Թատրերգութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԵՍԻԼ Ա

Անտառ
բոլոր աւազակները յետագայ երգը երգելով կու գան ու տեսարանին վրան սեղանի մը քով բոլորած կ'ուտեն կը խմեն:

Երգ

Վառեց երկինք իւր մոմերն,
Աւազակաց համար:
Տրալլալլա՜յ . (չորիցս).
Սահի զուարթ թո՛ղ գիշերն,
Մեր պալատն է անտառ:
Տրալլալլա՜յ. (չորիցս).
Երգեն հողմունք փոթորիկ,
Աւազակաց համար:
Տրալլալլա՜յ (չորիցս).
Գինուով լեցուին մեր փորիկ,
Եկէ՛ք, օն դուք, ի պար:
Տրալլալլա՜յ. (չորիցս).

ԹԱԹՈՒԼ. Բարեկամք, մէջերնէս ամէնէն բարձր պոռացողը, սարսափելի, կոկորդէն որոտնդոստ կեցցէ մը հնչեցնէ սա անտառիս մէջ, ի փառս եւ յաւերժ կենդանութիւն մեր փառաւորեալ խմբին:

ՄԱՐԿՈՍ. (Զարեհը ցուցնելով) Քեզի կ՚իյնայ այդ պաշտօնը:

ԶԱՐԵՀ. (Ահագին ձայնով մը) Կեցցէ՛ աւազակութիւն, կեցցէ՛ գինի, կեցցե՛ն աւարն ու կողոպուտ:

ԹՈՐՈՍ. Այդ կեցցէները պիտի սատկեցնեն զմեզ, եթէ քիչ մըն ալ տեւելու ըլլան. հաւատացէ՛ք ինծի, բարեկամք, որոտմունքին եղբայրն է այդ ձայնը:

ԶԱՐԵՀ. Գինիի մէջ կը խեղդեմ ես զայն (Կը տնկէ գաւաթ մը):

ԿՈՒԻՏՈՆ. Մենք ալ նոյնպէս (Անոնք ալ կը տնկեն):

ԹԱԹՈՒԼ. Իրաւունք ունինք կեցցէներով զարդարելու մեր նախանձելի արուեստը: Միշտ ուրախ, միշտ զուարթ, միշտ հարուստ, առատութիւն, ազատութիւն, եւ ուրիշներուն քսակը կը վայելենք մենք:

ԶԱՐԵՀ. Իրաւցնէ, չէ թէ միայն հարուստ, զուարթ եւ ազատ, այլեւ բարեգործ մարդիկ ալ ենք մենք. մենք չե՞նք մի ագահը, ամէն հոգերէ ու կասկածներէ ու գանձերու բեռանց ծանրութենէ ազատողը: Միթէ բարեգործութիւն չէ՞ ազատ օդ մը շնչել տալ բորբոսած ու ժանգոտած ոսկիին, որ սնտուկներու մէջ փակուած է գերութեամբ ու խիստ շատ անգամ մեզմէ աւելի համեստ ձեռքերու մէջ չէ ըրած իւր շրջանը: Մենք ենք, որ մէկ հարուածով մը, առանց ժանտամահի, սովի, քաղցի, բժըշկաց ու դեղերու օգնութեան` երագաթեւ կը թռցնենք մարդս անդիի աշխարհքը: Մեզմով կը նորոգի ոսկիէ դարը երկրիս վրայ, մենք չէ թէ ուրիշներուն պէս գաղտուկ, այլ յայտնի գողութեամբ եւ սպանութեամբ կը դիզենք հարստութիւն հարստութեան վրայ ու մեր դանակներուն եւ ճակտի քրտինքովը կը ճարենք մեր հացը: Վերջապէ՛ս` ի՜նչ փառք, ի՜նչ պարծանք պատկառելի ըլլալ մեծին պզտիկին:

ԿՈՒԻՏՈՆ. Ու ողջ ճամփորդութիւն ընել դէպի երկինք ու մտիկ չընելով` ո՛չ յոգն, ո՛չ փոթորիկը, ծածանել օդոյն մէջ ընդ հովանեաւ աստեղաց, լուսնին եւ արեւուն: Ու երբ իշխանք եւ թագաւորք աշխարհի որդնահար կը փտտին հողոյն տակը, պատիւ ունենալ արքայական արծիւներու այցելութիւնը ընդունիլ մթնոլորտին մէջ:

ՄԱՐԿՈՍ. Ու երբ ճանապարհորդը ադ վերամբարձ դիրքին մէջ տեսնայ գքեզ, մօրուքը ձեռքը առնելով ըսէ ինքնիրեն. «Ահա՛ մեծ մարդ մը, որ գիտցեր է ուրիշ մարդիկներէ վեր ըլլալ»:

ԲԱԲԻԿ. Կեանքներնիս նախանձելի կեանք մըն է, ո՞վ չի գիտեր, իսկ մեր մահը, ո՜հ, մեր մահն ալ աւելի փառաւոր է, երբ հազարաւոր սուրհանդակներ մեզմէ առաջ ղրկենք երկինք` մեր գալուստը իմացնելու համար: Հինաւուրց Սադայէլը իւր հանդիսի բոցաճաճանչ զգեստները պիտի հագնի, ու միլիոնաւոր եղջիւրաւոր գլուխներ ծծումբահոտ ծակտիկներէ դուրս պիտի ցցուին զմեզ ընդունելու համար:

ԹԱԹՈՒԼ. Ուրեմն` ապրինք փառքով եւ զուարթութեամբ, ինչուան որ սատանան տապկէ մեր հոգիները դժոխքին կասկարային վրայ: Մէյ մըն ալ տնկենք սա կրակոտ գինին (Կը խմեն երգելով):

Ե ր գ

Երբ որ մեռնիմ ես, ո՜վ ընկերք,
Հարիւր գինով խօսք տուին, որ
Լի բաժակներ ամէնուն ձեռք`
Գան ու պարէն շիրմիս բոլոր.
Եւ առ ի զոհ մեծ քաւութեան,
Ոգւոյս հանգիստ պաղատելով`
Պիտի ցօղեն իմ գերեզմանս
Հարիւր պուգալ[ !] գինիներով:

ԿԻՒՏՕՆ. Մի՛ վախնաք այս առաջին անգամ չէ, որ զուարճութիւն եւ վայելք ուրիշին ծախքովը կ՚ըլլայ:

ԶԱՐԵՀ. Կեցցէ՛ս, փիլիսոփայ աւազակ (Այլք ծիծաղին):

ԲԱԲԻԿ. Ինչուան ո՞ւր մտեր է փիլիսոփայութիւնը:

ԹՈՐՈՍ. Փիլիսոփայութիւնը հիմա անանկ վերարկու մըն է, որ ինչուան անասունք ալ կը հագնին կոր:

ԿՈՒԻՏՈՆ. Վասնզի լուսաւորեալ դարու մէջ ենք:

ԹՈՐՈՍ. Քա՜հ, քա՜հ, քա՜հ, հիմակուան լուսաւորութեան կրակը եւ ո՛չ սիկառ մը վառելու բաւական է:

ԹԱԹՈՒԼ Բարեկա՛մք, փիլիսոփայութեան եւ լուսաւորութեան անօգուտ վէճերը մեր քաղաքացիներուն թող տալով` ուրիշ հարկաւոր նիւթի մը վրայ խօսքերնիս դարձնենք: Քիչ մը առաջ մարդ մը եկաւ ինծի քաղքէն, զիս տեսնելու, եւ իմացուց, որ ինքը մեծատուն ազգական մը ունէր, որուն բոլոր հարստութեանց ժառանգ մի միայն որդի մը մնացեր էր. իւր եղբայրը տասը տարիէ ի վեր պատերազմի գացած ու, անշուշտ, հոն մեռած պիտի ըլլայ: Մեծ դրամոյ գումար մը խոստացաւ մեզի, թէ որ այդ տղան յափշտակենք, որպէսզի մեռած կարծուելով բոլոր ժառանգութիւնը իրեն մնայ: «Տղուն կենացը մի՛ վնասէք, - ըսաւ, - բայց զգուշութայմբ պահեցէ՛ք զինքը»: Յանձն առի ես առաջարկութիւնը ու մեր ընկերներէն մէկը մեր կերակուր եփող պառաւին հետ մէկտեղ ղրկեցի որսին ետեւէն, քիչ մը ետքը կու գան.

ԶԱՐԵՀ. Թող գա՛յ, թող գա՛յ այդ պզտիկ հրեշտակը սատանայից խմբին մէջ:

ՄԱՐԿՈՍ. Ինչուան որ անոնք գան, եթէ կ՚ուզէք, ընկերներ, մեր անցեալ վարքը իրարու պատմելով ժամանակ անցունենք: Ամէն մէկերնիս իմանանք, թէ ինչ ճամփաներէ հարկ եղեր է իւրաքանչիւրին` ինչուան այս դիւցազնական վիճակը հասնելու համար:

ԿՈՒԻՏՈՆ. Շատ աղէկ. ուստի, նախ` ես ինձմէ կ՚սկսիմ: Ես բաւական ունեւոր ծնողաց զաւակ էի, մայրս զիս չափազանց կը սիրէր, անոր համար աւազակ եղայ: Պզտիկուց զիս դպրոց ղրկեցին, ապսպրելով վարպետներրուն, որ եւ ոչ բամպակով դպչին ինծի. «Չըլլայ որ, - ըսին, - ծանր ուսմունքներ սորուեցնէք մեր զաւկին, վասնզի շատ փափուկ, տկար է, ու իր ծնողացը աչքին մէկ հատիկ լոյսն է. անկէ ետքը ի՞նչ պիտի ընէ քերականութիւնը, աշխարհագրութիւնը, պատմութիւնը, փիլիսոփայ զաւակ չենք ուզեր մեր տանը մէջ»: Այս խօսքերը իմ դիմացս եղան, ու մտածեցէք, թէ ի՞նչ աչքով կը նայէի վարպետներուս վրայ. պզտիկ յանդիմանութիւն մը չէին կրնար ընել ինծի, մէկէն կ՚իմացնէի մօրս, ու երկրորդ օրը հայրս դպրոց կու գար ու կայծակներ կը թափէր վարպետներուն վրայ: Կամաց-կամաց անտանելի երեւցաւ ինծի դպրոցական վիճակը. շատ անգամ կը փախչէի` ինծի հասակակից տղոց հետ խաղալու, զուարճանալու համար: Հօրս տուած ստակը բաւական չէր ըլլար, սկսայ գողութիւն ընել տանը մէջ ու դուրսը ուտել: Բարեկամին մէկը օր մը տուն եկաւ, որ համոզէ ծնողքս աչքերնին բանալու իմ վրաս: Խեղճը իւր յանդգնութեանը փոխարէն աղէկ ծեծ մը ուտելով՝ հազիւ թէ լեղապատառ կրցաւ փախչիլ, իսկ ես շատ մը համբոյրներ ու ստակ առնելով մօրմէս՝ շարունակեցի ընթացքս, որ ինչուան հոս բերաւ զիս:

ԶԱՐԵՀ. Ես շատ պզտիկուց որբ մնալով ծնողքես՝ ինքիր գլխուս մեծցայ, ու երբ քիչ մը սկսաւ խելքս հասնիլ, ու սկսայ դիտել մարդիկները, ամենեւին չի հաւնեցայ աշխարհքս: Տեսայ խեղկատակ մը, որ ազնուականութիւն ծախելով` ե՜ս կը պոռար ամէնուն. տեսայ իմաստակ մը, որ գլուխը բօժօժներ կախած՝ ամէնուն կը ցուցնէր: Ցնդած ուղեղներ ու ճաթած խելապատակներու բեկորներով լեցուած էր աշխարհքս. մեծաքիթ հպարտութիւն մը հսկայաճեմ կը քալէր ամէն կողմ, մտքովը փոսերու մէջ` կը կարծէր ինչուան ամպերը թռչիլ. ահագնակերպ լեզուն, որ բերնին մէջ նեղ կու գար վեր ի վայր շարժէլով, պզտիկ կը խորհէր ու մեծ կը խոսէր: Տեսայ պճնասէր կնիկներ, որոնք իրաւցնէ շատ գովելի էին իրենց գոհարներովն ու փալփլուն զարդարանքներովը. խուռն կը դիմէին զբօսանաց տեղերը հրապարակներու, փողոցներու ու ժողովքներու մէջ զիրար տեսնելու ու իրարու չի հաւնելու համար: Վերջապէս` տեսնելով, որ հպարտութիւնն ու անմտութիւնը տարափոխիկ հիւանդութիւն մը եղեր են աշխարհքիս մէջ, մտածեցի այս անտառիս մէջ ապաստան մը գտնել ու ըսի. «Աւելի աղէկ է ըլլալ աւազակ, քան թէ իմաստակ ու խելաթափ»:

ԲԱԲԻԿ. Զքեզ շատ կը սիրեն ու կը համբուրեն եղեր քու ծնողքդ, անոր համար աւազակ եղեր ես. զիս ալ շատ կ՚ատէին ու կը ծեծէին իմ ծնողքս, անոր համար աւազակ եղայ:

ԹԱԹՈՒԼ. Ես պզտիկուց ուսման շատ սէր ունենալով` սորվեցայ տրամաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, ճարտասանութիւն ինչեւիցէ, շատ մը ութիւններ: Այսչափ ութիւններով զարդարուած` կարծեցի, որ յարգութիւն ու հարստութիւն ալ պիտի ունենամ, ուստի սկսայ վիզս տնկած պտտիլ ժամանակիս գիտնականի մը պէս, բայց ամէնքը կը հարցնէին ինծի. «Ստակ ունի՞ս». - Ո՛չ, կ՚ըսէի: - Ուրեմն` գնա՛ բանդ» ըսելով եւ ո՛չ երեսս կը նայէին: Տեսայ, որ ասանկով անօթութենէս պիտի մեռնիմ, աւելի լաւ է, ըսի, երթամ, աւազակ ըլլամ, եւ հիմա ես ալ սորվեցայ անցնողներուն հարցունել` ստակ ունի՞ս. երբոր ո՛չ պատասխանեն, ուրեմն, գնա՛ բանդ ըսելով` բաֆ-բիւֆ, ատրճանակս կը պարպեմ վրանին:

ՄԱՐԿՈՍ. Թէ որ մեր խօսակցութիւնը այսպէս շարունակէ, կարծեմ, իրաւունք պիտի ունենանք քարոզելու ամէնուն, որ ասկէ ետքը թող գնան, աւազակներէն լսելու բարոյականի դասեր: Խե՜ղճ մարդկութիւն, մենք միայն մնացինք իրեն դաստիարակ: Պիտի մեռնի աշխարհք, թէ որ իւր հոգը մեր վրայ չառնենք, ուստի անոր կենդանութեանը կը տընկեմ աս գաւաթն ալ:

ԶԱՐԵՀ. Կեցցէ՜ն աւազակք, կեցցէ՜ աշխարհքն ալ մեր փորը կշտացնելու համար:

ՏԵՍԻԼ Բ

ՀԵՂԻՆԷ, ՀԵԹՈԻՄ, ՄԱՆԻԿ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ

Երգ

Ո՞ւր կը դիմէ զուարթադէմ աւազակ,

Մինչ լուսին շողայ յեթեր կապուտակ.

Մեծ իշխան քարանձաւաց` լեռներու,

Դիմէ ըզհետ նազուհեաց եւ գանձերու:

Ժայռից հատորք են նեցուկ իւր կողին,

Խոտ փափուկ, դալարագեղ` անկողին.

Երգ ի բերան փակին աչք մըթապատ,

Աւազակին կեանքն ու մահն է ազատ (Կրկնեայ):

ՀԵԹՈԻՄ. Ահա՛ բերինք գառնուկը:

ՀԵՂԻՆԷ. Առաջ եկուր, տղաս, մի՛ վախնար, նայէ՛, ի՞նչ աղուոր տեղ բերի քեզ. տեսնաս ի՞նչ աղէկ կերակուրներ պիտի եփեմ քեզի:

ՄԱՆԻԿ. Ինչո՞ւ յափշտակեցիք զիս մօրս գրկէն, ա՜հ, ո՞ւր է մայրս, ո՞ւր է մայրս:

ՀԵՂԻՆԷ. Ես եմ քու մայրդ, տղաս, ես եմ քու մայրդ:

ՄԱՆԻԿ. Կորի՛, մի՛ մօտենար ինծի. շատ գարշելի պառաւ մըն ես դուն:

ԶԱՐԵՀ. Պրաւո՛, շատ խելացի է աս պզտիկը, աղէկ ճանչցաւ զքեզ:

ՀԵՂԻՆԷ. Ես գարշելի եմ, հա՜, որովհետեւ գեղեցկութեանս ծաղիկները քիչ մը թոռմեր են. երիտասարդութեանս ատենը տեսնայիք դուք զիս, բայց դարձեալ ցուցուցէք մէկը, որ ինծի չափ ախորժելի ըլլայ

ԿՈՒԻՏՈՆ. Հա՛, հա՛, այո՛, ախորժելի եփած կերակուրներուդ պէս:

ԹԱԹՈԻԼ. Թո՛ղ տուէք զինքը, կնիկ չէ՞ մի, աւազակներու չորչրուկ աղախինն ալ ըլլայ, դարձեալ ինքզինքը գեղեցկութեան թագուհի մը կարծէ:

ՄԱՆԻԿ. Կ՚աղաչեմ, դարձուցէ՛ք զիս իմ տունս: Ո՜վ աստուած, շատ սոսկալի մարդիկներ էք դուք, կը վախնամ կոր ձեզմէ, գթացէ՜ք վրաս, է ի՞նչ ըրի ես ձեզի: Մայր իմ, մայր իմ, եկու, ազատէ զիս ասոնց ձեռքէն:

ՀԵՂԻՆԷ. Ին՞չ կ՚ուզես, որդեակ, ահա՛ հոս եմ:

ԹԱԹՈԻԼ. (Տղուն) Լո՛ւռ կեցիր: (Զարեհին) Ու դուն պատմէ, ինչպէ՞ս կրցաք յափշտակել զինքը:

ԶԱՐԵՀ. Այս ցնդած պառաւին հետ գացի այն տունը. ըսի իրեն, որ պարտէզին մէջ պահուըտի: Ես վեր ելայ ու թուղթ մը ձեռքս ներկայացայ խաթունին, իբրեւ իւր էրկանը հին պարտատէրներէն մէկը, ու պահանջեցի իրմէ մեծ գումար մը ոսկի հատուցանելու ինծի: «Զքեզ չեմ ճանչնար, պոռաց խաթունը, - չի կրնար ըլլալ, որ էրիկս քեզի պէս մարդէ մը այնչափ ստակ փոխ առած ըլլայ, խաբերայ մըն ես դուն, դուրս ելիր»: Ես կատղեցայ, ոտուըներս գետինը զարնելով` սոսկալի բառեր սկսայ հանել բերնէս: Խաթունը չուզելով, որ այս պզտիկը լսէ իմ խօսքերս, ըսաւ իրեն, որ պարտէզ երթայ: Ես դեռ քիչ մըն ալ ափեղցփեղ դուրս տալէն ետքը վար իջայ բարկութեամբ ու ելայ տնէն, ու պարտէզին դուռը հասայ մեր պառաւին:

ՀԵՂԻՆԷ. Հիմա կարգը ինծի եկաւ պատմելու. ես պարտէզին մէկ անկիւնը կծկտեր, նստեր էի, տեսնելուս պէս տղուկին գալը` ցատկեցի վրան. անիկա ուզեց պոռալ, թաշկինակ մը թխմեցի բերանը, գրկեցի զինքը, ու թռչունի պէս վազելով` բերինք հոս, ճամփան շատ մըն ալ աղուոր պատմութիւններ պատմելով իրեն, զինքը մխիթարելու համար:

ԹԱԹՈՒԼ. Կեցցէ՛ս, պառաւդ քաջազուն, թէպէտ զուրկ մազերէ, բայց ո՛չ քաջութենէ: Ուստի դուն, սիրուն գառնուկ, նայէ՛, որ խելօք կենաս, ասկէ ետքը ասիկա քեզի մայր ճանչցիր. այս անտառը քուկինդ է, ուրախ, զուարթ ցատկէ՛, խաղա՛ մէջը:

ՄԱՆԻԿ. Քեզի ըլլայ այս պառաւն ալ, անտառն ալ. ես մայրս կ՚ուզեմ, տունս, պարտէզս կ՚ուզեմ:

ԹԱԹՈՒԼ Մեզի ինչո՞ւ չես ուզեր:

ՄԱՆԻԿ. դուքշատ գարշելի մարդիկ էք:

ՀԵՂԻՆԷ. Շատ խելացի տղայ է, աղէկ ճանցաւ զձեզ:

ՏԵՍԻԼ Գ

(Մէկ քանի աւազակներ կու գան)

ՀԵԹՈՒՄ. Ուրիշ որս մըն ալ. կառք մը կ՚ացնի կոր անտառէն, վազենք…

ԱՒԱԶԱԿՆԵՐ. Վազե՛նք, յարձկինք կողոպուտին վրայ (Կ՚երթան):

ՏԵՍԻԼ Դ

ՀԵՂԻՆԷ ԵՒ ՄԱՆԻԿ

ՀԵՂԻՆԷ. Մի՛ լար. տղաս, տեսնաս հիմա պիտի գան, նայինք ի՞նչ խաղալիքներ պիտի բերեն քեզի:

ՄԱՆԻԿ. Ո՜վ իմ աստուածս, ազատէ՛ զիս ասոնց ձեռքէն եւ կամ չէ նէ զիս քու քովդ առ. խեղճ մայրս, արդեօք որչա՜փ կու լայ կոր հիմա. ես մեղք չունիմ, ո՜վ աստուած իմ, ազատէ՛ զիս ասոնց ձեռքէն:

ՀԵՂԻՆԷ. Ձայնդ քաշէ՛, չարաճճիկ. ի՞նչ խօսք մտիկ չընող լալկան տղայ ես. ի՞նչ աստուած, ի՞նչ մայր. թէ որ խելօք չի կենաս քու երեսներդ կը ճանկռտեմ:

ՄԱՆԻԿ. Ա՜հ, ո՞ւր փախչիմ. կ՚աղաչեմ, զիս մի՛ մեռցներ, դեռ շատ պզտիկ եմ ես:

ՏԵՍԻԼ Ե

(Ներս կու գան աւազակները սնտուկով մը)

ԹԱԹՈՒԼ. Ին՞չ գեղեցիկ կառք էր, չորս հոգի մէջը, ամէնն ալ կտրիճ մարդիկ, բայց մեր ատրճանակները աւելի կտրիճ փրթան, ու փա՜ֆ, փա՜ֆ ինկան չորսն ալ:

ԶԱՐԵՀ. Բանանք սնտուկը, տեսնանք մէջի կուտերը (Կը բանան):

ԲԱԲԻԿ. Մէջը ինչ ըսես կայ:

ՈՄՆ. Ասիկա ես կ՚առնեմ:

ԱՅԼ ՈՄՆ. Չ՛Է, քեզի չեմ տար (Կռիւ մէջերնին):

ԹԱԹՈՒԼ. Ին՞չ կ՚ընէք, հանդարտեցէ՛ք, կռիւ` տուներու մէջ, կռիւ եղբայր եղբօր, բարեկամ բարեկամի հետ, կռիւ փողոցներու եւ վաճառանոցներու մէջ, եւ ո՜վ նախատինք, կռիւ` նաեւ աւազակներու խմբի՞ն մէջ: Ո՛չ, ընկերք իմ, եթէ ամէն տեղէն հալածուեր է ընկերական միաբանութիւնը, թո՛ղ մեր մէջը երեւայ. տարէ՛ք ատ սնտուկը մեր պանդոկը ու ամէնուն հաւասար կը բաժնեմ ես կողոպուտը:

ԱՄԷՆՔԸ. Քա՛ջ է, աղէկ խօսեցար:

ԹԱԹՈՒԼ. Բարեկամական ձեռք տուէք իրարու, բայց ո՛չ ինչպէս սովորութիւն է, այլ` անկեղծ ու շիտակ սրտով:

ԱՄԷՆՔԸ. Այո՛, կը պագտուինք իրարու հետ (Կը պագտուին):

ԹԱԹՈՒԼ. Ու դուն, նազելի գեղեցկուհիդ, տար այս տղան, քեզի կը յանձնենք զինքը: (Տղուն) եւ որպէսզի մեր ըրածն ու խօսածները ուրիշի չըլլայ որ յայտնես, կը պատուիրեմ քեզի, որ համր ըլլաս ասկէ ետքը. իմացա՞ր, չէ նէ այս դանակովս կտոր-կտոր կ՚ընեմ զքեզ:

ՏԵՍԻԼ Զ

ԲԱԲԻԿ, ՇԱՀԱՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԲԱԲԻԿ. Ահա՛ մէկ ուրիշ մըն ալ, որ գտանք անտառին մէջ. կողոպտելու բան մը չի գտնալով վրան, բացի իւր սրինգէն, հոս բերինք զինքը:

ԹԱԹՈՒԼ Ո՞վ ես դու:

ՇԱՀԱՆ. Թափառական երաժիշտ մը:

ԹԱԹՈԻԼ Ո՞ւր կ՚երթայիր:

ՇԱՀԱՆ. Քաղքէ-քաղաք կը պտտիմ ու սրինգ փչելով ապրուստ կը ճարեմ:

ԹԱԹՈՒԼ. Մեզի համար ալ փչէ՛ սա սրինգդ, ես ալ կ՚երգեմ:

ՇԱՀԱՆ. Բայց գիտցէք, որ դիւթական գործիք մըն է իմ սրինգս. ով որ անոր ձայնը լսէ, պետք է ցատկէ, ուզէ չուզէ:

ԶԱՐԵՀ. Փչէ՛, փչէ՛, շուտ ըրէ՛, ցատկելու մե՛ծ փափագ մը եկաւ վրաս:

ՇԱՀԱՆ. (Կը փչէ սրինգը, ամէնքը շնչասպառ կը ցատկեն):

ԱՄԷՆՔԸ. Բաւական է, բաւական, ալ ճաթեցանք:

ՀԵՂԻՆԷ. Քիչ մը շունչս էր մնացեր, ան ալ հատաւ:

ՇԱՀԱՆ. Ո՛չ, ո՛չ, բռնեցի աւազակները (Դարձեալ կը փչէ, աւազակները չի կրնալով իմանալ կը փախչին): Կորսուեցան անզգամները. աստուած տայ, մէկ օր մը անանկ ցատկել մը ցատկեն, որ ոտուընին ա՛լ գետին չի հասնին: Ես շարունակեմ ճամփաս:

ՏԵՍԻԼ է

ՄԵԼԳՈՆ ԵՒ ՍԵՊՈԻՀ

ՄԵԼԳՈՆ. Քանի որ կը քալենք, այնչափ կը հեռանանք մեր ճամփէն, ահա՛ չորս կողմէն պաշարուած ենք այս անտառին ծառերէն: Ին՜չ դըժբախտութիւն, ես, որ տասը տարուան հեռաւորութենէ ետքը անհամբեր կը փութամ հայրենի տունս հասնելու, հա՜րկ է, ուրեմն, այս գիշեր անտառին մէջ անցնել, ու գիշերն ալ ցուրտ է:

ՍԵՊՈՒՀ. Այս աոաջին անգամ չէ, որ աստեղաց տակը պիտի պառկինք, հոգ մ՚ընէր, չորցած խռիւներ կը ժողվեմ, ու զինուորական կրակ մը կը վառենք, մենք ալ քովը, ուզենք, տաքուկ մը քովը կը նստինք, ուզենք, կը քնանանք:

ՄԵԼԳՈՆ. Ինչուան որ մեր գունդը կարենանք գտնալ. ո՜վ գիտէ, որչափ հիմա կը փնտրեն զմեզ:

ՍԵՊՈԻՀ. Բայց ես այս կողմէն լոյս մը կը տեսնամ. կ՚երեւայ, թէ պանդոկ մը կայ այս անտառիս մէջ. կեցցէ՛ մեր բախտը:

ՄԵԼԳՈՆ. Կեցի՛ր, կրնայ ըլլալ որ վտանգաւոր տուն մը ըլլայ:

ՍԵՊՈԻՀ. Ին՞չ, կենա՞մ, ես բանէ մը չեմ վախնար:

ՄԵԼԳՈՆ. Կը զարմանամ, որ այնչափ անվախութեամբդ տասնապետ մնացեր ես:

ՍԵՊՈԻՀ. Կեցի՛ր, ատոր պատճառը ըսեմ, քեզի: Ես պզտիկուց դպրոց գնացի. վեց տարի միակերպ ուսմունք շարունակելով` հազիւ թէ ինչուան Հ, Ձ, Ղ գիրերուն հասայ: Նայեցայ, որ իմ հանճարս գիտութեանց յարմարութիւն չունի, պատերազմական եռանդ մը ներսիդիս կը բորբոքի, եւ կրակ, բոց ու մուխ կը շնչեմ, գացի, զինուոր գրուեցայ, ու մէկէն տասնապետ ըրին զիս: Առաջին պատերազմի մէջ թշնամւոյն ձեռքէն դրօշակ մը յափշտակեցի:

ՄԵԼԳՈՆ. Այդ քաջութիւնդ ինչպէ՞ս վարձատրեցին:

ՍԵՊՈՒՀ. Կեցէ՛ք ըսի, ես վարձք չեմ ուզեր. դեռ ուրիշ շատ մը աւելի մեծ քաջութիւններ կատարեմ, ու անկէ ետքը վարձքերու ատենը կու գայ: Ուստի դարձեալ ես իմ տասնապետութեամբս միայն պատերազմին մէջ թշնամւոյն սպարապետը գերի բռնեցի:

ՄԵԼԳՈՆ. Կը զարմանամ, որ ադ քաջութիւնդ ալ անվարձ մնացեր է:

ՍԵՊՈՒՀ. Կեցէ՛ք, ըսի, դեռ ատենը չէ: Ուստի ուրիշ անգամ մըն ալ թշնամւոյն թագաւորը սպանեցի:

ՄԵԼԳՈՆ. Ո՜հ, ի՞նչ զարհուրելի մարդ ես. ատոր վրայ զքեզ պէտք էին գոնէ հազարապետ ընել:

ՍԵՊՈՒՀ. Կեցէ՛ք, ըսի, դեռ ատենը չեկաւ: Ուստի ուրիշ անգամ մըն ալ ռումբ մը ինկաւ մեր գնդին մէջ ու սկսաւ կրակ ցատկեցնել ամէն կողմ, ամէնքը սարսափած` փախչող-փախչողի եղան. ես միայն անվախ մօտեցայ, ոտքս վրան դրի, փիւ՛ֆ մը ըրի ու մարեցաւ:

ՄԵԼԳՈՆ. Ինչպէ՞ս զքեզ գոնէ գնդապետ մը չըրին անկէ ետքը:

ՍԵՊՈՒՀ, Կեցէ՛ք, ըսի, քիչ մը ետքը ատենը կու գայ: Ուստի ուրիշ անգամ մըն ալ գիշերային յարձակում ընել որոշուելով` գործը դիւրաւ յաջողցնելու համար գացի, թշնամեաց բանակին պահանորդին ձեռքերը ու ոտքերը կտրեցի:

ՄԵԼԳՈՆ. Գլուխը ինչո՞ւ չի կտրեցի՛ր:

ՍԵՊՈՒՀ. Վասնզի արդէն կտրած էր:

ՄԵԼԳՈՆ. Ո՛վ հրաշալի քաջութիւն, ուրեմն` վստահ եմ վրադ, կրնաս հիմա աներկիւղ ադ դուռը զարնել:

ՍԵՊՈՒՀ. Համով կերակուր մը ու հանգիստ անկողին պիտի հանգչեցնեն զմեզ: (Կ՚երթայ, կը զարնէ դուռը):

(Ներսէն) Ո՞վ է այն:

ՍԵՊՈՒՀ. Մենք ենք, մենք:

ՀԵՂԻՆԷ. Դուք ո՞վ էք:

ՍԵՊՈՒՀ. Մոլորեալ ճամփորդներ:

ՀԵՂԻՆԷ. Քանի՞ հոգի էք:

ՍԵՊՈՒՀ. Երկու, ու երկուք ալ մեր ձիերը:

ՀԵՂԻՆԷ. Ուրեմն` ամէնքնիդ չորս գլուխ, կայնեցէ՛ք, կու գամ(Դուրս կ՚ելլայ). բարով հրամմեր էք, ազնիւ զինուորականք. ուսկի՞ց կու գաք, պատերազմէ՞ն, քաղքէ՞ն, գեղէ՞ն, ի՞նչ կ՚ուզէք, ներս հրամմեցէք:

ՄԵԼԳՈՆ. Ին՜չ շաղակրատ պառաւ է. ուսկից կու գանք հոգ չէ, մեր ուզածը քիչ մը կերակուր է, որ շնորհք ընէիր մեզի հոս բերելու:

ՀԵՂԻՆԷ. Շատ լաւ, ուզածնիդ կը կատարեմ, աղէկ մարդիկ կ՚երեւնաք դուք, ու աղէկ մարդիկներու ձեռք ինկաք, կը ղրկեմ ձեզի կերակուր պզտիկ տղուս հետ, որ շատ սիրուն է, բայց համր է ի ծննդենէ, այսինքն` չի կրնար խօսիլ, լեզուն կապուած է (Կ՚երթայ):

ՄԵԼԳՈՆ. Թէ որ այդ կնկան լաչակը չըլլար, երդում կ՚ընէի, որ այդ շատախօս պառաւը խազախի զինուոր մըն է: Չուզեցի ներս մտնալ, վասնզի անտառներու մէջ պանդոկ մը չի կրնար ապահով բնակարան մը ըլլալ:

ՍԵՊՈՒՀ. Աղէկ մտածեցիր. հիմակու հիմա փորերնիս կշտացնենք, ու թէ որ ուզենք, գետինը մեզի շատ փափուկ անկողին մը կրնայ ըլլալ:

ՄԵԼԳՈՆ. Ու այս անգամ առանց վախնալու թշնամւոյն թնդանօթներուն որոտման ձայնէն արթննալու:

ՏԵՍԻԼ Ը

       Հեղինէն կու գայ, պզտիկ սեղան մը կը դնէ, կ՚երթայ. ետքը Մանիկ կու գայ, կերակուրի պնակ մը սեղանին վրան կը դնէ:

ՄԵԼԳՈՆ. Ին՞չ սիրուն տղայ է. այդ ազնիւ կերպարանքը տեսնելով մարդ չի կրնար կարծել, որ այլանդակ պառաւի մը որդի ըլլայ:

ՍԵՊՈՒՀ. Փորս այնչափ անօթի է, որ շիտակը զինքը դիտելու ատեն չունեցայ. դուն ալ ինծի պէս ըրէ. քանի որ ասանկ կերակուրներ ունինք դիմացնիս` աչուընիս ուրիշ կողմ չի դարձնենք:

ՄԵԼԳՈՆ. Կը տեսնամ քաջդ. որ դուն ալ անոնցմէ ես, որոնց կոկորդը աւելի զգայուն է, քան թէ սիրտը:

ՍԵՊՈՒՀ. Սրտի հետ բան չունիմ ես, քանի որ ստամոքսս ժանիքները բացած` հոն կը սպասէ (Տղան ուրիշ պնակ մըն ալ կը բերէ):

ՄԵԼԳՈՆ. Քանի որ այս պզտիկ տղուն վրան կը նայիմ, գութս կ՚աւելնայ. ի՞նչ դժբախտութիւն, որ համր է, բայց գիտցիր, որ տխրութիւն մը կար դէմքին վրայ, զարմանալի բան, չեմ գիտեր, ինչո՞ւ սիրտս այսչափ կը շարժի, ի՞նչ ընենք զինքը մխիթարելու համար:

ՍԵՊՈՒՀ. (Բոլոր պատառները կըլլելով) Կերակուր տանք, որ ուտէ այսպէս;

ՄԵԼԳՈՆ. Ո՜վ քարասիրտ որկրամոլ, (Տղան դարձեալ կու գայ, ծածուկ թուղթ մը կը դնէ սեղանին վրայ ձեռքի պնակին տակ ու կ՚երթայ): Այս անգամ աչուըները արցունքով լեցուեր էին (Կը տեսնայ թուղթը), ի՞նչ է աս. թուղթ մը գրուած (Կը բանայ կը կարդայ). «Գիտցած ըլլաք, որ աւազակներու ձեռք ընկեր էք դուք, այս գիշեր պիտի սպանեն ձեզ, աստուած ազատէ ձեր կեանքը, ու զիս ալ ձեզի հետ»: Ո՛վ անակնկալ լուր. աւազակներու բնակարան է ուրեմն այս անտառը. մեծ վտանգի մէջ ենք բարեկամ:

ՍԵՊՈՒՀ. Զինուորի մը համար ամէնէն մեծ վտանգը անօթութիւնն է:

ՄԵԼԳՈՆ. Մէկդի թող ծաղրածութիւնը, ու ընելիքնիս խորհինք մէջերնիս:

ՍԵՊՈԻՀ. Ահա՛ լմնցուցի, ի՞նչ ընելու է. ահա՛ իմ քաջութիւնս, ահա՛ իմ սուրս, ահա՛ ես. թող գան, քանի հոգի ուզեն նէ ըլլան:

ՄԵԼԳՈՆ. Կերակուր չէ, որ ուտես զանոնք ալ. քաջութեան հետ մէկտեղ խելք ալ պէտք է աս փորձանքին մէջէն դուրս ելլալու համար:

ՏԵՍԻԼ Թ

ՀԵՂԻՆԷ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ՀԵՂԻՆԷ. Պանդոկապետը եկաւ:

ՍԵՊՈԻՀ. Բարով եկաւ:

ՄԵԼԳՈՆ. Թո՛ղ հրամմէ (Հեղինէ կ՚երթայ). հիմա աս չարագործը ինչպէս ընդունելու է:

ՍԵՊՈԻՀ. Նայինք անիկա ի՞նչպէս պիտի ընդունի զմեզ. թէ         որ ինծի հարցնես, երբ անիկա լեզուով կը խօսի, մենք մեր սուրերովը խօսինք հետը:

ՄԵԼԳՈՆ. Եթէ ինքը մինակ ըլլար, աղէկ էր ըսածդ:

ՍԵՊՈԻՀ. Անհոգ եղիր, ո՜վ քաջ. բոլոր մեր տասնամեայ պատերազմներուն մէջ այսչափ խելք չի յոգնեցուցինք:

ՄԵԼԳՈՆ. Խելք չունեցողը յոգնութենէ թող բնաւ չի վախնայ:

 

ՏԵՍԻԼ Ժ

ԹԱԹՈԻԼ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

 

ԹԱԹՈԻԼ. Ուրախ եմ զձեզ տեսնելուս հոս, իմ պանդոկիս մէջ:

ՍԵՊՈԻՀ. Մենք ալ շատ տրտմած ենք…

ՄԵԼԳՈՆ, Շատ քաղաքավար ու ազնիւ էք դուք:

ԹԱԹՈԻԼ. Ո՞ւսկից կու գաք:

ՍԵՊՈՒՀ. Հեռու եւ մօտ տեղերէն:

ՄԵԼԳՈՆ. Պատերազմէն կը դառնանք մեր հայրենի երկիրը:

ԹԱԹՈԻԼ. Հիմակուհիմայ դուք աշխարհքիս ամէնէն ապահով եւ հիւրընկալ տեղը կը գտնուիք, կ՚երթամ հարկաւոր եղած պատուերները տալու ձեզի արժանաւոր ընդունելութիւն մը ընելու համար (Կ՚երթայ):

ՍԵՊՈԻՀ. Հիմա ի՞նչ ընելու է:

ՄԵԼԳՈՆ. Մինակ ենք, բայց չեմ յուսահատիր, այնչափ պատերազմի դաշտերէն անվնաս ելանք, յուսամ, որ նոյնպէս ալ այս անտառէն կ՚ելլանք:

ՍԵՊՈԻՀ. Ես չեմ ուզեր մինակ ելլել հոսկից, սա անտառաբնակ արջերն ալ հետերնիս տանինք ինչպէ՞ս կ՚ըլլար:

ՏԵՍԻԼ ԺԱ

ՏԱՍՆԱՊԵՏ ՄԸ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՎ

ՏԱՍՆԱՊԵՏ. Կեցցէ՛ս, գնդապետ մեր, վերջապէս գտանք զձեզ:

ՄԵԼԳՈՆ. Աղէկ ատենն եկաք:

ՍԵՊՈԻՀ. Հիմա աղէկ խնդալու կարգը եկաւ:

ՄԵԼԳՈՆ. Զօրակա՛նք, գիտցած ըլլաք, որ աւազակներով լեցուն է անտառս, մէկ քանի հոգի ձեզմէ թո՛ղ մտնան պանդոկը ու բռնեն, զով որ գտնան հոն, եւ դուք դարանի կեցէք անտառին մէջ:

ՍԵՊՈԻՀ. Ես ալ կու գամ ձեզի հետ (Կ՚երթան):

ՄԵԼԳՈՆ. Թո՛ղ ընդունին իրենց պատիժը անզգամք, ո՞վ գիտէ, որչա՞փ մարդասպանութեանց տեսարան եղած է այս անտառը: Ո՞րչափ կը փափագիմ գրկել այդ հրեշտակն ալ, որ սոսկալի վտանգէ մը փրկեց զմեզ:

 

ՏԵՍԻԼ ԺԲ

ՄԵԼԳՈՆ, ՍԵՊՈՒՀ, ՄԱՆԻԿ, ԵՏՔԸ ՀԵՂԻՆԷ ԵՒ ԱՒԱԶԱԿՔ ԿԱՊԵԱԼՔ

 

ՍԵՊՈԻՀ. Մեծ հրաշք մը ըրի, համրին լեզուն բացուեցաւ:

ՄԱՆԻԿ. Ո՜վ իմ ազատիչներս, գրկեմ զձեզ:

ՄԵԼԳՈՆ. Ո՜վ զարմանք, ո՞վ ես դուն, ինչ է քու անունդ:

ՄԱՆԻԿ. Իմ անունս Մանիկ է, մօրս անունը` Զապէլ Խաչենց:

ՄԵԼԳՈՆ. Ին՞չ կը լսեմ, ուրեմն դուն իմ քեռորդի՞ս ես (Կը գրկէ զինքը):

ՄԱՆԻԿ. Ո՜վ ուրախութիւն, ուրեմն դուն իմ մօրեղբա՞յրս ես:

ՄԵԼԳՈՆ. Նախախնամութիւնը իրար հանդպցուց հոս զմեզ, որ իրարու կեանքը ազատենք:

ՄԱՆԻԿ. Դառնանք, երթանք շուտով մեր տունը, մայրս երկուքնիս ալ մեռած կը կարծէ: Ո՜հ, որչափ պիտի ուրախանայ, որչա՜փ պիտի ուրախանամ ես ալ(Կու գան մէկալ աւազակները բռնուած):

ՄԵԼԳՈՆ. Երթանք քու մօրդ արցունքները սրբելու: Տարէ՛ք սա չարագործներն ալ ու յանձնեցէ՛ք դատաւորներուն. այսպէս երկինք պաշտպան կը կենան անմեղութեան եւ կը պատժեն վերջապէս անզգամութիւնը:

(Աւազակք տխուր երգելով կ՚երթան).

Երգ

Վառեց երկինք իւր մոմերն,
Աւազակաց համար:
Տրալլալլա՜յ . (չորիցս).
Սահի զուարթ թո՛ղ գիշերն,
Մեր պալատն է անտառ:
Տրալլալլա՜յ. (չորիցս).
Երգեն հողմունք փոթորիկ,
Աւազակաց համար:
Տրալլալլա՜յ (չորիցս).
Գինուով լեցուին մեր փորիկ,
Եկէ՛ք, օն դուք, ի պար:
Տրալլալլա՜յ. (չորիցս).
ՎԵՐՋ