Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՆԴԷՍ Ե

ՏԵՍԻԼ Ա

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՎԱՂԵՐԻՈՍ, ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ, ԲՐՈՒՏՈՍ

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ո՜ հռովմայեցիք, պայծառ եւ զուարթ ծագեցաւ ձեզի երէկ արեւը. երբ այս ատեն ազատութեան առաջին ձայները կը հնչէին օդոյն մէջ, ես ցաւոցս մէջ ընկղմած` լուռ կեցեր էի: Այս չարադէպ օրուանս մէջ, աւա՜ղ, ուրիշ պաշտօն մը կը մնայ ինծի կատարելու, որովհետեւ մեծ Բրուտոսին հետ հաճեցաք զիս հիւպատոս ընտրել: Կը յիշէ՞ք դուք ամէնքնիդ ալ ձեր ատեանին մէջ ըրած երդումնիդ. մեռնիլ մանաւանդ, քան թէ Տարկուինեանց վատ լուծին տակ նորէն մտնալ: Երդուընցաք նաեւ` հալածել ու ջնջել օրինաց բռնութիւն ընողը. բայց միթէ կրնա՞ք հաւատալ. ձեր դիմացը, ես, նախ եւ առաջ` կը պարտաւորիմ ամբաստանել շատ մը հզօր եւ երեւելի քաղաքացիներ, վատանուն, անօրէն եւ երդմնազանց դաւակիցներ, որ թագաւորին կողմը բռնելով միաբաներ են Հռովմայ դէմ:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Թագաւորի՞ն, եւ ո՞վ են անոնք, ո՞վ են հռովմայեցի անուան անարժան, մատնիչ դաւաճանները. շուտ ըրէ՛, զրուցէ անուննին, որ կտոր-կտոր ընենք զիրենք:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ահ՜… երբ անոնց անունը լսէք, թերեւս, ո՞վ գիտէ… կը դողամ ես, երբ միտքս կը բերեմ: Աւելի գթութիւն պիտի խնդրեմ ձեզմէ, քան թէ անաչառ արդարութիւն: Գրեթէ ամէնն ալ երիտասարդ են, դեռ անփորձ գերութեան խիստ վիճակին, որուն մէջ գտնուեցանք մենք, ու ապականեալ արքունեաց թունաբեր շքոյն տակ մեծցած՝ բռնաւորութեան պտուղները ճաշակեցին առանց անոնց դառնութիւնը զգալու:

ԺՈՂՈՎՈԻՐԴ. Ո՛վ ըլլան նէ, ըլլան, երդմնազանց ու մատնիչ են, արժանի չեն գթութեան, թո՛ղ կորսուին: Ազատութիւնը կ՚ուզէ, որ շուտով կտրուին, նորաշէն քաղքին փտտած անդամները. զրուցէ՛ անուննին, իմանանք:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Յանցաւորները շատ են, սակայն միեւնոյն կերպով յանցաւոր չեն ամէնն ալ. կան ոմանք, որ կը մերժեն գերութիւնը, ու լի է սիրտերնին ազնուական զգացումներով, բայց նենգաւոր Մամիլիոսէն չար հնարքներով մոլորեալ եւ խաբուած:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՞ւր է ատ անօրէն Մամիլիոսը. ո՜վ կատաղութիւն, ո՞ւր է:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Մութը չկոխած` քաղքէն դուրս հանել տուի զինքը, վասնզի այդպէս կը պահանջէր ազգաց սուրբ իրաւունքը: Հռովմայ արդարասէր ժողովուրդը իրաւունք կը յարգէ, ու հաւատարմութիւնն է մեր ազատութեան հիմքը:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Իմաստութեամբ գործեցիր` ազատելով զինքը մեր կատաղութեան ձեռքէն, եւ անարատ պահել տալով մեզի արդարութիւնը: Աստուածներն ու առաքինութիւնը թո՛ղ մեր կողմն ըլլան, ու վատ բռնաւորաց դրօշոյն տակ թո՛ղ ժողվուին մատնութիւն, վատութիւն եւ երկնային արդար բարկութիւն:

ՈՄՆ. Բայց իրենց նզովեալ գանձերը պէ՞տք է իրենց դարձնենք, որպէսզի Հռովմայ վնասուն գործածեն. բռնաւորաց ձեռքը սուրէն աւելի, ոսկիէն պէտք է վախնալ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Իրաւ է. պէտք չէ, որ այդ գանձերը զէնք մը դառնան վատերուն ձեռքին մէջ, բայց մերինն ալ չըլլան. ի՞նչ պիտի ընենք ոսկին մենք, որ մէջքերնիս սուր ունինք, ու կուրծքերնիս` ազատութեան ամուր զրահը:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Մոխիր դառնան բռնաւորաց գանձերը, եւ կամ թափուին Տիբերիոսին ալիքներուն մէջ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ու անոնց հետ ջնջուի բռնաւորաց յիշատակը:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Ու մեր գերութիւնն ալ:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ձեզի արժանի է այս որոշմունքը, շուտով պիտի գործադրուի ձեր կամքը:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Այո՛, բայց առայժմ յայտնէ մեզի դաւակցութիւնը եւ դաւաճանաց անունները:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ով երկինք, կը դողամ ես ու չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս սկսիմ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Բայց Բրուտոս լուռ եւ անշարժ կը կենայ, կարծես թէ արցունքի նշաններ կան աչուըներուն վրայ. ուրեմն` փութա՛ դուն խոսէ, Կոլլատինոս:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ո՜վ դառնութիւն:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Բայց ի՞նչ կը նշանակեն այս հառաչանքները. դուն Հռովմայ ազատարարը, Լուկրետիայի ամուսին եւ մեր հիւպատոսը չե՞ս, ո՜ Կոլլատինոս. միթէ՞ բարեկամ կ՚ուզես ըլլալ դուն ալ մատնիչներու. սիրտդ գթութեամբ կը շարժի անոնց համար, որ անգութ թշնամի են Հռովմայ:

ԿՈԼԼԱՏԻՈՍ. Երբ պիտի լսէք իմ խօսքերս, դուք ալ հաղորդ պիտի ըլլաք այն ցաւոց, որ կը կեղեքէ զիս. սարսափով, ապշութեամբ եւ գթութեամբ պիտի լեցուիք: Աս թուղթը Մամիլիոս Տարկուինեանց պիտի տանէր, դեռ ինքը Հռովմէն դուրս չելած. առի զայն ձեռքէն, եւ խոստովանեցաւ անօրէնը, որ ասոր մէջը ստորագրող քաղաքացիքը երդում ըրեր էին առաջիկայ գիշերուանս մէջ քաղաքին դռները բանալ թագաւորին:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ո՜վ սոսկալի մատնութիւն, սատկին չարերը, թո՛ղ սատկին:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Այդպիսի յանցանքին թեթեւ պատիժ է մահը:

ԿՈԼԼԱՏԻՈՍ. Թո՛ղ Վաղերիոս կարդայ ձեզի այս աղէտալի թուղթը. ահա՛ քեզի կու տամ, ա՛ռ, չեմ կրնար ես բերանս առնել այդ անունները:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Ին՞չ կը տեսնամ, ամէն մէկուն իւր առանձին ստորագրութիւնը աս թղթիս մէջն է. մտիկ ըրէք, հռովմայեցիք, Ագուիլիոս գլուխ է դաւակցութեան. ամէնէն առաջ իւր անունը գրուած է:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ամէն մէկուն ցըցուցի ես այս թուղթը, եւ ամէնն ալ խոստովանեցան ճշմարիտը. շղթայներով կապուած` հիմա ձեր դիմացը կու գան:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Անկէ ետքը…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Ին՞չ, զրուցէ՛:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Չեմ կրնար հաւատալ աչքիս. կը կարդամ չորս անուններ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Որո՞նք են:

ՎԱՂԵՐՒՈՍ. Բրուտոսին մերձաւոր ազգականներէն:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Վիտիլեա՞նք:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Դեռ ուրիշ անուններ ալ պիտի լսէք հիմա:

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Լսեցէ՛ք զատ-զատ ամէն մէկուն անունները. Մարկիոսեանք, Օկտաւեանք, Փապիոսեանք ու դեռ շատ մը ուրիշ անուններ… վերջինները սարսափով կը լեցնեն զիս, թուղթը ձեռքէս կ՚իյնայ…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Որո՞նք են արդեօք…

ՎԱՂԵՐԻՈՍ. Չէ՛, երբեք չեմ կրնար հաւատաք…

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ամէնէն ետքի ստորագրուող անունները Տիտոս եւ Տիբերիոս են:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Քու որդիքնե՞րդ… դժբախտ հայր, մահագուշակ օր:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բարեբախտ օր ձեզի համար. Բրուտոս քաղաքացիներէն ուրիշ որդիք ալ չի ճանչնար. երէկ բոլոր արիւնս Հռովմին համար թափելու երդում ըրի, այսօր պատրաստ եմ կատարելու զայն:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. Վա՛յ քեզ, ո՜վ Բրուտուս:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Բայց ի՞նչ, բոլոր հռովմայեցիք լուռ եւ ահաբեկ կեցե՞ր են. ամէնքնիդ ալ Բրուտոսին վրան կը դողաք, բայց ո՞վ աւելի մեծ վտանգի մէջ կը գտնուի այսօր, ըսէք ինծի, Բրուտո՞ս, չէ նէ Հռովմ: Հոս ամէն մէկը ամեն բանէ առաջ Հռովմայ ազատութիւնը, ապահովութիւնը ու մեծութիւնը պէտք է հոգայ: Անգութ կոտորած ու գերութեան շղթայներ պատրաստեր են մեզի, ինծի կ՚իյնայ ձեզի համար դողալը, ուրեմն` թո՛ղ դադրին ձեր արցունքները, ես նաեւ պիտի ցուցնեմ ձեզի, թէ ինչպիսի հիմանց վրայ պէտք է կանգնենք յաւիտենական քաղքին ազատութիւնը:

ՏԵՍԻԼ Բ

ԲՐՈՒՏՈՍ, ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ, ՎԱՂԵՐԻՈՍ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ԴԱՒԱԿԻՑՔ, ՇՂԹԱՅՆԵՐՈՎ

ԲՐՈՒՏՈՍ. Մեծահռչակ օր մըն է այսօր Հռովմայ համար: Ո՛վ դուք չարեացապարտ գլուխներ, որ ձեր հայրենիքը իւր նորածին ազատութեանը մէջ ուզեցիք խղդել: Հռովմայ դիմացը կեցեր էք դուք. ջատագով կեցէք ձեր անձին եթէ կրնաք: Կը լսէ՞ք ամէնքնիդ ալ, ուրեմն` մահապարտ էք դուք. անդարձ վճիռ կ՚որոտայ ձեր գլխուն վրայ Հռովմ… սակայն կու լայ իմ իշխանակիցս, կը լռեն ծերակոյտն ու ժողովուրդը…

ՏԻՏՈՍ. Մեր մէջը միայն մէկը կայ, որ անմեղ պիտի մեռնի, ու անիկա իմ եղբայրս է:

ՏԻԲԵՐԻՈՍ. Չ՛է, մի՛ հաւատաք. կամ երկուքնիս ալ անմեղ, կամ երկուքնիս ալ յանցաւոր ենք. իր անուան քովը իմ անունս ալ գրուած է թղթին մէջ:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ո՛չ ոք անմեղ է ադ թղթին մէջի ստորագրողներէն:

ԿՈԼԼԱՏԻՆՈՍ. Ո՜ հռովմայեցիք. դաւաճաններուն մէջ կը գտնուին, իրաւ, այս թշուառ երիտասարդները, բայց նենգաւոր Մամիլիոսին թելադրութիւններէն խաբուեցան ու մոլորեցան, ուստի իրենց անուններն ալ ստորագրեցին` մինակ իրենց հայրը մահուանէ ազատելու համար:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ. ճշմարիտ կը խօսիս, ուրեմն, մինակ անոնք պէտք է ազատ ըլլան:

ԲՐՈՒՏՈՍ. Ին՞չ կը լսեմ, անիրաւութեան վրայ կ՚ուզէք ուրեմն հաստատել ձեր զօրութիւնն ու ազատութիւնը, վրէժխնդիր սուրը այնչափ յանցաւոր գլուխներ զարնելու ատենը մինակ պէտք է իմ որդուոցս խնայել որովհետեւ հիւպատոսի որդիքներ են. դաւաճաններու անուանց հետ իրենց անուններն ալ ստորագրուած են. կամ ո՛չ ոք, կամ ամէնն ալ պետք է մեռնին: Ներել ամէնուն՝ Հռովմայ կորստեանը փափագիլ է, արձկել միայն երկուքը` անիրաւութիւն մեծ: Աւելի գթութենէ, քան թէ արդարութենէ շարժեալ` Կոլլատինոս ուզեց արդարացնել զիրենք, ըսելով թէ` հայրերնին կ՚ուզէին ազատել, բայց ուրիշներն ալ, ո՛վ գիտէ, չէի՞ն ուզեր արդեօք ազատել իրենց հայրը, եղբայրը ու որդիքները. ուրեմն` միեւնոյն յանցանքով պարտաւոր են ամէնն ալ: Կրնայ հօր մը սիրտը դառնութեամբ ու անհուն ցաւով լեցուիլ իւր որդուոցը վրայ, բայց հիւպատոսին պարտքն է ապահով ընել նախ` հայրենիքը, ու ետքը` իւր որդուոցը դիակներուն վրայ իյնալ, մեռնիլ. անգութ, բայց արդար օրինակ մը պէտք է մեզի, աւելի զօրաւոր եւ ազատ ըլլալու համար: Զօրականք, թող յանցաւորները ամէնն ալ առաջ անցնին, ու իջնայ տապարը անոնց գլխուն վրայ: Սակայն սիրտս ալ չի դիմանար… կը մօտենայ ահաւոր պատուհասին ժամը… ինչուան հիմա հիւպատոսն էր, որ խօսեցաւ. դիտեցէք հիմա ամենաթշուառ հօրը ցաւագին վիճակը… տապարները կը պատրաստուին արդեն… ա՛հ, ծածկեմ իմ դէմքս, ներեցէք հայրական արցունքներուս, բայց աչուընիդ դարձուցէք անոնց վրայ. ազատ ու մշտատեւ կը կանգնի, կը բարձրանայ Հռովմ այդ արիւնէն:

ՎԵՐՋ