Խիկար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՐ ՕՏԱՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չեմ կրցած ըմբռնել, թէ օտարին թերութիւնն իբրեւ առաւելութիւն եւ տգեղութիւնն իբրեւ գեղեցկութիւն տեսնելու աչքի տկարութիւնն ի՛նչպէս մուտ գտած է մեր մէջ։ Ընդունիմ որ մարդս կ՚ընդօրինակէ ուրիշներէն` ինչ որ բարի է, գեղեցիկ է, ճշմարիտ է, եւ այս օտարասիրութիւն չսեպուիր. բայց կարծել, թէ ինչ որ օտար է՝ բարի է, գեղեցիկ ու ճշմարիտ, այս է ահա օտարամոլութիւնն, որ կարծես մեր արեան մէջ մեծ մաս մ՚ունի։

Բարիզի ազգային ժողովոյ մէջ երեսփոխաններ միմեանց նախատալից խօսքեր կ'ուղղեն, մէկմէկու խօսք կ'ընդմիջեն, ժողովը կը խանգարեն։ Այս նստին նկարագրութիւնը կը կարդանք լրագրաց մէջ եւ կը սկսինք իրարու վազել.

—Կարդացի՞ք գաղղիացւոց ազգային ժողովոյ վերջին նստին նկարագրութիւնը։ Ի՞նչ ազգ է աս, եղբայր։

—Տաքարիւն ազգ է։

—Ի՞նչ ծանր խօսք ուղղած է իւր ընկերին։

—Բայց ընկերն ալ ի՞նչ աղուոր պատասխանած է։

—Վերջապէս պերճախօս են մարդիկ։

—Մեծ ազգ է, մեծ։

Միեւնոյն դէպքը տեղի կ'ունենայ մեր ազգային ժողովոյ մէջ։

—Եղբայր, մեր ազգային ժողովոյ երէկուան խայտառակութիւնն ի՞նչ էր։

—Գոցէ՛, գոցէ՛, օտարներէն ամչցայ։

—Ան ի՞նչ խօսքեր են, կը վայլէ՞։

—Խօսիլ չիյտեն որ։

—Ատենաբան չունինք արդէն։

—Տիրացու ազգ մ՚ենք, ես ան գիտեմ։

Օտար վարժարանաց մէջ մեր տղայոց չտարուիր այնքան խնամք, որքան մեր ազգային վարժարանաց մէջ։ Օտար վարժարանի մը մէջ տղան կը գանակոծուի. կը հանդուրժենք, օտարն արդարացնելով.

—Թո՛ղ գանակոծուի, որ մարդ ըլլայ, ծեծի արժանի յանցանք մը գործած է անշուշտ. անոնք լաւ մանկավարժ ու դաստիարակ են, չեն ծեծեր` եթէ իրաւունք չունենան. օրհնեալ ըլլայ տղաս ծեծող ձեռքը։

Ազգային վարժարանի մը մէջ տղայ մը թեթեւ ապտակ մը կ'ընդունի.

—Տղաս ծեծե՜լ… ծեծն անբան անասուններու համար է, ի՞նչ է ըրեր տղաս, որ անանկ գազանաբար ծեծեր են… պարապ բան է, պարապ, մեր մէջ ո՛չ մանկավարժ կայ, ո՛չ դաստիարակ… վաղը կառավարիչը դպրոցէն հանել կու տամ եւ լրագրի մը մէջ ալ կը խայտառակեմ անպիտանը։

Օտար վարժարանէն մեր տղան կ՚ելլէ շրջանաւարտ եւ գլուխն պարապ.

—Վարժարանն ի՞նչ յանցանք ունի, տղաս ըմբռնելու յատկութիւն ու տրամադրութիւն չունէր։

Ազգային վարժարանէն կ՚ելլէ բաւական ուսեալ.

—Մեղք տուած ստակներուս, մեղք տղուս կորսնցուցած ժամերուն, բան մը չէ սորված, արդէն մեր վարժարանաց մէջ բան չեն սորվեցներ որ։

Միեւնոյն կօշիկը թէ՛ հայը կը ծախէ թէ՛ օտարը։

Օտարէն կը գնենք մեր կօշիկները, որ երկու ամիսէն կը պատռտին.

—Ի՞նչ ընէ մարդը, կօշիկին մէջ չէր ա՛, թո՛ղ որ այս երկու ամիս ես ալ շատ քալեցի։

Ազգայինէն կը գնենք եւ կը հագնինք երեք ամիս։

—Ես արդէն երդում ըրած էի հայէն առուտուր չընել ա՛, ինչ որ է, սխալեցայ. անպիտան մարդ, ինձի անանկ խաբել… մարդ ըլլալիք չունին մերինները, չունին մարդ ըլլալիք… յաճախորդ բռնելու ճամբան չիյտեն։

Միեւնոյն կօշիկը թէ՛ հայը կը ծախէ թէ՛ օտարը։

Օտարաց գինետունները լի են հայերով. մոլութեան մէջ մոլութիւն։ Հայոց գինետուններու մէջ օտար բնաւ չերեւիր. մոլութեան մէջ առաքինութիւն։

Օտարին օղին անուշ է.

—Ի՜նչ պատուական օղի կու տայ թշուառականը, այս արուեստն ալ ասոնց տրուած է, մերինները յաճախորդներու հետ չեն կրնար վարուիլ։

Ազգային օղին լեղի է.

—Աս ի՞նչ օղի է, աղբար, կը խմուի՞ աս… վերցուր սուիկա, Աստուածդ սիրես։

Օտարին գինետան մէջ մուկ կը դառնանք, հայու մը գինետան մէջ առի՞ւծ կը կտրինք։

Օտար բժիշկը սխալ դեղ մը կու տայ եւ հիւանդն անդիի աշխարհ կը ղրկէ։

—Ի՞նչ ըներ մարդը, Աստուծոյ համար գիշեր ցերեկ աշխատեցաւ, հոգի չպիտի տար ա՛, ես գոհ եմ իրմէ։

Հայ բժիշկը կու գայ, կը բժշկէ մեր հիւանդը։

—Աղբար, երկու աւուր մէջ ոտք ելնելիք հիւանդս շաբաթ մը պառկեցուց, Աստծմէ գտնայ, հայ բժիշկներն ասանկ են։

Օտար եւ տկար բանաստեղծութիւն մը կը կարդան.

—Ի՜նչ աղուոր կը գրեն, աղբար, ի՞նչ շնորհք, ի՞նչ փափկութիւն, ի՞նչ գեղեցկութիւն։

Ազգային նշանաւոր քերթուածք մը կը կարդան.

—Անհամ է, վերջապէս գրող չկայ մեր մէջ։

Ուրիշ ոտանաւոր մը կը կարդան գաղղիերէն։

—Ի՜նչ աղուոր է, տեսա՛ր, բանաստեղծութիւնն ասանկ կ'ըլլայ. մենք ասանկ գրող մ՚ունի՞նք։

—Աղեքսանդր Փանոսեանը գրած է ան։

—Փանոսեա՞նը… Աստուած խելք տայ քեզի։

—Փանոսեանը գրած է։

—Կարելի է… հաւանական է… Աստուած տայ… բայց ի՞նչ գիտնամ… անգամ մ՚ալ կարդամ սա տողը։

Կը կարդայ եւ յետոյ.

—Իրաւունք ունիս… յայտնի է, որ հայու գրած է. տես սա տողը, գաղղիացին այս կտորն ասանկ չգրեր, այս բառը վեր կ՚առնէ, այս յանգն ալ չգործածեր հոս. տես, բայց կը տեսնա՞ս կոր, անկում կայ հոս… անդին նայէ, սա տողը չբռներ կոր վերինը։ Ասդին եկուր, տե՛ս, որքան աւելորդ խօսքեր կան։

Ակներեւ կը տեսնուի այս օրինակներէն, թէ հայն կը կասկածի իւր մտային կարողութեանը, ճարպիկութեանը եւ բարոյականին վրայ. ամէն ինչ որ հսկայ է, բարձր է, գեղեցիկ է, հայու անձին վրայ գաճաճ, ստորին եւ տգեղ կը տեսնէ, եւ այսպէս կամօք ստորնանալով կը փափաքի, որ օտարները բարձրացնեն զինքն։ Եւ երբ այն օտարներն, որ իրմէ շատ ետ մնացած են եւ յառաջադէմ լինելու յաւակնութիւնն ունենան` այն ատեն կը վիրաւորուի, որպէս համեստ գրագէտ մ՚որ գրագիտութեան վրայ գաղափար իսկ չունեցող շաղակրատէ մը իբրեւ կօշկակար կը նկատուի։ Ժամանակն եկած է, եթէ անցած չէ, որ հայն սկսի վստահութիւն տածել իւր վրայ, որ փոխանակ օտարն քաջալերելու, վերջը անորմէ նախատուելու համար՝ իւր արիւնակիցն, իւր եղբայրը խրախուսէ, ուժ տայ իւր ազգային վարժարանաց, մասնաւոր կամ թաղային, որոնց մէջ ազգային կրթութիւն կը տրուի իւր զաւակաց, զօրացնէ ազգային գրագէտներն, որք առանց ոեւէ մեկենասի, ամէն զոհողութիւն ընելով, ամէն նախատանաց կուրծք տալով, անօթի, ծարաւ, հայ աշխարհիկ գրականութեան ծնունդ տուին եւ այսօր իսկ կը ծաղկեցնեն զայն առանց այսինչ ամիրայէն քսակներով ոսկի ստանալու տպագրութեան ծախուց համար։ Ուրիշները չափազանց յարգելու տկարութիւնը, խոհեմ քաղաքավարութիւնն` տկարութիւն կը թարգմանեն օտարները։ Աշխատինք, որ օտարներն այլեւս մեր հարազատ թարգմանութիւնն ունենան։