Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԹԱՂՈՒՄՆ ՔԱՋՈՐԴՒՈՅՆ
ՊԱՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱՑ
(Նմանողութիւն Ուօլֆի)

Ո՛չ փող զարկինք, ո՜չ արձագանք լեռնասոյզ
Սարէ ի սար չարաշըշուկ տարին լուր.
Ու չերգեցինք ողբոց երգեր սրտայոյզ
Երբ պատանւոյն բացինք մըռայլ փոսին դուռ։
Գիշերական մունջ ըստուերներ շուրջ կային
Երբ հրացանի կոթով ըզհող փորեցինք.
Լուսին միայն դողդոջ շողայր մեր գլխին,
Սուգ էր պատեր ըզդաշտ բըլուր եւ երկկինք։
Պէտք չէր դագաղ, եւ ոչ ճերմակ պատանքներ
Որով գոցուէր ազատորդի Զէյթունցին.
Նա յետ մարմին կարծես յոգնած կը հանգչէր,
Ու վերարկուն կարմիր բաւէր իւր անձին։
Անձայն ու կարճ «Ննջեցելոց» մի զրուցեց
Մեր քաջ տէրտէրն, զինւոր Հայոց ՚ւ Աստուծոյ,
Գովեց ըզմահն եւ զքաջութիւնն իւր օրհնեց,
Թոյլ չի տըւաւ հառաչ մ՚ու ճիչ հանելոյ։
Բայց երբ գըլուխն ի բարձ դըրինք հողաշէն,
Տեսանք ըզգեղ ճակտին ու վէրքըն պայծառ,
«Ո՜վ պատանեակ, ըսինք ամէնքս մէկ բերնէն,
Վասն հայրենեաց մեռար, դու շա՜տ ապրեցար։
«Գընա՛ զրուցէ՛ հայկազարմից մեծ ոգւոց
Որ կան այստեղ ազատ ու քաջ դեռ Հայեր,
Որոնք ի բիւր պատերազմաց թէպէտ խոց՝
Մէջ ամպրոպաց ի ժայռ կանգուն են կեցեր»։
Մէյ մ՚ալ քամի յանկարծ փըչեց ցըրտաշունչ,
Լուսնին շողերն եկաւ գոցեց մըթին ամպ,
Ու մեր սարերն, զերթ ուրուականք անմըռունչ
Սեւ գըլուխնին տնկած դիտեն ազչութեամբ։
Յայնժամ ցուրտ ցուրտ հող լեցուցինք իւր վըրան,
Խաչ մը դըրինք, ինչպէս իւր մօր պատուեր ետ.
Ո՛չ այլ շըքեղ արձանագիր ո՛չ տապան.
Զինքըն մինա՛կ թողուցինք իւր փառքին հետ։