Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐԵՒ ՈՒ ՄՆԱՔ ԲԱՐԵԱՒ

Վերջապէս ես ալ սորվեցայ գաղտնիքն, որով բանաստեղծք ոմանք, երբ նեղը մնան, կը յաջողին իրենց նկարագրութեանց մէջ մուծանել քաղցրութիւն, սաստկութիւն, վսեմութիւն եւ ինչ որ պէտք է ընթերցողին հիացում, գորով, սէր, յափշտակութիւն եւ այլն ազդելու համար։

Կու գամ այսօր ընթերցողացս ալ հաղորդել սոյն գաղտնիքն։

Արդ, այս գաղտնիքն կը կայանայ, ազնիւ ընթերցո՛ղ, երբեմն֊երբեմն մէյ֊մէկ քիչ բարեւ կամ մնայք բարեաւ ըսել լեռներուն, ձորերուն, աստղերուն եւ այլն։ Այս գաղտնեաց շնորհիւն է, որ վարպետ քերթողք կ'արթնցնեն իրենց ընթերցողներն, երբ ասոնք կը թմրին քնաբեր նկարագրութեան մը մէջ։

Ընդհանրապէս ամէնքս ալ կը սթափինք, երբ յանկարծ լսենք քերթող մ՚որ մեծ ձայնով կը գոչէ.

«Բարե՛ւ ձեզ, լեռներ, բարե՛ւ ձեզ, սարեր, բարե՛ւ ձեզ, ձորեր, բարե՛ւ ձեզ, հովիտներ, բարե՛ւ ձեզ, աղբիւրներ, բարե՛ւ ձեզ, վտակներ, բարե՛ւ ձեզ, լիճեր, բարե՛ւ ձեզ, ծովեր, բարե՛ւ քեզ, լուսին, բարե՛ւ քեզ, երկինք, բարե՛ւ ձեզ, աստղեր, բարե՛ւ ձեզ, գիսաւորներ» եւ այլն։

Բնական էր, այս տողերուն մեզ ազդած տպաւորութիւնն չպիտի կրէինք, երբ տեսնէինք քերթող մ՚որ լեռներուն դառնալով բարի լոյս կ՚ըսէ, կամ աստղերուն թեմեննահ մը կ՚ընէ, կամ գլխարկը կը հանէ լուսնին զայն բարեւելու համար։ Ա՛հ, քերթողներն շատ լաւ գիտեն իրենց ընթերցողաց քիթէն բռնելու արհեստը։

Անոնք հոգւոյ թելերն ցնցելու համար կրկնութենէ բնաւ չեն խորշիր, եւ մեզի պէս, օրինակի համար, երբ ընկերութեան մը մէջ մտնեն՝ ներկայից ամէնուն մէկէն բարեւ ըսելով չեն երթար աթոռի մը վրայ նստելու, այլ ներկայից իւրաքանչիւրն զատ֊զատ կը բարեւեն այսպէս.

«Բարե՛ւ, օրիորդ Ա…, բարե՛ւ, տիկին Բ…, բարե՛ւ, ամուրի Գ…, բարե՛ւ, որբեւայրի Դ…, բարե՛ւ, խարտիշագեղ օիորոդ, բարե՛ւ, բարձրահասակ տիկին, բարե՛ւ, փոքրոտն պարոն եւ այլն եւ այլն եւ այլն»։

Մինչդեռ մենք եթէ լեռներով բերդացեալ ու գետերով բաժանեալ դաշտի մը մէջ իսկ գտնուէինք, պարզապէս պիտի ըսէինք.

«Լեռներ, սարեր, ձորեր, հովիտներ, աղբիւրներ, վտակներ, լիճեր, բարե՛ւ ձեզ»։

Քերթողք մնայք բարեաւի հետ ալ այնպէս կը վարուին` որպէս բարեւի հետ։ Հրաժեշտի ողջոյն կու տան զատ֊զատ այն ամէն բաներու, որոնց բարեւներ տուած են։ Եւ որովհետեւ ճամբորդութեան մէջ քերթողի մ՚առջեւ ամէն օր նոր տեսարաններ կը բացուին, տարակոյս չկայ թէ ընթերցողին առջեւ ալ ամէն վայրկեան նոր բարեւներ ու նոր մնայք բարեաւներ երեւան կու գան։ Քերթողներն լեռներն եւ այլն բարեւելով չեն շատանար, այլ նոցա հետ կը խօսին ազգային խնդրոց վրայ։ Կը զարմանամ թէ բանաստեղծն լեռ մը բարեւելէն յետոյ, ինչո՞ւ չըսեր անոր.

«Ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք»։

Կամ լուսնին.

«Այսօր քիչ մը տկար կը տեսնեմ զքեզ»։

Կամ արեւուն մնաք բարեաւ ըսած ժամանակն ինչո՞ւ անոր ձեռքը չթօթուեր։

Եւ սակայն յուսալի է, որ քիչ ատենէն այս արարողութիւններն ալ կատարուին։

Այս բարեւներն ու մնայք բարեաւներն շատ ախորժելի թուեցան ինձ, եւ որոշեցի որ այսուհետեւ Խիկար ին ամէն յօդուածին մէջ սանկ քանի մը հատ գտնուին անոնցմէ։ Մեր որոշումն յարգենք ներկայ յօդուածիս մէջ ալ. բարե՛ւ, Բերայի հրկիզելոց խնդիր, բարե՛ւ, կաթողիկոսական ընտրութիւն, բարե՛ւ, Մնակեան խնդիր, բարե՛ւ, յառաջադիմական բեմական միութիւն։

Մնա՛յք բարեաւ, անիրաւութի՛ւն, մնա՛յք բարեաւ, քսութի՛ւն, մնա՛յք բարեաւ, պաշտօնական գողութի՛ւն, մնա՛յք բարեաւ, հարստահարութի՛ւն, մնա՛յք բարեաւ, տարեգին չվաճա ր ող բաժանորդագրութի՛ւն…