Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ

Հրապարակ

                   ՏԵՍԻԼ Ա

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿԱՍԻՈՍ, ԿԻՄԲՐՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բարեկամք քաջք, Անտոնիոս կը ծանուցանէ ինծի, որ առանձին կ՚ուզէ խօսակցիլ հետս. ի՞նչ կրնան ըլլալ իր խօսքերը. անշուշտ, Անտոնիոսի մը արժանի խօսքեր` շողոքորթել վատ մարդահաճութեամբ եւ կամ դաւաճանել անզուսպ լրբութեամբ. բայց ինչ ըլլան նէ ըլլան, ուզեցի ես, որ դուք ալ ներկայ գտնուիք հոս. ճշմարիտ հռովմայեցուոց այս աննման քաջերու պզտիկ խումբը սարսափ կամ պատկառանք ձգէ անոր սիրտը, եթէ միայն կարենայ պատկառիլ. բայց ահա կու գայ:

ՏԵՍԻԼ Բ

ԱՆՏՈՆԻՈՍ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆՔ

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Քեզի կու գամ, Բրուտոս, ու խօսք մը ունիմ ըսելու:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ահա՛ Բրուտոս հոս կեցեր է, խոսէ՛:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Բայց իշխանապետը ինծի հրաման տուաւ, որ…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Իշխանապետը թող քեզի հրաման տայ, ազատ ենք մենք:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Պէտք է, որ քեզի հետ առանձին խօսիմ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Սեպէ որ մինակ եմ հոս. Կեսար Բրուտոսին ինչ որ կրնայ զրուցել, ասոնցմէ ծածուկ չի կրնար ըլլալ, բարեկամութիւնը ու հայրենեաց սէրը զմեզ ամէնքնիս ալ մէկ սիրտ, մէկ հոգի ըրաւ. վշտացան ինծի հետ իմ որդիութեանս նախատանացը վրայ, բայց դուն ըսէ՛, ինչ պիտի ըսես նէ. ինծի այնպէս կը թուի, որ Կեսար ղրկեց զքեզ սրբելու համար իմ նախատինքս. փութա՛, ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ է Կեսարուն միտքը, արդեօք նորէն վառուեցաւ սրտին մէջ Հռովմայ սէրը, ու կ'ուզէ ճշմարիտ հայրութիւն ցոյց տալ ինծի, որ ես ալ օրհնեմ այն օրը, որուն մէջ ծնայ:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Հրաման էր ինծի իշխանապետէն, որ քեզի հետ ծածուկ խօսիմ… անիկա հայրախնամ գթով կը յուսայ, որ փոխուիս այդպիսի խորհուրդներէն ու քաղցրութեամբ մտիկ ընես բնութեան ազատարար ձայնին:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ին՞չ ընելու է բնութեան ձայնը մտիկ ընող սեպուելու համար:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Ին՞չ ընելու է. մեծարել ու սիրել ծնողքդ. կամ թէ քու երկաթէ սիրտդ սիրել չի գիտեր նէ, գոնէ ապերախտութեամբ ոտքի տակ չառնել բնութեան օրէնքը:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Չնչին խօսքերդ մէկդի թող. համառօտ ըսէ ու ինծի պատասխան տուր: Պատրա՞ստ է Կեսար ծերակուտի ատեանին մէջ թողուլ, մերկանալ իշխանապետութիւնը, պատրա՞ստ է արձակել զօրքը ու անզէն մնալ, պատրա՞ստ է ազատել Հռովմը այդ կասկածէն, որով պաշարուած է. ազատել, կ՚ըսեմ, իւր բարեկամները, թշնամիները ու ինքզինքն ալ, ու վերստին կանգնել խախտած ու փլած հայրենի օրէնքները ու ինքը առաջինը ըլլալ անոնց հնազանդող: Ասոնք են բարեբարութիւնները, որ կրնայ ընծայել Բրուտոսին, թէ որ իմ հարազատ հայրս է:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Շատ աղէկ, ուրիշ բան մը ունի՞ս ըսելու:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ասկէց աւելի արժանի չէ Անտոնիոս լսել Բրուտոսէն. դարձի՛ր քու տիրոջդ ու պատմէ՛ լսածդ:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Իմացայ. պատմեմ պիտի, ինչ որ ինչուան հիմա ալ պարապ տեղը կ՚ըսէի իրեն:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Անիրաւ ու նենգաւոր դեսպան մը կը ճանչնամ ես զքեզ Կեսարու ու Բրուտոսին մէջ. բայց թէ որ անիկա ղրկեց նէ զքեզ. առի՞ր պատասխանդ:

ԱՆՏՈՆԻՈՍ. Թէ որ Կեսար ինծի ու Հռովմայ բարւոյն ականջ կախած ըլլար, ուրիշ դեսպան պէտք չէր ղրկել Բրուտոսին, բայց դահիճներ:

ՏԵՍԻԼ Գ

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿԱՍԻՈՍ, ԿԻՄԲՐՈՍ, ԴԵԿԻՄՈՍ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Լսեցի՞ք:

ԿԱՍԻՈՍ. Ո՜հ, Բրուտոս. դու ես աստուած Հռովմայ:

ԴԵԿԻՄՈՍ. Թէ որ խօսքով մինակ կայծակի պէս կը զարնես, ի՞նչ պիտի ըլլան ձեռքիդ հարուածները:

ԿԻՄԲՐՈՍ. Ու այս ամբարտաւան, անօրէն գերին ալ պէտք է կորնցնել:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այդ մարդը եւ ոչ իսկ մեր բարկութեանը արժանի է. մէկ վերջին փորձ մըն ալ ընեմ, ու անկէ ետքը մէկ նշան մը տալուս պատրաստ եղէք:

ԿԱՍԻՈՍ. Երթանք, ուրեմն, ժողուել մեր բարեկամները:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Գնացէք շուտով:

ՏԵՍԻԼ Դ

ԲՐՈՒՏՈՍ

       Հոս քիչ մը ատենէն պիտի խօսիմ Կեսարին հետ, ու ետքը, խորհրդոց տաճարին մէջ, մահը դարանակալ պիտի ըլլայ իրեն… խնայէ երկինք, խնայէ ինծի քու հրամանովդ օդին մէջ կախուած մեր սուրերը անոր գլխուն վրայ իջնալու ատենը. ըրէ՛ք, որ սիրէ անիկա Հռովմը ու անոր քաղաքացին ըլլայ: Ահա՛ կու գայ ինքը. ապշեր, մնացեր եմ. շփոթութիւնը առեր է զիս. ո՜վ Կատովն, Կատովն, հասի՛ր, փութացի՛ր, օգնէ՛ ինծի:

ՏԵՍԻԼ Ե

ԿԵՍԱՐ, ԲՐՈՒՏՈՍ

ԿԵՍԱՐ. Ինձմէ ի՞նչ կ՚ուզես, ի՞նչ կը խնդրես, մարդկային սիրտ ունի՞ս մի դուն, դուն իմ որդի՞ս ես մի:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այո՛, քու որդիդ եմ, թէ որ դուն ալ Հռովմայ որդին ես:

ԿԵՍԱՐ. Ա՜յ խստասիրտ դաժան, նախատինք նախատինքի վրայ կը դիզես անգթութեամբ ինծի դէմ. թէ որ այնչափ առատապարգեւ բարերարութիւններս ու շնորհքներս, իմ սէրս ու քաղցրութիւնս ու քեզի համար պատրաստած այնչափ փառքն ու պատիւը ու թագաւորութիւնը կարող չեղան խելքդ գլուխդ բերել, ի՞նչ աչքով պիտի նայիս ուրեմն իմ թագիս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ահիւ ու դողութեամբ:

ԿԵՍԱՐ. Կը ցաւիմ քու վրադ, Բրուտոս. կ՚ողորմիմ անմիտ մտահաճութեանդ. նամանաւանդ կը ներեմ ալ քեզի. բայց ինչպէ՞ս կրնաս զիս ատել, որդեակ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՛չ այդպէս. կը խաբուիս դուն, Կեսար. ես կը սիրեմ զքեզ, քու քաջութիւններդ ու առաքինութիւնդ զարմացմամբ լեցուցին զիս միշտ, զքեզ ճանչնալէս ի վեր, ու երբ դեռ չէի գիտեր, որ իմին հայրս ես, ու բողոքելով գանգատ ըրի աստուածներուն, թէ ինչո՞ւ համար քեզի պէս դիւցազն մը միանգամայն պարծանք ու կործանումն ըլլայ Հռովմայ: Կեսար թագաւոր կը մերժեմ ես. Կեսար հռովմայեցի Բրուտոսին աստուած ըլլայ, ու իրեն զոհ ընեմ իմ բախտս ու կեանքս:

ԿԵՍԱՐ. Ին՞չ զգացմունքներ ունիս իմ վրաս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բիւրաւոր զգացմունքներ, բացի նախանձէն:

ԿԵՍԱՐ. Ու ի՞նչ է քեզի ատելի երեւցած իմ վրաս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բռնաւորութիւնը. ո՜հ, մտիկ ըրէ ինծի միանգամ. Կեսար, կ՚աղաչեմ քեզի, մտիկ ըրէ, լսէ՛ պաղատանքներուս (Ծունկ կը չոքի) իմին ու բոլոր հռովմայեցուոց. կ՚ուզե՞ս առաջին գահը ունենալ մարդոց սրտին մէջ, երջանիկ ու փառաւոր կեանք մը վայելել ու թագաւորէն ու Կեսարէն աւելի մեծ ըլլալ:

ԿԵՍԱՐ. Ին՞չ կ՚ուզես ըսել, ելիր ոտքի (Կը յարուցանէ):

ԲՐՈՒՏՈՍ. Տե՛ս, բոլոր աշխարհք քու կառքիդ գերի լծեցիր. արձկէ՛ գոնէ, արձկէ՛ աս կապանքներէն մեր հայրենիքը. հռովմայեցիի մը հոգի ունեցիր, մէկդի կեցիր թագաւորութենէն:

ԿԵՍԱՐ. Ո՜հ, ի՞նչ պահանջեցի՛ր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ինչ որ Սիղղան ալ ըրաւ, Սիղղա գիշատիչ գազան մեր արեանը մէջ թաթխուեցաւ երկար ժամանակ, բայց վերջապէս ազատութիւն շնորհելով Հռովմայ` մոռցուց ամէն բան. այն մարդու արիւն խմող բռնաւորը, որ չորս կողմէն դիակներով պաշարուած էր, իր գահէն վար իջնալով` ամէնուն մտքին մէջէն ջնջեց, սրբեց իր յանցանքները, Կեսար չուզեց անոր չարութեանը նմանիլ. ուրեմն` թո՛ղ նմանի անոր առաքինութեանը. շատ բարիքներ պարգեւեցիր մեզի, բայց ի՞նչ օգուտ, Հռովմայ ու հայրենեացդ պէտք էր ընել այն շնորհքները, ան ատենը մեր սրտերը քեզի ծառայ պիտի ընես, ան ատենը թագաւոր ես, ան ատենը ես ալ քու որդիդ եմ… բայց արդեօք պարա՞պ տեղը կը խօսիմ ես:

ԿԵՍԱՐ. Հռովմայ թագաւոր մը պէտք է. դուն ալ մէկ օր մը պիտի իմանաս անձիդ վնասովը: Միթէ չե՞ս տեսնար, որ մեր քաղաքացիները թագաւորէ մը աւելի բռնացեր են. երբ բնութիւնը կը փոխուի, Բրուտոս, պէտք է որ օրէնքներն ալ փոխուին. հիմա ամէնքը այդ գեղեցիկ ազատութիւնը գործիք մը ըրեր են զիրար վնասելու համար, Հռովմ ատեն մը ամէն բան կը քակէր ու կը կործանէր, հիմա ինքզինքը կը կործանէ. բայց ես պիտի ըլլամ իւր նեցուկը: Սիղղային ժամանակէն ետքը Հռովմայ առաքինութիւնը, ծերակուտը, օրէնքը ու հասարակութիւնը եւ ինքն իսկ Հռովմ շուքի պէս անցան, երազի պէս թռան գացին, ու հիմա անոնք անգոյ ու սնոտի անուններ են եւ ոչ թէ ճշմարտութիւն, ու դուն այս ապականեալ ժամանակիս մէջ, ուր ամէն բան արիւն, կրակ ու մրրիկ կը շնչէ, այնպէս կը խօսիս, իբր թէ Դեկոսի ու Եմիլիոսի դարուն մէջ ըլլայիր: Որդեակ իմ սիրելի. Կատովնէն խաբուեցար դուն, անիկա զքեզ մոլորցուց, գիտեմ ես, ու հիմակուընէ կը տեսնամ, որ այդ քու կարծեցեալ մահագուշակ առաքինութիւնը սեւ օրեր պիտի բերեն քու եւ հայրենեաց գլխուն վրայ. բայց դուն մտիկ ըրէ՛ ինծի, ինծի` քու հօրդ մտիկ ըրէ, որ կը սիրէ զքեզ ու կը ցաւի քու մոլորութեանդ վրայ. իմ հարազատ որդիս եղի՛ր, Բրուտոս, տո՛ւր ինծի այսօր քու սիրտդ, ու ես կ՚ուխտեմ քեզի իմինս. փոխէ՛ այդ կամակոր միտքդ, պարապ տեղը մի՛ կռուըտիր բնութեան դէմ, ինչո՞ւ լուռ կեցեր ես, պատասխան չես տար ու երեսդ մէկդի կը դարձունես:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ինքզինքէս դուրս ելեր եմ (Բոլորովին այլայլած), միտքս կը ցնորի. երկինք, փայլատակէ՛, ղրկէ՛ քու կայծակներէդ ու շանթահար սատկեցո՛ւր զիս. Ին՞չ ընեմ… Կեսար…

ԿԵՍԱՐ. Որդեակ իմ, բնութիւնը հալեցուց սառուցեալ սիրտդ, որդիական գորովանաց նշանները կը տեսնեմ քու վրադ. ա՜հ, թէ որ մէյ մը քու սրտիդ տիրեմ, այդ յաղթանակը կենացս ամենէն փառաւորը պիտի ըլլայ, որդեակ իմ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Կեսար, գիտե՞ս արդեօք, որ մեծ վտանգի մէջ է քու կեանքդ. գիտե՞ս, որ չկայ ճշմարիտ հռովմայեցի մը, որ քու արեանդ ծարաւի չըլլայ, անանկ է նէ, եթէ ոչ Հռովմայ, գոնէ քու անձիդ փրկութիւնը շարժէ զքեզ. ես գիտեմ, որ քեզի խնամակալ աստուածներէն մէկը կը խօսի իմ բերնովս, անիկա զիս կը փութացնէ ու զիս հոս քու ոտուըներուդ կը խոնարհեցնէ (Դարձեալ կը չոքի), կ՚երդունցնեմ զքեզ աստուածոց ահաւոր անուանը վրայ, որ ինչուան հիմա մոռցեր էիր. քու մեծ քաջութիւնդ Հռովմն ու նոյն իսկ Կեսարին համար ըլլայ, այլեւ աս ալ ըսեմ, քու սիրելի որդւոյդ համար ըլլայ, որ քեզի կ՚աղաչէ, կը հառաչէ, կը պաղատի, ու զքեզ առաջին կը ճանչնայ աշխարհքիս մէջ ու քեզմէ մեծ Հռովմը միայն, մի՛ մերժէր զիս, լսէ՛ պաղատանացս:

ԿԵՍԱՐ. Մէկդի գնա՛, այ անարժան, ի՞նչ կը խնդրես ինձմէ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Կը խնդրեմ, որ մտիկ ընես խրատներուս ու չի յամառիս խստութեամբ ինչուան ետքը:

ԿԵՍԱՐ. Աշխարհքիս սիւները սասանին, Կեսար ո՛չ բնաւ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Այ՞ս է ուրեմն վերջին խօսքդ:

ԿԵՍԱՐ. Ասիկա է. պէտք է, որ Հռովմ ծառայ ըլլայ, Կեսարին ուզածը այս է:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մնաս բարով, Կեսար… (Կ՚ուզէ երթալ):

ԿԵՍԱՐ. Ին՞չ կ՚ընես (Կը բռնէ զինքը), կեցի՛ր, ի՞նչ բանի համար են այդ արցունքներդ. կու լա՞ս դուն, Բրուտոս, որ թագաւոր պիտի ըլլամ ես, կու լա՞ս Հռովմին վրայ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Զքեզ միայն, քու վրադ մինակ կու լամ ես. թո՛ղ տուր զիս, մնաս բարով:

ՏԵՍԻԼ Զ

ԿԵՍԱՐ

       Ո՜վ անդրդուելի արիութիւն, ո՜վ անսասան միտք, այս ի՞նչ կարգէ դուրս սէր է հայրենեաց:

ՏԵՍԻԼ է

ԿԵՍԱՐ, ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Տէր արքայ, ծերակոյտը ու բոլոր մեծերը ժողվուելով տաճարին մէջ, ինչպէս որ հրամայեցիր, ու գահը պատրաստելով` քո գալուդ կը սպասեն. հռովմայեցուոց զօրաց գնդերը ու բոլոր քաղաքը ոտքի վրայ շարժեցաւ, ու տաճարին դուռը ծովու պէս տարակուսանաց մէջ կը ծփան. որոնք որ իրենց կեանքը քու վրադ դրած են, պատրաստ են երկրպագել քու պսակիդ: Բայց, թէ որ հաճիս, տէր արքայ, հաւտալ քո մտերիմ զօրականիդ ու բօթալից գուշակութիւններուն ու աստուածոց երկնից, առայժմ քիչ մը ետ ձգէ աս գործքը, ուրիշ յաջող ժամանակի մը պահէ անոր կատարումը:

ԿԵՍԱՐ. Ին՞չ, ուր որ թագաւորութեան վրայ է խնդիրը, ուշացնե՞մ ես. եւ ո՞վ է ինծի արգելք:

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Նա, ինքն բնութիւնը շատ գուշակութիւններով կը խրատէ զքեզ, ու երկինք քու մահդ կը գուժեն:

ԿԵՍԱՐ. Մէկդի թող այդ գուշակութիւնները. Կեսար մարդ է, մեծ անմտութիւն է կարծել, որ երկինք այնչափ նախանձեցան Կեսարու վրայ, որ ինչուան անշունչ բնութեան միտք մը ընծայեն իրեն համար, կամ թէ աշխարհքիս հիմունքը շարժեն, ու տարերք իրենց տեղէն դուրս ցատկեն, մէկ մարդ մը օր մը աւելի կամ պակաս ապրի երկրիս վրայ: Աստուածները համրած են մեր կենաց օրերը, ելլանք սիրով բախտին դիմացը, Կեսար բանէ մը չի վախնար:

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Կեսարին թշնամիները շատ են, որ պիտի չի համբերեն այս նոր լուծը կրելու. ո՞վ գիտէ, գուցէ վրէժխնդիր դաւաճանութիւն մը պատրաստած են քեզի համար:

ԿԵՍԱՐ. Ո՛չ երբեք կրնան այնչափ յանդգնիլ:

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Չարաչար կը յուսաս:

ԿԵՍԱՐ. Այնչափ երկիւղը մահուան պիտի խայտառակէ՞ զիս աշխարհքիս դիմացը:

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Սակայն հասարակաց օգտին համար պէտք է, որ երկայն ապրիս դուն երկրիս վրայ. թո՛ղ տուր ինծի գոնէ քեզի հետ գալ ատեանը:

ԿԵՍԱՐ. Ո՛չ, յանձն չեմ առներ հրամաններս փոխել. խորհուրդը փոխել վատութեան նշան է:

ՏՈԼԱԲԷԼԼԱ. Շատ աղէկ. կը թողում ես զքեզ, ինչպէս որ կ՚ախորժիս, բայց շատ վախով կը թողում:

ԿԵՍԱՐ. Աւելի լաւ է ինծի մեռնիլ, քան թէ մահուընէ վախնալ: Երթանք:

Ձգի վարագոյրն