Ասպատակութիւնք Պարսկաց ի Հայս կամ աւերումն Անի մայրաքաղաքին Բագրատուեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԿՐՈՐԴ ԹՈՒԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ
       Տեսարանն է Անի քաղաքին ներքնակողմը. Բագարատ իշխանի ապարանը փառաւոր սրահ մը. Խորը դուռ մը. Երկու կողմը պատուհան։
       Տէսիլ Ա
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ (առանձին)
       Ահա Անիի ալ զարկաւ իր ճիրանը անգութ Ալփասլան. ի՞նչ սոսկում է այս, որ բոլոր Հայաստանը պարածածկեր է. մթութիւն մը կայ բոլոր անմեղ ճակտի վրայ, սեւութիւն մը՝ ամէն սրտի մէջ... Ալ ամէն բան լմնցաւ Հայաստանի համար, ալ կը մարի բոլորովին Հայաստանի յուսոյ աստղին արիւներանգ լոյսը... Բագրատունեան անտերունջ վիճակին մէջ Տուղրիլի պէս ճիւաղ մը Հայաստանն անխնայ ոտնակոխ ընելէ վերջը իր սուրը կը ժառանգէ իր եղբայրը՝ Ալփասլան, որ Հայաստանի հոգին կը լափէ... Թաթո՜ւլ, քա՛ջդ իմ Թաթուլ, քեզ ալ Տուղրիլի անգութ սուրը լափեց... Պատերազմի արիւնոտ դաշտին վրայ, հեռու ինձնէ, ինծի մնաս բարեաւ ըսելէդ վերջը, այն տխուր մնաս բարեաւը կեանքն ալ ինծի կրկնեց, դեռ առագաստդ չի մտած՝ գերեզման իջար, եւ այն հարսանեկան քօղին տեղ, որ մեր գլուխները պիտի միացնէր, սգաւոր քօղ մը ձգեցիր ինձ. գոնէ գերեզմանի քար մ՚ալ չը թողուցիր, որուն վրայ գայի երբեմն լալու... Հայաստան, այս արիւնային ժխորին մէջ միմիայն յիմարը ազատ է ժպտելու ( Ապրսամ դռանը մէջ կ՚երեւի)։
       Տեսիլ Բ
       ՆՈՅՆ եւ ԱՊՐՍԱՄ
       ԱՊՐՍԱՄ. Նաեւ այն որ քաջ մ՚է. ո՜վ իշխանուհի։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Դո՛ւ ես, զօրապետ...
       ԱՊՐՍԱՄ. Մի՛ խորշիր, Զարմուհի, զօրապետէ մը՝ որ քու նշանածիդ հետ միեւնոյն պատերազմի դաշտին վրայ կռուեցաւ եւ միեւնոյն Պարսկական վէրքն առաւ, եւ եթէ Թաթուլ մեռաւ՝ ինքը դեռ ողջ է եւ կը սիրէ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Թաթուլը մեռած չէ՛ ինծի համար։
       ԱՊՐՍԱՄ. Պարսիկները զինքը գերի բռնած չսպաննեցի՞ն միթէ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Նա դեռ ողջ է ինծի համար։
       ԱՊՐՍԱՄ. Ո՞ւր է ուրեմն։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. (սիրտը ցցնելով) Հոս է, կանգուն հսկայի մը պէս, անմահ ճառագայթի մը պէս։
       ԱՊՐՍԱՄ. Զարմուհի, կը ցաւիմ որ կեանքիդ արժէքը չես գիտեր. ի զուր սէրդ սեւ երազներով կը մարես եւ գեղեցկութեանդ վարդերը, որ հսկաներու նայուածքն անգամ խոնարհեցնելու կարող են, դառն արցունքներով կը խամրես... Գեղեցիկ ես, Զարմուհի՛, սիրուէ՛ քաջէ մը, սիրէ՛ զինուոր մը, որ իր սուրէն առաջ կը սիրէ քեզ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Ես սիրեցի եւ դեռ կը սիրեմ, զօրապե՛տ... Մի՛ ջանար մեր սիրոյ դրախտին թովիչ օձը ըլլալ, դու՝ որ քու քաջագործութիւններովդ յարգելի ես ինձ, մի՛ ջանար քու սիրովդ ատելի ըլլալ... Ես երկնքի այն ջահալից խորանին առջեւ ուխտեցի Թաթուլը սիրել, մեռա՜ւ... կը յարգեմ իր յիշատակը ինչպէս կը յարգէ քաջ մը իր յաղթական սրոյն բեկորը. երբ յիշեմ՝ դառն է իր մահը, երբ լամ՝ քաղցր է իր յիշատակը. զօրապետ, մի՛ խռովեր սեւ ամպի մը պէս կնոջ մը երազը, ես առի մնաս բարեաւս սէրէն, առի մնաս բարեաւս աշխարհէն, եւ մտայ այն մենաստանը, ուր յիշատակները կը փսփսան... Ես ա՛լ միայն յիշատակի մը եւ հայրենիքի մը համար կ՚ապրիմ։
       ԱՊՐՍԱՄ. Կ՚ուզե՞ս որ անիծեմ այն արեւը, որ երկնքին մէջտեղ շողաց... Զարմուհի, լսէ՛ զինուորի մը, որ սուր մը եւ սիրտ մ՚ունի... Սուրս գոհ է, վասնզի իր տենչը կատարուած է, կշտացած է թշնամեաց արեամբը, իսկ սիրտս դատարկ է, դու պիտի լեցնես զայն քու սիրովդ... Դու կ՚ըսես ինձ, թէ գնա ուրիշ մը գրկէ, մինչդեռ զիս քեզի կը քաշես եւ կը կաշկանդես ոսկի շղթաներով։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Թո՛ղ զիս... զօրապե՛տ։
       ԱՊՐՍԱՄ. Կը սիրեմ զքեզ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Մի՛ կրկներ իմ ականջիս այդ աղէտալի բառը, որ դժոխոց բոցին նման կ՚այրէ զիս... Եթէ դեռ սրտիս խորը յուզես, սիրոյ տեղ ատելութիւն պիտի գտնես։
       ԱՊՐՍԱՄ. Անգո՜ւթ...
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Սէրը չէ, որ քու սիրտդ կը լափէ, այլ դժոխային բոց մը. դու սիրելէ աւելի կ՚ուզես քու զինակցիդ սէրը եւ յիշատակը սրբապղծել։
       ԱՊՐՍԱՄ. Զարմուհի՜...
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Հեռացի՛ր ինձնէ, եթէ չես ուզեր ատուիլ անկէ, զոր սիրել կը կարծես։
       ԱՊՐՍԱՄ. Ա՜հ, Պարսկի մը դաշոյնէն աւելի սուր են եւ կը խոցեն սիրտս քու խօսքերդ, Զարմուհի։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Յարգէ՛ զինակիցդ։
       ԱՊՐՍԱՄ. Ո՜հ, չեմ կրնար այն բոցին դիմանալ, որ իմ ներսս կը լափէ, եթէ ատելութեան տիպարն ալ ըլլաս՝ դարձեալ պիտի սիրեմ զքեզ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Զգուշացի՜ր, զօրապե՛տ։
       ԱՊՐՍԱՄ. Ա՜հ, մի՛ բարկանար, վասնզի աւելի գեղեցիկ եւ հրապուրիչ կ՚ըլլաս... Այն աչերուդ բոցերը, որ զիս նախատելու համար դուրս կը ցայտեն՝ սրտիս բոցերուն հետ կը խառնուին եւ աւելի ահաւոր կ՚ընեն հոս վառող հրդեհը։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Տե՛ս, զօրապե՛տ, ամէնքը մեր քաղաքը պաշարող Պարսկաց հետ քաջաբար կը պատերազմին, իսկ դու՝ որ քաղաքին զօրաց հրամանատարը պիտի ըլլաս...
       ԱՊՐՍԱՄ. Դադրեցո՛ւր նախ սրտիս պատերազմը։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Վերջապէս կը հրահրես կուրծիս տակ ատելութեան հուրը։
       ԱՊՐՍԱՄ. Այդչափ յամառ մի՛ ըլլար, Զարմուհի։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Գնա նախ պարտքդ կատարէ՛... Մինչդեռ մեր Անի քաղաքը Ալփասլանի զօրքերով պաշարուած՝ օր օրի վտանգն իրեն կը սպառնայ, մինչդեռ ամէն մարդ քաղաքին փրկութեանը համար ճիգ կը թափէ, մանուկը պաշարող բանակին քար կը նետէ, քահանայն կ՚աղօթէ, ծերը կը հսկէ, կինն իր ամուսինը կամ եղբայրը կը քաջալերէ, դու յանդուգն քայլ մը կը նետես այն սեմէն ներս՝ ուր մենակեաց վշտահար եւ քօղարկեալ կին մը կը տքնի եւ...
       ԱՊՐՍԱՄ. (ընդմիջելով) Ա՛լ բաւական է։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Գնա պարտքդ կատարելու, մի՛ թողուր որ սուրդ ժանգոտի եւ սրտիդ մէջ սպրդի դժոխային բոց մը. գնա հայրենիքդ պաշտպանելու, ջանա՛ որ յաղթական դափնիներով պսակեալ ճակատդ դժոխոց անդնդային սեմին չը խոնարհի, նայէ՛ երկինքը, ուր աստղը կը փայլի, անբիծ ըրէ սիրտդ այն աստղին պէս. քոյր մ՚է որ քեզի կը խօսի... Օ՛ն, դո՛ւրս ել այս սեմէն, ուր սգոյ քօղի մը տակ կը հեծէ վշտահար կին մը, որուն սրտի մէջ հայրենեաց յոյսն անգամ կը մարի, եւ դու աղէտալի սիրոյ մը հետքը կը փնտռես ընդունայն եւ կը ջանաս զիս վատ մը ընել, սիրադրուժ մը...
       ԱՊՐՍԱՄ. Ա՛հ, ո՛չ, Զարմո՛ւհի... այլ ո՞վ պիտի մարէ սրտիս այս հուրը, որ միշտ կը լափէ զիս։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Արցունքս, զոր ջերմաջերմ կը թափեմ դեռ իմ նշանածիս անհետ գերեզմանին վրայ։
       ԱՊՐՍԱՄ. Ա՜հ, այդ չէ՛ կարող։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Խիղճ չունի՜ս ուրեմն։
       ԱՊՐՍԱՄ. (ոտքն իյնալով) Միայն սէր կը զգամ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Ապրսա՜մ։
       ԱՊՐՍԱՄ. Զարմուհի՜։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Մէկը կու գայ։
       ԱՊՐՍԱՄ. (ոտք ելնելով) Ո՞վ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Հայրս։
       ԱՊՐՍԱՄ. Վերջին խօսք մը ուրեմն... ( Զարմուհի սպառնական նայուածք մը կ՚ուղղէ) Մնաս բարեա՜ւ (կը մեկնի)։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. (մինակ) Կ՚ուզէ որ ատեմ զինքը։
       Տեսիլ Գ
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ եւ ԲԱԳԱՐԱՏ
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Աստուա՜ծ իմ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Ինչո՞ւ խռոված ես, հայր իմ, ի՞նչ կայ, միթէ քաղաքնիս վտանգի մէ՞ջ է... Խօսէ՛...
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Զարմուհի, Աղկան իշխանը, որ միշտ ձեռնտուութիւններ կ՚ընէր մեզ՝ մագաղաթի մը վրայ անոնց խորհուրդները գրելով, գաղտնի մեր պարսպէն ներս կը նետէր, հիմա ալ նոյնպէս կը յայտնէ թէ Պարսիկները ահագին բաբան մը բերած են, որ 50֊60 լիտր ծանրութեամբ քար կը նետէ եղեր, եւ մեր պարիսպներն անով պիտի քարկոծեն... եւ այն բաբանը չը վնասուելու համար բամբակի հակերով պատսպարած են։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Միթէ ատոր հետեւանքը շատ ծանր կրնա՞յ ըլլալ...
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ի՞նչ կ՚ըսես, աղջիկս... Երեւակայէ՛ անգամ մը, վաթսուն լիտր ծանրութեամբ քար մը... եթէ պարսպին զարնէ...
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Մի՛ յուսահատիր, հա՛յր իմ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Եւ ի՞նչ յոյս կրնամ նշմարել... Բոլոր քաղաքին մէջ քարոզ կարդացուցի եւ իմացուցի թէ՝ ով որ յաջողի այն բաբանն այրել, զինքը մեծամեծ շնորհքներով պիտի վարձատրեմ, եւ եթէ ինքը Պարսից կատաղութեան ալ զոհ ըլլայ բաբանը մոխիր դարձնելէ վերջը՝ իր բոլոր ընտանիքը երջանիկ վիճակի մը պիտի հասցնեմ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Աղէկ խորհեր ես, հայր իմ, անշուշտ կը գտնուի քաջ մէկը, որ այդ ձեռնարկը գլուխ հանէ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Տեսնե՛նք... եթէ այս գործին մէջ ալ յաջողինք, ա՛լ քաղաքին դիմադրութեանը վրայ չեմ կասկածիր, մինչդեռ Պարսիկներն ալ մեծ կորուստ ընելուն համար շատ հաւանական է, որ քաղաքին առմանը վրայ բոլորովին յուսահատած մեկնին... Բայց եթէ այսպիսի գործ մը ստանձնող քաջասիրտ մէկը չը գտնուի, խիստ աղէտալի պիտի ըլլայ մեր վիճակը. մտածէ՛ մէկ մը, որ երբ անգութ Պարսիկն իր սեւ ոտքը քաղաքին սեմին վրայ դնէ, Անի՝ Բագրատունեաց այս գոռոզ, յաղթական եւ փառաւոր մայրաքաղաքը, որ այնչափ քաջաց օրրան հանդիսացած է, Հայոց ազգին վերջին տկար մնացորդին ահագին գերեզմանը պիտի ըլլայ... մոխրակոյտ մը... Աստուա՜ծ իմ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Մի՛ յուսահատիր, հայր իմ, դեռ չէ մարած հայրենասիրութեան վսեմ կայծը հարուածեալ Հայոց սրտերուն մէջ, թէպէտ բոլոր Հայաստանի հողին վրայ Հայոց արեամբը չը կարմրած ափ մը անբիծ հող չը մնաց, բայց դեռ Հայոց խաւարամած սրտին մէկ անկիւնը նուիրական եւ անբիծ խորշ մը կայ, ուր կը հրահրի հայրենեաց հուրը։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Իսկ մատնչութի՞ւնը... այդ չե՞ս ըսեր... եթէ Վեստ Սարգիսի պէս փառամոլ եւ ուրացող ճիւաղ մը չըլլար՝ հիմա Անի զուարթ էր, թագուհի էր, Բագրատունի թագաւոր մը կար իր թափուր գահին վրայ, Գագիկ՝ որ հիմա օտարութեան եւ պանդխտութեան մէջ կը հալի ու կը մաշի... Մերկացուցին Հայաստանը իր թագէն եւ փառքերէն եւ արդ սգալի ու անշուք դագաղ մը կը պատրաստեն անոր համար։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Իրաւունք ունիս, հայր իմ... Ա՜հ, երանի թէ ես ալ փոխանակ տկար եւ վախկոտ կին մը ըլլալու՝ հողի վրայ պառկող եւ սուրին կրթնող զինուոր մը ըլլայի եւ թուրս լոկ ընկեր առած խոյանայի արծւոյ մը պէս պատերազմի դաշտը, թափէի թշնամեաց սեւ կառափներ, ազատութի՜ւն պոռայի եւ զարնէի, իսկ երբ սուրս խորտակէր՝ անոր բեկորին վրայ ինկած, տայի շունչս հայրենեաց խոցեալ սրտին վրայ։ Աւա՜ղ, երբ զինուորի մը գոնէ բախտակիցը պիտի ըլլայի, բախտը խլեց զայն ինձնէ, թող չը տուաւ, որ գոնէ ինքը պատերազմի դաշտէն դարձաձ ատենը՝ ճակտին քրտինքը սրբէի եւ վէրքը կապէի։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Թաթո՜ւլը։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Այո՛ (կու լայ)։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Մի՛ լար, Զարմո՛ւհի, յանցանք է հայրենեաց նահատակի մը վրայ լալը։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Գոնէ իր վերջին մնաս բարովը լսէի իր բերնէն, համբուրէի իր վէրքը, սրտիս վրայ տար իր վերջին շունչը՝ փոխանակ անարգ թշնամեաց դէմ ոտնակոխ ըլլալու, գոնէ գերեզման մը ունենար, որ արցունքովս թրջէի։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Մի՛ լար անոր վրայ, մինչդեռ հայրենիքը ժպտեցաւ. միմիայն յարգէ իր յիշատակը։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Միշտ պիտի յարգեմ, հա՛յր իմ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ա՛ղջիկս, գոցենք Թաթուլի փառաւոր գերեզմանը եւ չը խռովենք իր դիւցազնական քունը եւ մեր արդի անորոշ կացութեանը վրայ խորհինք, ապագային ես պիտի ըլլամ պատասխանատու Անիի վերականգնմանը կամ կործանմանը, մեր պարսպին զարնող այն ահագին քարը խոր վէրք մը պիտի բանայ սրտիս մէջ... Արդէն այս տարաձայնութիւնը մեծ յուզմունք պատճառած է քաղաքին մէջ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Յուսա՛, հայր իմ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Դիւրին է յուսալ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Անշուշտ հնարք մը կը գտնուի... ինչպէս որ Պարսից այնչափ յանդուգն ջանքերն ի դերեւ հանող հնարքներ եղան։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Շատ անգամ այն Պարսիկ իշխանն էր օգնողը։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Անգամ մ՚ալ Աստուած կ՚օգնէ։
       Տեսիլ Դ
       ՆՈՅՆՔ եւ Տ. ՎԱՀՐԱՄ
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Այո՛, Աստուա՛ծ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ի՞նչ ըրիր, տէր հայր։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Ի՞նչ կ՚ընէ ծեր քահանայ մը. ժողովուրդը խրախուսել եւ աղօթել։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ի՞նչ վիճակի մէջ է ժողովուրդը։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Յուսահատ վիճակի մը մէջ էր, բայց ես քաջալերեցի զիրենք իմ տկար ձայնովս երկինք ցուցնելով եւ Ամենակալին բարութիւնը յեղյեղելով, որ իր բարկութիւնը մեր վրայ չը թափէ. ի՜նչ յանդուգն փափաք, կ՚ուզէք որ Աստուած կապէ Հայուն վէրքը, որ Հայը Հայուն կու տայ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Այնպէս է։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ուրեմն կը յուսահատի՞ս մեր կացութեանը վրայ։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Բնաւ. Յոյսը գերեզմանին դռանը մէջ անգամ կը շողայ... յոյսը Աստուծոյ ժպիտն է... Կը գթայ Աստուած, երբ երկնքի համապատկերը կը տեսնէ մարդուս վրայ, որ արցունքներով շողացող պայծառ աչօք իրեն կը նայի յուսալից. վա՜յ մեզի, որ երբ մեր քաղքին մէջ մատնիչ մը կը շնչէ եւ կը խոկայ անդունդը նայող սեւ ժայռի մը պէս։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ի՞նչ ընելու է ուրեմն։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Պէտք է հզօրի մը պէս ջանալ եւ խրախուսել տկարը... Ասով կրնանք թշնամեաց յանդուգն ջանքերուն դիմադրել. այս է մեր ընելիքը, եթէ դեռ թշնամին յաղթանակէ, Աստուծոյ կամքն է այն, գուցէ ալ շատ շնչեց եւ փառաւորեցաւ երկրիս երեսը Հայը, եւ գերագոյն կամքը կ՚ուզէ որ սորա հսկայ եւ փառաւոր անունը թաղուի իր երկրին հոյակապ շէնքերուն փլատակին ներքեւ, ինչպէս ուրիշ ազգեր եւ երկիրներ փշրեցան այն Աստուածային կամաց անդիմադրելի փոթորկին առջեւ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ա՜հ, սոսկալի է այդ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Ի՞նչ ահագին անդունդ մը պէտք է Հայը թաղելու համար։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Աստուծոյ ափ մը հողը կը բաւէ, Զարմուհի։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Հայը դեռ շատ կանգուն կը կենար, եթէ երակացը մէջ շրջան չառնէր իր հայկական արեանը խառնուած այն թոյնը, որ չեմ գիտեր ուսկից ժառանգած է... Իր ներքին վէրքերը Հայաստանը օրհասական ըրին եւ ո՛չ թէ թշնամեաց արտաքին հարուածները. կը զարմանամ թէ ինչպէ՞ս Հայաստան դեռ կը շնչէ կանգուն եւ դողդոջուն. եւ իր փեռեկտեալ ճակտին վրայ դեռ անջինջ կը կրէ ազգութեան դրոշմը... Հայաստանի փլատակաց մէջէն միշտ Հայու գլուխներ կը փթթին հետզհետէ։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Ազատութեան արմատ ձգած ծաղիկներն են անոնք, այն ազատութիւնը որ Հայկ իր նետովը հնչեցուց ու տարածեց եւ փառամոլ ուրացողք յանդգնեցան զայն իրենց սրտին մէջ խեղդել։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Անէ՜ ծք անոնց։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Դժոխք իրենց հետ կը խօսի, անոնք՝ որ երկրի վրայ երկաթէ շղթայ անցուցին ուրիշին, իրենք բոցեղէն շղթայ կը ժառանգեն հոն, ուր արդարութիւնը կ՚որոտայ իր ամէնէն ահեղ ձայնովը։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Միայն այն վատերը իցիւ թէ իյնային Աստուծոյ շանթէն՝ փոխանակ հայրենիքն ալ թաւալելու։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Հայաստան սնուց զանոնք։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ճշմարիտ է։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. (պատուհանէն նայելով) Հա՛յր իմ, քաղաքին մէջ ժխորը հետզհետէ կը բարձրանայ, եւ ժողովուրդը ալեկոծեալ ծովու պէս կը տատանի։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Արդեօք պիտի ներկայանա՞յ ինձ քաջ մը խոստանալու համար թէ ինքը պատրաստ է այն ահագին բաբանը այրելու ձեռնարկել։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Մանազկերտցիք ալ Մանազկերտի առջեւ պարսից մէկ ահագին բաբանը այրեցին հնարքով մը Տուղրիլի արշաւանց ժամանակ, բայց չեմ յուսար, որ Պարսիկք այս գործը դիւրութեամբ յաջողցնել տան մեզի։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Եթէ ձեռնարկողը մահը աչքը առնէ՝ զօրքերը իրենց վրանը քաշուած ժամուն կրնայ դեռ Պարսիկներն իր վրայ չը յարձակած այն ահագին բաբանը հրոյ ճարակ ընել եւ գուցէ ձեռքերնէն ալ փախչիլ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Չկայ արդեօք այդպիսի քաջասիրտ եւ հայրենասէր մէկը։
       Տեսիլ Ե
       ՆՈՅՆՔ եւ ԼԵՒՈՆ
       ԼԵՒՈՆ. Վեհա՜զն իշխան։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ի՞նչ կը խնդրես, ո՜վ պատանի։
       ԼԵՒՈՆ. Դու քաղաքացւոց մէջ քարոզ հանեցիր գտնելու համար մէկը, որ յանդգնի ի սէր հայրենեաց՝ Պարսից մեր քաղաքին դիմաց կանգնած եւ մեծ վտանգ սպառնացող այն ահագին բաբանն այրել։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Այո՛, եւ ձեռնարկողին մեծամեծ շնորհքներ խոստացայ, եւ եթէ ինքը մեռնի՝ իր ընտանեաց։
       ԼԵՒՈՆ. Ես շնորհքներ չեմ ուզեր եւ ոչ ալ ընտանիք ունեմ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Դո՜ւ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Աստուած իմ։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Քաջասիրտ տղայ։
       ԼԵՒՈՆ. Այո՛, ես որ որբ եմ, ո՛չ հայր, ո՛չ մայր եւ ո՛չ եղբայր ունիմ, այլ միայն թշուառ հայրենիք մը, ահա այն է հայրս, մայրս ու եղբայրս. հայրենիք մը ունիմ միայն, որ կը սիրեմ եւ զայն սիրելու համար կը զգամ, որ պէտք է մեռնիլ, մեռնիլ, խառնել իմ երակացս արիւնը այն դիւցազանց թափած արեան հեղեղներուն, որք իրենց աշխարհէն քշեցին տարին գերութեան ահագին շղթաները եւ անդունդը թափեցին։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Եկո՛ւր գրկեմ զքեզ սրտիս վրայ, ո՜վ նորատի դիւցազն։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Հայաստանի հրեշտա՜կը։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Անիի յաղթական բուրգը։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Պիտի կրնա՞ս յաջողիլ։
       ԼԵՒՈՆ. Եթէ Հայաստան դեռ պիտի ապրի։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Կ՚ապրի Հայաստան, եթէ քեզի պէս քաջեր ըլլան։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Երանի՜ քեզի, որ այդ նորատի հասակիդ մէջ հայրենեաց փրկարար մը պիտի հանդիսանաս։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Ա՜հ, հայրենասիրութիւնն ի՞նչ գեղեցիկ ճառագայթ մ՚է վեհ եւ անմեղ ճակտի մը վրայ (ահագին բոմբիւն մը կը լսուի խորէն) Աստուա՜ծ իմ։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Ահա առաջին հարուածը։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Սիրտ ա՛ռ քաջասիրտ տղայ։
       ԼԵՒՈՆ. Բանի մը պէտք չունիմ... օրհնութիւնդ, զինուորդ Աստուծոյ։
       Տ. ՎԱՀՐԱՄ. Օրհնեա՜լ ըլլաս, զաւակս ( ձեռքերը գլխուն կը դնէ)։
       ԲԱԳԱՐԱՏ. Պատրաստ ըլլանք . Վահրամի) դու գնա՛ եկեղեցի, տէ՛ր հայր, աղօթելու, ես ալ երթամ քաղաքացիքը քաջալերելու (Զարմուհիին) իսկ դո՞ւ։
       ԶԱՐՄՈՒՀԻ. Հայրենակցացս վէրքերը կապելու ( ամէնքը կը մեկնին. Պատկերը կը փոխուի)։
       ՊԱՏԿԵՐ Բ
       Անիի պարսպաց առջեւ դաշտակ մը. Տեսարանին խորը բաբանը. Պարսպին վրայ խոց մը կ՚երեւի։
       Տեսիլ Զ
       ԱԼՓԱՍԼԱՆ, ՈՐՏԵԼՄԷԶ եւ ԶՕՐՔ
       ԱԼՓԱՍԼԱՆ. Ահա մեր առաջին հարուածը պարսպին վրայ ահագին վէրք մը բացաւ, թող տեսնեն Անիցիք եւ իրենց փրկութեանը վրայ յուսահատած անձնատուր ըլլան առանց Պարսկաց յաղթական ճակատը քրտնելու։
       ՈՐՏԵԼՄԷԶ. Այսչափը բաւական է զիրենք ահաբեկելու, արքայդ վեհափառ... Քիչ մը ետքը պատգամաւոր մը կը փութայ հաշտութեան պայմաններ առաջարկել։
       ԱԼՓԱՍԼԱՆ. Բայց ես երբեք չը պիտի գթամ իրենց վրայ, այսչափ ատեն իմ զօրութեանս ընդունայն դիմադրելուն համար, ես այսչափ ժամանակի մէջ հարիւր քաղաք կապտած, քանդած եւ ջարդած էի... Մանազկերտի եւ պարսկաց վրէժը պիտի առնեմ բոլոր Հայաստան աւերակ դարձնելով, այսպէս ընդունեցի Պարսկաց թագը իմ դիւցազն Տուղրիլ եղբօրմէս. իր ցուրտ գերեզմանին եւ արեւին վրայ այս ահաւոր ուխտը կրկնեցի. ջնջել Հայաստանը։
       ՈՐՏԵԼՄԷԶ. Եւ պիտի յաջողիս, տէ՛ր արքայ։
       ԱԼՓԱՍԼԱՆ. Կ՚երդնում ահաւոր սրոյս վրայ։
       ՈՐՏԵԼՄԷԶ. Քու մէկ հրամանդ կը բաւէ՝ Հայաստանի Հայերը սարսելու։
       ԱԼՓԱՍԼԱՆ. Թող Հայաստանի աւերակները կրկնեն սոսկմամբ առիւծ Ալփասլանի անունը, ուր նա որոտաց. այս է այն յիշատակը, որ հոս պիտի թողում եւ հայկական Կմախք մը իմ շքեղապանծ գահիս պատուանդան։
       ՈՐՏԵԼՄԷԶ. Տէ՛ր արքայ, քեզ երախտապարտ պիտի ըլլայ Պարսկաստանի ապագայն։
       ԱԼՓԱՍԼԱՆ. (զօրաց) Դուք ալ գացէք, քաջեր, ձեր վրաններուն մէջ հանգչելու, եւ պատրաստ եղէք քիչ ատենէն այս գոռոզ քաղաքը կործանելու եւ կողոպտելու... (զօրքերը կը մեկնեն) քաջդ Որտելմէզ, մենք ալ երթանք հանգչելու, այս հարուածը բաւական է (կը մեկնի)։
       Տեսիլ Է
       ԱՂԿԱՆ (առանձին)
       Ահա Անիի պարսպին վրայ խոր վէրք մը, վերջապէս պիտի տապալի նա։ Ալփասլան կը կատղի՝ կարծելով որ իր բոլոր հնարքները քաղաքացւոց նախատեսութեամբը կը փճանան, չը գիտեր որ իր բանակին մէջ մատնիչ մը կայ, որ իր բոլոր խորհուրդները գաղտագողի քաղաքացւոց կը հաղորդէ... Ա՜հ, Զարմուհի, գեղանի աղջիկ, դու ես որ զիս այս մատնութիւնները գործադրելու կը դրդես... Անիծեալ ըլլայ այն օրը, որ քեզ տեսայ այդ պարսպին վրայ եւ սիրեցի. ա՜հ, կը սիրեմ ու կ՚ամօթհարիմ, կը մատնեմ եւ կը կատղիմ, անիծեա՜լ սէր... Պարսիկ մը Հայուհի մը սիրէ եւ անոր սիրուն իր հայրենիքը մատնէ՜... բայց սէրն ամէն բանի կը յաղթէ, պէտք է տեսնել զինքը (կը մեկնի)։
       (Պարսպին վրայ հետաքրքիր գլուխներ կ՚երեւին)։
       ՆԵՐՍԷՆ. Պատերա՜զմ, պատերա՜զմ։
       Տեսիլ Ը
       ԼԵՒՈՆ (Մինակ կ՚երեւի, ձեռքը նիզակ մը, որուն ծայրը մագաղաթ մը կը շարժի):
       ԼԵՒՈՆ. Պատգամաւո՜ր, պատգամաւո՜ր ( բաբանին կ՚ուզէ մօտենալ)։
       ՊԱՐՍԻԿՔ. (դրսէն) Բաբանը պիտի այրէ՜, բաբա՜նը. ( մեծ աղմուկ):
       ՀԱՅԵՐ. (պարսպին վրայէն) Փախի՛ր, Պարսիկները կը հասնին։
       ԼԵՒՈՆ. ( որ դիւրավառ հեղուկ մը բաբանին վրայ թափած էր, բաբանը կը սկսի բռնկիլ, Լեւոն կ՚ուզէ փախչիլ, Պարսիկները ամէն կողմէ զինքը կը պաշարեն) Պարսկաց ձեռք չեմ իյնար ( կը դառնայ շուտով եւ յանկարծ բաբանին բոցին մէջ կը նետուի եւ աչքերը երկինք յառելով կ՚աղաղակէ) Կեցցէ՜ հայրենիք ( Պարսիկները, որ զինքը պաշարած էին, ապշած եւ կայծակնահար կը մնան. վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       <(ՎԵՐՋ Բ ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ) >