Գրպանի տետրս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐՊԱՆԻ ՏԵՏՐՍ

Այս տարի եւս մեծ շուքով կատարուեցաւ Իզմիրեանց կտակի մրցանակաբաշխութեանց հանդէսը։

Եւ որովհետեւ յանձնաժողովոյն տեղեկագիրը կը յայտնէր, թէ Ենայի համալսարանի փիլիսոփայական կանտիտադ Պ. Իսահակ Յարութիւնեանցի Հայոց գիրը անուն երկը նոր ուսումնասիրութիւն մը չէր, ազգային եւ օտար ազգի բանասիրաց կարծեաց հաւաքածոյ մ՚էր եւ նոր լոյս մը չէր սփռեր հայկական տառերուն վրայ, որոշուեցաւ ըստ սովորութեան նուիրել մրցանակն, 600 ռուպլի, Ենայի համալսարանի փիլիսոփայական կանտիտադ Պ. Իսահակ Յարութիւնեանցի, իւր Հայոց գիրը անուն երկասիրութեանն համար, որ ինչպէս վկայած էին նորին քննիչք, նոր ուսումնասիրութիւն մը չէր, ազգային եւ օտարազգի բանասիրաց կարծեաց հաւաքածոյ մ՚էր եւ նոր լոյս մը չէր սփռեր հայկական տառերուն վրայ։

***

Ազգային բանաստեղծները բարձր գովեստներով կը խօսին Սէթեանի Յուզման ժամեր անուն քերթուածքին վրայ, բայց կարելի եղածին չափ ցած ձայնով կը խօսին, որ այդ գովեստներն ամէն մարդ չլսէ։ Լուրջ թերթերու մէջ, բացի Երկրագունդէ բանադատական յօդուած մը չերեւցաւ դեռ այս գործին վրայ։ Այս տխուր երեւոյթը կը վերագրենք մարդկային այն տկարութեան, որով մարդս չուզեր գրիչով խոստովանիլ, ինչ որ բերնով կը խօսի։ Սէթեան կրնայ մխիթարուիլ սակայն, երբ համոզուի սա ճշմարտութեան, թէ մեր մէջ լաւագոյն գործերն անոնք են, որոց վրայ քիչ կը խօսուի կամ բնաւ չխօսուիր։

Յուզման ժամերն, որոց վրայ խօսուի կամ ոչ, կ'աղաղակեն թէ բեղմնաւոր բանաստեղծի մը ծնունդ են իրենք։ Իմաստից վսեմութիւն, բացատրութեանց գեղեցկութիւն, ոճոյ յստակութիւն եւ տաղաչափական օրինաց կատարեալ հնազանդութիւն գլխաւոր նկարագիրները կը կազմեն սոյն քերթուածոց։ Եւ այս առաւելութեանց քով հազիւ կը նշմարուին քիչ մը դանդաղութիւն եւ ներդաշնակութեանց պակասութիւն։

Ամէն քնար խորհելու եւ լալու եղանակ մ՚ունի. ազատ թողունք ուրեմն Յուզման ժամերու հեղինակն եւ մանաւանդ քաջալերենք զինքն, որպէսզի ընտիր գործերովն շարունակէ զարդարել մեր գրականութեան աղքատ մատենադարանը։

***

Հրատ մոլորակի մէջ ջրանցքներու բացումը գիտական աշխարհին գլխաւոր ուշադրութեան առարկայ եղած է այս օրերս։

Գրեթէ հաստատուած է, կ'ըսեն, թէ երկրաչափներն մեծ փութաջանութեամբ ջրանցքներ կը բանան Հրատ մոլորակի մէջ։

Ուրիշ կողմէ լուր կը տրուի, թէ աստղագէտ մ՚այդ ջրանցքներէն քանի մը շոգենաւներու անցնիլն իսկ տեսած է, բայց դրօշակները չէ կրցեր տեսնել, որպէսզի իմանար թէ այդ շոգենաւներն Անգլիական էին թէ Իտալական։ Միայն քանի մը նաւապետներու շարժումներէն ու ձեւերէն հասկցեր է, թէ նաւապետներն առանց ջրանցքի տուրք վճարելու անցնիլ կ'ուզեն եղեր։

Իտալացի աստղագէտ մ՚ալ երկաթուղիներ տեսած է այդ մոլորակին մէջ եւ շատ գովեստով կը խօսի կառքերուն մաքրութեանը եւ մանաւանդ քոնտիւքթեօրներու քաղաքավարութեանը վրայ։

Այս քոնտիւքթեօրները, կ՚ըսէ յիշեալ աստղագէտը, չեն հրեր, չեն մշտեր ճամբորդները, կառքերու մէջ տեղաւորելու համար զանոնք որպէս սովորութիւն է Սիրքեճի, այլ կը թողուն եղեր ճամբորդներն մտնել իրենց ուզած կառքերուն մէջ։ Այս կերպով ճամբորդներուն ոչ թեւն եւ ոչ ալ ոտքը կը կոտրի եղեր։ Ասկեց զատ տասնմէկ ժամուան ճամբորդութեան մը համար երկու մեճիտիէ պակաս կը վճարեն եղեր։

Թրամուէյներ ալ կան եղեր, որոնց ձիերը կէս ճամբան չեն իյնար ու մարիր եղեր, այլ մինչեւ որոշեալ վայրը կրնան եղեր քաշել կառքերը։

Կառքերուն մէջ ոչ մլուկ եւ ոչ լու կը գտնուի եղեր։

Հրատ մոլորակի մէջ հոյակապ թատրոններ, թանգարաններ, գեղարուեստական հաստատութիւններ եւս կը գտնուին եղեր։

Միայն չգիտցուիր տակաւին, թէ բնակիչ ալ կա՞յ արդեօք Հրատ մոլորակի մէջ։

***

—Անցած ըլլայ բարեկամ։

—Շնորհակալ եմ։

—Նոր իմացայ հիւանդ պառկելնիդ, անոր համար քիչ մը ուշացայ, ներեցէ՛ք։

—Հոգ չէ։

—Պա՞ղ առիք։

—Յանցանքն իմս է, գիտեմ ես։

—Դուք ինչո՞ւ յանցաւոր ըլլաք։

—Գիտես, ես քիչ մը կը սիրեմ բանաստեղծութիւնը։

—Այո՛։

—Բարով խէրով չսիրէի։ Գիտես ա՛, բանաստեղծները գեղջկական կեանքը միշտ կը գովեն, հովիւը, կ'ըսեն, ծառի մը տակ, առուակի մ՚առջեւ նստած սրինգը կը հնչեցնէ, ոչխարներն ալ դալարի վայրերու մէջ կը ճարակին, չկայ մի՞ եա ասանկ խօսքեր, ես ալ ելլամ ըսի քանի մ՚օր գիւղ մ՚երթամ եւ գեղջկական անմեղ կեանք մը վարեմ, մարդ ես, չե՞ս ըսեր մի, աղբար։

—Կ'ըսես ա՛։

—Ելանք Ալեմտաղի կողմերը գիւղ մը գնացինք։ Երկար չընեմ, հովիւ մը գտայ եւ աղաչեցի իրեն, որ մէկ երկու օր հետը գտնուիմ։ Ընդունեց մարդը։ Հովիւի հագուստ հագայ, հովիւը կը խնդայ ու կը խնդայ։ Առտուն կանուխ ելանք, ու սկսանք քալել մացառներու մէջ, ետքն ալ ճահիճներու մէջ, հոգիս բերանս եկաւ մինչեւ որ արօտավայրն եկանք, ո՞ւր է կ'ըսեն, որ զեփիւռը կը շոյէ եղեր, սրինգը կը հնչէ եղեր, առուակը կը խոխոջէ եղեր… Մրկեցայ, էրեցայ արեւուն ճառագայթներուն տակ. հովանոց չունէի հետս. առուակ ըսածը կանաչ եւ լեղի ջուր մ՚է, որ խմուելու բան չէ, մէյ մ՚ալ ոտքերուս տակը օձի մը գալարիլը չտեսնա՞մ մի… որչափ ձայն ունէի նէ` պոռացի եւ լեղապատառ փախայ։ Հովիւին մնաք բարով ըսելու ժամանակ չունեցայ։

—Վախցար ըսել է։

—Վախնալն ալ խօ՞սք է, բայց միայն վախով չլմնցաւ, գալէս ի վեր իչաղրըսի մը ունիմ, որ չանցնիր, քիչ մը հողի վրայ նստեցայ` անկից ըլլալու է. ա՛ռ քեզի գեղջկական կեանք ու վար նստէ՛։ Զեփիւռը սանկ կ՚ընէ եղեր տէ, սրինգն ալ նանկ կ՚ընէ եղեր տէ… հովիւն ալ երջանիկ է եղեր։ Գետնին տակն անցնին ամէնքն ալ։ Հապա անօթի մնալս… հաճարի ալիւրէ շինուած հաց մ՚որ բերան չդրուիր, քար, յարդ, հող, ամէն բան կայ մէջը, չկրցի ուտել որ։

—Հովուական կեանքին ալ ճաշակն առիր ուրեմն։

—Առինք ա՛։ Բայց կարդացած ժամանակդ, ո՛րքան կ՚ախորժիս, ո՜ւր էր թէ հովիւ ըլլայի, կ'ըսես։

—Այսուհետեւ ուրեմն հովիւներուն վրայ նախանձէ, բայց մի՛ ուզեր հովիւ ըլլալ։

—Ոչ իսկ կը նախանձիմ, բայց բանաստեղծութեան մէջ այսչափ ալ խոշոր սուտ ըլլալո՞ւ է, ամօթ չէ՞, աղբար։ Հապա վախէս լեղիս բրդեր ու մեռնէի նէ. ասանկ բանաստեղծութի՞ւն կ'ըլլայ։

—Բանաստեղծներն ալ յանցանք չունին, բուն երջանկութիւնը կը կայանայ թշուառութիւնը չզգալու մէջ եւ հովիւն այս տեսակէտով երջանիկ է։

—Այսուհետեւ բանաստեղծութիւն չեմ կարդար։

—Կարդա Յուզման ժամերն, որ նորէն սիրես բանաստեղծութիւնը։ Կը վաճառուի բոլոր գրավաճառաց քով, գին` 10 դահեկան։

***

Քոլեռայի դէմ ազդու դեղ մը գտնուած է։

Քոլեռայով պիտի պատուաստեն զմեզ. աւելի պարզ խօսելով, ամէնքս ալ մէյ֊մէկ քոլեռայ պիտի ըլլանք եւ քոլեռայէն չպիտի վախնանք. միայն թէ չպատուաստուած մարդոց չպիտի կրնանք մերձենալ, որպէսզի անոնց չփոխանցուինք։ Եթէ Բասդէորեան այս դրութիւնն այսքան գոհացուցիչ արդիւնքներ յառաջ կը բերէ՝ ինչո՞ւ կ'ուշանան զմեզ պատուաստելու տիփուսով, կարկինոսով, սիքոզիսով, պարազիատապով, էմպեթկոյով եւ այլն եւ այլն. որպէսզի քիչ մը շունչ առնենք։ Նոյնպէս ինչո՞ւ կ'ուշանան զմեզ պատուաստել քիչ մ՚անամօթութեամբ, կտոր մ՚անհոգութեամբ, պատառ մ՚անքաղաքավարութեամբ, որպէսզի չչարչարուինք այս ախտերէն։

Ի վերջոյ, ինչո՞ւ չեն պատուաստեր զմեզ մահուամբ։

***

Ուրախութեամբ կ'իմանանք, թէ տիկին Մատակեան միտք ունի հաստատել Գատը գիւղ մանկանց պարտէզ մը, ուր պիտի ընդունուին չորսէն մինչեւ եօթը տարեկան տղայք։

Կը յուսանք, թէ մեր ազգայինները պիտի փութան քաջալերել նաեւ սոյն ձեռնարկութիւնը։

***

Սրճարանի մը մէջ.

—Քանի մ՚օրէ ի վեր է, որ գլխարկաւոր մուրացկաններ երեւան ելան, ո՞ւսկից կու գան կոր ասոնք։

—Վիեննայէն կու գան կոր շոգեկառքով։

—Պոլսոյ մէջ արուեստ մը մնացած էր ան ալ ձեռւընուս պիտի առնեն աս եւրոպացիները։

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ, ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔ,
ՈՏԱՆԱՒՈՐ ԿԱՐԾԻՔ, ԱՐՁԱԿ ԿԱՐԾԻՔ,
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ԿԱՐԾԻՔ, ԳՐԱՒՈՐ ԿԱՐԾԻՔ

Բացատրելու համար թէ ի՛նչ է պատճառ, որ շատ անգամ ամենապարզ խնդրոյ մը մէջ իսկ իրարու միտք չենք հասկնար, բաւական է ամենապարզ խնդիր մը ստեղծել եւ անոր վրայ կարծիքներ հաւաքել։

Ենթադրենք ուրեմն, որ մարդուն մէկն ի ներկայութեան երեք անձանց ապտակ հանած ըլլայ քեզի եւ դուն ալ դատդ այդ երեք անձանց յանձնես։ Այդ երեք անձերն ի նիստ կը գումարին, կը վիճաբանին, կը խօսին, կը խորհին եւ կ'որոշեն, որ այդ մարդը քեզի ապտակած չըլլայ։

Քանի մ՚օր յետոյ այդ երեք անձերէն մին կը տեսնես փողոցի մը մէջ եւ կը հարցնես.

—Ձեր որոշումն արդա՞ր է։

—Ինձի նայէ՛, քեզի ըսեմ, իմ անհատական կարծիքս այն է, թէ այդ մարդը քեզի ապտակեց, բայց պաշտօնական կարծիքս ասոր բոլորովին հակառակն է։

—Չեմ հասկնար։

—Այլ է անհատապէս խորհիլ, այլ է պաշտօնապէս խորհիլ։ Օրինակի համար, ժողովոյ մը մէջ ելնել ըսել, թէ այդ մարդն ապտակեց զքեզ, քիչ մը պաղ կը փախչի կոր, ի՞նչպէս ըսեմ, խորհրդարանական կենաց չյարմարիր կոր, վերջապէս անհամ բան մը կ'ըլլայ կոր եւ վերջը ամէն մարդ կ՚ըսէ կոր «որքան գէշ խօսեցաւ»։

—Կը հասկնամ, ճշմարտութիւն խօսողն գէշ խօսած կ'ըլլայ կոր։

—Մինչդեռ եթէ չապտակեց, ըսեմ, ատենաբանութիւնն ազդու կ'ըլլայ կոր եւ ամէն կողմէ կը ծափահարուի կոր։ Այսուամենայնիւ, խօսքը մէջերնիս մնայ, այդ մարդը քեզի ապտակեց կրնամ խոստովանիլ զայս, ձեռքս խղճիս վրայ դնելով։

—Ժողովոյ մէջ ալ խիղճդ ձեռքիդ վրայ դնելով հակառակը կը խոստովանիս։

—Խորհրդարանական կարծիքն ուրիշ բան է։

—Շնորհակալ եմ։

Այդ երեք անձերուն կը տեսնես նաեւ միւս երկուքն ալ, որ առաջնոյն պէս կը խօսին։

Այս երեք անձերն այս ընթացքով կը կարծեն վաստկիլ ժողովրդականութիւն ու բարձր պաշտօն։

Դիցուք, թէ այդ երեք անձերն խմբագրական դասուն կը վերաբերին։ Իրաւունքը քեզի կու տան բերանացի, այդ մարդուն ըրածը անկրթութիւն է, կ'ըսեն, մինչեւ իսկ կը յորդորեն քեզի, որ դատ բանաս այդ մարդուն դէմ, եւ հետեւեալ օրն իրենց լրագրաց մէջ կը հրատարակեն.

«Սուտ է այն զրոյցն, թէ այսինչ մարդն այնինչ մարդն ապտակեր է»։

«Ստոյգ աղբիւրներէ մեզ տրուած տեղեկութեանց նայելով` այնինչ մարդուն ըրածն պարզապէս զրպարտութիւն մ՚է»։

«Հաւատարիմ աղբիւրներէ քաղուած լուրերուն նայելով, ոչ թէ այսինչ մարդն այնինչ մարդուն զարկեր է, այլ այնինչ մարդն այսինչ մարդուն զարկեր է։ Ճշմարտութիւնն այս է»։

Սրճարանի մը մէջ առանձին տեսակցութիւններ կ'ունենաս անոնց իւրաքանչիւրին հետ։

—Ի՞նչ գրած էք, աղբար, աս կը վայլէ՞։

—Ի՞նչ ըսեմ, աղբար, ես ալ չիյտեմ։

—Ճանըմ, այս մարդն չզարկաւ ինձի։

—Զարկաւ։

—Ի՞նչպէս կ'ըլլայ ուրեմն, որ հաւատարիմ աղբիւրներն, այդ չորնալիք աղբիւրներն…

—Ճանըմ, դուն այդ հաւատարիմ աղբիւրներուն մի՛ նայիր, ամէն տպարանի մէջ յիսուն հատ շարուած, պատրաստ հաւատարիմ աղբիւրներ կան, գրաշարներն կը գործածեն լուրերուն առջեւը դնելու համար։

—Ինչի՞ նայիմ։

—Աւետարանէն թուղթ չբրդա՞ւ ա՛, մեր ազգին մէջ քանի՞ հոգի լրագիր կը կարդայ, ո՞վ իմացաւ։ Լրագրին անանկ գրել կը վայլէ։

—Սո՞ւտ գրել։

—Լրագիրն կրնա՞յ մի ըսել, որ այս անուն մարդն այն անուն մարդուն զարկաւ. բնականաբար աղէկ չփախչիր. բաժանորդները հաճութեամբ չեն կարդար անանկ լուրերը։ Այսուամենայնիւ ամէն մարդ գիտէ այսօր, թէ այդ մարդը զարկաւ քեզի։

—Շնորհակալ եմ։

Այս եղանակաւ որպէս թէ գործը անուշ տեղը կապուած կ'ըլլայ կոր։

Համարէ՛ թէ այդ երեք անձերը բանաստեղծական խումբին կը պատկանին։

Լրագրաց մէջ կը կարդաս անոնց յօդուածներն, որ ի նպաստ քեզի գրուած են, ապտակահանը կը դատապարտեն եւ զքեզ կ'արդարացնեն։

Գոհ կ'ըլլաս տեսնելով, թէ ազգին մէջ կը գտնուին գոնէ երկու երեք գրիչներ, որ ճշմարտութիւնը կը պաշտպանեն։ Շնորհակալութեան նամակներ կ'ուղղես իրենց։ Սիրտդ հանդարտ է։

Բայց շաբաթ մը յետոյ այդ երեք բանաստեղծներու միոյն մէկ ոտանաւորը կը կարդաս։ Բանաստեղծն կը դատապարտէ ոտանաւորով ինչ որ պաշտպանած էր արձակով։

Կը հանդիպիս իրեն ու կը հարցնես.

—Ի՞նչ եղաւ, որ կարծիքդ փոխեցիր։

—Քաւ լիցի, ես կարծիքս չեմ փոխեր, եւ մէկու մը չեմ ներեր, որ այդ նախատինքն ընէ ինձ։

—Ոտանաւորիդ մէջ դատապարտեր ես զիս։

—Ոտանաւորն ուրիշ ճիւղ է, արձակն ուրիշ, բանաստեղծ ըլլալու էք, որ գիտնաք։

—Բայց զարկաւ ինձի այդ մարդը։

—Ո՞վ կը պնդէ հակառակը, բայց ոտանաւորի մէջ չզարնելն աւելի դիւրութիւն ընծայեց վանկերուն եւ յանգերուն. փափկութիւն մը, քաղցր ներդաշնակութիւն մը տուաւ քերթուածին. մինչդեռ եթէ զարկաւի վրայ ոտանաւոր մը գրէի, շատ պաղ պիտի երթար։

—Անամ, պապամ, թող ոտանաւոր մը պակաս ըլլար։ Ասկից զատ, գէշ մարդ ըսելու տեղ, աղէկ մարդ ըսած ես, գովեր ես ալ այդ անպիտանը։

—Գէշն մէկ վանկ է, աղէկն երկու, եւ ինձի երկու վանկով բառ պէտք էր։ Ա՛հ, պուէտ ըլլալու էք, որ այս նրբութիւնները հասկնաք։

—Չեմ հասկնար։

—Էֆենտիմ, ղեկ բառին հետ յանգ չկազմեր էշը, աղէկ բառը անհրաժեշտ էր հոն։

—Թող նոյնայանգ չըլլար այդ ոտանաւորն ու ճշմարտութիւն ըլլար։

—Ոտանաւորի մը մէջ ճշմարտութիւնէն աւելի վանկ ու յանգ կը փնտռուին։

—Ճշմարտութիւնն ո՞ւր փնտռելու է ուրեմն…

—Այդ տարբեր խնդիր է։

—Հասկցայ, մնաք բարով։

Եթէ չէք հաւատար, փորձեցէ՛ք։ Հարցուցէ՛ք երեսփոխանի մը, թէ ի՛նչ է իւր կարծիքն այս ինչ խնդրոյ վրայ։

Ժողովը չմտած կարծիք մը պիտի յայտնէ եւ ժողովոյ մէջ այդ կարծեաց հակառակ կարծիք պիտի յայտնէ։

Լուսաւորեալ դարուս մէջ խնդրոյ մը վրայ մէկ կարծիքն բաւական չէ՛, աղքատութիւն է. իսկ շատ կարծիքներ հարստութիւն կ'ենթադրեն։

Օր պիտի գայ, ուր ընդհ. ժողովոյ ատենապետն խնդրոյ մը վրայ երեսփոխանաց կարծիքներն ժողվելու համար պիտի ըսէ.

Խնդիրը քուէի կը դնեմ, ուստի հաճեցէք յայտնել.

Ա. Ձեր անհատական կարծիքն,

Բ. Ձեր պաշտօնական կարծիքն,

Գ. Ձեր բերանացի կարծիքն,

Դ. Ձեր գրաւոր կարծիքն,

Ե. Ձեր արձակ կարծիքն,

Զ. Ձեր ոտանաւոր կարծիքն։

Եւ ձայնից մեծամասնութեամբ պիտի տրուի որոշումն։

Արդեօք մեր նախնիք ալ ասա՞նկ էին։

Արդեօք մեր թոռներն ալ ասա՞նկ պիտի ըլլան։

ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՐԱՄ ԱԼ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

Հարաւային հողմերը մարդուս քթին ձեւը կը փոխե՞ն, պարզ քթի մը արծուի քթի ձեւ կու տա՞ն, մէկ խօսքով, հարաւային կողմերը բանաստեղծ կ'ընե՞ն մարդս։

Աւադիկ հարցում մ՚որուն, գիտենք, ժխտական պատասխան պիտի տան բանաստեղծք. ճշմարտութիւնն այս է սակայն, թէ բանաստեղծութեան պէս բան մը կը նշմարեմ իմ վրայ վերջին երկու ամիսներուս մէջ, ուր հարաւային հողմ կը փչէ շարունակ, ո՛ր կողմ ալ դառնաս… կարծես հիւսիսն ալ հարաւէն կը փչէ։

Արդեօք բանաստեղծութեան հուրն սրտիս մէջ մոխիրի տակ ծածկուած էր ու Նոտոս ուժգին փչելով արծարծե՞ց զայն։

Տեսարաններ, որք բնաւ հրապոյր չունէին երբեմն ինձի համար` կը հրապուրեն զիս այսօր, կը գրաւեն միտքս եւ կը յափշտակեն, եթէ չեմ սխալիր, հոգիս։ Ի՞նչ փոփոխութիւն է այս։ Քառասուն եւ չորս շնիկ աստղ տեսած կարասը դէպի Պառնա՜ս գլտորի։

Կը սիրէի ծովն, բայց երբեք անոր եզերաց վրայ ժամերով կայնած չէի, որպէս ամսոյս 12֊ին։

Արձանացեալ ծովը կը դիտէի եւ կը բանաստեղծէի։

Կորուսած էր իւր գեղն, փայլն ու ժպիտն։ (Այսինքն ոչ լուսին կար, ոչ աստղ)։ Կը տապլտկէր անկողնոյն մէջ, որուն վերեւը սեւ քօղ մը ձգուած էր։ (Սեպէ թէ ծովը քարեօլայի վրայ պառկեցուցած եմ եւ քարեօլայի վրան ալ սեւ խումաշ մը ձգած եմ հասկցնելու համար, թէ գիշեր էր. տապլտկիլն ալ ալեկոծութեան տեղ դրած եմ)։ Իւր կուրծքը կ'ելնէր, կ'իջնէր նման հիւծեալ հիւանդի մ՚որուն շունչն մօտ է սպառելու։ ( Ելանեն լեառնանան եւ իջանեն դաշտանանի մէկ տեսակն է)։ Խորին հառաչանքներ, ողբոց աղաղակներ կ'արձակէր իւր սրտէն եւ մահիճէն դուրս նետուելու կ'աշխատէր ասդին անդին զարնուելով. (Որպէս թէ հիւանդի մը պէս կ'ողբար յուսահատ եւ կ'ուզէր քարեօլայէն վար իջնալ)։ Դառն արտօսր կը հեղուր եւ այդ արտասուքն իսկ էր, որ տող֊տող շարուած կու գար անկողնոյն եզերքն ողողելու։ (Ալիքն արցունքի եւ անոր շարքը տողի նմանցուցած եմ)։

Կը համրէի այդ տողերն եւ կը հարցնէի ես ինձի. ո՞չ ապաքէն թշուառաց եւ ողբոց արտասուաց հեղեղները ծով կը թափին։ (Երբ տեսայ, որ արցունքը շատկեկ եկաւ եւ անբնական եղաւ, որբերն եւ թշուառները մէջ խառնեցի)։ Այդ արտասուքէն չորս հարիւր տող համրեցի, կարդացի, տխրեցայ ու մեկնեցայ։ (Ըսել ուզած եմ թէ ժամերով սպասեցի հոն, թէ ծովը բանաստեղծն էր եւ թէ անոր տխուր տողերը կարդացած էի)։

Բարեբախտաբար ոեւէ տպաւորութիւն շատ չապրիր իմ վրայ, շուտ մը կը մեռնի։ Հազիւ հեռացայ ծովէն, ա՜խ, ըրի, եթէ քիչ մը կարմիր ներկ գտնուէր քովս` անմիջապէս կարմիր կը ներկէի ծովն եւ երկուքի բաժնելով զայն Քուզկունճուք կ'անցնէի եւ հոն կանգնելով կը պոռայի. Anch io son… Mose, բայց ո՞ւր գտնել այդ «երանգն առաքինութեան»։

Ինչի՞ վերընծայել եթէ ոչ հարաւային հողմերուն ծովէն ընդունած տխուր տպաւորութիւնս։ Ուրիշ անգամներ ալ կը տեսնէի ծովն յուզեալ եւ կը հարցնէի անոր.

—Ինչո՞ւ կը կոծիս, օ՛ ծով, բժիշկները սխալ դե՞ղ մը տուին, կամ փոխանակագիրնե՞րդ չընդունուեցան, կամ գաւառներէն ազգային տուրք չե՞ս կրնար հաւաքել, կամ պարահանդէսի համար տասը տոմսա՞կ տուին քեզի, կամ տղադ դրա՞մ չունի եւ կարգուի՞լ կ'ուզէ, կամ տան ծախուցդ չե՞ս կրնար յաղթել, կամ աժան լասթիք մ՚առիր եւ երկու օրուան մէջ պատռեցա՞ւ, կամ աւրուած մեճիտիէ՞ մը քշեցին քեզի, ի՞նչ ունիս։

Բայց այս անգամ, որպէս տեսաք, այսպէս չեղաւ։ Ըսի թէ ծովը կու լար, կ'ողբար։ Ծովը կու լա՞յ, կ՚ողբա՞յ… խենթութիւն չէ՞ աս։ Կատարեալ խենթութիւն է եւ ճիշտ անոր համար է, որ բանաստեղծութիւն է, միայն թէ յանգաւոր խենթութիւն չէ։ Հարաւի բանաստեղծէ մ՚ալ յանգ ուզելն ինձ խստապահանջութիւն կը թուի քիչ մը։ Յանգերու համար դիմեցէք երիտասարդ բանաստեղծ Փանոսեանին, որ այդ մասին ամէնէն հարուստն է եւ որ ամենայն իրաւամբ կրնանք ըսել, թէ յանգի հանք կը բանեցնէ այնքան յաջողակութեամբ, մանաւանդ իւր ֆրանսերէն քերթուածներու մէջ։ Առաջին կարգի հանք հանքածուխի մ՚որ կաթիլ մը կայծով կ'արծարծի եւ կրակ կը կտրի։

Կաթիլ մը կա՜յծ։ Այո՛, կաթիլ մը կայծ։ Եթէ պնդես կայծ մը կաթիլ ալ կրնամ ըսել։ Եթէ քիչ մ՚ալ պնդես` կաթիլ մը կրակ ալ ըսելու չեմ վախնար. բանաստեղծներն մենաշնորհումներ ունին, որոց շնորհիւ ազատ են կարծր մարմինները հեղուկի վերածել եւ հեղուկ մարմինները կարծրացնել։ Չկարդացի՞ր Արեւելքի մէջ Ուխտաւորի նամակն, որ կ'ըսէր թէ «Կաթիլ մը խղճմտանք եթէ ունենանք` կարող ենք Էջմիածնայ խարխուլ շէնքն ի հիմանց նորոգել»։ Բանաստեղծ մ՚ազատ է, երբ ներդաշնակութեան վրայ է խնդիրը մանաւանդ, խղճմտանքը սրուակի մէջ լեցնել եւ տրամաբանութիւնը գաւաթով խմել։ Նոյնպէս խղճահար մարդու մը համար կրնայ ըսել. «Ահա մարդ մ՚որ սափոր մը լեցուն խղճմտանք ունի». ինչպէս նաեւ անխիղճ մարդու մը համար. «Ասոր խղճմտանքին մէջ ջուր խառնուած է»։ Ներդաշնակութիւն կ'ուզէ նաեւ Սանդուխտի հեղինակն, որ յանձնարարելով մեզ Լոյս եւ ստուերքի ընթերցումն` դժգոհութիւն կը յայտնէ միանգամայն այն քերթուածքներէն, որ արուեստակեալ են եւ այն քերթողներէն, որ օտարի փետուրներով կը զարդարուին։ Շատ իրաւունք ունի Աճեմեանի դասընկերն եւ կը սպասենք, որ ուրիշ յօդուածով մը մատնանիշ ընէ օտարի փետուրներով զարդարուող պուէտներն. ձաղկէ եւ հալածական վանէ հրապարակէն այդ պառնասեան աւազակները։ Ոչ ոք վիրաւորելու քաղաքավարութեամբ գողերը յականէ յանուանէ չնշանակելը մայրաքաղաքիս բոլոր ազգային բանաստեղծներն արատաւորել է։ Բարեբախտաբար բնաւ ունեցած չեմ այս քաղաքավարութիւնը։ «Բայց, կ'ըսեն մեզ, Ալիշանի աշակերտն չէ կարող մատնանիշ ընել այն գողերը, վասնզի ժամանակաւ ինքն ալ բաւական սիրամարգներ փետտած է. իւր ձեռագիր ողբերգութեանց մէջ փոխառութիւնները թէեւ նոտր տառերով գրուած են, բայց որովհետեւ նոտր արտասանութիւն չկայ` հանդիսականք բնականաբար հեղինակին կ'ընծայեն ինչ որ կ՚ելնէ դերասանին շրթունքէն։ Նոյնպէս շատ հատուածներ չակերտի մէջ պահուած են եւ դժբախտաբար շատ դժուար է չակերտ տեսնել դերասանի բերնին մէջ»։ Անտեղի առարկութիւն. ի՞նչ կ'ուզէիք որ ընէր, երբ խեղճին վրայ յարձակած էին եւ ողբերգութիւն կ'ուզէին։— Թող փախչէր. Կ'ուզէի՞ք որ ստիպէր դերասանն, որ ամէն անգամ խօսելու սկսած ժամանակն կրկնէր սա խօսքերը. որպէս կ՚ըսէ Գոռնեյլ, որպէս կ՚ըսէ Շեքսբիր, ինչպէս ըսած է Ալֆիերի, ինչպէս կը գրէ Ռասին. Սանդուխտ ի Գոռնեյլ է ըսեր. Այդ անիրաւութիւն է. Գէթ իւր դասընկերին ըսել տուածն ինքն ալ ըսէր. Mon verre n’est pas grand, mais je bois dans mon verre ։—Ո՛չ, այդ պահանջումը նախանձու արդիւնք կը թուի ինձ, որովհետեւ Թերզեան էֆենտի մտային բաւական գանձ ունի համարձակութեամբ ըսելու համար je prends mon bien je le trouve ։ Ինչ որ ըլլայ` Թերզեան էֆենտին` որու տաղերն իրաւամբ հռչակ հանած են իրենց յստակութեամբ, ներդաշնակութեամբ, փափկութեամբ եւ շնորհքով, յարմարագոյն անձն է մեր մէջ, որ կարող է Արեւելքի մէջ քննադատական մը ստեղծել եւ անաչառութեամբ քննադատել այն քերթուածներն, որ վերջերս հրապարակը կ'ողողեն, եւ ցոյց տալ ազգին ազգայինն, օտարն, հարազատն եւ խորթն։ Այո՛, Թերզեան էֆենտին կարող է այս պաշտօնն կատարել, որովհետեւ որքան տաղանդ, այնքան պարկեշտութիւն ունի, եւ վստահութեամբ կրնանք ըսել` թէ իւր ողբերգութեանց համար իրեն տրուած ջերմ ծափահարութիւնները խոնարհութեամբ ընդունած է ի դիմաց Գոռնեյլի, Շեքսբիրի եւ այլն, որոց տունը կը ներկայացնէր մայրաքաղաքիս մէջ։

Միայն թէ ուղղադատութիւնն աւելի քանակութեամբ գործածելու է, քան զոր գործածած է` Լոյս եւ ստուերքի առթիւ ընդհանուր դժգոհութիւն յայտնելով վոսփորական արտադրութիւններէն, որք, խոստովանինք արդար ըլլալու համար, ոչ թէ միայն յիշեալ ադրիական տողերուն կը հաւասարին, այլ շատ անգամ կը գերազանցեն իսկ զանոնք։ Ընդունինք, թէ Լոյս եւ ստուերքի հեղինակն հարաւի բանաստեղծ չէ, բայց միաբանինք նաեւ խոստովանելու, թէ հիւսիսի ալ չէ։ Իւր գործը, կարելի չէ ուրանալ, ունի կոկիկ եւ սիրուն էջեր, այսուամենայնիւ մեծ տպաւորութիւն չըներ, մանաւանդ անոնց վրայ, որ բանաստեղծէն նոր ստեղծագործութիւն կը սպասեն եւ ոչ թէ հատուածներ, զորս կարծես երբեմն կարդացած ես առանց սակայն կարդացած ըլլալու։ Կ'երեւի թէ ականջները շատ վարժուեցան կարգ մը տողերու, որք բանաստեղծութեան ֆորմիւլ դարձած են եւ զորս հարիւր յիսուն անգամէն աւելի լսած ու կարդացած ենք։ Հոգւոյ միշտ միեւնոյն յուզումներ, որ կ'արտայայտուին տարբեր յանգերով, լճակի մ՚ալեակներ, զորս միջակ հողմը կը ստեղծէ յաճախ եւ որք կը շարժին այն ուղղութեամբ, զոր հողմը կու տայ իրենց։ Աճեմեան հազիւ ուրեք բարձրանալ կը փորձէ անդ` ուր յաճախ կը սլանայ Սէթեան, երբ աննշմարելի ըլլալու փափաքէն առաջնորդուած չէ, անդ, ուր թեւատարած կը թռի Փանոսեան, երբ յանգապաշտ չէ, անդ, ուր կը ճախրէ Տեմիրճիպաշեան, երբ սիրտն հետն առնէ եւ յանգն ու վանկ մէկդի թողու։ Լոյս եւ ստուերքի հեղինակն ունի նաեւ էջեր, զորս կրնար չգրել, եթէ ուզէր, կամ արձակ գրել, եթէ կամենար, եւ կամ աւելի աղէկ գրել, եթէ որոշած էր անպատճառ ոտանաւոր գրել։ Ըստ իս հարկ չկայ գրելու անանկ ոտանաւորներ, որոց միայն արժանիքն է իրենց ոտանաւոր ըլլալը։ Առնենք, օրինակի համար, իւր Դրամ քերթուածը, դրամ, որ չերթար հետ յիսուն ձմռան.

Աւասիկ.

ԴՐԱՄ

Հարկ չէ միշտ լինել խոհուն գիտնական,
Յ աճախ նա որ է տգէտ աննշան`
Ա կադեմիայի ընտրովի անդամ
Ե թէ ունի դրամ։

Զարմանալի են օրէնք աշխարհի.
Կ արծես թէ ճարտար խօսի եւ խորհի
Ն ա` որ իրօք է ապուշ եւ անհամ
Ե թէ ունի դրամ։

Ընկերութեանց մէջ բազմի վերին բարձ։
Ե րկնից մէջ նաեւ յուսայ առնուլ վարձ`
Ե րբեմն նա իսկ, որ է անզգամ
Ե թէ ունի դրամ։

Ինչ փոյթ եթէ կաղ ըլլայ կամ քոսոտ.
Թ է համբոյրք նորա բուրեն զազիր հոտ,
Տ օն ե ն զնա միշտ հէք կանանց երամ
Ե թէ ունի դրամ։

Նա որ ոտնակոխ առնէ զիւր պատիւ
Ե ւ ծաղրէ ամէն զգացմունք ազնիւ.
Ն ա եւս ստանայ փառք ու բարեկամ
Ե թէ ունի դրամ։

Իրաւունք գիտնոց միշտ լեցուն գրպան,
Ե ւ առանց խղճի կու տայ տէր պապան,
Չ որս կին մէկ մարդուն, ես կը հաւատամ
Թ է սա ունի դրամ։

Ես չեմ ընդունիր այս Դրամն իբրեւ բանաստեղծութիւն, ոչ ալ իւր նմանները, բայց հեղինակը շնորհաւորելով կ՚ընդունիմ Ուր երթան, Հոգիքը, Հալքի եւ Բրինկիբոն, Տագնապը, Մահը, ջնջելով այս վերջինէն հետեւեալ տողերը։

Երբ զքեզ հնչեն ծեր, մանուկ եւ կին
Ս ոսկալով ծածկեն ձեռօք զերեսնին։

Կինը բնաւ գործ չունի տողին վերջը, եւ անոր յանգ մը գտնելու համար երեսը միանգամայն թէ գրաբար եւ թէ ռամկաբար հոլովելու առանձնաշնորհութիւնը զեղծում կը թուի ճաշակիս։

Եթէ հեղինակը ներէ կը վերցնեմ նաեւ Մահին հետեւեալ տողերուն վերջինը.

Ե՛կ այգուն կանուխ երբ հաւիկ զարթնու
Ե ւ զերդ օրհասին եղերգէ աղու.
Ե ՛կ այգուն֊այգուն, ե՛կ զգոյշ֊զգոյշ,
Մ ի՛ վրդովիր կինս, որ ննջէ անուշ։

Այս վերջին տողը՝ մանաւանդ քերթուածին վերջերը` մահը կը մահացնէ։

Գալով Կին ին եւ Մի ՛ մոռնար զիս ին կը խոստովանինք, թէ գեղեցիկ են, միայն թէ, ինչպէս ըսինք, մարդս հազար մի մոռնար զիս կարդալէն ետքը եւ հազար անգամ լսելէն վերջը, թէ կինն հանելուկ մ՚է, թէ կնոջ սիրտն խորան մ՚է, թէ կնոջ սիրտն անթափանցելի է, թէ կինն երկնային պարգեւ մ՚է, կարծես ոչինչ կը զգայ եւ երբ հազար ու մէկերորդ անգամ կարդայ կամ լսէ զանոնք թէեւ քիչ մը տարբեր եղանակաւ։ Այսու ըսել չենք ուզեր, թէ քերթող մ՚երգելու չէ ինչ որ երգուած է արդէն ուրիշներէ, այլ ըսել կ'ուզենք, թէ քերթող մը կամ այն, ո՛վ եւ ի՛նչ որ ըլլայ, որ ստեղծելու ասպարէզին մէջ կը գտնուի, նորութեանց մէջ միայն կրնայ միտքեր եւ հոգիներ հրապուրել եւ գրաւել։

Ահա, ընթերցող, քեզի քանի մը տրամ ալ բանաստեղծական…

Կնքենք ուրեմն մեր յօդուածն, որ, արդիւնք հարաւային հողմերու, երկար եղաւ անոնց պէս։ Անկեղծաբար յայտնեցինք հարաւէն եւ հարաւի առթիւ Լոյս եւ ստուերքէն մեր ընդունած տպաւորութիւնը։ Եթէ սխալ է այն, գնացէք բողոք բանալու հարաւային հողմերու դէմ, եթէ ուղիղ է` գնացէք գոհանալու զՆոտոսէ։ Եթէ այդ հողմերը չփչէին` ո՞վ կը նայէր ծովուն երեսը, ո՜վ պիտի փնտռէր Լոյսն եւ ստուերը, որո՞ւն հոգն էր բանաստեղծ ըլլալ… դեկտեմբերի մէջ։

ԿԱՐԾԻՔ ՅԱՅՏՆԵԼՈՒ ՀԱԶԱՐ ՈՒ ՄԷԿ ԵՂԱՆԱԿ
ՁՕՆ ԱՌ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՍ

Ձեզ կը նուիրեմ սոյն յօդուածս, ո ազգային երեսփոխանք, եւ յուսով եմ, թէ սիրով պիտի բարեհաճիք ընդունիլ զայն, որովհետեւ տպագրութեան ծախքն ես պիտի հոգամ։

Կը խնդրեմ միայն, որ ուշադրութեամբ ընթեռնուք զայն եւ աշխատիք օգուտ քաղել յօգուտ այն խնդրոց, որ ձեզ կը ներկայանան լուծուելու համար կամ չլուծուելու համար։

Մտիկ ըրէք ուրեմն.

Ազգային ժողովոյ մէջ յաճախ տեղի ունեցած անհաճոյ ակնարկութիւններն եւ դժուարամարս ճառերն, զորս տեարք երեսփոխանք կը փոխանակեն իրարու հետ` մասնաւոր խորհրդածութեանս առարկայ ընելով, սա եզրակացութեան հասայ, թէ երեսփոխան մը իւր կարծիքն յայտնելու համար նախ նկատողութեան կ՚առնէ դրամական վիճակն այն երեսփոխանին, որուն պիտի պատասխանէ եւ յետոյ անոր դրամական վիճակին յարմար եղանակ մը կը գտնէ իւր կարծիքն յայտնելու։

Օրինակ մը տամ եթէ չէք ձանձրանար։

Անծանօթ երեսփոխանն ես եմ։

Ենթադրենք` թէ տէր երեսփոխան մ՚որ հարիւր հազար ոսկի ունի յատենի ընդհանուր ժողովոյ կը պնդէ օր մը, թէ շաքարը սեւ է։

—Այո՛, կը պատասխանեմ, մանաւանդ թէ շատ սեւ է, մինչդեռ տգէտներն այն հաւատքն ունին, թէ ճերմակ է։

Երեսփոխան մ՚որ իննսուն հազար ոսկի ունի, շաքարին սեւութիւնը կը փաստաբանէ նոյնպէս։

Կը պատասխանեմ.

—Իրաւունք ունիք, ինչ որ կ'ըսէք` յայտնի է արեւու պէս։

Ութսուն հազար ոսկի ունեցող երեսփոխան մ՚ալ օր մը կը փափաքի, որ շաքարը սեւ ըլլայ։

Կը պատասխանեմ.

—Համակարծիք եմ ձեզի, քուէի դրէք խնդիրը։

Եօթանասուն հազար ոսկւոյ տէր երեսփոխան մ՚ալ կ՚որոշէ ինքնիրեն, թէ սեւ է շաքարը։

Կը պատասխանեմ.

—Կ'երեւի թէ բաւական իմաստասիրած էք շաքարը։

Վաթսուն հազար ոսկի պարունակող դրամարկղի տէր երեսփոխան մ՚ալ կը հաւատայ, թէ սեւ է շաքարը։

Կը պատասխանեմ.

—Հաւատք քո կեցուցին զքեզ։

Յիսուն հազար ունեցողն ինչո՞ւ իւր քուէն չտայ ի նպաստ սեւութեան շաքարի։

Անոր ալ կը պատասխանեմ.

—Մասնաւոր ուսո՞ւմ ըրած էք գոյներու վրայ։

Յիսուն հազար ոսկի հարստութիւն ունեցողն ալ օր մը կը հաճի պնդել շաքարին սեւութիւնը։

Կը պատասխանեմ.

—Կարծեմ թէ շաքարը սանկ քիչ մը ճերմակութիւն ունի։

—Ամենեւին չունի, ամենեւին։

—Աննշմարելի ճերմակութիւն մը։

—Սխալ է, կատարեալ սեւ է։

—Աչքերս խաբած են զիս ուրեմն, ներեցէ՛ք։

Քառասուն հազար ոսկինոցն երկար ատենաբանութեամբ մը կը ճառէ շաքարին սեւութեանը վրայ։

Կը պատասխանեմ.

—Ձեզի համակարծիք չեմ այս մասին. շաքարն աւելի ճերմակին մօտ է քան սեւին։

—Կը սխալիք, չարաչար կը սխալիք։

—Կարելի է։

Երեսուն հազարանոցն կը սկսի փաստաբանել շաքարին սեւութիւնը։

Կը պատասխանեմ.

Հակակարծիք եմ ձեզի, էֆենտի, շաքարը սեւ չէ։

—Սեւ է։

—Ո՛չ։

—Կարծիքներն ազատ են։

Քսան հազարանոցի հետ դէմ առ դէմ կու գամ։

—Շաքարը սեւ է։

—Կը սխալիք, էֆենտիս, շաքարը ճերմակ է։

—Սեւ է։

—Ճերմակ է։

—Սեւ է։

—Ճերմակ է։

Տասը հազարանոցը կը յաջորդէ քսան հազարանոցին։

—Ի՞նչ կարծիք ունիք շաքարին գոյնին վրայ։

—Ատ ալ հարցնելու բա՞ն է, ճերմակ է։

—Ոչ, սեւ է։

—Հրամանքդ գնա, ինքզինքդ կարդալ տուր քիչ մը։

Հազարանոցը կու գայ։

—Սա շաքարին գոյնն ի՛նչ աղուոր սեւ է։

—Շաքարը սե՞ւ է մի, խենթեցա՞ր, ի՞նչ եղար։

—Ինչո՞ւ խենթենամ։

—Գնա՛ սըկից, աղբա՜ր, գնա՛, դուն բնաւ գաղափար չունիս գոյներու վրայ, ամօթ է, ամօթ։

—Ե՞ս չունիմ։

—Այո՛։

—Դուն տգէտ ես։

—Տգէտը դուն ես, քու տեղդ ըլլամ նէ` կ'ամչնամ խօսելու։

Հարիւր ոսկինոցը կը ներկայանայ։

—Շաքարն ինչո՞ւ սեւ է։

—Պատւոյս չեմ ձգեր քեզի պատասխանելու։

Դասատու մ՚եւս կը պնդէ ինչ որ պնդած են առաջիններն։

Կը պատասխանեմ.

—Տղայ ես դուն, նախակրթարան գնա՛։

Խեղճ խմբագիր մ՚ալ օր մը պատիւ կ'ունենայ նոյնը պնդելու։

Կը պատասխանեմ.

—Անպիտա՛ն, ջնջո՛ց, մուրացկա՛ն, գնա՛ գրաշարութիւն ընելու։

Երկու ոսկի ունեցող երեսփոխան մ՚ալ միւսներուն պէս կը պնդէ։

Կը պատասխանեմ.

—Ո՜ւհ, աւանակ։

Փող մը չունեցող երեսփոխան մ՚ալ կը յանդգնի նոյնը պնդել։

Կը պատասխանեմ.

—Ձեզի պէսներն են, որ ժողովոյս վարկը կոտրեցին։ Եւ փայտ մ՚առնելով ուզածիս պէս կը ծեծեմ։

Դուք ալ այսպէս չէ՞ք վարուիր, տեարք իմ երեսփոխանք։

Ինչո՞ւ, տեարք իմ երեսփոխանք ոմանք, ոսկի կը պահանջէք հոն ուր դատողութիւն պէտք է։ Ինչո՞ւ չէք հանդուրժեր, որ դասատուներն եւ խմբագիրներն ձեզմէ աղէկ խորհին եւ խօսին։ Ի՞նչ կ'ըլլայ, եթէ ձեզմէ քիչ մ՚աւելի խելացի ըլլան, ձեզմէ շատ աւելի ուսումնասիրած ըլլան ազգային կեանքը։ Ինչո՞ւ չէք պատասխաներ անոնց այն եղանակաւ, որով կը խօսիք մեծատուն երեսփոխանաց հետ։

Որպէսզի կարծեաց ազատութիւնն յարգուի` տասն ոսկիէն աւելի ստակ ունեցող ազգայիններն երեսփոխանութենէ զրկելու դրութի՞ւնն ընդունինք, թէ բոլոր երեսփոխաններն ազգային ժողովոյ մէջ դիմակով մտնելու կանոնն հաստատենք, եթէ հաստատուած չէ արդէն…

Աշխատեցէք, այսուհետեւ գործն քննել եւ ո՛չ գործաւորն։ Պատշաճից օրինաց համաձայն խօսեցէ՛ք իրարու հետ եւ ունայն վէճերով ժամավաճառ մի՛ լինիք։

Այս է Խիկարին փափաքը։

Յ ԱՌԱՋԱԲԱՆՆԵՐ

Երկու երեք շաբաթէ յետէ յառաջաբաններու ընթերցմամբ կը զբաղիմ։

Անմեղ եւ միանգամայն զուարճալի զբօսանք մ՚է յառաջաբանաց վերծանումն։

Հոն կը տեսնես, որ յառաջաբան գրողներն ընդհանրապէս այնպէս կը վարուին իրենց յառաջաբաններու մէջ, որպէս կը վարուին ընդհանրապէս մարդիկ, երբ իրենց լուսանկար պատկերն հանելու համար դագերոտիպին դիմացը կ՚անցնին։ Գեղեցիկ երեւալու համար ամէնէն տգեղ դիրքերը կ՚առնուն. բնական կենդանագրուելու նպատակաւ անբնական ձեւերու կը դիմեն. լուրջ երեւալու համար աւազակապետ կը նկարուին. իրենց պատկերն համակրելի ցոյց տալու համար մուրացկաններ կը պատկերուին. Հոմերոսի պատկերն իւրացնելու դիտաւորութեամբ Զոյիլի դէմքը կը գողնան։

Կե՜ղծ յառաջաբաններ… այս բոլոր յառաջաբաններու նպատակն միեւնոյնն է. ազգին ծառայել։

Ազգային մանկտւոյն դաստիարակութեանը համար զոհուիլ։

Ժողովրդեան օգտակար ըլլալ, եւ իրենց վարձքն ստացած ըլլալ՝ եթէ ազգային դասատուք ներողամիտ աչօք նային գործին թերութեանց, կամ եթէ ազնիւ հասարակութիւնն սիրալիր ընդունելութիւն ընէ գրքին։

Շահու խնդիր բնաւ չկայ գործին մէջ… սեպէ թէ այս գիրքերը ձրի կը բաշխուին ազգային մանկտւոյն կամ ազգային մեծ մանկտւոյն։

Ի բաց մեզմէ կարծել, թէ այդ աշխատասիրութիւններն օգտակար ծառայութիւններ չեն մատուցաներ ազգին. հեռի մեզմէ խորհիլ, թէ ազգի մը կրթութեանը, նիւթական եւ բարոյական զարգացմանը նուիրուած անձինք առանց վարձատրութեան աշխատին. այսուամենայնիւ չենք ալ հանդուրժեր, որ հեղինակներն նուիրատուին կամ մեկենասին իրաւունքն յափշտակեն իրենց յառաջաբանին մէջ։

Կը փափաքիմ ես, որ յառաջաբաններն ալ անկեղծ ըլլան, այսինքն հեղինակներն, ինչպէս նաեւ խմբագիրներն, քաջութիւն ունենան խոստովանելու, թէ իրենց աշխատասիրութիւններովն ազգին ծառայելով հանդերձ անոնցմէ նիւթական շահ մ՚ալ կ'ակնկալեն, կամ անկեղծութիւնն աւելի առաջ տանելով խոստովանիլ, թէ իրենց ապրուստը հոգալու համար է միայն որ ազգին ծառայելու դատապարտուած են։

Ո՜հ… ի՜նչ աղէկ բան է ճշմարտախօսութիւնն… կարծես թէ մարդուս սրտին վրայէն բեռ մը կը բառնայ եւ շնչառութիւնը կը դիւրացնէ… մարդիկ պարտաւոր են ճշմարտախօս լինել գէթ առողջապահական տեսակէտով։

Խստապահանջ չեմ ես. կը բաղձամ գիրք մը տեսնել հրատարակուած եւ հացագործի մը ձօնուած սա պէս.

Ձօն

Առ հացագործն իմ
Քիրիյէ Աբոսթոլ
Պարտք
Երախտագիտական
Եւ
ՔԻՉ Մ՚ԱԼ ՊԱՐՏՔ
ՆԻՒԹԱԿԱՆ
Հինգ հարիւր դահեկանի
Գին
Չորս հարիւր նկանակ հացի
Զորս
Զաւակներովս կերած եմ
Եւ
Ցարդ վճարած չեմ
Յ իշատակ անմոռաց

Հեղինակն

Սոյն օրինակ ձօնէ մը յետոյ կ'ուզեմ յառաջաբան մը հետեւեալ կերպով.

«Ազգերնուս մէջ աղքատութեան օր ըստ օրէ զարգացման պատճառաւ` ես ալ աղքատացած լինելով եւ մանաւանդ դրամագլուխ մ՚ալ չունենալով, ընտանիքս ապրեցնելու միջոց մը գտնելու համար բարեկամաց ոմանց խորհուրդ հարցուցի. անոնք ալ ինձի ըսին, թէ ինչո՞ւ կեցեր ես, բան մը թարգմանէ՛, հարուստէ մը քանի մը ոսկի ուզէ՛, թարգմանութիւնդ տպէ՛ եւ դէմդ ելնողին մէյ֊մէկ օրինակ քշէ՛։ Այս խորհուրդն ես ալ բանաւոր գտայ եւ գործոյս ձեռնարկեցի։ Ուստի կը խնդրեմ, որ անոր սխալներն չտեսնելու զարնելով, մէյ֊մէկ օրինակ առնէք անկեց, որ հացագործիս պարտքը վճարեմ ու կարենամ գոնէ քանի մը շաբաթ խելքս գլուխս ապրիլ։ Արդ, քաղցր է ինձ յուսալ, թէ պիտի քաջալերէք գործս նոյնիսկ եթէ ազգային մանկտւոյն դաստիարակութեանը վնասէ»։

Այս իմաստով գրուած ձօն մ՚ եւ յառաջաբան մ՚ուր անկեղծութիւնն ընկողմանեալ է, աւելի համակրութիւն կը գտնեն, քան այն կեղծ ձօներն, որք հարուստներուն ուղղուած են եւ այն յառաջաբաններն, որք անբնակելի են անկեղծութեան։

Բայց ո՞վ պիտի համարձակի մեր սոյն փափաքն յագեցնել։ Ոչ ոք։ Գուցէ շատերն պիտի ծիծաղին իսկ եւ մեր փափաքն տարօրինակ պիտի դատեն։

Թո՛ղ ծիծաղին, մեր հոգը չէ, մանաւանդ որ անոնց յառաջաբաններուն մէջ ես իմ փափաքիս յագուրդ կու տամ թէպէտեւ ոչ֊պաշտօնական կերպով…

Պաշտօնական ճշմարտութիւնն ո՞վ տեսած ունի արդէն։

ԺԱՄԱՆԱԿԻՍ ՊԱՀԱՆՋՄԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆ Կ ՐԹԱԿԱՆ
ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

Մեր նախահարք եւ մեր նախահարց նախահարք, առանց ուսումնասիրած լինելու Սբենսերի դաստիարակութիւնն, նախ արհեստ ուսանելու կը հետամտէին եւ ապա իրենց պարապոյ ժամերուն մէջ կը զուարճանային իրարու հետ նարտ խաղալով եւ կռիւ ընելով։ Անոնց մանկութեան առաջին հառաչանքն կաթի համար էր եւ երկրորդն խաղալիքի համար։ Մեր բարեյիշատակ նախահարք` որոնց չենք հաւնիր մենք լուսաւորեալքս` խօսքով եւ գործով կը հաստատէին սա ճշմարտութիւնն թէ նախ սնունդ եւ ապա զբօսանք ։ Մենք զաւակներ այդ նախահարց, սերտած լինելով հանդերձ Սբենսերի քարոզած կրթական սկզբունքներն, նախ պրիճ կը սորվինք եւ ապա ստախօսութիւն ստախօսութիւնն արհեստի իմաստով գրուած է հոս։— Մեր առաջին հառաչանքն զբօսանաց եւ զարդու համար կ'արձակուի եւ երկրորդն գողութեան համար գողութիւնն գիտութիւն բառի մտօք ըմբռնելու է հոս։— Մենք խօսքով ամէն օր կ՚ընդունինք, թէ նախ սնունդ պէտք է եւ ապա զբօսանք, իսկ գործով ամէն րոպէ ցոյց կու տանք, թէ զբօսանքն սնունդէն առաջ է։ Եթէ բանաստեղծ մը լինէի եւ ընթերցողներս յարտասուս շարժելու կարողութիւնն եւ անգթութիւնն ունենայի, ոտանաւոր կը շարադրէի այս յօդուածս եւ քանի մը ժամ կու լայինք ու ժամանակ կ'անցունէինք։

Մեր աղջկանց մեծագոյն մասին մանկութեան առաջին հառաչանքն գլխարկի համար է, երկրորդն` ձեռնոցի, երրորդն` կօշկի, չորրորդն` քորսէի եւ հինգերորդն կարծեմ կաթի համար է, թէեւ աւելի գոհութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կ՚ընդունուին, եթէ կաթի տեղ գլխարկ տրուի իրենց։ Կանանց ստամոքսն անոնց գլխուն, ոտներուն, ձեռներուն, կուրծքին եւ մէջքին վրայ է։ Ծաղիկներով եւ թռչուններով կահաւորեալ գլխարկով մը կարող են չանօթնալ, զոյգ մը փայլուն եւ փոքրիկ կօշիկ խորոված միսէն աւելի սննդարար է անոնց համար. զոյգ մը ձեռնոց պատուական նախաճաշ մ՚է. իսկ անոնց կուրծքին վրայ դրուած վարդի նորափթիթ կոկոն մը, կամ բանաստեղծական շռայլութեամբ վարդի երկու կոկոններ` աստուածներու արժանի ճաշ մ՚է ոչ միայն իրենց համար, այլ նաեւ էրիկ֊մարդոց համար։ Կանայք զարդով կը կշտանան եւ զարդով կը յագեցնեն էրիկ մարդերը։ Քանի քանի անգամներ հանդիպած եմ երիտասարդաց, որ թանկագին զարդերով եւ պատուական քարերով պճնուած գեղանի օրիորդի մը տեսքը վայելելու համար մոռցած են երկու օր կերակուր ուտել եւ Խիկարի բաժանորդագրութիւնը վճարել։ Վերջապէս կին մ՚երբ քորսէով սղմէ իւր մէջքը եւ կուրծքն եւ այսպէս ճնշում բանեցնէ իւր շնչառական ազատութեան վրայ` զոր վայելելու բարեբախտութիւնն ունի` քովը գտնուող ծանօթներուն կ՚ըսէ. «Այսօր անյագաբար կերայ եւ անհանգիստ եղայ» թէեւ փշրանք մը դրած չէ բերանը։

Մեր երիտասարդներն ալ տարբեր կազմունք ունին, անոնց ալ ստամոքսը տեղափոխութիւն ըրած է։ Երիտասարդ մը, զոր մօտէն ճանչնալու պատիւն ունիմ, օր մ՚ըսաւ ինձ. «Բարեկամ, անօթի եմ, երթամ քիչ մը պարեմ օրիորդ Ք…ին հետ»։ Ծանօթութիւն ունիմ քառասնամեայ մարդու մը հետ, որ կանոնաւոր աղքատ մ՚է եւ կը հագնի բանթալոն մ՚որ Աբրահամու զաւակներուն չափ ծակեր ունի, չըսեմ հրաժարականներու չափ, որպէսզի չափազանցութեան մէջ չիյնամ։ Այս անձն առաւօտ մը քովս եկաւ նստեցաւ։ Քանի մը վայրկեան ետքը ցոյց տուաւ ինձ ակնոց մը, զոր գնած էր, իւր խոստովանութեանը նայելով, կէս ոսկւոյ։ Ակնոցին եւ անոր գնոյն նկատմամբ կարծիքս իմանալ ուզեց. պատասխանեցի, թէ չէի կրնար զինքն գոհացնել այդ մասին։ Հեռացաւ։ Առանձին մնացի եւ ինքնիրենս հարցուցի. «Իրաւ է թէ մարդս իւր թերութիւններն չտեսներ, բայց բանթալոնին ծակե՞րն ալ չտեսներ»։ Կենացս մինչեւ վերջին օրն չպիտի մոռնամ այս պատառուն բանթալոնն ու ոսկիէ ակնոցն, զորս ամէն օր կը տեսնեմ, կարծես, մեր խորհրդարանական, վարչական, գրական եւ կրթական գործոց մէջ։

Դաստիարակութեան վրայ խօսելով` ընդունուած ճշմարտութիւն մ՚է ի վաղուստ անտի` թէ գիտութեանց մէջ անոնք նախապատւութիւն ունին, որ քաջառողջ ապրելու եւ ստակ վաստկելու կ'առաջնորդեն մեզ, ի բաց թողլով առայժմ քաջառողջ ապրիլ սորվեցնող գիտութիւնն` որոյ վրայ պիտի խօսինք մասնաւոր յօդուածով մը. դառնանք փնտռել ու գտնելու այն գիտութիւններն, որ ամէնէն աւելի արդիւնաւոր եւ շահաբեր են այսօր։ Լեզուագիտութիւնն տարակոյս չկայ թէ առողջութիւն չունի, ըստ որում ամէն օր կը տեսնենք, որ ամէնէն աւելի շատ ստակ վաստակող ազգայիններն անոնք են, որ իրենց մայրենի լեզուն իսկ չեն գիտեր։ Բնական գիտութիւններն ալ կարող չեն մեր պիտոյքը գոհացնելու, որովհետեւ նոյն գիտութիւններն աւանդող դասատուներն են, որ ամէնէն աւելի պարտամուրհակներ կը ստորագրեն։ Բժշկական գիտութիւնն ալ կարծուածին չափ նախանձելի վիճակ մը չունի, վասնզի բաւական թուով բժիշկներ հիւանդ փնտռելու համար թաղերը կը շրջին։ Բայց ինչ հարկ կայ անպէտ գիտութիւններն թուելով ժամավաճառ լինել, փութանք օգտակարագոյններն եւ անոնց ուսուցման եղանակն ցոյց տուող մեր ծրագիրն ներկայացնել մեր ընթերցողաց։

Առաջին տարի
ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ազգային մանկտւոյն մտքին մէջ տպաւորել սպասաւորներ, աղախիններ, ձիեր, կառքեր, պարտէզներ, անտառներ, հոյակապ քար ու կիր շէնքեր, այն ամէն ճոխութիւններն, զոր գողութիւնն կ՚ընձեռէ մեզ։ Տղայոց դիւրըմբռնելի լեզուով կենսագրութիւնն ընել այն անձանց, որ գողութեան շնորհիւ ոսկիներ ամբարած են եւ այսօր ամէն կողմէ յարգ ու պատիւ, խունկ եւ հալուէ կ՚ընդունին եւ դափնեաց անտառներով կը պսակուին։ Փարատել աշակերտաց այն վնասակար նախապաշարումն, թէ գողութիւնն մեղք է եւ անջնջելի կերպով դրոշմել անոնց ուղեղին մէջ, կամ, եթէ աւելի դիւրին է, սրտին մէջ՝ թէ գողութիւնն առաքինութիւն է եւ թէ գողութիւնն իբրեւ մոլութիւն քարոզողներն այն անպիտան անճարակներն են, որ գողնալու կարողութիւն չունին։ Մանրապատում նկարագրել աշակերտաց հանդերձեալ կենաց երջանկութիւններն, զորս հարուստ գողերու կը խոստանան կրօնաւորներն, համոզել զանոնք, ըսելով` թէ նոյնիսկ արքայութիւն երթալու համար քիչ մը գողութիւն անհրաժեշտ պէտք է։ Գողութիւն չընողներուն խեղճ ու կրակ վիճակը սրտաճմլիկ ոճով նկարագրել աշակերտաց եւ պատուիրել անոնց, որ ընդարձակեն այդ նիւթը։ Տեսականէն գործնականին անցնիլ, անօթի պահել աշակերտներն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ ստիպուին իրենց դասատուին գրպանէն ստակ գողնալ եթէ գտնեն, անօթի մնալով հանդերձ գողութեան անընդունակ աշակերտն նախ խրատել, յետոյ գանակոծել եւ ապա դպրոցէն վռնտել իբրեւ վնասակար աշակերտաց բարոյականին։ Իսկ գողցող աշակերտն նախ պատուանիշով վարձատրել, յետոյ ստակով եւ ապա թաղին քարոզիչին ներկայացնել իբրեւ յառաջադէմ աշակերտ, վարժարանին եւ ազգին ապագայ կարեւոր ազգասէր եւ մեծապատիւ անդամներէն մին։

Երկրորդ տարի
ՍՏԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Շատ մանկավարժներ սա համոզումն ունին, թէ աշակերտ մը, դպրոցական շրջանն աւարտելէ յետոյ, առեւտրական ասպարէզին մէջ ալ կրնայ գործնական կերպով սովրիլ այս գիտութիւնն, եւ թէ ստախօսութեան դասախօսութիւնն լոկ ժամավաճառութիւն է։ Այս համոզումն փորձառութեան վրայ հիմնուած չէ։ Ըստ մեզ, աշակերտք դպրոցական կենաց մէջ պատրաստուելու են առեւտրական ասպարէզին, որպէսզի, երբ դպրոցէն ելնեն, իրենք զիրենք տարբեր աշխարհի մէջ փոխադրուած չկարծեն։ Գործնականն այս դասախօսութեան մէջ ալ անհրաժեշտ է։ Դասատուին պարտքն է ստեղծել պարագաներ, որոնց մէջ աշակերտն իւր անձին վրայ զգայ ստախօսութեան օգուտները։ Նկարագրել այն անձերն, որ ճշմարտախօսութեան պատճառաւ չեն կրցած յառաջադիմել։ Հասկցնել աշակերտաց, թէ առանց ստախօսութեան ապրիլ կարելի չէ, թէ բոլոր մուրացկաններն՝ որ այսօր հարկադրուած են սուտ խօսիլ շարունակ` այդ վիճակին մէջ ինկած են այն միակ պատճառաւ, թէ ժամանակաւ յամառած են եւ խրատ մտիկ չընելով ուզած չեն սուտ խօսիլ։ Իմացնել մատաղ տղայոց, թէ ճշմարտախօսութիւնն ուշ կամ շուտ կը պատժուի եւ ստախօսութիւնն միշտ յաղթող է, թէ ստախօսութեան շնորհիւ է, որ շատ ամուսնութեանց մէջ ներդաշնակութիւն կը տիրէ, թէ ճշմարտախօսութիւնն ինչպէս ընտանեկան նոյնպէս խորհրդարանական եւ ազգային գործոց մէջ միշտ վէճի դուռ կը բանայ. թէ ստախօսութեամբ միայն կարելի է հեզահամբոյր, պարկեշտ, քաղաքավար եւ ազգասէր ըլլալ, թէ ճշմարտախօսութիւնն անկրթութիւն է, գոռոզութիւն է, մարդատեցութիւն է, եւ ճշմարտախօսն ընկերութեանց մէջ մտնելու մարդ չէ։ Միանգամ ընդ միշտ համոզել աշակերտներն, թէ սուտ չխօսողին խօսքին չեն հաւատար, թէ մէկն հարիւր յիսուն անգամ սուտ խօսելէն ետքը, հարիւր յիսուն եւ մէկ երորդ սուտին հաւատացողներուն թիւն կը բազմապատկուի, թէ ստախօսութիւնն` որ ատենօք մեղք կը համարուէր` այսօր գիտութեան կարգ անցած է եւ բնաւ առնչութիւն չունի խղճին հետ, թէ վերջապէս ստախօսութիւնն կարեւոր գիտութիւն մ՚է, օգտակար եւ հաճոյալից։ Ստախօսութեան վերաբերեալ պզտիկ նիւթեր տալ աշակերտաց, որ ոտանաւորի դարձնեն։

Երրորդ տարի
Ի ՆՊԱՍՏ ԱՅԼՈՑ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԱՆՁՆԱՆՈՒԻՐՈՒԹԻՒՆ

Սոյն գիտութիւնն թէեւ հին` բայց շատ ուսուցչաց անծանօթ լինելով` պզտիկ բացատրութիւն մը կարեւոր է։

Սոյն գիտութեամբ մարդս ուրիշներու օգտին համար միայն կ'աշխատի եւ իւր շահուն համար աշխատող մարդերէն աւելի ստակ կը շահի։ Այս գիտութեան անձնանուիրութիւն անունը կու տան ոմանք։

Մատնանիշ ընել աշակերտաց այն անձերն, որ բազում ոսկի վաստկած են յանձնաժողովներու, մասնաժողովներու, խորհուրդներու մէջ պաշտօն ստանձնելով։ Հասկցնել ազգային մանկտեաց, թէ մէկն կրնայ յանուն աղքատի մը ստակ հաւաքել եւ այդ ստակով իւր քսակն պարարել, թէ բարեգործական նպատակի մը համար դիւրութեամբ կարող է բազում ոսկիներ հանգանակել եւ անոնց տոկոսներն գրպանը նետել առանց ամենափոքր կասկած մը հրաւիրելու իւր վրայ։ Ճանչցնել աշակերտաց այն անձերն, որ տարւոյս ամբողջ օրերն յօգուտ ընկերութեանց կ՚աշխատին եւ շատ աղէկ կ՚ապրին, նման այն ազգասէրներուն, որ գրեթէ ամէն օր խեղճերն, անօթիներն, հրկիզեալներն եւ այլն կը հոգան, յօգուտ անոնց ներկայացումներ տալով։ Վերջապէս աշխատիլ աշակերտաց մէջ սա ընդհանուր համոզումն գոյացնել, թէ անձնանուիրութիւնն շահաւոր գիտութիւն մ՚է։

Հրահանգներ պատրաստել աշակերտաց համար հետեւեալ եղանակաւ.

( Աշակերտք պարտաւոր են կէտերուն տեղ մէկ֊մէկ յատուկ անուն դնել

անձնանուիրութեամբ երկու քարուկիր տուն շինեց… անձնանուիրութեամբ խորհրդոյ մը անդամ եղաւ եւ ուրիշի մը ժառանգութիւնն կերաւ բուն ժառանգորդներուն ջուր տալով… անձնանուիրութեամբ վաճառատուն մը բացաւ… անձնանուիրութեամբ մեծ դրամագլխոյ տէր եղաւ եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։

Չորրորդ տարի
ՇՈՂՈՔՈՐԹՈՒԹԻՒՆ

Օգտակար եւ պիտանի գիտութիւններէն մին է, զոր ամէն մարդ ուսանելու պարտաւոր է խաղաղ ժամանակ անցունելու համար։

Այս դասախօսութեան մէջ ալ դասատուն պարտաւոր է կենդանի օրինակներով բացատրել աշակերտաց շողոքորթութեան շնորհիւ բարձրացած անձերը։ Յայտնապէս պատուէր տալու է տղայոց, որ շողոքորթեն եւ միշտ շողոքորթեն կանխաւ իմացնելու է անոնց, թէ առանց շողոքորթութեան ել եւ մուտքն հաւասարակշռելն անկարելի է, առեւտուրի մէջ յաճախորդ գտնելն անհնար է, թէ ամէնուն մինչեւ ոտքը խոնարհիլ պէտք է բարձրանալու համար, թէ մեծատունները միշտ շոյելու է, անոնց քծնելու է, ամէնէն փայլուն ածականներն անոնց տալու է, աստուածացնելու է, անմահացնելու է զանոնք, թէ խօսքով եւ թէ գրիչով։ Եթէ անմահութենէն աւելի բան մ՚ուզեն` մերժելու չէ, որպէսզի չվշտանան։ Զգալի օրինակներով համոզել ազգային մանկտին, թէ այսօր հրապարակի վրայ չկայ ապրանք մ՚որ շողոքորթութեան չափ սպառում ունենայ, թէ շողոքորթութեան վաճառականներն միշտ գործ կը գտնեն եւ բնաւ պարապ չեն մնար։ Աշակերտաց ձեռքը քանի մը լրագիրներ տալ եւ խնդրել իրենցմէ, որ շողոքորթութիւն գտնուող տողերն ստորագծեն, եւ երբ լրագրոյն բոլոր տողերն ստորագծուած ներկայացնեն աշակերտք, այն ատեն պատմելու է իրենց այն պարագաները, որոնցմէ ստիպուած է խմբագիրն շողոքորթութեան ապաւինե լ։

Հինգերորդ տարի
ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Փորձով տեսնուած է, թէ ամէնէն տկար փաստաբանն իսկ օրինագրքէն կրնայ գտնել միշտ յօդուած մ՚որ տրամադրէ, թէ պարտքը չվճարելու իրաւունքն ունի։ Պարտք ընել եւ զայն չվճարելու իրաւունք ունենալ հարստութեան գլխաւոր եւ անսպառ աղբիւրներ են, հետեւապէս հարկ է աւելի ժամանակ զոհել այս գիտութեան ուսման։ Տղայք պարտաւոր են պզտիկութենէ վարժուիլ պարտք դիզելու եւ անշարժ եւ անսասան մնալու իրենց պարտատեարց ` որք ընդհանրապէս խոժոռադէմ եւ անկիրթ մարդիկ կ'երեւան մեզ՝ սպառնալեաց առջեւ։ Տղայութիւն է պարտատիրոջ սպառնալիքէն ազատելու համար չուանով ինքզինքը կախել կամ ատրճանակի հարուածով ինքզինքն անդիի աշխարհ ղրկել։ Պէտք է խնդալ, երբ պարտատէրն պահանջքն ուզէ եւ պաղ արիւնով ըսել` թէ իրաւունք չունի, բայց իրաւունք ունենալու իրաւունք չունի, թէ օրինագրքին այսինչ յօդուածին տրամադրութեան հակառակ կը շարժի, թէ օրինաց գծած սահմանին մէջ միայն կրնայ իւր առնելիքն պահանջել, թէ հակառակ պարագային մէջ ծանր պատասխանատւութիւն կը հրաւիրէ իւր վրայ, թէ ամէն մարդ պատիւ ունի, թէ ամէն մարդ պարտք ունի եւ այլն։ Պատիւ պահանջել պարտատէրէն, երբ սա իւր առնելիքն պահանջէ եւ գործն այնպիսի վիճակի մը մէջ բերել, որ պատւոյդ համար պահանջած գումարդ հաւասարակշռէ պարտուցդ գումարն, եւ հաշիւն այս եղանակաւ գոցուի։ Աշակերտն լաւ համոզուելու է սա ճշմարտութեան թէ պարտք չհատուցանելով կրնայ մեծ հարստութեան տէր ըլլալ օր մը, մինչդեռ աղքատ եւ խեղճ կը մնայ, եթէ պարտք վճարելու նախապաշարումն եւ յոռի սովորութիւնն ընդունի։

Խնդրել իւրաքանչիւր աշակերտէն, որ պարտք չվճարելով հարստացած հարիւր մարդու անուն գտնեն ։

Վեցերորդ տարի
ԱՆԱՄՕԹՈՒԹԻՒՆ

Երանի անոնց, որ գիտեն անամօթ ըլլալ, զի ասոնց է հանգստութիւն եւ երջանկութիւն։

Աներեսութիւնն առողջաբանական տեսակէտով ալ շատ օգտակար գիտութիւն մ՚է։ Անամօթն ամէն մտահոգութենէ եւ ամէն մտատանջութենէ զերծ է, անամօթն բանէ մը չամչնար, միայն ամչնալու կ'ամչնայ. երի՜ցս երանեալ անամօթութիւն։ Մանկավա՛րժք, մանկավա՛րժք, ձեր խորին ուշադրութիւնն կը հրաւիրուի այս գիտութեան դասախօսութեան վրայ, ձեր բոլոր ջանքերը թափելու էք սորվեցնելու համար աշակերտներուն, որ համարձակ ըլլան եւ շիկնելու չվարժուին. ամչնալու սովորութիւնն անցած դարերու հետ անցած նկատուելու է։ Այս դասախօսութեան մէջ ալ դասատուն գործնական եղանակաւ ուսուցանելու է ազգային մանկտին։

Եօթերորդ տարի
ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒ

Այս մասին խօսելու հարկ չկայ. ուսուցիչք կրնան իրենց դիւրուսոյց երեւցած եղանակաւ դասախօսել։

Ութերորդ տարի
ԳԱՂՂԻԵՐԷՆ, ԴԱՇՆԱԿ, ԱՆԳՂԻԵՐԷՆ, ԳԾԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆ ԵՒ ԱՅԼՆ

Իբրեւ զբօսանք աշակերտք սորվելու են ասոնք, երբ ժամանակ ունենան։

Իններորդ տարի
ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԲՆԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՔ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ԱՅԼՆ, ԵՒ ԱՅԼՆ

Թէեւ բոլորովին անօգուտ են այս գիտութիւնները, բայց ծրագրին մէջ գտնուիլը կրնայ հաճոյ թուիլ ծնողաց ոմանց։

Ահա հոս կը վերջանայ մեր կրթական ծրագիրը։

Գիտենք, շատերն կարդալով մեր այս ծրագիրն, մէկդի պիտի նետեն զայն, եւ շատ վառվռուն երիտասարդներ պիտի պոռան.

«Անօթի կը մնանք եւ ստախօսութիւն չենք ընդունիր։

«Գլուխս կտրեն իսկ` շողոքորթութիւն չեմ ըներ։

«Մեռնելիքս գիտնամ իսկ` գողութիւն չեմ ըներ»։

Մեր պատասխանն է այս երիտասարդաց.

«Այդ պատճառաւ է, որ ձեր բերանն անօթութենէ կը հոտի»։

Եթէ կ'ուզենք այս վաղանցուկ կեանքին մէջ քիչ մը հանգիստ ապրիլ, անպատճառ սորվելու ենք այն գիտութիւնները, զորս վեց տարուան բաժնեցինք վերը. իսկ եթէ գիտութիւններն մեզի ստակ վաստկցնելու նպատակ ունեցող ուսումներ չենք նկատեր` այն ատեն մեր ծրագիրն իւր բոլոր ուժն կը կորսնցնէ եւ ամէն մարդ ազատ է իւր սիրած գիտութիւնն սորվիլ։

Մեր խոնարհ կարծեաց համեմատ իւրաքանչիւրին համար այն գիտութիւնն առաջնութիւն ունի, որով իւր օրական պարէնն հայթայթելու կարող կը լինի, եւ այսօրուան օրս գրեթէ բոլոր մեծ մարդիկ, պզտիկ բացառութեամբ, մեր գրած սոյն ծրագրին ընթացքին հետեւած են եւ կը հետեւին ցարդ, թէպէտեւ կը քաշուին խոստովանելու, թէպէտեւ անոնց խոստովանութեան պէտք չկայ։

Չպիտի լան այն մայրերը, որ մեր ծրագրին համաձայն պիտի մարզեն իրենց տղայոց միտքն օրօրոցէն սկսելով։