Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏՈՄԱՐ ԵՒ ԹՈՒԱԿԱՆ ՀԻՆ ՀԱՅՈՑ
ՀԱՅԱԴԻՐ

Ա

ՄԵՐ հայրենեաց համառօտ բնախօսութիւնն ըրած ատենս` յիշեցի, Հայկակ, որ ամեն քննողի բնական եւ ախորժելի է գիտնալ պատմութեանց հանդիսարանը, այսինքն հանդիպած կամ պատմուած բաներուն ուր տեղ եղած ըլլալն, որ է ըսել` աշխարհագրական տեղեկութիւն մը, թէ բնական եւ թէ քաղաքական: Բանասիրին առաջին բնառածն է ի՞նչը, ի՞նչ եղած ըլլալը, որ է լոկ Պատմութիւն. երկրորդ բնտռածն է ու՞րը, ո՞ր տեղ, աշխարհիս ո՞ր կողմն եղած ըլլալն, եւ այս է Աշխարհագրութիւն. երրորդ բնտռելիքն այլ է ե՞րբը, այսինքն պատմելոց ո՞ր ատեն, ո՞ր տարի հանդիպած ըլլալն. եւ այս է Ժամանակագրութիւն, զոր եւ ազք պատմութեան կ՚անուանեն գիտունք, առանց որոյ մութ կու մնայ պատմութիւնն: Եթէ երկրաբանութիւն եւ աշխարհագրութիւն կարեւոր են պատմութեան նկարուց` իբրեւ ենթակայ եւ յատակ մը, ժամանակագրութիւնն այլ իբրեւ լոյս եւ պայծառութիւն տեսարանին` հարկաւոր է: - Մեր ամենէն ցանկալի եւ պիտանի պատմիչն` Մովսէս Խորենացի` իրաւամբք կ՚ըսէ. , Ոչ է պատմութիւն ճշմարիտ` առանց ժամանակագրութեան». բայց դժբաղդաբար ոչ ինքն եւ ոչ շատք ի պատմըչաց մերոց, մանաւանդ հիներն, հաստատ եւ յայտնի ժամանակագրութիւն մը բռնած եւ յիշած չեն իրենց պատմութեան մէջ. միայն երբեմն այս կամ այն թագաւորի եւ կայսեր տէրութեան տարիներուն կու յարմարցընեն իրենց պատմած դիպուածները, եւ որովհետեւ այն թագաւորութեանց սկիզբն այլ ծանօթ թուականի մը վրայ չեն գրած` դարձեալ տարակուսելի կու մնայ ըսածնին, մանաւանդ որ թագաւորաց տէրութեան սկիզբն` շատ կու զանազանի ըստ այլեւայլ հաշուոյ պատմըչաց. միով բանիւ բարեկարգ եւ հաստատուն ժամանակագրութիւն մը չկայ մեր հին պատմըչաց մէջ, որով պատմութեան դիպուածներն այլ անհաստատ կու մնան:

Ժամանակագրութեան պակասութիւնն կու յայտնէ տումարի այլ պակասութիւն կամ խառնակութիւն. եւ յիրաւի, ազգերնիս եթէ հնուց ի վեր ունեցած է իրեն յատուկ տումար` որով եւ ժամանակաչափութիւն մը, (ինչպէս վերջը պիտի տեսնես), սակայն դրացի եւ տիրող եւ զանազան ազգաց օրինաց եւ վարչութեան տակ ընկնալով, կամ գոնէ անոնց հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալով` ստիպուեր է իր տումարը եւ տարիները անոնց յարմարցընել. երբեմն Բաբելացւոց կամ Նաբունասարայ թուականը վարելով, երբեմն Յունաց կամ Աղեքսանդրի կամԱսորւոց ըսուածը, երբեմն Պարսիցը, երբեմն Հռովմայեցւոց, յետոյ Կ. Պօլսի կամ եկեղեցական թուականը, եւ այլն, մինչեւ որ այս ամեն ազգաց մերձաւոր եւ հարկաւոր ազդեցութենէն քիչ շատ ազատելով, եւ բարեբաղդութեամբ յառաջ քան զծագումն Հագարացւոց թուականին (հիճրէթ), ի կէս Զ դարու` եկեղեցական տօնից կարգը հաստատելու ստիպուած` կարգաւորեց իր բնիկ տումարը, եւ անոր հետ մէկտեղ ժամանակաչափութիւնն ալ, տօմարին նորոգած տարիէն, կամ Քրիստոսի 552 տարիէն` սկսելով թուական մը, որ կ՚ըսուի Հայոց թուական կամ Մեծ թուական, եւս եւ Խոսրովային թուական կամ Պարթեւ, այս թուականս է որ անկէ ետեւ ի պատմըչաց եւ ի բոլոր ազգէն գործածուելով` կու շարունակուի մինչեւ հիմայ: Բայց այս այլ յայտնի է որ ետքի երկու դարերուս մէջ` ազգերնիս թէ' բնակութեամբ եւ թէ ծանօթութեամբ աւելի մօտենալով արեւմտեան ազգաց, ըստ հասարակաց սովորութեան` Քրիստոսի թուականը եւ յուլեան տումարը կու բանեցընէ, առանց թողլու իր եկեղեցական տումարը, եւ թուականին շարունակութիւնը յօրացոյցս, ի ճակատս գրոց եւ ի կոնդակս, եւ ասոնց նման առիթներու մէջ: Այս թուականիս սկիզբը գիտնալէն ետեւ` դիւրին է անոր տարիներով պատմուած դէպքերը համեմատել Քրիստոսի կամ ուրիշ թուականի հետ: Միայն թէ Քրիստոսի թուականն յուլեան տումարաւ է յարելեւս, յարեւմուտս` անոր նորոգութեամբն` որ կ՚ըսուի Գրիգորեան կամ Նոր տոմար. հիմայ ասոնց զանազանութիւնն այս է` որ նորն (որ եւ Լատինաց կ՚ըսուի) 12 օր կու կանխէ քան զյուլեանն (որ եւ հին կ՚ըսուի). ասոր յանուարի մէկն` Լատինաց կամ նորոյն 13 է:

Արդէն գիտես, Հայկակ, որ մեր Հայոց թուականն ոչ նոր եւ ոչ հին տումարին տարին ունի (ոչ գրիգորեան եւ ոչ յուլեան), որք ստոյգ արեգակնային տարիով են. այսինքն 365 օր 5 ժամ, 49. ըսել է որ 365 օրէ զատ` տարւոյն վրայ վեց ժամի չափ յաւելուածն այլ ի հաշիւ կ՚առնուն, որ եւ վրայէ վրայ` չորս տարւոյ միջոց 24 ժամի կու մօտենայ, որով օր մ՚այլ կու ձեւանայ. եւ ահա յուլեան եւ նոր տումարն` իրենց թուականին ամեն չորրորդ տարին 366 օր կու համրեն, եւ նահանջ տարին կ՚անուանեն, մէկայլ երեք տարիներն ալ 365 օր եւ հասարակ տարի: Իսկ Հայոց թուականն նահանջ չունի, այլ ամեն տարիներն այլ հասարակ տարի են, բնական օրուան չափով, այսինքն տարին միշտ 365 օր կը համրէ. որով յայտնապէս ուրիշ հին ազգաց նման` սխալ եւ շարժական է իր տարին եւ թուականն ալ: Սխալ է, վասն զի արեւուն կամ երկրիս շրջաններուն չի յարմարիլ, պակաս կու գայ. ամեն տարիէն 5 ժամ 49 պակաս հաշուելով` դարերու մէջ արեգակնային շրջան մեծապէս կարճեցուցած կ՚ըլլայ. անանկ որ երբոր երկիրս 1460 անգամ արեւուն վրայ կու պատի ստուգիւ` ըստ յուլեան եւ նոր տումարի, հինն կամ հայն` 1461 պիտի համրէ. կամ թէ ուրիշ կերպով ըսեմ, երբ հայն եւ լատինն այս տարիս մէկտեղ սկսելու ըլլան` իրենց տարեգլուխը նոյն ամսոյն նոյն օրը սեպելով, յետ 1460 անգամ երկրիս շրջապատութեան զարեգակամբ` լատինն կամ նոր տումարն նոյնքան տարի կ՚ունենայ, իսկ հայն մէկ տարի մ՚աւելի. որովհետեւ իրեն տարին քանի մը ժամ կարճ է. իւրաքանչիւր տարիէ թողուած ժամերն` ամեն չորս տարուան մէջ օր մը կու կազմեն, 1460 տարուան մէջ ամբողջ 365 օր կու գումարեն. հայն այս 365 օրն ալ` (որ իր տարւոյն սովորական չափն է) կ՚աւելցընէ թուականին վրայ նոր թուով մը. իսկ լատինացին այս 365 օրը ցրուած ըլլալով ամեն չորս տարուան վրայ (փետրուարի ետեւը օր մ՚աւելցընելով` ի հարկէ 1461 համրելու տեղ` 1460 պիտի համրէ: - Արդ յայտնի է որ այս հին տարւոյն կարճութիւնն` թուականին շարքը կ՚աւելցնէ. որուն աւելի պայծառ օրինակ է մահմետականաց տարին` որ ա'լ աւելի կարճ է, լուսնական ըլլալով, այսինքն լուսնի 12 անգամ փոփոխութիւնն համրելով, որ կու գումարեն 355 օր, եւ արեգակնային շրջանէն 10 կամ 11 օր պակաս տարի մը կ՚ունենան, որով իրենց թուականն (հիճրէթն) շուտով կ՚աճի. մեր 97 տարուան ծերն` ըստ Տաճկաց լման 100 տարուան կ՚ըլլայ, եւ իրենց երկարակեացներն` մեր չափով քիչ մը կու կարճընան: - Արդ ինչպէս որ այս լուսնական տարին պակաս եւ յայտնի սխալ է` եթէ համեմատենք երկրիս բոլորմանը արեւուն վրայօք, այսպէս այլ Հայոց տումարին տարին (թէ եւ պակաս սխալ), վասն զի կ՚ընդունի արեգակնային տարի` բայց ճիշդ չափովը չընդունիր, պակաս կու հաշուէ:

Ոչ միայն սխալ ըսի այլ եւ շարժական կ՚ըլլայ տարին: Ամեն քիչ շատ երկինքը եւ երկիրը դիտող ազգք եւ մարդիկ, երկրագործ անգամ, եւ մանաւանդ ասոնք, հնուց ի վեր ճանչցեր են արեւուն տարեկան շրջանը, եւ անոր երկու անգամ գիշերահաւասարը եւ երկու անգամ կացքը կամ դարձքը, ցորեկուան եւ գիշերուան ժամուց երկարութեամբը եւ կարճութեամբը. երբոր այս բաներս` որոնց կէտ կ՚ըսեմք ուսումնական լեզուաւ` ուզենամք հաստատել ամսոց օրերուն վրայ (ինչպէս որ ի սկզբանէ հաստատուած են ի դիտողաց կամ յաստղաբաշխից), յուլեան կամ նոր տումար բանեցընողին` միշտ նոյն ամսոյն նոյն օրը կու հանդիպին այս կէտերն, իսկ Հայոց տումարին` չորս տարին հեղ մը օր մ՚առաջ կու հանդիպին. ինչպէս, եթէ յամին Քրիստոսի (1870) գարնանամուտն կամ գարնանային գիշերահաւասարն իր մեհեկան ամսոյն 26ին կու հանդիպէր, ինչպէս որ նաեւ 1868ի, 1869ի, 1871ին, յամին 1872 մեհեկանի 25ին կը հանդիպի, 1876ին մեհեկանի 24ին, եւ այսպէս կարգաւ. վասն զի չորս տարին հեղ մը նահանջ չընելով, օր մը չաւելցընելով, իր ամիսներուն օրերն առաջ կ՚անցնին, եւ չեն միաբանիր արեգակնային կէտերուն. այնպէս որ 1460 տարուան մէջ այս կէտերը Հայոց տարւոյն ամսոց ամեն մէկ օրերուն ալ հանդիպած կ՚ըլլան կարգաւ. կէտերն տեղերնին կու մնան, բայց ամսուն օրերն անոնց վրայ կու փոփոխուին: Ահա այս է շարժական ըսուիլն մեր տումարին. եւ որովհետեւ մեր ամիսներն եւ տարին միշտ (չորս տարին հեղ մը) առաջ կ՚անցնին քան զյուլեան կամ նոր տումարը, անոր համար այլ մեր տումարն կամ տարին կ՚ըսուին յառաջախաղաց:

Բայց եթէ միայն այս փոփոխութիւնս ըլլար մեր եւ նոր տումարին տարբերութիւնն` վնաս կամ պակասութիւն մը չէր ըսելն, թէ գարնանամուտն մեհեկանի 25ին է կամ 30ին, կամ նաւասարդի 5ին, եւ այլն. անունն կը փոխուէր, իրն նոյն կու մնար: Սակայն մեծ վնաս եւ շփոթութիւն կ՚ըլլայ այդով. վասն զի ամեն տումար հաստատուած է երկու մեծ եւ գլխաւոր բանի համար. մէկն երկրիս կու վերաբերի, մէկայլն երկնից. ասիկայ մարդուս կրօնից կամ ապագայ կենաց, անիկայ` երկրաւոր կենաց եւ ապրուստին համար. մէկով երկրագործութիւն կու կանոնաւորի, մէկայլով կրօնական պարտք եւ կարգք: Երկրագործին համար հարկ չէ որ ամիսն այսպէս կամ այնպէս անուանի, կամ այսչափ եւ այնչափ թուով օրեր ունենայ, այլ հարկաւոր է որ այն օրերն, կամ թէ տարւոյն իւրաքանչիւր օր այլ` արեգակնային շրջանին մէկ որոշ կէտի մը վրայ հաստատուած ըլլայ. վարուցանի, նաւարկութեան, եւ ուրիշ շատ բանի համար` հարկաւոր է արեւուն շրջանը գիտնալ, թէ որ ամսոյն որ օրը կ՚ըլլայ գարնանամուտ, ե'րբ հովոց եւ ձեան եղանակներն, ե'րբ զով օրեր, եւ այլն. որ ըստ այնմ իւրաքանչիւր բնական արուեստաւոր իրենց գործը շտկեն, եւ կատարուի կենցաղական տնտեսութիւնն` իր յարմար եւ հարկաւոր ժամանակին. եւ ինչպէս մէկ օրուան գործոց տնտեսութիւնն կու չափուի ժամացուցի մը վրայ, այսպէս այլ ամբողջ տարեկան ժամացոյց կամ օրացոյց պէտք է: Արդ այս ժամուց եւ ժամանակաց կէտերը` միայն երկինք նայելով չի կրնար գտնել ամեն արուեստաւոր. շատ քիչերն կան որ կարենան արեգակնային շրջանին փոփոխութիւնները չափել եւ ճշդել. հարկ էր որ հասարակաց համար այն փոփոխութիւններն, այն կէտերն` տումարին վրայ առնուին, այսինքն քաղաքական տարւոյ ամսոց օրերուն վրայ համրուին. եւ ըսուի թէ այս ամսոյս այս օրս` արեգակն` երկնից (կամ կենդանակամարին) շրջանակին այս որոշեալ կէտն է, այն որ` այն կէտը. եւ թէ` երբ արեւն այն կէտին վրայն է` այն որ ցորեկն այսչափ ժամ, գիշերն այսչափ ժամ կ՚ըլլայ, եւ տաքութիւնն ու ցրտութիւնն (ընդհանրապէս) այսչափ աւելի կամ պակաս: Արդ այսպէս ճանչնալու եւ ըսելու համար` հարկ եւ անշուշտ որ այս օրս կամ այն օրն այլ` իրենց յատուկ անուններն ունենան. եւ ասոնք են ամիսն եւ իրենց (աւուրց) քանիերորդքն. - ուրեմն հարկ ալ է որ ինչպէս իր արեգակնային շրջանին կէտերն հաստատուն են կենդանակամարին)` նոյնպէս տումարին վրայ այլ հաստատուն ըլլան, այսինքն տումարին կամ ամսոց ամեն մէկ օրն` արեւու շրջանին մէկ մէկ կէտին հետ հաստատ կապուած ըլլայ. եւ այն ատեն հաստատուն եւ անշարժ կ՚ըլլայ եւ կ՚ըսուի տումարն եւ օրերուն երկայնութիւնն. ապա թէ ոչ` ոչ միայն շարժուն այլ եւ շփոթ. եղանակը տարւոյ եւ օրերուն չափն (կարճութիւն կամ երկայնութիւն) որոշ անուն եւ նշանակ մը չեն ունենար- կամ աւելի պարզ ըսելով, ամիսներն եւ իրենց օրերն ամենեւին բան մը չեն նշանակեր, բաց ի թուէն. վասն զի գարնանամուտն` որ հիմայ մեհեկանի կամ արեգի մէջ կու գայ, ատեն մ՚ալ ահկի ամիսը կու գայ, ատեն մը քաղոցի, եւ այլն, ամեն կէտ ամեն ամսոյ ամեն օրուան կու հանդիպին զանազան տարիներ: Ասով երկրագործաց եւ նմանեաց արուեստից շփոթութիւն կ՚ըլլայ, որ օր ընելիքնին չեն գիտնար, եւ ինքն իրեն հարկ կ՚ըլլայ որ հաստատուն տումար կամ օրացոյց մը բնտռեն:

Նոյնպէս եկեղեցական տարին այլ հաստատուն տումար մը կ՚ուզէ անհրաժեշտ. վասն զի ինքն այլ երկրագործի եւ աստեղաբաշխի պէս, եւ այլ աւելի, տարւոյն ամեն մէկ օրը իմանալի երկնից մէկ մէկ կէտին` այսինքն յիշատակի հետ` կապած է- եւ դարձեալ կ՚ուզէ որ այն կէտերն այլ արեգակնային կէտերուն յարմարցընէ, որպէս զի անմոռաց եւ անշփոթ կարգաւ կատարէ իր գործը: Ասոր գլխաւոր պատճառն այլ բնական եւ յայտնի է. որովհետեւ իր յիշատակներն ըստ մեծի մասին երկրիս վրայ եւ որոշեալ օր մը հանդիպած են, կ՚ուզէ որ ամեն տարի նոյն արեգակնային հաստատուն օրուան մէջ հանդիպածը` դարձեալ նոյն օրը` նոյն կէտին անփոփոխ կատարէ, Օրինակի համար, տեառն մերոյ Քրիստոսի մարդեղութեան օրը, կամ Ծնունդը, կամ Քառասնօրեայ ի տաճար գալը, կամ Տիրամօր ծնունդը, Ընծայումը, Վերափոխումը, կամ Առաքելոց եւ Լուսաւորչաց նահատակութեան եւ մահուան օրերը` ճիչդ նոյն եղանակին նոյն օրերուն կատարէ: Արդ եթէ այս յիշատակներս մեր Հայոց անհաստատ տօմարին օրերուն վրայ հաստատէր եւ ըստ այնմ առնէր, ի՞նչ կ՚ըլլար. - օր մը Ծնունդը ձմեռուան խորը կու տօնէինք, որ մ՚այլ ամառուան տաքերուն: Վերափոխումը` մէկ մը չնկան օրերը, մէկ մը ձիւներու մէջ- ըստ այսմ ամեն տօներ եւ յիշատակներ այլ անդադար եւ անպատճառ կու փոփոխէին:

Ոչ ոք յանձն կ՚առնու այս բանս. տեղ մը եւ եկեղեցի մ՚ալ չկայ` որ յանձն առած ըլլան: Ըսել է որ շարժուն եւ անհաստատ տումար ունեցողք այլ` այս բանիս համար հաստատուն կերպ մը տումար մը բնտռած եւ ընդունած են. նոյնպէս այլ երկրագործութեան եւ ուրիշ կարեւոր արուեստից եւ քաղաքական կարդաց եւ հանդիսից համար` պէտք է որ հաստատուն տումար մ՚այլ ունեցած ըլլան այն ամեն ազգք եւ ժողովուրդք` որք չափաւոր քաղաքականութիւն եւ կրթութիւն մ՚ունեցեր են, ինչպէս մեր Հայոց ազգն այլ` շատ դարերէ առաջ: Ուրեմն մեր ազգն այլ իր շարժուն քաղաքական տումարէն զատ` անշարժ, հաստատուն եւ հին տումար մ՚ունեցեր է. տումար մը կրօնական, երկրագործական եւ քաղաքավարական, որով եւ հաստատ ժամանակագրութիւն մը:

Ահա այս տումարս եւ ասոր սկիզբը, եւ մեր ժամանակաչափութեան կամ թուականին հաստատուն եւ հին կէտը` կ՚ուզեմ գտնել եւ ցուցընել քեզի այսօր, Հայկակ:

Բ

Եկեղեցական կարգաց նկատմամբ` հաստատուն տօմարի պէտքն միանգամայն հաստատութիւնն` արդէն ծանօթ էր քեզի, եւ գիտէիր որ մենք մեր շարժական տարիէն զատ` եկեղեցւոյ համար ունիմք անշարժ յուլեան տօմար մ՚այլ` որ Յայսմաւուրաց կ՚ըսուի, այս տօնական կամ սրբագիր գրոց մէջ գործածուած ըլլալուն համար, հոն տարւոյն ամեն մէկ օրուան վրայ հաստատուած են տօնք սրբոց եւ տէրունականք, ըստ օրինակի Յունաց եւ Լատինաց, եւ միշտ անշարժ կու մնան տօնք, նահանջ այլ ընելով, աւելեաց 5 օրերուն վրայ վեցերորդ մ՚այլ դնելով ամեն չորս տարի, (փոխանակ փետրուարի վերջը):

Ահա ուրեմն ունինք եղեր հաստատուն տարի մ՚այլ, սակայն այս Յայսմաւուրաց կարգաւորութիւնն շատ հին չերեւիր. ԺԳ դարուն մէջ շինուած են մեր հիմայ ունեցած Յայսմաւուրքն: Բայց տօները այսպէս հաստատուն աւուրց վրայ բաժնող եւ կարգաւորողն` դար եւ կէս այլ առաջ եղած է, մեծ գիտնական եւ սոփեստէսն Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետն. որ յամին 1116 նորոգեց տումարը, եւ այս հաստատ կերպը դրաւ. նոր թուական մ՚այլ սկսելով Քրիստոսի 1084 տարիէն, որ ըսուեցաւ Փոքր կամ Մտրուկ, հինգհարիւրեակ ըսուած 532 տարուան շրջանն, սկսուած մեր մեծ թուականին հետ (յամին Քրիստոսի 552). եւ երբ նորէն տօնից շփոթութիւն կ՚ըլլար, Սարկաւագ` մանր եւ յստակ քննութեամբ տումար մը գրեց, ցուցուց սխալմանց պատճառը եւ հարկաւորութիւնը նոր եւ անփոփոխ դասաւորութեան տօնից, զոր եւ ըրաւ. եւ այնուհետեւ գործածելի եղաւ, եւ իր անուամբ կոչեցաւ Սարկաւագադիր կարգ: Իր, կամ Յայսմաւուրաց հաստատուն տարին կու սկսի ի 11 օգոստոսի (ըստ հին տումարի, ըստ նոր տումարի հիմայ 23ի). այս տարեգլխին օրուան պատճառը քիչ մը վերջը կու տեսնենք:

Յառաջ քան զՍարկաւագ ի՞նչպէս կու վարէին եկեղեցականք. - յայտնի է որ հինգհարիւրեակ կամ 532 տարուան շրջանով, որով ամեն եկեղեցիք այլ կու վարէին. սակայն դիւրութեան համար միշտ կու վայելէր պարզ հաստատուն տումար մ՚ունենալն, զոր մեր առաջին տումարագիրքն` Ներսէս կաթուղիկոսի ատեն, յամին 553, չէին դրած. բայց անկարելի էր որ իրենք այլ չունենային` թէ եւ անկատար` մէկ որոշ կանոն մը, կամ քանի մը հաստատուն տօներ. անկարելի էր որ իրենցմէ դար մ՚առաջ եղած թարգմանիչք մեր եւ անոնց աստուածաշնորհ առաջնորդքն Սահակ եւ Մեսրովպ, ամեն ազգաց գիտութեամբ հմտացեալքն` կարգաւոր տումար մը չունենային, գոնէ եկեղեցւոյ մէջ: Եւ յիրաւի կու գտնեմք որ, Ա. կան հին տօնացոյցներ կամ հին կարգաւորութիւն տօնից` զոր Ս. Սահակ դասաւորած է, ըստ վկայութեան նախնեաց, որոց մէջ երկու կերպ դասաւորութիւն կայ. մէկ մը ըստ ամսոց Յունաց կամ Լատինացւոց, այսինքն մասն մի տօնից` յուլեան տումարին ամսոց վրայ հաստատուած, մաս մ՚այլ հին Հայոց ամսոց վրայ. եւ ինչպէս առաջինք` այսպէս ասոնք այլ անշարժ են, եւ ասոնց տարեգլուխն (կամ առաջին ամիսն նաւասարդ) այլ` Սարկաւագայ պէս օգոստոսէն կու սկսի. ըսել է որ Սարկաւագ այլ Ս. Սահակայ հետեւեր է: - Բ. Ս. Սահակայ աշակարտաց թարգմանած գրոց մէջ քանի մը տեղ յոյն կամ եբրայեցի հաստատուն օրերուն դիմաց` Հայոց ամսոց օրեր գրուած են, ըսելով, «որ է հայերեն» այս ինչ ամիս եւ այս քանիներոդ օր ամսոյն: Արդ եթէ հաստատուն հայ տարի մը չենթադրէին` չէին կրնար այնպէս ըսել. եւ հաստատուն տարի մ՚ենթադրելնին յայտնի է անով` որ այն յուլեան տումարի պատշաճեցուցած օրերնին` կամ ճիշդ Սարկաւագադիր կարգին, կամ Յայսմաւուրաց տարւոյն օրերուն կու համաձայնին, կամ անոնց մօտ: Անոնց մօտ ըսածս այս է. մեր նախնիք երբեմն Յունաց կամ Ասորւոց գրքեր թարգմանելու ատեն` ամսոց օրերուն համեմատութիւնը դիւրացընելու համար ուրիշ ճար չեն գտած, բայց եթէ միացընել մեր եւ անոնց ամսոց սկիզբները, այսինքն առջի օրերը. այսպէս, արեգի, մարտի եւ նիսանի մէկերը մէկտեղ սկսելով, նաւասարդի, օգոստոսի եւ իլուլի մէկերը մէկտեղ. եւ այլն: - Գ. Երբեմն ալ մեր նախնիք փոխանակ արեգի` նաւասարդը զուգած են ընդ մարտի եւ նիսանի: Ըսել է ուրեմն` որ Սարկաւագէն 700 տարի առաջ այլ` մեր գրոց թարգմանութեան ատեն` նոյն օրինակով հաստատուն հայ տարի մը կու ճանչցուէր` շարժականէն կամ քաղաքականէն զատ:

Կու մնայ գիտնալ թէ հապա յառաջ քան զՍ. Սահակ` իր նախորդ եւ համարիւն հայրապետքն, մինչեւ ի Ս. Լուսաւորիչն, ի՞նչ տումար կու բանեցընէին եկեղեցւոյ տօնից. կամ անկէ առաջ` Տրդատ հայրենասէր մեծ թագաւորն, իր Արշակունի նախնիքն, եւ անոնցմէ առաջ մեր բնիկ Հայկազունքն` ի՞նչպէս կու տօնէին իրենց ազգային տօները, զոր ի հարկէ ունէին. եւ արդէն գիտեմք անոնց մէկ քանին, ինչպէս Նաւասարդաց կամ Ամանորեայ (նոր տարւոյ) տօները, Աստըղկան տօնը, Վարդավառի տօնը, եւ այլն. որոնք իրենց առաջին ամսոյն (նաւասարդի) մէջ կու կատարուէին, ծառոց ծաղկանց եւ ջուր ցանելու կամ ջրոց մէջ լողալու խաղերով. - գիտենք այլ որ Հայաստանի մէջ այսպիսի խաղեր` տարւոյն միայն քանի մ՚ամսոց մէջ կրնան կատարուիլ, երկրին երկարատեւ ցրտութեանը համար. - անկարելի էր որ այն տօներն շարժական տարւոյ օրերու վրայ կապուէին, եւ յայտնի այլ է հաստատուն օրերու վրայ դրուած ըլլալնին. իրենց տարեգլուխն եւ նաւասարդն այլ` յուլեան տարւոյ օգոստոսի 11ին էր: Եւ որովհետեւ անտարակոյս գիտենք որ քաղաքական շարժուն տարին այլ մի եւ նոյն հայկական 12 ամիսներով եւ աւելեաց հինգ օրերով կու բանէր, հարկ է ըսել թէ ուրիշ հին գիտուն ազգաց պէս երկու տարի ունէին, մէկն քաղաքական, միւսն սրբազան` օր էր հաստատուն, եւ անտարակոյս ասոր սկիզբն էր հինգ ամսով մ՚առաջ, արեգ ամսէն սկսելով, որուն անունն կու նշանակէ զարեւ. եւ կու սկսի բուն արեգակնային ըսուելու վայելուչ օրէն, այսինքն գարնանամուտէն (յ՚9-21 մարտի). եւ ասով այլ նաւասարդի գլուխն կամ քաղաքական տարեմուտն` նոյնպէս ճիշդ օգոստոսի 11ին (23ի) կու հանդիպի:

Գ

Տարին գարնանամըտին օրը սկսելն (ինչպէս որ Հրեայք եւ Պարսիկք այլ կ՚ընէին իրենց կրօնական կարգաց համար`) շատ վայելուչ եւ բնական է, եւ մեծ պատիւ կ՚ընէ անոր` որ զայս նախ գտաւ եւ դրաւ. եթէ ըլլայ Մովսէս մարգարէն` ըստ Հրէից, եւ եթէ ըլլայ իրմէ ալ հին մէկը` զոր Հայք իրենց ազգին այլ, տումարին այլ, ամենայն պարծանաց այլ հեղինակ եւ նահապետ կու ճանչնան: Բայց ինչո՞ւ քաղաքական օրինօք նաւասարդն` օգոստոսի 11ին ըլլայ գլուխ տարւոյ եւ աշխահաժողով տօնից. անանկ օր մը` յորում արեգակնային շրջանին մէջ նշանաւոր կէտ եւ հանդիպում մը չկայ: Ո՞վ էր դրած այս կարգը, զոր մեր Ս. Թարգմանիչք այլ բռներ են, Սարկաւագն այլ, Յայսմաւուրք այլ պահեր են. եւ որ մեծն է` Հայոց մեծ թուականը հաստատողքն այլ նոյնպէս անփոփոխ թողեր են. վասն զի իրենց տումարը նորոգելուն եւ թուականը կարգելու տարին` ամենեւին չդիպան տարեգլխոյն, որ այն տարի յուլիսի 11ին կու հանդիպէր, այսինքն Հայոց քաղաքական շարժուն տարւոյ գլուխն կամ նաւասարդն` Քրիստոսի 552 թուականին` կու սկսէր ի 11 յուլիսի: - Արդ թէ որ իրենցմէ, եւ նաեւ մեր Թարգմանիչներէն առաջ Հայ տօրմարադիր մը բնտռէնք, ասոնցմէ 300 տարի վեր ելնելու է, մեր բազմահանդէս Բ Արտաշիսի օրերը. վասն զի թէպէտ մեր Արշակունեաց նախահայրն Վաղարշակ` շատ գեղեցիկ կարգեր եւ սովորութիւններ հաստատեր էր ի Հայս, կ՚ըսէ Խորենացին . ԾԹ. ) բայց չէր դրած «զշաբաթուց եւ զամսոց եւ զտարեաց բոլորմանց» գիտնական եւ օրինաւոր կարգ մը. այլ «այս ամենայն յօրինի յաւուրս Ար«տաշիսի»: Ասոր թոռն այլ Վաղարշ կարգեաց նաւասարդի նոր տարւոյ տօները աշխարհախումբ հանդիսիւ կատարել ի Բագրեւանդ, իր հօրեղբօր Մաժան քրմապետին գերեզմանին եւ բագնին քովերը. բայց ոչ սա եւ ոչ իր պապն Արտաշէս` չեն Հայոց բնիկ տումարը եւ ազգային տօնը կարգադրողքն. մանաւանդ թէ Արտաշէս կերպով մը խափանած կ՚երեւի Հայկազանց կարգադրութիւնը, թէ եւ աւելի կանոնաւոր տումար մը մտցընելով, որ էր անշուշտ յուլեան տումարը, առնըլով ի Հռովմայեցւոց. վասն զի գիտեմք ի պատմութենէ` որ առաջին ինքն եղաւ Հռովմայեցւոց հարկատու. իր ատեն կայսրն Տրայիանոս զՀայաստան Հռովմայեցւոց ինքնակալութեան գաւառ սեպեց. (թէ եւ քանի մը տարի ետքը Ադրիանոս կայսր` նորէն կէս ազատ թողուց). այն ատենները նաեւ Կապպադովկացիք` (որոց հին տօմարն եւ ամսոց անուանքն մօտաւոր են Պարսից եւ Հայոց) ընդուներ էին Հռովմայեցւոց տումարը. ըսել է որ Արտաշիսի ըրած տումարի կարգադրութիւնն ալ, ի 122 թուին Քրիստոսի, էր Հռովմայեցւոց տումարին համաձայնութիւն մը, թողլով ըստ մասին հին Հայկազանց կարգը եւ ժամանակաչափութիւնը: Այս բանիս վկայ կ՚ըլլայ հնախոյզ եւ բազմահմուտ Սարկաւագն մեր, որ կ՚ըսէ, թէ «հաւաստապէս ի ՃԻԲ ամ Քրիստոսի աւարտ առ «Թուականն Հայկայ». թուականին աւարտիլն` ոչ լմըննալ` այլ ի հարկէ դադրիլ իմանալու է. իսկ Հայկայ թուական ըսածն այն է` զոր աւելի յարմարապէս յետոյ կ՚անուանէ ՀԱՅԿԱՅ ՇՐՋԱՆ. որ եւ մեր անշարժ եւ շարժուն տարիներուն եւ հին եւ հնագոյն տումարին ծանօթութեան պատճառ եւ առիթ պիտի ըլլայ հոս:

Վերը յիշեցինք որ մեր թէ շարժուն եւ թէ անշարժ տարւոյն սկիզբն կամ նաւասարդի գլուխն կ՚ընկնայ յուլեան տումարին օգոստոսի 11ին (նոր տումարի 23). այս բանս մէկէն կ՚իմացընէ որ ատեն մ՚եղած է որ երկու տեսակ տարիներն այլ նոյն մէկ օրն սկսած են, երկուքին նաւասարդքն այլ ի 11 օգոստոսի են եղեր, եւ երեք տարի միաբան երթալով` չորրորդ տարին շարժուն կամ քաղաքական տարին` սկսեր է ի 10 օգոստ. յետ չորս տարւոյ այլ` յ՚9 օգոստ. եւ այսպէս ամեն չորս տարի օր մ՚առաջ սկսելով` հեռացեր եւ կանխեր է քան զանշարժ տարին: Արդ ըսինք որ Հայոց տումարին սկզբնաւորութեան տարին (552 Քրիստոսի) նաւասարդի մէկն ի յուլիսի 11-ին էր, ճիշդ ամիս մը կամ 31 օր առաջ քան զանշարժ տարին. ըսել է որ 31 անգամ նահանջ չընելով` չորս տարին հեղ մը` այսպէս յառաջացեր էր քաղաքական տարին, արդ 4 անգամ 31 տարին կու գումարեն 124 տարի. ըսել է թէ տումարին նորոգութենէն 124 տարի առաջ թէ' կրօնական եւ թէ քաղաքական տարին նոյն օգոստոսի 11ին սկսած են, որ էր Քրիստոսի 428 տարին. (վասն զի 124-552- 428):

Ա՚լ աւելի վերը յիշեցի որ մի եւ նոյն ամսոյն օրն` արեգակնային կամ երկնից նոյն եւ մի որոշ կէտին հանդիպելու համար` պէտք է 1461 անհաստատ եւ 1460 հաստատ տարի, ուրեմն որպէս զի Հայոց երկու նաւասարդքն` կամ երկու տարեգլուխքն այլ իրարու հանդիպին, մի եւ նոյն օրը սկսին, պէտք է որ 1460 նահանջաւոր կամ 1461 աննահանջ տարի անցնի. կամ աւելի ուսումնապէս ըսելով` 1460 տարեկան շրջան մը: Արդ ինչպէս քիչ մ՚առաջ տեսանք` մեր այս երկու տեսակ տարիներուն զուգաւորութիւնն եղած էր ի թուին Քրիստոսի 428(11 օգոստ). անկէ ետեւ դեռ չէ հանդիպած, բայց մօտ է հանդիպելու` յամին 1888. որով կու լրանայ շրջան մ՚այլ 1460 ամաց մեր թարգմանչաց օրէն մինչեւ ի մեզ. իսկ անկէ (428 էն) առջի 1460 ամաց շրջանն սկսած էր յամին 1032 նախ քան զթուականն Քրիստոսի. անկէ առջի շրջանն այլ բնականապէս (1460 տարի ալ առաջ) յամին 2492 նախ քան զթիւ Քրիստոսի: Ահա այս շրջանս է ՇՐՋԱՆ ՀԱՅԿԱՅ, եւ այն Քրիստոսի թուականէն առաջ 2492 տարին` է ԹՈՒԱԿԱՆՆ ՀԱՅԿԱՅ, որ եւ կրնայ ըսուիլ արժանապէս` ստուգագոյն եւ փառաւորագոյն ՀԻՆ ԹՈՒԱԿԱՆ ՀԱՅՈՑ, եւ սկիզբն ժամանակագրութեան. որոյ սկիզբէն մինչեւ հիմայ (Քրիստոսի 1870 թուականին) կ՚ըլլայ 4362 տարի: Այս է հարիք Հայոց ազգիս մինչեւ հիմայ, որուն նման հաստատ թուականով` բաց ի Հրէից, Չինաց եւ ի Հնդկաց` հիմայ չկայ ուրիշ հին ազգ մը:

Դ

Բայց այս պարծանքս կամ գիտութիւնս ապահովելու համար նաեւ օտարաց առջեւ, պէտք է հաւաստենք քանի մը փաստերով եւ աւանդութեամբք այլ, ի վերայ երկու փաստիցն զոր հիմայ յիշեցի. այսինքն, մէկ մ՚որ մեր երկու տեսակ տարիներուն զուգաւորութեան սկիզբն` կու հանդիպէր ի 1032 ամն նախ քան զՔրիստոս. եւ զի ազգերնուս հնութիւնն` յայտնի է թէ Քրիստոսէ 1032 տարիէն աւելի առաջ է, ապա անկէ առջի հանդիպութեանը տանելու է, որ է 2492ն: Եւ երկրորդ` որ յայտնապէս Սարկաւագ վարդապետ հին տումարներէ եւ պատմութիւններէ քննելով ճանչցեր, վկայեր եւ յայտներ էր այս Հայկայ Շրջանս:

Ուրեմն մեր թուականին եւ շրջանին սկիզբը գտնելու համար, քննենք թէ ինչու՞ արդեօք Հայոց նոր տարին 11-23 օգոստոսի հաստատուած է. եւ ինչու՞ Հայկայ շրջանն սկսաւ 2492 տարի Քրիստոսէ առաջ. վասն զի ոչ աստեղաբաշխական պարագայ մը եւ ոչ նոր եղանակ մը կու հանդիպին տարւոյն այն օրուանը վրայ. պէտք է ուրեմն ասոր պատճառը բնտռել պատմական դիպաց մէջ: Եւ նախ օտարազգեաց մէջ ընտըռելով ի հին պատմութեան, կու գտնենք իրաւցընէ Եգիպտացւոց մէջ (որ եւ մինակ կրնան հնութեամբ Հայոց հետ մրցիլ, եւ որոնց հետ դեռ ուրիշ շատ նմանութիւններ ունին` որ դեռ լաւ ապացուցուած չեն), կու գտնենք որ այն Նեղոսի ափանց բնակիչքն` իրենց այն բարեբուղխ գետոյն հարսանեաց տարեկան հանդէսը` արդարեւ աշնանային գիշերահաւասարէն ամիս մը առաջ կու կատարէին, որ է ճիշդ 11-23 օգոստոսի, Հայոց տարեգլխին օրը: Մեր ազգն ալ այս տարեգլխին հանդէսներուն մէջ, կու տօնախմբէր հեթանոսութեան դարերուն մէջ ջրհեղեղին յիշատակը, ինչպէս ինչուան մեր օրերն ալ կու կատարուին` ջրի խաղերով եւ աղաւնի թռցընելով ի տօնի Վարդավառին կամ այլակերպութեան Քրիստոսի. վասն զի մեր սուրբ հարք օգոստոս ամսոյն 6-ին հաստատած էին այս տօնը, նոր տարիէն հինգ օր ետեւ, եւ նոյն օրը մեր հեթանոս նախնիք նուիրած էին իրենց Աստղիկ դիցուհւոյն. իսկ տարւոյն սկիզբն` ունէր իր առանձին աստուածը: Բայց թէպէտ եւ այս երկու տօներն` եգիպտական եւ հայկական` թէ օրերուն յարմարութեամբը եւ թէ յիշատակաց` յարաբերութիւն մ՚ունէին իրարու հետ, ի վերայ այսր ամենայնի այս երկու հին ազգաց շրջաններն մէկմէկու չէին համեմատիր, այսինքն նոյն օրը չէին սկսիր ու լմըննար: Ասկէ զատ` այն հանդիսից տօնախմբութիւններն չեն ապացուցաներ օրուան ընտրութեան պատճառը, վասն զի այն օրն չի միաբանից որ ջրհեղեղին սկզբանը եւ ոչ վերջանալուն հետ, եւ ոչ Նեղոսին ջրոցն աճմանը կամ նուազմանը, եւ ոչ Շնիկ աստեղ արեգակնային ամբարձմանը հետ. ապա ուրեմն ուրիշ պատճառ պէտք է բնտռել, թէ մեր Հայկայ շրջանին եւ թէ իր առջի օրուան համար:

Բայց նախ կարճ մը պարզեմ, Հայկակ, այս աստեղաբաշխական յիշատակութիւնս, վասն զի ամեն ստոյգ տումար եւ ժամանակի չափ` աստեղաց շարժմամբք եւ շրջանօք կ՚ըլլայ: Հայկայ շրջանն այլ ծանօթ նաեւ ուրիշ ազգաց` ուսումնապէս կ՚ըսուի Շնկան շրջան, կամ ըստ Եգիպտացւոց Սոթիական շրջան, իրենք Սոթիս կ՚անուանէին Շնիկ աստղը, որ Շուն համաստեղութեանց մէջ է եւ Փոքր Շուն այլ կ՚ըսուի, եւ քան զամենայն աստեղս պայծառագոյն է: Իրենց երկրագործութեան համար ամենահարկաւոր էր գիտնալ Նեղոս գետոյն աճելու եւ նուազեու օրերը, սկիզբը եւ վերջը, եւ դիտելով գտան` որ աճման սկիզբն կ՚ըլլար ամառնային արեւադարձին ատեն, եւ գտած ատեննին Շնիկ աստեղ երեւնալն այլ արեւուն ելնելէն առաջ, (որ ուսումնապէս արեգակնային ամբարձումն կ՚ըսուի) նոյն օրերուն հանդիպեցաւ. ուրեմն այն օրն իրենց տարեգլուխ դրին. բայց որովհետեւ իրենք ալ մեզի պէս քաղաքականօրէն շարժուն տարի կու գործածէին, որով ամենայն տօնք եւ երկրագործութեան կարգեր կու փոփոխուին, հաստատ կրօնական եւ գիտնական տարի մ՚այլ դրին աստեղաբաշխական քննութեամբք, եւ ճանչցան 1460 տարուան շրջանը. իրենց երկու տեսակ տարիներու սկիզբն այլ կու զուգաւորէր Շնկան երեւնալուն, արեւադարձին եւ Նեղոսի ամբարձման հանդիպած մի եւ նոյն օրը: Այս է Սոթիական կամ Շնկան շըրջանն: - Դառնանք հիմայ մեր յիշատակաց:

Մեր հին տօմարագիրք եւ Յայսմաւուրք կ՚ըսեն, թէ յետ խառնակութեան լեզուաց ամեն նահապետ կամ ազգապետ Բաբելոնէն դառնալով այն երկիրը ուսկից ելեր էր, կամ ուր որ կ՚երթար գրաւելու, պատուիրեց իր հետեւողացը որ տոնախմբեն հայրենիքը մտնելնուն տարեդարձը: Մեր Հայկ նահապետն ալ, կ՚ըսեն, մտաւ Այրարատ աշխարհքը կամ իր Թորգոմայ հօրը բնակած երկիրը` օգոստոսի 11-23-ին, եւ հրամայեց որ նոյն օրը տարւոյն սկիզբն սեպուի: Կու հաստատեն դարձեալ, թէ այս դիւցազնս առաջին եղաւ տարեցոյց տալու իր նորածին ազգին, զոր եւ կու պահէ մեր ազգն մասամբ անփոփոխ, ինչպէս որ իրենաւանդուեցաւ այն նախնական դարերուն մէջ:

Այս է ահա մեր մէջը օգոստոսի 11-ին տօնին պատճառն: Երկրորդ եւ աւելի ստոյգ պատճառն է` Հայկայ դարձէն քիչ տարի վերջը` Բելայ յաղթուիլն եւ սպանումն (որ եղաւ յամի 2492 Քրիստոսէ առաջ), ինչպէս որ ցուցուց հասարակ հայկական թուականին անընդհատ յաջողութիւնն: Մեր պատմութեան ժամանակագրութիւնն ալ (որ դժբաղդաբար բաւական ճոխ չէ այս հին ժամանակաց վրայօք), կ՚ընծայէ մեզի թուական մը` հայկայ թուականին ցուցածին մօտ: Յովհաննէս կաթուղիկոս ի Հայկայ ցՎաղարշակ 2295 տարի կու դնէ. անկէ այլ մինչեւ ի Քրիստոս 149 տարի, գումարն է 2444, որով միայն 48 տարի պակաս կ՚ըլլայ քան զմեր թուականս (2492), բայց եթէ Հայկայ մահը սեպեմք կաթուղիկոսին յիշածը` կրնայ մերինին հետ ճիշդ համաձայնիլ: Մեր խնդրոյն համար աւելի պիտանին այս է, որ հին օտար ժամանակագրութիւն ալ ամենայն ճշդութեամբ կու համաձայնի Հայկայ թուականին հետ. վասն զի Ափրիկանոս եւ Եւսեբիոս իրենց մանրամասն թիւերովը Բելայ թագաւորութեան վերջը կու նշանակեն վերոյիշեալ 2492 տարին Քրիստոսէ առաջ: Այս համաձայնութիւնքս Հայկական թուականին` օտար ժամանակագրաց տուած թուականին հետ, եւ վկայութիւնք մեր տօմարագրաց եւ Յայսմաւուրաց, կարծեմ բաւականապէս իրաւունք կու տան մեզի առանց տարակուսի ընդունելու Հայկայ շրջանին եւ մեր ազգութեան սկիզբը` Քրիստոսէ առաջ 2492 տարին. եւ մեր ազգային գերագոյն տօնին համար` օգոստոսի 11-23 ը. որ այդ Հայկայ թուականին առաջին տարին` կու հանդիպի չորեքշաթբի օր մը. որ եւ հաւանօրէն տարուէ տարի տօնելի օր մ՚եղաւ Հայկազանց. եւ կըրնամք ընդունիլ մեր պատմըչաց երկիւղած աւանդութիւնը, որք Հայկայ գործոց մէջ դիւցազնական քաջութենէ վեր բան մ՚ալ կու դիտեն, - կրօնական դիմադրութիւն մը, ազատութիւն մը ի բռնութենէ առաջին կռապաշտին, կամ անոր` որ Աստուծոյ վայլած պատիւը եւ պաշտօնն` իր անձին կու սեփականէր: Ասոր համար այս տօնական օրս եւ հանդէսս պէտք է մեզի կրկնապատիկ սրբազան եւ սիրելի ըլլայ:

Առաջին շրջանն Հայկայ լրացաւ Դաւիթ մարգարէի թագաւորութեան եւ մեր Պերճ (Բ) հայկազին ազգապետութեանը ժամանակ, յամին (1032 նախքան զՔրիստոս): Իսկ երկրորդ շրջանն լրացաւ` զարմանալի հանդիպութեամբ` այն մեզի համար շատ ցաւալի տարին, յորում կերպով մը նաեւ ազգերնուս միանձնաբար ինքնակացութիւնն այլ լրացաւ լմնցաւ, - յամին Քրիստոսի 428, - ուրբաթ օր մը: Այն սեւ տարին (428) էր որ մեր վերջի թագաւորն Արտաշէս Արշակունի` թագէն զրկուեցաւ, եւ Հայք իրենց ազգային միապետէն. այն տարիէն ի վեր Հայաստան երկու մեծ տէրութեանց մէջ բաժնուեցաւ (Յունաց եւ Պարսից), եւ ազգն երկու տերանց ծառայ կամ հպատակ եղաւ. եւ որ աւելի շատ զարմանալի է, անկէ վերջը ամբողջ Գ շրջան մ՚այլ լրանալու մօտ է (վասն զի 1442 տարին անցեր է), եւ ազգերնիս միշտ նոյնպէս մնացեր է` երկու կամ իրեք մեծ տէրութեանց մէջ բաժնուած, թէպէտ եւ հազար ու մէկ քաղաքական փոփոխութիւնք եւ տիրապետութիւնք եղած են այս երկայն 14 ու կէս դարուց մէջ թէ ի Հայաստան, եւ թէ իր մօտ աշխարհաց մէջ: Այս Գ շրջանս` յորում եմք, սկսած է շաբաթ օր մը. եւ պիտի լրանայ քիչ տարիներէ ետեւ` յամին 1888 յորում օգոստոսի 11-23 ն հինգշաբթի օր մը պիտի սկսի Դ շրջանն, զոր ամենայն սրտով կու մաղթեմ քեզի, Հայկակ, եւ ամենայն քու ժամանակակից ազգայնոց` որ երջանիկ սկզբնաւորութեամբ ըլլայ, եւ օգտակար միաւորութեամբ մը բոլոր Հայազգեացս:

Յետ այսչափ վկայութեանց աւանդութեան եւ պատմութեան եւ ազգային եւ օտար ժամանակագրութեան, զոր 40 դարէ ի վեր ամբողջ ազգ մը ընդուներ է, եւ հաստատեր են մեր հռչակաւոր մատենագիրներն եւ եկեղեցական Հարք, պէտք չէ՞ վայելուչ սեպել, ընդունիլ եւ տօնախմբել այսպիսի յիշատակ մը, տօն մը, որ է Հայկայ. կամ յանդգնութիւն եւ անտեղութիւն չէ: առասպել սեպել այն ամեն բանը` որ պատմական ժամանակաց սովորական շրջանէն վեր կ՚ելլէ. մանաւանդ երբ այնպիսի հին ժողովրդեան, մը վրայ է խնդիրն` որուն պէտք է դիմէ ամեն ժողովուրդ որ իր ծագումը բնտռէ, այսինքն մարդկութեան հայրենիքը, Եդեմայ երկիրը: Ժխտելէն, չհաւանելէն դիւրին բան չկայ. բայց չկայ նաեւ աւելի դժուարին բան մը` քան զիրաւամբք ժխտելն: Իսկ ես կու հաւանիմ տեսնել, (նաեւ յանձն առնլով ամենէն անաչառ քննութիւնն ալ) մեր հայրենեաց մէջ յետ Ադամայ եւ յետ Նոյի` Հայկ մը, եւ կ՚ուրախանամ ի հանդիսին վրայ, որուն չեմ ալ վախնար հրաւիրելու բոլոր յաբեթական ցեղին սերունդները, որոնք այն հին ժամանակը չունէին այնպիսի երեւելի գլուխ մը կամ ներկայացուցիչ մը` ինչպէս էր մեր Հայկն:

Սակայն մի կարծեր, Հայկակ, թէ ինչ որ պատմութիւն կամ աւանդութիւն կու զրուցեն մեր Հայկայ վրայ, ամենն ալ կ՚ուզեմ հաւատալի սեպել: Անտարակոյս է որ Հայոց ազգն ունէր գլուխ մը կամ նահապետ մը` ժամանակակից Բելայ, Բաբելոնի աշտարակին շինութեան ատեն, եւ այս շէնքի կործանմանէն վերջը` եկաւ ապաւինեցաւ Այրարատայ երկիրը, որ անկէ ետեւ իր անուամբը կոչուեցաւ: Իր անունը, ըստ վրաց ՀԱՈՍ, մեր մէջ կ՚ըսուի ՀԱՅԿ, որ ըստ քերականական կանոնի լեզուիս` ՀԱ միավանկ բառին նուազականն կրնայ սեպուիլ, այս անուամբ կը ճանչնամք մենք մեր ազգը, եւ ոչ Արմէն կամ Արամեան, ինչպէս որ օտարազգիք, կ՚ըսեն: Երբեմն մեր նահապետին անունն վերջագիր յօդով մը կը դրուի Հայկն, մանաւանդ երբոր զՈրիոն նշանակէ, վասն զի այսպէս կոչուած է այս համաստեղութիւնս` մեր սուրբ Գրոց եւ եկեղեցւոյ սուրբ եւ իմաստուն հարց գրուածոց մէջ. որք հարկաւ ասով ազգային հին աւանդութեան մը կու հետեւէին, ուսկից հաւանական է որ Յոյնք հնարած ըլլան իրենց Որիոնի առասպելները, եթէ հարկ սեպելու ըլլանք որ այս երկու ազգերէն (Հայք եւ Յոյնք) մէկը մէկալէն առած ըլլայ այդ աւանդութիւնը: Եթէ կարծիք ժողովրդեան եւ եթէ Հայաստանի վիպասանից շողոքորդութիւն, այս համաստեղութեան լոյսն նոր պայծառութիւն մը կու տայ Հայկայ իրական էութեանը վրայ, այս էութիւնս հաստատապէս կու ստուգուի շատ մը աշխարհագրական անուններով այլ, որոնց սկիզբն ի պատմութենէ եւ յաւանդութենէ կ՚ընծայուին մեր դիւցազին: Մասնաւորապէս Վանայ հռչակաւոր բարձրաւանդակին վրայ կը գտնուին այս հին տեղուանքս, պայծառացած Հայոց նահապետէն, որուն զաւականերն պահեցին երկայն ժամանակ, գրեթէ 120 ծնունդ որդւոց որդի յաջորդելով` այն անունները, եւ նաեւ երկրին առաջին շէնքերուն մնացորդները, որոնց մէջ հաստատած են ինչուան հիմայ իրենց ընտանի բնակութիւնները: Այս բարձրաւանդակս արուեստով եւ բնութեամբ զարմանալի, աւելի գեղեցկացած է յաւերժ յիշատակաց արժանի Հայկայ գործքերով, որ դեռ կը հնչեն պատմութեամբ եւ աւանդութեամբ անուանի եղած շէնքերու մնացորդաց մէջ. ինչպէս են նախ եւ առաջ ամբողջ գաւառներ` որք լճին հիւսիսային եւ արեւմտեան կողմը կը պատեն, որոց մէկն կ՚անուանի Հայկայ մէկ որդւոյն անուամբը (Խոռ) Խոռխոռունիք, եւ միւսն իր թոռանը անուամբ (Բազ) Բզնունիք, ուսկից եւ լիճն կոչուեցաւ ծով Բզնունեաց: Ետքը` Նեբրովթայ լեռն. տեղացիք կ՚աւանդեն թէ Ներբովթ ուզեր է լերան գագաթը պալատ մը շինել, որ կործաներ է վրէժխնդիր կայծակներով, եւ ընկղմեր ղ լերան վրայ բացուած վիհերու մէջ: Աս լերան ոտքէն դէպ ի հարաւային կողմը կը տեսնուի երկայն շարք մը մեծամեծ ժայռերու զոր ռամիկն կ՚անուանէ Ուղտու Քարէր, վասն զի կ՚ըսեն թէ Ներբովթայ ուղտերն են ասոնք, որ լճին եզերքէն աւազ կը կրէին պալատին կամ բերդին շինութեանը համար, եւ Աստուծոյ բարկութիւնն զանոնք ի քար դարձուց. եւ հաւանօրէն լերան հրաբուղխի սաստկութենէն փըրթած կամ ժայթքած քարեր են: Լճին հարաւային կողմը Կապուտկող բարձր լեռը կայ ջրերուն մէջ երկընցած, հին ատենէ ի վեր ճանչցուած իր երկաթի եւ կապարի հանքերովն, ասոր հարաւային կողմը մինչեւ հիմայ Բելու, այսինքն Բելայ (որ է Ներբովթ) անուամբ գեղ մը կայ. աւանդութիւնն կ՚ըսէ թէ այս հսկային դիակը հոն իջուցին: Լճին նոյն կողմը, բայց աւելի դէպ յարեւելք Տշող գեղը կայ, ուր ըստ տեղական աւանդութեան, հսկային մարմնոյն մէջէն Հայկայ արձակած նետը քաշեցին, եւ բացուած ծակէն արեւուն ճառագայթներն կողմէ կողմ շողալով կը թափանցէին: Քառասունէն աւելի ջուրեր, առաւել կամ պակաս երկայն ընթացքով` կը թափին լճին մէջ. ասոնց ամենէն մեծն է Հորգոմայ գետը, որ հիմայ Խօշապ կամ Անգղայ գետ (Էնճիլ-չայ) կ՚ըսուի, որուն աղբիւրներն թէպէտ եւ գտնուած չեն, այլ յայտնի է որ արեւելեան կողմէն կու գայ եւ լճին հարաւային արեւելեան անկիւնը կը թափի, գեղի մը քովէն` ուսկից իր անունը կ՚առնու` Հորգոմ: Այս գետոյս լայն եւ ընդարձակ ձորը (որուն մէջ դեռ 40էն աւելի հայաբնակ գեղեր կան` հին Հայկական անունին պահած են. եւ քանի մը հատին վրայ կ՚երեւան խոր հնութեան նշանք Հայկայ ժամանակէն ի վեր), այս ձորս կը կրէ ամենէն սիրելի եւ ամենէն սրբազան անունը բոլոր աշխարհի մը` որ գրեթէ Գաղղիոյ չափ ընդարձակ է, եւ կը կոչուի ՀԱՅՈՑ ՁՈՐ. անուն պարզ, միանգամայն եւ այնչափ վսեմ ուսկից աւելին չէր կրնար տալ նորածին ազգի մը առաջնորդն եւ հայրն, որ տեսաւ այն հեռաւոր սահմաններուն մէջ իր կտրիճ զաւակները եւ թոռները պատերազմիլ իր քովը, աշխարհիս ամենէն ահարկու թշնամւոյն դէմ, սպաննել զնա եւ վաստըկիլ առաջին յաղթութիւնը, որ եւ միանգամայն ամենէն օրինաւոր, ամենէն փառաւոր եւ ամենէն պիտանին եղաւ: Այս զուտ հայկական ձորն ի վեր երթալով` պատերազմական դաշտին կեդրոնը կը հասնինք, եւ ամենէն պատուելի յիշատակարաններու` որ են իրեք տեղիք կամ իրեք շէնք ժամանակակիցք եւ համանունք` հանդիպած դէպքերուն. նախ Հայք (Խէք) գեղն` ուսկից որ ձորն ալ իր անունը կ՚առնու, մեր յաղթող դիւցազն շինեց, նոյն իսկ պատերազմի ճակատին վրայ: Անկից քիչ մը հեռու, դէպ ի հարաւ` Աստուածաշէն գեղը, որուն համար աւանդութիւնն կ՚ըսէ, թէ հոս տեղս Աստուած երեւեցաւ Հայկայ, օրհնեց անոր աղեղը` որ եղաւ իրեն գործիք փառաց, իսկ իր հակառակորդին համար` զէնք մահու: Պատմութիւնն կը ճանչնայ զՀայկ առաջին եւ ամենէն քաջ աղեղնաւոր: Այս երկու գեղերուն մէջ կը գտնուի գերագոյնն յիշատակարանաց, այսինքն ՀԱՅԿԱՅ ԲԵՐԴՆ. ամեն կողմէ զատուած բլուրի մի գագաթան վրայ, եւ իբր հրաշքով մը դաշտին մէջէն բարձրացած. այս բլրոյն բոլոր կատարին երկայնութեան վրայ կը տեսնուի կործանած բերդի մը պարիսպ, որուն դեռ իրեք կամ չորս կարգ մեծամեծ քարերն կը մնան, կիկլոպեան շինութեամբ մը, թէպէտ եւ կը գտնուին տաշածոյ քարեր այլ: Շրջապատին մէջտեղ քարաժայռին մէջ խոռոչ մը կու տեսնուի, որ հաւանաբար ջրհորի տեղ փորուած է: Եւրոպացի ճանապարհորդներէն դեռ ոչ ոք մօտեցեր է այս հեռաւոր առանձին տեղւոյս` որ մարդկային յիշատակարանաց առաջին երեսին վրայ նշանուած է. օտարական մը չէ լսած այն խորհրդաւոր արձագանգքն` որ կը հնչէ Հայկայ դիւցազնական ձայնը մինչեւ յետին որդւոցը ականջը: Մարդ կը կարծէ թէ աստուածային արհաւիրք մը կը տարածուին հոն նախասահմանեալ ազգի մը սրբազան ծագմանը վրայ, եւ հանդարտ հոգի մը կու պտըտի` այն ազգին նախահարցը ուրուականներովն հովանացեալ հովտին մէջ: Բայց ի՞նչ են այդ որորոցին եւ այդ ազնիւ եւ կտրիճ ժողովրդեան աղբերականց քով. - ԳԵՐԵԶՄԱՆՔ. եւ կրնամ ըսել մուտք եւ կորուստք խռովարար եւ անգութ ժողովրդեան մ՚ալ: Այն բլուրին ոտքը, ուր ինկաւ Բել իր ահեղ պատերազմողներովն, իր 60 հսկաներովն, հոն Հայկն իրենց վերջի բնակութիւնը փորեց, եւ անուանեց Գերեզմանք:

Իսկ ինքն կը կարծուի որ քիչ մը ժամանակ ալ բնակած ըլլայ Վան քաղքին քով. վասն զի այս քաղաքիս ընդարձակ պարտէզներուն եւ այգեստաններուն մէջ, որ դէպ ի արեւելեան կողմը կը տարածուին, Հայկավանք անուամբ տեղ մը կայ, մօտ այն քարաժայռի բլրին` ուր շատոնց գտուած էին ձեռագործ այրեր եւ բեւեռաքանդակ արձանագրութիւններ. իսկ նորերս այս բլուրին ոտքը փորելով գտան մեծայարգ հնութիւններ, մետաղէ ամեններ` նոյնպէս բեւեռագիր ձեւերով, ոսկէզօծ կուռքեր, եւ նաեւ ձոյլ ոսկիէ գործուածներ, խեցեղէն անօթներ` անսովոր բաղադրութեամբ, որոնց մէջ գտնուեցան սերմանիք սովորականէն աւելի մեծ հատերով, որոնց դպչելով փոշի դարձան: Վանայ բարձրավանդակին ծայրը, եւ իր արեւելեան կողմը ձեւացընող լերանց պատուարին մէջ` որ հին ատեն Զարասպ կամ Զակրոս լերինք կ՚ըսուէին, կայ եւ Քէլիշին լեռը, որ պարսկերէն ըսել է կապոյտ սիւն կամ արձան, եւ 9, 000 ոտք բարձր է, որուն քովէն հին ժամանակէ ի վեր ճամբայ մը բացուած է Հայաստանէն Պարսկաստան անցնելու. լերան գագաթը յիշատակարան մ՚ալ կայ բեւեռաքանդակ գրերով, եւ իր ոտքը կամ քովը գեղ մը` Հայկ անուամբ, զոր ասորի մատենագիրք այլ յիշած են:

Բայց այս ամենայն տեղերս` որ մեր Դիւցազնին անունը կը կրեն, չէին իր հաստատուն բնակութիւնն, կամ սիրայօժար տեղերը եւ իր տիրական աթոռը. այս ետքինս ուրիշ բարձրաւանդակ երկրի մը վրայ հաստատեց Հայաստանի կեդրոնին մօտ, եւ ոչ հեռու Արածանիէն (այսինքն հիմակուան Մուրատ չայ գետոյն աղբիւրներէն, որ է արեւելեան Եփրատ). Հայկ այս դաշտին այնպիսի անուն մը տուաւ, որ մէկալոնց պէս լաւ յարմարած է, այսինքն անուանեց ՀԱՐՔ. որպէս զի ցուցնէ թէ հոն հաստատեցան անոնք, որք Հայոց ազգին հայր եղան, հոն տեղս աւան մ՚ալ շինեց, որուն հարկաւ իր անունը տուաւ, այսինքն է ՀԱՅԿԱՇԷՆ: Քոխ գերմանացի ճանապարհորդը կը յիշէ այս դաշտիս մէջ (որ հիմայ Խնուս կը կոչուի) գեղ մը Հայկ կամ Փայք անուամբ:

Ե

Կարծեմ, թէ այսչափ նիւթական յիշատակարաններ բաւական են հաստատելու Հայկայ էութիւնը, եւ հաւաստելու իր շրջանը եւ թուականը հանդերձ առաջ ըսած պատճառներովս, որովք մեր մէկ հին հեղինակ մը կու համարձակի զՀայկն հնագոյն քան զՄովսէս մարգարէ` տումարագիր անուանել. աւանդութիւնն այլ կ՚աւելցընէ թէ Հայոց ամսոց անուանքն իր որդւոց եւ դստերաց անուանքն ըլլան. - գուցէ ըլլան ոմանք, բայց յայտնապէս բոլորն այլ չեն: Սակայն պարծանք է իրեն, կամ իրեն յաջորդաց` եւ այդ Հայկայ Շրջանը եւ Թուականը ճանչնալ, դնել եւ պահելը. - պարծանք եւ պատիւ է մեր իմաստասէր Սարկաւագայ այլ` այս հին յիշատակս յարուցանելը Հայկէն 3600 տարի ետեւ, եւ ցուցընել որ մեզի ծանօթագոյն Հայոց տումար եւ թուական ըսուածէն առաջ` կար հնագոյն տումար մը եւ հաստատ տարի մը Հայոց, որ կ՚ըսուի հին տումար Հայոց. եւ այս բանիս համար Յովհաննէս Գառնեցի` մերձաւոր ժամանակաւ Սարկաւագայ` կ՚ըսէ ասոր վրայօք. «Այն` որ զտումարն երեւեցոյց զհին Հային»: Ահա այս հին Հային տումարին հաստատ ամսոցը վրայ էր որ շարեց մեր առաջին տօնակարգն` անմահահունն Ս. Սահակ` Հայոց եկեղեցւոյն սեփական տօները, զատ ի Յունաց ասածներէն` զոր ըստ լատին ամսոց օրերուն դրաւ, անոր համար մեր ազգային ամսօք շարած տօներն ըսուեցան ՀԱՅԱԴԻՐ: Այս անունս է որ երբեմն ես այլ կու բանեցընեմ քեզի պատմելու ատենս մեր հին յիշատակները, զանոնք դնելով իրենց հանդիպած օրը ըստ հաստատուն տումարի: Այս հին հայ տումարս կամ Հայադիրն անշուշտ պահուած էր ազգերնուս կրօնական եւ գիտնական գործոց մէջ. բայց ժողովուրդն քաղաքականօրէն շարժուն հասարակ տարիով կ՚երթար. զոր մեր թարգմանիչք այլ ի հարկէ չէին կրնար փոխել. բայց նորոգողքն տումարի յամին 552 կրնային գոնէ եկեղեցւոյ տօները անշարժ տումարի վրայ հաստատել, եւ չըրին, անոր համար յոմանց շատ կու մեղադրուին: Վերջապէս Սարկաւագ վարդապետ, ինչպէս ի սկզբան ըսի, այս հաստատուն կանոնը դրաւ սրբոց տօնից համար, գոնէ յիշելու զանոնք այն օրերը` յորում հաստատուն տումար ունող ազգք կու յիշեն. այս իր Սարկաւագադիր կարգը հրատարակեց յամին 1116, թէ եւ անկէ առաջ այլ տումարի վրայ բաներ գրեր էր:

Արդ այս է, Հայկակ, մեր նահապետին անուամբ յիշեալ եւ յիշելի Հայկայ Շրջանն, եւ Թուականն Հայկայ, զոր թերեւս արժանի էր մեզի գործածել` աւելի քան զսովորական պակասաւոր թուականն մեր. որով եւ ամեն ազգաց ժամանակագրութիւնն այլ դիւրաւ կրնայինք չափել եւ համեմատել մեր ազգին ժամանակաց հետ: