Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱԺԵՇՏ

ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ Ի ԳԱՂՂԻԱԿԱՆԷ

Մեռանի՛մ ես, մտնէ անժամ կենացս արեւ,
Պէտք է երթալ, ե՛կ, ընդունէ՜ զիմ հուսկ բարեւ.
Դու որ լաս զիս, ո՜վ իմ աղւոր, հրեշտակ գըթած,
Մէյ մ՚ալ դարձո՛ւ ինծի այդ անուշ նայեաց,
Այդ աչերոյդ լուսով թըռիմ յերկինս ի վեր
Ու հետ տանիմ հառաչդ որ ինձ գորովի տէր.
Ու երբ տեսնաս՝ իյնան տերեւք չոր, դալկահար,
Թէ սիրեցիր զիս, աղօթէ՛, ո՜հ, ինձ համար։

Նորեկ գարուն ցանէ շիրմիս ծաղիկ ու բոյս,
Վերջին անգամ ծագէ արեւ իմ աչերուս.
Մէն մի ծաղիկ փըրթած տըժգոյն այս ծառերէն
Դժնէ մահուն ցուրտ կերպարանն ինձ ցուցանեն.
Ճըւճըւալով թըռչնոց երամ անցնին, երթան,
Անոնց ձայնին ականջք իմ խուլ պիտի ըլլան.
Ու երբ տեսնաս՝ իյնան տերեւք չոր, դալկահար,
Թէ սիրեցիր զիս, աղօթէ՛, ո՜հ, ինձ համար։

Թէ չըլլայիր դու, այն փափուկ սէրըդ չըլլա՛ր,
Ես անտրտունջ թողուի զկեանս այս վըշտահար.
Առոյգ հասակս զարնըւելով ընդ քար, ընդ փուշ՝
Մահուան մրըրկին մընար երթալ յափունս անյուշ.
Բայց երբ ինձի դէմ սլանային բաղդին նետեր,
Քու թեւերուդ մէջ կենայի ես անվեհեր.
Ու երբ տեսնաս՝ իյնան տերեւք չոր, դալկահար,
[1] Թէ սիրեցիր զիս, աղօթէ՛, ո՜հ ինձ համար։



[1] Ա(1870) Թէ սիրեցիր զիս, ո՜հ աղոթէ ինձ համար: