Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

Ձոր եւ լեռինք

ՏԵՍԻԼ Ա
ՎԱՀԱՆ, ԶԱՐԵՀ

ՎԱՀԱՆ. Մօտեցաւ վսեմ ու ահաւոր վայրկեանը. արեւը իւր ետքի ճառագայթները այս լեռան գագաթներէն ժողվելով` խորհրդաւոր ու մութ ասպարէզ մը կը թողու ազատութեան, որ իւր շղթաները կոտրէ. ու ասկէ սլանալով Հայաստանի ամէն կողմերը` աւետեաց ձայն մը հնչեցնէ, թէ խորտակեցին շղթայք, ու հալածեցաւ բռնութիւնը. լսէ՛ ինծի, Զարեհ որդեակ, պատրա՞ստ են մեր քաջերը հոս գալու ժողովուելու:

ԶԱՐԵՀ. Քիչ ատենէն պիտի տեսնես զիրենք հոս, հայր. երբ քու հրամանդ տարի իրենց, ուրախութեան աղաղակներով թնդացուցին օդը ու գրկեցին զիս բիւր ցնծութեան նշաններով` հայրենի ազատութեան աւետաբեր սուրհանդակ կոչելով քու որդիդ. սուրերն ու նիզակները երկինք բարձրացան ու ողջունեցին ատ հրամանը, անպարտ արեանց վրիժաբեր պիտի ըլլայ, ու պիտի կանգնէ Թորգոմայ փառաց կործանեալ գահը:

ՎԱՀԱՆ. Որդեակ իմ Զարեհ, ինչ երջանիկ լուրեր կը բերես ինծի. ա՜հ, ու՞ր էր, թէ իմ ամէն դիւցազուն ընկերներս կարենայի անհուն սիրով գրկել այսպէս, բայց ու՞ր է Սուրէն որդեակս, ինչու՞ զինքն ալ չեմ կրնար գրկել. ա՜հ, անիկա անարժան սիրոյ գերի եղած` մատնիչ իւր հայրենեաց եւ փրկաւէտ սուրբ կրօնին, Պարսից բանակին մէջ կը թափառի, ուրացելոյ վատ անուան սեւ նշանը ճակտին վրայ բերելով. ո՜վ երկինք. պէ՞տք էր մի Վահանայ սրտին անմխիթար կսկիծ ու խոց ըլլար իւր որդին, երբ ինքը կը ջանայ ու պատրաստուեր է հայրենեաց երեսին վրայէն սրբել ցաւոց ու արտասուաց նշանները:

ԶԱՐԵՀ. Սակայն մի՛ յուսահատիր, հայր, մոլորեալ է Սուրէն, բայց ո՛չ երբեք զուրկ առաքինութենէ. պարսիկ օրիորդի մը կապուած է իւր սիրտը, բայց չէ բաժնուած բոլորովին իւր հայրենիքէն. մոլեգին սիրով կը սիրէ իւր տարփածուհին, բայց չ՚ատէր Հայաստանը: Ո՞վ գիտէ, որ մէկ օր մը չի դառնայ նորէն մեր գիրկը ու դիւցազնական քաջութեան գործքերով քաւէ իւր մոլորութեան յանցանքը, եւ ուրացութեան կեղտ անունը վերցնէ իւր վրայէն:

ՎԱՀԱՆ. Ուրացութեան կեղտ անո՞ւնը. ի՞նչ դառն յիշատակ զարթուցիր մտքիս մէջ. ես ալ ատեն մը դժոխային մթութեան մէջ խարխափելով` յանդգնեցայ երկնից դէմ ապստամբ գլուխ մը վերցնել, ու թէ որ Արտազու դաշտին մէջ ինկած մեր անմահ դիւցազանց հոգեշունչ խրախուսանաց ձայները սրտիս մէջ չի գոռային անդադար, հիմա Վահան, ո՜հ, կը սոսկամ, ըսելու, հիմա Վահան, իբր երկնի ու երկրի նշաւակ, դատապարտութեան հրէշ արձան մը պիտի կանգնէր Հայաստանի մէջ կորստեան ճամփուն վրայ:

ԶԱՐԵՀ. Ես չեմ ուզեր յիշել, հայր, քու յիշատակած թշուառ օրերդ, ինքզինքս ճանչնալէս ի վեր, միշտ փառք տուեր եմ երկնքին քեզի պէս դիւցազնի մը որդի ըլլալուս, բիւր երանի, թէ որ անարժան որդի չի գտնուիմ այնպիսի հօր մը:

ՎԱՀԱՆ. Ո՜վ սիրելի որդեակ, աչքիդ առջեւը ըլլայ միշտ քու հայրենիքդ իւր թշուառութեամբն, իւր խոցերովն ու կիսակործան աւերակներովը. դուն ալ միշտ ինծի պէս սլացի՛ր մտքովդ Աւարայրի դաշտին մէջ, ուր Տղմուտ գետը արիւնով կարմրցաւ լալով կը պտտի: Ուրացութենէս ետքը երբ մէկ գիշեր մը յուսահատ, դալկահար եւ կնճռեալ դէմքով նստեր, կը ծփայի մրրկալից խորհրդոց մէջ, չեմ գիտեր ի՞նչ աներեւոյթ զօրութեամբ մը յափշտակուեցայ յանկարծակի Աւարայրի դաշտը. դալկահար լուսնին մթնշաղ լուսովը ու երերեալ ստուերներով կը պտտէի արիւնաներկ դիականց մէջ, որ կարծես թէ ուրախութեամբ գրկեր էին հայրենի հողը ու անոր վրայ կը քնանային. մէյ մըն ալ փառահեղ ու լուսատեսիլ ծերունի մը աչքիս երեւութացաւ, թրջեց մատը գետինը թափուած արիւնին մէջ ու ճակտիս քսելով` «դիւցազանց արեան ցօղը սրբէ՛ զքեզ ուրացութեան աղտեղութենէն, - ըսաւ, - սա սուրն ալ, որ մեծին Վարդանայ ձեռքը շողաց պարսից դէմ, ձեռքէդ մի՛ ձգէր, ինչուան որ նորէն կանգնուին հայրենի կրօնից սրբութիւնն ու ազատութեան գահը»։ Անկեց ի վեր է, որ երդում ըրի յաւիտենական սէր առ աստուածն իմ եւ ազգն, եւ անհաշտ ատելութիւն պարսից դէմ։ Դու՛ն ալ, որդեակ իմ, թէ որ ինծի պէս ցաւագին գիշերներ անքուն կը հսկես, թէ որ կ՚ախորժիս թափառիլ դիւցազանց շիրիմներու քով, թէ որ վրէժխնդրութենէ ի զատ ուրիշ զգացում մը չունիս սրտիդ մէջ, եկու՛ր գիրկս, ինծի արժանի որդի ես. ինծի ալ անծանօթ է հանգիստ քնոյ քաղցրութիւնը, բայց պարապ տեղը չէ իմ հսկումս, հիմա որ մեր բռնաւորները անկասկած քնոյ մէջ թաղուած են:

ԶԱՐԵՀ, Հա՛յր վեհազու՛ն, որչա՜փ անհամբերութեամբ կը սպասեմ այն օրուան, որ առաջին անգամ պիտի կոխեմ փառաց ու առաքինութեան ասպարեզը. արիւնս կը բռնկի երակներուս մէջ, անհամբեր` հայրենեաց ու քեզի համար թափուելու: Քանի որ կենդանի ես դու, հայր, թո՛ղ չի յուսահատի Հայաստան, ու անկասկած չըլլան պարսիկք. բայց ահա՛ կու գայ Գարջոյլ նախարարը մեր` քաջ ընկերներով:

ՏԵՍԻԼ Բ
ԳԱՐՋՈՅԼ, ԴԱՒԱԿԻՑՔ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ՎԱՀԱՆ. Առա՛ջ եկէք, հայոց քաջազունք, աս մութ գիշերուան մէջ ուզեցի ժողվել զձեզ, մութ ու սոսկալի` ինչպէս վրէժխնդրութիւնը: Այս ահարկու լեռները իրենց հսկայ գլխուն վրայ պահեն մեր խորհուրդները սպառնալից ամպերու պէս, ինչուան որ ժամանակը գայ որոտալու բռնութեան դէմ, ու իրենց անդնդային հիմանը պէս յաւիտենական ու անխախտ ըլլայ մեր երդումը, հո՛ս, աս գիշերուան ահաւոր լռութեանը մէջ, կը բարձրացնեմ ձայնս, ու թո՛ղ արձագանք տան Հայոց լեռներն ու դաշտերը: Ազատութիւ՛ն եւ Հայրենիք. ելէ՛ք ձեր գերեզմանէն. թո՛ղ դադրին արցունքները, ու արիւնը վազէ անոր տեղ. թո՛ղ դադրի եղբայր եղբօր դէմ պատերազմը, ու մեր դահիճներուն սիրտը դարձնենք սուրերնիս, ու վաղուան արեւը ազատ երկրի մը վրայ ծագէ. չէ՞ք լսեր, Արտազու դաշտէն նուազաձայն աղաղակներ կ՚ելլան, կը բարձրանան, վրէժ գոչելով կ՚իյնան, կը կործանին մեր հոյակապ քաղաքներն, ու գետնատարած կը թաւալին փառաւոր եկեղեցիք, ու դեռ բնութիւնը կանգուն կը կենայ, ո՛չ, առաքինի նահատակաց շիրիմներուն վրայ երդում ընենք. պատերազմ կամ մահ պասից դէմ:

ԶԱՐԵՀ. Այո՛, պատերազմ ու մահը կը պահանջեն ծնողաց արցունքները, փափկասուն կուսանաց աղեկտուր հեծութիւնները, որ շղթայակապ գերի կ՚երթան պիղծ թշնամեաց բանակներու մէջ. անմեղ տղայոց ողբական ձայները ու այնչափ անպարտ արիւնը, որ ծածկեց մեր երկրին երեսը:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ինչուան հիմա ծածուկ քօղի մը տակ ծածկուած էին ձեր խորհուրդները, հիմա կը հաճիք յայտնել մեզի զանոնք. բայց, երանի թէ պարսիկք չիմանային ու նոր թշուառութեանց մէջ չգլորէր դարձեալ Հայաստան։ Միթէ բաւական չեղա՞ն մեր երկրի աւերն ու կործանումը, միթէ բավական արիւն չի թափուեցա՞ւ: Ինչու՞ համար Աւարայրի դաշտին մէջ ինկած քաջերուն ուրուականները միշտ անհանգիստ կ՚ընէք իրենց գերեզմաններուն մէջ` վրէժխնդրութեան ու ատելութեան խորհուրդներ ընծայելով անոնց. ես կարծեմ, որ աւելի պէտք էին խրատ մը տալու ձեզի, որ մէկդի դնենք ազատութեան ու յաղթութեանց ընդունայն յոյսերը: Եթէ վաթսուն հազար քաջերու բանակ մը ընկճեցաւ պարսից զօրութեան տակ, մենք ի՞նչ պիտի ըլլանք, մէկ քանի հարիւր անձինք, անթիւ բազմութեան դէմ: Իրաւ է, կործանեցան քաղաքներ ու եկեղեցիներ, բայց մենք շատ քիչ ենք զանոնք նորէն կանգնելու համար, շատ մը անպարտ արիւն թափուեցաւ, բայց ո՞վ է անիկա, որ թափուածէն աւելի արիւն վազցնելու տխուր պարծանքը կ՚ուզէ յափշտակել. թէ որ աւերակը աւերակի վրայ աւելցնելը ու սուրը ձեռքը արեան աղբիւրներ բանալը մեծ փառք մըն է, թո՛ղ ուզողը փառաւորուի:

ԶԱՐԵՀ. Թո՛ղ ուզողը փառաւորուի, ու քու ճակտիդ վրայ տպաւորուի ամօթն ու արհամարհութիւնը. ո՜վ վատասիրտ ու նենգաւոր լեզու. ու ի՞նչպէս չամչցար մեր քաջերու ժողովքին ներկայ գտնուելու. ինչու՞ չիմացանք մենք ալ, որ օտար թշնամինէն չարագոյն ընտանի թշնամի մը կայ մեր մէջը, ու անիկա դուն ես դու՛ն, վատի ծնունդ, որդի՛դ անարգութեան:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ժամանակ մը կու գայ, որ, գուցէ, փոխել տամ քեզի քու լեզուդ. բայց որպէսզի իմանաք, որ ես վատին մէկը չեմ, հա՛, բացարձակ ու անվախ կը հրատարակեմ ձեր դիմացը, որ ձեր հայրենասիրութիւն ու քաջութիւն ըսածը ես յիմարութիւն կը կոչեմ, ձեր կոխած ճամփան ստոյգ կորստեան կը տանի, ու ես մաս չունիմ ձեզի հետ:

ՎԱՀԱՆ. Ու չե՛ս կրնար ունենալ, գնա՛ ուրեմն, անօրէն Գարջոյլ, գնա՛, խոնարհեցո՛ւ պարանոցդ բռնաւորաց գաւազանին տակ ու համբուրէ՛ անոնց ոտքին փոշին, որ քեզմէ աւելի վատ չէ. վասնզի գերիները արժանի չեն արեւուն երեսը նայելու, ո՜վ դժբախտ Հայաստան, քու ամէն ժողովքներուդ մէջ, ուրեմն, միշտ մատնիչք ու դաւաճանք պակաս պիտի չըլլայն վսեմ ու մեծամեծ խորհրդոց հակառակելու, սիրոյ եւ միութեան կապերը քակելու, վաթսուն հազար հայոց քաջերու սուրերը եթէ չի կրցան պարսից լուծը թօթափել տալ, քեզի պէս անօրէնի մը չարութիւնը եղաւ արգելք, ու նզովելի Վասակ մը մեծին Վարդանայ բախտին անիւը կոտրեց. բայց մենք կը հետեւինք անոնց, հայրենիքը զմեզ կը կանչէ, չենք հարցներ` կենա՞ց, եթէ մահուան. թէ որ ինքը հիմնայատակ կործանի, թէ որ մեռնի, գերեզման իջնայ, մենք ալ իրեն հետ կործանինք ու թաղուինք իւր մոխիրներուն տակը։

ԴԱՒԱԿԻՑՔ. Այո՛, կը մեռնինք հայրենեաց համար:

ԶԱՐԵՀ. Բայց թող չի տանք, որ մատնիչք ուրախանան մեր մահուան վրայ:

ԴԱՒԱԿԻՑՔ. Պարսիկներէն առաջ պէտք է, ուրեմն, այս դաւաճանը սատկեցնել (Սուրերնին կը հանեն, կը յարձակին Գարջոյլին վրայ, ու Վահան կ՚արգիլէ զիրենք):

ԳԱՐՋՈՅԼ. Մեռցուցէ՛ք զիս ու իմ դիակիս վրայ կոխկռտելով` վազեցէ՛ք այդ արիւնալից ազատութեան, որ իւր թեւերը բացեր է զձեզ խղդելու համար:

ՎԱՀԱՆ. Ո՛չ, պիտի ապրիս դուն` վկայ ըլլալու համար շքեղ յաղթանակաց եւ կամ մեր փառաւոր մահուանը. ի՛նչ ալ ըլլայ մեր վիճակը, քաջութեամբ պիտի դիմանանք. առաքինութիւնը թո՛ղ անմահ պսակներ հիւսէ մեր կենդանի ճակտին եւ կամ մեր շիրմին վրայ, բայց դաւաճան վատերուն գլուխը երկնից վրէժխնդրութեանը կը նուիրենք. գնա՛ ուրեմն, ելի՛ր դուրս, ու երանի, թէ քու հետդ կորսուէին ամենայն մատնութեան խորհուրդներն ու ազգակործան չարութիւնք:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Դուրս կ՚ելլամ ես, կը հեռանամ ձեզմէ, բայց պիտի գտնաք զիս, ու կը տեսնուինք դարձեալ:

ՏԵՍԻԼ Գ
ՎԱՀԱՆ, ԶԱՐԵՀ, ԴԱՒԱԿԻՑՔ

ՎԱՀԱՆ. Երթանք մենք ալ, ո՜վ քաջք ընկերք իմ. Հայաստան մե՛զի կը սպասէ. երթանք անոր արցունքը սրբելու եւ կամ մեր արիւնը թափելու։

ՏԵՍԻԼ Դ
ԶԱՐԵՀ

Որչափ աւելի պիտի ըլլար իմ խնդութիւնս, թէ որ եղբայրս ալ, մոլորեալ, բայց սիրելի եղբայրս, կարենայի մասնակից ընել հայրենի ազատութեան համար պատերազմելու ու զոհուելու փառացը. ո՜, եղբայր իմ Սուրէն, ու՞ր էր, թէ կարենայիր լսել ատ սիրալիր ձայնը, որ զքեզ կը կանչէ. արթնցան վրէժխնդրութիւնն ու քաջաց սուրերը. Հայաստան իր պատկառելի ու վիրաւոր գլուխը վեր վերցուցած` զարմացմամբ իւր չորս կողմը կը տեսնայ առաքինի որդուոց բազմութիւնը, ու դուն մինակ անոնց մէջը չես. ի՞նչ կը տեսնամ, կը խաբուի՞մ արդեօք:

ՏԵՍԻԼ Ե
ԶԱՐԵՀ, ՍՈՒՐԷՆ

ՍՈՒՐԷՆ. Չէ՛, չես խաբուիր, եղբայր իմ, գրկեմ զքեզ, սիրեցեալ Զարեհ։

ԶԱՐԵՀ. Դուն ուրեմն չե՞ս մոռցեր զմեզ, եղբայր իմ, ես կ՚ըսէի, որ դուն չես ատեր Հայաստանը:

ՍՈՒՐԷՆ. Եւ ո՞վ կրնայ ատել Հայաստանը. այո՛, զօրաւոր են ո՜վ Զարեհ, մարդուս սրտին մէջ հայրենեաց զգացմունքները. բուռն ու բորբոքեալ սիրոյ մը վայելքները չի կրցան մոռցնել տալ ինծի հայրենեաց քաղցրութիւնը:

ԶԱՐԵՀ. Մանաւանդ տարաբախտ ու կիսամահ հայրենեաց, ո՜վ Սուրեն. եթէ գիտնայիր, ինչ տառապանաց մէջ անցուցինք օրերնիս, երբ դուն պարսից քովը թոյլ ու հանգիստ կեանք մը կը վարէիր…։

ԱՈՒՐԵՆ. Հանգիստ կեա՞նք, ո՜հ, պարսից քովը անցուցած օրերս աղետալի օրեր էին. հաւատա՛ ինծի, եղբայր իմ, աչքիս առջեւը ունէի միշտ հօրս ու հայրենեացս բարկացայտ դէմքերը ու իւր որդուոցը շղթայակապ գերութիւնը. հայրենիք, սէր, առաքինութիւն, ոճիր ու հազար իրարու հակառակ զգացմունքներ կը կեղեքէին զիս. դաժան բռնաւորներու մառախլապատ կերպարանքները տխուր ամպով մը կը ծածկէին ատ արեւը, որ հրաշագեղ Ասթինէին ճակատին վրայ կը ծագէր ինծի համար. ո՜հ, օրհնեալ են այն տեղերը, ուր սուրբ են հայրենիք, ու համարձակ կրնաս սիրել զայն: Ո՛վ Զարեհ, զքեզ տեսնելով` ամէն զգացումներս, որ ժամանակը չէր կրցած ջնջել, կ՚արթննան սրտիս մէջ. կը կարծեմ, որ, թերեւս, ծանր շղթաներէ ազատուելով` թեւերուդ մէջ կը գտնան ու կը գրկեն բոլոր Հայաստանը. անիկա է իմ խանձարուրքս, հոն, քեզի հետ, անցուցի իմ մանկութեանս երջանկասահ ժամերը. դուն, հաւատարիմ քու պարտուցդ, քու աստուծոյդ, հօրդ ու ազգիդ, երբեք չի կրեցիր սրտիս կրած տանջանքները, ու երանի՜ թէ միշտ անծանօթ մնային քեզի. երանի՜ թէ զանոնք միայն սիրէիր, եւ ուրիշ օտար սէր մը չի գրաւեր ու չի լափեր քու սիրտդ:

ԶԱՐԵՀ. Եթէ հայրենեաց սէրն ու ազգակիցներուդ կարօտը այդչափ զօրաւոր կերպով կ՚ազդեն քու վրադ, կտրէ՛, ուրեմն, ամէն օտար կապանքները, որ զքեզ կը հեռացնեն քու սիրելիներէդ. դարձի՛ր նորէն մեր գիրկը, ու դարձու՛ր մեր անգութ բռնաւորներուն դէմ. քիչ մը առաջ հոս շատ մը քաջեր մեր հօրը առաջնորդութեամբ ժողվուելով` երդում ըրինք բնաջինջ ընել պարսիկները Հայաստանէն, ու ազատութեան դրօշը բանալ. ահա՛ ժամանակը, ո՜վ Սուրէն, սրբելու արեան մէջ ուրացութեանդ յանցանքը. չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ, որ պարսիկ աղջկան մը զոհես քու հոգիդ, ազգդ ու պատիւդ:

ՍՈՒՐԷՆ. Ես ալ ատեն մը կը սիրէի հայրենեաց համար պատերազմիլը ու հայրենի փառացը նուիրել սուրս ու արիւնս, ու պատերազմի մէջէն ծագեցան իմ կենացս բոլոր դառնութիւնները: Մեծին Վարդանայ մահուընէ ետքը, իւր եղբօրը` քաջին Հմայեկայ զօրավարութեամբը, յարձակեցանք մենք օր մը պարսից քաղքի մը վրայ, կոտորածն ու սարսափը տիրեց մէկէն թշուառ քաղքին մէջ, ամէն մէկերնիս կատաղի առիւծ դարձած` չէինք յոգներ արիւնահեղ հարուածներէն, ու ես սուրս վերուցեր էի պարսիկ իշխանի մը գլուխը իջեցնելու համար, երբ յանկարծ աղջիկ մը` հրաշալի ու աննման գեղեցկութեամբ, հերարձակ ու թուխ աչուըները արցունքով լեցուած, փափուկ ձեռուըները դէպի ինծի վերցնելով, ոտքս ինկաւ ու «մի՛ զարնէր, մի՛ զարնէր, անիկա իմ հայրս է, - ըսաւ, - խնայէ իմ հօրս, ես քու գերիդ ըլլամ»: Տեսայ զինքը, կատաղութիւնս մարեցաւ, սուրը ձեռքէս ինկաւ, արեանց ու կոտորածոց դաշտը ամենազուարճ դրախտ մը երեւեցաւ ինծի, լռեցին փողերու, նիզակաց ու շփոթութեան աղաղակները. իրեն քաղցրալուր ձայնէն ի զատ ուրիշ ձայն մը չէի լսեր. պատերազմին ահեղ տեսարանները աներեւոյթ եղան աչքէս, ու զինքը մինակ տեսայ դիմացս, գեղեցկութեան ու պարկեշտութեան ամէն հրապոյրներովը զինուած` զիս գերելու համար. այն, չեմ գիտեր, աղէտալի՛ եւ կամ երջանիկ ժամէն ի վեր երդում ըրի իրեն համար մինակ ապրելու. անլոյծ շղթաներով կապուած եմ իր հետը, բայց կը սիրեմ իմ շղթաներս:

ԶԱՐԵՀ. Ինչու՞, ուրեմն, եկար հոս:

ՍՈՒՐԷՆ. Ա՜հ, սիրոյ մէջ ե՞րբ տեսնուած Է տեւական եւ անպղտոր երջանկութիւն. խղճի տագնապներ քիչ մը ետքը ալեկոծեցին սիրտս, որ սիրաշունչ հովերու յանձներ էր ինքզինքը, ու երբ գորովալիր խանդաղատանք եւ վայելից հաճոյքներ կը գգուէին զիս, դառն էր ինծի հօրս գրկէ զրկուելու՛ս յիշատակը. թող ընդունի՛ զիս իմ հայրս, ընդունի՛ իմ կենաց ու բախտիս կցորդ պարկեշտագեղ օրիորդն ալ…

ԶԱՐԵՀ. Ահա՛ ինքը:

ՏԵՍԻԼ Զ
ՎԱՀԱՆ, ԶԱՐԵՀ, ՍՈՒՐԷՆ

ՍՈՒՐԷՆ. Ո՜վ հայր…

ՎԱՀԱՆ. Ին՞չ կը տեսնամ, ես Զարեհը կը փնտրէի, ու Սուրեն հոս։

ԶԱՐԵՀ. (Սուրէնին) Սիրտ ըրէ՛, մօտեցիր:

ՍՈՒՐԷՆ. Յանցանքներս քաւելու համար եթէ բաւական է զղջումը, կը յուսամ, որ գթաս ինծի. քու տեղդ իմ սիրտս վրէժ խնդրեց ինձմէ, ու ոչ երբեք դադրեցաւ երեսս զարնելու իմ ոճիրներս, անօրէն ու մատնիչ կոչելով զիս. չե՞ս պատասխաներ, հա՛յր. հայրական գութը չի՞ շարժեր զքեզ` որդուոյդ ձայնը մտիկ ընելու. ինչու՞ երեսդ կը դարձնես ինձմէ. ա՜հ, այդ խիստ ճակատդ պայծառացու՛ր, հայր, ահա՛ քու ոտուըներուդ կ՚իյնայ ցաւաբեկ ու զղջացեալ որդիդ… կը մերժէ զիս… փու՛ճ տեղը եկայ ես հոս… երթամ, փախչիմ ու յաւիտեան բաժնուիմ ձեզմէ:

ԶԱՐԵՀ. Ո՛չ, թող չեմ տար, որ հեռանաս դուն:

ՍՈՒՐԷՆ. Կը տեսնա՞ս, սիրտն ու թեւերը գոց են ինծի համար. անխօս են շրթունքները, ո՜վ սպառնալից ու սոսկալի լռութիւն. մնա՛ք բարով… ըսէ՛ իրեն, եղբայր իմ, որ ես անբախտին մէկն եմ, ու պարապ տեղը մեռնելէս առաջ հայրական ներումը խնդրեցի. խնդրէ իրմէ արցունքներով… քու արցունքներդ անմեղ են, խնդրէ իրմէ, որ եթէ թողութեան արժանի չեմ, գոնէ հօրս ձայնը արժանի ըլլամ լսելու (Կուլայ):

ՎԱՀԱՆ. Քու հօրդ ձա՞յնը կ՚ուզես լսել, ու՞ր էիր դուն, երբ այդ ձայնը բարձրացաւ հայոց քաջերուն սիրտը վառելու` պարսկային բռնութեան ու ամպարշտութեան դէմ. կու լա՞ս դուն. լա՛ց Հայաստանի վրայ, լա՛ց ինքզինքիդ վրայ, որ ուրացար զայն. լա՛ց քու հօրդ վրայ ալ, որուն կեանքը դառնացուցիր այսչափ ատեն, հառաջ քան քու հօրդ գիրկը, հայրենեաց գիրկը նետուէ՛, որ ինձմէ առաջ հայրենիք ներեն քեզ:

ՍՈՒՐԷՆ. Պատրաստ եմ, հայր:

ՎԱՀԱՆ, Պատրա՞ստ ես, ուրեմն, երդնուլ մեզի պէս` յաւիտենական ատելութիւն բոլոր պարսից դէմ:

ՍՈՒՐԷՆ. Կատեմ բոլոր պարսիկները, բացի մէկէն:

ՎԱՀԱՆ. Եւ ո՞վ է այն:

ՍՈՒՐԷՆ. Պարկեշտուհին Ասթինէ։

ՎԱՀԱՆ. Ին՞չ կը լսեմ. դեռ պարսիկ աղջկան մը անունը բերանդ կը պտտի, ու դուն Հայաստանի հողը կը կոխես. դուն Վահանայ որդին ես ու անոր հետ կը խօսիս:

ՍՈՒՐԷՆ, Ո՜հ, եթէ գիտնայիր` որչա՛փ առաքինի ու գթութեանդ արժանի է, հայր:

ՎԱՀԱՆ, Արժանի Է իմ անմահ ատելութեանս այդ կախարդ աղջիկը, որ մոռցնել տուաւ քեզի քու ամէն սուրբ պարտքերդ ու ամօթապարտ ճամփու վրայ սահեցուց զքեզ, ու դուն դեռ զինքը կը յիշես, դեռ սրտիդ մէջ…

ՍՈՒՐԷՆ. Սրտիս մէջ ինչուան վերջը պիտի ապրի ինքը:

ՎԱՀԱՆ. Զմեզ ծաղր ընելու համար, ուրեմն, եկար դուն հոս, որդիդ ապաշնորհ. չէ՛, իմ որդիս չե՛ս դուն. անօրինաց հետ է քու բաժինդ. դուն որ ազգուրաց ու հայրատեաց չարիքներու գահավէժ խորխորատ մը բացիր մեր երկրին մէջ, գնա՛, ա՜յ յանդուգն, կը սպասէ քեզի քու հրապուրիչդ, ու քիչ ատենէն կը սպասէ քեզի արագահաս պատիժը:

ԶԱՐԵՀ. Հանդարտէ՛, հայր իմ, դադրեցո՛ւ բարկութիւնդ. թէ որ չես ատեր զիս, մի՛ անարգեր Սուրէնն ալ, յանցաւոր է, բայց քու որդիդ ու իմ եղբայրս է:

ՎԱՀԱՆ. Որդեա՛կ, հաւատարիմ որդեա՛կ, քու վրադ հանգչի հօրդ ու նախահարցդ օրհնութիւնը, իսկ ասիկա… ո՜հ, հայրենի շրթունքներս չեն կրնար անիծել իւր մեղապարտ գլուխը. բայց անիծեալ ըլլայ այն մոլորեցուցրչ կինը, որ օձի պէս սողալով որդուոյս սրտին մէջ` ապականեց ու թունաւորեց զայն:

ՍՈՒՐԷՆ. Ա՜հ, մի՜ անիծեր, այն ամբիծ ճակատը, որ առաքինութեան հրաշակերտ հայելին է. քու բարկութիւնդ յուսահատութեան աղջամուղջ մը պատեց աչուըներուս վրայ. անողորմ ձեռքով գոցեցիր ինծի երկինքը. դժոխային ծուխ մը կը խղդէ զիս. ո՜վ անմեղ ու թշուառ Ասթինէ. սիրտս ինչուան հիմա բաժնուած Էր հօրս ու քու սիրոյդ մէջ, անիկա մերժեց, ալ ամբողջ քուկդ է, քեզի կու գամ:

ԶԱՐԵՀ. Կեցի՜ր, ու՞ր կը փախչիս:

Ձգի վարագոյրն