Ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի ՆՈՐԱԿԵՐՏ ԺՈՂՈՎԱՐԱՆՆ ՀԱՄԱԶԳԵԱՑ ԽՕՍԵՑԵԱԼ

Ի՜նչ գեղեցիկ. ու ամէն դարու, ժամանակաց ու մարդկանց փափագելի բախտ սեպուած է, անմահ յիշատակով անուն մը անվերջ արձագանքի մը պէս հնչեցնել աշխարհքիս վրայ։

Բայց վերցնենք մէյ մը աչքերնիս ան բարձր տաճարը փառաց ու անմահութեան, որ այնչափ հեռուէն ալ իր պայծառ լուսովը աչքերնիս կը շլացնէ. իրաւ է, որ հոն կը տեսնանք առաքինութեանց ու հայրենասիրութեան արժանաւոր վարձքը ու պսակը, բայց նայեցէ՛ք, կ'աղաչեմ, հոն ելլելու ճամփուն սոսկալի դժուարութիւններուն վրայ։ Դիտեցէ՛ք սա փուշերը ու ժայռերը ներկած արեան նշանները, որ հոնկից անցնող քաջ դիւցազուններուն ոտքը թողուցեր է. ճանչցե՛ք ան տաճարին մէջ մեր դիւցազուններն ալ, մանաւանդ՝ Տրդատ, Մեծն Ներսէս, ի՛նչ վսեմ փառքով կը փայլին. բայց ի՞նչու է ան ձեռքերնին բռնած, լի թունօք, մահահոտ բաժակը։ Ճանչցէ՛ք հոն իր փառաւորութեան մէջ նաեւ Սահակ Մեծը. բայց ինչո՞ւ համար երեսին վրայ սգոյ եւ տրտմութեան նշաններ կան, որ կարծես թէ դեռ իր հայրենեաց թշուառութեանը վրայ կու լայ, ու բոլոր ազգի մը ապերախտութեան ու սարսափելի ատելութեան խառնագոչ աղաղակները դեռ իր ականջը կը հնչեն։ Այսպէս՝ թէ որ ամէն մէկուն հարցնես, թէ ի՞նչ կերպով աշխարհքիս վրայ յաւերժական ու անշնչելի յիշատակ մը թողլով այնչափ բարձրութեան հասեր է, մէկը կը ցուցնէ քեզի սուր մը, որ իր կենացը թելը կտրեր է, մէկալը մարդոց կատաղութեան՝ իր մարմնոյն վրայ թողած նշանները, մէկ ուրիշ մը իր անտանելի վշտաց պատմութեան գիրքը կը բանայ աչքիդ առջին, ուր կը տեսնաս, որ աշխարհքս իր բարերարներուն փոխարեն ի՛նչ տեսակ հատուցմունք կ՚ընէ։ Վերջապէս՝ ամէնքը մէկէն վերէն վար կանգնած սանդուղ մը կը ցուցնեն քեզի, որուն աստիճաններուն վրայ գերեզմանական ուրուականներուն պէս վայրագ ու անգութ դեմքով մէյմէկ թշուառութիւն նստած է։

Այսպէս դժուար է, ուրեմն, աշխարհքիս բարիք ըննել եւ առաքինութեան գործքերով ճշմարիտ փառք ու համբաւ ստանալ։ Եվ սակայն ասիկա է մեծանձն մարդկանց ճակատագիրը. մեծ ըլլալ, բայց դժբախտ ճրագի պէս ուրիշները լուսաւորելով իրենք հատնիլ։ Բայց միթէ ասոր համար կը հրաժարի՞ն արդեօք իրենց ազնուական դիտաւորութիւնը ի գործ դնելէն, կամ քայլ մը ետ կ՚առնե՞ն ճշմարտութեան դուռը հասնող շիտակ ու լուսաւոր ճամփէն, ո՛չ երբեք։ Հրավառ նիւթերը երկրիս անդունդները այնչափ սաստիկ չեն տագնապեր, որչափ որ աս երկնային հուրը, այսինքն՝ Հայրենեաց ու մարդկային ազգին օգտակար ըլլալու սէրը մարդուս սիրտը կը բորբոքէ, եւ պետք է ան բոցը դուրս թափել, որ հանգչի. պե՛տք է, որ այնպիսին մարդկութեան սահմանին մէջ երկայն ճամփորդութիւններ ընէ, որ դեռ շատ անծանոթ, կորսուած ու իրական բարիքներ գտնայ ու ընծայէ անոր։ Եվ թէպէտ յառաջ քան զճամփայ ելլելը ճարտար ու իմաստուն նաւապետի մը պէս գիտէ, թէ քանի՛ ահագին ժայռերու ու փոթորիկներու պիտի հանդիպի, բայց ինքը իր բազմափորձ հմտութեանը վստահ ու խոհեմութեան ղեկին ապաւինելով՝ կը դիմէ աներկիւղ ու քաջութեամբ իր առջեւը բացուած փոթորկալից ասպարեզին մէջ։

Չեն ուշանար անընկճելի ու արիւն քրտինք թափել տուող հազար ու բիւր տեսակ արգելքները մէկէն յարձկիլ անոր դէմ։ Ու աս յակառակամարտ ու անյաշտելի կռիւը, որ առաքինին կ'ընէ թշուառութեանց հետ, ու անոնց վրայ վաստկած փառաւոր յաղթությունը աւելի դժնդակ ու պանծալի է, քան թէ աշխարհակալ թագաւորներու անթիւ բանակով ըրած արիւնահեղ պատերազմները ու վաստկած կորստական յաղթութիւնները։ Փուճ տեղը մահը իր մանգաղն ու սուրը փայլակի պէս կը ցոլացնէ անոր դէմ, փուճ տեղը աքսորը, հալածումը, նախատինքը ու ամէն տեսակ վշտերը իրենց կայծակները կ'որոտան անոր գլխին վրայ. անոնք ուրիշ բան չեն ըներ, բայց եթէ նիւթ ըլլալ անոր սրտին մէջի վառուած հնոցին։ Տեսնելով որ ինքը երկնային կնիք մը կը բերէ ճակտին վրայ, ու իբր թէ աստուածահրաման ձայնը, որ կը հնչէ իրեն, թէ «Գնա՛, քարոզէ՛ ժողովրդոց իմաստութիւնը ու միաբանութիւնը, հալածէ՛ տգիտութիւնը, որ շղթայակապ ըրեր է զմարդիկ, մարէ՛ ատելութեան ու նախանձու կրակները», բոլոր մտքին զօրութիւնր, որ անձին ուժը կը ժողվէ իր բարձր պաշտօնին արժանի ըլլալուն եւ իր դիւցազնական գործքերովը այն ձայնին պատասխանելու համար է, ինչպէս որ հեռուէն ծագած լապտերին լոյսը, գիշերային մթութեան մը մէջ, ալեկոծեալ նաւու մը առաջնորդուելովը կ'ազատէ զան կորստեան վտանգէն։ Ասանկ ալ այնպիսին իր մտքին վսեմ դիտաւորութիւնը, որ իրեն նպատակն է, լապտերի պէս առջեւը կանգնած, ո՛չ երբեք աչքէ կորսնցնելով՝ ամէնեւին չի մոլորիր ու չի վախնար ո՛չ ալեաց կատաղութենէն եւ ո՛չ խիստ հողմերու բռնութենէն, նամանաւանդ այնպիսի դժուարին ու վտանգաւոր ժամանակ մը, ուր չորս կողմէն պաշարուած է դառն որոգայթներէ։ Աչք կը նետէ անցելոց վրայ ու կը տեսնայ, որ բոլոր անոնք, որ ինչուան հիմա աշխարհքիս յարգութիւնը ու մեծարանքը կը վայելեն, ատ ճամփէն անցեր են. աչք մըն ալ կը նետէ հանդերձեալ ժամանակաց վրայ, կը տեսնայ, որ ամէն իմաստուն ու առաքինի մարդիկները իրեն ծափ կը զարնեն, ու անոնց միաբերան գովութեանց աղաղակները իր ականջը կու գան, կը հասնին։ Այս ամէն քաջալերական երեւոյթներով խրախոյս ու գրգիռ առած, վերջապէս, ոտքի տակ կ'առնէ իր թշնամի արգելքները ու կատարեալ յաղթութեան նշանը կը կանգնէ, բայց ի՞նչպէս։ Կը տեսնա՞ք սա քաջ զինուորը, որ սեւ մոխիրներուն մէջ, պարիսպէն վեր կ'ելլայ, հազար մահացու գնդակներ կը թռչին գլխուն վրայէն, զենքերը կտոր-կտոր եղած, ինքը արիւնլուայ ու խոց վիրաւոր, ահա, ահա, թռաւ պատին վրայ, ինկա՜ւ… ու արեանը մէջ կը տապլտկի, բայց յաղթութեան նշանը կը ծածանէ օդոյն մէջ անոր մարմնոյն վրայ, իբր արձան կամ կոթող կանգնուելով։

Ասանկ ալ շատ անգամ առաքինին իր անձնանուէր եռանդեանը զոհ կ'ըլլայ, ըրած հաւատարմութիւնը մատնութիւն կը սեպուի, երկայնամիտ ու անյաղթելի ոգուոյն արիութիւնը՝ պնդագլուխ համառութիւն, բարիք ընելու նախանձը՝ ունայն փառաց ցանկութիւն մը, Սոկրատին պաշտօնասիրութիւնը՝ անաստուածութիւն կը համարուի. մեծին Ներսէսի երկնային ու անվեհեր համարձակութիւնը՝ լիրբ յանդգնութիւն։

Բայց երբոր ժամանակը հեղեղի պէս քշելով անդարձ կը տանի զմեզ ու անցելոյ ովկիանոսին մէջ կը խառնէ, երբոր մենք չոր տերեւներու պէս մահուան խիստ հողմէն կը յափշտակուինք, կ'երթանք, ու մարդուս իրմէ ետքը միայն իւր բարի կամ չար յօժարութիւնները ու գործքերը կենդանի կը մնան, այն ատեն ապագան կ'ըլլայ, արդար կշիռքը ձեռքը՝ անաչառ ու խիստ դատաւոր։ Ո՜հ, ի՛նչ սոսկալի վճիռ է կտրած վճիռը, երբ ահւոր ձայնը ինչուան մեր գերեզմաններուն մէջ հասցնելով՝ հարցնէ պիտի. «Ըսէ, ո՛վ մարդ, ի՛նչ յիշատակ թողուցիր երկրի վրայ ուրիշներուն»։ Վա՜յ է անոր, երբոր իր անկարգ բաղձանքները, ընդունայն փառասիրութիւնը, ատելութեան եւ անիրաւ վրէժխնդրութեան կիրքերը զինքը յետին անարգանաց ու ամոթոյ մէջ ձգեն, ու բոլոր դարերուն յաւիտենական նախատանաց անջնջելի կնիքը դրոշմեն անուանը վրայ։ Լաւ է անոր անծանօթութեան փոշուոյն մէջ թաղուիլ եւ կամ մոռացութեան ամպէն բոլորովին ծածկուիլ։ Իսկ երանի՜ ու բիւր երանի՜ այն համեստ բարերարին, այն բազմավիշտ առաքինուոյն, որուն բոլոր մարդկութեան ու հայրենեաց թողուցած առատ ու պատուական հունձքը ու զանազան բարերարութեանց յիշատակները իրեն համբաւույն այնպիսի արձան մը կը կանգնեն, որ աւելի բարձր, վեհ ու տեւական է, քան թէ գլուխնին ամպերու մէջ ծածկող հսկայաձեւ բուրգերը։

Այսպիսիներն են, որ երբ թշուառ մարդկութիւնը բախտին դառն հարուածներէն հոգին բերանը եկած՝ կը տառապի օրհասական աղեկէզ հառաչանքներով, Ահարոնի պէս կենաց ու մահուան մէջտեղը կը կանգնին եւ որոնց ձեռքը աստուածային սիրոյ երկնահոտ բուրվառը կը ծխայ։

Այսպիսի եղան մեր սուրբ ու բազմերախտ հայրերը՝ Ներսէս, Սահակ եւ այլն։ Ո՜հ, երանի՜ մեզի, եթէ անոնց սրտին անսասանելի արիութեան մաքուր բոցոյն մէկ պզտի մասը ժառանգեցինք, մենք, որ ասանկ ծանր ու դժուարին պաշտօն մը վրանիս յանձն առեր ենք, ուստի, գուցե, ամէնէն աւելի մենք պարտական ենք ապագայից համար տալու, թէ արդեօք ինչուան ետքը սուրբ ու մաքուր պահեցի՞նք այն կրակը, որ սրտերնուս մէջ վառեց հայրենեաց ոգին, եւ թէ ի՞նչ շահաւոր արդիւնքներ հանեցինք անկէ։ Այդ կողմանէ, կարծեմ, մինչեւ հիմա խիղճերնիս հանգիստ, ճակատնիս պայծառ ու դեմքերնիս զուարթ եղած է, վասնզի երբ մեր ընկերութեան նաւը, իբր թէ հայրենեաց գեղեցիկ բախտը բեռնաւորած, ազգասիրութեան անուշ հովին փչելովը՝ յարատեւութիւնն ու յոյսը իրեն խարիսխ առած՝ ապահով կը քալէր, այն հանկարծահաս փոթորկին ատենը, որ անոր յետին վտանգ ու կորուստ կը սպառնար, մեր արտասուալից ու սրտեռանդ ուխտերովն էր, ու ճշմարտութեան աստղը ո՛չ երբեք գլխունուս վրայէն կորսուեցաւ, ու քիչ ատենէն հաշտութեան ծիածանը ձգուեցաւ։ Յոգնած նաւաստին հեռուէն տեսնելով իր քաղցր հայրենեաց ցանկալի ափունքը՝ «Երկի՛ր, երկի՛ր» աղաղակելով այնպիսի ցնծութիւն չի զգար, ինչպէս մենք՝ «Հայրենի՛ք, Հայրենի՛ք» կանչելով ինքզինքնիս փոսը կը նետենք հիմա եւ ուրախութեան արցունքներով կը թրջենք ու կը համբուրենք այս գետինը։ Վերջապէս՝ գտանք, ուրեմն, դարձեալ մէկըզմէկ եւ մէկզմէկու տեսքով կրնանք, ուրեմն, երկարատեւ ու միշտ ալեկոծեալ ուղեւորութեան մը վիշտերը բոլորն ալ մոռնալ։ Ո՜հ, հոս ուրախութեան չափազանց զգացմունքը լեզուս կը կապէ, ու դժուար խոսքս առաջ կրնամ տանիլ. Այս նորակերտ ժողովարանին մէջ, որ մեր անհողդողդ ջանքովը ու աշխատութեամբը կանգնեցինք, կարծեմ թէ բոլոր հայրենիքս ամփոփուած է, այս պատերէն չեմ գիտեր ի՛նչ ազդու ձայն մը կ'ազդէ սրտիս խորունկը։ Կը կարծեմ, թէ հոս, դիմացս, հայրենեաց ոգին, աւերակաց վրայ նստած՝ հայոց ազգին կենդանութիւն կը փչէ։ Թո՛ղ տուէք, ուրեմն, որ սլանամ, թռչիմ մեր դժբախտ, բայց ամէնասիրելի Հայաստանին տխուր գերեզմանացը մէջ, ուր վեհ քուն մը կ'առնեն Հայկ, Արամ, Տրդատ, ու անոնց ոսկերաց աճիւնը երկրին հոգոյն հետ առնեմ, բերեմ ու հոս իբր անգին աւանդ մը պահեմ։ Ո՜հ, այն մեռած հողը ո՜րչափ պտղաբեր պիտի ըլլայ մեզի, այն ցուրտ մոխիրներէն ի՜նչ սաստիկ կայծեր պիտի թռչին ամէնուս սրտին մէջ բայց աւա՜ղ, Հայաստանին ամէն փառացը ու ցանկալի յիշատակներուն հետ իր դիւցազանց մոխիրներն ալ հովերը յափշտակեր, ցրուեր են։ Գոնէ անոնց վսեմ կերպարանքը ճարտար ձեռք մը աս պատերուս վրայ կենդանի նկարէ, որպէսզի միշտ վկայ եւ ականատես ըլլան մեր ամէն գործքերուն ու խորհրդոցը, ու մեզի արիութիւն, երկայնամտութիւն, խոհեմութիւն ու իմաստութիւն քարոզեն իրենց բազմախօս լռութեամբը։ Անոնք սորվեցնեն մեզի այդչափ ծանր փորձերէն խրատուիլ ու օգուտ քաղել, անոնք մատով ցուցնեն մեզի վտանգաւոր ժայռերը, սուր քարերը ու ծանծաղը, վերջապէս՝ անոնք գրգռեն ու քաջալերեն զմեզ բան մը չի խնայել, ամէն բան զոհել ազգին բարոյական եւ ուսումնական կոթողը նորէն կանգնելու համար։

Վասնզի, կարծեմ, ա՛լ ժամանակը հասած է։ Ի՞նչ, երբ ամէն ազգեր արեւ ու լոյս կը վայելեն, մե՞նք միայն մթութեան մէջ կենանք, ուրեմն՝ միշտ ատելութեան ոգին մեր մտքին որոշմանը ու գործադրութեանը մէջ ահագին պա՞տ մը պիտի քաշէ, ու հայոց ազգը Կայենի նման չէ թէ աստծոյ, այլ բախտին անջնջելի անէծքը միշտ ճակատին վրայ բերելով, իմաստութեան ճամփէն մոլորեալ, թափառակա՞ն պտտի միշտ, ու վերջապէս՝ ուրիշ բան պիտի չըլլայ, բայց եթէ ճամփաներու վրայ ձգուած ողորմելի դիա՞կ մը։ Ո՜հ, հեռո՛ւ, հեռո՛ւ մեզմէ այս տխուր մտածութիւնը, որ մարդուս մտքին սարսափ եւ յուսահատութիւն կը բերէ։ Չէ, կ'ըսեմ դարձեալ, փուճ տեղը չաշխատեցան Ներսէս մը, Սահակ մը։ Մխիթար մը, որ ատեն-ատեն բարերար ոգիներու պէս երեւցան մեր հայրենի հողին վրայ ու բախտին ու տգիտութեան հարուածներուն դէմ իրենց արիական կուրծքը վահան կանգնելով՝ փշրեցին զանոնք, եւ ան կորստեան վիհը, ուր հայրենիքը վտանգի մէջ էր, իրենք նետուելով, գոցեցին զայն իրենց վրայ։

Մեզի ուրիշ բան չմնաց, բայց եթէ՝ չկորսնցնել անոնք բազմավաստակ ոտից նշանները, անոնց ցանած բարեբեր սերմունքը ցանել ու մտքերնուս մէջ լաւ մը հաստատել, որ հալածմունք ու վիշտ՝ բարերարութիւնը, երախտիքը եւ օգտակար ջանքը իբր մէյ մէկ անդին գոհարներով կը զարդարեն ու անոնց յարգը կ'եւելցնեն։

Ահա՛ ապագայ երջանկութեան մը գեղեցիկ հորիզոնը աչքերնուս առջեւ կը փայլի, ո՜հ, փութա՛նք, փութա՛նք հոն հասնելու։

Թո՛ղ աս ժողովարանիս վրայէն ծածանին ոգոյն մէջ գիտութեան, միաբանութեան ու խոհեմութեան դրոշները ու ազգը իմաստութեան կոչունքին հրաւիրեն։

Բայց նախ եւ առաջ ձեռքերնիս երկինք վերցնելով՝ խնդրենք մեր վրայ աստուածային օրհնութիւնը ու սէրը, որ երկնից մէջ ամէնէն մեծ երջանկութիւնն է, այդ սէրը, որ ամէնայն բարեաց աղբիւրն է եւ առանց որոյ տիեզերք կոտրած քարի նման ո՛չ կարգ եւ ո՛չ դաշնակութիւն ունին, այդ սէրը, կ'ըսեմ, իջնայ վերջապէս մեր մէջն ալ ու հալածէ սեւափրփուր նախանձը, որ այդչափ դարերէ իվեր չդադրիր իր բոցն ու թոյնը շնչելէն ազգերնուս սիրտը. անիկա հնացեալ ոխութեան խորունկ վերքերուն վրայ իւր անուշիչ դեղերը թափէ ու հաշտութեան ձեռք երկնցնէ ամէնուն, անիկա մեզի նոր ու պայծառ երկինք մը բանայ ու երջանկութեան արեւը փայլեցնէ միշտ գլխունուս վրայ։