Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

ՏԵՍԻԼ Ա

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. ԲՐՈՒՏՈՍ

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Այդ քու խրոխտ արհամարհութիւնդ, այդ քու յանդուգն ժպրհութիւնդ չէ թէ առաքինութենէն, այլ վայրենի գազանութենէն առաջ կու գայ. պէտք չէ՞ր մի քեզի խոնարհիլ, իյնալ Կեսարու գթութեան ու զօրութեանը դիմացը եւ կամ, գոնէ, չէ՞ր մի մտիկ ընել անոր խօսքերը. բայց մե՜ղք, որ չես գիտեր, թէ զո՞վ կը մերժես դուն, որո՞ւն դէմ գլուխ կը վերցնես, թէ որ գիտնայիր, շատ պիտի ցաւէիր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բաւական է ինծի այդ ցաւը, որ կը պատճառեն ինծի հիմա քու խօսքերդ, ա՛յ վատասիրտ, անշնորհք քաղաքացի, թշնամի Հռովմայ, զոր կը մատնես դուն. ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ, ըսէ՛ նայիմ, թերեւս խաբել, կամ որսա՞լ Բրուտոսը. գնա՛, կորի՛ր ինձմէն, գնա՛, բազմէ՛ դողալով այդ բռնաւորին ձեռքին տակը, որ կը ճզմէ զքեզ. ասկէ ետքը խայտառակեցան քու մեքենաներդ, ծառայութեան փափագով կը հալիս ու կը մաշիս, ողորմելի թշուառական. ու դուն հռովմայեցի՞ ես, դուն հիւպատո՞ս, ա՛յ անարժան.

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Մարդ եմ ես, Բրուտոս, ու մտերիմ բարեկամ, ասոնցմէ մեծ առաքինութիւն չեմ ուզեր. իսկ դուն, որ իբր դիւցազն կը պարծիս, տմարդի բարբարոս մըն ես. ու չեմ գիտեր ի՞նչ անուն տալ այդ լիրբ գոռոզութեանդ, որ դուն առաքինութիւն կը կոչես (Կ'երթայ):

ՏԵՍԻԼ Բ

ԲՐՈՒՏՈՍ, ՄԻԱՅՆ

       Ա՜յ անզգամ, թունալից բերան, ահա՛ իմ տառապեալ հայրենեացս կարծեցեալ հիմունքները, ահա՛ ձեր յաջորդները, ո՜վ դիւցազնացեալ Դեկոսք եւ Ովրատիոսք. եւ դուն, իմ անուանակիցս` մեծդ Բրուտոս, անաչառ վրէժխնդիր օրինաց Հռովմայ. ի՞նչ մնաց մեզի հռովմէական փառքէն. ամէնքն ալ ահիւ ու դողութեամբ կը համբուրեն բռնաւորին անօրէն ձեռքը, որ զմեզ ամէնքնիս ալ Հռովմայ որդիքները երկաթի շղթաներով գերի կ՚ուզէ ընել. Կեսար վերցուց մեզմէ առաքինութեան անուն ալ, ես հիմա Հռովմը կը փնտրեմ ու Հռովմը չեմ գտնար: Ո՜վ դուք հայրենեացս վեհազուն ծնունդները, որոնց մահը տեսան իմ աչուըներս եւ որոնց յիշատակը արցունքներով կը թրջեմ. դուն, արիդ Պոմպէոս, դուն, աստուածացեալ հոգի Կատովնի եւ դուն, Սկիպիոն` դիւցազանց տոհմին վերջին շառաւիղը, վառեցէ՛ք սրտիս մէջ ձեր արիութեան անշէջ բոցը, ձեր անձինքը կրկին կենդանանան Բրուտոսին վրան. տուէք ինծի սիրտ մը արժանի պատւոյն Հռովմայ, որ այս բռնաւորը ոտքի տակ առնէ. դուն չէի՞ր մի այս գիշեր քունիս մէջ ինծի երեւցողը ո՜վ մեծդ Կատովն, ու ականջէս վար պոռացիր. «Կը քնանա՞ս դուն, Բրուտոս, ու Հռովմ գերի է, չէ՛, դուն Բրուտոս չես». ո՜վ դառն կշտամբանք. Հռովմ, իմ աչքերս ո՛չ երբեք պիտի գոցուին քու վրադ. իմ երեսս մի՛ զարնէք այդ գերութիւնը, որ գարշելի է ինծի, ու դուն սոսկացի՛ր, անօրէն բռնաւոր, սոսկացի՛ր, Կեսար. ահա կ'երկնցնեմ ձեռքերս քու վրադ, դուն Բրուտոս չե՞ս. Բրուտոսը չե՞մ. այո՛, Բրուտոսն եմ ու պիտի ըլլամ միշտ. պիտի մեռնիմ, Հռովմ, կամ չէ նէ դուն պիտի փրկուիս, առաքինութիւնը սիրող կայ դեռ` մէկը քու ծոցիդ մէջ. Հռովմ վրէժխնդիր մը կ՚ուզէ. Հռովմ աչուըները ինծի դարձուցեր է, անիկա իմ սրտիս ու ձեռքիս զէնք կու տայ. Հռովմ արիւն կ՚ուզէ, այսօր իւր վրէժը պիտի կատարեմ ես:

ՏԵՍԻԼ Գ

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿԱՍԻՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ

ԿԱՍԻՈՍ. (Կը գրկէ Բրուտոսը) Վերջին անգամ գրկեմ զքեզ, քաջդ Բրուտոս. մեր հայրենի օրէնքները կործանեցան, պէտք է որ այսօր մենք ալ մեռնինք. ես չեմ յուսար ամենեւին թողութեան հանդիպիլ Կեսարէն. գիտէ անիկա մեր միտքը ու քաջութիւնը, իմացաւ, որ իւր մեքենաները յայտնուեցան ու խաղք եղան, ո՞ւր էր, թէ բոլորովին ջնջէր զմեզ՝ Հռովմայ նշխարեալ մնացորդները. հասաւ մեր մահագուշակ ժամը. ամէն բան կորսուեցաւ, ալ յոյս չկայ, ալ չկայ մեզի համար ո՛չ հայրենիք, ո՛չ պատիւ, ո՛չ օրէնք. մէկ օրուան մէջ Կեսար յաղթանակեց Հռովմայ ու աշխարհի. իրեն համար էին մեր նախնեաց այնչափ արիւնով վաստկած պատերազմները. մէկ օրուան մէջ յափշտակեց, կլլեց Կեսար վեց փառաւոր դարերու արդիւնքը, ո՜հ, իմ Բրուտոս, դուն ա՛լ բռնաւորին գերի ըլլալու համար ծներ ես եղեր, վասնզի ազատութիւնը գնաց, հեռացաւ մեզմէ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Պիտի դառնայ նորէն, պիտի գայ, չուշանայ պիտի:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ո՞ւր էր… բայց ին՞չ աղաղակ է աս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Թո՛ղ տուր այդ անհաստատ, թեթեւամիտ ժողովուրդը… գերիներու բազմութեան ձայնը կը լսեմ ես:

ԿԱՍԻՈՍ. Այսպէս, ուրեմն, ազատութիւնը… բայց երթալով` աղաղակը կը շատնայ…

ՏԵՍԻԼ Դ

ԿԻՄԲՐՈՍ (ՏԱԳՆԱՊԱՒ) ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԿԱՍԻՈՍ. Դո՞ւն ես, Կիմբրոս, ինչո՞ւ խռովեր ես. խոսէ՛:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Արդեօք մատնուեցա՞նք մենք. ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ տեսար, շուտ ըրէ, պատմէ մեզի:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Հռովմայ նախատինքն ու կործանումը տեսայ ես. Կեսար ոտքի վրայ կայնած` տաճարին մէջ որոտնդոստ ձայնիւ, իբրեւ շանթընկէց Արամազդը, իւր ծանծաղամիտ խորհուրդները կը քարոզէր ամէնուն, իբրեւ թէ քիչ ատենէն զօրաւոր բանակով Պարսից դէմ պիտի երթայ յաղթէ, նուաճէ զանոնք. մէյ մ՚ալ ամէն կողմէն ձայն մը ելաւ, ամէնքը կը կոչէին զինքը պատերազմի կայծակ, յաղթող աշխարհի, Հռովմայ փառաց վրէժխնդիրը. բայց անոր գոռոզութիւնը ասոնցմով գոհ չէր ըլլար, ու աւելի մեծ բան մը կը պահանջէր:

ԱՄԷՆՔԸ. Ա՜յ անամօթ երես:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Այս ուրախական հանդէսին ատենը Անտոնիոս բազմութիւնը ճեղքելով ներս մտաւ, ո՜հ անլուր թշուառութիւն, թագ ու գաւազան ձեռքը բռնած. մէկէն լռեց բազմութիւնը, իսկ անիկա համարձակ առաջ գալով, սոսկացէք որդիք Հռովմայ, իր ձեռքովը դրաւ թագը Կեսարու գլխուն վրայ ու անոր ոտքը իյնալով, բարձր ձայնով կ՚աղաղակէր. «Կեցցէ՜ Կեսար, թագաւոր Հռովմայ եւ աշխարհի»:

ԱՄԷՆՔԸ. Ա՜յ անօրէն, անարժան. ո՜վ անգութ բռնաւոր:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Այս լսելով Հռովմին երեսին գոյնը նետեց, ու անոր չարագուշակ ողբոց ձայնը ինչուան երկինք հասաւ. շատ մարդիկներ վախով ու ամօթով լեցուած, երեսնին կախած, սրտերնին դողի մէջ` ասդիս անդին փախան, ցրուեցան, գետի պէս արցունք վազցնելով: Մէկէն Կեսար գուշակելով ժողովրդեան բարկութիւնը` կեղծաւոր խորամանկութեամբ իւր գլխոյն թագը ու գաւազանը գետինը զարնելով կոխկռտեց: Այն ատենը ամէնքը նորէն ուրախութեան դարձան, իբրեւ թէ ազատութիւննին նորէն ստացան. Ատոնիոս ապշած հեռացաւ անկէց, ու Կեսար իւր կեղծաւորութեան տակը ծածկելով սրտին չարութիւնը` երեսանց հրաժարիլ կը ձեւացնէր թագաւորական փառքէն, բայց սիրտը սաստիկ վիրաւորուած, կատաղութեամբ կը մռնչէր ան պատւոյն համար, որուն արժանի չէր. ու ալ չի կրնալով զսպել իր բարկութիւնը` դուրս ելաւ տաճարէն, հրաման տուաւ ծերակուտին, որ գան իրեն, ժողովուին մէկ ժամէ մը: Մէկ ժամէն ետքը պիտի փոխէ Կեսար իշխանութիւնը. մեծերէն արդէն շատերը իր կողմը վաստկած է. Հռովմ ծախու հանուեցաւ, ու բռնաւորը անոր գին կը կտրէ. ծերակոյտը ռամկէն աւելի վատ եղաւ, Կեսար, բարձր ի գլուխ, տիրաբար կ՚իշխէ. ասիկա բաւական չէ, կ՚ուզէ թագաւորական պատիւն ալ. ռամիկը կը մերժէ իրեն զայն, ու ծերակոյտը կը պարգեւէ. ուրեմն` ի՞նչ ընելու է, բարկամք քաջք, ընտրեցէ՛ք:

ԿԱՍԻՈՍ. Ին՞չ ընելու է, մեռնիլ ու ջնջել մեր նախատինքը. քանի որ սնոտի յոյս մը կը ծիծաղէր հայրենեաց վրայ, համբերեցի իւր կապանքներուն, հիմա, որ ամէն յոյս պարապ ելաւ, ալ ինչո՞ւ կը դանդաղիմ. Հռովմայ վերջին օրը Կասիոսին ալ վերջին օրը ըլլայ. ուր որ հայրենիքս գերի է, հոն արժանի չեմ այս օդը շնչել, թէ որ չի կրնամ ես այսօր անոր վրէժը առնել, թող մեռնիմ անոր հետ. ալ ինչո՞ւ կ՚ուշանամ, Պոմպէոս, Մետելլոս, Կատովն, ձեր նախանձաւորն եմ ես. ժամանակն է ձեր ետեւէն գալու:

ԲՐՈԻՏՈՍ. Չէ՛, այդպէս չէ՛, մէկու մը նախանձաւոր չըլլանք, այլ մենք մեզմէ նոր ասպարէզի մը մէջ քաջ անուն ընենք` ուրիշներուն օրինակ ըլլալու համար, բոլոր աշխարհք աչքը մեր վրայ տնկած է, չի խաբենք աշխարհքիս ու մեր հայրենեաց յոյսը:

ԿԱՍԻՈՍ. Ին՞չ է քուկին խնդիրքդ այս յուսահատ ժամուս մէջ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Աղէտալի ժամը կը մօտենայ, մէկ ժամէն ետքը պիտի կործանէ Կեսար Հռովմը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մէկ ժամէ մը ետքը այս սուրը իր սրտէն անցնի ու գլտորի Կեսարի արեան մէջ:

ԿԱՍԻՈՍ. Ո՜վ մեծդ, ո՜վ իմ քաջազունք, ո՜հ, գրկեմ զքեզ, կը ճանչնամ զքեզ, այդ վսեմ քաջութենէդ:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ո՜վ քաջ, բռնաւորաց մահացու թշնամին եւ արժանի ժառանգ արեան մեծին Բրուտոսի, ես ալ նոյն խորհուրդը ունէր սրտիս մէջ:

ԿԱՍԻՈՍ. Արթնցուցիր զիս ալ մահացու թմբրութենէս. քուկինդ է այս գործիքիս փառքն ու պսակը. այս յոյսը ունէի ես քու առաքինութենէդ. Հռովմ մինակ, չէ թէ ուրիշը կրնար քեզի այսպիսի խորհուրդ մը շնչել. քու անունդ միայն մահուան վճիռ թող որոտայ բռնաւորին չար գլուխը, եկու, ուրեմն, Բրուտոս, սրբենք մեր նախատինքը երկրիս վրայէն. Կապիտոլիոնի փառացը վրէժը մենք առնենք, վասնզի Արամազդ կ՚ուշացնէ կայծակները թափելու. հապա՜, դուք ալ` Դեկիմոս, Կիմբրոս. Ին՞չ է դիտաւորութիւննիդ, յայտնեցէք ձեր կարծիքն ալ:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Մեր ամէնուս խորհուրդն ու կամքը միեւնոյն է, ատեցինք մեր կեանքը, գարշեցանք բռնաւորէն, կը սիրենք Հռովմը ու պիտի խնդրենք անոր վրէժը:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Ո՜վ հարք Հռովմայ, որ ամբարիշտները սատկեցնելով` զանիկա գերութենէ պիտի դարձնէք. բաւական եղաւ այսչափ ատեն համբերելնիս բռնաւորին անարժան ձեռքին տակը, որ կը ճզմէ զմեզ, ու քանի որ կ՚ուշացնենք մենք անոր մահը, անոր կեանքին ամէն մէկ վայրկեանը մեզի մեղք պիտի սեպուի:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Հիմա պէտք է մտածենք, թէ արժա՞ն է ուրիշներ ալ մեր փառացը մասնակից ընել:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՛չ, քաւ լիցի բաւական է մեզի մեր եռանդը ու սիրտը հայրենեաց ազատութեան համար. Եպիդոս, Սկիլլոս, Տոլապէլլա, Փաւինիոս ու ծերակուտին մնացորդը վատասիրտ մարդիկներ բռնաւորէն կաշառք կերած են. մէկը բաժանորդ չըլլայ աս մեծ պատւոյս ու վտանգին. Կեսար քիչ մը ատենէն պիտի երթայ ատեանը, հոն, ո՛վ քաջք, զինքը չորս կողմէն պատելով` զարնենք զինքը, հոն աս սուրս իր սիրտը պիտի խոթեմ մէկ հարուածով, ու իր արեանը հետ պիտի հանեմ, թափեմ Պոմպէոսին, Կատովնին ու Հռովմայ վրէժը. վտանգ մեծ, վասնզի նոյն ատենը, անշուշտ, իւր պաշտօնեաները պիտի բռնեն տաճարին դռները. ժողովուրդ անմիտ ու փոփոխական, որ չի գիտեր սիրո՞յ չէ նէ ատելութեան արժանի է այս հայրենեաց մատնիչը. ես մեր մահը աչքիս առջեւը կը տեսնամ. սակայն ո՞վ ասանկ մահը կեանքի հետ կը փոխէ. ես իմ անձս կը նուիրեմ Հռովմայ կենացը, թո՛ղ խառնուի մեր արիւնը բռնաւորին արեան հետ. ա՜հ, ի՞նչ ցանկալի է ինձի այս մահը, մեռնինք, ո՜վ քաջք, մեռնինք, որ Կեսարն ալ մեռնի, որ մեր հայրենիքն ալ ու ազատութիւնը նորէն կենդանանան անմահ կենդանութեամբ:

ԿԱՍԻՈՍ. Ուրեմն` ալ ինչո՞ւ կ՚ուշանանք, եկէք միաբան վազենք Կապիտոլիոն, հոն պատրաստուեր է ինքը նուաճելու զմեզ. հոն իրեն արեան ինչուան վերջին կաթիլը խմէ գետինը, ժողովրդեն բնաւ մի՛ վախնաք. տարակուսանքը պատեր է զինքը. բայց երբ իյնայ, իրեն պաշտելին պիտի ատէ զինքը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Անանկ է նէ, երդում ընենք ամէնքնիս ալ սուրերնուս վրայ (Կը հանէ սուրը, նոյնպէս մէկալնոնք), երդում ընենք Պոմպէոսին անիրաւ մահուան, Կատովնին անմեղ արեանը ու Հռովմայ դիւցազանց հոգուոցը վրայ. երդում ընենք անմահ աստուածներուն վրայ ալ, որ բողոք ընելով մեզի` կը խնդրեն Հռովմայ արեան վրէժը, որ գազանաբար խմեց այդ բռնաւորը, որպէսզի Հռովմայ գունաթափ երեսը վարդերու պէս ծաղկի անոր արիւնէն:

ԿԱՍԻՈՍ. Ո՛չ այսչափ միայն, այլ եւ երդում ընենք, ո՛վ որ աս բռնաւորիս պէս յանդգնի թագաւորական պատւոյն աչք տնկել ու հայրենեաց օրէնքը քակել, սատկեցնենք զինքը, ո՛վ ըլլայ նէ ըլլայ, թէ՛ մեր եղբայրները, թէ՛ որդիք, ու թէեւ ծնողք ալ, վասնզի ամէն բռնաւոր մեր թշնամին է: Քաջդ Բրուտոս, հռովմայեցին չունի ուրիշ որդի, ո՛չ հայր, ո՛չ եղբայր, բայց միայն աստուածք, առաքինութիւն, օրէնք, եւ Հռովմ: Ուրեմն, խօսք տանք` արիւննիս մէկ մէկու խառնելով հայրենեաց համար թափելու. ասկէ ետքը հայրենասիրութեան եղբայր ըլլանք մէկ մէկու, որ արդէն հարազատ որդիք ենք Հռովմայ ու ամէնուն հօրը` վեհ Արամազդայ: Ուրիշ բան մը չի մնաց մեզի, բայց մեր երդումը բռնաւորին արեամբը կնքել: Կ՚երդնունք ձեզի (Ծունկ կը չոքին ամէնն ալ) աստուածք եւ դիւցազունք Հռովմայ, որոնց միայն յիշատակը մեր սիրտը կը բռնկցնէ, ամէն բան, չէ թէ մեր, այլ Հռովմայ փառացը համար կ՚ընենք. ապրինք ու մեռնինք իրեն համար, ու գերեզմանին մէջ մեր ոսկորները ուրախանան, երբ իւր ազատութեան ցնծալից աղաղակը ինչուան երկինք բարձրանայ: Երթա՛նք ուրեմն, երթա՛նք կատարելու մեր գործը, վասնզի ուշացաւ:

ԱՅԼՔ. Փութացէ՛ք, երթա՛նք (Այլքն յառաջէն, Բրուտոս յետոյ մնայ):

ՏԵՍԻԼ Ե

ԿԵՍԱՐ ՊԱՇՏՕՆԵԻՒՔ ՄՏԱՆԷ

ԿԵՍԱՐ. Կեցիր հոն, մ՚երթար. մտիկ ըրէ՛ ինծի, ա՜յ անզգամ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բռնաւորներէն հեռո՜ւ:

ԿԵՍԱՐ. (Իր մարդոց) Բռնեցէք զինքը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Կատարէ՛ մտքիդ դրածը, ա՛ռ ինձմէ այս կեանքը:

ԿԵՍԱՐ. Կեսար թէ որ քու կեանքդ ուզէր, բաւական էր իր մէկ ակնարկութիւնը, վասնզի արժանի ալ ես. հոս Փարսաղիա չենք, կը հասկնա՞ս ըսածս, ու դուն դեռ ապերախտ, մոլի յանդգնութեամք պարծանք կը սեպես ինծի դէմ գլուխ վերցնել. երեսէդ կ՚իմանամ սրտիդ չարութիւնը, որ վերջապէս իմ բարկութիւնս պիտի վառէ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Իմ խորհուրդներս հռովմայեցիի մը արժանի են. մեղք. որ չեն ուզեր երկինք, որ դուն իմանաս զայն:

ԿԵՍԱՐ. Համբերեմ ուրեմն քու լրբութեանդ. մտիկ ընեմ քեզի, թող խոնարհի Կեսար իր բարձրութենէն Բրուտոսին համար (Իրեններուն). հեռացէք դուք ինձմէն քիչ մը ատեն: Ըսէ՛ նայիմ, ի՞նչ բան կրնաս երեսս զարնել ինծի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Դեռ ի՞նչ պիտի ըլլայ, ահա երկիրս օտարներուն եւ հայրենեացդ արեանը մէջ թաթխուած. Հռովմ գերի բռնուած անլոյծ երկաթներու մէջ, ու ինչուան քու քաջութիւնդ ու առաքինութիւնդ սրտիս չարութեանը հետ խառնուած, ու արդարութիւնդ չար քան զանիրաւութիւն, որ շողոքորթ լեզուով կը համոզէ Հռովմը սիրել իրեն տուած շղթայներդ:

ԿԵՍԱՐ. Այդ լեզուդ Պոմպէոսին լեզուն է. անիկա կախարդեց զքեզ. Պոմպէոս` Հռովմայ մահաբեր, գոռոզ թշնամին, անիկա սորուեցուց քեզի այդ խօսքերը, վասնզի ինքը չէր ուզեր Կեսարը իրեն հաւասար իշխանակից. ի՞նչ կը կարծես. թէ որ անիկա ինծի յաղթէր, ազատութիւն պիտի շնորհէ՞ր Հռովմայ. ո՜չ այդպէս, այլ խիստ գերութեան կապանքներով պիտի տանջէր զինքը, ու ան ատենը Բրուտոս, այն վեհ դիւցազնը ի՞նչ պիտի ընէր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այն ատենը Բրուտոս խայտառակ մահուամբը կը ջնջէր զանիկա աշխարհքէս:

ԿԵՍԱՐ. Յայտնուեցան, ուրեմն, քու մեքենաներդ, որ ինծի ալ կը պատրաստես. իմացուեցաւ միտքդ, ու դեռ կը պարծիս ալ դուն. դեռ կենդանի՞ կը մնայ Բրուտոս, իմ թշնամիս, ահա՛ ես քու առջեւդ եմ, մինակ ու անօգնական, չի կան իմ քովս ո՛չ ծառայ, ո՛չ զօրական, ո՛չ թիկնապահ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Քաջերուն պաշտպանը իրենց արիութիւնն է. մանաւանդ, երբ Բրուտոսի պէս մէկուն դիմացն են. ո՞ւր էր, թէ ինչպէս որ զօրականներն ու թիկնապահներն ազատ ես հիմա, անանկ ալ խղճմտանքիդ տագնապէն ու սրտիդ վախէն ազատ ըլլայիր:

ԿԵՍԱՐ. Վա՞խ, այդ ձայնը եւ ոչ ականջս կը ճանչնայ, թո՛ղ թէ սիրտս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այո՛, վախը անծանօթ էր քեզի պատերազմին դաշտին վրայ, բայց ոչ նոյնպէս Հռովմայ քաղաքին մէջ. մէկը ինչուան որ ուրիշները զարհուրեցնէ, պէտք է, որ նախ` ինքը սասանի, քու ձեռքդ չէ՞ մի հիմա սպանել զիս. չե՞ս մի գիտեր, որ կ'ատեմ զքեզ, չե՞ս գիտեր, որ անօրէն խորհրդոցդ կատարմանը արգելք եմ. անանկ է նէ, ինչո՞ւ մէկէն հոս չես կորսնցներ զիս, յայտնի է, ուրեմն, որ զարհուրելով կը դողաս մեզմէ:

ԿԵՍԱՐ. Անմի՛տ. միթէ հոն, Փարսաղիա քու կեանքդ իմ ձեռքս չէ՞ր մի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Հիմա ալ Բրուտոս միթէ զքեզ ծաղր չընէ՞ր, թէ որ հոն վախը ձեռքդ կապեց, հոս քու բարկութիւնդ թող կատարէ զայն, ահա՛ հոս կեցեր եմ, ի՞նչ բան զքեզ կ՚արգիլէ:

ԿԵՍԱՐ. Բնութիւնը, սիրտս, արիւնը, ո՜վ անգութ, ա՛ռ, կարդա՛, ճանչցի՛ր ինքզինքդ, ճանչցի՛ր այդ արիւնը. նայէ՛, զո՞վ կը հալածես, ուսկի՞ց կը գարշիս, որո՞ւն վրայ կը յարձակիս, ու անկէ ետքը ըրէ ուզածդ, թէ որ կրնաս (Կու տայ թուղթը):

ԲՐՈՒՏՈՍ. (Կը կարդայ ինքնիրեն) Ա՛հ, վա՜յ ինձ, եղուկ ինծի. ո՞ւր եմ ես, ի՞նչ էր կարդացածս, ի՞նչ էր, որ տեսայ… աչք իմ… խաբուեցա՞յ արդեօք (Նորէն թուղթին վրայ կը նայի):

ԿԵՍԱՐ. Հիմա ի՞նչ կ՚ըսես, որդեակ իմ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Անիկա իմ հա՞յրս . . ո՜վ ապշութիւն, ո՜վ հիացումն:

ԿԵՍԱՐ. Այո, ես քու հայրդ եմ, քու հայրդ, ո՜վ անարժան ապերախտ. ինչո՞ւ համար է այդ բարկութեամբ լեցուն անտեղի լռութիւնդ. ինչո՞ւ կը հառաչես (Կը գրկէ զինքը) որդեակ իմ Բրուտոս, դուն իմ գիրկս լուռ մունչ կը կենաս, բնութիւնը վրադ սարսափ ձգեց, ու սէր` ամենեւին:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜վ ահաւոր եւ անյոյս բախտս, ո՜վ երդումն, ո՜հ հայրենիք իմ սիրելի, Հռո՜վմ, ո՜վ դիք: Կեսար… աւա՜ղ թշուառիս, աւա՜ղ տառապեալ սրտիս, բաւական եղաւ ինծի այս կեանքս, ո՞ւր է մահ:

ԿԵՍԱՐ. Խոսէ՛, Բրուտոս, խոսէ՛, որդեակ իմ, գուցէ խղճմտանքդ կը խայթէ զքեզ. ըսէ՛ ինծի, բա՛ց քու սիրտդ, հաւատա՛ քու հօրդ. կը լռե՞ս տակաւին, Բրուտոս, բա՜բէ, կը վախնա՛ս ուրեմն իմ որդիս ըլլալու, կը զարհուրի՞ս այդ ցանկալի անունէն, կը խորշի՞ս, կը փախչի՞ս սիրոյս ձեռքէն, կը մերժե՞ս փառքիս մասնակից ըլլալ, իմ արիւնս ըլլալդ քեզի նախատի՞նք կը սեպես. այն թագը, այն գաւազանը, այս թագաւորութիւնն ու Կեսար անունը` ուսկից դուն կը գարշիս, Բրուտոսին համար պատրաստուեցան, թագաւորութեանս ժառանգութիւնը քու եւ Հոկտաւիանոսին մէջ կ'ուզէի բաժնել:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜վ երկինք, աստուած…

ԿԵՍԱՐ. Կ՚ուզես խօսիլ, կը բռնադատես ինքզինքդ ու չես կրնար. սէրէ՞ն արդեօք առաջ կու գան այդ հեծութիւններդ, չէ նէ ոխութենէն. ինչո՞ւ համար այլայլեր, խռովեր ես, խոսէ՛, պատասխան տուր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Կեսար…

ԿԵՍԱՐ. Որդեակ իմ,

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՜հ չեմ կրնար խօսիլ…

ԿԵՍԱՐ. Եւ ինչո՞ւ արդեօք, ինչո՞ւ չես համարձակիր «հայր» քաղցր անունը բերնէդ հանել:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Թէ որ դուն իմ հայրս ես, մէկ բան մը կը խնդրեմ քեզմէ:

ԿԵՍԱՐ. Զրուցէ մէյ մը, ու ամէն բան կը կատարեմ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մեռցուր զիս հոս, կամ չէ նէ մէկդի թո՛ղ թագաւորութեան խորհուրդը:

ԿԵՍԱՐ. Ա՜յ անօրէն զաւակ, ա՜յ ապերախտ, անգութ, անողոքելի կատաղի գազան, ա՜յ ապառաժ սիրտ, աւելի խստացած եմ գթութենէս. գնա՛, ալ ասկէ ետքը իմ որդիս չես դուն. գնա՛, անողորմ քաղաքացի. յուսակտուր սիրտս հոս նոր բան մը սովրեցաւ քեզմէ. աս սիրտը, որ այնչափ ատեցիր, պիտի կտրէ քեզի պէս բնութեան կապը, պիտի մոռնայ հայրական գութը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Իմ անունս Բրուտոս է, ու ինծի հայր ու մայր Հռովմը կը ճանչնամ. մի՛ բռնադատէր զիս, հայր, ընդունիլ ինծի մեր նախնին Բրուտոսը, որ արեամբ որդւոյն Հռովմայ ազատութիւն պարգեւեց. գուցէ ես ալ սովրիմ անկէց հօրս արեամբը, որդւոյս, ու նոյն իսկ իմ արիւնովս հալածել, ջնջել Հռովմէն ինքնակալ, միահեծան տէրութիւնը:

ԿԵՍԱՐ. Ու ի՞նչ. միթէ ծնաւ՞ Կեսար Բրուտոսին աղաչելու համար. սորվի՞մ ես ալ քեզմէ մարդկութեան սահմանէն դուրս ելլալ. գնա՛ աչքիս առջեւէն, զաւակ ապստամբ, ալ հոգ չեմ ըներ, ալ չեմ ճանչնար զքեզ. ազատ եմ իմ իշխանութեանս մէջը, ալ ականջ չեմ կախեր անիրաւ, անարժան գթութեանս. յոգնեցայ ալ ապերախտներու ներելէն. ասկէ ետքը ուրիշ լեզուով խօսիմ անոնց հետ: Ո՜վ Սիղղա, Սիղղա, զքեզ ինծի օրինակ պիտի առնեմ. սարսեցէք այսուհետեւ դուք, երբ բարկութիւնս ու վրէժխնդրութիւնս մռնչեն ձեր գլխուն վրայ: Գնա՛, մի երեւար աչքիս, ա՜յ անգութ. գնա՛ քու ընկերներուդ. ամէնքնիդ մէկտեղ շարժեցիք իմ ցասումս. ամէնքնիդ ալ պիտի կորսուիք: Կեսարին զօրութիւնը գիտէ Հռովմ, հիմա ալ տեսնայ անոր բարկութիւնը, ասկէ ետքը մարդասիրութիւնը անգթութեան փոխեմ, ու աս ամէն բանին պատճառը դուն ես մինակ, դուն պարտական չարեաց, անօրէ՛ն գլուխ (Կ'երթայ):

ԲՐՈՒՏՈՍ. Երթամ ես ալ անոր ետեւէն. չի բորբոքենք բոլորովին անոր բարկութիւնը. ո՜հ, ո՞ւր էր, թէ կարենայի միանգամայն փրկել Հռովմը ու Կեսարը:

Ձգի վարագոյրն