Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

ՏԵՍԻԼ Ա
ԱՐՇԱԿ, ՍԻՍԱԿ, ՎԱՂԻՆԱԿ ԵՒ ԶՕՐԱԿԱՆՔ

Անտառ ու հեռուէն տաճար մը

ՍԻՍԱԿ. Գացէ՛ք, ցրուեցէ՛ք անտառին մէջ, բաւական կռուեցանք բոլոր օրը հանգչեցէք քիչ մըն ալ: Դո՛ւն, Վաղինակ, քանի մը զօրականներով անքուն հսկէ՛ բոլոր գիշերը (Կ՚երթան զօրքերը):

ԱՐՇԱԿ. Ո՞ւր ենք, Սիսակ, թանձր մթութիւնը պատեր է զմեզ, աստղ մը չի փայլիր երկնքին երեսը, եւ ոչ փայլակի մը լոյսը, որ առաջնորդէ փախստական թագաւորի մը մոլորեալ քայլերուն, ուրիշ լուսոյ արժանի չեմ ես, երկինք երես դարձուցին ինձմէ, ու դժոխք իրենց խաւարն ու սարսափները տարածեցին ոտքիս տակը:

ՍԻՍԱԿ. Մի՛ կասկածիր, հայր, Նպատ լեռան ստորոտը, ապահով տեղ ենք: Պարսիկները ու Մերուժան փախուցին որսերնին իրենց ժանիքներէն, հոս, աս անտառիս մէջ` մեր սակաւաթիւ, բայց ընտիր զօրաց խումբը, ու այս բարձր նոճիներն ու ժայռք պիտի պաշտպանեն զմեզ երկար ատեն:

ԱՐՇԱԿ. Բախտիս արժանի է իմ յետին ապաւէնս, ա՜հ, ու՞ր Էր, թէ աս սեւ նոճիներուն տակը հանգչեցնէի գլուխս, կայծակ մը զարնէր զիս, ու վերջի շունչս ու մոխիրներս ընդուներ այս մթապատ անտառս:

ՍԻՍԱԿ. Բայց ի՞նչ պիտի ըլլան մեր հայրենիքն ու ազգը:

ԱՐՇԱԿ. Միթէ հայրենի՞ք մնաց ինծի. դարձո՛ւր, Սիսակ, աչուըներդ Հայաստանին վրայ, տե՛ս, արքունի գահս, որ արեան ծովու մէջ կը լողար, անողորմ բախտին ժայռերուն  դէմ փշրեցաւ: Սարսափն  ու թշուառութիւնք ու պարսիկք պատեր են Հայկազնեան երկիրը, թշուառական ու անմխիթար ժողովուրդը մոխիրներու մէջ նստած, շղթայակապ ձեռուըները երկինք վերցնելով` ինչուան յաւիտենական աթոռը կը թռցնէ վրէժխնդրութեան բողոքը ու սարսափելի անէծք մը, որ յուսահատութեան վերջին հառաչանքն Է, անէծք ու մահ Արշակայ դէմ:

ՍԻՍԱԿ. Միշտ անիծաց ու մահուան վրա՞յ պիտի խօսիս, հա՛յր:

ԱՐՇԱԿ. Բաւական ապրեցաւ Արշակ: Ո՞հ, ինչպէ՞ս ահարկու Է կենաց ճամփան, երբ աչքդ կտրած ասպարէզիդ վրայ դարձնելով` կը տեսնաս, որ անիրաւ ձեռքով սերմանած դառն հունտերդ իրենց հունձքը բարձրացուցեր են ինչուան երկինք թոյն ու ժանտախտ Է պտուղնին, ու մահացու շուք մը կը տարածեն ժողովրդոց: Արշակին ձեռքովը Հայաստան գերեզման կ՚իջնայ, ու դուն կ՚ուզես, որ ապրի՞ Արշակ:

ՍԻՍԱԿ. Ու կ՚ուզե՞ս թողուլ զի մինակ երկրիս վրայ, ո՜վ հայր ի՛մ: Պապ մեծ եղբայրս Պոլսոյ մէջ պանդուխտ կը տառապի, ես միայն մնացի քեզի, ինչուան հիմա սիրտս, արիւնս ու սուրս քեզի ու Հայաստանին չի նուիրեցի՞ ես: Քու անձիդ ատելիներն ու թշնամիները անգութ զէնքերնին սրտիդ դէմ դարձուցեր են, վրէժխնդիր երկինք կը մռնչեն գլխուդ վրայ, ու դուն կ՚ուզե՞ս որբ եւ անտէրունչ թողուլ քու որդիդ, որ գուցէ մինակ կրնայ աստուծոյ ու մարդկանց բարկութեան նետերը դարձնել գլխուդ վրայէն` իւր սիրտը ընդունելով եւ ինքնանուէր զոհ մատուցանելով ինքզինքը հայրական ու ազգային սիրոյ սեղանին վրայ: Ա՜հ, հայր, թո՛ղ որոտան երկինք, իւր կայծակները չի կրնան պիտի զիս բաժնել քու գրկէդ, ինչուան վերջի շունչս:

ԱՐՇԱԿ. Սիրու՜ն որդեակ, ո՛րչափ կը վշտանաս դուն ալ ինծի համար. ա՜հ, ու՞ր Էր, թէ կեանքիս ամէն ոճիրներն ու չարիքները հետս գերեզման թաղէի, ու վատանուն համբաւս քեզի ժառանգութիւն չի մնար, թշուառ պատանի, փոխանակ երջանիկ ու արքայազուն որդուոյ արժանի փառաւորեալ կեանք մը պատրաստելու քեզի, նայէ՛, ի՞նչ փուշերու մեջ պատառոտեց հայրդ քու երիտասարդ, ծաղիկ հասակդ: Ինձմով քու առաքինութիւններդ ոչինչ ու անօգուտ եղան, անիծաբեր շունչս թոռմեցուց, խղդեց հոգուոյդ գեղեցիկ ձիրքերը, ու իմ թշուառութեանս մէջ պատեցար դուն ալ, բայց դուն կ՚օրհնես զիս ու անփորձ եւ անմեղ կեանքիդ վարդերը կ՚ուզես սփռել իմ ճամփուս վրայ, որ գերեզման կը տանի: Ա՜հ, ուսկի՞ց կու գայ քեզի աս որդիական, հրեշտակային գութը. ես ալ հայր մը ունէի, բայց ո՜վ սոսկումն, ո՜վ անլուր եւ անօրէն ոճիր, ո՜վ զարհուրելի յիշատակ, իրեն, հայրական յորդորանաց փոխարեն, գութ, սէր, ու որդիական յարգութիւն չի մատուցի, սիրտս ու ձեռուըներս չի՛ բարձրացուցի զինքը օրհնելու, այլ զինքը խղդել տալու համար:

ՍԻՍԱԿ. Մի նորոգեր, կ՚աղաչե՛մ, սրտիդ մէջ ատ հին վէրքերը:

ԱՐՇԱԿ. Ո՜վ սիրելի ձայն, ի՞նչպէս անուշ հոգուոյս մէջ կ՚իջնայ ու կը հանդարտեցնէ սրտիս փոթորիկները, խոսէ՛, որդեակ, խոսէ՛ դուն, որ լռեն ու դադրին խղճիս տանջանքները: Գիտեմ, որ ինծի համար ա՛լ փրկութիւն չկայ. կործանեցի Հայաստանը, ու իր փլատակներուն տակը պէտք է, որ անհետ ըլլամ ես ալ: Անցեալ կեանքս խղճի խայթոցներով լի է, ու ապագան` սարսափով, բայց երբ դուն կը խօսիս, յուսահատութեան տխուր երեւոյթներն ու Հայաստանի ծխաշունչ աւերակները կը ծածկուին աչքերէս եւ աւելի թեթեւ օդ մը կը սկսիմ շնչել: Ո՜հ, ինչ անուշ բան է սիրելի որդուոյ մը վրայ կռթնիլ, վհի մէջ ցատկելու ատենդ ալ:

ՍԻՍԱԿ. Յոյսդ մի կորսունցնէր, հա՛յր, դեռ քաջութիւն ու սուրերն ալ չեն պակսիր մեզի` պարսիկները վանելու ու քուկին գահդ աւելի ամուր հաստատելու համար: Հիմա լեղի բաժակ մը կը խմցնէ աստուած Հայաստանին, բայց ո՞վ գիտէ, գուցէ մեր արտասուաց ու արեանց ծուխը ինչուան իրեն աթոռոյն առջեւը հասան, գուցէ դադրեցաւ բարկութենէն, ու բարեգուշակ օրերու հաշտարար ծիածանը գուցէ քիչ ատենէն պիտի տեսնանք Մասեաց գագաթը ձգուած:

(Հեռուէն տաճարին մէջ երգերու ձայներ կը լսուին)

ԱՐՇԱԿ. Ո՞ւսկից կու գան այս ձայները:

ՍԻՍԱԿ. Բլուրին վրայի եկեղեցիէն:

ԱՐՇԱԿ. Ի՞նչ կ՚ըսես, աստուծոյ տաճար մը, ա՜հ, գուցէ մարդասէր ըլլայ ինծի աստուած: Գնա՛ շուտով հոն… ո՛չ, կեցի՛ր… վայրկեան մը քեզմէ հեռու չեմ կրնար կենալ, կը վախնամ, որ ցաւերս ու գիշերուան մթութիւնը աւելի ծանր կ՚իջնան սրտիս վրայ, գուցէ ատ սրբազան շէնքը, ուր աստուած կը բնակի, իմ ցաւերուս… ա՜հ, գերեզմանէն մինակ խաղաղութիւն կը խնդրէ Արշակ, չէ թէ խորաններէն:

ՍԻՍԱԿ. Թո՛ղ տուր, հայր, որ փափագդ կատարեմ. երթամ, տեղեկանամ, թէ ի՞նչ սրբազան անձինքներ կը բնակին ատ տաճարին մեջ:

ԱՐՇԱԿ. Գնա՛, որդեակ, ու փութով ետ դարձիր:

ՏԵՍԻԼ Բ
ԱՐՇԱԿ

Հեռացաւ, գնաց, մինակ մնացի ես, որչափ դառն է միայնութիւնը թշուառ ու մեղապարտ անձի մը։ Առաքինիդ Սիսակ, ինչու՞ այդքան գորովանօք կ՚ուզես անբաժին ընկեր ըլլալ հօրդ անտանելի բախտին, քու հօրդ, որուն սրտին մէջ դժոխքին կատաղիքները կը բնակին: Իրեն համար մեռած է յոյսը, ու բոլոր աշխարհ` գերեզմանի փոս մը ո՜հ, թէ որ ապագայից վհին մէջ մէյ մը գլուխս երկնցնելու ըլլամ, ի՞նչպէս սոսկալի պիտի ներկայանայ ինծի Արշակին յիշատակը ժամանակին թեւերուն վրայ ու աւերակացը մէջ։ Գլխուս վրայ երկնից կայծակը իջաւ, արցունք ու որդիական սիրոյ գգուանքները չեն կրնար զովացնել բոցակէզ ճակատս. դարձի՛ր, որդեակ, Արշակ ինքզինքէն կը սոսկայ ու կը տանջուի, գուցէ իւր ատելի կենացը ինքզինքէն աւելի արժանի դահիճ մը չկարենայ գտնալ: Աս գիշերային խաւարէն աւելի մութ են խորհուրդներս. դարձի՛ր, որդեակ, ոտուըներս անդունդի մը քովերը կը պտտին. ո՜հ, երկնցու՛ր ինծի սիրելի ձեռուըներդ:

ՏԵՍԻԼ Գ
ԱՐՇԱԿ, ՍԻՍԱԿ

ԱՐՇԱԿ. Եկու՛, որդեակ, մխիթարէ՛ հայրդ, լսեմ բերնէդ աւետաբեր լուր մը, ըսէ՛ ինծի, ո՞վ տեսար:

ՍԻՍԱԿ. Ո՜հ, հայր իմ, մի՛ հարցնէր:

ԱՐՇԱԿ. Պարապ տեղը կ՚ուզես ծածկել ինձմէ. Արշակին գլուխը գալու ուրիշ չարիք չի մնաց, ի՞նչ բանէ կը վախնաս:

ՍԻՍԱԿ. Ո՜վ աստուած, բերանս առաջ չերթար…

ԱՐՇԱԿ. Ըսէ՛, ո՞վ տեսար, ի՞նչ է իւր անունը:

ՍԻՍԱԿ. Քեզի` ահաւոր, ու Հայաստանին սիրելի անուն մը:

ԱՐՇԱԿ. Զրուցէ՛:

ՍԻՍԱԿ. Չեմ կրնար:

ԱՐՇԱԿ. Կը հրամայեմ քեզի:

ՍԻՍԱԿ. Փախչի՛նք, հայր, աս անտառէն:

ԱՐՇԱԿ. Ասա՞նկ կը հնազանդիս քու հօրդ. կ՚ատեմ քու գթութիւնդ, ա՛լ որդի չունի Արշակ, հոս մինա՛կ պիտի մեռնիմ:

ՍԻՍԱԿ. Ներէ՛, հայր…

ԱՐՇԱԿ. Մտիկ ըրէ՛ հօրդ,

ՍԻՍԱԿ. Պիտի ըսեմ…

ԱՐՇԱԿ. Ո՞վ է:

ՍԻՍԱԿ. Ներսէս:

ԱՐՇԱԿ. Ա՜հ, ինչ սարսափ պատեց զիս։

ՍԻՍԱԿ. Ու՞ր կը փախչիս, հայր։

ԱՐՇԱԿ. Ինքզինքէս կը փախչիմ. դժոխքին մէջ կը յուսամ պահուըտիլ ու չի տեսնալ անոր դէմքը: Ո՜հ, մեռած աչուըները կը բացուին, որդեա՛կ, ծածկէ՛ իմ դէմքս, կը տեսնամ, կը տեսնամ, ինքն է. սեւ պատանքով գոցած է երեսը, արքունական ծիրանին կտոր-կտոր եղած, ու ճերմակ մազերը արիւնով ներկուած. ա՜հ, կը ճանչնամ զքեզ, հայր իմ, ե՛ս սպաննեցի զքեզ:

ՍԻՍԱԿ. Հանդարտէ՛, եկու՛ր գիրկս:

ԱՐՇԱԿ. Դողա՛ ինձմէ, մի՛ մօտենար, փախի՛ր, ես Արշակն եմ:

ՍԻՍԱԿ. Գթացէ՛ք, երկինք, մեր վրայ:

ԱՐՇԱԿ. Հեռացէ՛ք ինձմէ ամէնքնիդ ալ: Ու՞ր է հոս գերեզմանական ցուրտ քար մը, ա՛ն պէտք է մինակ գրկեմ ես, կամ երթամ նստիմ Հայաստանին արիւնոտ ապառաժներուն վրայ, տեսնամ իմ թագաւորութեանս երիլը, իմ շնչովս սաստկացնեմ բոցը. մէկ ձեռքովս հայրս խղդեցի, մէկալ ձեռքովս` Հայաստանը, անոր մուխին մէջ խղդուիմ ես ալ ու Հայաստա՛ն իմ խարոյկս ըլլայ։

ՍԻՍԱԿ. Ա՜հ, ուսկի՞ց օգնութիւն մը գտնամ. որու՞ հետ կը խօսիս, հայր, մինակ ենք հոս:

ԱՐՇԱԿ. Ու՞ր էր, թէ մինակ ըլլայի, դժոխքին կատաղիքներովը լեցուն է աս անտառս, դուն փախի՛ր, Սիսակ, մի՛ վախնար, թող գան պարսիկները, չեն կրնար կենդանի գտնել Արշակը:

ՏԵՍԻԼ Դ
ՆԵՐՍԷՍ, ԱՐՇԱԿ, ՍԻՍԱԿ

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՞վ է անիկա, որ ողբաձայն աղաղակներով կը խռովէ աս սրբազան անտառին լռութիւնը, դու՞ն ես, Սիսակ, իսկ այն մարդը ո՞վ է, ինչու՞ դէմքը ձեռուըներովը գոցեր Է:

ՍԻՍԱԿ. Թշուառ անձին մէկն է, տէ՛ր:

ՆԵՐՍԷՍ. Եւ ո՞վ թշուառ չէ աս աղէտալի Ժամանակիս մէջ: Արշակին ձեռքովը կը փլչի Հայաստան, ու իմ ձեռուըներս, որ կարող չեղան Արշակը ու հայրենիքս կորստեան ճամփէն հեռացնել, հիմա միայն առ աստուած կը բարձրանան իրենց համար, անդադար աղաչանքներով կը խնդրեմ իրմէ յիշել իւր ողորմութիւնը, ու մոռնալ իւր արդար բարկութիւնը: Եկէ՛ք դուք ալ ինծի հետ, ծունր դնենք ամենակալին, դիմացը, հոն, իւր տաճարին մէջ, ինչուան որ իւր փոթորիկը անցնի մեր գլխուն վրայէն։ Եկու՛ դուն ալ, վշտացեալդ անծանօթ, երթանք հոն, ուր որ ցաւերը ստոյգ մխիթարութիւն կը գտնան, որչափ ալ ծանր ըլլան:

ՍԻՍԱԿ. Թո՛ղ տուր զինքը, հայր. անմխիթար են իւր խղճին վիշտերը;

ՆԵՐՍԷՍ. Խղճմտա՞նքն է զինքը տանջողը, թո՛ղ գիտնայ, որ աստուծոյ դիմացը անքաւելի յանցանք մը չի կայ թէեւ, բայց կը դողամ ըսելու, անգութ ձեռուըները իւր ազգին ու հօրը արեանը մէջ թաթխած ըլլայ:

ԱՐՇԱԿ. Ե՛ս եմ ձեռուըներս հօրս ու ազգիս արեանը մէջ պղծողը, ճանչցի՛ր ու դողա՛, Արշակն եմ ես, եւ ու՞ր կ՚ուզես տանիլ զիս հետդ, աստուծոյ տաճարին մէջ, չե՞ս վախնար, որ ոտուըներուս տակը սասանի եկեղեցուոյն յատակը, պատերն ու գմբէթները իյնան, կործանին, ու սրբոց պատկերները խոժոռ նային քու երեսդ, որ կը յանդգնիս պղծել իմ ներկայութեամբս խաղաղութեան ու սրբութեան բնակարանը, որ քիչ ատենէն Շապուհին արիւնախանձ զօրքերովը լեցուի, վասնզի Արշակը հոն է. եւ ո՞վ պաշտպանէ ան ատենը զիս ու զքեզ:

ՆԵՐՍԷՍ. Աստուծոյ ծառան` Ներսէսը: Ին՞չ կը կարծես, Արշակ. աստուծոյ ընտրելոյս դիմացը չկան վտանգ ու արգելք, իւր ոտուըներուն տակը պարիսպներ, բերդեր ու բարձր լեռներ կը շտկուին, դիւրագնաց կ՚ըլլան, ու սպառազէն բանակներու սուրերն ու նիզակները կը խոնարհին:

ԱՐՇԱԿ. Ես ո՛չ աստուծոյ ընտրեալն եմ, ո՛չ ծառան. միայն քու անունէդ ու ձայնէդ դողացի ես, ի՞նչ պիտի ըլլայ ինծի քու անաչառ աստուծոյդ ահաւոր ներկայութիւնը:

ՆԵՐՍԷՍ. Դուն իմ ձայնէ՞ս դողացիր, ինչու՞ համար, միթէ չի ճանչցա՞ր ան ձայնը, որ քեզի թշնամի թագաւորաց անողոքելի սիրտը կակղցուց, անոնց ձեռքէն քու գլխուդ զարնելու կայծակները յափշտակեց: Չի ճանչցա՞ր աս ձեռուըները, որ զքեզ շատ անգամ վհերու բերնէն ասդին առաւ ու քու ձեռքիդ բացած խորունկ վէրքերը այնչափ խնամով բժշկելու կը ջանար: Ո՜հ, ինչու՞ չի ճանչցար այն ձայնը, որուն եթէ միշտ ականջ դնելու ըլլայիր, հիմա դուն ու Հայաստանը այս վիճակիս մէջ չէիք գտնուեր:

ԱՐՇԱԿ. Անողորմ ճակատագիր մը ու իմ ոճիրներս մեծ փոսերու մէջ գահավիժեցին զիս. մնացածը քու անիծիցդ պտուղներն են:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՛վ կուրացեալ Արշակ, ինչուան ե՞րբ աչուըներդ պիտի չի բացուին ճշմարտութիւնը տեսնելու համար: Վաղենդիանոսին ու Թէոդոսին բարկութենէն զքեզ ազատողը ո՞վ էր. ո՞վ էր, որ քեզի համար վայրենի ու անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ խիստ աքսորանաց տառապանքները կրեց, ատելութեան ու վրէժխնդրութեան ժանիքներէն այնչափ անգամ զքեզ յափշտակողը ո՞վ էր, միթէ Ներսէսը չէ՞ր. բայց աւա՜ղ, այնչափ երախտիքը, որ աստուած իմ ձեռքովս քեզի կ՚ըներ, դուն անպտուղ ըրիր: Երբոր ես հայրագութ սիրով զքեզ, քու մոլորական ճամփէդ ետ դարձնելու համար, ետեւէդ կը վազէի ու քաղցր ձայնով զքեզ կը կանչէի, դուն ինչպէ՞ս կը պատասխանէիր ինծի։ Կտրել կ՚ուզէիր ան ձեռքը, որ քու շղթաներդ քակել կ՚ուզէր, ու երբ խաղաղութեան ձիթենին քեզի բերելով կ՚աղաչէի, որ դուն ալ քու աշխարհիդ խաղաղութիւն ու հանգստութիւն պարգեւես, դուն սուրը ձեռքդ աւերածոց ու քաղաքական պատերազմաց նշան կուտայիր, իմին գոցած վէրքերս անգութ ձեռքով նորէն կը բանայիր, կը պատռէիր: Ու աս ամէն չարիքները կը յանդգնիս իմ անէծքներուս պտուղը կոչելու: ճշմարիտ քահանայից սուրը, զէնքը, վահանը ու բոլոր սպառազինութիւնը աստուծոյ խօսքն է. անով կը խոնարհեցնեն ամբարշտին գոռոզ ճակատը, որ գլուխը վեր բարձրացուցած` երկնից դէմ պատերազմը հրատարակէ: Ճշմարտութիւնը հալածողին ու չարեաց մէջ պնդացողին գլուխը աստուածասաստ անիծից կայծակը կ՚որոտան: Արշա՛կ, լսէ՛ ուրեմն, ես ըսեմ քեզի, թէ ո՞ւսկից կը բխին քու վրադ ատ ամէն չարիքները: Քու անօրէնութեանցդ բարձրութիւնը ու անպարտ արեանց վրիժաբեր բողոքը ինչուան երկինք հասան, աստուած տեսնալով որ իր անսպառ երկայնամտութեան ու գթութեանց աղբիւրները հատան քու վրադ, արթնցուց իւր ահաւոր բարկութիւնը ու յաւիտենական գահէն թռուց կորստեանդ արագաթեւ վճիռը: Արշա՛կ, գոնէ խոնարհեցու՛ր գլուխդ ու զղջական շրթունքներով համբուրէ՛ այն ամենակալ աջը, որ կը փրկէ զարնելու ատենն ալ. ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ օգնութիւն մատուցանել քեզի:

ԱՐՇԱԿ. Սուրս, որ գահիս փոշուոյ մէջ գլորելու ատեն դեռ ձեռքս մնաց. սուրս, որ վարժած է արիւն թափելու, կրնայ սրտիս ճամփան ալ գտնալ, թէ որ յուսահատ կատաղութիւնս չի կարենայ Հայաստանին աւերակներէն բանակներ յարուցանել պարսից դէմ:

ՆԵՐՍԷՍ. Այսպէս ուրեմն, Արշակ, ճշմարտութեան եւ աստուածախօս պատգամաց ձայնին առջեւ միշտ խու՞լ պիտի ըլլաս, անօրէ՛ն է քու յոյսդ ու խաբէական է վստահութիւնդ, երբ երկնից վրայ չէ: Աստուծոյ հրաբորբոք բարկութեան դիմացը. ամէն բերդեր, պարիսպներ ու լեռներ մոմի պէս կը հալին. մի՛ մերժէր, Արշակ, իմ` քեզի մատուցած ետքի օգնութիւնս:

ՍԻՍԱԿ. Ո՜վ հայր, եթէ այնչափ հզօր է միջնորդութիւնդ աստուծոյ քով, եթէ կ՚ուզես վերջին օգնութիւն մը մատուցանել թշուառ հօրս, պաղատէ՛ երկնից, որ իմ գլխուս վրայ դարձնէ իւր հարուածները: Ահա կեցեր եմ ես, պատրաստ եմ սրտիս վրայ ընդունելու ամէն կերպ մահեր, որպէսզի ապրի հայրս, ու անմեղ որդուոյ մը գերեզմանին վրայ թո՛ղ հաշտուի երկնից վրէժխնդիր արդարութիւնը:

ՆԵՐՍԷՍ. Ո՜հ, եթէ գիտնայիք, որ աս սիրտը որչա՞փ սիրով, կարեկցութեամբ ու գթութեամբ կը մորմոքի ձեր վրայ, եթէ գիտնայիր` որչափ ցաւով ու դառնութեամբ կ՚երի ու կը հալի քու ու Հայաստանի թշուառութեանցը վրայ: Տե՛ս, Արշակ, տե՛ս մէյ մը աս Հայաստանը, քու գեղեցիկ թագաւորութիւնդ ի՛նչ վիճակի մէջ մտեր է: Հայաստան` երկիր երանութեանց, դիւցազանց ու վեհից, տառապեալ այրիի մը պէս իւր ամէն փառքէն մերկացեր է դրախտանման վայելչութիւնը թոռմեր, անհետացեր է, անմահութեան օդը շնչող երկիրը արիւնոտեր, ապականեր է, թշնամիներէն ոտնակոխ` իբր թէ գազաններու որջ դարձեր է, իւր իսկ որդիքները, որ իւր մայրենի սիրոյն գգուանքներովը ու կաթամբը սնան, անոր սիրտը կը կրծեն: Մերուժան` ազգը ու աստուածը ուրացող Մերուժանը, գայլի նման անտէրունչ մնացած հօտը կը ցրուէ ու կը գիշատէ, ալ ի՞նչ ըսեմ. աստուծոյ վրէժխնդիր բարկութիւնը բոցի պէս կը պտըտի Հայաստանին վրայ, ու իր արդարութեան սուրը սրեալ է։ Ո՜հ Արշակ, եթէ զքեզ միայն կարենայի փրկել ընդհանուր պատուհասէն, եթէ զքեզ` իմ մոլորեալ, սիրելի ոչխարս կարենայի գրկել ու բառնալ ուսերուս վրայ, ու իմ փրկչիս, իբր հաճոյական ընծայ, նուիրել զքեզ… վաթսունը հինգ հատ տարի իրենց ցաւագին կնճիռը ճակտիս վրայ ձգելով` անցան գնացին, կեանքիս դառնահամ ծովը ահագին փոթորիկներով անցուցեր եմ, քու եւ ազգիս սիրոյն համար հայրապետական աթոռէս շատ անգամ թշնամի սրտմտեալ բանակներու ու անկեց ալ կայսերաց ու արքայից գահերուն դիմացը վազեր եմ, ու հիմա ո՜վ գիտէ, գուցէ մօ՞տ է այն ժամը, որ իմ դժբախտ, բայց սիրելի Հայաստանս թողում, երթամ յաւիտեան: Բայց երանի՜ ինծի, եթէ կենացս վերջի շունչը տալու ատենս Հայաստանին երջանկութեան աւետեացը ձայնը հնչէր ականջս, ու դեռ հոգիս մարմնէս չելած` ատ վայելքը անմահական երջանկութեանս մէջ խառնուէր:

ԱՐՇԱԿ. Կ՚աղաչեմ քեզի, Ներսէս, թո՛ղ զիս, հեռացի՛ր ասկեց. Քու խօսքերդ սաստիկ հողմոյ մը պէս շարժեցին ու խռովեցուցին սիրտս: Ա՜հ, չեմ գիտեր, որու՞ դիմեմ, անհնար Է ինծի աստուծոյ դառնալ, երկուքներնուս մէջտեղը հայրս ու բիւր անիրաւութիւնք ահագին պատնէշ մը կանգնած են, չեն կրնար թափանցել զայն արցունք, հառաչանք եւ զղջական աղաչանքներ: Տե՛ս, թէ ինչպէ՞ս խաւարային սիրտս յուսոյ եւ մխիթարութեան գոցուած է, տե՛ս, ցաւէ՛ իմ վրաս, յուսահատէ ու թո՛ղ զիս:

ՆԵՐՍԷՍ. Կը թողում զքեզ, բայց գիտցիր դուն ալ, որ ցուրտ երակներուս մէջ ազգիս սէրը բոլոր իր սաստկութեամբը կը վառի: Անոր համար թէպէտ, դուն մոլորեալ, կոյր ու մեղապարտ ըլլաս, թէպէտ ձեռքերդ անմեղ արեանց մէջ թաթխուած ըլլան, թէպէտ երկինք քու վճիռդ կտրած ըլլան, սակայն եւ այնպէս դուն իմ Արշակունի թագաւորաց արիւնն ես, ու զիս քեզի գորովալից հայր կը ճանչնամ: Ինչուան վերջը քեզի նեցուկ, ամրութիւն, յոյս եւ խորհրդատու ըլլալը սուրբ պարտք մը ըրեր եմ ինծի, փուճ տեղը, Արշակ, պիտի մերժես, հալածես ու արհամարես զիս, փուճ տեղը մահուան սպառնալիքները պիտի գոռացնես ինծի դէմ, մթին բանտերու ու խորունկ վիրապներու մէջ պիտի իջնամ քեզի հետ, մահուան անկողնիդ քովը պիտի հսկեմ անքուն, ու աղօթեմ հառաչանքներով` անմահութեան լոյս կաթեցնելու մթագնեալ աչուըներուդ ու սրտիդ վրայ: Եթէ կարելի է, ինչուան գերեզմանիդ մէջ պիտի պաշտպանեմ զքեզ բոլոր դժոխոց զօրութեանը դէմ:

ՏԵՍԻԼ Ե
ԱՐՇԱԿ, ՍԻՍԱԿ

ՍԻՍԱԿ. Ին՞չ զարմանալի անձ է ատ Ներսէսը, հայր, որ երբեմն սպառնալից մարգարէի մը պէս ահաւոր պատգամներ կ՚որոտայ, երբեմն ալ, կարծես թէ, հեզութեան հրեշտակ մըն է, յուսոյ ու խաղաղութեան աւետաբեր:

ԱՐՇԱԿ. Ա՛հ, ինչո՞ւ կ՚ուշանայ առաւօտը ծագելու. իմանայի մէյ մը, թէ Ներսէսին հոս, ինծի հանդպիլը յուսո՞յ, չէ նէ սպառնալեաց նշան էր: (Ներսէն ձայներ կը լսուին):

ՏԵՍԻԼ Զ
ԱՐՇԱԿ, ՍԻՍԱԿ ԵՒ ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԶՕՐԱՐԿԱՆՔ. Տէ՛ր, պարսիկները բազմութեամբ անտառը կոխեցին ու մթութեան մէջ զարնուեցանք անոնց հետ, կեանքդ վտանգի մէջ է, դեռ փախչելու ատեն կայ, տէ՛ր:

ԱՐՇԱԿ. Փախի՛ր դուն, Սիսակ, ու թո՛ղ զիս մինակ. պարսիկք կը գտնան հոս Արշակին դիակը:

ՍԻՍԱԿ. (Սուրը կը հանէ) Կ՚երթամ ես, բայց քեզի հետ (Թեւէն բըռնելով) Հայաստանին աւերակացը մէջ, անոր վերջի սիւնին կռթնած, սուրը ձեռքս` պիտի սպասեմ թշնամուոյն. թո՛ղ Հայաստան իր վերջի շունչը իմ բերնէս տայ (Արշակին թեւէն բռնած` մէկ կողմէն երթալու ատեն, պարսիկք վրայ կը հասնին):

Ձգի վարագոյրն