Արտաշէս Աշխարհակալ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ ԾՈՎԵԶՐ
       Տեսիլ Ա
       ԿՐԻՒՍՈՍ, ԿԱՄԱԴՐՈ Ս, ԶՕՐԱՎԱՐՔ, ԶՕՐԱԿԱՆՔ , ՆԱՒԱՍՏԻՔ։
       ԵՐԳ ԾՈՎԱՅԻՆ
       Ահա արեւն ոսկեվարսիկ
Կը փողփողէ զալեօք ծըփին,
Եղբա՜յրք յաղթ քաջ. ինչո՞ւ սարսինք
Մեր թշնամիքն ալ սիրտ ունին։
       Մեր երակներն ունին արիւն,
Մեր սուրերը՝ մահու հարուած,
Մեզ համար է փառք, յաղթութիւն,
Թշնամին մեզ ջնջել ջանաց։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Տէր արքայ, ահա կը սկսի երկինքը ամպոտիլ հեռաւոր հորիզոններէն ցոլմունք կը տեսնուին, փոթորիկը պիտի պայթի, Պոսիդոն մեզի հետ է, օ՜ն, թշնամիները պիտի շանթահարէ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Կամադրոս, այս սեւ ամպերն Արտաշէսի բանակին ստուերն են եւ այս լոյսերն ու ձայները Արտաշէսի ծիծաղները... Խնդացէ՜ք, ո՜, Հայեր, քիչ մը ետքը պիտի լաք, Լիւդական ալիները ձեր արցունքը պիտի ծծեն եւ կարմիր կոհակներ պիտի թաւալին Լիւդական եզրերուն վրայ հեծկլտալու... Արտաշէս չզգար, որ Կրիւսոս մը կայ, Կրիւսոս մը, որ Արեւմուտքը դողացուց, Արեւելեան փառասէր մ՚ալ իր թագը փառաց զոհելու կու գայ... Թող գայ... Երկու թագերու մէջ արեւ մը կայ, մինչդեռ երկու սուրերու մէջ՝ ճաճանչ մը... կը յաղթահարէ այն, որ սիրտ ու սուր ունի, կը լսէ՞ք. Լիւդացիք, Կրիւսոսի փառքը ձերն է, եթէ իւր ճակատը դափնեայ պսակով մը կը պճնուի՝ հիւսողը դուք էք... Իմ թագս եւ ձեր սուրը ահեղ զօրութեամբ մը իրարու միացած են, մէկը՝ պատկառ, միւսը՝ սոսկում... Զարնե՛նք, հարուածե՛նք՝ մինչեւ որ ճակատագիր մը որոշուի... Յոյսը անվրէպ եւ աննկուն հարուած ու յաղթանակ կ՚ենթադրէ... Աստուածները մեզ յոյս տուին. մեր վահանը ա՛յն է, մեր նախնիքը մեզ սուր տուին. մեր ուժն ա՛յն է. արեան վերջին կա՛թիլն անգամ թափել. մեր յաղթութիւնն ա՛յն է. եթէ քայլ մը ետ երթանք՝ այն քայլ մը տեղը ձեր անձուկ գերեզմանն է, վա՜յ անոր, որ չը սիրեր հայրենիքն ու սուրը, վա՜յ անոր, որուն սրոյն վերայ կը ցամքին արեան կայլակները եւ վա՜յ անոր, որ առանց սպաննելու կը զարնուի, Լիւդացի չէ, վա՛տ է այն։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Տէր արքայ, ահա կոհակները կը բարձրանան եւ դեռ թշնամեաց նաւերը չեն երեւար, անշուշտ Պոսիդոնի անդունդները լափեցին զանոնք։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Նայէ՛ սա կողմը, ծովուն վրայ արծուի երամ մը կ՚եռայ, անոնք Արտաշէսի նաւերն են, կը քալեն դէպի մեզ երկաթէ թեւերով։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց խիստ բազմաթիւ են, տէր իմ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Արիութի՜ւն, Կամադրո՛ս, քիչ մը առաջ զիս կը քաջալերէիր։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Սիրտս չը զարներ, ո՜վ Կրիւսոս, սուրս կը զարնէ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Պաշտպանենք գահս եւ Լիւդիան... Չըլլայ որ այս կատաղի կոհակները զմեզ ոչնչութեան ովկիանոսը թաւալեն. պատմութեան էջերը չողբան Լիւդիան, այլ արցունքի տեղ մարգարիտներով դրուագուի Լիւդիոյ ճակատագիրը... Թող Արտաշէս ալ վայրկեան մը վարանի իր ճակատագրին վրայ... Ա՜հ, եթէ մէկ մը մինակ գտնէի զինքը դիմացս՝ երազ չէր ըլլար, յաղթութիւն կ՚ըլլար մէկ մը այս նաւին բարձրէն տեսնէի իրեն կոհակաց մէջ սուզիլը՝ Արեւելք իմս կ՚ըլլար... եկէ՛ք, եկէ՛ք, երկու փոթորիկներ իրարու թող զարնուին։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ամպերուն ետեւ պատրաստ են աստուածոց շանթերը, տէր արքայ, երբ երկու գունդեր իրարու զարնուին՝ այն ատեն պիտի պոռթկան...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ի՞նչ է սա, որ կոհակէ կոհակ կը գլորի... Հոն... Կամադրո՛ս։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Նաւակ մը, դէպի այս կողմը կու գայ կարծեմ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Չըլլայ որ մեր մարդիկներէն ըլլայ։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Գուցէ Արտաշէսի կողմէն պատգամաւոր կու գայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Բայց աղէկ դիտէ մէջը նստողը... Կին... Այո՛, կին մ՚է կարծեմ, այնպէս չէ՞ Կամադրոս։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Այո՛, տէ՛ր իմ... տե՛ս կոհակներու սոսկալի գօտի մը նաւակին կողին կը սպառնայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Նայէ՛, թեւերը բացած մեր օգնութիւնը կ՚աղերսէ։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ա՜հ... Կոհակը ծածկեց նաւակը... Ամէն բան աներեւոյթ եղաւ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Տե՛ս, գլուխ մը կ՚երեւայ ալիքներուն մէջ... նոյն կինն է, դէպի հոս կը յառաջանայ լողալով։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ի՜նչ արիութիւն, ո՛վ երկինք... Քիչ քիչ կը մօտենայ։
       ՁԱՅՆ ՄԸ. Օգնութի՜ւն, օգնութի՜ւն, ես Արտաշէսի թշնամին եմ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Կը լսե՞ս, Կամադրո՛ս, Արտաշէսի թշնամին... Ազատե՞նք։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց չըլլայ որ կեղծ խօսքով մը ազատի։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Սակայն կին մ՚է, ի՞նչ կրնայ ընել մեզ... Ազատենք։
       ՁԱՅՆԸ. Ազատեցէ՛ք վրէժխնդիր կին մը... Կը խեղդուիմ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Նաւաստի՜ք, օ՜ն, ազատեցէ՛ք այդ կինը... ( նաւաստիները ծովը կը նետուին եւ քիչ մը ետքը Որմզդուխտը ազատելով նաւը կը բերեն)։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Շո՛ւտ ըրէք, խեղճ կնոջ բազուկները թուլցան։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Մրցեցէ՛ք, այլակերպ ձուկեր։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ահա կը հասնին... բռնեցին... Ազատեցաւ, տէր արքայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Զարմանալի է այս, Կամադրո՛ս։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Դաւադրութիւնէ մը միայն կը վախնամ, տէր իմ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Քիչ մը ետքը ճակատագիր մը կ՚որոշուի, ի՞նչ դաւ կ՚ըլլայ, զօրապետ... Բայց ո՞վ է այս կինը... Արտաշէսի թշնամին... արդեօք Արեւելեան թագուհի մ՚է։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ես ալ ատոր վրայ կը զարմանայի, բայց բաւական է որ Արտաշէսի թշնամին ըլլայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ա՜հ, եթէ յաղթութեան գաղտնիք մը բերէր իր հետը։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Մեր սուրը, տէր արքայ, յաղթութեան գաղտնիքն է, մեր հարուածներն ալ՝ յաղթութիւն... Արտաշէսի նաւե՜րը...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Դեռ հոն են... բայց միշտ կը մօտենան։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ահա այն կինը, տէր արքայ։
       Տեսիլ Բ
       ՆՈՅՆՔ եւ ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. (ծունր գալով) Ո՜վ թագաւոր, ազատեցիր կին մը, որ միայն վրէժխնդրութեան համար կը շնչէ, ուրուական մը, որ բոցավառ շունչ մը եւ կայծակի հարուած մ՚է, սիրտ մը, որուն անցեալն է սէր եւ աղօթք, ներկայն՝ հեռ եւ վրէժ... Դու փրկեցիր գերեզմանին բոցերէն վրէժխնդիր կին մը, կին մը, որ Արտաշէսի արեան վտակին մէջ կ՚ուզէ տեսնել անցելոյն յիշատակները եւ իր որդւոյն պատկերը, իր վերջին արցունքը խառնել այն կարմիր ալիներուն զովանալ եւ մեռնիլ... Օրհնեա՜լ ըլլաս, ո՜վ թագաւոր, ընդունէ՛ քու յաղթութեան եւ փառաց դրօշակիդ տակ զինուորական կին մ՚ալ... Թէ որ զինավարժութեան մէջ հարուածել չեմ սորված՝ սիրոյ մէջ սորված եմ հարուածել... Կուրծս՝ ասպար, թեւս՝ սուր... Կ՚ընդունի՞ս։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ո՜վ անծանօթ կին, դու Արտաշէսի արիւնը միայն տեսնել կ՚ուզես, ուրեմն, պիտի տեսնե՛ս...
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Բաչց ո՛չ... Ես ալ կ՚ուզեմ հարուածել...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Իր դիակը կրնաս հարուածել։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Վատ չեմ ես, արքայ, կ՚ուզեմ որ հարուածը արիւնոտ ըլլայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Արեանը մէջ թաթխէ սուրդ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Բայց կ՚ուզեմ որ հարուածին տակ վշտագին ձայն մը ըլլայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ուրեմն պատերազմել եւ սպաննե՞լ կ՚ուզես։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Այո՛, վրէժ առնել... Սուր մը տուր ինձ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Առ սուրս (կու տայ):
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Օրհնեա՜լ ըլլաս։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Տէ՛ր արքայ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. (առ Կամադրոս) Բայց այս տարօրինակ կին մ՚է... Կամադրոս, գուցէ Արէսի մէկ հրեշտակն ըլլայ այս մարդկային գծուծ կերպարանօք ծպտեալ... Սոսկալի գաղտնիք մը կը փալփլի այս կնոջ նայուածքին մէջ։
       * ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Քիչ մը ետքը Արէս յաղթութեան մէջ կը ցոլայ... Տէր իմ։
       * դժգոյն ճակատ մի պիտի ըլլայ... Թագը՝ քեզի, դիակը՝ ինծի... Կը զարմանաս կնոջ այս հարուածին վրայ, սակայն կին մը եղիր, սիրէ եւ ատէ. սիրոյ մէջ՝ կեանքդ եւ ատելութեան մէջ՝ թագդ կու տաս... Արտաշէ՜ս, եկո՛ւր, աշխարհակալի մը սուրը ձեռքս եւ բազուկներ ունիմ բոլորտիքս, սուր եւ բազուկ, որոնք արեւներ ծածկեցին եւ մթագնեցին։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Բայց ո՞վ ես, կին դու։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Քու զինուորականդ, որ ընդունեցիր։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Այլ անկէ առաջ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Արտաշէսի թշնամին։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Արտաշէսի թշնամին չեղա՞ծ դեռ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Մի՛ հարցներ... մի՛ մտներ, ո՜վ թագաւոր, գեղեցիկ անցելիւս թարշամ ծաղկանցը մէջ, որոնց ծոցը դեռ սքողուած են սիրոյ եւ աղօթքի առաջին եւ վերջին արցունքները... Վրէժխնդրութեան յաղթութեան, սուրի եւ մահուան վրայ խօսէ... Տեսէ՛ք, կը մօտենայ Արտաշէս... Սակայն չը դողաք... պիտի յաղթէք, անոնք ալ սիրտ, դուք ալ սիրտ, անոնք ալ սուր՝ դուք ալ սուր, անոնք ալ թագ՝ դուք ալ թագ, անոնք ալ մահ՝ դուք ալ մահ, եւ երկուքնիդ ալ միանգամայն երկինք ունիք, բայց Կրիւսոս իր անհուն բանակին մէջ աւելի զինուոր մ՚ունի։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Կին դու, եթէ երկնից աստղերը եւ այս կոհակներն ալ զինուին մեզի դէմ, Կրիւսոս եւ իր բանակը դարձեալ զէնք եւ զրահ կը ցոլացնեն անոնց դէմ... Արի՜ւն փառաց համար, ինչուան հիմա շատ ազգեր զինուեցան մեր դիմաց, բայց իրենց դիակներն ու սուրերը խրեցան Լիւդական եզերքներուն վրայ առանց իրենց ետեւէն հեծեծանք մը ձգելու։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Պատասխան տուէք, երկի՛նք եւ երկի՛ր, Արտաշէս մեռնելո՞ւ կու գայ։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Իր դահիճը պատրաստ է սուր ի ձեռին։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Իր գերեզմանը՝ ամեհի կոհակ մը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ձայն տուէք, աստուածնե՛ր, Արտաշէս յաղթելո՞ւ կու գայ։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Արդէն յաղթութեան պատգամ որոտացին աստուածները, տէր։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ճշմարիտ է, Կամադրո՛ս... Օ՛ն, կը մօտենայ թշնամին, միշտ կը քալէ դէպ ի մեզ, շողա՛ն սուրերը, չը դեղնեն ճակատները, չը դողդոջեն թեւերը... Զօրակա՛նք, հարուած եւ յաղթանակ... Վախը ձեր վատ դահիճն է, ի բաց վանեցէ՛ք սրտի ծալքերէն... Յոյսը ձեր երկրորդ կեանքն է... կը պարզեն ահա թշնամիք իրենց դրօշակները, պարզենք մենք ալ մեր ճակատն ու սրտերը։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Զինուորական կինը չը դողար, իսկ դո՞ւք, արի՛ Լիւդացիք։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Երբե՜ք։
       * ԿՐԻՒՍՈՍ. Տեսէ՛ք... Հոն թշնամին, հոս մենք. երկու գնդի մէջ՝ երկու ազգաց փառազարդ ստուերները կը մենամարտին, գերեզման եւ անմահութիւն... չը տապալի անմահութիւնը... Ով որ կը սիրէ զայն՝ թող մեռնի հայրենեաց բաբախուն ծոցը... Լիւդացիք, այսօր չը յաղթուինք Հայէն, վաղը՝ մեռնինք։
       ՈՐՄԶԴՈՒԽՏ. Արտաշէսի գերեզմանին առկայծեալ ջահերուն հետ թաւալիլ... կը սիրեմ...
       ԵՐԳ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԱՅՈՑ
       (Նախ հեռուէն կը լսուի եւ կը շարունակուի մինչեւ որ տեսարանը մտնեն)
       Հայկեան արի հըսկայք, արիք,
Հելլէնական կու լան ալիք,
Նոցա նուազ գըծուծ բանակ
Մեզ կ՚աւետեն փառք յաղթանակ։
       Արդ թող սոսկան թէ մեք Հայ եմք.
Ազատ Մասեաց քաջ հսկայ եմք.
Թող ծածանի փառաց դրօշակ,
Խմենք, քամենք, արեան բաժակ։
       Տեսիլ Գ
       ՆՈՅՆՔ, ԱՐՏԱՇԷՍ, ՎՐՈՅՐ, ԽՈՍՐՈՎ, ԶՕՐԱՊԵՏՔ, ԶԻՆՈՒՈՐՔ եւ ԱՅԼՆ (Սոյն երգը երգելով նաւերով տեսարանը կը մտնեն. —Պատերազմի սկսելու նշաններ կ՚ըլլան, Երգը ինչուան վարագոյրը գոցուելուն կը շարունակուի. Որոտմունք, կայծակք եւ խաւար) (Վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       <(ՎԵՐՋ Դ ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ)>