Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԻՉ Մ' ԱԼ ԱՌԱՆՑ ԴԵՂԻ

Քանի մը տարիներէ յետէ ամէն կողմ մեծ ջանքեր կ'ըլլան մեր ազգին գործերը շտկելու համար, եւ հակառակ այս ջանից ազգին գործերն աւելի ծուռ կ'երթան։

Մենք կը կարծենք, թէ ազգին գործերն աւելի կանոնաւոր ընթացք մը պիտի ունենային, եթէ այսքան ջանքեր եւ անձնանուիրութիւններ չըլլային։

Թող տանք ուրեմն քիչ մը սա ազգին եախան, տեսնենք ինչպէս պիտի երթայ։

Հիւանդներ կան, որ կը բժշկուին, երբ դեղ առնելէ դադրին։

Թող տանք, կ'ըսեմ, որ խելքը գլուխը ժողվէ խեղճը, հերիք այսչափ դեղ տուինք։

Որո՞ւ պիտի հասկցնես, մեր մէջ անանկ ազգասէրներ կան, որ ուխտ եւ երդում ըրած են ազգին գործերուն ուղղութիւն մը տալու։

Օ՛ ազգասէրք, նախ ձեր գործոց ուղղութիւն տուէք եւ ապա ազգային գործոց։

Ասոր ի պատասխան կ'ըսեն.

—Մենք գործ չունինք, որ ուղղութիւն տանք…