Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  ԵԹԷ մտածութիւնը բերնով բացատրելն, այսինքն խօսիլն, աստուածատուր եւ բնաձիր պարգեւ մը չըլլար մարդուս, անշուշտ զայն հնարող եւ աւանդող մարդն` գերագոյն մարդ պէտք էր սեպուիլ, եւ յամենայն ազգաց եւ ժամանակաց պաշտելի եւ պատուելի ըլլալ: Անկէ ետեւ պատուելի եւ երախտելի համարուելու է զխօսքը մնայուն ընողը` նիւթական կերպով մը, որ է գիրն. եւ իրաւամբ այլ մեծ եւ աստուածական պաշտօն ընծայած են նախնիք իւրաքանչիւր ազգաց` իրենց մէջ գիր եւ դպրութիւն հնարողաց. որպիսի էր կամ կու կարծուի մեր հին նախնեաց մէջ` Տիր` հայրն եւ աստուած դպրութեանց, որ Յունաց եւ Եգիպտացւոց Եռամեծ Հերմեսի հաւասարի եւ համեմատի. իսկ քրիստոնէութեան ատեն մեր նոր գրոց հեղինակն` Ս. Մեսրովպ ամենուն յայտնի է թէ ինչպէս երախտագիտութեամբ եւ փառօք ճանչցուած եւ պաշտուած է յազգէս` յեկեղեցիս եւ յուսումնարանս: - Եւ եթէ յետ այս մեծարդիւն գրագիւտ մարդկան` պատուոյ եւ երախտեաց կարգը` մէկու մը տալու ենք, անշուշտ այն մէկն է` գրութիւնը շուտ եւ շատ ծաւալել հնարողն, որ է Տպագիրն: Այս այլ յայտ է, թէ Եւրոպացիք` յառաջադէմքն ի գրականութեան, ի'նչ պատիւ եւ շնորհակալութիւն կ՚ընծայեն Կուդդէմպէրկի, որ իրենց մէջ համարուի հեղինակ տպագրութեան, թէպէտ եւ Չինք յամենայնի հնապանծք (եւ շատ բանի մէջ իրաւամբ), այս գիւտս այլ իրենց սեփականեն. բայց ընդհանուր աշխարհս չորս դար է` որ այս մեծ պարգեւս կու վայելէ, Սդրազպուրկի գերմանացւոյ մը երկայնամիտ հանճարովը:

Մեր Հայց Կուդդէմպէրկն ո՞վ եղած է, այսինքն առաջին անգամ հայերէն գրեր ձուլող ձեւող եւ գիրք տպող, դեռ ոչ բոլորովին բացայայտ խնդիր մ՚է. զոր արդէն լսած ես`, Հայկակ, եւ գիտես որ ամբողջ հայերէն գիրք տպագրելէն առաջ` քանի մը եւրոպէացի բանասիրաց գրոց մէջ ԺԶ դարուն կիսէն առաջ ալ երեւցած են հայերէն այբուբենք կամ քանի մ՚երես բան, որ միայն նախընծայ անհարթ փորձ մը կրնան սեպուիլ տպագրութեան. իսկ ամբողջ տպագրեալ հայերէն գիրք մը, թուի թէ Կուդդէմպէրկի գիւտէն հազիւ դար մը ետեւ եղած է, թէպէտ եւ դեռ անծանօթ է տպագրութեան տարին եւ տեղն եւ հրատարակողը:

Տեսած եմ գիրք մը, որուն համար թէ եւ չեմ կրնար ըսել բացարձակ առաջին տպագրութիւն, այլ ծանօթ տպագրութեանց նկատմամբ կրնայ ըսուիլ առաջին, կամ ամենէն հին ծանուցեալ տպագիրք, երեք դարէ աւելի հին. որոյ տպագրութեան տեղւոյն եւ անձին չյիշատակուիլն (գոնէ հիմայ գտուած օրինակաց մէջ) գուցէ խորհրդով եւ զգուշութեամբ եղած ըլլայ. որովհետեւ առաջնութեան եւ հնութեան, նաեւ հրատարակման անարժան գիրք մ՚է, եւ ձախ ձեռքի մը չօրհնած ընծայ կրնայ սեպուիլ. գիշերուան ծնունդ քան տուընջեան. եւ եթէ ներելի է մեր հեթանոս հարց կամ Պարսից լեզուովը խօսիլ, խաւարասէր Ահրմէն մ՚է որ կ՚աճապաէ ի դուրս գալ նախ քան զանուշահոտն եւ լուսաւոր Որմիզդ, որպէս զի յափշտակէ մտաց վրայ տիրապետութիւնը. սակայն լոյսն եւ բարին թէ եւ քիչ մը յետոյ գայ` կու յաղթէ չարին եւ խաւարին:

Արդ մեզի ծանօթ եւ հասարակօրէն հռչակեալ առաջին հայերէն լուսաշնորհ եւ լուսածնունդ տպագրութիւնն` եղած է յամի 1565, ամբողջ երեքհարիւրամեան շրջան մ՚առաջ, որով եւ չորրորդ դարագլուխ է այս տարիս, արժանի յիշատակաց եւ տօնելի (գոնէ) վասն տպագրաց ազգիս, ըստ սովորութեան եւրոպեայց, որք չեն զանց առնուր իրենց պատմական, կրօնական եւ ուսումնական երեւելի յիշատակաց դարադարձը տօնախմբել:

Ելլենք ասկէ 300 տարի առաջ, մտնենք մտօք ԺԶ դարուն կէսը, քննենք զերեսս աշխարհի եւ զխորս հայրենեաց մերոց: - Ի՞նչ նորութիւն եւ սկիզբն նորութեանց յԵւրոպիա. ի՞նչ յուզմունք, այլայլութիւնք, յեղափոխութիւնք, վէճք, քննութիւնք, ժողովք, կռիւք, միաբանութիւնք եւ հերձուածք` վասն հաւատոց, նորաղանդ վարդապետութեանց, եւ բողոքարկու պահանջմանց: Պատմագէտ, փիլիսոփայ եւ աստուածագէտ պէտք է ըլլայ չափով մը, այս մեծ` եւ Եւրոպայի համար հանրական կերպարանափոխութիւնը եւ ծովածաւալ ծածանումը նկատելու համար. - տեսարան մը` որ թեարեւս նմանը չէ ունեցած կրթուած եւ զարգացած ազգաց մէջ, որոյ վերջին պատկեր կ՚ըլլայ Եկեղեցւոյ տիեզերական վերջին սիւնհոդոսը (Տրիդենտեան):

Պահ մը դիտելով զայս, դառնանք յարեւելս, ի մայրն արեւելեայ աշխարհաց, ի բուն մեր հայրենիս` ի Հայաստան : Ի՞նչ խորութիւն խաւարի եւ լռութեան. ի՞նչպէս աննշան եղեր է այն ընդարձակ եւ բազմաբնակ աշխարհն, որ իր սկզբան բոլոր երկրիս վրայ առաջին նշանն էր, եւ երկար եւ կերպակերպ յեղափոխութեամբք գրեթէ բոլոր հին եւ միջին ժամանակաց մէջ պատմաքննութեան մտադրութիւնը կրնար գրաւել, նաեւ իրեն պատերազմաց եւ արեանց ասպարէզ բացուած ատենն. երբ դեռ դիականց եւ աւերակաց մէջ ալ գտուէին եւ փայլէին քիչ կամ շատ կեդանի նշխարք Հայութեան. շունչ մը հայ հոգւոյ, փայլ մը հայ հանճարոյ, գործ մը հայ ձեռին: Իսկ հիմայ այս (ԺԶ) դարուս մէջ` յետ արիւնակոխ աւերասփիւռ արշաւանաց Լէնկթիմուրի, եւ պատերազմաց Շահռուհի, Ագ եւ Գարա-Գոյունլու տոհմից, յետ տիրապետութեան Շահ Իսմայէլի ի Պարսս, եւ Օսմանեանց զօրանալով յարեւմտից յարեւելս աշխարհակալելու, - հիմայ` թէ եւ քիչ մը հանդարտ էր Հայոց երկիրն ի վրդովմանց կռուոյ եւ հակառակութեան, սակայն ազգին ինքնակացութիւնն գրեթէ իսպառ ջնջած կամ ճնշուած, դանդաղամած անշարժութեան մէջ էր:

Թերեւս Հայութեան հիգագոյն դարն է ԺԵ-ԺԶ դարուց միջոցն. ոչ եկեղեցական յիշատակելի դէպք մը (յետ փոխադրութեան կամ բաժանման կաթողիկոսական աթոռոյ ի Սիս եւ յԷջմիածին), ոչ ազգային քաղաքական երեւոյթ մը, եւ ոչ այլ նշոյլք բանասիրութեան կամ գրականութեան, որ թերեւս քան զայլ նշանս` երկարատեւ եւ յայտնագոյն ցոյց է կենդանութեան մեր ազգին: Այո, մատենագրութեան մասամբ այլ, որչափ որ ծանօթ է ինծի, մեր աղքատագոյն ժամանակն է այս. յետ գեղեցիկ փորձոյ եւ ջանից մեր գրասիրաց ԺԳ դարուն, (որ թերեւս հարստագոյն է քան զամենայն դարս գրականութեան մերոյ, եթէ ոչ եւ ընտրելագոյն որպէս իրմէ առաջինը` ԺԲ), դեռ ԺԴ դարուն մէջ այլ գտուէին հետեւողք նոցա, որոց գրուածքն ցուցընեն հայկական իսկութիւն մը, եւ դեռ ԺԵ դարն ալ մինչեւ ի կէսն ունի քանի մը Գրիգոր եւ Առաքելոյ, Թովմաս մը, Մկրտիչ Նաղաշ մը. Ամիրատոլվաթ մը, որք քիչ շատ ջանացած են առաջին դարուց հայ քերդողութեան, պատմութեան եւ բնագիտութեան մուզայից պարտէզները մշակել կիսահարթ գրչով մը: Իսկ անոնցմէ ետեւ յիշեալ դարուս մէջ` եւ ոչ անոնց հաւասարող մը կ՚երեւի, եւ ոչ հայերէն գրական լեզուի յստակութիւն, եւ ոչ անոր մշակութիւն գրելով ու կարգալով. որոց դիւրութեան հնարքներն այլ նուազեր էին յետ աւերմանց եւ աւարմանց վերոյիշեալ բռնաւորաց:

Գրեթէ նորանշան գործ մը կամ անձ մը պէտք էր այս վնասը զարմանալու եւ մեծագոյն վնասէ պահելու զՀայս. եւ եթէ գտուէր այսպիսի մէկն, կարծեմ անտարակոյս եւ անդանդաղ` մեզի այլ պէտք էր ճանչնալ զնա մեծ եւ յաւերժայիշատակ բարերար մ՚ազգային մէկ մը յայն ընտրեալ անձանց, որոց անուններն արժան է որ Հայկական երախտեաց տաճարին մէջ առաջին տողին վրայ գրուին:

Եղա՞ւ, երեւցա՞ւ արդեօք այսպիսի անձ մը. պարգեւեցա՞ւ Հայաստանի այսպիսի այցելու մը. այնպիսի ճարտարագէտ եւ հանճարահնար մը, ի միջոց ժամանակին` որ յետ վարժապետացն Սիւնեաց վանորէից եւ նախ քան զՄխիթար Սեբաստացին: - Այնքան թանձր է ժամանակին մթութիւնն կամ լռութիւնն, որ այս բանս այլ ընդհատ եւ ընդ աղօտ կ՚երեւի. սակայն հիմայ մեզի այսչափս այլ բաւական է ճանչնալու որ յիրաւի եղած է Հայոց ցանկալի այցելութիւն մը, Տպագրութիւնն, եւ երեւցեր է ասոր համար եռանդուն, հնարագէտ, անձնանուէր բարերար մը, ԱԲԳԱՐ ԴՊԻՐ:

Այս գիւտին կամ բարեաց նախաշարժ սկզբնաւորութիւնն ի՞նչպէս եղած ըլլալն այլ մեզի դեռ յայտնի չէ. բայց խորհրդաւոր եւ ոչ աննշան կերպ մը կ՚երեւի: Ի կէս ԺԶ դարու (յամի 1549) Ստեփաննոս Սալմաստցի կաթողիկոս` կու գայ ի Հռովմ, (մին յառաջին կաթողիկոսաց Էջմիածնի` որ յետ Ս. Լուսաւորչին գայ այս կաթուղիկէ եկեղեցւոյ աթոռը). մեծ մտերմութիւն կու ցուցընէ եւ կու տեսնէ հոն, եւ զնոյն կու հաւաստէ իր ընտրած աթոռակցին` Միքայելի. իբրեւ ժառանգութիւն մը թողլով ասոր` յաջորդութեան հետ` զնոյն մտերմութիւն. զոր եւ սա կ՚ուզէ արծարծել յետ տասն եւ աւելի տարիներու, երբ ժամանակին դիպուածներէն ստիպուած, Վաղարշապատու աթոռը թողեր, եկեր նստեր էր ի Փոքր Ասիա, ի հռչակաւորն Սեբաստիա, հոն, ուր իրմէ 500 տարի առաջ մեծանունն Պետրոս Գետադարձն նստաւ եւ հանգեաւ:

Քաղցր է ինձ այս քաղաքիս յիշատակն, որ հին ատեն Բ Հայոց մայրաքաղաք ըլլալէն. եւ երբեմն ԺԱ դարու) Ոստանի եւ Վանայ տեղ Արծրունի թագաւորաց աթոռ ըլլալէն աւելի մեծ, (թէ եւ ոչ ըստ արժանւոյն հռչակեալ`) յիշատակներ եւ երախտիք ունի առ ազգս, կամ մասնաւոր նախախնամութեան ձիրքեր, զոր յայմար է հարեւանցի յիշել այս առթովս: Քրիստոնէութեան առաջին հալածանաց դարուց մէջ շատ սուրբ նահատակներ ընծայեց Սեբաստիա, որոց անշուշտ մէկ մասն այլ Հայազգի էին. շատ օտար տեղացի առաքինիք այլ` հոս (իբրեւ յիշխանանիստ քաղաք Հռոմայեցւոց) դատուեցան եւ նահատակեցան: - Ո՞վ կրնայ Սեբաստիոյ անուան հետ չը յիշել Քառասուն Մանկունքն, «որք ի Սեբաստիոյ ծովուն զծովածուփ կենցաղոյս լուծին զվտանգ»: Երբ հալածանքն` դեռ ընդհանուր եկեղեցւոյ համար չդադրած` ի Հայս դադրեցաւ, Գր. Լուսաւորչի մը տիեզերական նահատակութեամբ եւ Տրդատայ մը համաշխարհական հաւատովն ի Քրիստոս, մեր առաջին հայրապետն ի Կեսարիոյ սուրբ օծութեամբ դառնալուն աիեն, «մնայր ժամանակս ինչ ի Սեբաստիա, հաւաքել զդասս կրօնաւորացն»: Կրնամք ըսել թէ նորընծայ քրիստոնէահաւատ Հայութեան առաջին դաստիարակաց մեծ մասն` ի Սեբաստիոյ ընծայեցան, եւ չեմ անիրաւիր ըսելու այլ թէ թերեւս անկէ 1500 տարի ետեւ, յետին քաջանշան բարերար եւ նորոգիչ մը հոգեւոր եւ մտաւոր հանճարոյ ազգիս` ի նոյն ի Սեբաստիոյ ծագեցաւ, Մխիթար Աբբայն: Այս Սեբաստիոյ երկու մեծաձիր լուսաւորիչ եւ լուսանորոգ հրեշտակութեանց մէջ, իրաւացի կու համարիմ դասել զհեղինակն հայ տպագրութեան` Աբգար. որ թէ եւ հայրենեօք մերձաւոր մեծ քաղքէ մ՚էր, յԵւդոկիոյ (Թօքադ), այլ ասկէ Սեբաստիոյ) ելաւ ի հրեշտակութիւն, եւ իր յիշատակաց գործը կատարեց: Եթէ Եւդոկիացիք ուզեն վիճիլ այս պարծանաց համար` ես հաճութեամբ հաւանիմ այդպիսի վիճի մը:

Աբգար դպիր իր քաղաքին մէջ առաջուց այլ վկայուած էր խելօքն եւ ճարտարութեամբ, եւ անկէ այլ առաջ ազնուական ծննդեամբն. թէ եւ վաղուց վերցուած էր Հայոց պայազատական ցեղակարգութիւնն, բայց դեռ հիմակուընէ աւելի գտուէին եւ ճանչուէին հին պայազատաց շառաւեղքն: Աբգարու ծնունդն մեզմէ երեք եւ կէս դարու չափ կը յառաջէ. իսկ անկէ վեր մինչեւ ի վերջին թագաժառանգս Կիւլիկեան իշխանազանց` հազիւ դար եւ կէս է. անշուշտ այն ատեն, այսինքն ի կէս ԺԶ դարու դեռ յայտնապէս տեսնուին մեր յետին թագաւորական հարստութեան ցրուեալ եւ ցանեալ շառաւեղքն, ոչ միայն ի Կիւլիկիա, այլ թերեւս այլ աւելի յօտար հայաբնակ քաղաքներ. ասոնցմէ մէկն էր մեր Աբգարն այլ. թէպէտ եւ ո'ր ճըղէ առաջ եկած ըլլալն չէ յայտ: Իր ազնիւ եւ տոհմիկ մարդ ըլլալն` արդէն կու վկայէ Միքայէլ կաթողիկոս իր թղթովն. բայց անկէ աւելին կու գտնեմք իր որդւոյն վրայ եղած յիշատակօքն, որ եւ իրեն ուղեկից եւ գործակից էր. եւ անուամբն իսկ յայտնէր մեծատոհմութիւնը, Սուլթանշահ կոչուելով. զոր եւ Լատինացիք թուի թէ ի նոյն նշանակ կոչեցին Մարգանդոնիոյ (Մարկոս - Անտոնիոս): Գոնէ ասոր մայրն, Աբգարու կինն, պէտք էր թագաւորական շառաւիղէ ըլլալ. վասն զի Մաղաքիա Դպիր ժամանակագիր կ՚ըսէ ասոր համար, «իւր (որդւոյն) թագազարմ Անտոնինոս Սուլթանշահ սարկաւագին»: Եւ յամին 1583 Հռոմայ մէջ գտուող Հայկազունք` նոյն Սուլթանշահին առաջնորդութեամբ, որ իրենց իշխան կամ վերակացու անուանեալ էր ի Պապէն, եւ Յովհ. Տէրզնցի տպագրող երիցուն ձեռնարկութեամբ` առ Դաւիթ պատրիարք Երուսաղէմի գրած թղթերնուն մէջ` կ՚անուանեն զնա` «Մեր Հայոց իշխանն արքաշաւիղն ի Հայկայ (Հայկ) պարոն Սուլտանշահ»… եւ դարձեալ, «արքաազնին պարոն Սուլտանշ (ահ)ին»: - Քիչ տարի վերջը (1600) Տէր Բարթուղիմէոս վարդապետ մը որ հոն ի Հռոմ Հայոց եկեղեցւոյն հովուապետ գրուեր էր, զինքն կ՚անուանէ ի յիշատակարանս` Աբգարայ ազգին, եւ մեր Լեւոն Ե թագաւորին մէկ գտուած պարգեւագրին վաւերականութիւնը վկայելով` կու գրէ ներքեւը. «Ես Տէր Բարդողիմէոս Աբկարացի, այս թագաւորին սերմանէ, հաստատեմ զոր գրեալ է»: - Աւելի որոշ կու գրէ ուրիշ ժամանակագիր մը անցեալ դարուն, նոր անուն մ՚այլ յայտնելով Աբգարու. «Պարոն Սէֆէր Աբգարենց, ի զարմէ թագաւորացն Հայոց, եկեալ ի Հռոմ դեսպան Հայաստանեայց» եւ այլն: Արդ ասոնք կարծեմ բաւական ցուցընեն թէ Կիւլիկիոյ Ռուբինեան թագաւորաց ցեղէն իջած է Աբգարեան տոհմը, ուսկից էր մեր Դպիրն, եւ Սուլթանշահ եւ Տէր Բարդուղիմէոսն. իսկ ի Հայկայ անուանելն զպայազատն` գուցէ ամէն հայ թագաւոր Հայկայ յաջորդ սեպուելովն է: - Եթէ ցեղին ազնուականութիւնն աւելորդ է, կամ մասնաւոր փառք մը չաւելցըներ բարքով աննշան մարդու մը, արդէն գործովը նշանաւոր եղողին` կրնայ նոր եւ աւելի փայլք տալ. ուրեմն թէ ասոր համար հարկ էր մեզի զայս գիտնալ, թէ մեր ազգային պատմութեանց տեղեկութեան համար: Գանք հիմայ Աբգարու ուրիշ առաւելութեանդ վրայ:

Ինքն զինքն Դպիր կ՚անուանէ, որ թէ եկեղեցական կարգի փոքր աստիճաններ ունենալն կրնայ յայտնել, եւ թէ գրոց եւ գրչութեան աշակերտիլն բայց կ՚երեւի թէ աւելի ճարտարութեան արուեստից ետեւէ էր` քան պարզ գրականութեան. սակայն յամենայնի ճարտար ճարպիկ մարդ մը ճանաչուած: Աբգարու յաջողութեանց ինքնին վկայ է Միքայէլ կաթուղիկոս առ Պիոս Դ գրած թղթերովն, որոց մէկն միայն լատիներէն հասած է մեր ձեռքը: Յետ հաստատելու իր նուիրակին պատուաւոր եւ պատուարժան անձն ըլլալը, կ՚իմացընէ նաեւ անոր կերպ կերպ ճարտարութիւններն այլ. եւ նախ հնարագիտութիւնն ի գրել եւ կարդալ ծածուկ եւ խորհրդաբար գրուածներ, ինչպէս էր ինքնին կաթողիկոսին առաջի գրածն այլ եւ ուրիշ գրելիքն այլ, զոր բաց յԱբգարու չէր կրնար ուրիշ մը կարդալ: Դարձեալ կ՚իմացընէ` որ յերկուց ձեռաց այլ հաւասար յաջող էր Աբգար, ինչ որ աջովը կրնար` զնոյն նաեւ ձախովն կարող էր ընելու: Ուրիշ աւելի բարձրագոյն յաջողութեան եւ ճարտարութեան մ՚այլ վկայէ կաթուղիկոսն, որ ինծմէ այլ բարձր կամ անհասկանալի մնայ առ ժամս: Այս թուղթս գրած է Միքայէլ կաթուղիկոս յամին 1563, (ապրիլ) յիշեցընելու եւ ստուգելու համար որ անկէ առաջ նախընթաց տարին (1562 մայիսի 20) երկու երկար գիր գրեր եւ յանձներ էր առ Աբգար, գլուխ դնելով զնա իր պատգամաւորաց առ Ս. Պապն. մէկ թուղթն ընծայական կամ յանձնարարականն էր նոյն Աբգարու համար առ Պապն, որոյ ձեռքով ընծայ կու խաւրէր առ քահանայապետն` օրհնեալ մեռոն անուշահոտ, թանկ խաչ մը եւ նշխարք սրբոց. իսկ միւս թուղթն որ բուն այս դեսպանութեան նպատակն պիտի յայտնէր, դեռ յերեւան չէ ելած: Բայց անտարակոյս է որ մասամբ հաւատոյ դաւանութեան եւ միաբանութեան վրայօք էր, մանաւանդ որ այն տարիները Տրիտենդեան տիեզերական Ժողովը կ՚ըլլար, անհաւանական չէ որ Հայաստան ալ հեռուստ համաձայնած ըլլայ ընդհանրական եկեղեցւոյ հետ` այս անգամ այլ: Թղթոյն մէկ նպատակն այլ` (որ առ այժմ հոս մեզի աւելի հետաքննելի է) թուի թէ այն գործոյն համար էր, որոյ ձեռք զարկաւ Աբգար, եւ որոյ համար այսօր այլ մեզմէ կու հռչակուի:

Արդ այս թղթերով եւ ընծաներով, հետն առած իր Սուլդանշահ որդին, Աղեքսանդր անուամբ քահանայ մը, եւ թերեւս ուրիշ անձեր այլ, ելաւ Աբգար ի Սեբաստիոյ երթալ ի Հռոմ. ուր շատ ուշ հասաւ, յամին 1564. որ թուի թէ ոչ միայն ճամբու արգելանաց համար ըլլայ, որովհետեւ կաթուղիկոսն լուր եւ պատասխան չառնըլով` վերոյիշեալ գիրն այլ գրեր եւ հասուցեր էր առ Պապն (1563). այլ գուցէ Աբգար լսեր էր Սրբազանին մեծ եւ կարեւոր զբաղանքը, որ ամենայն ջանքով եւ շուտով յառաջ տանելով կ՚ուզէր կնքել Տրիդենտեան յերկարեալ ժողովը, ինչպէս որ յաջողեցաւ այլ ընելու, եւ մեծ գոհութեամբ հանգչելով յաթոռն սուրբ` կ՚ըսէր: Արդ արձակեա Տէր զծառայս քո: Բայց գործ մ՚այլ կայ եղեր իրեն տեսնելու` մեր հարենեաց նկատմամբ. եւ այս էր գործն Աբգարու:

Հասաւ սա ի Հռովմ յամին 1564, եւ մատոյց առ Պիոս Դ բերած թղթերն եւ ընծայք. եւ իմացաւ որ կաթողիկոսն նոր թուղթ այլ գրեր է, յորում դարձեալ կ՚աղաչէ զՍ. Պապն` որ մեծարանօք ընդունի զԱբգար եւ դեսպանօրէն պատուէ զնա. ցուցընել տալով անոր` ինչ որ սրբութեանց եւ արուեստից հրաշալի տեսնելիք կան ի Հռովմ, եւ յետոյ պապական թղթով եւ նուիրակով յետ դարձընէ: Անշուշտ այս խնդիրքս գոհարար կերպով կատարեցան: Պիոս հաճութեամբ ընդունելով Միքայէլի առաջին թուղթը, եւ իբրեւ յաւելուած մթ սեպելով իր եկեղեցւոյ պայծառութեան աշխատանաց եւ փափագին, աւելի երկար եւ պարզ դաւանութիւն մ՚ուզեց զԱբգարայ` Հայոց եկեղեցւոյն վարդապետութեան վրայօք: Աբգար կատարեց Պապին խնդիրը` իր ճանչցածը բացատրելով չափաւորապէս: Այս բանիս համար անկէ ետեւ եղածը թողունք պրպըտել մեր եկեղեցական պատմութեան, որ մութ մնացած է այս տեղ. բայց այսչափս հարկ է ըսել, որ տարւոյ մը չափ Աբգարու մնալովն ի Հռովմ` երկու կողմանէ այլ քննութիւն եւ հաւանութիւն եղած պիտի ըլլայ. որովհետեւ Աբգար ընտանութեամբ խնդիրքներ ըրած եւ առած է ի Պապէն, ինչպէս ինքնին նշան կու տայ իր առաջին ապրած գրոց մէջ. եւ զի իր Գրամիտ որդին, ինչպէս ինքն կ՚անուանէ, հոն թողուց որ սովրի լաւ իտալ եւ լատին լեզու, եւ որ 20 տարի վերջն այլ յիշուի հոն ի Հռովմ. ուր եւ արդէն հոն գտուած Հայոց` վերակացու եւ իշխան դրուեցաւ ի յաջորդաց Պիոսի, ընդունելով ազգին համար սեփական հիւատուն մը, եւ եկեղեցի մը` Ս. Մարիամ Եգիպտացւոյ, փոխանակ հին տան եւ եկեղեցւոյն . Աստուածածին եւ Ս. Լուսաւորչի) որ մեզմէ վեց դար այլ առաջ յիշուին ի Հռովմ` մօտ ի մեծն եկեղեցեաց ի Ս. Պետրոս:

Հոգեւորական գործը լմընցընելով, կամ անոր հետ մէկտեղ` սկսաւ Աբգար իր մեծահռչակ ուսումնական գործը, այսինքն է հայերէն տպագրութիւնը: Այս լուսաւոր ծննդեան երկունքն կամ խորհրադածութիւնն` արդեօք Աբգար իր հայրենի երկրէն եւ կաթողիկոսին հաւանութեամբ հե՞տը բերեր էր, թէ ի Հռոմ գալով միտքն արծարծեցաւ, մեզի այտնի ըսած չէ. բայց ինչպէս առաջ այլ ըսի, կ՚երեւի թէ արդէն այս փափագովս եկած էր Աբգար ի Հռովմ. եւ թերեւս կաթողիկոսին մթին խօսքերն` ասոր այլ ակնարկեն: Իսկ այս ամենայայտնի է որ ծանօթ հայ տպագրութեան երկունքն եղաւ ի Հռովմ, ծնունդն ի Վենետիկ: Հայրն իր լուսաւոր կենաց նախնական եւ գլխաւոր օժանդակները` միշտ մեծ եւ հրաշալի կերպով մ՚ընդունած կարծէ եւ պարծի. այսպէս` սուրբ հաւատքը, տումարը եւ գիրը. այսպէս այլ իր տպագրութիւնն նախախնամական եւ սրբազան կերպարանք մը կ՚առնու Աբգարու ձեռքով կաս ճարտարութեամբ. որ յիրաւի արժանի է մտադրութեան անոնց` որ պատմութեան, եւ մանաւանդ մտաւոր պատմութեան մէջ` աստուածային աջը կու տեսնեն նախացուցակ:

Կարդա' մեր առաջին ծանօթ տպագրեալ գրոց (Սաղմոսին) առաջին յիշատակը. «Ի թվականիս Հայոց ՌԺԴ (1565) ամին ես Թոխաթցի Աբգար Դիրս, խնդրեցի զայս նոր գիրս ի Հռոմ ի Պետրոս (Պիոս) փափուն, եւ երետ հրաման շինելու, բարեխաւսութեամբ այս կարտինալացս եւ այս եպիսկոպոսիս. եւ իմ գրայմիտ Սուլտանշա որդւոյս»: Յիշած կարտինալներն են երեք, եւ եպիսկոպոս մը, որոց կերպարանքն եւ անունն ձեւացուցեր է փորագրեալ փոքր պատկերի մը մէջ գրքին մէկ կէս երեսին վրայ, որոյ տակն այլ տպագրած է յիշատակարանը, պատկերին մէջ տեղը բազմեցընելով զՊիոս Դ եռակարգեան խուրովը. ձախ ձեռքը պետրոսեան բանալիքն, աջովն այլ օրհնելով նորընծայ հայ գրերը` զոր Աբգար ի ծունկ իջած ներկայացընէ Պապին. եւ որդին Սուլտանշահ յոտք կեցած` իբրեւ հօրը թարգման` խնդրէ օրհնութիւն եւ հրաման մտցընելու եւ ծաւալելու ի Հայս` այս մտարացութեան կարեւոր հնարքը: Այն կէս թաթաչափ փոքրիկ, խոշորագիծ պատկերին մէջ այնչափ բան եւ իմաստ բովանդակելն` յիրաւի ցուցընէ Աբգարու գովեալ հնարագիտութիւնը եւ մեծըցնող ու փառաւորող ձեռքն ու միտքն: - ինչու՞ չըսենք թէ նաեւ սիրտն ու հոգին:

Պատկերին ցուցած եօթն անձանց մէջ` յետ Աբգարու եւ որդւոյն` մեզի եւ հասարակաց համար նշանաւոր անձն` ի հարկէ հոն բազմեալն եւ գլխաւորն եկեղեցւոյ` Պիոսն է, որ իր կենաց եւ շատոնց բաղձալի ու մեծ ու դժար գործը դեռ նոր վճարած (Տրիդ. ժողովը) եւ իր անմահութեան յիշատակին նախափայլ ճառագայթներովը` մնացած քանի մ՚ամսական կենաց նշոյլը ծածկելու միջոցին մէջ` այս մեր հայերէն տպագրութեան սկզբնաւորութիւնը օրհնելով կամ սրբազանելով` յիրաւի կ՚առնու եւ կու տայ վսեմական կերպ եւ իմաստ մը: - Ոչ պակաս վեհ եւ աւելի սիրելի է հասարակաց` մէկ ուրիշ անձ մ՚այլ` կարտինալական ձեւովն անմիջապէս Պապին քովն կեցած, որ եւ նոյն իսկ սրբազանին քեռորդին էր, դեռ ան ատեն 26 տարուան, բայց արդէն արքեպիսկոպոս Միլանու եւ ծիրանաւոր պալատան Հռոմայ, ազնուականն ծննդեամբ եւ ազնուագոյնն մահուամբ Ս. Կարլոս Պորրոմէոս, որ դեռ սրբութեանը պէս` բազմակերպ մարդասէր բարերարութեամբքն` ծանօթ եւ հռչակեալ է ընդ ամենայն Իտալիա եւ բոլոր բարեպաշտ Եւրոպէ: Այսպիսի անձի մը` մեր հայերէն տպագրութեան իբրեւ պաշտպան կամ կնքահայր գտուիլն, կու յիշեցընէ` ինչպէս ինծի` անշուշտ քեզ այլ: Հայկակ, Խօսնակին եկեղեցւոյ կամ անոր նման անձի մը յիշատակը` մեր հայերէն գրոց կամ թարգմանութեան գիւտին նկատմամբ: - Ի մեծ գրատան Միլանու կայ օրինակ մը մեր տպագրոց անդրանիկն` Աբգարու սաղմոսին, որ եւ մի միայն հոն գտուի (ըստ իմ գիտութեանս). եւ այն օրինակն է` զոր անշուշտ մեր Աբգարն ընծայեր է առ սուրբ Ծիրանւորն, եւ նա այլ թողեր է գրատանը. - եռարատիկ ցանկալի՜ յիշատակ եւ գրքոյկ, որ կրնայ կենդանի արձան մը սեպուիլ այս ըսածներուս աբգարեան նորընծայ տպագրութեան վրայօք, եւ պաշտելի նշխար մը այն գործոյն, զոր ոչ միայն Աբգար` այլ եւ նախախնամութիւնն, (հոս պէտք է զայս խոստովանիլ), արդարեւ կերպով մը սրբազանել ուզեր են:

Աբգար այսչափով գոհ չըլլալով` կ՚ուզէ աւելի փառաւորութիւն մ՚այլ ընծայել իր հայկական տպագրութեան ծագման. ոչ միայն եկեղեցական այլ եւ քաղաքական հովանաւորութիւն մը կու ձգէ վրան. - ժամանակին նշանաւոր եւ յարեւելս ծանօթագոյն եղած տէրութեան մը պաշտպանութեան տակ, Վենետկոյ հասարակապետութեան: Վերոյիշեալ պատկերին դիմաց` նոյն չափով` կու ներկայացընէ ուրիշ մը. հանդիսական դահլիճ մը, Վենետկոյ պաշտպան եւ նշան Ս. Մարկոսեան ոսկեթեւ առիւծն` վերակարգեալ ի վերայ արքունի գահուն, ուր բազմի այն ատենուան դուքսն Հերոնիմոս` իր հանդիսի հանգուստովն. երկու կողմն իրեք իրեք ատենակալ նստին իրենց լայն լօդիկներով պատած, որպէս թէ կարեւոր խնդիր մ՚ընեն նաւախումբ մ՚արձակելու եւ իրենց առիւծագլուխ դրօշները թռցընելու Յոնիականի կամ Ադրիականի կղզւոյ մը վրայ բայց մեր ճարտարագիւտն Աբգար` անոնց մտադրութիւնը կու դարձընէ իր նորաձոյլ հայկական տառից վրայ: - Կու ներկայանայ գահուն աստիճանաց վրայ, ինքն այլ իր լայն վերարկուաւն, զնոյն խնդիրն ընելով ինչ որ ըրաւ Պապին: Ծերունի եւ մօրուանի ատենակալաց եւ դքսին ծովային աչքերն` սուր սուր կու սեւեռին Աբգարէն աւելի (որոյ ազգն եւ ձեւն շատոնց իրենց ծանօթ են), անոր ցուցած եւ անծանօթ գծած ձեւերուն վրայ, եւ թերեւս կարծեն թէ անոնք նոր մոգական բանալիք մ՚այլ ըլլան իրենց` արեւելքի ճամբաերն աւելի բանալու: Այս պատկերին ներքեւ կու գրէ Աբգար. «Եւ եկեալ ի գեղեցիկ նաւայհանկի(ս)տ մայրայքաղաքն, որ կոչի Վանատիկ, ի թագաւորութեանն Երելեմոն Թուճին: Եւ շինեցաք զայս նոր գիրս, եւ զսա փոքր Մեկնիչս սաղմոսացս»: Հոս այլ տարւոյն թուականն նշանակելով դքսին պատուանդանին վրայ, այսպէս M. D. L. X. V. որ է 1565: - Ասով յայտնի կ՚ընէ Աբգար, որ ի Հռոմ երկնեալ հայկական տառերը ձուլեց ծնաւ ի Վենետիկ. եւ մէկէն ձեռք զարկաւ անոնց նախընծայ զուգաւորութեամբ` բազմացընելու այն գիրքը, որ եւ կ՚ըսուի թէ նախ քան զայլ սուրբ Գիրս հայերէն թարգմանուած է. Սաղմոսը. զոր թերեւս վերնագրացը համար` Մեկնիչ սաղմոսաց կ՚անուանէ:

Յետ այս անդրանիկ տպագրութեան ուրիշ գրոց ծնունդք այլ եղա՞ն ի Վենետիկ. - չեմ գիտեր, հաւանական է որ Աբգար ուրախութեամբ լցուած իր փորձին եւ յաջողութեանը վրայ, իբր յաղթանակաւ եւ աւարաւ նաւեց փութացաւ ի մեծ քաղաքն (Կ. Պօլիս), որ այն ատենէն մինչեւ հիմայ ազգերնուս մեծագոյն բարգաւաճանաց ժողովարանն եւ կեդրոնն եղած է. ուր եւ բոլոր Օսմանեան տէրութեան մէջ ազգը ներկայացընող կու ճանաչուէր` հիմկու պէս` Պատրիարքն Հայոց: Ասոր այլ ներկայացուց Աբգար, յառաջ քան թէ կաթուղիկոսին, իր գիւտը եւ անոր երախայրիքը, եւ շուտով տպագրատուն մը հաստատելով, եւ անշուշտ առաջին տպագրատուն Կոստանդիանու եւ Օսմանեան տիեզերական մայրաքաղաքին մէջ` տպագրեց յամի 1567, գրականութեան առաջին հարկաւոր գիրքը: Քերականութիւն որոյ համար կ՚ըսէ մեր յետին դարուց ժամանակագիրն (Մաղաքիա) այլ մեծաբանութեամբ եւ այլաբանութեամբ. «Ի հայրապետութեանն Հայոց տէր Միքայելի ԻԱ ամի կաթուղիկոսութեանն, ի մայրաքաղաքն Կոստանդնուպոլիս, յերկրորդ ամի թագաւորութեանն Օսմանցւոց սուլթան Սէլիմի, եւ ի չորրորդ ամի պատրիարգութեան տէր Յակոբ րաբունապետի Կոստանդնուպօլսոյ, առ ոտս Յովանէս եպիսկոպոսին, ընդ հովանեաւ սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյն Հայոց, եղեւ ստամփայ այսինքն պասմայ գիր. եւ տպեցաւ փոքր քերականութիւն տղայոց, ձեռամբ անարժան կնքագիր դպրի եւ մերս Յոթորին»: Հոս բնիկ անունը լռելով կնքագիր դպիր կ՚անուանէ յԱբգար, գուցէ այսպէս կոչելով մեր հիմայ տպագիր ըսածը. իսկ Յոթոր անուամբ, որ Մովսէս մարգարէին աներոջ անունն է, կ՚ուզէ նշանակել, թէ անոր պէս այլ Աբգար ճամբայ ցըցուց իր ազգին գլխաւորին` զազգը դիւրաւ կառավարելու կամ դատելու: - Բայց հետեւեալ տարին` աւելի պարզ եւ յայտնի կու խօսի տարէգիրն. «ՌԺԷ (1568-9) ի Կոստանդնուպօլիս Նոր ստամբայ գիր սահմանեցին, ի հայրապետութեան տեառն Միքայէլին Էջմիածնի, եւ ի պատրիարգութեան Կոստանդնուպօլսոյ տէր Յակոբին, ընդ հովանեաւ սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյն, ձեռամբ Խորվիրապցի Առաքել Աբեղային, արհեստագործութեամբ Աբգար դպրին, եւ իւր Անտոնինոս Սուլթանշա սարկաւագին, որոյ գրովքն տպեալ Տօնացոյցս յառաջ բերին»: Այս տօնացոյցս ես չեմ տեսեր, բայց ձեռքս հասեր են անոր ընկերակից եւ ժամանակակից ուրիշ եկեղեցական գրքեր, մասամբք, այսինքն Ժամագիրք, Պատարագամատոյց, Մաշտոց, որոց սկիզբն եւ վերջն պակսի, բայց գիշերային ժամու վերնագրէն յառաջ երեսի մը սկիզբը յայտնապէս կայ. (ապա) «գրեցաւ Աղաւթ մատուցս թվին, ՌԺԷ ապրիլ. ԻԷ», որ է 1569 ին ապրիլը:

Սաղմոս, Տոնացոյց, Ժամագիրք, Պատարագամատոյց, Մաշտոց, կու պահանջեն զԱւետարանն այլ, որոյ անդրանիկ աբգարեան տպագրութիւն դեռ յայտնուած կամ յիշուած չէ. բայց գրեթէ անտարակոյս կ՚երեւի, լեցընելու եկեղեցական գրոց առաջին դասը: Քերականութիւնն այլ հիմն եւ սկիզբն կ՚ըլլայ մեր նախնեաց խրատական եւ գիտնական գրոց, միանգամայն եւ դպրոցական գրոց, որոց կարգը կամ ծնունդը փնտռել, թէ դժար եւ թէ աւելորդ կու սեպեմ հոս: Բաւական ըլլայ քեզ, Հայկակ, ճանչնալն զԱբգար` ինչպէս հեղինակ հայերէն տպագրութեան, նոյնպէս այլ սկզբնաւոր հրատարակման թէ հոգեւոր թէ մտաւոր գրոց մերոց: Այսչափս այլ` որ թերեւս Աբգարու վաստակոց մէկ փոքր մասն է, շատ ըլլայ մեզի իր մեծ մտածութիւնը, աշխատանքը, ջանքը, փորձը եւ յաջողութիւնը յաղթող եւ փառաւոր ցուցընելու: Եւ եթէ մեր նախ յիշեալ մթին ժամանակաց լռութիւնն կու ծածկէ մեզմէ իր վաստակոց ուրիշ մեծ կամ փոքր մասերն այլ, կամ իր ծովայածուկ եւ նոր կղզի գտնող նաւորդի մը պէս յաղթողակերպ դարձն յետ բազմամեայ պանդխտութեանն` առ կաթուղիկոսն Միքայէլ եւ ի հայրենիս իւր, կամ իր վերջին կենաց դիպուածքը. (որոյ առջինէն` կամ բոլորէն այլ հազիւ վեց կամ եօթն տարւոյ յիշատակ միայն աւանդեր է (գոնէ իմ հիմայ գտածս). - այսչափս, կ՚ըսեմ, առ այժմ բաւական սեպեմք ճանաչելու զԱբգար դպիրն` մեր ազգային բարերարաց եւ մեծագործաց եւ մեծ շնորհակալաց արժանաւորաց` մէկ մը:

Թողունք հիմայ մեր բազմացեալ տպագրողաց եւ տպագրապետաց մտաց եւ սրտին զգացման` հռչակելու զյիշատակ իրենց առաջնորդին, ի Չորրորդ դարամտի տպագրութեան Հայոց. մեր կողմէն փափագելով որ այսպիսի ջանքով, հանդիսաւորութեամբ եւ սրբազնութեամբ մը սկսեալ կամ շնորհեալ արուեստն` առ ազգս մեր, հիմայ յաճախութեամբ գրոց եւ տառից եւ մամլոց` չանարգուի խորթ ծննդեամբք. այսինքն հրատարակութեամբ այնպիսի գրուածոց` որ կրնան քճքճել եւ փճացընել աշխարհքիս հնագոյն ազգի մը պատկառելի նահապետական պատուոյ քօղը, որ եւ ազգիս պանծալի եւ ազնուագոյն մնացեալ շնորհաց մէկն է: