Վարդ եւ Շուշան կամ հովիւք Մասեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ
       Արշալոյս. Պարէտայ տանը պարտէզը. Քարէ աթոռակներ.
Աջ կողմը Պարէտայ տունը։
       Տեսիլ Ա
       ՊԱՐԷՏ եւ ԳՈՒՐԳԷՆ (տեսարանը մտնելով)
       ՊԱՐԷՏ. Ի՞նչ է խնդիրքդ, խօսէ, ծերունի՛դ Գուրգէն, գիտես որ երբեք քու խնդիրքներդ մերժած չեմ...
       ԳՈՒՐԳԷՆ. Գիտե՞ս ո՜րչափ քաղցր է զաւակ մը...
       ՊԱՐԷՏ. Անտարակոյս, զաւակ մը հօր մը կեանքն է...
       ԳՈՒՐԳԷՆ. Եւ զաւկի մը արցո՞ւնքը...
       ՊԱՐԷՏ. Կարծես թէ հօր մը մահուան փոսը կը փորէ, ինչպէս որ ինձ ալ պատահեցաւ... Որդիս այն գիշերուընէ ի վեր, յորում դու ճամբուն վրայ վիրաւորեալ տեսնելով հոս բերիր, այն գիշերուընէ ի վեր միշտ կ՚արտասուէ իր սիրուհւոյն՝ Շուշանին համար, զոր որբ ճանչելով մանկութենէ ի վեր իմ տունս կը պահէի։ Շիտակը ըսելով, ես ալ կու լամ այն անմեղ աղջկանը կորստեանը վրայ, զոր զաւկի պէս կը սիրէի, եւ քանի մը շաբաթէ ետքը զինքը իմ որդւոյս հետ ամուսնացնելու միտք ունէի... Բայց, աւա՜ղ...
       ԳՈՒՐԳԷՆ. Քանի որ գիտես, թէ որչա՜փ դառն է այս վիշտը, ուրեմն մտիկ ըրէ... Երէկ դաշտէն տնակս դարձայ, աղջիկս զիս տեսնելուն պէս գիրկս նետուեցաւ։ Ես չի նշմարեցի բնաւ, թէ իր այտերն արտասուաթոր էին. քիչ ատենէն սրտիս վրայ թացութիւն մը զգացի. վեր առի աղջկանս գլուխը եւ տեսայ, որ յուշիկ մնջիկ կ՚արտասուէր... «Ի՞նչ ունիս, դուստր իմ», ըսի սոսկմամբ։ Իսկ նա... «Թշուառ եմ, հայրի՛կ», պատասխանեց։ Այս խօսքը զիս խռովեց, կուրծքիս վրայ սեղմեցի իւր անուշիկ դէմքը եւ «Խօսէ, ի՞նչ ունիս» հարցուցի... Ինքը «Կը սիրեմ» բառը արտասանեց եւ արտասուքն իր խօսքն ընդմիջեցին... Վերջապէս իր բերնէն առի, թէ քու որդիդ՝ Վարդը, կը սիրէ եղեր։
       ՊԱՐԷՏ. Իմ որդի՞ս...
       * համար կ՚ապրիմ, աղջկանս ժպիտներուն մէջ է իմ կեանքս... Այս մազերը, որ մէկ մէկ վշտով ճերմկցեր են՝ փետտելով իւր ոտիցը տակ կը սփռեմ՝ եթէ ասանկով իր երջանկութիւնը ստանալս գիտնամ։ Ես ամէն վայրկեան մտատանջութեան մէջ եմ, որ չըլլայ թէ դժգոյն շրթունքներս աղջկանս շիրմին ցրտութիւնն զգան։
       * եթէ ընդունի, թէ դու երջանիկ կ՚ըլլաս եւ թէ ես...
       ԳՈՒՐԳԷՆ. Ո՜հ, օրհնեալ ըլլաս, առաքինիդ Պարէտ, որչա՜փ բարեսիրտ ես... Հիմա ժամանակն անցած է. ես դաշտ կ՚երթամ, իրիկունը կը տեսնուինք... Մնաս բարեա՜ւ (ձախ կողմէն կը հեռանայ)։
       ՊԱՐԷՏ. Երթաս բարեա՜ւ (խորէն կը հեռանայ)։
       Տեսիլ Բ
       ՎԱՐԴ (առանձին)
       * , որոնք յաւիտենական սէր մրմնջեցին... չեմ կրնար դիմանալ ես այս կարօտուն , կենացս օրերը սրտիս խորերը վիշտ տպաւորելով կ՚անցնին. առաւօտեան ցօղի կաթիլները մէկ մէկ արտասուք են աչացս եւ ծաղկունք՝ մէկ մէկ տխուր յիշատակներ... Սիրուհւոյ մը յիշատակը միշտ կը տանջէ զիս... Միայն շիրիմը պիտի կարենայ սիրտս վշտերէ արգելուլ (դաշոյնը կը հանէ). ուստի թող այս դաշոյնը ծակէ սիրտս, ալ թո՛ղ մեռնիմ ես... (ինքզինքը զարնելու կըլլայ, Պարէտ վրայ կը հասնի եւ կը բռնէ):
       Տեսիլ Գ
       ՎԱՐԴ եւ ՊԱՐԷՏ
       ՊԱՐԷՏ. Կեցիր, ի՞նչ կ՚ընես, որդեա՛կ, կը մոռնա՞ս քու խղճալի հայրդ, չե՞ս գիտեր ի՞նչ կ՚ընես իրեն...
       ՎԱՐԴ. Ա՜հ, թո՛ղ որ մեռնիմ ես, հա՛յր իմ, թո՛ղ որ երթամ իմ անձկալիս գրկեմ։
       ՊԱՐԷՏ. Ուրեմն քու ալեւոր հօրմէ՞դ աւելի կը սիրես զինքը։
       ՎԱՐԴ. Ո՛չ, հա՛յր իմ, բայց առանց իրեն չի պիտի կարենամ ապրիլ ես։
       * երջանիկ ըլլաս. ի՞նչ ընէ հայրդ այն ատեն մինակ՝ աշխարհիս վրայ, զո՞վ իբր սփոփանք՝ իւր գրկացը մէջ սեղմէ. միայն զքեզ ունի, դու ես իր միակ զաւակը, այն ատեն որո՞ւն գրկացը մէջ հանգչեցնէ իր ալեւոր ճակատը... համբերէ՛, որդեա՛կ իմ, գուցէ դեռ կ՚ապրի Շուշան, թերեւս օր մը գայ զքեզ գտնելու... եւ եթէ զքեզ մեռած գտնէ, այն ալ թշուառ պիտի ըլլայ . համբերէ՛, անշուշտ երկինք օր մը կը լսեն մեր աղաչանացը... բայց, որդեա՛կ իմ, եթէ կը սիրես քու հայրդ, ջնջէ՛ սրտէդ Շուշանայ յիշատակը եւ պիտի տեսնես որ դու եւ ուրիշներն ալ երջանիկ պիտի ըլլան։
       ՎԱՐԴ. Ի՞նչպէս...
       ՊԱՐԷՏ. Գուրգէնայ աղջիկը զքեզ կը սիրէ եւ գիշեր ցորեկ քեզի համար կ՚արտասուէ եղեր, դու գիտես թէ ինչ գեղեցիկ եւ պարկեշտ աղջիկ մ՚է։
       ՎԱՐԴ. Կը ցնորի՞ս, հա՛յր իմ, ե՞ս ջնջեմ սրտէս Շուշանայ յիշատակը եւ ուրիշ մը սիրե՜մ... Եւ այն ատեն հովիտներն ու անտառներն լեզու պիտի ելնեն եւ «սիրադրո՜ւժ» աղաղակելով նախատանաց փուշեր պիտի սփռեն ոտիցս ներքեւ... Այն լուսինը, որ մեր սիրոյն վկայն եղաւ, ամպերու ետեւ պահուըտած, ատելութիւն պիտի սնուցանէ ինծի դէմ... Ո՜հ, ո՛չ, չեմ կրնար մոռնալ զինքը եւ իր սէրը... Ինչո՞ւ արգիլեցիր զիս մեռնելէ, հա՛յր իմ, այս վայրկենին գուցէ մեր հոգիները զիրար կը գգուէին, գուցէ Շուշանայ գիրկն էի ես հիմա։
       ՊԱՐԷՏ. Եւ քու հա՞յրդ... Եւ այն ատեն քու ալեւոր հօրդ վշտահար սիրտը գերեզմանիդ ցրտասարսուռ քարին վրայ սառիլ սկսեր էր... Ո՜հ, հիմա կը հասկնամ, որ զիս չե՛ս սիրեր եղեր, Վարդ։
       * արտասուքը ականջիս քով պիտի մրմնջեն... Իր արտասուաց ամէն մէկ կաթիլը մէկ մէկ խղճի խայթ պիտի ըլլայ սրտիս... Շուշանայ շրթունքներէն, ուսկից միայն համբոյր կը բխէր, այն ատեն անէծք պիտի թօթափին... Իր աչացը մէջ, ուր միայն ժպիտք կը խայտային, այն ատեն ատելութեան շանթեր պիտի փայլատակին... Ո՜հ, ի՜նչպէս ուրիշ մը սիրեմ, հա՛յր իմ։
       ՊԱՐԷՏ. Եթէ ուրիշ մը չե՛ս սիրեր, ուրեմն դադրէ՛ ալ հառաչելէ, որպէսզի քու հայրդ ալ դադրի վշտանալէ. չե՛մ բռնադատեր զքեզ, որդեա՛կ իմ, որ ուրիշ մը սիրես, այլ կը փափագիմ, որ ալ յուսահատ ու տխուր չի տեսնեմ զքեզ... Եթէ արտասուաց կաթիլ մը շողշողէ աչացդ մէջ, եթէ խղդուկ հառաչանք մը թռչի շրթունքներէդ այսուհետեւ, գիտցիր որ քու ծերունի հայրդ ալ պիտի սկսի գերեզմանին աստիճանները չափել...
       ՎԱՐԴ. (արտասուալից) Ո՜հ, անկարելի է, հա՛յր իմ... Եթէ այդպէս է, ուրեմն կը թողում ես այս տնակը եւ լեռնէ լեռ կը թափառիմ, որպէսզի դու իմ յուսահատութիւնս չը տեսնես... կը հեծեմ միայնակ գերեզմաննոցներուն խորերը, ինչուան որ արտասուքս եւ հառաչանքս դադրին... եւ սեւ հողեր ծածկեն իմ գլուխս։
       ՊԱՐԷՏ. Ո՛հ, չէ՛, որդեակ իմ, իմ գիրկս եղի՛ր, իմ գիրկս հեծէ՛, ես ալ քեզի հետ պիտի հեծեմ... Դու արտասուօքդ թրջէ այս ալեւոր ճակատը եւ ես ալ իմ արտասուախառն համբոյրներովս ծածկեմ քու քաղցր դէմքըդ... Ո՜հ, մի զատուիր իմ գրկէս, ա՜հ, երբե՛ք, երբե՛ք, զաւակս...
       ՎԱՐԴ. Չէ՛, չէ՛, հա՛յր իմ... Դադրէ՛... Ես միշտ քու քովդ պիտի ըլլամ...
       ՊԱՐԷՏ. Օրհնեա՜լ ըլլաս, իմ սիրուն զաւակս... Բայց խոստացիր, որ ես քու քովդ չեղած ժամանակդ ալ չի պիտի լաս։
       ՎԱՐԴ. Կը խոստանամ, հա՛յր իմ, ապահով եղիր...
       ՊԱՐԷՏ. Շատ աղէկ, որդեա՛կ իմ, այդպէս քու հայրդ ալ երջանիկ կ՚ընես (տանը դռնէն ներս կը մտնէ). խե՜ղճ Գուրգէն...
       Տեսիլ Դ
       ՎԱՐԴ (առանձին)
       Խե՜ղճ հայրիկ... Որչա՜փ վշտացուցի զինքը... Շուշա՛ն, տես քու սիրոյդ համար հօրս ցամքած աչքերէն արցունք հոսեցուցի... Ո՜հ, գիտեմ որ դու հօրմէս քաղցր ես ինծի, երբ յուշիկ մնջիկ գիրկս կը ննջես... երբ «կը սիրեմ զքեզ» խօսքը միշտ ականջիս կը կրկնես... Շա՜տ քաղցր ես դու, ո՜հ... շա՜տ քաղցր... (ձեռօքն երեսը ծածկած աթոռակի մը վրայ կը նստի յուսահատ)։
       Տեսիլ Ե
       ՎԱՐԴ (Սուրմակ աղքատի զգեստով ձախ կողմէն կը մտնէ)
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Տեսնենք քիչ մ՚ալ այս արհեստը ձեռք առնենք, աւազակութիւնը դժուար է եւ վտանգաւոր, իսկ այս արհեստը՝ դիւրին եւ անվտանգ... թէպէտեւ Շուշան կը սիրէ զիս, բայց դարձեալ ոսկիէն չեմ կրնար բաժնուիլ... Քանի մը ժամանակէ ի վեր է որ վրաս տարօրինակ ագահութիւն մը տիրած է (Վարդը տեսնելով ), կարծեմ Վարդն է սա... որչա՜փ թշուառ է... օ՜ն, պաշտօննիս կատարենք. Վարդ բաւական հարուստ է... Հիմա լալ ձեւացնելու եւ ցաւալի դիպուած մը յօրինելու է. այն ատեն ոչ միայն դիմացինս յարտասուս կը շարժեմ, այլ քսակն ալ կը պարպեմ. ահա երջանիկ արհեստ մը, որով մարդ ստակի տէր կ՚ըլլայ առանց չարաչար յոգնելու... (կը մօտենայ)։
       ՎԱՐԴ. Ինչո՞ւ համար եկեր ես հոս, բարի մարդ, ի՞նչ կը խնդրես... ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (լալ կեղծելով) Եթէ զիս աղէկ մը դիտես՝ կը հասկնաս հոս գալուս պատճառը...
       ՎԱՐԴ. Կարծեմ աղքատ ես եւ ողորմութիւն խնդրելու եկած ես...
       * փոքրիկ տղաքներ ունիմ առանց մօր, երկու երեք օր կայ որ դժբախտութեամբ աջ թեւս կոտրեցաւ եւ աշխատութեամբ սնունդ հայթայթելու անկարող եմ, երկու օր կայ որ ես անօթի, տղաքս անօթի՝ թշուառութեան մէջ կը տառապինք... Փոքրիկ խեղճերը բոլորտիքս ժողվուած «Հայրի՛կ, անօթի ենք» ըսելով կու լան կ՚ողբան... Ո՞ր հօր սիրտ կը դիմանայ ասանկ ողորմելի տեսարանի մը... Քանի մը անգամ յուսահատութենէս ինքզինքս սպաննել ուզեցի, բայց տղայոցս ապագայ վիճակը նախատեսելով՝ ետ կեցայ դիտաւորութենէս եւ սկսայ տունէ տուն ողորմութիւն խնդրել. շատերը վռնտեցին զիս, հազիւ քիչ մը ստակ ժողվեցի, եւ ան ալ տուն տարած ատենս աւազակները կողոպտեցին... ա՜հ, գոնէ դուն, գթած զաւակ, յանուն սիրելւոյդ ըլլայ, մէկ ողորմութիւն մը շնորհէ եւ ազատէ թշուառ ընտանիք մը։
       ՎԱՐԴ. Խե՜ղճ մարդ, առ սա քսակը եւ գնայ շուտ տղաքդ խնամէ... սա քսակը, որ քեզ կու տամ, իմ բոլոր հարստութիւնս է (քսակ մը կու տայ)։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. (առնելով) Շնորհակալ եմ ազնի՛ւ զաւակ... Աստուած զքեզ սիրելեացդ գրկէն չի բաժնէ... Մնաս բարեա՛ւ։ (Գացած ատեն) Խե՜ղճ Վարդ, իր սիրուհին յափշտակելէս զատ քսակն ալ առի. գործերնիս աղէկ սկսաւ... Տեսնենք... ( երթալու ատենը Մարիամ դիմացն կ՚ելնէ, Սուրմակ զայն տեսնելով կ՚աճապարէ եւ Մարիամ սոսկման ճիչ մը արձակելով կը նուաղի)։
       Տեսիլ Զ
       ՎԱՐԴ եւ ՄԱՐԻԱՄ
       ՎԱՐԴ. Ի՞նչ եղաւ այս կինը, պիտի ճանչեմ ես զինքը... Մա՜յրս, այո՛, մա՜յրս է... Ի՞նչ խորհրդաւոր տեսարան... այս մարդը ո՞վ էր արդեօք (զայն գրկելով) մա՛յր իմ... մա՛յր իմ... ի՞նչ եղար յանկարծ... խելքդ գլուխդ բեր, խօսէ...
       ՄԱՐԻԱՄ. (սթափելով եւ զայն դիտելով) Աստուա՛ծ իմ... զո՞վ կը տեսնեմ...
       ՎԱՐԴ. Մի վարանիր, մա՛յր իմ, քու որդիդ՝ Վարդն է գրկացդ մէջ։
       ՄԱՐԻԱՄ. Կը խաբես զիս, միթէ չը մեռա՞ւ Վարդ այն սեւ գիշերը։
       * տեսքը խռովեց զքեզ։
       * հակառակորդը չի ճանչեր... (բարձր) Մարդադէմ հրէշ մ՚է նա, որ այս ողորմելի կերպարանօք...
       ՎԱՐԴ. Հրէ՜շ մը... Ճշմարի՞տ կ՚ըսես...
       ՄԱՐԻԱՄ. Ինչո՞ւ համար եկած էր հոս...
       ՎԱՐԴ. Եկաւ, «խղճալի եմ» ըսելով քսակս առաւ գնաց։
       * ...
       ՎԱՐԴ. Քու խօսքերդ սոսկումն կ՚ազդեն ինձ, մա՛յր իմ... ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, չեմ հասկնար...
       ՄԱՐԻԱՄ. Ըսել կ՚ուզեմ, որ ես ալ քիչ ատենէն այն անօրէնին ոտիցը պատուանդան եղող դիակներէն մէկն պիտի՛ ըլլամ... Անօրէն մ՚է նա, նա է որ քու մայրդ գրկէդ յափշտակեց, նա է որ քու սիրուհիդ գրկէդ յափշտակեց...
       * Շուշանս յափշտակե՛ց... (ձախէն վազելով):
       ՄԱՐԻԱՄ. Կեցի՛ր, կեցի՛ր... Ո՜հ, գնաց ( ինքզինքին գալով) արդեօք ստուգիւ որդի՞ս էր որ տեսայ, եթէ ոչ՝ գերեզմանէն փախած անհանգիստ ստուեր մը, որ սիրուհին կը փնտռէ։
       Տեսիլ Է
       ՊԱՐԷՏ եւ ՄԱՐԻԱՄ
       ՄԱՐԻԱՄ. Վա՜րդ, չըլլա՜յ որ սպաննէ զինքը, ի՞նչ ըրի ես...
       ՊԱՐԷՏ. Զաւա՜կս սպաննէ... Ի՞նչ կ՚ըսես, կին դու...
       ՄԱՐԻԱՄ. Զաւակս մարդասպանի մը գիրկը կը վազէ, ազատենք։
       ՊԱՐԷՏ. Ի՞նչ պատահեցաւ Տէ՛ր Աստուած, բայց ո՞վ ես դու...
       * մայրը...
       ՊԱՐԷՏ. (զարմացմամբ) Մարիա՜մ...
       * . Որ ամուսնոյն ծնկացը կը փարի (վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       *