը մ՚է։ Այրն ապագային մէջ իւր առեւտրական գործոց բարւոքումն երեւակայելու կը հարկադրուի եւ կը սկսի փոխառութեան։ Տարի մ՚ալ փոխառութեամբ կը զարդարէ կինն։ Յաջորդ տարին գժտութիւնն նորէն ափ կ՚առնէ՛ իրենց դուռն։ Այո անգամ կը բացուի դուռն եւ հիւրն պատուով կ'ընդունուի։ Կինն իւր հագուստներու սնտուկներով չգիտեմ ո՞ւր կ'երթայ բնակելու եւ ինչ ընելու. էրիկն օրէ օր կը թշուառանայ, պարտատէրերուն պատասխան պատրաստելու համար կ'աշխատի գիշեր ցերեկ. բարեկամներն չեն ուզեր ճանաչել զայն։ Ամէնուն կ՚աղաչէ, որ փոքրիկ ամսականաւ գործ մը գտնեն իրեն, չյաջողիր։ Որոշում կու տայ լուբիայ եփել եւ կաթսայ ի գլուխ շուկայի մէջ ծախել, ձեռքէն չգար։ Օրական հացն ճարելու համար մուրացկանութեան կը ձեռնարկէ արդարեւ մեծ ձեռնարկութիւն մուրալու արհեստն ու գիտութիւնը չգիտէր։ Վերջապէս քանի մը տարիներ առաջ փողոցի մը մէջ կաթուածահար կ'իյնայ կը մնայ։

Միւս կողմէն կինն անառակութեան մէջ լողալէն ետքը որովհետեւ պճնասէր կինն մերկ կը պտտի, եթէ ուզածին պէս չկարենայ հագուիլ կը խղդուի օր մը։ Տարի մ՚առաջ տաժանելի ցաւերով կը մեռնի ան ալ եւ կը զարդարուի պատանքով, միշտ ամէնէն վերջին եւ ամէնէն նոր ձեւ ունեցող շրջազգեստով…

Այս խօսքերն իմ ականջս չեն մտներ, կ'ըսես դուն, այդ պատմածներդ սուտ են եւ միայն քու երեւակայութեանդ մէջ գոյութիւն ունին։ Կինն հարկաւ պիտի հագուի ալ, պիտի շքուի ալ, պիտի զարդարուի ալ, պիտի պարէ ալ, պիտի երգէ ալ, պիտի ցատկէ ալ, պիտի խմէ ալ. մեղա՜յ, ինչո՞ւ համար աշխարհք եկեր ենք, պիտի զուարճանանք ալ, պիտի զբօսնունք ալ… չէ՞ որ պիտի մեռնինք օր մը։

Միեւնոյն առարկութիւններն կ'ընեն ընդհանրապէս ամէն կանայք, երբ պարզասիրութեան հրաւիրուին։ Կանայք կը կարծեն, թէ միմիայն զարդարուելու համար ստեղծուած են, մինչդեռ, ըստ Սուրբ Գրոց, մարդու ընկեր, օգնական եւ աջակից լինելու համար ելած են Ադամայ կողէն։ Եւ արդարեւ ինչ որ մարդ է, չկրնար առանց կնկան ապրիլ. ի բաց առեալ կուսակրօններն բայց ամէն մարդ կրնայ ապրիլ առանց շրջազգեստի, կօշիկի, գլխարկի, ձեռնոցի, գուլպայի եւ այլն ծախուց աջակցութեան։ Եւ ո՞վ կը համարձակի հաւատալ, որ Աստուած Ադամայ կողէն պճնասիրութիւն քաշած ըլլայ։ Այլ սակայն կանայք իրենց զարդասիրութեամբն կարծեն զմեզ հաւատալու թէ Ադամայ կողին բացուելովն սոսկալի ծախոց դուռ մը բացուեցաւ էրիկ մարդոց առջեւ, դուռ մ՚որուն փակումը բազում ժամանակի կարօտ կը թուի։ Ա՛հ, տիկին, եթէ գրաբար Աստուածաշունչս քովս ունենայի, Սողոմոն Իմաստունէն քանի մը հատուածներ մէջ կը բերէի, հասկցնելու համար քեզ, թէ ինչ է կնոջ պաշտօնն եւ ինչպէս պէտք է լինել կին մը։ Չեմ ուզեր շատախօսութիւն ընել եւ կը դառնամ պզտիկ դէպք մ՚ալ պատմելով, կնքել նամակս, որ քիչ մ՚երկար եղաւ։

Տասնեւութն տարեկան աղջիկ մը մոլութիւն ունէր բնաւ չմսելու եւ իւր մէջքն շատ բարակ ցոյց տալու, այնպէս որ ձմռան ամէնէն ցուրտ օրերն առանց թիկնոցի կը պտտէր։ Այս աղջիկն գիշեր մը պարահանդէս կ'երթայ, կը պարէ, կը քրտնի եւ տուն կը դառնայ դողալով։ Հետեւեալ օրն անկողինէն չելներ. բժիշկը կու գայ եւ ծնողացը կ՚իմացնէ, թէ հիւանդը դարմանի կարօտ է։ Հիւանդն անկողնոյ մէջ իսկ կը մերժէ կռնակն բուրդէ թիկնոց մ՚առնել։ Հիւանդութիւնն օրըստօրէ կը յառաջանայ, հազ, թուք, գլխու ցաւ, կռնակի ցաւ, կուրծքի ցաւ, ջերմութիւն, փոխ առ փոխ կը զբաղեցնեն զինքն, որ չուզեր քորսէն հանել նոյնիսկ մահուան անկողնոյն մէջ։ Բժիշկը խստիւ կը պատուիրէ ծնողացն, որ հիւանդն տաք պահեն, զգուշացնեն ցուրտէն եւ շնչառութիւն արգիլող զարդերէն պահպանեն։ Հիւանդն մեծ դժուարութեամբ կը հաւանի քորսէն հանել եւ ան ալ սա պայմանաւ, որ թաւշեայ լայն շրջազգեստ մը կարուի եւ սամոյրէ մուշտակ մը շինուի իրեն համար։ Հայրը չմերժեր աղջկան խնդիրքը եւ գաղտնի հանգանակութիւն մ՚ընելով կը յաջողի կատարել աղջկան կամքն։

Ախտն, որ յամառ է, կը շարունակէ իւր ճամբան, ցաւերն երթալով կ՚աճին եւ կը սաստկանան։ Հիւանդն կը պնդէ, թէ քորսէն հանելէն եւ մուշտակ հագնելէն ի վեր հիւանդութիւնն սաստկացած է եւ կ՚ըսէ, թէ բռնի պիտի մեռցնեն զինքն, եթէ թոյլ չտրուի իրեն դարձեալ քորսէ դնել եւ մուշտակ չհագնիլ։ Վերջապէս այս խեղճ աղջիկն ցաւերու տակ երկար օրեր տանջուելէն եւ չարչարուելէն ետքը կը վախճանի։ Մեռնելէն չորս օր առաջ կը պատուիրէ ծնողացն, որ քորսէով թաղեն զինքն, որ չմոռնան գունաւոր գուլպաներն հագցնել ոտքերուն, որ մազերն հիւսելով գլխուն վրայ ամփոփեն, որ երեսներուն վրայ քիչ մը բուտրա ցանեն, որ դագաղն չգոցեն յուղարկաւորութեան ժամանակ, որ լաւանտա քսեն դագաղին չորս կողմը, որ դագաղակիրներուն մէկն հովանոց մը բռնէ գլխուն վերեւը, որ շրթանցը վրայ քիչ մը կարմիր քսեն, որ թաղին մեծ փողոցներուն մէջ պտտցնեն դագաղն, որ ծաղկանց փունջեր նետուին պատուհաններէն դագաղին վրայ, որ գեղեցիկ տապանաքար մը դրուի գերեզմանին վրայ, որ վարդի տունկեր տնկուին գերեզմանին շուրջն, որ… բայց ո՞ր մէկն ըսեմ, տիկին, եթէ հանգուցելոյն մէն մի պատուէրն արձանագրել ուզեմ` նամակս տարուան մը մէջ չեմ կրնար աւարտել։

Ահա, տիկին, այս ցաւալի դէպքերուն ազդեցութեան ներքեւ խօսեցայ նոյն գիշերն պճնասիրութեան դէմ, կարծելով, թէ կը յաջողիմ, պարզասիրութիւն քարոզելով, ազատել կործանումէն շատ մ՚ընտանիքներ եւ մահուան ճիրաններէն բազում աղջիկներ եւ կիներ։

Պճնասիրութիւնն ընկերութիւններ կազմելով չբարձուիր, որովհետեւ ընկերութիւններ կազմելով հաստատուած չէ։ Մէկ կողմէն պճնասիրութեան բազմադիմի վնասներն աղջկանց միտքն մտցնելու է վարժարանաց մէջ, եւ միւս կողմէն քեզի պէս հարուստ տիկիններ եւ կուսակրօնք ոմանք պարզասիրութեան օրինակ հանդիսանալու են, որպէսզի կարենանք փրկել մեր ազգն այս սարսափելի եւ համաճարակ ախտէն։

Կը յուսամ, թէ կարդալով սոյն գրութիւնս կը բարեհաճիք ինչ֊ինչ փոփոխութիւններ ընել ձեր դէմքին վրայ, կարեւոր բարենորոգումներ ներմուծել ձեր բերանն. իրաւունք տալ իմ արդար դիտողութեանցս, եւ ընդունիլ իմ խորին յարգանացս հաւաստիքն, որով կը մնան ընդհանրապէս ամէն նամակագիրք։