Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ

ՏԵՍԻԼ Ա
ԲԱՆՏ
ՍԻՍԱԿ, ԲԱՆՏԱՊԱՀ

ՍԻՍԱԿ. Մինակ եմ ես, ինծի հետ չեն ո՛չ հայրս, ո՛չ սիրելիներս եւ ո՛չ սուրս, որ պատերազմաց մէջ ինծի անբաժին ընկեր էր միշտ. գոնէ բանտիս ահարկու պատերուն մէջ յանկարծ բարեկամ հրեշտակ մը երեւնար, աւետեաց լուր մը բերանը առած ինծի բերելով, ու ըսէր. «դուն թշուառ ես, Սիսակ, բայց հայրդ ու հայրենիքդ ազատեցան ու երջանիկ են»: Ո՜հ, ինչպէս անուշ պիտի երեւնար ան ատենը իմ բանտս, ու վարդէ պսակ մը դառնային ինծի ձեռքերուս պլլուած ծանր շղթաները: Ո՜վ ծաղկալից եւ արիւնով կարմրցած հայրենի դաշտեր ու բլուրներ, դուք աւելի գեղեցիկ կ՚երեւնաք թշուառ բանտարկելոյն, աւա՜ղ ինծի, որ ալ պիտի չկարենամ շնչել ձեր մաքուր ու կենսաբեր օդը: Գեղեցիկ ես, հայրենիքդ իմ, պայծառ ու ծիծաղկոտ Է քու արեւդ, որ կը շողայ աւերակացդ ու գերեզմաններուդ վրայ, մինակ բախտդ տխուր ու սեւ է: Ալ չտեսնամ պիտի Հայաստանին երկինքն ու ցանկալի հողը, հոս երիտասարդ հասակս պիտի թոռմի, վասնզի հայրենեաց արեւուն ճառագայթները չեն ծագիր իմ վրաս: Փառաց ու յաղթութեան դաշտեր, ինչու՞ իմ արիւնովս ալ չկարմրեցաք դուք ձեր վրայ այնչափ հայկազուն քաջեր պառկեցան ու պիտի չարթննան մէյ մըն ալ. ինչուան մահուան մէջ իրարու ընկեր մնացին անոնք ու մէկ մէկու քով կը քնանան, ա՜հ, ես միայն, ես միայն մինակ մնացի:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ. Մինակ չես դուն:

ՍԻՍԱԿ. Ո՞վ ես դուն, իմ բանտապահս, կը ճանչնա՞մ զքեզ:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ. Ես ծեր հայ զինուոր մըն եմ։

ՍԻՍԱԿ. Դուն հա՞յ ես, եկու՛ գիրկս: Ո՜հ, մէյ մըն ալ հանէ բերնէդ այդ սիրելի անունը, այնչափ կարօտ եմ ազգակից եղբօր մը տեսութեանը, սիրտս ծարաւի է հայրենի լեզուովս բացատրուած անուշ ու վսեմ խօսքերու։ Բաբէ՛, ի՛նչ անկարծելի երջանկութիւնք կան անմխիթար կարծուած թշուառութեան մէջ ալ. դուն հայ ես, բայց ինչպէ՞ս հոս:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ. Պարսից ձեռքը գերի ինկայ պատերազմի մէջ, Որմզդին հրամանովն` զիս պահապան դրին քու քովդ: Չեմ գանգատիր բախտիս վրայ, որովհետեւ կրնամ դեռ ծառայել թագաւորին քաջազուն որդուոյն, կրնամ դեռ ինչուան ղողդոջուն ծերութիւնս իմ նշխարեալ օրերս ազգիս նուիրել. ասիկա է բուն կեանքը, վասնզի ով որ մինակ ինքզինքին համար կ՚ապրի, փուճ տեղ ծնաւ:

ՍԻՍԱԿ. Առաքինի ու գթած ծէրունիդ, երանի՛ քեզի, որ այդ հասակը հասեր ես ու դեռ երիտասարդ ու զօրաւոր է սիրտդ հայրենեացդ համար:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ. Սակայն մարդուս ամէնէն դառն օրերը իւր վերջին ծէրութեան օրերն են, թշուառ մահկանացու, որ կամ ծաղիկ հասակին մէջ պիտի մեռնի, կամ իւր սիրելեաց մահը պիտի տեսնայ միշտ երկայն ապրելով: Ու՞ր փախան իմ երիտասարդ, գեղեցիկ տարիներս, երբ պատերազմի դաշտերուն մէջ կը վազէի վառվռուն սրտով ու զօրաւոր հարուածներով, այն ատենը մարած չէր սրտիս բոցը, դանդաղ չէին ոտուըներս, ճակտիս վրայ վշտահար կնճիռներ չկային, ու աչուըներս վկայ չէին հայրենեացս կործանմանը:

ՍԻՍԱԿ. Ես քեզմէ աւելի վատաբախտ եմ, որ գրեթէ միշտ ազգիս թշուառութիւնը տեսան աչուըներս, ու անծանօթ են ինծի համար փառաւորութեան ժամանակները:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ, Ո՛հ, տեսայ ես Հայաստանին գեղեցիկ օրերը, բայց ո՜վ աստուած, տեսայ նաեւ անոր սեւ օրերը, երբ գլուխս ճերմկցաւ ու կրակոտ հասակին աշխուժը տարիներուն բեռան տակ մարեցաւ: Ի՜նչ բան է  աշխարհք, եթէ ոչ մթին ձոր մը, ուր այնչափ փուշերու մէջ հազիւ թեւ մէկ ծաղիկ մը մինակ կրնայ քաղել մարդս. Ինչու՞ այսքան երկայն ապրեցայ, թո՛ղ չի՛ տեսնայի գազան թշնամիներու հեղեղներու պէս Հայաստան արշաւելը, չի՛ տեսնայի եղբայր եղբօր սիրտը պատռելը, ատելութեան սրեալ սուրերով: Ամէն ազգ օտարին զէնքերովն ու բռնութեամբը կը կործանի: Հայաստան, որդեակ, Հայաստան եղբայրասպանութեամբ ինկաւ, իւր որդուոց ձեռքերը նիւթեցին ու պատրաստեցին զինքը կապող շղթաները: Ո՜հ, եթէ ինչուան վերջը այսպէս պիտի տեսնամ զինքը, աւելի աղէկ է, որ հիմակուընէ ճերմակ մազերս գերեզմանին մէջ թափթփին:

ՍԻՍԱԿ. Աւելի աղէկ է, որ տարաժամ մարի իմ կենացս արեւը:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ. Որդեակ իմ, ո՜հ, ներէ ինծի այսպէս կոչել զքեզ: Անզաւակ մնացի ես, չորս կտրիճ որդիքներս պատերազմաց մէջ ինկան ու հետերնին տարին իմ ամէնէն քաղցր յոյսերս: Մեռան, անոնք ալ քեզի պէս ծաղկահասակ տարիքի մէջ կը փայլէին առաքինութեամբ ու քաջութեամբ… ահ, արցունքներ եկան աչուըներուս

ՍԻՍԱԿ. Ո՜րչափ կը նախանձիմ քու որդուոցդ վրայ. ես իրենց պէս չկրցայ մեռնիլ:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ. Սիրտ առ որդեակ, մարդուս ճշմարիտ քաջութիւնը այն է, որ բախտին փոխուելու ատենն ալ ինքն անփոփոխ մնայ, ու միեւնոյն աչքով դիտէ կապանքները ու դափնիները: Աչուընիս թո՛ղ արցունքներ թափեն հայրենեաց համար, վասնզի արտասուաց արժանի է, բայց սրտերնիս անշէջ բոցերու վառարան ըլլան` զազգը վառելու ու կենդանացնելու համար, վասնզի ամէն բանէ աւելի կարօտ Է իւր որդուոցն սիրոյն ու ձեռնտուութեանը:

ՍԻՍԱԿ. Ո՜վ վսեմ ծերունիդ, քու վեհ խօսքերուդ թեւերուն վրայ կը բարձրանայ հոգիս. դրախտ մի կ՚երեւայ ինծի տխրաբնակ բանտս, արագընթաց կը սահին գերութեանս տխուր ու դանդաղ ժամերը, ու այնպէս կը կարծեմ, որ ազատ եմ ես, ու ընդարձակ օդի մէջ կը թռչիմ. չկան ինծի համար սոսկալի պատեր ու կամարներ, որ գլխուս վրայ ծանրանան: Երկնից գեղեցիկ կապոյտը տարածուած է աչուըներուս առջեւ. ահա՛ հոս է Հայաստան, հոս են մանկութեանս զբօսանաց տեղերը, զուարճալի պարտեզք եւ հովիտներ: Հոս են պատերազմի դաշտերը, ուր այնչափ դափնիներ ժողվեցի, հոս են… բայց ու՞ր Է հայրս:

ԲԱՆՏԱՊԱՀ. Գիտեն երկինք, թէ ու՞ր է (Կ՚երթայ)

ՍԻՍԱԿ. Բայց ես չեմ գիտեր: Ա՜հ, սիրելի անձէ մը յաւիտեան բաժնուըելէն դառն բան չկայ երկրի վրայ, ասիկա միայն փորձեցի անփորձ տարիքիս մէջ, ու զանիկա անհուն սիրով կը սիրէի ես, ու թէպէտեւ յանցաւոր, բայց դարձեալ չկայ մէկը, որ իրմէ աւելի սրտիս մօտիկ ըլլայ:

ՏԵՍԻԼ Բ
ՍԻՍԱԿ, ՈՐՄԻԶԴ

ՈՐՄԻԶԴ. Մոռցա՞ր ուրեմն Որմիզդը։

ՍԻՍԱԿ. Դու՞ն, Որմիզդ հո՛ս:

ՈՐՄԻԶԴ. Այո՛, եկայ հոս մեծ պարտք մը հատուցանելու քեզի:

ՍԻՍԱԿ. Սիսակ միայն մահուան կը սպասէ, չէ թէ վարձքերու:

ՈՐՄԻԶԴ. Թո՛ղ տուր, որ արցունքներովս թրջեմ շղթաներդ:

ՍԻՍԱԿ. Դու՛ն, արքայորդիդ, գերիի մը վրայ այսչափ գութ ունենա՞ս:

ՈՐՄԻԶԴ. Քու առաքինութեանդ ու քաջութեանդ զարմացողն ու նախանձոտն եմ ես. կրկին անգամ յաղթեցիր ինծի` մէյ մը զէնքով մէյ մըն ալ անյաղթելի սրտովդ:

ՍԻՍԱԿ. Իմ գերութեանս է այդ մեծ յաղթանակը:

ՈՐՄԻԶԴ. ճշմարիտ է. երբեք զքեզ այդչափ վեհազուն տեսած չէի, ինչպէս որ հիմա կապանքներուդ մէջ կը տեսնամ: Շատ անգամ յաղթանակներ կանգնեցիր թշնամեացդ դէմ, հիմա յաղթական ես անձիդ ու բախտին: Քու դափնիներուդ վրայ կը նախանձէր սիրտս, հիմա շղթաներդ ինծի պատկառանք կ՚ազդեն:

ՍԻՍԱԿ. Բաւական է, ո՜վ քաջ. ամէնէն հաստատուն առաքինութիւններն ալ չեն կրնար դիմանալ չափազանց գովութեանց, երախտագէտ եմ. սիրոյդ, որով կը սփոփես կենացս վերջին օրերը:

ՈՐՄԻԶԴ. Քու վերջին օրե՞րդ, պիտի ապրիս դուն, բարեկամ, վասնզի Որմիզդն ալ դեռ կենդանի է ու մոռցած չէ, որ քեզմով կ՚ապրի, բայց թեւ այդ պարտականութիւնն ալ չունենայի, կը կարծե՞ս, որ անտարբեր աչքով նայէր Որմիզդ քեզի պէս անձի մը կորստեան վրայ:

ՍԻՍԱԿ. Ուսկի՞ց կու գայ քեզի այսչափ սէր ու գութ թշուառ օտարականի մը վրայ:

ՈՐՄԻԶԴ. Դուն ինծի օտարակա՜ն. պարապ տեղը ուրեմն իմ սիրտս քու սրտիդ հետ կապեցի, պարապ տեղը պարսից եւ հայոց բանակները ու այդ սեւ անտառը մեր բարեկամութեանը եւ սիրոյն վկայ եւ ականատես եղան: Պատերազմը, որ մահաշունչ ատելութեան կրակները կը թափէ ժողովրդոց վրայ, անիկա իրարու մօտեցուց զմեզ ու փափուկ սիրոյն թելերովը պնդեց մտերմութեան գեղեցկահիւս կապը: Հիմա աւելի կը սիրեմ իմ կեանքըս, վասնզի քեզի պէս դիւցազնի մը ընծան Է: Ո՜հ, ինչ քաղցր յոյսեր ծագեցան սրտիս մէջ զքեզ ճանչնալէս ի վեր, ի՞նչպիսի զուարթութեամբ քեզի համար երջանկութեան պարտէզներ կը շինէի մտքիս մէջ, ուր ձեռք ձեռքի տուած` պիտի քալէի քեզի հետ քաղցրաշունչ հովերու եւ անուշահոտ ծաղկանց բանալով մեր սրտերը, իրարու կռթնած, արհամարհելով նախանձոտ բախտին նետերը: Դուն իմ կենացս ճամփուն առաջնորդն ու ընկերը պիտի ըլլայիր: Ա՛հ, ուրեմն երկինք կը նախանձին անմեղ բաղձանքներուն վրայ, որ անկատար թողուցին իմ յոյսերս, ու դուն հոս ես

ՍԻՍԱԿ. Ո՜վ առաքինիդ, որ զարմանալի բախտով յանկարծ ինծի բարեկամ գտայ, ու պիտի կորսնցնեմ դարձեալ շուտով: Երկինք չեն նախանձիր մարդկանց վրայ, որովհետեւ կը գթան ինծի, ու զքեզ ղրկեցին, երկնային հրաշագեղ ոգի, որ անուշութեամբ լեցնես գերեզմանիս եզերքները: Ո՜հ, մինչեւ վերջը հաւատարիմ եղիր վսեմ պաշտօնիդ, ու դարձուր ազնիւ սրտիդ մարդասիրութիւնը հօրս վրայ: Թէ որ բարերար ձեռուըներդ տարածես ինչուան իւր բանտին վիհը, ուր կապուած Է եւ կը տանջուի, թէ որ վիշտերով ծանրացած գլուխը քեզմով բարձրանայ ու մխիթարուի, մահուընէ ետքը Սիսակին ոսկորներն անգամ երախտագէտ պիտի ըլլան քեզի:

ՈՐՄԻԶԴ. Ին՞չ, ես զքեզ կորսնցնե՞մ:

ՍԻՍԱԿ. Ինչ կը կարծես, բարեկամ, մարդիկ երբ իրարու քով են, ան ատենը մինակ իրարմէ բաժնուած չեն սեպուիր. ո՛չ դուն զիս չես կորսընցներ, մահուընէ ետքն ալ աներեւոյթ եւ խորհրդաւոր կապ մը կայ սիրելեաց մէջ, որ անհնար է քակուի: Մեռնելէս ետքը թո՛ղ ապրիմ մտքիդ ու սրտիդ մէջ, դուն զիս յիշէ՛ անմոռաց սիրով ամէն վայրկեան, ամէն տեղ, ու երբ պատերազմի ձայնը գոռայ ականջիդ ու կանչէ զքեզ, միտքդ բեր, որ ես ալ կը յուսայի մեռնիլ փառաց ասպարէզին մէջ, զէնքը ձեռքս, քու քովդ, փառաց ու գեղեցկութեան թեւերուն մէջ:

ՈՐՄԻԶԴ. Բաւական շարժեցիր ալեկոծեալ սիրտս, լռէ՛ ալ, չէ՛, դուն պիտի չմեռնիս: Հայրս չի կատարեց իւր խոստմունքը, Որմզդին կ՚իյնայ հատուցանել ինքը իւր պարտքը. դուն ինծի պարգեւեցիր իմ կեանքս, ընդունէ՛ փոխարէն կենացդ հետ ազատութիւնդ ալ: (Կը քակէ շղթաները):

ՍԻՍԱԿ. Ին՞չ կ՚ընես, Որմիզդ. հօրմէդ չե՞ս վախնար։

ՈՐՄԻԶԴ. Այնպիսի վայրկեաններ կան, ուր մարդս իւր սրտին ազդարար ձայնը մինակ պէտք է լսէ:

ՍԻՍԱԿ. Սակայն պէտք Է անկեղծ խօսիմ քեզի հետ, ինչպէս որ քաջերու կը վայլէ: Գիտցած ըլլաս, վեհազունդ, որ քեզմէ ընդունած ազատութիւնս պարսից վնասուն պիտի գործածեմ ձեռուըներս շղթաներ ձգելուն պէս` զէնքը պիտի առնեն, ձայն պիտի տամ հայոց քաջերուն, որ գան, ժողուին իմ քովս, ու անոնց գլուխը անցած` պիտի վազեմ ջնջելու Հայաստանին թշնամիները:

ՈՐՄԻԶԴ. Այնպէս թո՛ղ ըլլայ. եթէ բարեկամութեան պատուոյն արժանի սեպեցիր զիս, կը յուսամ, որ անարժան թշնամի մըն ալ չըլլամ քեզի: Փութա՛, բաց են բանտիդ դռները:

ՍԻՍԱԿ. Զարմանալի բարեկամ, գրկեմ զքեզ: Շնորհեն ինձ երկինք` կամ միշտ ազատարար ընել զիս քու թանկագին կենացդ եւ կամ քեզի համար մեռնիլ:

ՈՐՄԻԶԴ. Շնորհեն ինձ երկինք, որ չի զղջաս քու ազատութեանդ վրայ։

Ձգի վարագոյրն