Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  11 Մայիս 296.

Ա

ԱՀԱՒԱՍԻԿ հասաւ մեղրակաթն Մայիս, գեղեցկագոյնն յերկոտասան հարազատս տարւոյ, գոնէ մեր հայրենեաց եւ անոր նման աշխարհի մէջ. ուր այս ամիսս` հայադիր հայկադիր` Մարերի անուամբ հեզիկ նազիկ կու պարէ ի բլուրս եւ ի բարձունս, բոլորովին կանաչ ու դալարազգեստ. ձեռքն ու ծոցն, գլուխն ու գօտին` փունջ փունջ գոյն գոյն ծաղիկներով լցուած, որք իր թեթեւ գարշապարաց կոխած տեղէն կարծես դուրս բղխեն. արծաթալիք աղբերակունք կանչեն կրկջան. ծաղկափետուր թռչնիկք երգեն պարեն. թեթեւթաթիկ ուլք եւ այծեմունք սահին սուրան. հոտաւոր հովիկք եւ զով զեփիւռիկք ծոպ ծոպ ծամերնին ծածանեն, երբ հովտէ հովիտ ցածնալով բլրէ բլուր ցատքելով` անցնի վազէ բամբիշն բարձանց Հայոց` մրազարդն մարերի: Անոր շողակաթ շոգոլի շնչէն` ծաղկըներն վառ վառ շողշողան, պտղունք խայծ խայծ խանձին կարմրին. եւ եթէ ձայնն անուշիկ հասնէ՜ր ակընջիդ Ո՜հ, երգն հայկածնին մարերեայ` Հայոց հովասուն բարձանց վրայ, հազար տարիներ առաջ, երբ իր ազգն տէր ու ժառանգ էր բոլոր իր աստուածապարգեւ երկրին, այն ատենուան մրազարդ մարերեայ երգն այլ` իրեն նման աննման էր. մեր նոր ըսած երգերն` ինչպէս չոր տերեւ մը վարդի դիմաց` չէին կրնար կենալ. ոչ մեր գուսանք եւ ոչ օտար երգիչք կրնան անոր արձագանգներն արթնցընել բարձր Հայոց պաղանձաւաց մէջ. եւ թէ ճաշակիկ մը, ձայնիկ մ՚ուզեմք երազել, թերեւս միայն Բեթելայ բլուրներէն լսուած վայելէ մեղրաբերանն մարերեայ. որ թուի` թէ դեռ Եփրատայ երիտասարդ վտակներով ծաղկած ծածուկ ծմակէ մը կ՚երգէ. «Ահա ձմեռն անց. անձրեւք անցին եւ գնացեալ մեկնեցան. ծաղիկք երեւեցան յերկրի մերում. ժամանակ եհաս հատանելոյ. ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում. թզենի արձակեաց զբողբոջ իւր. որթք մեր ծաղկեալք ետուն զհոտս իւրեանց»: Անշուշտ եռանդուն սիրտ մը հոս չդադրելով` զմայլած, հոգեշունչ երգչին հետ ուզէ հրաւիրել անծանօթ մերձաւոր մը, սրբազան գեղեցիկ մը, աղաւնակերպ հեզադէմ մը «Ընդ հովանեաւ վիմին»: - Այո', Հայադիրն այսօր կու տեսնէ, կու յայտնէ այդպիսի մը, անծանօթացեալ անուամբ եւ տեղեաւ, որ ահա հանգչի ընդ հովանեաւ ծառոյն եւ ի վերայ վիմին. յետին եւ քաղցրագոյն հանգիստ, նախ քան զհանգիստն յաւիտենից:

Ահաւասիկ նա. նման սրբազան սքանչելի եղբօրորդւոյն, արդարեւ սպիտակ ու կարմիր է. երիտասարդ մը կուռ եւ կատարեալ հասակաւ. բնութիւնն առիւծու եւ կերպարանքն աղաւնոյ. գիտէ մռնչել, բայց ընտրէ մնչել. իբրեւ մեծ աշխատանքէ եւ յերկար վշտերէ եկած` անմարդաձայն ձորակի մը մէջ` փռուած է մենաւոր ծառի մը տակ, որ կարծես իր գետնամած ճիւղերովն իբրեւ մայրենի թեւօք կ՚ուզէ պաշտպանել զանիկայ, որ աջ թեւը ձորեզերէն ցցուած քարի մը վրայ դրած է ծառին ներքեւ, եւ յոգնած գլուխն այլ թեւին վրայ, ձախը կուրծքին վրայ պարկեշտ պատմուճանին խորշերուն մէջ: Կարծես ճաղկապաճոյճն մարերի ի հովիտ եւ ի բլուր թափառելով` կու փնտռէր այս երիտասարդը, որ ըստ երախտապարտ պատմըչի մը թողած յիշատակին, «Էր աչօքն թուխ, եւ գանգրահէր, եւ երեսօքն խարտեաշ, եւ անձամբն երկայն». (աչքերն սեւ, մազերն գռուզ ու դալար, երեսն դեղին ու կարմիր, հասակն ու կազմուածքն երկայնաձեւ). զգեստն պարզ մաքուր երկայն պատմուճան մը, վզէն ինչուան ծնկուըները եւ այլ վար. մէջքը գօտւով զսպած. սրունքն պարթեւական սռնապաններով ծածկած. դեղին դաստակներն կիսաբաց. ուսին քով մէկդիր ձգած հայկական եղջերաձեւ խոյրն: Դրսուանց ամենեւին անհոգութեան կերպ, ներսուանց անհնարին հոգ մը, որ երբեմն երբեմն բացխփիկ ըրած երկու սեւ ադամանդ պատուհաններէն կու յայտնուի. պահ պահ յանկարծ սեւ ամպի շուքի պէս բան մը բոլոր երեսէն սահելով` անանկ խեղճ ու ցաւագին երեւոյթ մը կու տայ, որ կարծես թէ քովի ձորակին վազած վտակին պէս` իրեն համար բոլոր աշխարհ կ՚անցնի, եւ կրնայ ըսել ինքն այլ իբրեւ զԱյրն ցաւոց, թէ «Տրտում է անձն իմ մինչ ցմահ». այլ շուտով ամպի տակէ ելած բարկ արեւու ճառագայթի պէս լոյս մը կու ծագէ դէմքին վրայ, սքանչելի հանդարտութիւն մը բոլոր անձը կու պատէ. կու խփէ երկայնաշար թարթափքը, եւ այնպէս անուշակ ու թեթեւ քունի մէջ կ՚երեւայ, որ դարձեալ կարծես լսել իր մեղմիկ շընչէն, թէ «Ես ննջեմ եւ սիրտ իմ արթուն կայ»: Ո՜վ քուն ցանկալի քան զարթնութիւն. ո՜վ հրաշալի հանդարտութիւն. ո՜վ հանգիստ անբծութեան, ո՜վ տխրութիւն անտրտում. զեփիւռ, ծործոր, բոլոր գարնան գեղեցկութիւնն կու թուի իրեն հետ լռել ու մրափել: - Ո՜հ, Հայկակ, թէ գիտէիր այս միայնութեան պատճառը, այս քնոյն պէտքը, թէ գիտէիր անոր յաջորդելու յետին արթնութիւնն, անշուշտ փափագէիր որ գոնէ Եփեսոսեան մանկանց չափ երկըննար այդոր քունն, կամ թէ նոյն իսկ կենաց յետին քունն այլ հասնէր շուտով խառնուէր անոր. անզգալի կերպով շունչը առնուր վեր քաշէր, եւ դիմացնիս թողուր անարիւն նահատակի շու­շա­նագոյն մարմին մը, թաւալած ի մէջ մանուշակաց եւ աղբրանց - արեանց:

Բ

Բայց ո՞ւր եմք մեք. ո՞ւր է այս անծանօթ ձորակն, անծանօթ երկիրն, եւ ո՞վ այս աննման երիտասարդս: - Մի թէ կամա՞ւ մոռցան պատմիչք եւ զլացան աշխարհագիրք, (եւ մանաւանդ մեր բազմերախտ պատմահայրն եւ աշխարհագիրն Մովսէս Խորենացի, որ բոլոր Մեծ Հայոց 200ի չափ գաւառները մէկիկ մէկիկ համրեց) նշանակել մեզի Կոտերոյ երկիրը, Սալահունեաց գաւառը, Սուրէնաշէն աւանը, Պարթենից դղեակը, եւ այն սրտառուչ Սէղէմնուտ ձորակը` ուր այսօր կու հրաւիրէ զմեզ Հայադիրն, Եփրատայ բարձր հոսանաց եզերքը, որ Կարինէն իջնելով ի Դերջան գաւառ, անտի կ՚երթայ յԵկեղեաց (Երզընկա). եւ այս երկու յետին գաւառաց միջոց դար վար երկիրն է մեր փնտռածն, որ կերպով մը որչափ անծանօթ է` այնչափ այլ ծանօթանալու անուններ ունի. կ՚ըսուի նաեւ Կորդուաց երկիր, Հայոց ուրիշ հեռու աշխարհի եւ գաւառներու անուանակից. թերեւս անոնց նման կորդ, խորտուբորտ երկիր մ՚ըլլալուն համար, կամ բնակիչքն նոյն տեղէն եկած ըլլալուն համար. կ՚ըսուի եւ Կոտերոյ երկիր` յանուն Կոթեր աւանի. կ՚ըսուի յատկապէս եւ առաւել հայապէս Սալհունեաց (կամ Սալահունեաց, Սահլունեաց) գաւառ, որոյ մէջ էին վերոյիշեալ շէնք եւ տեղիք, եւ քանի մ՚ուրիշ այլ, զոր յիշէ հայադիրն եւ լռէ հիմկու աշխարհագրութիւնն: Այս տեղերուս հնագոյն եւ մէկ հատիկ եւ մեզի հարկաւոր յիշատակն` ասկէ 1500 եւ աւելի տարի առաջ կ՚ելլէ. այն տարիները` որ քաղաքական մթութիւն մ՚այլ կու պատէր բոլոր մեր աշխարհը. երբ սասանեան Արտաշիր պարսիկ` Արշակունեաց թագաւորները հալածեց ի Պարթեւաց եւ ի Հայոց եւ բռնաբար տիրեց մեր երկրին. ուսկից հեռացեալ պատանին Տրդատ` Հռովմայեցւոց քով կու մեծնար, եւ կու պատրաստուէր քաջութեամբ տիրելու հայրենեացը. իսկ նախարարք Հայոց` ոմանք հնազանդէին բռնաւորին, ոմանք այլ իրենց երկիրներուն ամրութեանց վստահացեալ` կու սպասէին իրենց օրինաւոր տիրոջ: Ասոնցմէ մէկն էր Սալահունեաց գաւառին տէրն այլ` Սուրէն, որոյ ցեղաբանութիւնն մնացած չէ, այլ այսչափ յիշուած` որ թագաւորական ցեղէ էր կամ խնամի, ինչպէս անունէն ալ կրնայ գուշակուիլ. իր անուամբ աւան մը շիներ էր, Սուրենաշէռ, յետոյ Զուրէն կոչուած, մօտ ի հին բերդաշէնն կամ դղեակն Պարթենից, որ յետոյ Բերդոտն ըսուեցաւ, եւ անուանէն կ՚երեւի որ շինած էր լերան մը կող, որոյ վրայ կայր բերդն, եւ շինողքն էին Պարթեանք կամ թերեւս Պարթեւք: Այս երկիրս գրեթէ Մեծ Հայոց արեւմտեան սահմանածայրն է եւ մօտ Փոքուն Հայոց ու Յունաց բաժնին. ըսել է` Հռովմայեցւոց իշխանութեան, որք այն ատեն ինչուան այս կողմերը նուաճած էին: Յունաց սահմանակցութեամբ կ՚երեւի թէ Սուրէն յունական ախորժակներ այլ ունէր, իր անուան համեմատ սուր բարքը կակղցընելու համար. եւ կ՚երեւի թէ տիկինն այլ յունազգի էր, Աղուիթա անուամբ որ է Սիրելի, (Աղաւիթի ըստ յունաց), եթէ հայկական աղու կամ աղաւնի անունէն առած չէ, կամ Զարմուհի անուան թարգմանութիւն մը չըլլայ (իբր յունարէն աղաւի, զարմանալի). եւ այս թերեւս իր բնաշնորհ գեղեցկութեանն համար կամ անոյշ բարուցը, որովք անուանի էր. իրենց սիրոյն պտուղն այլ վկայէ որ ի շնորհս մօրն եւ յունական մերձաւորութեանն` կոչուեցաւ Աթենադորոս, որ նշանակէ Տուրք Աթենասայ, իմաստութեան դիցուհւոյն, գեղեցի՜կ անուն, որ ոչ այնքան ծնողաց ընտիր ճաշակը կու ցուցընէ, որչափ ծածուկ շնորհաց ընտրութիւն մը. որ ի հեթանոսութենէ կանչելով զնա ի լոյս Քրիստոսի` ապա Աստուածատուր անուամբ կնքեց:

Գ

Պտղոց առատութեան ամսոց մէջ ընծայեցաւ Աթենոդոր յամին Քրիստոսի 269, կտրիճ հօր արիասիրտ որդի, եւ գեղեցիկ ու գարաղի մօր` գեղեցիկ եւ գողտրիկ զաւակ. աճելով առաւ այն հասակը եւ կերպարանքը` զոր տեսանք Սեղեմնուտի ձորակին մէջ քարին վրայ հանգչած երիտասարդին վրայ: Բայց տղայութեան հասակէն վեր անցնելու ատեն, երբ դալար մրտենւոյ մը պէս շիտակ կու բարձրանար կարմրուկ ու գանգրուկ, եւ ոպնիազեայ սեւ աչքերն անթարգմանելի փայլունութեամբ մը կու վառէին, այն վտանգաւոր հասակին շատ հեղ նախանձոտ հիւանդութիւններէն մէկն եկաւ վրան. տասնուհինգ տարեկան էր, երբ աստեղանման գեղեցկութեանց մէջ` ցաւոց եւ վիրաց ամպեր ցրուեցան, եւ վե՜րք անբժշկելիք, որք որդւոյն մարմնէն աւելի ծնողաց սիրտը կեղեքէին, թէպէտեւ, երբ ցաւերուն ազդած հեղութիւնը բնատուր շնորհացը հետ խառնելով, Աթենոդոր` իր խարտեաշ գլուխը մօրը ծնգաց վրայ դրած, եւ ձեռուըներն հօրը ձեռաց մէջ` հանգչէր, կիսաբացիկ կիսամաղձիկ շողակաթ աչքերովն, տարակոյս կու բերէր` թէ այդ ցաւագին մրուրքն` իրեն աւելի՞ շնորհք բերած են թէ տարած, այնքան լուսաւոր կերպարանքն չէր խաւարած, այլ բարակ շուքերով խառնուած: Թէ եւ նոյն իսկ ցաւերն զինքն աւելի սիրելի ըրին ծնողացն եւ ծնողքը իրեն, սակայն կրնա՞ր հայր մը` իր պայազատը, իր ծերութեան յոյսն եւ յաջորդը, եւ մայր մը` իր սիրելագոյն ծնունդը` այդ տարակուսի մէջ տեսնել, եւ սիրոյն սաստկութեանը կսկիծն այլ աւելի սաստիկ չըզգա՞լ:

Սուրենի զբօսանաց եւ Աղուիթայ զարդարանաց ծախքն` մեծաւ մասամբ բժշկաց եւ բժշկական դարմանոց տրուեցան. ինչ որ հարուստ նախարար մը եւ որդեգորով ծնողք կրնային ընել` եղան. բայց զաւակնին չիբժշկեցաւ. չմնաց աստուած` որոյ ուխտ եւ նուէրք եւ զոհ չմատուցին, բայց Աթենոդոր չըռընդցաւ: Եօթն տարի, կենաց առուգագոյն տարիներն, հասակին աճման եւ ձեւացման տարիներն, հիւանդութեամբ եւ ցաւերով անցան, եւ ցաւերուն անցնելու յոյսն ալ գրեթէ մէկտեղ անցաւ: Եւ երբ առողջութենէ յուսահատած` երկար ողջութեան մտածմունքն առաջ կու գար, երբ կենաց փափուկ թելն` ոլորուած մոլորուած երեւար ծնողաց աչքին, եւ անգութ կտրողին մկրատն կու մօտենար մօր մը դիմաց, եւ երբ դալարագեղ հասակն միջակոտոր ծառի մը պէս` գետին տարածուած տեսնըւէր կասկածոտ մտաց. - ո՜հ, այո` ամեն ցաւէ ցաւալի էր: Բայց լռենք, գուցէ զուր տեղ հին եւ նոր սրտեր ճմլին: Այսպիսի ցաւոց միայն մէկ զօրաւոր բժիշկ եւ դեղ մը կայ. - կ՚ուզե՞ս, ո'վ կարօտեալ. - չորս մատ աչուըներդ վեր վերցու, կ՚իմանաս, կու տեսնես: Բայց ի՞նչ ընեն անոնք` որ զուրկ են մեր սուրբ կրօնից շնորհքէն: - Դեռ կէս երանի անոնց այլ` որ գոնէ բնական լուսով կրօնասէր են եւ բարեսէր. եւ ազնիւ սրտի եւ մտածող գլխի տէր ըլլալով` իրենց կեանքը մարդկօրէն կ՚անցընեն, եւ բարերարութեամբ կու ստանան կամ կու վայելեն այն բարիքը` զոր բնութիւնն իրենց չէ տուած կամ յետ է առեր:

Այնպիսի մէկ մ՚էր եւ Աղուիթա, թէ եւ դեռ քրիստոնէութեան շնորհքէն զուրկ, այլ ոչ հեռի: Իր երկիրներուն մէջ լիճ մը կար Սիկիբիղոն ըսուած (որ յունարէն լսուելով` գուցէ Թզենուտ կամ Թզագարակ նշանակէր հայերէն), զոր հիմա չենք տեսներ աշխարհացուցի վրայ, բայց պէտք էր բաւական ընդարձակ ըլլալ` որ Աղուիթա անոր եզերքը աւան մը կամ գեղ մը շիներ, իրեն զբօսանաց տուն եւ ագարակներ ու պարտէզներ, եւ շատ հեղ հոն քաշուելով իր գառնուկ պատանեկին հետ բնութեան գեղեցիկ տեսարաններով` իր եւ անոր ցաւերը մեղմէր. եւ ո՞ գիտէ քանի՞ երկայն ժամեր` վայրկեաններու պէս կ՚անցնէին այն ծիածածան ծովակին եզերքը, երբ Աթենոդոր դալար վարդաթըփի պէս գլուխը մօրը կռթընցուցած, եւ նա իր վարսաւոր ճակատը` բարակ ճիւղ ուռենւոյ պէս որդւոյն վրայ կախած, մէկ մը ջրերուն հանդարտութեանը վրայ, մէկ մը զաւակին անմեղ խաղաղութեանը կու նայէր, եւ սրտին բորբոքած կրակներն` այն երկու պայծառ զովութեանց մէջ կու մարէր: Լճին մէկայլ կողմը` շինած գիւղին դիմաց` աղբիւր մը կար, պատշաճ եւ անոյշ անուամբ Արթէնուտ, որ աւելի անոյշ խոխոջալով կ՚իջնէր կու գար` թերեւս խառնուելու նոյն ծովակին ծոցը, ինչպէս Աթենոդոր իր մօրը գիրկը, անտարակոյս շատ հեղ Աղուիթա այդ աղբեր վաղուկ արծաթները իր ոսկեհատիկ որդւոյն ցաւած մասանց վրայ դարձուցեր, լուացեր ջնջեր էր. Աթենոդոր անոր քով հաւաքեր դրեր էր մարերեայ գունագոյն բոյսերը, յառաջ քան փունջ փունջ ընծայելու իր մօրը, որ միշտ մայրաբար` թէ իրեն եւ թէ իր որդւոյն մաս եւ պսակ կու հանէր այն մարգարտակաթ ծաղկըներէն: Որդւոյն ցաւոց վրայ գորովելով` կու յիշէր անոր պէս ցաւագարներ. մանաւանդ երբ կու տեսնէր զոմանս անոնցմէ, որք ըստ բարբարոս օրինաց հեթանոսութեան, հալածուելով ի շինից եւ ի բնակութեանց, ամայի անբնակ տեղուանք կու թափառէին, իբրեւ նզովեալք եւ անիծեալք, այս սովորութիւնս կար նաեւ մեր ազգին մէջ այլ, զօր յետոյ շատ խնամքով ջանացին ջնջել Ս. Լուսաւորիչն եւ իր համանման սուրբ թոռն Մեծն Ներսես, շէնքերէ հեռու տեղուանք հիւանդանոցներ եւ ուրկանոցներ (բորոտներու տեղ) շինելով, որք եւ այդպիսի բարերարութեան տեղեաց մէջ հնագոյններն կու սեպուին, բայց իրենցմէ առաջ այլ այս ազնուասիրտ տիկինս Աղուիթա Արբենուտ աղբեր քով շինեց տառապելոց պատսպարան մը, ուր ժողովեցան 35 ցաւագարք, եւ գթասիրտ Աղուիթայի տուրքերովը կ՚ապրէին, եւ կ՚օրհնէին իրենց բարերարը:

Ասոնց մէջ էր եւ Դասիոս կամ Դասիկ ծերունին, որ, ինչպէս Աղուիթա անոնց մայր սեպուեցաւ, ինքն այլ հայր եղաւ թէ անոնց եւ թէ նոյն ինքն Աղուիթայ եւ Աթենոդորայ: Առաջ` անոնց մէջ իր պատկառելի կերպարանօքն եւ արծաթափայլ երկայն մօրուօքն` Տիր դից կամ Վահագնի քուրմ մը կարծուէր, որ քաղցր շրթամբքն աւելի քան ոսկեթել քնարով` ամենուն սիրտը կակղցնելով, եթէ ցաւերնին չկրցաւ բժշկել, գոնէ բնութեան բարիքներէն ու վայելչութենէն սկսելով` այն ռամիկ ցաւագնելոց միտքը բարձրացուց ինչուան առ բնութեան տէրն. եւ երբ հասուց յարմար վիճակի, հանեց յայտնեց իր ծածակած հովուական սրինգը եւ նոր նուազ մը երգեց, զամենքը ափշեցուց, զամենքը զմայլեցուց, զամենքը հետեւցուց իրեն. այս նոր նուագս` Նազովրեցի հովուապետէն սովրած էր, անոր վարդապետութիւնն էր, Քրիստոսի աւետարանն էր: Ծերունին Դասիկ գաղտուկ քահանայ էր, իր ընկերաց հովիւ եղաւ, մարմնոց ցաւերը թեթեւցընելով` հոգիներուն մեռելութիւնն անգամ ողջնցուց, դարձուց զամենքն ի քրիստոնէութիւն. եւ ցաւոց ու փչոց մէջ հոգեզուարճ վարդանոց մը, դրախտ մը բացաւ, ուր` այն աշխարհքէ մոռցուած եւ մերժուած տառապեալքն աւելի երջանիկ ու սրտաբաց էին, քան իրենց երկար գերութիւնը թօթուող ու Տրդատայ յաղթական դարձով փառաւորեալ դիւցապաշտ Հայկազունք:

Աղուիթա եւ Աթենոդոր այլ լսեցին Դասիոսի եւ Յիսուսի ձայները, եւ սրտերնին թնդաց, եւ թէ ոչ աւազանին ջրով` գոնէ սիրով ներսէն մկրտուեցան, եւ սիրով կ՚երթային ծածկաբար սուրբ ծերոյն աւետարանութիւնը լսելու, որ յունարէն կու կարդար սուրբ գրքերը եւ կու բացատրէր չհասկացողաց: Մինչդեռ հոն, իբրեւ աբելական սեղանէ մը` սուրբ կրօնից նուէրքն, աղօթք եւ զոհն` հեզօրէն կու բարձրանար առ Աստուած, դիմացը աւանին քով հեթանոսաց մեհեանները կանգնուած` կու հրաւիրէին զառողջ եւ զհիւանդ ի զոհ եւ ի պաշտօն Հերակլի (Վահագնի) եւ Ասկլեպեայ` առողջութեան չաստուածոյն` որոց տօնքն մասնաւոր հանդիսիւ կատարէին հօն տարուէ տարի: Բարեմիտ կամ թերամիտ քուրմք եւ ժողովուրդք մեծ ջանքով կու յորդորէին զԱթենոդոր այլ` որ գայ այն մարդասէր աստուածներէն բժշկութիւն խնդրէ. բայց նա միշտ պատրուակներով կու զգուշանար. ինչուան որ հայրն այլ տեսնելով որդւոյն չափահաս տարիքը, որ քսանը անցուցեր էր, կու խրատէր որ անհոգութիւն չընէ. «այս վեց տարի է կ՚ըսէր, որ մեր աստուծոց զոհ չես ըրած, թերեւս անոր համար այլ ցաւերդ կ՚երկընան». իսկ Աթենոդոր` նոյն իսկ ցաւերը պատճառ կու բերէր զոհի չերթալուն. եւ ոչ միայն վեց` այլ եւ կրկին վեց տարի խաբեց հայրը, եւ ճարտարութեամբ ազատեցաւ: Հաւանական այլ է, որ Սուրէն իբրեւ գաւառապետ մը եւ թագաարմ, երբ լսեց Տրդատայ գալն ի Հռովմայեցւոց, փութացաւ դիմացը ելլելու, եւ արքունի բանակին մէջ էր, որ` (իր երկիրն` Սալահունեաց մօտ» Եկեղեաց գաւառին մէջ Գայլ գետոյն եզերքը դադրէր էր:

Դ

Քանի մը տարի այսպէս անցնելէն ետեւ` որ մը Սուրէնաշէն աւանն թնդաց գինուց շշուկով. թագաւորական գունդ մը զորաց երեւեցաւ, որոց առաջնորդէր իշխանն Մազենտ. ասոնք Եկեղեաց Երէզ աւանէն գալով եւ դէպ յԱրտաշատ երթալով ի հին մայրաքաղաքն Հայոց, կ՚անցնէին Սալհունեաց գաւառէն, որ ճամբուն վրայ էր, ոչ պատերազմի եւ ոչ պաշտպանութեան համար էր երթալնին, հապա յանցաւոր մը, կապուած մը, թագաւորին անհնազանդ մը կու տանէին, տէրութեան դէմ պարտական գտուած մահապարտաց ամենէն սաստիկ բանտը ձգելու, որ էր Արտաշատ քաղաքին գետնափոր վիրապը, իսկ յանցաւորն այն` էր Գրիգոր մը…: Ի հարկէ ամեն դիէ հետաքրքիրք կու վազէին տեղեկանալու թէ ո՞վ է, ինչու՞ համար է, եւ երբ լսէին թէ Քաջի արանց Տրդատ թագաւորի հօրը` Խոսրովայ սպանողին որդին է, ի՜նչպէս ակռանին կրճըտելով կ՚ուզէին վիրապը չհասած` հոն սպաննել ոչնչացնել զայն` որ քանի մը տարիէ վերջը պիտի ըլլար իրենց խաւարեալ հոգւոց Լուսաւորիչ: Հարկ էր զօրականաց եւ կալանաւորաց հեռացընել վրէժխնդիր ամբոխը, եւ ապահով տեղէ մը անցընել կապեալը, անշուշտ աւելի ապահով ճամբայ այլ չկայր` քան մեր ցաւագնելոց պատսպարանին սահմաններն, ուսկից` զզուելով կու հեռանային այն ատեն առողջութեամբ, քաջութեամբ եւ ազատութեամբ պարծեցող ժողովուրդն Հայոց, իսկ հիւանդքն, տկարքն եւ նեղեալքն` համարձակութիւն գտնելով` իբրեւ անկար եւ կարօտ մարդիկ` պահապանաց կասկած չէին բերեր: Այսպէս կրցաւ Դասիկ իր ընկերներովն եւ Աթենոդորոսի հետ` մօտենալ առ սուրբն Լուսաւորիչ, զորոյ խոստովանողութիւնը արդէն լսած ըլլալով, եւ անշուշտ աստուածային ազդեցութեամբ իմանալով թէ ի՞նչ անձն է եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն կապուածն, բերաւ իբրեւ հովիւ հլու իր ցաւագար ոչխարները` ապագայ հովուապետին ոտքը ձգեց, եւ այն սրբազան նահատակին առաջին հրաշքը եւ շնորհքը վայելեցին այս նեղեալքս, որք եւ առանց նեղութեան եւ ցաւոց` Աստուծոյ փառք տալով դարձան: Հոն` Դասիկ ծածկաբար իմացուց Գրիգորի թէ ո՞վ է հետն եղած իշխանորդին` եւ գաղտ հաւատացեալ ու դեռ անկնունք ըլլալը: Սուրբն Գրիգոր քաջալերեց գծեր քահանայն, եւ պատուիրեց որ առանց վախի առնու տանի պատանին իրենց դիմացը` արեւելեան կողմը եղած աղբիւրը, (արդեօք Արբենուան, թէ ուրի՞շ մը) եւ հոն մկրտելով զԱթենոդոր` անուանէ Թէոդոր, Աթենասայ տուրքն ընէ Աստուածատուր: Այնպէս այլ եղաւ, Լուսաւորչի ծածկեալ լոյսն, զոր հաւատացելոց աչքն միայն կու տեսնէին, եւ մկրտութեան ջուրքն` նորէն ծնան այն կայտառ պատանին, եւ մարմնոյ ու հոգւոյ աղտ ու բիծ` զամենն այլ ջնջեցին. դէմքն աւելի քան զմանկութեանն պայծառացաւ. հոգին եւս աւելի. եւ ոչ միայն գեղեցիկ, վայելուչ, կտրիճ, այլ եւ շնորհազարդ եւ սուրբ, մաքուր, պաշտելի անձ մը եղաւ Թէոդոր:

Երանաշնորհ մայրն այլ այս աստուածային պարգեւաց հաղորդ ըլլալով, երկուքն այլ չէին բաժնուեր Դասկայ քսվէն. Արբենուտի ձորակը քրիստոնէութեան ծառածածուկ տաճար մը դարձուցին: Հայոց հեթանոսութեան վերջի տարիներուն եւ վերջի ջանքերուն ատեն, երբ Տրդատ դրդեալ ի Դիոկղետիանոսէ հրաման հանէր եւ հալածէր զքրիստոնեայս` իր նոր տիրած եւ ընդարձակուած սահմաններուն մէջ, իր հաւատարիմ եւ անահտապաշտ իշխանքն այլ նոյն հոգւով իրենց երկիրներուն մէջ հսկէին: Բայց Սուրէն որչափ այլ դիւամոլ եւ վրէժխնդիր էր, չկրցաւ իմանալ որդւոյն քրիստոնէութիւնը, չլսեց անոր անոյշ սաղմոսերգութիւնը Արբենուտի խոխոջանաց եւ Թզենուտի ծփանաց հետ: Ինչուան յետ վեց տարիներու` ուրիշներն կասկածելով եւ հասկընալով` մատնեցին որդի մը` իր հօրը, անմեղութիւն մը` անգթութեան: - Իբր անախորժ քնէ մը արթըննալով Սուրէն, այն ատեն իմացաւ թէ ինչու՞ Աթենոդոր չէր երթար Վահագնի եւ Ասկլեպեայ սեղանները զոհիւք եւ պսակօք պատուելու. թէ ինչու՞ այնպէս միայնութիւն եւ առանձնութիւն կու սիրէր որդին` նաեւ յետ բժշկութեանն, իբրեւ տղայութեան եւ հիւանդութեան յիշատակաց սովորութիւն մը: Ինչ որ ծուռ հաւատքի մը եռանդն, հայրենի գութ եւ տիրական կամք մը կրնային ընել տալ` ըրաւ Սուրէն. վեց ամիս աշխատեցաւ որդւոյն սիրտը դարձընելու, իր չափէն վեր այլ խոստմունքներ ընելով, եւ բոլոր Սալհունեաց գաւառին ընդաձակ տէրութիւնը եւ փառքը ցուցընելով եռանդուն երիտասարդին. այլ ամենեւին չկրցաւ ազդել քրիստոնեայ սրտին: Հայրութիւնն դարձաւ ի տէրութիւն, տէրութիւնն ի բռնութիւն, եղաւ հալածիչ եւ դահլիճ որդւոյն. կարելի խոստմանցն հակառակ` ամեն կարելի սպառնալիք այլ ըրաւ, եւ հասուց պատիժ ու զրկմունք. ակամայ քան կամաւոր անգթութեամբ տանջեց իր աղիքը, սակայն չկրցաւ զատել զորդին իր նոր եւ յաւիտենական հօրէն, ն Քրիստոսէ: Յետ վեց ամսոց յօգնեցաւ, յուսահատեցաւ թշուառ եւ ողբալի հայրն, մէկ հատիկ եւ վերջին հնար` կամ ապրեցընելու կամ կորուսանելու` սեպեց իր սեւ սուրը. սպառնացաւ ու վճռեց սոսկալի մահ: Թէոդոր բնաւ չվախցաւ մահուանէ, որ իրեն փափագելի հանգիստ մ՚էր: Բայց նոր Սանատրուկ մը տեսնել, նոր Կայէն մը, իր հօրը ձեռօքը սպաննուիլ, ո՜հ, այս դառն էր քան զմաճ եւ մահերու մահ: Աղա՜ղ Աղուիթայ, ոչ իր կողակից կենակից ամուսնական իրաւունքն, ոչ կնոջական մայրական խանդաղատանքն եւ գութն` չկրցան ազատել իր մէկ հատիկը: Գազանացեր էր Սուրէն, աչուըներն արիւն, բերանն մահ կու փոխէր, ոչ ոք կրնար մօտենալ անոր. սպառնալեաց ժամանակն այլ անցեր էր, ըլլալիքն հասեր էր:

Թէոդոր վերջին անգամ մը նայելով իր կրկին եւ մէկմէկէ շատ աննման ծնողաց վրայ, բոլոր որդիական եւ քրիստոնեական երկու կրակներով վառած արեւանման աչքերովն, աննկուն զօրավարի պէս, որ յետ ամենայն զօրականաց` քաջ քաջ կ՚ինկնայ զորաւորագոյն թշնամւոյն առջեւ, արցունքները զսպելով, եւ թողլով այն շէնքը` որ երբեմն իրեն ծննդեան` տեղ, եւ ասկէ ետեւ իրեն համար ամայութիւն եւ ունայնութիւն էր` բոլոր աշխարհիս հետ, թերեւս մօրը դիմաց սարսափելի եւ անտանելի տեսարան մը չբանալու համար, ելաւ գնաց անդարձ նետի մը պէս: Ծովակ, ձորակ, աղբիւրք եւ հիւանդանոց չկրցան արգելուլ զինքը, ամենուն վերջի նայուածք վերջի բարեւ տալով, եւ ո՞վ գիտէ ինչպէս սրտին չափազանց ծանրութիւնը եւ լեցունութիւնը թափելով Դասկայ գրկաց մէջ, եւ ընդունելով անկէ անմահութեան ճաշակը եւ կենաց հացը, երիտասարդական ու­ժով մ՚այլ ցնցելով զինքն եւ թափելով սուրբ ծերոյն դողդոջուն թեւերէն եւ ար­տասուաթոր մօրուքէն, փախաւ գնաց Արբենուտի ձորէն դուրս, եւ անցաւ մօտիկ եւ աւելի անծանօթ անձայն ձորակի մը մէջ, որ կ՚ըսուէր Սեղեմնուտ. եւ հոն եօթն օր վեր վար պտըտուելով, Յեփթայեայ օրիորդին նման, Արդլմսեհի նման, ինքզինքը հրաժարեցընելով իր ծաղկեալ կեանքէն, իր պայծառ արեւէն, անգին մօր մը սրտակտուր ծոցէն, կու նուիրէր միայն անոր` ուսկից կու գան եւ ուր կու դառնան ամենայն բարիք եւ ամենայն բարիք եւ ամենայն շունչք արդարոց. մինչեւ յօգնած եւ հանդարտած` ընկաւ փռուեցաւ այն ծառին տակ է այն քարին վրայ, ուր տեսանք զինքը առաջին անգամ մեր պատմութեան սկիզբը:

Ե

Հիմա գիտես, Հայկակ, ուր ըլլալդ, կու ճանչես ով է այդ չքնաղ երիտասարդդ, կեցի'ր հոս պահ մ՚այլ, վերջին պահ. վասն զի այլ երկայն ժամանակ չկայ. մօտեցիր այդ անտաշ ապառաժ սեղանին քով, այդ Սեղեմնուտի սաբեկայ ծառին տակ, ես լռեմ, դու գիտէ եւ զգա:

Բայց ահա հեռուան վիշապի խոշիւն մը կու լսուի, առիւծու մռնչիւն մը, ձորեզերէն վար վարազաթեւ սեւ արծուի պէս կու սլանայ կ՚իջնայ ծառին վրայ, ծառին ներքեւ քարին մոտ… երկայնժանիք հրէշ մ՚է, գաղտնագոյն քան զվիշապ, քան զառիւծ, քան զարծուի… Ինքն է, ինքն է, սուսերամերկն Սուրէն… որդւոյն փախստեան վրայ աւելի կատղած եւ արեան վրիժով լցուած, հին պատենէն քաշելով ժանգոտ սուրը, եւ «Ա՞յդպէս, իմ երիտասարդութեանս երկա՜թ, այնքան կոտրած թշնամեացդ արեամբ չկշտացած` ծերութեանս ատեն ինծմէ իմ որդւոյս արի՞ւնն այլ պիտի ուզէիր թափելու», ըսելով, կ՚առնու, եւ մոլեգին դիւահարի պէս կ՚ընկնի սարէ սար ձորէ ձոր որդին փնտռելու: Անշուշտ սատանայական ոգին զինքը քաշէր քշէր տանէր, ինչպէս երբեմն զԿայէն ի մահ Աբելի, կամ ինչպէս անկէ առաջ (ըստ դրախտերգակ քերդողին) ինքնին` դժոխոց անդունդներէն ելած` կու փնտռէր դրախտին դուռը, որ մեր երանեալ նախածնողքը ձգէ ի մեղս եւ ի մահ: Այսպէս դիւական թափառանօք վերջապէս հասաւ Սեղեմնուտի ձորեզրը, եւ իբրեւ սեւ արծուի` տեսնելով բարձրէն ծառին տակ իր փնտռած որսը, հասաւ շուտ ու թեթեւ անոր վրայ: Բայց ի հարկէ երկու քայլ մնացած` բնաբերաբար կամ ակամայ կամօք` կանգ առաւ. հայրենի բնութիւնն զօրանալով` դիւական մոլութեան մէջ անգամ հիացա՜ւ այն սքանչելի հանդարտութեան եւ անմեղութեան թափանցիկ քունին վրայ, որուն նման բան չէր տեսած երբէք…

Ո՜հ, եւ ինչու՞չիձգեց սուրը ձեռքէն, ինչու՞ չցատքեց ընկնալու, եւ հայրական շրթունքները վեր վար բերելու այն մարգարտաշար վարդերուն վրայ, այն բարակ քրտնահար երեսներուն վրայ, այլ առանց դպչելու կեցաւ կանչեց կերկերեալ կոկորդով մը` Աթենոդո՜ր, որդեակ»: Թէոդոր հեզամրափ աշուըները կէս մը բանալով եւ կէս մը գլուխը վերցընելով` պատասխանեց. «Հա՜յր իմ»… վերջի՜ն անգամ հօր եւ որդւոյ անուանակոչութիւնք: Սուրէն դարձեալ այլայլած` հարցուց անոր, թէ պիտի հաւանի՞ իր կամացը եւ թողլով զՔրիստոս դառնա՞յ ի պաշտօն կռոց: - Թէոդոր` «ես Քրիստոսի հաւատացեալ եմ, ըսաւ, եւ այս հաւատոյս վրայ հոս կու մնամ». եւ նորէն դրաւ գլուխն ի քարին, խփեց շրթունքը եւ աչքերը մնա՜ք բարով արեւ, կենաք եւ աշխարհ: - Բայց մէկ անգամ մ՚այլ բացաւ Թէոդոր կիսակէս աչքը եւ շրթունքը, երբ Սուրէն վայրենի վագեր պէս մէկ ցատքելով ձգեց ձախ ձեռքը, եւ որդւոյն երկու թիզ խարտեաշ մազերէն բռնելով վեր քաշեց խնձորակերպ գլուխը, եւ պարկեշտ պատմուճանին օձիքէն կարապաձեւ պարանոցն երկընցաւ:

Ո՜վ հրեշտակային կերպարանք, ի՜նչպէս կ՚այլափոխիս: - Իսկ Սուրենայ աջ ձեռքէն յանկարծ փայլակ մ՚էր շողաց շեշտակի:

Հոս միատեղ մէկդի կ՚ընկնան` պատմչին գրիչն, Սուրենի սոսկալի սուրն, եւ Թէոդորի ճերմակ վզէն նռնանման ճեղքուած կարմրահատ գլուխն:

Զ

ՈՒ՞ր են հիմա մեր մայիսի ծնած ծաղկունքն, ու՞ր մնացին մրազարդ մա­րե­րեայ մրգունքն: - Այսպէս, չկայ ծաղիկ հողածին` որ չցամքի, չկայ պտուղ երկ­րաբոյս` որ չթոթափի, ամենայն դալար ու պայծառ, յետ քիչ ժամանակի պիտի ըլլայ մռայլ ու խաւար: Սակայն ծաղիկ այն ծաղիկն է, որ երբ ճղէն այլ զատուի` դարձեալ մնայ անթառամ, եւ մանաւանդ նոր գեղեցկութեամբ մը յաղթէ կանգուն ու ճոճուն ծաղկանց: Այսպիսի ծաղիկ է հայրազեն դառնանման կո­տո­րեալ երիտասարդն Թէոդոր, թաւալեալ իր հովանաւոր ծառին եւ իր հանգստեան քարէ բարձին տակ` օշօշով եւ մանուշով հիւսուած խոտերու վրայ, Սեղեմնուտի օդաւոր ձորակին մէջ. ուր հեզամնչիկ հովիկն խոնարհած կու խաղայ անոր արիւնլուայ վարդէ գիսակաց հետ. ինչուան որ երեկոյեան զովութիւնն դադրեցընէ եւ պաղեցընէ կարմիր կաթիլները, եւ գիշերուան լուսագնտիկն վերէն ծաթէ արծաթափայլ դողդոջուն ճառագայթները, որք կու մարմըրին, շուք մը կու դառնան` Թէոդորի մարմնէն ծագած հրաշափայլ լուսոյն քով: - Այս լոյսն անշուշտ առաջնորդեց այն մարմինը մեծցընող եւ գգուող եւ հիմա զինքը սրտաթունդ փնտռող անձի մը, մօր մը: Չտեսնենք, չքննենք մենք այն մայրը Սեղեմնուտի մէջ: - Դու այլ դարձի'ր մայրիկ, դարձի'ր Աղուիթա` առ Դասիոս, եւ հրաման տուր. «Ե'լ, հայրիկ, ել գնա ի Սեղեմնուտ, հոն կու գտնես իմ հայրազեն գառնուկս, իմ մրրկաթափ վարդենիս, իմ նուաղած աղիքս, առ ու լուա այն արշալոյս ճակատը, բայց կիսալուայ ըրած` բե'ր ինծի փունջ մը ոսկեթել մազերէն, որ գլուխս վերջին պսակ ընեմ. լեցուր այն չուշանացեալ շրթունքները մայրենի եւ հայրենի համբոյրներով. ապա մաքուր կտաւներով գոցէ', գոցէ այն արեւակերպ դէմքը, զոր քիչ ատենէն պիտի տեսնեմ յերկինս. եւ գիր ծածկէ ի ծոց ամենուս ծնողին, հողուն»: -

Գնաց գետնամած ծերունին, հետն առած Թէոդորի հին ընկերները եւ ուրիշ ծածուկ քրիստոնեաներ, հաւատացեալ եղբարք եւ քորք, պարկեշտ կուսանք, որ քողով եւ մազով արցունքնին ծածկած, եւ բոցաշարժ ճրագներ բռնած յուղարկաւոր կ՚երթային Թէոդորի: Արդեօք կայի՞ն անոնց մէջ, կամ կա՞յր մէկ մը` որ յուսացեր էր երկրիս վրայ այլ սրտակից ըլլալու սուրբ նահատակին, եւ յետ անոր մօրը կանչելու զնա` իմս Թէոդոր. - պատմութիւնն կու լռէ:

Քահանայական եւ մարտիրոսական պաշտօն, աղօթք եւ արտսուք կատարուեցան. այն հովանաւոր ծառին ներքեւ եւ այն սեղանացեալ քարին քով` փորուեցաւ եռանդուն երիտասարդին քնարանն, եւ ծածկեցաւ մարտիրոսի մարմինն: Անարուեստ պարզունակ քարկոփ խաչ մը վկայ կեցաւ նահատակութեան եւ հանգստեան սրբոյն Թէոդորի: Թող գայ հիմա Աղուիթա աղօթելու երանեալ եւ աստուածազգեաց որդւոյ մը մնացորդաց վրայ: - Ահաւասիկ երանելի տիկինն, ծառէն աւելի մազերը ցրուած` փռուած ճակատ ի գետին: Իբրեւ կրկին մարք սաղմոսեան դատարանին, հողն ու Աղուիթա կու գրկեն ու իմս է կ՚ըսեն այս որդեակս: Քիչ մ՚այլ սպասէ Աղուիթա, եւ ահա թագաւորն խաղաղութեան` իր ցանկալի վճիռը կու տայ, եւ յաւիտեան քուկդ կ՚ըլլայ քու Թէոդորդ:

Է

Իսկ հա՞յրն . քա՜ւ լիցի, ամենեւին անարժան այնպիսի անուան. գազանացեալն, դիւամոլն կամ դիւրախառն Սուրէն, իր սատանայական սուրը առած` եւ եկածէն աւելի շուտով փախչելով կու հեռանայ. տեղերն կու փախչին եւ ինքն իրմէ չի կըրնար հեռանալ. Գոչումն արեան որդւոյն բողոքէ յերկրէ եւ յերկնից: Հեզիկ գառին արիւնն հիմա երկնաւոր նահատակի ահաւոր մասունք դարձած` սուրին վրայէն Սուրենի սիրտը կու պատառէ. կու փութայ խելացնորն մօտի աղբիւրը, աղէկ մը կու լուայ կու ջնջէ որդւոյն յետին նշանները, եւ անով իր եւ անոր միջի կապն` յաւիտեա՜ն կու ջնջուի: Չորս տարի այն դառնագոյն դահճին, խղճի խայթուածքներուն մատնուած, Սուրէն կեանք մը կամ կենաց պատկեր մը անցընելով, անզեղջ եւ անյոյս կռապաշտ մոլորութեամբ մեռաւ, եւ յիշատակն յանէծս եւ ի սոսկումն մնաց: Իւրածին որդւոյն արեան խուլ եղող սիրտն` չեղաւ արժանի Աստուծոյ Որդւոյն ձայնը լսելու` Լուսաւորչի բերնէն, եւ դառնալու ի հաւատս Թէոդորի` համօրէն Հայաստանեայց հետ, որք յետ երկու տարւոյ արժանացան այս ամենամեծ պարգեւիս: - Վասն զի Ս. Թէոդոր նահատակեցաւ յամին 296, այսօրուան ամսակէտիս (11 մայիսի) 28 տարեկան եւ 6 ամսեկան. Սուրէն կորաւ 300ին. Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ` ելաւ ի վիրապէն յաջորդ տարին (301). եւ երբ հետեւեալ տարին կ՚երթայ ի Կեսարիա` Հայոց եպիսկոպոսապետ ձեռնադրուելու, անցաւ սովորական ճամբէն, Սալհունեաց գաւառէն եւ աւանէն, ո՜րչափ տարբեր 15 տարի առաջ անցածէն. փոխանակ շղթայից եւ կալանաւոր պահապանաց, հիմա Տրդատայ յաղթական կառաց վրայ դրուած եւ Հայոց ամենէն մեծ նախարարներն չորս դին առած: Այլ հեզն եւ ազնուասիրտ հայրն մեր` փառաց վրայ աչք չունենալով, իր սուրբ սանուկը կու փնտռէր. կանչեց գտաւ ծերունի քահանայն եւ հարցուց զԹէոդոր. Դասիկ իր ընտրեալ հովուապետին ձեռքէն բռնելով տարաւ ցըցուց այն տեղը` ուր որ վեց տարիէ ի վեր կու քնանար անոր հրամանաւ կնքուածն: Ի՜նչ կենդանակայլակ արտասուքներ էին որ Լուսաւորչի մը աչքերէ իջան հայրաբար սուրբ երիտասարդին նշխարաց վրայ, որ իր քրտանց առաջին պտուղն, եւ մեր լուսաշնորհութեան անդրանիկ խայրիքն էր. անոր համար եւ առաջին վկայարան` յետ Հռիփսիմեանց նշխարաց ամփոփման, Թէոդորի հանգստարանն եղաւ. ինքնին Գրիգոր դեռ չձեռնադրուած` կանգնեց հոն մատուռ մը, եւ երբեմն երախայ յանձնածը` հիմայ սուրբ վկայ մը յանձնելով Դասիոսի` գնաց: Եւ երբ ցանկալի տաճարիկն իր ճակատը բարձրացուց դէպ յարեւելք, աջակողմեան անկիւնը հանգչեցուցին սրբոյն մաքուր նշխարքը. մէկայլ անկիւնն այլ` տապանաքարին դիմաց` դրին այն սրբեալ քարը` որ մեր գառին զենման սեղան եղաւ: Այն երկու սխրալի սրբատաշ քարանց մէջ էր անկէ ետեւ` Աղուիթայ սիրելագոյն հանգստարանն, որ իր որդւոյն մատրան սպասաւոր ըլլալով` իբրեւ հաւատաւոր այրի մը, երկնախառն կեանք մը անցուց հոն, այլ ոչ երկայն ժամանակ: Որդւոյն նահատակութենէն եօթն տարի վերջը, երբ հասաւ տարեդարձ անոր վերջին անգամ իրեն համբոյր տալուն եւ տնէն փախչելուն, նոյն օրը (5 մայիսի) Աղուիթա, որպէս թէ դարձեալ զգալով այն ցաւալի կիրքը եւ որդին փնտռելու ելլելով` աւանդեց աղաւնաշունչ հոգին, եւ ճգնասուն մարմինն թաղեցաւ իր որդեկին դիմաց` տաճարին դռնէն դուրս: Այդոր եւ առաջի յիշեալ երկու սրբանիշ քարանց նման չորրորդ մ՚այլ գրուեցաւ` Աղուիթայ տապանին դիմաց, տաճարին արեւմտեան կողմը, եւ ներքեւն հանգչեցաւ Դասիկ, որ այս սխրալի քան տխրալի հանդիսից մէջ առաջինն ըլլալով հասակաւ, վերջին եղաւ ժամանակաւ. եւ ամեն բան կարգելէն կնքելէն ետեւ, ըսաւ իր ալէկից Սիմէոնին հետ. «Արդ արձակեա, Տէր, զծառայս քո` ի խաղաղութիւն, զի տեսին աչք իմ զփրկութիւն». եւ հանգեաւ ընդ արդարս: Թէոդորի թէ տապանէն եւ թէ այն աղբերէն ուր իր արեան կաթիլքն խառնեցան` սուրին լուալէն, շատ հրաշքներ եղան հիւանդաց եւ մոլեգնելոց վրայ. եւ ոմանք եղան, ինչպէս կու ցուցընէ երախտապարտ պատմըչին բանակարգութիւնն, յառաջ իսկ քան զշինութիւն մատրանն եւ զդարձն Հայոց ի ձեռն Լուսաւորչին: Հայագիրն չիստիպեր զմեզ հոս մէկիկ մէկիկ յիշել զանոնք, վկայասիրաց թողումք հին պատմչին նշանածներէն ետքն այլ եղածները քննելու եւ իմացընելու մեզի իսկ, որ զայս իրենց կ՚իմացընեմք: Եւ եթէ հարցընէ սիրողն` Թէոդորի վկայարանը կամ ուխտատեղին, երթա' յԵրզնկա, եւ անցնի արեւելեան կողմը եւ հարցընէ Գորոփու Ս. Թորոս վանքը, զոր սրբազան նահատակէն 1140 տարի վերջն այլ յիշատակած գտնեմք ի գիրս` «մեծափառ եւ բարձրապատիւ ուխտ» կոչմամբ: - Հոն քննէ գտնէ եւ համբուրէ մեր ըղձաւոր շրթամբք այլ` այն չորս սրբանիշ քարերը, եւ մանաւանդ հիւսիսային անկեանը. հոն կանգնի եւ համբուրէ (եթէ պահուի ցարդ) ձողաբարձ խաչի մը մէջ գրուած սրբոյն Թէոդորի քաղցրաբարբառ յիսուսախօս լեզուն, որոյ համար այլազգիք անգամ, կ՚ըսուի թէ այն տեղը կ՚անուանեն Սըրըգլը Ս. Թորոս (եթէ Գորոփու կամ Սալահունի անունէն փախուած չէ այդ անունը): Յանձնեմք իր հետ` աշխոյժ եւ ճարտարարուեստ հասարակակցաց Ս. Թէոդորոսի, դիտել նկարել եւ ցուցընել մեզի այս պատմութեանս մէջ յիշեալ տեղուանքը. երկու ձորակները, երկու աղբիւրները, ծովակը, աւանները, դղեակները եւ այլն. - յանձնեմք անոնց վառվռուն մտաց եւ կրթեալ սրտից եւ մատանց` նուագել եւ երգել այս պատմութեան եւ եկեղեցւոյ արժանի եւ ընտիր դրուագն. - աղաչեմք մեր եկեղեցւոյ գլխաւորաց, իրենց զանազան հոգոց մէկը պակսեցընելով կամ մէկ մ՚այլ աւելցընելով` այսպիսի սխրալի սրբոյ մը յիշատակը չիձգել միայն Յայսմաւուրաց թափթըփած թերթից մէջ, այլ բարձրաձայն հռչակել տալու սուրբ խորանաց վրայ, եթէ արդարեւ սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի գործակից եւ հոգեկից ըլլալն կու ճանաչեն իրենց առաջին հոգ եւ պարտք, եւ պաշտամամբք սրբոց` բարձրացընել զփառս Աստուծոյ: