Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Բ

ՏԵՍԻԼ Ա

ՍԱՒՈՒՂ, ԱԲԵՆՆԵՐ

ՍԱՒՈՒՂ. Գեղեցիկ է արշալոյսը. այսօր արեւուն երեսը արիւնոտ չէ, ու բարեբախտ օր մը կը խոստանայ. ո՜հ, իմ անցեալ օրերս, ո՞ւր էք հիմա, աւա՛ղ, ո՞ւր էք դուք. Սաւուղ կ՚ելլար առաւօտը ու վստահ էր, որ յաղթող պիտի դառնայ անկողին:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Ու հիմա ուսկի՞ց է քեզի այդ երկիւղը. դու չէի՞ր մի փղշտացիին գոռոզութիւնը գետինը զարնողը, հիմա ալ պատերազմին բախտը ու փառքը, թէպէտ եւ ուշ, բայց աւելի շքեղ պիտի փայլին գլխուդ վրայ, Աբեններն է քեզի ըսողը:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՜վ Աբեններ. երիտասարդութիւնն ու ծերութիւնը որչափ տարբեր աչքով կը դիտեն մարդկային մշտափոփոխ դիպուածները. եղաւ ատեն մը, որ ես ալ կորովի բազկով, դիւրութեամբ կը շարժէի այդ ահագին պատերազմական նիզակը, որ հիմա հազիւ թէ կրնամ վերցնել. այն ատենը վախ, կասկած, ի՞նչ ըսել է, չէի գիտեր ես, բայց, կարծես թէ, մինակ երիտասարդութիւնս կորսնցուցի ես… ո՞ւր էր, թէ ինծի հետ ըլլար ամենակալ աստուծոյ անյաղթելի բազուկը… կամ թէ հոս, իմ քովս ըլլար իմ քաջ Դաւիթս:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Իսկ մենք ո՞վ ենք ուրեմն, միթէ առանց Դաւթի յաղթութիւն չըլլա՞ր. եթէ այնպէս ըլլար, սուրը ձեռքս չէի առնէր, բայց եթէ սիրտս խոթելու համար. քու ամէն թշուառութեանցդ հեղինակն ու պատճառը այդ Դաւիթը չէ՞ մի:

ՍԱՒՈՒՂ. է՜հ, ուրիշ աւելի սոսկալի պատճառ մը կայ իմ թշուառութիւններուս. ի՞նչ, ծածկե՞լ կ՚ուզես ինձմէ կենացս դառնութիւնները: Ա՜հ, թէ որ սիրելի որդուոց հայր չըլլայի ես, ի՞նչ փոյթ էր ինծի յաղթութիւնը, տէրութիւնը եւ կեանքն ալ: Ինչուան հիմա թշնամեաց սուրերուն մէջ ինքզինքս նետելով կը կարճեցնէի այս ամենաթշուառ կեանքս: Այս քանի տարի է, որ ծիծաղիլ ինչ ըսել է չի՛ տեսնուեցաւ դէմքիս վրայ. շատ անգամ իմ անձկալի որդիքներս զիս գգուելու ատեննին սիրտս բարկութեան բոցով կը վառեն: Վայրենի, պղտոր, անհամբեր, միշտ խռովասէրª ինքզինքիս եւ ուրիշներուն անտանելի եղեր եմ: Խաղաղութեան ատենը պատերազմ կ'ուզեմ, ու պատերազմի մէջ` խաղաղութիւն, ամէն բաժակի մէջ, կարծես թէ, պահուըտած թոյն կայ, ու ամէն սիրելիներս թշնամի կ'երեւան ինծի. կակուղ բարձերն ու բազմոցները սուր փուշերով կը խայթեն զիս, կարճ քունս ալ տանջանքներով լեցուն է, ու երազներս՝ սարսափով, դեռ ասկէ աւելի ի՞նչ կ՚ըլլայ, եւ ո՞վ կրնայ հաւատալ, որ պատերազմին փողն ալ կը դողացնէ Սաւուղը, Սաւուղը պատերազմին ձայնէն կը սասանի: Տե՛ս, ինչպէս իւր փառքէն զրկուած այրի մնացեր է Սաւուղայ տունը, տե՛ս, թէ ինչպէ՞ս հեռացեր է աստուած Սաւուղէն: Դուն ալ, որ երբեմն, ինչպէս որ իրօք ալ այնպէս է, ինծի ջերմ եւ ստոյգ բարեկամ կ'երեւաս աչքիս, աննկուն զօրավար ու վահան փառաց Սաւուղայ, երբեմն ալ վատ շողոքորթ մը` նախանձոտ, նենգաւոր եւ թշնամի դաւաճան:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Զգաստացի՛ր Սաւուղ. անցեալ կեանքդ մէյ մը աչքիդ առջեւը բեր. սրտիդ բոլոր խռովութիւններուն պատճառը Հռաւմայ մարգարէները չե՞ն մի: Ո՞վ նախ համարձակեցաւ քեզի զրուցելու, որ աստուած երես դարձուցեր է քեզմէ. այդ լիրբ, նենգամիտ, փառամոլ, ժանտ ծերը՝ Սամուէլ, որուն արձագանք կու տային իր կեղծաւոր արբանեակները. աչւըները նախանձու թոյնով լեցուած` խոժոռ կը նայէր անիկա արքունական թագին գլխուդ վրայ շողալը. այդ թագին ինքը կ'ուզէր ձեռք երկնցնել, բայց Իսրայէլին միակամ հաճութիւնը քեզի պարգեւեց զայն, փճացուց անոր փափագը ու քաջասիրտ պատերազմող մը ընտրեց իրեն թագաւոր. աս է մինակ քու մեղքդ, ու երբ դուն մերժեցիր անոր ձեռքին տակը ծառայ ըլլալ, անկէ ետքը դադրեցաւ ինքն ալ զքեզ աստուծոյ ընտրեալ կոչելէն: Ասանկով՝ ինքը առաջին գուբը փորեց քեզի, ու մնացածը Դաւթի լեզուն կատարեց. այո՛, Դաւիթ մեծանուն՝ª պատերազմին մէջ, բայց միշտ գերի Սամուէլին: Խորաններու դիմաց աւելի կտրիճ, քան թէ արեանց ասպարիզին մէջ, ձեռքերը զէն գործածող, բայց սրտովը քահանայ. քեզի կ'ըսեմ, տէ՛ր, սուտ զարդերէն մերկացնելով՝ ճանչցիր ստոյգը ու ճշմարիտը: Ես քու արիւնէդ ծնած եմ. քեզի փառք եղածը ինծի ալ փառք է, բայց Դաւիթ չի կրնար բարձրանալ ինչուան, որ ոտքի տակ չառնէ Սաւուղը:

ՍԱՒՈԻՂ. Դաւի՞թ... կ'ատեմ ես զինքը... բայց ինծի փեսայ ըրի ես զինքը... ա՜հ, դուն չես գիտեր, այդ աստուածային ձայնը, որ շատ գիշերներ ինծի հետ կը խոսէր, երբ ես թագաւորական գահոյքէն ու բաղձանքներէն շատ հեռու, աննշան ու միայնակ կեանք մը կ'անցնէի, հիմա նոյն ձայնը դարձեալ շատ գիշերներ ահագին որոտմամբ ականջս

կը զարնէ, ալեկօծ մրմռեալ ծովու մը պէս: ՙ«Ե՛լ, Սաւուղ...: Մարգարէին պատկառելի ու սրբազան կերպարանքը, որ դեռ թագաւոր չեղածª շատ անգամ երազիս մէջ կը տեսնայի, հիմա ահաւոր դէմքով մը ինծի կ'երեւայ: Ես կը տեսնամ ինքզինքս մութ ու սարսափելի ձորի մը մէջ, ու անիկա բարձր ու լուսաւոր լեռան մը վրայ կեցած` դիմաց ծունկ չոքած է Դաւիթ. անոր գլխուն վրայ աստուածային եղը կը թափէ ծերունին, ու ձախ ձեռքը այնչափ հեռաւորութենէն գլխուս վրայ երկնցնելով՝ կը յափշտակէ թագս ու Դաւիթը կ'ուզէ պսակել անով: Կը հաւատա՞ս, Դաւիթ անով երկրպագութիւն ընելով` յանձն չառներ ու կը մերժէ. կու լայ, կ'աղաչէ ու նշան կ'ընէ, որ դարձեալ իմ գլխուս դարձնէ պսակը... ո՜վ տեսիլ... ա՜հ, իմ Դաւիթս, դուն ուրեմն դեռ ինծի հնազա՞նդ ես... դուն ինծի դեռ փեսայ հաւատարիմ, հպատակ ու բարեկամ... Ո՜հ, ի՞նչ բարկութիւն. թագը ճակտէս յափշտակել, դու, որ այդչափ յանդգնեցար, դողա՛, չար ծեր. ո՞վ ես դուն. պիտի կորսուի, ով որ մտքէն անցուց, թէ... բայց եղուկ ինծի, վասնզի ահա ցնորքներու մէջ ինկայ դարձեալ:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Կորսուի մինակ Դաւիթը, կորսուի, ու անոր հետ մէկտեղ կորսուին երազներն, ամենայն ցնորք, սարսափն ու թշուառութիւնք:

ՏԵՍԻԼ Բ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ, ՍԱՒՈԻՂ, ԱԲԵՆՆԵՐ

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ողջոյն քեզ, հայր իմ, ամենակալը հետդ ըլլայ միշտ:

ՍԱՒՈԻՂ. Ինծի հետ միշտ ցաւերն են, սովորականէս աւելի կանուխ ելայ այսօր զուարթ յոյսով մը, բայց ամէն յոյս կորաւ, ինչպէս մշուշ մը անապատին մէջ. ու ինչ օգուտ, որդեակ իմ, ուշացնել ասկէ ետքը պատերազմը. մահուան երկիւղը մահէն աւելի դժնդակ է, թո՛ղ գայ մահը, կ'ուզեմ, որ պատերազմը ըլլայ այսօր:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Այսօր յաղթութեամբ պսակուինք մենք, դառնա նորէն յոյսը քու սրտիդ մէջ, հայր, երբեք ասանկ բարեգուշակ օր մը չի ծագեցաւ մեզի, ո՜հ, զուարթանան քու աչքերդ, յաղթութիւնը իմ սրտիս մէջ իջաւ: Այս դաշտերը թշնամի դիակներով պիտի ծածկուին այսօր, գիշատիչ թռչուններու սոսկալի կերակուր մը պատրաստենք, անկէ ետքը յաղթութեամբ ու փառքով դառնաս ու հանգչիս պալատդ քու որդուոցդ հետ: £ Դառնայ նորէն խնդութիւնը մեր տանը մէջ, երջանիկ ընես քու դուստրդ ալ` իւր փեսան իրեն դարձնելով ու մեր ամէնուն աչաց արցունքը հայրենի ձեռքովդ սրբես:

ՍԱՒՈՒՂ. Ին՞չ, միթէ ամենեւին չի դադարի՞ն պիտի արցունքները ձեր աչուըներէն: Ասո՞նք են քաղցր երեւոյթները, որ Սաւուղին ցամքած ու յուսահատ սիրտը զուարթութեամբ պիտի ծաղկեցնեն, ասա՞նկ իմ ցաւերս կը սփոփէ՛ք դուք, արցունք չեմ ուզէր, թողուցէ՛ք զիս մինակ, գացէք, ի՞նչ կ՚ուզէք ինձմէ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜հ, չէ՛, չէ՛, հայր իմ, ուրախացի՛ր, խնդա՛յ, Սաւուղ. ահա՛ պատերազմի ու յաղթութեան անուշ հով մը կը փչէ դաշտին մէջ. այսօր, արեւուն ծագելու ատենը, իջաւ երկնքէն պատերազմին հրեշտակը ու բոլոր Իսրայէլին վրայ թեւերը տարածելով գլխուդ վրայ յաղթական պսակը դրաւ:

ՍԱՒՈՒՂ. Ինչ, կ՚ուզե՞ս զիս ալ անմիտ ուրախութեանդ մասնակից ընել: Ին՞չ յաղթութիւն, ի՞նչ հրեշտակ. մահը կը տեսնամ ես, որ գերեզմանական քարի մը վրայ նստած` արիւնախառն աչուըները իմ վրաս կը տնկէ. որո՞ւ համար կը սրէ ձեռքի մանգաղը, ո՜հ, նայեցէք, մեծապանծ, բազմամեայ կաղնին կտրեցաւ, ինկաւ, ու թոռմած արմատը գետնին մէջէն վեր ելաւ. ո՜վ Սաւուղ, Սաւուղ, այսօր քու վերջին օրդ է:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Քանի՞ անգամ ըսեմ, որ ձեր տեսութիւնը անտանելի է Սաւուղին, վայրկեան մը հանգիստ թող չէք տար զինքը ու իր տառապանքները կ՚աւելցնէք միշտ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ին՞չ, թողո՞ւնք, ուրեմն, մեր սիրելի հայրը, դո՞ւն մինակ պիտի կենաս անոր քովը, ու քու ձեռքիդ մէջ…:

ՍԱՒՈՒՂ. Ին՞չ կայ, որդւոյս դէմքին վրայ բարկութիւն կը տեսնամ, ո՞վ կը նախատէ զինքը, արդեօք դո՞ւն ես, Աբեններ, չե՞ս գիտեր, իմ արիւնս է անիկա… մի՛ խօսիր ու յիշէ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Այո՛, քու արիւնդ եմ, պատրաստ քեզի համար տալու զայն: Ին՞չ կը կարծես, հայր, որ երբ քեզմէ Դաւիթը կը խնդրեմ, մինակ բարեկամութեան կողմնակալ սէրը կը դրդէ զիս. ես քու ախոյեանդ ու Իսրայէլին զօրութիւնը, փղշտացւոյն սարսափը կը խնդրեմ քեզմէ: Միթէ Դաւիթը չէ՞ր իր երկնային երգերովը քու յուսահատ ու խռովայոյզ միտքդ հանդարտեցնողը. ըսէ՛, հայր իմ, քու խաւարային սրտիդ մէջ մխիթարութեան ճառագայթ մը չէ՞ր Դաւիթ: Ես ալ սուր մը կը գործածեմ ձեռքս, բայց ի՞նչ բանի կու գայ, երբ չի տեսնամ Դաւթին ալ սուրը պատերազմին մէջ շողալը: Միթէ տարակոյս կը մնա՞ր մեզի, թէ որ անիկա հոս ըլլար. յաղթութիւնը անշուշտ էր:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՜վ իմ անցեալ ժամանակներս, ո՜վ իմ զուարթացեալ յաղթութեան փառաւոր օրերս… ահա՛ մէկիկ-մէկիկ յաղթանակներս կարգաւ դիմացս կու գան, կը դառնամ ես բանակէն արեան քրտինքի ու փոշւոյ մէջ. թշնամւոյս կործանեալ գոռոզութեանը վրայ կոխկռտելով կը պտտիմ ես, ու աստուծոյ օրհնութիւնը… ես աստուծո՞յ, ի՞նչ կը խօսիմ. իմ աղօթքներուս ձայնին երկաթէ են աստուծոյ ականջները, գոցուեցան իմ շրթունքներս… ո՞ւր էք, իմ փառքերս, ո՞ւր սատկեցուցած թշնամիներուս արիւնը…:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ամէնը կը գտնաս Դաւթին հետ, բայց Դաւիթ քեզի հետ չէ. դուն մերժեցիր ու հալածեցիր զինքը, Դաւիթ քու որդեակդ, քու հպատակներուդ ամէնէն ընտիրը, այն զգօնամիտ ու հեզ Դաւիթը, որ քու որդիքներէդ աւելի հաւատարիմ սիրով կը սիրէր ու կը հնազանդէր քեզի. ա՜հ, ներէ՛ հայր…:

ՍԱՒՈՒՂ. Արցունքներ եկան աչքիս, ո՜հ, ո՞վ կ՚ստիպէ զիս այս անսովոր արցունքի. թո՛ղ տուէք, որ ցամքած մնան աչուըներս:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Աւելի աղէկ է, տէր, որ քաշուիս քու վրանիդ մէջ. քիչ մը ետքը ցցունեմ քեզի, ու աչքէ անցնես պատերազմի պատրաստուած բանակդ. եկո՛ւ երթանք, տէր, ու գիտցիր հաստատ, որ Դաւթին քով բան մը չկայ:

ՏԵՍԻԼ Գ

ԴԱՒԻԹ, ՍԱՒՈՒՂ, ԱԲԵՆՆԵՐ, ՅՈՎՆԱԹԱՆ

ԴԱՒԻԹ. Բայց միայն անմեղութիւնը:

ՍԱՒՈՒՂ. Ին՞չ կը տեսնամ:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜վ երկինք. ի՞նչ ըրիր:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Ա՜յ յանդուգն:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Հա՛յր…

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՜վ տեսիլ:

ԴԱՒԻԹ. Տէր իմ արքայ, դուն աս գլո՞ւխս կ՚ուզես` քու շատոնցուան փնտռածդ, ահա կը բերեմ քեզի. կտրէ գլուխս:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՜հ, ի՞նչ կը լսեմ… Դաւիթ… Դաւիթ, աստուած մը քեզի հետ կը խօսի. աստուած մը զքեզ հոս բերաւ ինծի:

ԴԱՒԻԹ. Այո՛, արքայ, այն աստուածը, որ զիս, երբ դեռ մանուկ էի, ամբարտաւան ու գոռոզ երկաթներով պատած հսկայազօր Գողիաթին դիմացը հանեց. այն աստուածը, որ ետքէն քու զէնքերուդ այնչափ յաջողութիւն տալով` յաղթութիւն յաղթութեան վրայ դիզեց, ու իւր անքննելի խորհրդովը իմ տկար ձեռքովս մեծամեծ գործեր հաճեցաւ կատարել. այո՛, նոյն ինքն աստուած զիս հոս քեզի կը բերէ յաղթութեան հետ: Ինչպէս որ կ՚ուզես, ընդունէ զիս, իբրեւ զօրական կամ իբրեւ զօրավար, եթէ այնչափ կարժեմ: Կործանի նախ թշնամին, ցնդի, փարատի սաստկաշունչ հողմէ մը այն մառախուղը, որ քու գահիդ չորս կողմը պատեր է. ու ետքը մահուամբ վարձատրէ զիս Սաւուղ… այն ատենը հրաման տուր, «մեռնի Դաւիթը» ու մէկէն Աբեններ սպաննէ զիս: Ես ո՛չ սուրը ձեռքս կ՚առնեմ, ո՛չ վահանը. չի վայլէր ինծի, որ մեծազօր արքայիս դիմացը խոնարհ աղաչանքներէն, սիրալիր մեծարանքէ ու համբերող անմեղութենէն ուրիշ զէնքեր գործածեմ: Եթէ աստուած կամի, գուցէ աւելի արժանի ըլլամ մեռնիլ իբրեւ քու որդիդ, քան թէ իբրեւ թշնամիդ: Ահաւասիկ Իսահակ, մեր հօրը` Աբրահամու որդին ալ, Սաբեկայ լեռան վրայ պատրաստուէր էր նուիրել իւր արիւնը, մինակ հնազանդութիւնն էր իւր զգացմունքը, ո՛չ ցաւն եւ ո՛չ կսկիծ, հայրը մէկ ձեռքը վերուցեր էր զինքը զոհելու համար, ու անիկա մէկալ ձեռքը կը համբուրէր: Սաւուղ տուաւ, Սաւուղը կ՚առնէ. անով իմ անունս հըռչակուեցաւ, անիկա զիս մոռացութեան մէջ կը թաղէ, անիկա մեծ ըրաւ, անիկա հիմա ալ կ՚ոչնչացնէ զիս:

ՍԱՒՈՒՂ. Ո՜հ, ի՞նչ խօսքեր են ասոնք որ շատոնցուընէ աչքս կուրցունող մշուշը կը պատռեն. ինչպէս զօրաւոր կը հնչեն սրտիս մէջ: Դաւիթ, դուն կտրիճ կը խօսիս, դուն քաջ եղար, ո՜վ Դաւիթ, բայց հպարտութեամբ համարձակեցար դուն նախատել զիս ու զքեզ կանգնել Սաւուղայ կործանեալ փառքին վրայ, գողնալ իմ պարծանքներս ու իմ լուսովս փայլիլ. թէեւ ես քու տէրդ ու թագաւորդ չըլլայի, միթէ կը վայլէ, որ պատանի զինուորը ծեր պատերազմողը արհամարհէ. դուն աս բանիս մէջ մինակ մեծանձնութենէ պակսեցար, քու վրադ Իսրայէլին աղջիկները կ՚երգէին. «Դաւիթ հազար զարկաւ, Սաւուղ հարիւր»: Ա՜հ, դուն այս սիրտս սաստիկ խոցեցիր, Դաւիթ, ինչո՞ւ դուն ալ անոնց պատասխան չի տուիր. «Իր կտրիճ տարիքին մէջ չէ՛ թէ հազար, այլ հազարներ կը զարնէր Սաւուղ. անիկա զիս փառաւորեց»:

ԴԱՒԻԹ. Ո՜հ, իրաւ այդպէս կ՚ըսէի ես. բայց անիկա, որուն ձեռքն է քու սրտիդ բալլիքները` Աբեններ, աւելի զօրաւոր ձայնով մը կը խոսէր քեզի: Շատ զօրացած է Դաւիթ ժողովրդին բերնին ու սրտին մէջ. դուն, թէ որ զանիկա չի մեռցնես, ո՞վ կրնայ սանձել զինքը, Սաւուղ: Ինչո՞ւ աւելի ճշմարտութեամբ չէիր ըսեր թագաւորին, ո՜վ Աբեններ «Դաւիթ ինձմէ շատ լաւ է, անոր համար կ'ատեմ ես զինքը, ու կը նախանձիմ ու անոր մահը կ՚ուզեմ»:

ԱԲԵՆՆԵՐ. Անօրէն, երբ դուն գաղտուկ գացիր քու մարգարէներուդ ժողովքին մէջ, որ ծածուկ ժանտ որոգայթներ լարէք ձեր տիրոջը` արքային դէմ, ու երբ փղշտացուոց գիրկը նետուելով` պիղծ թշնամիներուն մէջ պիղծ օրեր կ՚անցնէիր, ե՞ս ըսի քեզի, չէ նէ դուն գործեցիր. դուն ինձմով թագաւորին աչքը չմտա՞ր մի, ո՞վ յորդորեց Սաւուղը զքեզ իրեն փեսայ ընելու, ո՞վ, բայց մինակ Աբեններ:

ԱԱՒՈԻՂ. Կրնա՞ս, Դաւիթ, սուտ հանել Աբեններին ըսածները. ըսէ՛, այլազգիներուն քովը գացողը դուն չէի՞ր մի, ու ժողովուրդս ապստամբութեան գրգռողը. դուն շատ անգամ իմ կեանքս ալ չուզեցի՞ր մի դաւաճանել, քու տիրոջդ ու երկրորդ հօրդ:

ԴԱՒՒԹ. Ահա՛ իմ տեղս թող ասիկա պատասխանէ, քու ծիրանի զգեստիդ կտորը կը ճանչնա՞ս, ա՛ռ ու տես քուկինդ չէ՞ մի:

ՍԱՒՈՒՂ. Տո՛ւր տեսնամ, ի՞նչ է այս. այո՛, իմինս է, ուսկի՞ց առեր ես դուն:

ԴԱՒԻԹ. Քու զգեստիդ վրայէն այս սրովս կտրեցի ես ասիկա: Կը յիշե՞ս դուն, տէր, երբ դուն իմ մահս փնտրելով՝ անգթութեամբ կը հալածէիր զիս, մինակ ու անօգնական փախայ, պահուըտեցայ ես Ենքադդայ քարայրին մէջ, ուր դուն քու զօրքերդ ապառաժ դրանը քով պահապան դնելով` հանգիստ քունի մէջ թաղուած էիր. բա՛բէ, սիրտդ արեամբ ու ոխութեամբ լեցուած, ու դուն հանգիստ քուն կը քնանայիր. տե՛ս, ինչպէս կը ծիծաղի աստուած մարդկանց խորհուրդներուն վրայ: Քեզ հոն զարնել, սպանել ու մէկալ դռնէն փախչելէն դիւրին բա՞ն կար, այո՛, շատ դիւրին էր ինծի. ձեռքի զգեստիդ կտորը կը վկայէ: Դուն մեծազօր արքայ զօրականներով պատած, աքսորուած անարգ տղու մը ձեռքը ինկած էիր, բայց ո՞ւր էր քաջն Աբեններ, ասա՞նկ կը ծառայէ իր թագաւորին: Տե՛ս, որուն վրայ դրեր ես քու յոյսդ, եւ որուն դէմ բարկացեր ես: Հիմա գո՞հ ես մի արքայ. իմ անմեղութեանս ու տիրասէր զգացմանցս յայտնի նշան է ասիկա, ու Աբեններայ քիչ հաւատարմութեանը ու չարասէր եւ անխնամ պահպանութեանը:

ՍԱՒՈՒՂ. Յաղթեցիր, որդեակ իմ, ա՜հ, յաղթեցիր. տես Աբեններ ու լուռ կեցիր:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Ո՜վ խնդութեանս, ո՜վ ուրախալի օր:

ԴԱՒԻԹ. Ա՜հ, հայր իմ, հայր:

ՍԱՒՈՒՂ. Այո՛, ցնծութեան եւ յաղթութեան օր է այս օրս, կ'ուզե՛մ, որ դուն այսօր սպարապետ ըլլաս զօրքիս, իմ հրամանս է, թո՛ղ գլուխ ծռէ Աբենները: Ուրիշ նախանձ չունենաք դուք, բայց եթէ շատ թշնամի կոտրել. Յովնաթան, դուն քու սիրոյ եղբօրդ քովը գտնուիս դաշտին մէջ, քու կենացդ երաշխաւորը Դաւիթն է, ինծի ու անոր կենացը` դուն:

ՅՈՎՆԱԹԱՆ. Թէ որ Դաւիթ զօրապետ է, իւր երաշխաւորն ինքն աստուած է:

ՍԱՒՈՒՂ. Բաւական է ալ, եկու որդեակ, պատերազմէ առաջ հանգչէ քիչ մը վրանին մէջ. երկար պանդխտութեանդ ցաւերը մոռցնէ քեզի սիրուն հարսդ, եկէ՛ք երթանք:

Ձգի վարագոյրն