Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3 <Առ Տ. Խորեն եպիսկոպոս Նար֊Պէյ>
       Գերապատիւ Տէ՛ր.
       Այն հանճարի եւ եղբայրսիրութեան արտափայլումները, ճակտի եւ սրտի ճառագայթներու այն շքեղ միացումը, որով կը սաւառնիք՝ կը դրդեն զիս Ձեր Սրբազնութեան դիմել, Ձեզ՝ յորում տնանկին՝ հաց եւ դիակին կայծ տալու կազմ հոգի մը կը վառի. Աստուծոյ տաճարի բուրվառ մը, անդնդոց մէջ կանգնած լապտեր մ՚է այն:
       Գերապատիւ տէր, Դուք Քրիստոսի ճառագայթը եւ միանգամայն հանճարի թեւն ունիք, կոյր մը չէ Ձեզ դիմողը որ աչերը բանաք , այլ մէկը որ ճակտին վրայ սեւ ամպ մ՚ունի. հիւղի մը հառաչն է այն, հոն ուր վառարանն ամայի է եւ սիրտ կը մխայ, հոն ուր կեանքը կը լռէ եւ քնարը կը հեծկլտայ:
       Շատ անգամ հանճարի փոթորկին մէջ խարխուլ հիւղի մը տախտակը կը տարուբերի լոկ. երբ այն փոթորիկը կը դադրի, աղիտալի վերջալոյսի մը մէջ վայրի ծառէ մը չոր տերեւ մը կ՚իյնայ. այն տախտակը անյուշութեան հողակոյտը յարդարող ցուրտ թի մ՚էր , եւ այն տերեւը գուցէ համաստեղութեններէն իյնող աստղի մը շուքը:
       Ի՜նչ, ի՜նչ հանճարներ հիւղին այն գահոսային սեմին վրայ խամրեցան կամ մարեցան. հասարակաց գերեզմաննոցներու մէջ հողակոյտներ կան, որոնք հրաբուխներ պիտի ըլլային, բայց կայծը սրտի թանձր խաւարին մէջ առանց երբեք հրահրելու թաղուած է…: Հանճարը վհին մէջ գանկ մը եղաւ, առանց մարդկութեան եթերին մէջ գիսաւոր մը ըլլալու:
       Ես ալ ժամանակէ մը ի վեր այն սեմին վրայ կը դողդողամ կամ կը պլպլամ առանց հանճար մը ըլլալու, այլ մարդկային յեղափոխական հրաբուխին բոլորտիքը դեգերող արիւնած աչք մը որ անոր կայծերը կ՚ընդնշմարէ՝ իր յօշոտած զոհին արեան կալեակները դիտող վագրի մը պէս: Ես կ՚ուզեմ այն յեղափոխական հրաբուխէն՝ այն սիրոյ հնոցէն՝ այն մարդկութեան արշալոյսէն՝ Գողգոթայէն ձգտիլ մինչեւ այն գահոսը ՝ այն գօս արմատը՝ այն մարդկութեան վերջալուսային տժգոյն հորիզոնը՝ հիւղը:
       Այլ բաւ հողէ կանթեղի մը հետ հսկեցի առանձին , ալ բաւ սրտիս կայծերովը աստղերուն հետ ընդհարեցայ անձայն, ալ բաւ քրտանց ճակտիս վրայ սառիլը զգացի. կը նետեմ ոտքս ահա դուրս այն նսեմ սեմէն եւ նախ Ձեզ՝ Սիրոյ պաշտօնէիդ կը դիմեմ:
       Ձեր Սրբազնութիւնը, նշանաւոր առթիւ մը, համակրական տեսակցութեան մը պատիւը ինձ տալէ զատ, երջանկութիւն մ՚ալ ներշնչած է, որ կը նմանի խղդուկ սրտի մը արցունք մը տալու. ասի խոստում մ՚է, որուն քաղցր պահանջումը պատեհ առթի մը վերապահած էի. ահա առիթը ինձ կը ներկայի:
       Ներեցէք, Գերապատիւ Տէր, այն հրաբուխի սրտին , որ Ձեր վսեմ քնարին շուրջը կը դեգերի եւ կը պատրաստուի Ձեր սրտին մէջ շաղ մը եւ շիթ մը թափել:
       Ընդունեցէք, կ՚աղաչեմ, Գերապատիւ Տէր , իմ կանխայայտ եւ ամենախորին մեծարացս հաւաստին:
       Պ . Դուրեան
       1871 Յունուար 22