Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Ա

ՏԵՍԻԼ Ա

ԴԱՒԻԹ

       Հոս, ուր որ առաջնորդեցիր ինծի, ամենակալ աստուած, կ՚ուզե՞ս, որ կենամ ես. պիտի կատարեմ քու կամքդ. ահաւասիկ Գեղբուայ լեռները, ուր որ հիմա Իսրայէլ բանակը դրած ամբարիշտ փղշտացւոյն դէմ կը կենայ: Ա՜հ, ո՞ւր էր, թէ հոս թշնամի սուրերը իմ կեանքս առնէին. բայց չէ, իմ մահս ՍաւուղԷն պիտի ընդունիմ… Ո՜վ անգութ ու ապերախտ Սաւուղ, ինչո՞ւ այդչափ թշնամութիւն, ինչո՞ւ քու արի զօրականդ այդպէս կը հալածես առանց վայկեան մը զինքը հանգիստ թողլու. եւ սակայն Դաւիթ երբեմն քեԶի օգնական, քեզի վահան էր: Իմ վրաս դրած էիր բոլոր քու վստահութիւնդ ու ինչուան քու փեսայութեանդ գերագոյն պատւոյն բարձրացուցիր. ու երբ անոր փոխարէն հարիւր թշնամի գլուխներ պահանջեցիր ինձմԷն, խնդրածիդ կրկինը բերի ես քեզի: Սակայն աղէկ կը տեսնամ, որ Սաւուղ ինքզինքը կորսնցուցած է. շատոնցուընէ ի վեր չար ոգւոյն մատնած է զինքը աստուած: Աւա՜ղ, ի՞նչ ենք մենք, երբ աստուած ալ զմեզ երեսէ կը ձգէ: Հապա՛, փութացիր, գիշեր, տեղի տուր պայծառ արեգական, որովհետեւ մեծ գործի մը վկայ ըլլալու համար պիտի ծագի առաւօտը. դուն ալ Գեղբուէ ապագայ դարերուն մէջ պիտի հռչակուիս, եւ պիտի ըսեն, թէ հոս Դաւիթ ինքզինքը ամբարտաւան Սաւուղին ձեռքը մատնեց: Ելի՛ր, Իսրայէլ, ելի՛ր վրաններէդ, ելի՛ր եւ դուն, թագաւոր, որպէսզի տեսնաս, թէ պատերազմի արհեստին մէջ դեռ հմուտ է Դաւիթ: Ելի՛ր դուն ալ, անօրէն փղշտացիդ, եւ տե՛ս, թէ մահը իմ սրոյս դեռ հնազա՞նդ է մի:

ՏԵՍԻԼ Բ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ, ԴԱՒԻԹ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜հ, ինչ ձայն է այս, կարծես թէ պիտի ճանչնամ զայն.

ԴԱՒԻԹ. Ո՞վ կու գայ հոս… ա՜հ, ե՞րբ առաւօտ պիտի ըլլայ. չէի ուզէր, որ դասալիք զինուորի մը պէս…

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Քեզի կ՚ըսեմ` ո՞վ ես դուն, ի՞նչ բան ունիս հոս, թագաւորական վրանին քով:

ԴԱՒԻԹ. Կարծեմ թէ Յովնաթան է խօսողը. հապա՛, սիրտ առնեմ որդիդ պատերազմի, ես եմ. կեցցէ՛ Իսրայէլ. զիս աղէկ կը ճանչնայ փղշտացին:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜հ, ինչ կը լսեմ… Դաւիթ միայն այս պատասխանը կրնայ տալ:

ԴԱՒԻԹ. Յովնաթան, սիրելիդ իմ Յովնաթան…

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜վ երկինք… Դաւիթ եղբայր իմ:

ԴԱՒԻԹ. Ո՜հ, ինչ ուրախութիւն… ես քու քովդ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Իրա՞ւ է, չէ նէ երազ կը տեսնամ. դուն Գեղբուէ կու գաս, հօրմէս չե՞ս վախնար. ա՜հ, ի՞նչ անոյշ տեսութիւն… բայց կը վախնամ, որ աւելի դառն չըլլայ բաժանումը:

ԴԱՒԻԹ. Ին՞չ. կ՚ուզե՞ս որ վախնամ ես, քանի՞ անգամ պատերազմի մէջ դէմ առ դէմ տեսայ ես ու արհամարհեցի մահը, ու որչա՞փ երկար ժամանակ քու հօրդ անիրաւ բարկութենէն փախչելով` թափառական պտտեցայ ասդիս-անդին. սակայն քաջերու ստոյգ մահը երկիւղն է. ու երկիւղ ինչ ըսել է, չեմ գիտեր ես: Մեծ վտանգի մէջ կը գտնուի հիմա թագաւորս ու իր ժողովուրդը, ու Դաւիթ անտառներո՞ւ մէջ ապահով կենայ, միթէ՞ կը հոգամ ես կեանքը, երբ ձեր գլխուն վրայ կը փայլատակէ հեթանոսաց սուրը: Մեռնելու համար եկայ ես, մեռնելու, բայց դաշտի վրայ, զէնքերու մէջ հայրենեացս համար, քաջի մը պէս մեռնելու, ու ապերախտ Սաւուղին համար, որ իմ մահս կը փնտրէ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜վ սիրտ ամբիծ. դուն, անշուշտ, աստուծոյ ընտրեալն ես, Դաւիթ, աստուած, որ այդպիսի վսեմ իմաստներ կը շնչէ սրտիդ մէջ, քեզի առաջնորդ հրեշտակ մը ղրկեց երկնքէն: Բայց ինչպէ՞ս պիտի երեւնաս դուն թագաւորին աչքին. թշնամեաց մէջ կը կարծէ անիկա զքեզ, ու ապստամբ մատնիչ կը կոչէ զքեզ:

ԴԱՒԻԹ. Ա՜հ, որչա՞փ ցաւ էր ինծի բռնի ստիպուիլ թշնամեաց քովը ապաւէն մը փնտրել, բայց երբ ազգիս դէմ զէնք կը վերցնեն անոնք, սուրը ձեռքս կ՚առնեմ ես ալ ինչուան, որ բոլորովին յաղթուին. թող ետքը Սաւուղ հատուցանէ ինծի իւր առաջին վարձքը նոր ատելութեամբ ու մահուամբ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Եղու՜կ իմ հօրս, վատ ու ժպիրհ Աբեններն է, որ կը խաբէ ու կը թունաւորէ զինքը, ու սուտ բարեկամ երբեք անոր քովէն չի բաժնուիր: Չար ոգին, որ հօրս սրտին վրայ տիրեր է, ատեն-ատեն հանգիստ կը թողու զինքը, բայց Աբեններ` ոչ բնաւ. մինակ ինքն է սիրելի, մինակ անոր մտիկ կ'ընէ հայրս: Թագաւորին աչքին կասկածելի ըլլալու համար բաւական է Աբեններէն քիչ մը աւելի առաքինութիւն ունենալ, պարապ տեղը ես ու քու հարսդ իմ հօրս…:

ԴԱՒԻԹ. Ո՜վ հարսն, ո՜վ քաղցր անուն. ո՞ւր է Մեղքողն, իմ հաւատարիմս, ու դեռ կը սիրէ՞ զիս հօրը կամքին դէմ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Քեզ կը սիրէ՞ մի… ինքն ալ հոս է…:

ԴԱՒԻԹ. Երկի՜նք, պիտի տեսնա՞մ զինքը… բա՜բէ. բայց ի՞նչպէս, հոս, դաշտի՞ն մէջ…:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Հօրս գութը շարժեցաւ անոր վրայ ու չուզեց մինակ թողուլ զինքը պալատը` ցաւագին ողբոց մէջ, մանաւանդ որ, թէպէտ միշտ տրտմում ու տխուր է քոյրս, սակայն մինակ ինքն է, որ քիչ մը կրնայ մխիթարել հօրս սիրտը, ո՜հ, քանի որ հեռացար դուն մեզմէ, արցունքներու բնակարան եղաւ մեր տունը:

ԴԱՒԻԹ. Ո՜վ իմ սիրուն ամուսինս, քու անուշ դէմքդ տեսնամ ու անցեալ վիշտերու յիշատակը պիտի կորսուի բոլորովին մտքէս, պիտի հեռանան նաեւ գալիք թշուառութեանց սեւ գուշակութիւնները:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Թէ որ տեսնէիր մէյ մը զինքը… հազիւ թէ զքէզ կորսնցուց, ալ մոռցաւ իւր զարդերն ու փառաւորութիւնները, գլխուն վրայ մոխիր ցանած, մազերը թափթփած, երեսները իրենց գեղեցիկ գոյնը կորսնցուցած, ինքը բոլորովին հալած ու մաշած` արցունքներու ու ցաւոց մեջ օրերը կ'անցնէ. օրը հազար անգամ ոտքը իյնալով` իւր հօրը. «Տո՛ւր ինծի իմ Դաւիթս, - հառաչանքներով կը պաղատի, - դարձո՛ւր ինծի իմ փեսաս, որ դուն տուիր», - ու զգեստները պատռելով` արցունքները գետի պէս կը վազցնէ հօրս ձեռքերուն վրայ, ու արցունքներով կը լեցուին հօրս աչքերն ալ, ու ո՞վ կրնայ արցունք չի թափել, մինակ Աբեններ, որ հրաման կու տայ մարած ու կիսամեռ դուստրը մէկդի քաշկռտել հօրը դիմացէն:

ԴԱՒԻԹ. Ո՜վ տեսիլ, ա՜հ, ի՞նչ բաներ կը պատմես ինծի:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՞ւր էր, թէ ճշմարիտ չըլլային ըսածներս: Քանի որ դուն աներեւոյթ եղար մեզմէ, ինչ ցաւալի փոփոխութիւններու հանդիպեցանք մենք. հանգստութիւն, փառք ու քաջութիւն չի մնաց մեզի: Թաղուեցան Իսրայէլի սիրտերը, փղշտացին կը գոռայ հիմա մեզի դէմ, վասնզի ալ չունինք զքեզ մեզի առաջնորդ: Հոս, այս դաշտին մեջ փակուած` ամէն օր թշնամւոյն սպառնալիքներն ռւ նախատինքը կը լսենք մենք, զմեզ մոռցեր ենք, ու ի՞նչ զարմանք, վասնզի պակսեցաւ Իսրայէլին սուրն ու զգօնութիւնը, Դաւիթ: Ես, որ քեզմէ ետքը, իբրեւ երկրորդ, կրնայի պարծիլ փառաց ասպարէզին մէջ, հիմա տկար են ձեռուըներս զօրաւոր հարուածներու: Երբ կը տեսնամ զքեզ ինձմէ հեռու, բիւր վտանգներու մէջ դառն կեանք մը կ'անցնես, կարծես թէ ալ չեմ ուզէր հօրս, ազգիս ու որդուոցս համար ինքզինքս զոհել. դուն ինծի թագաւորութենէ, հօրմէ ու որդիներէ շատ աւելի սիրելի ես, Դաւիթ:

ԴԱՒԻԹ. Կը սիրես դուն զիս, որչափ որ արժանի չեմ. ասանկ ալ սիրէ զքեզ տէր:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Աստուած, որ առաքինւոյն վարձքը ամենեւին չուշացներ, քեզի հետ է միշտ. Սամուէլ սուրբ մարգարէն իւր մեռնելու ատեն մեծամեծ գուշակութիւններ ըրաւ քեզի համար, քու կեանքդ սիրելի ու նուիրական է ինծի: Ո՜հ, քեզի համար մինակ արքունեաց վտանգները կը վախնամ, չէ թէ պատերազմին. հոս, թագաւորական վրաններու քով դաւաճանութիւնը մահուան հետ կը բնակի, ու մահը շատ անգամ Սաւուղայ ու Աբեններայ ձեռքէն կը թռչի: Ա՜հ, պահուըտէ, ո՜վ իմ Դաւիթս, ինչուան որ պատերազմին նշանը տրուի, վասնզի այսօր պէտք է սկսինք կռիւը:

ԴԱՒԻԹ. Թշնամիէն առաջ պէտք է, որ Սաւուղ տեսնայ զիս. եկայ ես ամչցնելու զինքը ու քարացեալ սիրտը կակղցնելու, որ զղջայ իւր անգթութեանը վրայ: Նախ` թագաւորին բարկութեանը, ետքը թշնամի սուրերուն դիմացը վազեմ ես: Ինչ պիտի ըսես դուն, Սաւուղ, երբ ծառայի մը պէս իմ գլուխս քեզի խոնարհեցնեմ. ես` քու փեսադ ու հաւատարիմդ, որ չի գործած հանցանքներուս թողութիւնը կը խնդրեմ քեզմէ, ես, որ առաջ քու պահապանդ էի ու հիմա եկեր եմ ինքզինքս քեզի զոհ մատուցանելու: Իրաւ, որ սուրբ ծերունին Հռամայի մէջ ընդունեցաւ զիս, իբրեւ հայր խոսեցաւ ինծի հետ, ու իմ գիրկս փչեց հոգին, ինքը, որ երբեմն որդւոյ մը պէս կը գգուէր Սաւուղն ալ, բայց ինչ փոխարէն ընդունեցաւ անկէ: Սակայն աստուածային ծերունին մեռնելու ատենը կը պատուիրէր ինծի սէր եւ հաւատարմութիւն առ թագաւորն եւ կոյր հնազանդութիւն առ աստուած: Իւր վերջին խօսքերը` խորունկ տպաւորուած սրտիս վրայ, ինչուան գերեզման հետս պիտի տանիմ. «Վա՜յ, եղուկ քեզ Սաւուղ, թէ որ չի դառնաս ու չի զղջաս, գլխոյդ վրայ կախուած է աստուծոյ բարկութեան սուրը», - ասանկ կ'ըսէր Սամուէլ: Ա՜հ, զքեզ միայն, Յովնաթան, գոնէ զքեզ միայն կ՚ուզէի ազատ երկրից բարկութենէն, ու կը յուսամ, որ պիտի ըլլայ, ու մենք ամէնքս ալ, գուցէ, Սաւուղ ինքնին, որուն դեռ զղջալու ատեն կայ: Թէ որ մէյ մը աստուած զարնէ երկնքէն իւր կայծակը, շատ անգամ իւր վրէժխնդրութեանը կը մատնէ արդարն ալ մեղաւորին հետ, ինչպէս մէկ սարսափելի փոթորիկ մը, որ կ՚աւրէ, կը ջնջէ ապականեալ տունկերու հետ անուշահոտ ու փափուկ ծաղիկներն ալ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Շատ շնորհքներ կրնայ ընդունիլ Դաւիթ աստուծմէ: Ուրիշ բան չեմ ըսէր քեզի. քանի որ կենդանի եմ, կ՚երդնում քեզի, Սաւուղին սուրը պիտի չիջնայ երբեք գլխուդ վրայ: Բայց վատ դաւաճանութիւններէն ինչպէ՞ս կրնամ ազատել ես զքեզ. հոս կոչունքներուն ու երաժշտական հանդէսներու մէջ մահը շատ անգամ կը պահուըտի, ո՞վ պիտի պահէ զքեզ:

ԴԱՒԻԹ. Իսրայէլին աստուածն ու տէրը, եթէ ազատիմ պիտի, իսկ եթէ պիտի կորսուիմ` քաջերու բազմախումբ բանակն ալ բաւական չէ. բայց քու հօրմէդ առաջ չե՞մ կրնար արդեօք տեսնալ սիրելի հարսս:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Կարծես թէ փափուկ անկողնու մէ՞ջ կը սպասէ ինքը, որ առաւօտ ըլլայ. գիշերուան մէջ կ՚ելլայ ու հոս կու գայ` քու վրադ լալու համար, ու հոս մեր հիւանդ հօրը վրայ մէկտեղ աղօթք կ՚ընենք: Բայց ահա՛ արշալոյս կը ծագէ, ալ պէտք չէ երկայն ատեն ուշանանք հոս. պէտք է զգոյշ ըլլանք, չըլլայ թէ ժամանակէն առաջ բանսարկու դաւաճանին մէկը հօրս իմացնէ քու գալուստդ եւ կամ Աբեններին. ծածկէ՛ ինքզինքդ ու գնա՛, խառնուէ՛ զօրքին մէջ, ինչուան որ տեսնուիմ ես հօրս հետ, ու թէ որ հողմը յաջող տեսնամ, կ՚իմացնեմ ես քեզի:

ԴԱՒԻԹ. Այնպէս թող ըլլայ, վստահ եղիր իմ վրաս, անխոհեմ գործ մը չեմ ընէր. կը սիրեմ զքեզ, ձեզի կը պահեմ իմ անձս ու աստուծոյ վրայ կը դնեմ յոյսս:

ՏԵՍԻԼ Գ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ

       Ահա առաւօտ եղաւ, ո՜վ ամենակալ աստուածդ Իսրայէլի, արդեօք ի՞նչ վճիռ կտրեցիր այսօր մեր վրայ քու անքննելի խորհրդոցդ մէջ: Ին՞չ պիտի ըլլայ այսօր մեր բախտը. փրկութի՞ւն, չէ նէ կորուստ: Ահա զօրքերը կ՚ելլան իրենց վրաններէն, բանակը կը շարժի, սուրերը, վահանները, նիզակները, կը շողան արեւուն ճառագայթներէն. ամէնքը պատերազմի կը պատրաստուին, պատերազմ, ատեն մը պատերազմի ձայնը երբ կը լսէի, ուրախութեամբ կը թնդար սիրտս, բայց հիմա, չեմ գիտէր ինչո՞ւ, կը դողայ սիրտս… Հայր իմ… Դաւիթ… հոգ չէ, աներկիւղ կը դիմեմ ես ինծի սովորական եղած արիւնոտ ասպարէզին մէջ, որ այնչափ փառքով զիս պսակելէն վերջը, հիմա ալ թո՛ղ գերեզմանս ըլլայ. դափնիներով զարդարուած մահը փառաւոր ու նախանձելի մահ է: Ո՜հ, աստուածդ Իսրայէլի, բաւական ըլլայ քեզի իմ արիւնս, դարձո՛ւր հօրս գլխէն վրէժխնդիր սուրդ, ընդունէ՛ զիս զոհ հօրս ու Իսրայէլին փրկութեանը… պահէ՛ Դաւիթն ալ:

ՏԵՍԻԼ Դ

ԱԲԵՆՆԵՐ, ՅՈՎՆԱԹԱՆ

ԱԲԵՆՆԵՐ. Դաւի՛թ, ո՞վ պահեր է Դաւիթը:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՜յ նենգաւոր դաւաճան, աստուած պահեր է Դաւիթը, այն աստուածը, որ արդարոյն բարեկամ է, ու թշնամի քեզի պէս…

ԱԲԵՆՆԵՐ. Պատերազմին ժամանակը կը մօտենայ, Յովնաթան, ի՞նչ պէտք է լեզուընիս նախատինքներով զինենք, երբ սուրը գործածելը աւելի վայելուչ է մեր թագաւորին ու հայրենեաց համար:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ա՜հ, դուն չե՞ս մի, Աբեններ, մեր ընտանեացը թշուառութեանը առաջին պատճառներէն մէկը, բաւական չէր չար ոգիքն հօրս վրայ տիրելով` զինքը թշուառ ու յուսահատ ընելը, բաւական չէ իւր որդուոց դառն ու անմխիթար վիճակը, բաւական չէ Իսրայէլի ժողովրդին վախ ու կասկածի մէջ ծփալը, ո՜հ, Աբեններ, դուն ալ այս ամէն չարեաց վրայ կ՚աւելցնես քու սրտիդ չարութիւններն, նախանձն ու ատելութիւնը:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Ես չեմ յիշէր ամենեւին, թէ ինչ ըրեր եմ այս շանթահար կշտամբանաց արժանի ըլլալու համար, չեմ յիշէր կ՚ըսեմ, թէ ի՞նչ չարիքներ դիզեր եմ Իսրայէլին գլխուն վրայ. մինակ այս միտքս կու գայ, որ իմ արիւնս պատերազմին դաշտին վրայ ազգիս ու թագաւորիս համար թափեր եմ: Իւր հայրենեաց թշնամիներուն թշնամի ու բարեկամացը բարեկամ եղեր է միշտ Աբեններ. դեռ ասկէ աւելի ի՞նչ առաքինութիւններ պէտք են Յովնաթանի աչքին սիրելի ըլլալու համար:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Մարդասիրութիւն, աննախանձ ու անկեղծ սիրտ, հանդարտ ու ճշմարտասէր միտք. այսպիսի առաքինութիւններով կրնաս դուն հայրենեացդ օգտակար ըլլալ, ապա թէ ոչ, աւելի լաւ է թշնամեաց բանակին մէջ յայտնի պատերազմիս մեզի դէմ, քան թէ ժպիրհ ձեռքով անիրաւութիւն ու չարիք ցանես ազգիդ մէջ, իսկ քու` իմ հօրս վրայ ունեցած հաւատարմութիւնդ, որով կը պարծիս, չեմ գիտեր սէ՞ր կոչեմ, չէ նէ մատնութիւն:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Հաւատարմութիւն ու սէր կոչէ՛, Յովնաթան. թէ որ ես Սաւուղը չսիրէի, ուրիշ կերպով կը պատասխանէի իւր որդւոյն նախատանացը:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Անօրէն, կը յանդգնի՞ս սպառնալ ինծի, թէ որ Յովնաթան Սաւուղին որդին չըլլար, հիմա հոս կը սովրեցնէր քեզի քու պարտքդ:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Իմ պարտքս զօրքիս ու թագաւորիս վրայ արթուն պահպանութիւն ընելն է: Դաւթի անունը հոս իմ ականջս հնչեց, Դաւիթը Սաւուղին թշնամին է, ես հաւատարիմ զօրական եմ Սաւուղին, ուստի չեմ կրնար բարեկամ ըլլալ Դաւթին, որ իւր տիրոջը բարկութեանը արժանի խաբեբայ ու կեղծաւոր մատնիչ մըն է, որչափ ալ ճարտար երաժիշտ ու քաջ երգեցող ըլլայ: Թէ որ հոս է ինքը, անշուշտ, մատնելու համար եկած է զմեզ, բայց Աբեններին աչքերը իւր վրան են. դողան անոնք, որոնք որ թշնամի են Սաւուղայ` թէ օտար եւ թէ ընտանի թշնամի ըլլան:

ՏԵՍԻԼ Ե

ՅՈՎՆԱԹԱՆ

       Ա՜յ խստասիրտ դաժան, դողա՛ դուն, որ չարութեան մէջ քարացեր պնդացեր ես: Սուրս, որ այնչափ թշնամիներ զոհեց, պէտք չէ՞ր մի այս կատաղի գազանն ալ սատկեցնէր, որ թշնամիէ աւելի չար է: Երթամ իմ հօրս ու ջնջեմ, եթէ կարելի է, բանսարկու Աբեններին իւր մտքին մէջ ցանած դառն սերմունքը: Ժողովուրդ իմ, Սաւուղ, Դաւիթ… ո՜հ, որչափ սիրելի նիւթեր. այսօր Յովնաթան պիտի փրկէ զձեզ կամ պիտի մեռնի:

Ձգի վարագոյրն