Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

ՏԵՍԻԼ Ա
ԳԱՐՋՈՅԼ

Ուրացաք զիս ու անարգեցիք. կ՚ուրանամ զձեզ ու անմահ թշնամութիւն կ՚երդնում ձեզի դէմ: Ունայն է առաքինութիւնը, սնոտի է հաւատարմութիւն, ու ընդունայն բառեր են ազգասիրութիւնն ու հայրենիք: Դառնացեալ սրտի մը կրած նախատինքը, վրէժ անարգանաց, կատաղի ատելութիւն ժպիրհ գոռոզաց դէմ, այս կիրքերը միայն ստոյգ են ու կը տիրեն սրտիս մէջ. հոս քիչ մը առաջ թունալից բերաններէ թշնամութեան սլաքներ թռան ինծի դէմ, ու Վահան իւր անբարտաւանութեան գահին վրայ գլուխը բարձրացուցած` սպառնալից պատգամներ որոտաց ինծի. մահացու զէնքեր շտկուեցան կուրծքիս վրայ, ու մահ պոռացին, մահ Գարջոյլին դէմ, բայց կենդանի են ատելութիւնս ու վրէժխնդրութիւնս, ու մահ ձեր գլխուն վրայ. հպարտութեան ու փառասիրութեան գոռոզ ամբարտակը քու վրադ պիտի փլչի, Վահան, ու քու վատ ընկերներուդ վրայ: Գարջոյլն է քեզի ըսողը: Վազեցէ՛ք սրտիս մէջ կատաղիք դժոխաց ու ձեր բոցավառ ջահերովը բորբոքեցէ՛ք կատաղութիւնն ու ոխը, որպէսզի լափեն ու մոխիր դարձնեն ատելիներս:

ՏԵՍԻԼ Բ
ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ, ԳԱՐՋՈՅԼ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Հո՛ս, ուրեմն, ժողվեցան ապստամբները` նենգաւոր խորհուրդներ նիւթելու արքայից արքային աշխարհակալ իշխանութեանը դէմ. կ՚ուզեն, ուրեմն, արթնցնել դարձեալ քնացած առիւծը, ու արքունի գթութեան ու մարդասիրութեան գաւազանը խիստ պատուհասի երկաթէ գործիք դարձնել իրենց գլխուն վրայ. գիտե՞ն արդեօք, թէ զո՞վ կը գրգռեն եւ որու՞ն բարկութեան դիմացը յանդգնաբար իրենք զիրենք կը նետեն: Բայց դուն, նախարարդ Գարջոյլ, արքայից արքային քաղցր ակնարկութեանը արժանի պիտի ըլլաս, որ այսպիսի վտանգաւոր դաւակցութիւն մը ժամանակին յայտնեցիր մեզի, մեծապարգեւ շնորհք ու փառաւոր պատիւներ պիտի ընդունիս փոխարէն հաւատարիմ ծառայութեանդ:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Անհետ ըլլան, կործանին ու գետնի տակ անցնին իմ թըշնամիներս. կշտանայ վրէժխնդրութիւնը, Գարջոյլ կարենայ ոտքին տակը ճզմել զինքը նախատող արիւնախանձ գլուխները, ահա՛ իմ վարձքս:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Իրենց կորուստը անշուշտ է, բայց բոլոր պարսկախումբ բանակին իմ քովս չգտնուիլը կը տագնապէ զիս. Հեփթաղներուն դէմ պատերազմը եւ Վախտանկայ ապստամբութիւնը, շատ կը վախնամ, որ Վահանին դաւաճանութեանը չի նպաստեն ու ծանր խռովութիւններ չի ծագին Հայաստանին մէջ:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ուսկի՞ց կը վախնաս, տէ՛ր, մէկ քանի հարիւր խառնիճաղանճ զօրականք ի՞նչ կրնան ընել Պարսից զօրութեանը դէմ, հոս է իրենց ապստամբութեան որջը. քիչ մը ետքը հոս պիտի գան դարձեալ: Պաշարէ՛ զիրենք ամէն կողմէն ու կորսնցո՛ւր զամէնն ալ:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Քիչ են, այո՛, բայց Վահանը իրենց հետ Է:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Աւելի աղէկ. յանկարծ կը բռնուի ու կը սատկի Վահան, ու ապստամբութիւնը անգլուխ դիակ մը կը դառնայ:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Քաջ է խորհուրդ, բայց ըսի Սուրէնին, որ հոս գայ. հօրը ու ազգին դէմ քեզի պէս ատելութեամբ վառուած, անշուշտ, անոնց դէմ պիտի դարձնէ իւր քաջութիւնն ու սուրը: Ահա՛ ինքը, դուն հեռացիր քիչ մը, ու աչուըներդ Վահանին ու դաւաճանաց վրայ ըլլան:

ՏԵՍԻԼ Գ
ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ, ՍՈՒՐԷՆ

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Ողջոյն հայկազն քաջիդ, իմացա՞ր Վահանին ապստամբութեան խորհուրդները, պէտք չէ ժամանակ տալ, որ անօրէն դավակցութիւնը ճարակի բոլոր Հայաստանի մէջ. քու սուրդ, որ Հեփթաղաց դէմ շքեղ յաղթանակներով փառաւորուեցաւ, ատենն է, որ գոռոզութեան դէմ փայլատակէ, ցրուէ՛ դաւաճանաց խումբը, ու երբ արքայից արքայն Պերոզ, Հայաստան գայ, իւր պալատին ճամփան հայոց գլուխներովը սփռած գտնայ. որչա՛փ գեղեցիկ պիտի ըլլայ այդ յաղթանակը. ի՞նչ փառաւոր վարձքեր պիտի ընդունինք մեր քաջութեանցը. փութանք ուրեմն, առաջնորդէ պատերազմի մեր քաջ զինուորները, ու քու օրինակդ յառաջ վարէ զիրենք.

ՍՈՒՐԷՆ. Մեծախորհուրդ ու քաջասիրտ իշխանի մը պէս խօսեցար, բայց ո՞վ կրցաւ յաղթութիւնը ծառայ ընել իւր զինուց. պատերազմաց բախտը անստոյգ կշիռքի մը մէջ կը դարանի միշտ: Յառաջ քան թշնամուոյն վրայ յարձակելը, նայինք, թէ ո՞վ են անոնք: Հայոց սակաւաթիւ մը ապստամբութեան դրօշը բացեր է: Բայց Վահանն է իրենց առաջնորդ, եւ ո՞վ գիտէ, թէ բոլոր հայերը չեն լսած արդէն Վահանայ ձայնը, ու մէկ քանի հարիւր անձանց պզտիկ գունդը քաջերու բանակ մը չէ դարձեր. մենք թշնամի երկրի մէջ ենք. զօրքերնիս ցրուած, ու Վիրք մեզի դէմ գլուխ վերցուցած, պէտք է, ուրեմն, արթուն կենալ եւ սպասել:

  ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Ին՞չ կը լսեմ, ուսկի՞ց է քու վրադ այղ յեղակարծ փոփոխութիւնը. դուն, որ այնչափ վառուած էիր ատելութեամբ ու բարկութեամբ Վահանին ու հայոց դէմ, հիմա վատ խոհեմութեան թելադրութիւնները պատերազմի փառքէն նախամեծար կը համարիս, ու հանգստութիւնը աւելի ցանկալի է քեզի, քան թէ պերճ յաղթանակը, ու՞ր են քու երդումդ ու խոստմունքներդ. երբ արքայից արքայն այնչափ ճոխութեամբ ու պատիւներով կը փառաւորէ զքեզ, դուն կը խորշիս իրեն համար պատերազմելէ. չէ թէ պատիւներուդ այլ քու քաջութեան վրայ կը նախանձին պարսիկք. արժանացի՛ր, ուրեմն, արքայական վեհ բարերարութեանց ու է՛ջ այն ասպարեզը ուր փառք կը հրաւիրեն զքեզ:

ՍՈՒՐԷՆ. Ինչուան ե՞րբ պիտի տառապին երկու դրացի, հզօր ազգեր անդադար պատերազմաց մէջ. իրաւ է, որ բախտը ինչուան հիմա պարսից կողմն է, բայց ո՞րչափ սուղ կը գնէք ձեր անպտուղ յաղթանակները, այս քանի տարի է, քաջաց արիւնը հեղեղի պէս վազեց Հայաստան, ու որո՞նք եղան ձեր աշխարհակալութիւնները` աւերակներ ու անապատներ: Նուաճեալ է Հայաստան, բայց ո՛չ երբեք յաղթուած, ազգաւեր մատնիչներու հայրենիք է, բայց աւելի շատ` առաքինի ու անպարտելի դիւցազանց:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Կը յանդգնի՞ս իմ դիմացս պաշտպանել Վահանը ու հայերը:

ՍՈՒՐԷՆ. Վահան իմ հայրս է, ու հայերը իմ ազգս են:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Կը մոռնա՞ս պարսից վեհանձնութենէ ընդունած պատիւներդ։

ՍՈՒՐԷՆ. Ու՞ր էր հայրենեաց համար ընդունած վէրքերով զարդարուէր կուրծքս:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Զմեզ դաւաճանելու՞ համար պարսիկ ձեւացեր ես դուն. բայց չի կարծես, որ անպատիժ կը մնայ նենգութիւնը. կը վազեմ պատերազմի հայոց դէմ, բայց աչքերս քու վրադ են. պիտի ընդունին իրենց պատիժը ապստամբք, ու որոնք որ սրտակից են ապստամբաց:

ՍՈՒՐԷՆ. Վահանայ սրտին անծանօթ են ու չպիտի ըլլան երկիւղ ու վատութիւն. գիտցի՛ր, որ այդ կողմանէ անարժան որդի չեմ ես Վահանայ:

ՏԵՍԻԼ Դ
ԳԱՐՋՈՅԼ, ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ, ՍՈՒՐԷՆ

ԳԱՐՋՈՅԼ. Վահանեանք կը մօտենան հոս. փութա՛, տէր, արժանավոր կերպով ընդունելու զիրենք:

ՍՈՒՐԷՆ. Ու հա՞յ մըն է այս լուրը բերողը:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ու հա՞յ մըն է հոս ինծի մտիկ ընողը։

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Զօրակա՛նք ու դուն, Գարջոյլ նախարար, դարանի կեցէք ամէն կողմը, լրտեսենք, քանի՞ հոգի են, ի՞նչ կը խօսին եւ ո՞ր հիման վրայ հաստատեր են իրենց գոռոզութեան շէնքը, երթա՛նք, կոյր վստահութիւնը պատէ զիրենք, ու աներեւոյթ թշնամիներէ պաշարուին (Կ՚երթան)։

ՏԵՍԻԼ Ե
ՎԱՀԱՆ, ԶԱՐԵՀ, ԴԱՒԱԿԻՑՔ

ՎԱՀԱՆ. Ո՜վ քաջք, ահա դարձեալ ձեզ հետ է Վահանը:

ԴԱՒԱԿԻՑՔ. Կեցցէ՞ Վահան, կեցցէ՛ դիւցազն հայոց:

ՎԱՀԱՆ. Բարեկա՛մք, Հայաստանի փառացը ու ազատութեանը ոխերիմ թշնամիները ժպիրհ բերնով կը քարոզեն, որ մենք զուրկ ենք քաջութենէ եւ դիւցազնական առաքինութիւններէ, Հայաստան այնպիսի պատասխան մը տայ իրենց, որ դարերու մէջ հնչէ. տեսէ՛ք մեր հայրենիքը` բռնութեան եւ մատնութեան սոսկալի ժայռերուն վրայ խորտակած. մենք մինակ ազատեցանք իւր ահագին նաւաբեկութենէն. վերին անքննելի նախախնամութիւնը գերի մատնեց զմեզ մահադէմ թշուառութեան ձեռքը, ու արցունքներով կը թրջենք մեր ժանդահար շղթաները… կու լամ, այո՛, բայց կատաղութեան արցունքներ են թափած արցունքներս… սակայն, սակայն կը խնդան մեր թշնամիները, ու պարելով կը ցատկտեն դիւցազանց ոսկորները ծածկող հողին վրայ. ո՜հ, չի տեսնան մեր արցունքները, որպէսզի իրենց խնդումը աւելի չըլլայ, մեր վրէժխնդրութեան ու զինուց որոտմունքներու մէջ խղդուին իրենց ծիծաղներուն բարձրագոչ աղաղակները. վրէ՛ժ գոչեն թո՛ղ արքայազուն իշխանք եւ նախարարք, որ փոխանակ մեծագործ պալատներու, հողու ու մոխրոյ մէջ կը նստին. վրէ՛ժ, մանկունք դեռահասք, որ անտէրունչ եւ որբ մնացին. վրէժխնդրութիւն պոռան մայրերը, որ անորդի մնացին. վրէ՛ժ, պոռան երկրագործք, որոնց քրտնաթոր ճակատը անգութ թշնամիներու համար հոգու վրայ կը խոնարհի, եւ որոնց սերմանածը բռնաւորք կը հնձեն. վրէժխնդրութիւն կը պոռայ հայրենիք, իւր խորունկ վէրքերը մեզի ցուցնելով. ո՜հ, այն վէրքերը պատելու համար. երթա՛նք, յափշտակենք պարսից դրօշակները:

ԴԱՒԱԿԻՑՔ. Մենք Արտազու դաշտին քաջաց մնացորդներն ենք. տեսանք այն ահեղ պատերազմը, ուր Վարդան քիչ մնաց պիտի մարէր պարսից արեւը. դեռ աչքերնուս առջեւն է այն սոսկալի տեսարաններու ահաւոր պատկերը, որ սեւ սգոյ մէջ թաղեց Հայաստանը ու դժբախտ քաջութեան մահարձաններ կանգնեց իւր հողոյ վրայ. ինչու՞ չինկանք մենք հոն, ինչու՞ մեր արիւնն ալ չի խառնուեցաւ պսակաւոր նահատակաց արեանը հետ. բայց ահա՛ ժամանակը, խնայեցին մեզի երկինք, որ երկրորդ անգամ վկայ ըլլանք հսկայազօր հայրենավրէժ քաջութեան ու Հայկազուն արիագունդ բանակին երկրորդ անգամ ոտքի տակ առնելը պարսկական խրոխտ բռնութիւնն ու լուծը:

ԶԱՐԵՀ. Բայց ու՞ր է Գարջոյլ. ուսկի՞ց դուրս պիտի ելլայ արդեօք այս գիշատիչ վիշապը ու պիտի գալարի մեր ոտուըներուն. զգուշանանք, հայր, իւր կատաղութենէն ու, ամէնէն աւելի, իւր անօրէն մատնութենէն:

ՎԱՀԱՆ. Մերժեցէ՛ք ձեր սրտին մէջէն ամէն կասկածներն ու երկիւղը. Գարջոյլ կորսուեցաւ, բայց անոր տեղ նոր, քաջ ու հաւատարիմ գնդեր եկան, միացան մեզի հետ. ատենն է, ուրեմն, մեր խորհուրդը ի գործ դնելու. դու՛ն, Կամսարականդ Ներսէհ, ու դու՛ն, Արշաւիր, պէտք է Դւին քաղաքը կենաք ու պաշտպանէք զայն, իսկ ես Զարեհին հետ կը յարձկինք Ատրվշնասպին վրայ, որ յանկարծակիի գալով` չի կրնար, անշուշտ, երկայն դիմադրութիւն ընել մեզի. երկինք խրախոյս ու վահան ըլլան մեզի, եւ դու` անյաղթելի, անմահ ու սուրբ հայրենասիրութիւն, առաջնորդէ՛ եւ ցո՛յց տուր մեզի փառաց ու յաղթութեան լուսաճեմ ճամփան. իյնան թշնամիք մեր սրտմտութեան նիզակներովն ու սպեղամբը, եւ անոնց դիակներուն վրայ անկենդան տարածուինք մենք ալ: Մեր մահարձաններուն վրայ զուարթերես բազմին միշտ դաբնեպսակ ազատութիւնը եւ կրօնք, եւ պատկառանք որ սարսափ ազդեն բռնաւորաց. հապա, եկէ՛ք, վազեցէ՛ք ինծի հետ։

ՏԵՍԻԼ Զ
ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ, ԳԱՐՋՈՅԼ, ՎԱՀԱՆ, ԶԱՐԵՀ, ԴԱՒԱԿԻՑՔ ԵՒ ԶՕՐԱԿԱՆՔ ՊԱՐՍԻՑ

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Դողացէ՛ք, ապստամբք, Ատրվշնասպ հոս է:

ՎԱՀԱՆ. Դողան անոնք, որոնք որ բռնաւոր են ու դաւաճան:

ԶԱՐԵՀ. Մենք զձեզ կը փնտրէինք, աղէկ ատենին հասանք. սուրը թո՛ղ խօսի ձեզի հետ (Կը հանէ սուրը):

ԴԱՒԱԿԻՑՔ. (Նոյնպէս ամէնքն ալ) Սատկի՛ն պարսիկները:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Սուրէն ու նիզակներէն առաջ թո՛ղ գթութիւնը ու ձեր անձանց օգուտը խօսի ձեզի հետ, ու՞ր կը վազէք գահավէժ կատաղութեամբ, պարսկական յաղթող զինուց դիմացը:

ՎԱՀԱՆ. Պարսկական յաղթող զէնքերը դաւաճանութիւնն է, ու մատնութեան վրայ կռթնիլ, վարձքով բռնել անզգամութիւնը ու զէնք տալ անոր ձեռքը` եղբայրը դաւելու եւ սպաննելու համար, թեւերը բանալ ու գրկել անօրէն որդին, որ երթայ իւր հայրը խղդէ ու անոր ցուրտ դիակը ձեր ոտուըներուն տակը նետէ. նենգ ոճիրք, աւերածք, սպանութիւնք ու ասոնցմէ ամէնէն ատելին ու պիղծը` Գարջոյլ, ահա՛ ձեր յաղթական զէնքե՜րը:

ԳԱՐՋՈՅԼ. Ինչուան ե՞րբ համբերենք, քաջդ մարզպան, ասոնց ժպիրհ գոռոզութեանը:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Մենք գիշերուան խաւարին մէջ չէնք ծածկեր մեր քաջութիւնն ու խորհուրդները. այդ է ձեր զինուորական արիութիւնը` վատ ծառայի մը պէս մթութիւնը իրեն օգնական առնել, քունի մէջ աւազակաբար իւր տէրը սպաննելու ու կողոպտելու համար:

ՎԱՀԱՆ. Դուք Հայաստանին տէրը՞, ո՞վ տուաւ ձեզի այդ իրաւունքը:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Յաղթութիւնը:

ՎԱՀԱՆ. Մատնութիւնը տուաւ ձեզի զայն, ու մեր զէնքերը պիտի յափշտակեն ձեզմէ, վասնզի մերն է Հայաստան. մերն են իւր լեռներն ու դաշտերը, որ իւր բռնամահ որդուոց ոսկորներովը ծածկուած են. մերն են իւր աւերակները, որոնց վրայ կը պտտի սրտմտեալ վրէժխնդրութիւնը. մերն են իւր գերեզմանները, ուր կը ննջեն մեր դիւցազունք, անէ՛ծք մրմռալով ձեզի դէմ. մերն են իւր քաղաքները ու եկեղեցիք, որոնց ամէնէն ամուր ու անուանելի պարիսպները մեր կուրծքերը պիտի ըլլան:

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Պատերա՞զմ կ՚ուզես, ուրեմն. պատերազմը թող ճայթէ ձեր վրայ իւր ամէն աշխարհաւեր կայծակները. արի՞ւն կ՚ուզէք. ձեր գլխուն վրայ ըլլայ, որչափ արիւն որ պիտի թափի, սուրը սուրին դէմը ելլայ.     վրէժխնդրութիւնը` վրէժխնդրութեան. աւերմանց ու կոտորածոց մէջ վազէ ցատկելով մարդախանձ ատելութիւնը. ու Պարսկաստան իւր նիզակը դարձեալ մղէ Հայաստանին սիրտը: Դարձուցէ՛ք աչուընիդ Արտազայ դաշտին վրայ, նայեցէ՛ք. ի՞նչ կը տեսնաք հոն:

ՎԱՀԱՆ. Մեր հայկեան քաջերու ոտից փառաւոր հետքերը կը տեսնանք հոն, ու հազարաւոր պարսից դիակներ. սակայն լսէ՛ դուն հիմա իմ բերնէս Հայաստանին ետքի խօսքը. թէ որ հիմա, մէկէն, շուտով ետ չի քաշուիք ու չելլաք Հայաստանէն` անգութ սատակումն կը սպառնանք ձեզի. մի՛ յուսար երկայն ատեն դիմանալ բոլոր ազգի մը համաշխարհական բորբոքեալ եռանդեանը դէմ։

ԱՏՐՎՇՆԱՍՊ. Քիչ մը ետքը աւելի ընդարձակ դաշտի մէջ պէտք եղած պատասխանը կու տամ ձեզի. բայց թէ որ աւելի կը ստիպէք…

ԳԱՐՋՈՅԼ. Թէ որ աւելի կը ստիպէք, Սուրէնին գլուխը կը ղրկենք ձեզի, որ պատասխանէ (Կ՚երթան պարսիկք):

ՏԵՍԻԼ է
ՎԱՀԱՆ, ԶԱՐԵՀ, ԴԱՒԱԿԻՑՔ

ՎԱՀԱՆ. Ին՞չ էր լսածս… Սուրէնին գլուխը… Սուրէն. Սուրէն յանցաւոր է, բայց իմ որդիս է, ո՜վ անակնկալ հարուած. ո՜վ հայրենիք, հայրագորով զգացմունքներ կը վրդովեն սիրտս, Զարե՛հ, որդեակ ու դուք, ով քաջք, քիչ մը ատեն մինակ թողուցէք զիս:

ՏԵՍԻԼ Ը
ՎԱՀԱՆ

Ամենակալդ տէր, քու իրաւանցդ ու փառացդ համար սպառազինեալ աստուածամարտ բռնութեան դէմ` տե՛ս, ինչպիսի արգելքներու վրայէն պէտք է անցնիմ. որդուոյն արիւնաթաթաւ գլուխը յաղթութեանս ճամփուն վրայ կը նետեն. եթէ աչուըներս դողալով մէկդի դարձնեմ այն աղեկտուր տեսարանէն, հայրենի աւերակներու վրայ պէտք է որ թափառին. բնութիւն եւ հայրենիք անգութ զէնքերով կը պատերազմին սրտիս հետ. ո՜վ տէր, քու յաւիտենական աթոռէդ ղրկէ՛ ինծի լոյս եւ արիութիւն գերմարդկային:

ՏԵՍԻԼ Թ
ՎԱՀԱՆ, ՍՈՒՐԷՆ

ՍՈՒՐԷՆ. Հա՜յր, մի՛ ուշանար, հոս երկայն ատեն. Ատրվշնասպ ու Գարջոյլ կը ժողվեն բոլոր պարսից զօրքերը. ա՜հ, սիրտս կը դողայ քեզի համար:

ՎԱՀԱՆ. Իմ սիրտս ալ առաջին անգամ կը դողայ. կը դողայ, այո՛, բայց չէ թէ պարսից բանակներէն, ա՜հ, քու վրադ, միայն քեզի համար կը դողամ ես, անարժան, բայց դեռ սիրեցեալ որդի. մեծ յաղթանակ մը յափշտակեցիր ինձմէ այսօր, բնաջինջ կորսուեր էին այսօր պարսիկք, թէ որ քու վտանգդ ձեռուըներս չի կապեր:

ՍՈՒՐԷՆ. Ի՞նչու, հայր, ի՞նչու իմ վտանգս դողացուց զքեզ. գնա՛ զա՛րկ ամբարիշտները, ցրուէ՛ ու հալածէ՛ թշնամիները. բայց մի՛ յուսար որ քո որդիդ նորէն դառնայ քեզի. յաղթութիւնն ու փառք քեզ կը սպասեն, ու ինծի կը սպասէ անյոյս բախտ մը ու վատանուն մահ. անօրէն որդի եմ ես ու անարժան հայկազուն. այսպիսի որդուոյ մը կորստեանը չըլլայ որ ցաւիս, հա՛յր:

ՎԱՀԱՆ. Քեզի հետ կը մեռնէի ես ալ հոս, թէ որ հայրենիք մը չունենայի, որպիսի յուսահատ կիրք մը գերի ըրեր է զքեզ:

ՍՈՒՐԷՆ. Սէ՜ր, սէ՜ր, անհուն ու ամենաթշուառ սէր, չէ թէ այն սէրը, որ երջանկութեան ծաղկեփունջ պսակներով լեցուած է, այլ սէր մը, որ արցունքներով, տրտմութեամբ, սրտի խայթոցներով կը սնանի, սիրելուոյս շրթունքներուն եւ դէմքին վրայ կարօտեալ աչուըներով պարապ տէղ կը փնտրեմ այդ խաղաղութիւնը, որ անդարձ գնաց, հեռացաւ ինձմէ. երկնային պարզութեամբ փայլող աչուըները ահագին փոթորիկներ կը հարուցանեն սրտիս մէջ, ու անոր մէկ ժպիտը յուսահատութեան մէջ կը թաղէ զիս: Հա՜յր, տե՛ս իմ դառնագին վիճակս. տե՛ս, որչա՛փ կերպարանափոխ եղեր է որդիդ… կրից փոթորիկը կը յափշտակէ զիս. քու գիրկդ տու՛ր ինծի ապաւէն մը, հայր:

ՎԱՀԱՆ. Թշուա՜ռ պատանի, խաղաղութիւն կը փնտրես այն սիրտը, ուր որ կնկան մը խափուսիկ սէրը տիրեր է. եկու՛ գիրկս, եկու՛, դարձիր քու հայրենեացդ ու ազգայնոցդ գիրկը. հոն կը գտնաս խաղաղութիւնը, փառքը ու քու պատիւդ: Քեզի կը սպասեն հայկեան քաջազունք, քեզի կը սպասեն պատերազմական համբաւ, արիութիւն եւ ազատութիւնը, ա՜հ, որդեակ, Սուրէն որդեակ իմ, անկատար մ՚ընէր քու հօրդ յաղթութիւնը, մի՛ տար պարսից քու ձեռքովդ Վահանին սիրտը խոցելու պարծանքը. թէ որ կ՚ուզես մեռնիլ, չեմ արգիլեր զքեզ, մեռի՛ր, այո՛, բայց հայ մեռիր, խաբեփայ է սէրը, ու աղէտալի են արդիւնքը. բայց առաքինութիւնը, ո՜րդեակ իմ, առաքինութիւնը ստոյգ եւ անարատ փառք կը պարգեւէ մեզի: Դարձի՛ր, ուրեմն, դարձի՛ր մեզի ու թօթափէ անարժան սիրոյ մը վտանգաւոր հրապոյրը:

ՍՈՒՐԷՆ. Դուն անիծեցիր զինքը, հայր, ատ անէծքը իմ գլխուս վրայ ժողվեցի ես. ինքը անմեղ է, հայր, ու սիրոյ եւ գթութեան արժանի: Այդ անէծքը անդառնալի կերպով յափշտակեց զիս ձեր գրկէն. ու մահը, մահը գուցէ ջնջէ զայն իմ ճակտիս վրայէն` անոր տեղը հայրական օրհնութիւնն ու արցունքը թափել տալով. ուրիշ բաղձանք չունիմ հայր, մեռնիլ միայն ու հայրենի հողոյն տակը թաղուիլ, անոր ծաղիկները միայն կարեկից ձեռքեր սփռեն գերեզմանիս վրայ:

ՎԱՀԱՆ. Ո՛չ, թող չեմ տար, որ կորստեանդ վազես դուն. տե՛ս, քու հայրդ է, որ քեզի կ՚աղաչէ. կրնա՞ս ինչուան վերջը անգթութեամբ չի լսել իւր ձայնը:

ՍՈՒՐԷՆ. Իւր անողորմ բախտին յանձնէ քու ապերախտ որդիդ… զէնքերու ձայներ կու գան. հեռացի՛ր, հայր. գուցէ պարսից բանակն է, որ կը մօտենայ. սոսկալի վտանգի մէջ ես. թէ որ դուն կորսուիս, կորսուած է Հայաստան, գնա՛, հեռացի՛ր, մնաս բարով, հայր: (Կ՚երթայ):

ՎԱՀԱՆ, Ո՜հ, շատ թշուառ հայր եմ ես, բայց թո՛ղ բարեբախտ ըլլայ հայրենիք:

Ձգի վարագոյրն