Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3. ԲԱՆԱՍԻՐԱԿԱՆ
       ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ: ՕՐԱԳԻՐ ԵՒ ԹԵՐԹՔ: ՄԱՅԻՍ 24: ԽՕՍՔ Մ՚ԱԼ:
       Գաղափարի սուին՝ գրիչ շարժել կարենալէս ի վեր, հոգւոյս ծալքերը մեկուսի թղթատելէ աւելի՝ կը սիրեմ հրապարակական ձայնարկութիւնները: Չեմ ուզեր նմանիլ անոնց, որոնք իրենց հոգւոյն կայծերովը աստղերուն հետ կ՚ընդհարին անձայն: Սակայն զբաղմունքս եւ ուրիշ պարագաներ շատ քիչ անգամ սոյն փափագիս լրմանը տեղի կու տան: Թէպէտեւ թատերաբեմի մը միջոցաւ հայրենեաց հսկայ դարերու աւերակաց մոխրոտ շունչն ուզեցի ըլլալ, բայց երեւակայութեան հեղեղներուն արտադրած սոյն կաթիլները ցնդեցան համր կամարի մը տակ: Հոգւոյս քրտունքն էին անոնք: Խօսքեր, որոնք հանճարներու ամպրոպին մէջ կը փսփսան թէեւ, բաւական է որ խօսին: Որչափ թերթեր բացուին՝ այնքան վհեր կը գոցուին:
       Այն, որուն խոկմունքը համասլաց սլաքներ կ՚արտադրէ , բնական է, որ երբ ասպարէզ նետուի, արձագանք մ՚ունի իր գաղափարին, քրքիջ կամ ծափ: Ես վայրկեան մը մտածեցի անուշադիր անցնիլ այն ժխորին մէջէն, եւ միայն ուշ դնել այն Ովկեանին, որ իմ ներսս կը փրփրի . այլ ո՛չ. հարկ է այն ծափահարին ձեռքը թօթուել եւ այն քրքիջին դէմ որոտալ: Սիրել եւ մաքառիլ: Ահա սրտիս ծալուցը մէջ երկու հրատառ բառեր, ճակտիս տակ երկու հրաբուխներ:
       Ահա իմ գաղափարս.
       Խառնել գահոսները, մօտել այն վհին, ուր ճառագայթը կը սոսկայ թափանցելու. վիհ մը, որ կը շնչէ, եւ գծուծ, գունատ եւ անզօր էակներու վխտում մը անոր աղիքը կը կազմէ. լոյս եւ ձեռք կը պոռայ նա: Այն վիհը մարդկութեան ահագին եւ խորունկ վէրքն է: Լոյսը եւ եղբայրութեան շունչն է անոր սպեղանին:
       Հոս կ՚ուզեմ խառնել նաեւ դարուց մոխրակոյտը եւ ի տես բերել այն մարած հրաբուխը, որ ասկից տասնեւինը դար առաջ վերանորոգութեան կայծեր սփռեց, այն կարմիր բլուրը, ուր լուսեղէն դիակ մը վառեցաւ ահաւոր ջահի մը պէս. այն արտօսրալից խորշը, ուր տիեզերքն յեղաշրջող սա փոթորիկը հեծկլտաց՝ «Սիրեցէք զ՚միմեանս»:
       Բայց աւա՜ղ որ Գողգոթան միջին դարը պիտակեց: Այն վսեմ փոթորիկը արեան ծովեր ալեկոծեց, փայտակոյտեր հրահրեց: Մենաստաններու մէջ մահաշշուկ հծծիւն մը սողաց: Տիեզերքի երակներուն մէջ ցուրտ սարսուռ մ՚էր այն:
       Խղճի շղթայ հիւսեցին կողմնակի չարաշշուկ գանչիւններ:
       Ա՜հ, ո՛րչափ այլայլեցին Աստուածաշունչ յեղափոխականին հագագը:
       Եւ դեռ մինչեւ հիմա միայն երկու իր ակնածութեամբ եւ հաւատարմաբար կը նային այն յեղափոխական հրաբուխին, երկնի աստղը եւ հիւղին փոշոտ լուսամուտը՝ նուաղեալ աչքի պէս:
       Ա՜հ, մինչեւ ե՞րբ մարդիկ թոյն ու խաւար պիտի շնչեն:
       Ե՞րբ պիտի լռէ թնդանօթը:
       Ե՞րբ պիտի սիրէ կղերն ալ:
       Ե՞րբ տիեզերք համեղբայրութեան վառարան մը պիտի ըլլայ:
       Ե՞րբ պիտի ծաւալի յամայն աշխարհ իր ամբողջութեամբը ԼՈՅՍԸ:
       Ե՞րբ:
       Արդեօք դեռ շատ դարե՞ր կան յոլովելիք:
       Ես կը տարակուսիմ, որ չըլլայ թէ աշխարհ իր երկանցը մէջ այս երազները յեղյեղած միջոցին ալեւորի եւ լուսածամ աստղերուն վարսերը թափթփին:
       Այլ ո՛չ, հարկաւ Աստծոյ մը ըմպած բաժակին մէջ պատրանք չի գտնուիր:
       ***
       Այս օրերս երբ Օրագիրը նորափետուր տեսայ, բերկրեցայ, համակրական նոր նշոյլ մը կ՚ընդշմարուէր հոն: Յիրաւի որչափ զմայլում ազդեց ինձ այդ կերպարանափոխութիւնը , ինչպէս շատերուն , երբ նա յառաջադիմութեան նշանաւոր քար մը կ՚առնէր եւ իր մէջ կը փայլէր հայկական լեզուին կորովը: Կը շնորհաւորեմ այդ հսկայ քայլը:
       Օրագիր հրապարակ իջնելէն ի վեր Հայ հասարակութիւնը զայն համակրութեամբ ընդգրկեց, վասնզի Օրագիր, վսեմ եւ ազատ գաղափարներ արտաշնչեց: Անշուշտ այս անգամ ալ, որ հայկական լեզուով ոգեւորուեցաւ, ազգն իրաւամբ իր համակրական ընդգրկումը պիտի ամրապնդէ: Հասարակաց կարծիքը չկրնար ուրանալ այն շահերը, զորս ազգը քաղեց ազգային թերթերէն, որոնց գլխաւորներէն Մասիս իր հայկաբանութեամբը, Մանզումէ իր յախուռն գաղափարներովը եւ Օրագիր իր հասուն խորհրդածութեամբքը բաւական լոյս ու շահ ջամբած են ազգին: Հրապարակական թերթերն ազգի մը յառաջադիմութեան թեւերն են: Լուսաւորեալ դարու փառաց դափնիներ: Մելանը խաւարի սեւ արիւնն է: Ծծենք միշտ զայն: Հոգեսպառ ընենք. տապալենք խաւարը: Խաւարի արեանը մէջ լուսոյ զէնքեր թաթխենք, գրիչներ: Յարգենք գրիչը, ինչպէս հսկայն իր զէնքը, քահանայն իր խաչը: Յառաջադիմական խոկմանց ծալերով ծանրացած ճակատներ յանձնենք մեր հողակոյտին: Այս է մարդկութեան պարտքը: Իրաւ է որ Մամուլնիս ամուլ չէ: Բայց ինձ այնպէս կ՚երեւի, որ Հայութեան կենաց ծառէն մէկ֊մէկ տերեւ կ՚ընկնի, երբ անընդհատ նոր թերթեր ծնանելնուն հետ կը մեռնին: Ասոր պատճառն այն է, որ մեր հասարակութիւնը չը յարգեր նոր ասպարէզ նետուող գաղափարի մը դողդոջումը եւ թոթովումը, կ՚ուզէ որ յանկարծ արծուի մը պէս թեւարկէ եւ ովկեանի մը պէս մռնչէ: Անհնար է այս: Ովկեանն անգամ ատեն մը կաթիլ մ՚էր: Վերջապէս խօսքերնիս եզրակացնենք:
       Վարժարան եւ տպարան, ասոնք են մեր զարգացման վառարանները. ասոնցմէ մարդ , մայր ալ հասկնանք , եւ գիրք դուրս տալ աշխատինք: Եթէ ամէն հայ մարդ եւ ամէն գաղափար գիրք ըլլան՝ այն ատեն մեր յուսացած իրականացեալ ազգն ենք:
       Երջանիկ եւ անմահ ազգ մ՚ենք:
       ***
       Վարդի եւ արշալոյսի ամսուն՝ Մայիս 24ը կը մօտի : Կրակոտ յիշատակի մը սրտագրաւ թուական: Տես սա կապոյտ եթերին ձիւնատիպ ամպիկը. տես սա Վոսփորի խաժագոյն ալին . ձգե՛նք, եղբա՛յր, թող երկին ու ծով իրարու նային:
       Տես սա կանաչագեղ թաւուտքը: Շուք եւ փսփսուք ունի . ձգե՛նք, եղբա՛յր, թող հոն սիրեն: Տես սա դափնեզարդ եւ դրօշաւոր շոգենաւները, որոնք Վոսփորի խաժագոյն լանջը պատռելով կը թռչին: Անոնց մէջ խուռն ու զուարթ ամբոխ մը կայ: Հոն սրտերը շոգենաւին անիւներէն ուժգին կը բաբախեն: Կարծես թէ եռանդը զիրենք կը տանի, քան թէ շոգենաւին մեքենայն: Հոն կիներ ալ կան: Հաստատուն աստղերու պէս զիրենք շրջապատող մոլորակներուն լոյս տուող էակներ: Ծածանող դրօշակներ, բոցավառ ճակատներ, դիւթեալ նայուածքներ, կցկտուր ձայնարկութիւններ, նուագարանաց թրթռումներ…:
       Ո՜հ, ուր կ՚երթայ այս սրտագրաւ շէնքը:
       Հոն, ուր կան նաեւ ամպիկներ, ալի, թաւուտք, շուք ու փսփսուք: Գեղ, գոյն, բոյր, ամէն բան կայ հոն: Բայց հոն ա՛յլ է սէրը: Հոն շատեր զիրար կը սիրեն, հոն հոգիները կը սիրեն, հոն հայրենիք մը կը սիրեն: Հոն կայսերաշնորհ Սահմանադրութեան մը յիշատակը կը տօնեն: Հոն ազգային հանդէս մը կը կատարուի:
       —Այդ շոգենաւը նետուինք ուրեմն, եղբա՛յր, որ կարծես թէ Վատիկանը զարնող շանթէն շուտ այն սրբավայրը կ՚ուզէ նետուիլ, հոն, ուր հոգիներու բուրում մը կը ծաւալի: Ազգային հանդէսները ազգի մը շնչառութիւններն են:
       Բայց բա՜բէ: Ո՛րչափ կարճ կը տեւէ այս սիրային օրը: Արեւը կը փութայ իր ճառագայթները լերանց գագաթը մարելու: Իսկոյն օդը կը տարաժամի, մինչդեռ սրտեր դեռ կը բաբախեն եւ շուրթեր դեռ կը դողդոջին խօսելու համար:
       Շոգենաւները կը սուլեն: Բաժանում կը գուժեն:
       Տեսե՞ր էք այն ալին, որ հանդիսականները ի ծով կամ ի վերադարձ հրաւիրելու համար ծովափին աւազներուն վրայ կը շփշփայ:
       Լսե՞ր էք այն հսկայ ծառերուն սօսափած տխուր «երթայք բարեաւ»ը, որոնք իրենց շուքին տակ հիւսուած մտերմութեանց վկայ հանդիսացան:
       Յիրաւի դառն է այս ժամը: Բայց ամբողջ տարի մը դառն չըլլալու համար երանի թէ այն բոցավառ ճակատները չը մարին, երբ այն օրուան վերջալոյսը հորիզոնին վրայ մարի:
       1871